Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.

Կարծեցի թէ մեկնելէն քիչ մը յետոյ պիտի մոռնամ զինքը մանաւանդ որ տարուան մը աշխատութենէ ետքը արձակուրդը հոն անցնող ընկերներուս հետ, փառաւորապէս զուարճութեան կուտայինք ինքզինքնիս։ Ո՛չ, սակայն, անկարելի եղաւ զինքը մոռնալ, բացարձակապէս անկարելի։ Զուարճութեան, պտոյտի, զբօսանքի, աշխատութեան մէջ, ամէն ատեն վերջապէս կը յիշէի զիքը։ Մի՛շտ կը յիշէի, իր հրեշտակային դէմքը միշտ ալ աւելի խորապէս կը դրոշմուէր երեւակայութեանս մէջ, խորունկ կարօտի մը պէս՝ զոր ժամանակին անիւը, ամէն մէկ դարձին ալ աւելի խորը կը մխէ սրտիդ։

Իր բացակայութեան միջոցին ամէն բանէ աւելի աշխատութեան տուի ինքզինքս, այնպէս որ դպրոցի վերաբացումին նոր կարգ մըն ալ փոխեցի։ Մեր դպրոցի բացումէն երկու օր ետքը կարծեմ, ինքն ալ վերադարձաւ։ Առաջին տեսութեանս, շատ յուզուեցայ դարձեալ, եւ յայտնապէս գրեթէ։ Բայց, ալ այնուհետեւ բաւական վարժուեցայ առ երեւոյթս գէթ հանդարտ ըլլալու, ամէն անգամ որ զինքը տեսնէի։ Ալ Անգղիերէն խօսիլ սկսած էի բաւական, իր գոհունակութիւնը կը յայտնէր ինծի շատ անգամ, արագ յառաջդիմութեանս համար։ Եւ ամէն բանէ աւելի, այդ գոհունակութեան արտայայտութիւնը վայելելու համար մանաւանդ եռանդով կ’աշխատէի դասերուս։

Շատ անգամ տնօրէնին հետ խորհրդակցելու կուգար, եւ ատոր համար ստիպուած էին մեր դպրոցին պարտէզէն անցնելու. եթէ դասերս չարգիլէին անպատճառ պարտէզը կ’ըլլայի իր անցած ատենները։ Եթէ շատ հապճեպի մէջ ըլլար՝

Good after—noon Dicran!։

Եւ կամ ընկերներով եղած ատենս.

Good after—noon boys! կ’ըսէր իր անուշ ձայնովը ժպտելով, ու կ’անցնէր։

Շատ անգամ ալ կը կենար քանի մը վայրկեան ու կ’խօսէինք։ Սիրելի Նուարդս ինչպէս ինծի համար կենսական պէտք մըն էին ձենէ եկած նամակները՝ որոնցմէ հանգիստ ըլլալնիդ կ’իմանայի՝ կ’զգայի թէ ճիշտ այնպէս, եւ աւելի, պէտք մըն էր զինքը տեսնելն ալ։

Երջանիկ պիտի ըլլայի, իբր քոյր, իբր մայր, իբր բարեկամուհիներուն էն յարգուածը եւ սիրուածը, իբր ինչ որ ինք ուզէր վերջապէս, համակրութիւնս յայտնելով իրեն։ Բայց ինչպէ՞ս։

Անկարելի է կ’ըսէի ինքնիրենս եւ կը ջանայի մտքէս ի սպառ վանել այդ գաղափարը, անկարելիին զօրութեամբ։

Անօգո՜ւտ սակայն, կը տառապէի, ատիկա չէի ուզեր ինքզինքիս խոստովանիլ, սակայն կը տառապէի…