Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ.

Ահաւասիկ Տիգրանին իր քրոջը գրած մէկ նամակն ալ՝ որ լաւագոյն վերջաբանը պիտի ըլլայ այս սիրային իրավէպին.

Սիրեցեալ Քո՛յրս,

Ինչ ուրախութեամբ լափեցի նամակդ, որքան շնորհակալ եմ քեզ միշտ երկարօրէն եւ շատ շատ գրելու աշխատութեանդ համար։ Կ’զգաս անշուշտ թէ այս կեանքին տաղտուկը որքան կը ճնշէ վրաս, եւ ատոր համար այրող կարօտներս սիրազեղ էջերովդ մեղմել կը փորձես։

Կարօտնե՜րս, ո՜հ որքան շատ են, որքա՜ն խորունկ, բանաստեղծին սա տողերը կը յարմարին ինծի ալ.

Հոգւոյս խորը կարօտներ կան

Որք կը քանդեն զիս օրէ օր,

Ինչպէս բոցին կարմիր լեզուն

Մոմին ճերմակ մարմինն աղւոր։

Քու եւ անոր կարօտը մանաւանդ, պաշտելի քո՛յրս, ալ անտանելի կը դառնայ, մէկերնիդ եթէ քովս ունենայի…։ Է՛հ։ Բայց այսպէս երկուքնիդ ալ հեռու, ինչպէ՜ս ապրիլ։ Կեանքը տաղտուկ մը կը թուի հիմա ինծի ծայրէ ի ծայր։

Անկէ լուր կ’ուզես ինձմէ, ի՞նչ կրնամ ըսել քեզի, ես ալ Իզմիրէն ուզեր էի։ «Ամերիկա գացա՛ծ է, կը գրեն ինծի, գիտեմ ատիկա տարիէ մը ի վեր, ամէն վայրկեան գիտակցութիւնը, տխուր գիտակցութիւնը ունիմ թէ ովկէան մը կը բաժնէ զիս անկէ։ Իր հասցէն ուզեցի անցեալները, չկրցան գտնել։

Ի՜նչ պիտի ընէի, ոչի՛նչ, ի՞նչ կրնամ գրել իրեն։ Սակայն պէտք ունէի, աշխարհացոյց մը պիտի բանայի ու հոն գոնէ աչքովս պիտի լափէի այն հսկայ միջոցը որ զիս անկէ կը բաժնէ։ Զինքը պարունակող երջանիկ քաղաքը ցոյց տուող սեւ բիծերը պիտի գտնէի հոն, անզգայ թղթին վրայ, աչքերս ատոր պիտի սեւեռէի միշտ եւ ամէն օր, ամէն անգամ որ սենեակս մտնէի, անոր պիտի ուղղէի մատս «հո՜ն է» ըսելով ինքնիրենս։ Բայց ատիկա ալ շատ է կ’երեւի թէ ինծի համար։ Իր մէկ լուսանակարը ուզեցի ունենալ, ղրկեր էին, բայց յուսախաբ եղայ։ Ի՞նչ, արդէն կարելի՞ բան է որ իր աչքերուն արտայայտութիւնը թղթի մը վրայ ցոլացուի։ Գրասեղանիս մէկ ակիւնը նետեցի զայն, առանց անգամ մըն ալ նայելու։ Ես հոգիիս խորը ունիմ իր կենդանի պատկերը։

Քու վերադարձիդ վրայ չես խօսիր դարձեալ, կը գուշակեմ թէ յետաձգուած է ու զիս տխրեցնել չուզելուդ համար լռութիւն կը պահես այդ մասին, բարի քո՛յրս։

Շաբաթ մըն է հոս, Հալքի եմ, վերը եղեւիններուն անտառին մօտ պզտիկ սենեակ մը վարձեցի, գիշերները պատուհանէս ծովին մրմունջը կը լսեմ, հեռուէն։

Այս կղզին կը սիրեմ, որովհետեւ ամբողջ քեզմով լեցուն է։ Երէկ առաւօտ, կանուխ՝շրջանը ըրի կղզիին։ Արսէնիօսին առջեւը քայլերս ինքնաբերաբար դէպ ի վար տարին զիս, եւ գացի արեւին ծագիլը դիտելու քու սիրական տեղէդ, յիշեցի թէ դպրոցէն վերադարձիս հոն պատմած եմ քեզի անոր հանդէպ ունեցած սէրս, պաշտումս, հիմա շատ աւելի տխուր է սակայն, քանի որ դուն ալ քովս չես։

Երազ մը պատմեմ քեզի, հիմա կեանքիս էն անուշ բաները անոնք են, երազները։

Երէկ իրիկուն, ճաշէն յետոյ, օդը սոսկալի տաք էր։ Սենեակիս մէջ, առանց լոյս վառելու, ընկողմանած էի բազմոցին վրայ, պատուհանին դէմ. քիչ յետոյ, թեթեւ ու գաղջ հով մը սկսաւ ճակատս շոյել մեղմիկ, եւ ապագայ երազներու խաբեպատիր հոսանք մը առաւ տարաւ զիս։ Աչքերս փակ երազեցի արթուն։ Շքեղ անուրջ, շոգեմակոյկի մը մէջ էինք, ան, դուն ու ես առանձին ծովուն վրայ, բաց ծովուն վրայ. ովկէանին վրայ, հեռո՜ւն, հեռո՜ւն, այնքան հեռուն՝ որ մարդկային ո եւ է ստուեր չկարենար թափանցել՝ խանգարելու համար մեր առանձնութիւնը ու երջանկութիւնը։

