ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ
ԿԻՆԸ
ԿՐԹԱԿԱՆ
ԳՈՐԾԻՆ
ՄԷՋ
գ
Դաստիարակ
կինը
կամ
ուսուցիչը
ջանադիր
ըլլալու
է
նաեւ
որ
իրեն
յանձնուած
մանուկները
ապագային
համար
վերացական
էակներ
չի
պատրաստուին,
այլ
դրական-գաղափարական
մարդիկ
ըլլան
անոնք։
Տղայ
մը
վերացական
կը
դառնայ
այն
ատեն՝
երբ
դպրոցին
մէջ
հոգ
չի
տարուիր
իրեն
ճանչցնելու
կեանքի
իրականութիւնը,
որով
օր
մը
իր
բոլոր
յղացումները,
բոլոր
մտածումները
անիրականալի
երազներ,
ցնորածի
ձափռտուքներ
մնալու
դատապարտուած
կ՚ըլլան
լոկ։
Մինչ
ճշմարիտ
գաղափարական
մարդը
շատ
կանուխէն
պատրաստուած
պիտի
ըլլայ
դիտելու,
սերտելու
կեանքը
մես-մերկ
իր
տգեղութիւններուն՝
ինչպէս
նաեւ
իր
գեղեցկութիւններուն
մէջ
իր
բարութիւններուն
ինչպէս
նաեւ
իր
չարութիւններուն
մէջ,
կազմ
ու
պատրաստ,
սպառազինուած
կեանքի
կռիւին
համար,
այնպէս
որ
ան
դեռ
կեանքի
մէջ
չի
մտած՝
խորապէս
համոզուած
ըլլալու
է
թէ՝
իբրեւ
ճշմարիտ
մարդ
ապրելու
համար
ինչքա՜ն
ահագին
գործեր,
ինչքա՜ն
հսկայ
պարտականութիւններ
կան
կատարելիք,
ու
երբ
օր
մը
նետուի
կեանքի
ասպարէզը,
դրականօրէն
խորհելով
ու
գործելով
կատարէ
իր
պարտականութիւնները,
վեհանձնաբար
ու
առնականօրէն։
Բարոյական
դաստիարակութիւնը
իրեն
նպատակ
պիտի
ունենայ
ուրեմն,
կեանքի
դասը
խօսիլ
մանուկներուն,
հետզհետէ
անոնց
տարիքին
ու
հասկացողութեան
չափովը
ընթանալով,
զգուշանալ
մանաւանդ
ինչպէս
ըսինք,
կեանքի
գեղեցիկ
ու
զուարթ
կողմերը
միայն
ցոյց
տալէ.
ատի
շատ
վնասակար
կ՚ըլլայ
տղուն
ապագային
համար։
Անիկայ
թող
չի
հաւատայ
բնաւ
թէ՝
կեանքը
վարդերով
ծածկուած
ճամբայ
մըն
է,
որուն
վրայէն
ինքը
պիտի
քալէ
անվրդով,
անոր
պէտք
է
ցոյց
տալ
թէ՝
ի՜նչ
փուշեր
կան
ծածկուած
այդ
վարդերուն
տակ,
որոնք
օր
մը
կրնան
իր
ոտքերը
վիրաւորել
եւ
արիւնել։
Ըսելու
չէ՛
բնաւ
«Թո՛ղ
կեանքի
մէջ
մտնեն,
փորձառութիւնը
իրենց
ցոյց
կուտայ
կեանքի
իրականութիւնը»։
Չէ՛,
եթէ
կեանքի
իրականութիւնը
կանուխէն
նշմարել
չտանք,
օր
մը
յանկարծ
անոր
հետ
դէմ
առ
դէմ
եկած
ատեն՝
կ՚ընկճուի,
կը
վհատի
եւ
տանջող
յոռետեսութիւնը
բոյն
կը
դնէ
տղուն
նկարագրին
մէջ,
եւ
արդէն
յոռետես
բնաւորութիւններու
մեր
մէջ
բազմանալը՝
կեանքի
իրականութիւնը
կանուխէն
ըմբռնուած
չըլլալուն
արդիւնքը
չէ՞…։
Կեանքի
փորձառութիւնը,
շատ
շատ
կը
զօրացնէ
երիտասարդը
կեանքի
կռիւին
մէջ,
բայց
երբէք
չի՛
կրնար
իրեն
արիութիւն
տալ,
զինքը
քաջալերել,
զինքը
առաջնորդել
վեհագոյն
ձգտումներու,
եթէ
առաջուց
առողջ
դաստիարակութեան
մը
հզօր
ներշնչումը
իր
մէջը
չէ՛
արմատացուցեր
կեանքի
գիտակցութեան
սկզբունքները։
Ըսել
չեմ
ուզեր
սակայն
թէ՝
կեանքի
դասը
խօսելու
ատեն՝
ոչ
մէկ
պատրանք
թողելու
չենք
տղուն
