Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ԿԻՆԸ ԿՐԹԱԿԱՆ ԳՈՐԾԻՆ ՄԷՋ

ա


Կնոջ բնական հոտառութիւնը ու նախազգացումը, որ առնական պաղ ու լուրջ դատողութենէն աւելի անսխալական է, իր հաւատարմագոյն առաջնորդը կարելի է նկատել ապահովաբար, մանուկներու բնաւորութիւնները, միտումներն ու ճաշակները տեսնելու, զգալու եւ ըստ այնմ իր բռնելիք ուղղութիւնը որոշելու համար, վասն զի սխալ է կարծել թէ՝ մէկ ընդհանուր ուղղութիւնը բաւ է մանաւանդ բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ, քանի որ մանուկներն ալ ինչպէս եւ չափահասները, առանձին բնաւորութիւններ են, զորս կրթելու համար պէտք է ստեղծել առանձին ուղղութիւններ։

Առարկուի գուցէ թէ՝ մանուկներու բնաւորութիւններուն մէջ երեւցող թերութիւնները միեւնոյն հանգամանքը ունին կամ միեւնոյն երեւոյթը կը կրեն, մինչեւ մէկ աստիճան սխալ չէ՛ ասիկայ, բայց այդ հանգամանքներուն կամ երեւոյթներուն մէջ այնպիսի նուրբ զանազանութիւններ ու բարդութիւններ կան, զորս պէտք է ուսումնասիրել եւ ուշադրութիւն դարձնել անոնց վրայ, վասն զի այդ աննշան երեւցող զանազանութիւնները ժամանակի ընթացքին հետ կրնան զարգանալ, եւ նկարագրի թերութիւններ դառնալ։

Այդ ուղղութիւնները ի՞նչ ըլլալու են։

Դժուար է, կամ աւելի ճիշտը՝ կարելի չէ՝ ընդհանուր օրէնքի մը կամ կանոնի մը տակ դնել զանոնք, եւ պէտք է գիտնալ որ դաստիարակութեան օրէնքները ինչքա՛ն ալ մանրամասնուած ըլլան մանկավարժական դասախօսութիւններու, գիրքերու կամ ծրագիրներու մէջ, դարձեալ գործին խոշոր գիծերն են ատոնք ու կը մնան, վասն զի երբեմն նայուածքի մը, շարժումի մը, խօսքի մը մէջ է որ կը բովանդակուին ամբողջ ուղղութիւններ, զորս չէ՛ կարելի բացատրել, կը կրկնեմ. եւ ատոնք ստեղծողը կ՚ըլլայ թաքտ ը, կնոջական այդ թանկագին յատկութիւնը։

Եթէ նախազգացումը եւ հոտառութիւնը իրեն կը զգացնեն մանկական բնաւորութիւններու նրբին զանազանութիւններն ու թերութիւնները, թաքտ ը զանոնք ուղղելու միջոցներն ու կերպերը ցոյց կուտայ անվրէպ։

Ահա՛ կը տեսնենք թէ՝ ինչքա՜ն դժուարին ու տաժանելի է դաստիարակութեան գործը՝ պարտաճանաչ դաստիարակին համար անշուշտ, եւ թէ ինչպէս խստօրէն կը պահանջէ միշտ եւ հանապազ ամփոփ միտք, լարուած ուշադրութիւն «Ես»ի բացարձակ մոռացում, սուր դիտողութիւն, քանի որ մէկ քանի վայրկեանի մտացիր վիճակը երբեմն կրնայ մեծ սխալներու պատճառ դառնալ եւ նոր դժուարութիւններ ստեղծել գործին ճամբուն վրայ։

Հետաքրքրութիւնը, կասկածոտութիւնը ու նախանձը ինքն ըստ ինքեան ընկերական ու ընտանեկան կեանքի մէջ դատապարտելի թերութիւններն են կնոջ, եւ շատ անգամ անոր դժբաղդութեան գլխաւոր պատճառները կը նկատուին, բայց այդ թերութիւնները տարամերժօրէն դաստիարակութեան գործին համար մշակելով ու մարզելով, թանկագին յատկութիւններ կը դառնան։