Փոքրիկ, բայց տոկուն ու զարդարուն շոգեմակոյկ մը որ ոչ մեքենավարի պէտք ունէր եւ ոչ ալ նաւաստիի։

Ալիքներ, փրփրոտ ամեհի ալիքներ կը զարնուէին անոր, եւ սակայն ան, կը պատռէր զանոնք, կը ճեղքէր, անոնց փրփուրներուն վրայէն ոստոստելով, կը սուրար կ’երթար, ճերմակ կարապի մը պէս, փրփուրոտ ակօս մը ձգած իր ետեւէն, անդունդները ծաղրելով, ովկէանին կատաղութիւնը արհամարհելով։ Ետեւը, պատուոյ տեղը, փոքրիկ բարձրավանդակի մը վրայ նստած էիք դուք երկուքնիդ, ան ու դուն, երկուքդ ալ փափուկ, ազնիւ, բարի ու անբիծ, քով քովի։ Իսկ ես վարը, երկու աստիճան վարը, ձեր ոտքերուն առջեւ ընկողմանած, աչքերս խոշոր խոշոր բացած ազատօրէն դիտելով, լափելով փոխն ի փոխն շողը ձեր նայուածքներուն եւ շողը անհունին։ Կապոյտի շքեղ երրորդութիւն մը կար հոն, կապոյտը երկնքին, կապոյտը ծովուն, եւ կապոյտը չորս աչքերուն ինծի ուղղուած, էն մաքուրը, էն վճիտը, եւ նոյն իսկ էն անեզրը, սակայն՝ այս վերջինն էր դարձեալ։

Ամէն ինչ, ամէն ինչ մոռցած էի, յիշելու համար միայն թէ ձեր քովն էի ու երջանիկ էի։

Կը սուրայինք։ Ալիքները հետզհետէ կը մեծնային, կ’ուռէին, կը ֆշային, մեզ արգիլել՝ մեր ճամբան խափանել ուզելով կարծես, բայց մեր փոքրիկ շոգեմակոյկը, ձեզ պէս երկու հրեշտակներ պարունակելու երջանկութեանը գիտակից կարծես ու անով ուժովցած անշէջ աշխոյժով, կը պատռէր զանոնք, կը փշրէր իր փոքրիկ սիրուն իրանին ներքեւ ու կ’անցնէր։ Եւ այդ պատռուած ալիքները, անկարող իրենց խօլ զայրոյթին մէջ, երկու կողմերէն կը բարձրանային բլակներու պէս։ Այդ բլրակներու մինչեւ գագաթը կ’ելլայինք երբեմնեւ յետոյ վար իջած ատեննիս դիմացի ալիքը իր հսկայ զանգուածովը վրանիս իյնալ, մեզ ողողել կ’սպառնար, սակայն շոգենաւակնիս, ճարպիկ ու ճկուն իր գործին գիտակից գազանազուսպի մը պէս անոր վրայ կը խոյանար ընդ հուպ։

Յետոյ լուսնակը սկսաւ փայլիլ ալիքներուն վրայ հայելիացնելով իր նուրբ ու փափուկ շողերը։

Ան, լուսնակը, ալ տառապողներու մտերիմ մը չէր ինծի համար։

Հիացած, հմայուած, բոլոր էութեամբս անծայր երջանկութեան մը մէջ տարրալուծուած էի հիմա, ձեր նայուածքներուն ներքեւ։

Կ’երթայինք շարունակ, միս մինակ մենք երեքնիս, մոռցած աշխարհը բոլոր, մոռցածթէ մեր տատանած հեղուկէն զատ, ցամաքներ ալ գոյութիւն ունենային, կ’երթայինք ճամբայ մը որ չէր հատներ ու կ’ուզէի որ չհատնէր երբէք, ո՜հ երբէք, յաւիտենական ճամբան ըլլա՜ր…։

Եւ այս շքեղ երազս ալ, ուրիշ շատ մը նախորդներուն պէս ցնդեցաւ գնաց, հակառակ կեանքը երազի եւ զայն իրականութեան փոխելու տենջանքիս, ի՜նչ անուշ երազ, հէ՞ քոյրս, անհունութեան մէջ կորսուի՛լ երկու սիրուած պաշտուած էակներու հետ… երա՛զ սակայն։

Եթէ գալ տարի գալուստդ որոշ չէ, գրէ որ գոնէ ես քու քովդ գալու աշխատիմ, որովհետեւ այսպէս ապրիլը աշխարհի էն անհամ բանն է։

Տաք համբոյրներով եղբայրդ

ՏԻԳՐԱՆ

1890 Մայիս 5, Հալքի