Դէպի վեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԵՍՈՒՐԸ
(ԳԱՒԱՌԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ)
1


Արդարեւ ինչպէ՞ս կատարուեր էր այս յեղակարծ, դառն փոփոխութիւնը իր անո՜ւշ կեանքին մէջ. հազիւ աղօտ յիշատակը պահեր էր այդ դէպքին, թէպէտ երկար ժամանակներ ալ անցած չըլլային այն սե՜ւ օրէն ի վեր։

Այո՛… կը յիշէր թէ՝ օրին մէկը մայրը զինքը համբուրեր էր, շա՜տ յուզուած, ականջն ի վար սահեցնելով կարգ մը խորհրդաւոր խօսքեր, ու խրատներ՝ զոր անկարող էր ըմբռնելու եւ հասկնալու այն ատեն. հայրը՝ ձեռքը դրեր էր գլխին, օրհներ եւ գրկեր էր զինքը արտասուալից աչքերով…։

Կը յիշէր թէ՝ իրեն հագցուցեր էին սիրուն կարմիր զգեստներ, եւ ինքը՝ մանկական կայտռուն հրճուանքով, բոլորովին գրաւուած այդ նոր աղւոր հագուստներուն պերճանքովը շատ քիչ ուշադրութիւն ըրեր էր իր հօրն ու մօրը արցունքներուն, ու չէ՛ր հարցուցեր նոյնիսկ թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչ բանի համար կը զարդարէին զինքը այսպէս։

Մէկ ալ գլխէն վար ձգեր էին աւանդական հաստ ու ծանր քօղը, եւ տարեր՝ մեծ սենեկին մէկ անկիւնը, պատուիրելով որ հանդարտ ու լուռ կենայ հոն։

Եւ ահա քիչ ետքը սկսեր էր խուռն բազմութիւն հաւաքուիլ իրենց տան մէջ. ազգականներ, բարեկամներ, դրացիներ. անոնք մօտեցեր էին իրեն, եւ իր ականջին փսփսացեր էին խորհրդաւոր ու կէս չարաճճի շեշտով մը «Աղջի՛կ, հարս պիտի ընենք քեզի…»։

Եւ ահա, սա պարզ խօսքը, մէկէն ի մէկ լուսաւորեր էր այդ օրուայ սարսափելի գաղտնիքը…։

Ահռելի իրականութիւնը մերկապարանոց տնկուեր էր իր աչքերուն առջեւ…։

Հա՜րս պիտի ըլլար… ատո՜ր համար էր ուրեմն որ զինքը զարդարեր, պճներ, եւ հոդ՝ այդ անկիւնը կեցուցեր էին… ատո՜ր համար մայրը կ՚ուլար իրեն նայելով, եւ ամենքը տան մէջ, տարօրինակ վարմունք մը ունէին իրեն հետ. խանդագին գորով մը, անսովոր ըլլալու չափ կրկնուող եռանդոտ գգուանքներ, խառնուած ցաւագին յուզմունքի մը, զոր մարդ կ՚ունենայ իր մէկ սիրականէն բաժնուելիք պահուն…։

Հա՜րս… շա՜տ տարտամ միեւնոյն ժամանակ շա՜տ տխուր գաղափար մը ունէր ինք հարսնութեան վրայ…։

Ինքը կը ճանչէր դրացի Խեչօէնց հարսը, քեռի Մրտօին հարսը…։ Իրմէն քիչ մը մեծ էին անոնք տարիքով, բայց որքա՜ն տխուր, որքա՜ն լուրջ կ՚երեւէին…։ Շատ անգամ տեսեր էր որ կ՚ուլային, երբ ինքը կ՚ըստիպէր զանոնք իրեն հետ խաղալու…։

Երբ անոնց մօտ կը վազէր, կը քաշկռտէր անոնց մազերը, հագուստները… անոնք կը վախնային, ու կը փախչէին, մատերնին դնելով իրենց շրթունքներուն վրայ. «Հապա թէ տատը տեսնէ՞… հապա թէ մամը տեսնէ՞…» կը մրմնջէին մեղմիւ, աչքերնուն մէջ ունենալով սակայն խաղալու, վազվռտելու, գզուըտելու տենջանքին բոցը, խառնուած մամուն ու տատին առթած ահարկու սարսափին…։