քով։
Կան
պատրանքներ,
որոնք
գերազանցօրէն
քաղցր
են,
ատոնք
թողունք,
վասն
զի
պատանեկութիւնը
կը
բանաստեղծեն,
եւ
այդ
երազներուն
ետքի
ցրուումը
կենսական
վնաս
մը
չի
կրնար
պատճառել
անոր
ապագային։
Մենք
այս
անգամ
ծանրացանք
աւելի
բարոյական
դաստիարակութեան
վրայ,
առաջին
տեղը
տալով
անոր,
վասն
զի
մտքի
մարդէն
աւելի՛
սրտի
մարդերու
պէտքը
ունի
կեանքը
իր
նպատակին
հասնելու
համար,
ուրիշ
առթիւ
պիտի
խօսինք
մտաւորական
դաստիարակութեան
եւ
ուսուցման
եղանակներու
վրայ,
միայն
հոս
տեղն
է
նկատելու
թէ՝
մենք
ունինք,
մանաւա՛նդ
կովկասահայերու
մէջ,
մէկէ
աւելի
այր
դաստիարակներ
եւ
դաստիարակուհիներ,
որոնք
Եւրոպայի
լուսաւորեալ
կեդրոններուն
մէջ
կանոնաւոր
մանկավարժական
ընթացք
մը
աւարտած
կը
ներկայանան
եւ
որոնց
կրնանք
վստահօրէն
յանձնել
կրթական
գործը։
Իսկ
չունինք,
տաճկահայերուս
մէջ
կին-դաստիարակներ,
որոնք
լրջօրէն
հետեւած
ըլլան
մանկավարժական
նորագոյն
ուղղութիւններու
կամ
գոնէ
եւրոպական
համալսարաններու
մէջ
լսած
ըլլան
ծանօթ
բռօֆէսէօռներու
դասախօսութիւնները։
Անշուշտ
կամքը
չէ՛
որ
պակսած
է
իրենց,
եւ
ոչ
ալ
կրթական
գործին
համար
իրենց
ունեցած
բնական
յարմարութիւնները
զարգացնելու
եւ
դաստիարակչական
արուեստին
ամենանուրբ
գաղտնիքներուն
տիրանալու
փափաքը,
այլ
միջոցներն
են
որ
իրենց
պակսած
են
ու
ցարդ
կը
պակսին։
Մեր
մէջ
կը
գտնուին
ցանցառ
մեկենասներ,
որոնք
աղքատիկ
ուսանողներ
Եւրոպա
ղրկելու
պատրաստակամութիւնը
կ՚ունենան,
որպէս
զի
անոնք
իրենց
սիրած
ո՛
եւ
է
մէկ
ճիւղը
մշակեն
ու
կատարելագործեն,
բայց
‒
ի
բաց
առեալ
Իզմիրցի
բարեհամբաւ
Պաքրճեան
հանգուցեալ
Նազարէթ
Էֆէնտիէն
‒
ցարդ
չէ՛
տեսնուած
Հայ
հարուստ
մը
որ
մտածէր
աղքատիկ
ուսանողուհիներու
վրայ
ալ.
անոնց
վրայ
մանաւանդ,
որոնք
ուսման
մէջ
իրենց
ցայտուն
յարմարութեամբն
ու
յառաջդիմութեամբը
մեծ
յոյսեր
կը
ներշնչեն,
եւ
մասնաւոր
հակում
մը
ցոյց
կուտան
կրթական
գործին
համար։
Կը
սիրենք
հաւատալ
թէ՝
պիտի
երեւնան
օր
մը
Հայ
հարուստներ
ալ,
որոնք
ըմբռնելով
գործին
պահանջը,
իրենց
ոսկիներէն
մաս
մը
տրամադրեն
ճշմարիտ
ուսուցչուհիներ,
գիտակից
դաստիարակուհիներ
հասցնելու
համար,
որպէս
զի
փոխանակ
օր
մը
վարպետ-տուտուներու
կամ
ինչ
որ
աւելի՛
գէշն
է
՝
օտար
դաստիարակուհիներու
ձեռքով
կառավարուելու
Հայ
աղջկանց
վարժարանները,
եւ
այսպէս՝
օտար
միջավայր
մը
ստեղծուելու
Հայ
դպրոցներու
շուրջը,
Հայ
իսկական
դաստիարակուհիներու
ձեռքով
կառավարուին
անոնք,
Հա՛յ
զգացումով,
Հա՛յ
ներշնչումով,
Հա՛յ
բարքերով
ու
սովորութիւններով,
միայն
եւրոպական
դաստիարակութեամբ,
եւրոպական
քաղաքակրթութեամբ,
ազնուացած,
նրբացած,
ու
կարգ
մը
տգեղ
նախապաշարումներէ
ազատագրուած։