Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.

Տեսնենք այսօր ինչ պիտի պատմես ինծի, ըսաւ Նուարդ փափուկ ձեռքերովը երիտասարդին դեռաբոյս պեխերը շոյելով։

Ի՛նչ որ կ’ուզես։

Քիչ մը մտածեց աղջիկը աչքերը ծովին յառած, յետոյ որոշումը տուողի ձեւով մը դէպ ի եղբօրը ծռեցաւ ու,

Տիգրանս, ըսաւ կամացուկ մը, մինչեւ հիմա հարցուցածներէս տարբեր բան մը պիտի հարցնեմ քեզի, լո՛ւրջ բան մը, սրտի խնդիր մը։

Կ’ուզե՞ս, տղաս, հարցնե՞մ, յարեց յետոյ խնդրելով։

Հարցո՛ւր, ինչո՞ւ չէ, պատասխանեց Տիգրան, վարժուած միշտ հաճոյքով քրոջը բաղձանքները գոհացնելու։

Սի՞րած ես երքէք…

Սիրոյ վրայ շատ անգամներ խօսեր, գաղափարներ փոխանակեր էին, բայց առաջին անգամ այս տեսակ հարցում մը կ’ուղղէր Նուարդ իր եղբօրը. ապահով էր սակայն թէ պատասխանը՝ «այո» կամ «ոչ»՝ կատարելապէս անկեղծ պիտի ըլլար։ Եղբօրը սիրտը ծայրէ ի ծայր պրպտած էր, միայն այդ խորշը մնացած էր անծանօթ եւ հիմա կանգն անոր եկած էր։ Իրենց փոխադարձ սէրը այնքան բուռն, այնքան կաթոգին էր որ, չըսուելիք բան մը չէր կրնար գոյութիւն ունենալ սրտերնուն մէջ։

Նուարդ խորհած էր թէ Տիգրան հաւանականաբար սիրոյ բոցը զգացած ըլլալու էր մինչեւ հիմա լանջքին տակ։

Տիգրան ալ իր կողմէն առաջին անգամ էր որ այս տեսակ հարցում մը կը լսէր, բայց իրեն համար ալ եթէ միակ անձ մը կար այդպիսի հարցում մը ուղղելու կարող իրեն, այդ ալ քոյրն էր. ուստի չվարանեցաւ պատասխանելու։

Նուա՛րդ, շատ դիւրին չէ այդ հարցումիդ պատասխանը, որովհետեւ մինչեւ հիմա ես ինծի որոշ կերպով չեմ ըրած այդ հարցումը։ Սակա՜յն… այո՛ պիտի պատասխանեմ, երբ մանաւանդ հարցումդ փոխես քիչ մը ու «պաշտեցի՞ր» հարցնես ինծի, փոխանակ «սիրեցիր»ի։

Ուրե՞մն… ատիկա պիտի պատմես ինծի այսօր, առաջի՛ն սէրդ, հէ՞… չըլլա՞ր տղաս…

Առաջին սէրս այո՛, կամ լաւագոյն է ըսել առաջին պաշտումս, պատանեկան գաղտնի թղթածրարին մէկ հատորն է անշուշտ, բայց քեզ համար սիրելի Նուարդս, ամէն բան կարելի է, թղթատենք զայն սիրով, քանի որ կը փափաքիս։

«Աֆէրիմ տղաս»ով մը շնորհակալ եղաւ Նուարդ, եւ աչքերը միշտ ծովուն յառած, լալ աւելի հանգիստ կերպով տեղաւորուեցաւ ուշադրութեամբ մտիկ ընելու ինչպէս որ սովոր էր արդէն, ամէն անգամ որ Տիգրան բան մը պատմէր։

Տիգրան որ պերճախօսի բնական ձիրքով մը օժտուած էր քիչ մը ատեն մտամփոփ կենալէ ետքը սկսաւ իր պատմութիւնը։