Օր մըն ալ ճամբուն վրայ տեսեր էր Խեչօէնց հարսը, որ կռնակը փայտի խռիւններ բեռցած, տուն կը դառնար. վազեր էր անոր մօտը, ինքը չարաճճին, եւ ստիպեր էր որ վազվռտուք խաղայ իրեն հետ։

Հարսը հրապուրուեր էր։

Վախուն՝ նախ ուզեր էր դիմադրել այդ հրապուրանքին, ապա պատանեկան աւիւնը այս անգամ յաղթելով խոհեմութեան յորդորներուն, մէկ կողմ թողեր էր խռիւները, եւ սկսեր էր իրեն հետ վազվզել բաց դաշտին վրայ…։

Մէկ ալ յանկարծ ճամբուն անկիւնէն երեւցեր էր կեսուրը. դաժան նայուածքով, բարկութենէն կասկարմիր կտրած. եւ յարձակելով, անշարժ ու սարսափէն մեռելի պէս սառած հարսին վրայ, ձեռքի փայտովը ուժգին խփեր էր անոր գլխին։

Եւ Ալմաստ տեսեր էր, ի՜նչպէս անոր ճակտին սպիտակ մորթը ճեղքուելով, յանկարծ կարմիր արիւնը ցայտեր էր դուրս. եւ ի՜նչպէս խեղճ աղջիկը բարձրաձայն լալով, արիւնը արցունքին խառնուած, կարմիր ակօսներ գծելով երեսներն ի վար, խռիւները շալկեր՝ եւ կեսրոջը առջեւն ինկած՝ դարձեր էր տուն…։

Իր մանկական վառվռուն երեւակայութեան վրայ ահռելի կերպով ազդեր էր այդ տեսարանը. եւ շատ գիշերներ ընդոստ արթնցեր էր քունէն, լսելով դեռ կարծես խեղճ աղջկան ցաւագին հեծկլտանքները, եւ աչքերուն առջեւ կենդանի պատկերացած անոր արիւնով ու արցունքով թրջուած մարտիրոսի դէմքը…։

Այն օրէն, խորունկ սարսափ մը ունեցեր էր հարսնութենէ. եւ երբ ա՛յդ օրը, ի՛ր հարսնիքին օրը իրեն ըսեր էին, «Աղջի՛կ, հարս պիտի ընենք քեզ». Ալմաստ սարսռացեր էր իր կարմիր քօղին տակ, եւ յանկարծ սկսեր էր բարձրաձայն ճչալ.

«Մայրի՜կ… ա՜խ… մայրի՜կ… զիս հարս մի՛ ընէք»։

Մայրիկը վազեր էր քովը, զինքը գրկեր, շաքար ու պտուղ տուեր էր իրեն, համբուրեր էր զինքը անուշ բառերով. «Աստուծոյ կամքը ա՛յս է որդի՛» ըսեր էր. եւ Ալմաստ կէս մը համոզուած աւելի՛ շաքարին ու պտուղին վայելքէն, քան մօրը խօսքերէն ու խրատներէն, թողեր էր որ զինքը հարս ընեն…։

Քիչ ետքը եկեր էր ե՛ւ փեսան իրեններովը. տասնութ տարուան կտրիճ տղայ մը, սեւակն, սեւայօն, պարթեւ հասակով։

Որոշեալ ժամուն գնացեր էին տունորդօք, հարսնեւորներով, եկեղեցի, գիւղին միակ քահանան, ծերունի Տէր Մարտիրոսը պսակեր էր զիրենք, որմէ ետքը ի դարձին, տավուլն ու զուռնան գաւառական տաղեր ու խաղեր սկսեր էին հնչեցնել…։

Երիտասարդները պար էին բռներ, հարսառ եկողները գինիին ազդեցութեան տակ, քիչ մը տաքցած գլուխներով, սկսեր էին հարսին ուղղեալ տաղեր երգել…

«Ճերմակ ճակտիդ կարմիր ոսկի

Շարեմ նազերո՜վ… նազերո՜վ…»

Եւ իրօք ալ շարք մը կարմիր ոսկիներ քօղին վրայէն կապեր էին Ալմաստին ճակտին վրայ։

Հարսը տանելու ժամը հասեր էր. այն խորունկ յուզմունքներով ու մեծ խռովքներով փոթորկուող ժամը… ուր մէկ կողմէն բաժանումի դառն վիշտը, միւս կողմէն բացարձակ եւ օրինաւոր տիրացումի ուրախութիւնը, մէկ կողմէն արցունք, միւս կողմէն ժպիտ, այնքա՛ն հակասականօրէն զիրար կը խաչաձեւեն…։

Հարսնեւորները մօտեցեր էին հարսին միաբերան երգելով.

