Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԶ.

Յաջորդ օրը ամէնէն հրաժեշ առի, հետեւեալ առտուն կանուխ պիտի մեկնէինք։ Որոշեցի էն ետքը իրմէ երթալ հրաժեշտ առնել, բայց ինչպէ՞ս, պիտի կրնայի՞։

Իրիկուան դէմ սրտատրոփ վեր ելայ մանկապարտէզին սանդուղներէն, առանց մէկու մը պատահելու ու գացի ուղղակի իր դուռը զարնելու, հոն կեցայ՝ բաւական ատեն, վարանոտ, հեռանալով։

Յետոյ կամացուկ մը դուռը զարկի ու սպասեցի come!ին։ Ոչինչ սակայն։ Կրկին զարկի դուռը, այս անգամ բաւական ուժով, դարձեալ ոչինչ։ Այն ատեն գիտեցի որ սենեակին փեղկերը գոցուած էին, սիրտս տակն ու վրայ եղաւ, ինչո՞ւ արդեօք անբնակի երեւոյթ մը ունէր հիմա այդ բոյնը։ Քիչ մը ատեն անշարժ կենալէ ետքը կամաց կամաց վար իջայ, տրտում տխուր։ Սպասուհի պատահեցաւ։

Ուր է Միս Իզապէլ, ըսի աշխուժիւ։

—Մեկնեցա՜ւ, եղաւ պատասխանը։

Ալ բառ մը իսկ չարտասանեցի։ Սենեակս վազեցի մտքիս մէջ կրկնելով ու կրկնելով «մեկնեցաւ» բառը որուն իմաստը չէի հասկնար կարծես։

Գացա՜ծ էր, ալ պիտի չտեսնէի զինքը, թերեւս յաւիտեան, ո՜հ…

Յուսախաբութեան հետք չկար վշտիս մէջ, քանի որ բան մը չէի սպասեր իրմէ, բացի պաշտելու իրաւունքէն։ Ես իր ներկայութեանը պէտք ունէի երջանիկ ըլլալու համար, ճիշտ այնպէս ինչպէս մինչեւ այն ատեն վայելած էի զայն, ամբողջ յաւիտենականութիւն մը իտի ապրէի առանց գծուած սահմանէն քայլ մը աւելի մօտենալ փորձելու իմ կողմէս։ Բայց զինքը բնաւ չտեսնե՜լ արեւին լոյսէն զրուիլ էր յանկարծ, տարիներով կեանքիս մէջ զայն վայելելէ յետոյ»։