Թ.
Տարին
քանի
մը
անգամ,
ամբողջ
դպրոցը,
կամ
մասնակի
կերպով
այս
ինչ
այն
ինչ
կարգերը
դաշտային
պտոյտներ
կը
կազմակերպէինք
ամբողջ
օրուան
համար,
ճաշերնիս
ալ
հետ
տանելով.
picnic
կ’ըսէինք
ատոնց։
Օր
մը,
երկու
բարձրագոյն
կարգերը
միայն
բաւական
հեռու
տեղ
մը
ձիերով
բիքնիք
ընել
որոշեցինք։
Որոշուած
օրէն
երկու
օր
առաջ
ես
անհանգստացայ
եւ
հետեւաբար
չկրցայ
ընկերանալ
գացողներուն։
Ատիկա
սոսկալի
կերպով
յուսախաբ
ըրաւ
զիս,
որովհետեւ
գիտէի
թէ
Միս
Իզապէլ
ալ
ներկայ
պիտի
ըլլար.
ես
անձամբ
հրաւիրած
էի
զինքը
երկու
օր
առաջ
մասնախումբին
կողմէ։
Անիծեալ
անհանգստութի՜ւն։
Մինչեւ
կէս
օր
պտտեցայ
սենեակիս
մէջ,
վերջապէս
համբերութիւնս
հատաւ,
զգացի
թէ
մինչեւ
իրիկուն
անհամբերութիւնը
պիտի
սպառէ
զիս.
անկարելի
եղաւ
դիմադրել։
Ձի
մը
բերել
տուի
ու
մեկնեցայ,
առանց
կարեւորութիւն
տալու
կողերու
եւ
ստամոքսի
բաւական
սաստիկ
ցաւի
մը։
Ժամ
մը
ետքը,
արիւն
քրտինք,
ձիէն
վար
կ’իջնէի
որոշուած
տեղը
բոլոր
ընկերներուս
ուրախութեան
արտայայտութիւններուն
մէջտեղ։
—
Որչափ
ուրախ
եմ
ձեզ
հոս
տեսնելուս,
ըսաւ,
իր
յաւիտենական
ժպիտովը
երբ
ձեռքը
սեղմեցի,
ըսել
է
աղէկ
ես,
ուրախ
եմ,
ճամբան
բացակայութեանդ
պատճառաւ
իմացայ
անհանգստութիւնդ
եւ
շատ
ցաւ
զգացեր
էի։
Բոլոր
տղաքն
ալ
կ’ըսէին
թէ
առանց
քեզի
պակաս
մը
իտի
ըլլար
—
եւ
իրաւունք
ունէին
բնականաբար։
Յետոյ
տեսուչը
քովս
եկաւ։
—
Լաւագոյն
էր
որ
չգայիր,
ըսաւ,
բայց
քանի
որ
եկեր
ես
զգուշացիր՝
չմսիս,
մանաւանդ
չյոգնիս։
Տղաքները
ձիարշաւներ
եւ
ուրիշ
տեսակ
տեսակ
խաղեր
կազմակերպեցին,
ցից
զառիվերի
մը՝
մինչեւ
գագաթը
գացին
մագլցիլ։
Միս
Իզապէլ՝
արդեն
քնքուշ
ու
փափկակազմ,
այդ
տեսակ
բաներու
չէր
կրնար
մասնակցիլ
բնականաբար։
Ես
ալ
անհանգիստ
ըլլալուս
իր
քովը
մնացի
մինչեւ
վերջը,
սիրուն
պզտիկ
առուակի
մը
քով
որ
ծառերուն
մէջէն
կը
բխէր
եւ
ուր
ճաշած
էին։
Տկար,
քնքուշ,
հիւանդ
ըլլալուն
համար
ալ
աւելի
կը
սիրէի
զինքը,
—
չքնաղ
շուշանի
մը
պէս
զոր
ամենափոքր
հովէ
մը
պէտք
է
պահպանել
որպէս
զի
չթոռմի.
ի՞նչ
երջանկութիւն
միշտ
քովը
ըլլալ,
զմայլելու,
պաշտելու
ու
պաշտպանելու
համար
զինքը։
Երեկոյին,
վերադարձին,
տղաքները
սկսան
խենդ
խենդ
վազցնել
ձիերնին։
Բայց
ես՝
ես
որ
ամէնէն
յանդուգնը
ու
ամէնէն
անզուսպն
էի
այդ
մասին՝
իր
քովէն
կը
քալէի
կամայ
ակամայ,
երջանկութեանս,
պաշտումիս
մէջ
ամէն
բան
մոռցած։
Քաղաքին
մօտ,
տղաքը
խմբուեցան
եւ
տեսուչին
հետ
սկսուած
խօսակցութիւն
մը
ստիպեց
զիս
որ
քիչ
մը
հեռանամ
քովէն.
ճիշտ
այն
պահուն,
չեմ
գիտեր
ինչպէս
եղաւ,
տեսայ
որ
ձիէն
վար
իյնալու
վրայ
էր,
էն
առաջ
քովը
սուրալով
զինքն
իյնալէ
արգիլողը
ես
եղայ։
—
Ո՜հ,
շնորհակալ
եմ
որքան
բարի,
նոյնքան
ալ
քաջ
ես
Տիգրան,
ըսաւ։
Եւ
խօսած
ատենը
վրաս
ուղղուիլը
զգացի
իր
այն
աննման
ժպտող
նայուածքներէն
մէկուն,
որոնց
մէջ
մելանուշ
ու
վճիտ
«անցնելու
մօտ»ի
հմայք
մը
կը
փայլէր։
Բարութեան
ու
մաքրութեան
հոգեթով
արտայայտութիւն
մը,
զոր
անկարելի
է
նկարագրել։
Գերմարդկային
բան
մը
կար
հոն,
այդ
աչքերուն
մէջ,
սիրելի
քո՛յր,
եւ
այդպէս
ըլլալուն
համոզուելու
համար
պէտք
է
տեսած
ըլլալ
զայն,
որովհետեւ
մարդկային
բացատրութեան
միջոցները
գերմարդկային
ճաճանչ
մը
չեն
կրնար
նկարագրել
անշուշտ։
Եւ
այդ
ճաճանչին
մէջ
կ’արտացոլար
ահա՛
իր
կուսական
վեհ
ու
նուրբ
հոգին,
զոր
պաշտեցի
եւ
պիտի
պաշտեմ
միշտ։
Կեանքիս
մէջ
ո
եւ
է
ծառայութեան
մը
համար,
այնքան
լաւ
կերպով,
այնքան
առատօրէն
վարձատրուած
ըլլալս
չեմ
յիշեր։