«Աղջի՛կ, քեզ ո՞ր մարն է բերեր…

Այն սեւ աչուի մարն է բերեր.

Մարն է բերեր մեզի համար,

Մենք ենք եկեր քեզի՛ համար»։

Եւ կտրիճները գրեթէ քաշելով Ալմաստը իրեններուն գրկերէն, կը տեղաւորէին զայն ձիուն վրայ, մինչ նա կը ճչար, «Մայրի՜կ… մայրի՜կ…»։

Եւ մայրիկը այդ պահուն նուաղած ինկեր էր արդէն գետին, եւ հայրիկին ալեխառն պեխերուն վրայ խոշոր արցունքներ կը գլորուէին մարգարիտներու պէս…։

Այո՛… կը յիշէր այդ իրեն համար սե՜ւ օրը՝ ուր տարեր, նետեր էին զինքը հոդ, հիմակուայ այդ մռայլ տունը, ուր խօլականի պէս դաժան կեսուր մը կը ցցուէր իր դէմ, ծայրայեղօրէն պահանջկոտ ու անտանելի, անժպիտ ծերունի տատ մը, որ իր սեւեռուն, զննող ու ցուրտ նայուածքներով կը խրտչեցնէր զինքը, կը սառեցնէ՜ր իր մանուկ սիրտը. տալուըտանք ու տագրտիք, որոնք իր այդ տունը մտնելէն ի վեր, գէթ անգամ մը չէին խնդացեր երեսին…։

Հիմա հարս էր. ամուսին ունէր առանց գիտնալու սակայն թէ ի՞նչ է ամուսինը… իր կեանքը փոխուած կ՚զգար, առանց որոշ ու ճշգրիտ գիտակցութիւնը ունենալու այդ փոփոխութեան. սա միայն կ՚ըմբռնէր որոշակի թէ՝ ամուսնութիւնը գերեզմանը եղած էր իր զուարթ տարիներուն, եւ այդ՝ բաւ էր որ անիծէ՜ր զայն…։

Կ՚զգար թէ՝ ամուսնութեամբ՝ տանջանքներու նոր ու անծանօթ աշխարհ մը թեւակոխեր էր, իրեն համար դառնութիւններով լեցուն կեանք մը…։

Դեռ տասներկու կամ տասներեք տարեկան մատղաշ հասակին մէջ, ուր ժպտիլ, երգել, կայտռել միայն կը խնդրէ մանուկը, կը գտնէր ինքզինքը այդ մռայլ տան մէջ, ուր պիտի մարզուէր միայն լաւ հարս ըլլալու, խստաբարոյ կեսուրի մը հսկողութեան տակ, լաւ աշխատելու, առտուն ամենէն կանուխ ելնելու եւ իրիկունը ամենէն ուշ քնանալու, այդ տարիքին մէջ՝ ուր անուշ ու խոր քունը միայն պիտի կազդուրէ, ուռճացնէ, բազմացնէ իր մատա՜ղ մարմինը…։

Եւ իրերու բնական հետեւանքով, դժբաղդ աղջիկը, անգիտակից բոլորովին նշանակութեանը այն կապին՝ որ զինքը զուգած էր յաւիտենապէս անոր որ իր ամուսինը, իր կեանքի ընկերն էր, կ՚ատէ՜ր զայն հոգւով, իր ամենէն մեծ թշնամին նկատելով. վասն զի ան՝ զինքը բաժներ էր ծնողաց գրկերէն, եւ նետեր էր այդ սառուցիկ տան մէջ, չարչարելու համար իր մանկութիւնը, եւ բանտարկելու համար իր անմեղ ու երջանիկ տարիներու ազատութիւնը. օ՜, անգութը՜…։

Եւ հիմա հարս էր. վզին դրուած էին ծանր պարտականութիւններ, իր ուժէն շա՜տ վեր, զորս պէտք էր տանէր լռին, առանց հառաչի մը, առանց նոյն իսկ արցունքի մը…։