Տղուն իւրաքանչիւր զբաղումներուն վրայ ըլլա՛յ այդ աշխատութեան թէ զբօսանքի ժամերուն կասկածանօք հսկել, անոր իւրաքանչիւր մտածումներուն հետաքրքրութեամբ հետեւիլ, անոր առաջին նորածիլ զգացումներուն, մանուկ սէրերուն ու ատելութիւններուն վրայ նախանձոտ գորովով մը հսկել որ չըլլայ թէ՛ քարուտ ու փշոտ ճամբաներու վրայ ցանցնուին այդ թարմ ու թանկագին սերմերը, կը նշանակէ մէկէ աւելի ապահով ու անվրէպ միջոցներ ունենալ մանուկ բնաւորութիւններու ու նկարագիրներու մէջ թափանցելու եւ նկատուած թերութիւններն ու մոլութիւնները ուղղելու։

Հագուելու խնդիրն ալ ոչ նուազ անհրաժեշտ է բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ։

Նկատուած է որ մանուկ, ինչպէս նաեւ հասուն երեւակայութիւններու ու բնաւորութիւններու վրայ գոյները մեծ ազդեցութիւն ունին։

Սեւ ու մթին գոյները տխուր ու մելամաղձոտ տրամադրութիւններու ու մտածումներու կ՚առաջնորդեն, դիւրագրգիռ ու զայրացկոտ միտումներ կը ստեղծեն, մինչդեռ զուարթ գոյները աչքերը կը զուարճացնեն միտքն ու սիրտը կը լուսաւորեն կը զուարթացնեն եւ ըմբռնողութեան կարողութիւնները կարծես կը սիրեն, եւ ահա՛ ճիշդ այդ պատճառով է որ կ՚ըսէի թէ՝ դաստիարակուհիները պէտք է զուարթ ու աղւոր գոյներ ընտրեն իրենց զգեստներուն համար, ճաշակաւոր ու սիրուն հագուին, հոգ տանելով բարեձեւ ու հաճելի երեւնալու իրենց սաներուն, վասն զի մանուկները մասնաւոր սէր մը, յարում մը կ՚ունենան իրենց այն դաստիարակուհիներուն համար որոնք լաւ հագուած են, եւ կարծես կը խորշին իրենց շատ մութ ու տխուր հագուած դաստիարակուհիէն, եւ սակայն պէտք է ամէն գնով նախ շահիլ մանուկ համակրութիւնները, եթէ կ՚ուզուի իսկապէս օգտակար դառնալ դաստիարակութեան գործին։

Ասկից զատ, սիրուն հագուստները, ինչպէս նաեւ լաւ ու մաքուր կարասիներով ու գեղեցիկ պատկերներով զարդարուած սենեակները մանուկ ճաշակները կը կրթեն, կազնուացնեն ու կը բարձրացնեն։

Սակայն լաւ հագուիլ ըսելով չեմ ուզեր երբէք պճնասիրութիւն հասկցնել. այսինքն այն հազարումէկ ոչինչները. որոնք արդի նորաձեւութեան անհրաժեշտ լրացուցիչներն են, ինչ որ մտքի ու սրտի բացարձակ դատարկութիւն ցոյց կուտայ. բայց ներելի ալ չէ՛ երբէք որ դաստիարակուհին սեւերու մէջ փաթթուի առանց ո՛ եւ իցէ վայելչութեան, ձեւաւորութեան ու ճաշակի, ներելի չէ՛ որ իր մազերը անշնորհք, տափակ, անխնամ ու թափթփած պահէ։

Մեր մէջ դեռ սա զարմանալի հասկացողութիւնը կը տիրապետէ թէ՝ դաստիարակուհին պէտք է խիստ եւ չոր հագուի այն միակ պատճառով որ իր պաշտօնը այդպէս կը պահանջէ։

Ասի բացարձակապէս արդի մանկավարժական սկզբունքներուն եւ օրէնքներուն հակառակ ըլլալէ զատ՝ ամենամեծ յանցանք է նաեւ բնութեան դէմ. վասն զի երբ բնութիւնը շնորհքը ըրած է քիչ շատ սիրուն եւ հրապուրիչ դէմքով եւ ֆիզիգական վայելուչ կազմով օժտել կին մը, կնոջ պարտականութիւնն է զայն դնել պատշաճ շրջանակի մը մէջ։