Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ժ.

Մէկ անգամ մը միայն ճաշած եմ իր սենեակին մէջ, թէեւ շատ անգամներ թէյի հրաւիրուած ենք հոն ընկերներով։

Արձակուրդի օր մըն էր, բարեկամի մը հետ գացեր էինք իրեն այցելելու։

Կը հաճի՞ք իմ փոքրիկ սեղանիս վրայ ինծի սեղանակից ըլլալ այսօր, ըսաւ։

Բարեկամս կը վարանէր պատասխանելու։ Բայց Աստուած իմ, կարելի՞ բան է այդքան ազնիւ ու այդքան անկեղծ հրաւէր մը մերժել։ Երկուքնուս կողմանէ ալ հաւանականութիւն յայտնեցի ես։

Միշտ մինակ կը ճաշեմ, ըսաւ, երբ սեղան նստանք, եւ կրնաք երեւակայել թէ այս բացակայութիւնը որչափ հաճելի է միշտ մինակ եղողի մը համար։

Երկու անգամ արտասանած այդ «մինակ» բառը երկու հատ սուր սլաքներ մխեց սրտիս խորը, կարծես մասնաւորաբար կը շեշտէր ատիկա, առանց զգալու, իր կեանքին տխուր կողմը խտացնելով հոն։

Մինա՜կ։ Մինակ ըլլար իրեն պէս մէկը, սիրող մը, ընկեր մը, բարեկամ մը չունենա՜ր։ Ո՜հ , այդ գաղափարը պատառ պատառ ըրաւ սիրտս։ Ի՜նչ ընել։ Ըսել իրեն թէ ես պատրաստ էի իր անբաժան բարեկամը ըլլալու պաշտողը ըլլալու, ամեն ատեն քովը ըլլալու, խնամելու, զինքը սիրելու, օրհնելու, պաշտելու, այդ ամէնուն փոխարէն ոչինչ խնդրելով իրմէ, բաց ի իր երկնային աչքերուն բարի նայուածքէն… Ըսել այս ամէնքը։ Երբէ՛ք, ոհ, երբէք պիտի չհամարձակէի։ Սէրը, պաշտումի վսեմութեան հասնող սէրը լուռ է, որովհետեւ կը վախնայ թէ բառերը պիտի պղծեն զինքը տկար, պիղծ բառերը, որք երբէք չեն կրներ իր բարձրութիւնը արտայայտել։

Շատ զուարթ էր, ճաշին ամբողջ տեւողութեանը միջոցին խօսեցաւ, շարունակ խօսեցաւ իր մելանուշ ու թրթռուն ձայնովը։

Միջոց մը, չեմ գիտեր ինչ բերելու համար ստիպուեցաւ ննջասենեակը երթալ։ Առաջին անգամ էր որ այդ տաճարին մուտքին բացուիլը կը տեսնէի, սիրտս սկսաւ բաբախել՝ դրան ճիշտ դիմացը նստեր էի, երկիւղած պատկառանքով մը աչքերս վար առի ու բնաւ չի կրցայ նայուածքս այն կողմը ուղղել մինչեւ որ վերադարձաւ դուռը փակեց եւ նստեցաւ դիմացս։ Ինծի այնպէս թուեցաւ թէ իմ նայուածքիս ներս թափանցելովը պիտի պղծուէր այդ վեհարանը։ Ճաշէն յետոյ բաւական ատեն խօսեցանք զանազան նիւթերու վրայ։