Եւ իրիկունը հազիւ ազատուած իր չարչարանքներէն, գե՛տինը ծունկի վրայ նստած, երբ մանկական անդիմադրելի քունի մը ծանրութեան տակ կը փակուէին իր խոնջ արտեւանունքները, գլուխը կը տարուբերէր մէկ ուսէն միւսը, եւ անուշ երազի մը թեւերուն վրայ կը թռչէր դէպի իր մօր տունը, իր եղբայրներուն ու քոյրերուն գիրկը, ահա՛ ոտքի խիստ հարուած մը կը մշտէր իր կողը, եւ ընդոստ կ՚արթնցնէր զինքը քունէն։

Ի՜նչ… երբ կեսուրը արթուն էր, երբ տատին չպուխին կրակը կը հանգչէր, ինքը կը քնանա՜ր… ու չէ՜ր փութար կրակը վառելու…։ Ի՞նչ պիտի ըսէին հարեւան Մկօէնք, եթէ տեսնէին իրենց հարսը այդպէս անպատկառ իր մեծերուն առջեւ… պիտի ձաղկուէ՜ր իրենց պատիւն ու արժանապատուութի՜ւնը. պիտի ծաղրուէ՜ր իրենց տունը…։

Եւ Ալմաստ կ՚ելնէր ոտքի ամօթահար, տակաւին կէս քունի մէջ, երերալով իր ոտքերուն վրայ, շշմած, յանդիմանութիւններու ու մեղադրանքներու տարափի մը տակ. եւ կը վազէր տատին չպուխին կարկը արծարծելու, ապա կ՚ուգար կը նստէր ծունկի վրայ, մինչեւ որ մեծերը երթային ննջելու։

Այո՛… պէտք էր սպասեր մինչեւ որ անոնք բարեհաճէին թոյլտուութիւն ընելու որ երթայ հանգստանայ ինքը…։

Օ՜… տխո՜ւր օրեր էին ասոնք.

«Ա՜խ, մայրիկ, կը մնչէր Ալմաստ, գիշերները երբ առանձին կը մնար. եւ անկողնին մէջ, գլուխը դարձուցած դէպի այն կողմը, ուր գիտէր թէ լեռներու ու սարերու ետին հեռաւոր մշուշներու մէջ կորսուած, կը մխար իր հօրենական տան օջաղը, կը քնանար արցունքներով։

Այսպէս կ՚անցնէր ահա Ալմաստ կեանքի առաջին գեղածիծաղ տարիները, որոնց յիշատակը ինչքան անուշ է մեզի՝ նոյնքան ե՛ւ դառն է գաւառացի հարսներու համար։

Ցորչափ ազատ են անոնք, աղջիկ, իրենց ծնողաց թեւերուն տակ, ազատ թռչնիկներ են, անտառներու, լեռներու ու ծառերու վրայ թռչտկող, բայց որ անգամ մը ամուսնական կեանքը կը սկսի, ա՛լ խօսիլ չկայ, երգել, խնդալ, խաղալ ամօթ է հարսին համար, նա պարտաւոր է խեղդել իր մէջ պատանեկան տենջանքներն ու բնազդները. նա լուռ, հնազանդ, հլու, պէտք է տանի իր բեռը, փոյթ չէ՛ թէ ուսերը կքին, կորանան. տքալը իսկ արգիլուած է…։

Տակաւին մանուկ՝ չհասկցած, չըմբռնած թէ՝ ի՞նչ բանի համար կը պատրաստուի, ի՞նչ է իր կեանքի կոչումը. ահա՛ յեղակարծօրէն կը տեսնէ ինքզինքը իր կոչման ու պարտականութիւններուն մէջ։

Շուարած ու տատամսոտ կը սպասէ որ իրեն խօսին։ Կին է, ու կը սպասէ որ իրեն հրահանգներ տան, իր պարտականութիւնները իրեն ճանչցնեն։ Մայր է, ու կը սպասէ որ իր մանուկը խնամել սորվեցնեն իրեն։ Ընտանիք մը ունի, եւ այդ ընտանիքը կառավարելու համար կը սպասէ որ ճար մը, ճամբայ մը ցոյց տան իրեն։