Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.

Կիրակի օրերը, ժամ մը, կրօնական դասեր կուտար, բարձրագոյն կարգէ, փափագող աշակերտներուն։ Ես որ առաջ կատարելապէս անտարբեր էի այդ տեսակ բաներուն, այն տարին սկսայ ուշի ուշով հետեւիլ իր տուած դասերուն, ու լաւագոյն սորվողներէն մին ըլլալ ամէն ատեն։ Ընկերներս բողոքականութեան նորաբոյս ձգտումին մը վերագրեցին այս ընթացքը։

Ինծի ի՞նչ փոյթ սակայն, վրանին կը խնդայի։ Իրենին պէս բերանէ մը աւելի յաջող, աւելի յստակ կերպով ո՞վ կարող էր Ս. Գիրքը բացատրել մեզի, այդ վսեմ բարբառին գաղտնիքներուն թափանցել տալ զմեզ։

Քսանի չափ տղաքներ, դպրոցէն մէյ մէկ աթոռ առած, ի սենեակը կ’երթայինք, էն շնորհալի ու էն քաղաքավար ընդունելութիւնը կ’ընէր մեզի։ Իր երկայն թիկնաթոռին վրայ կը նստէր ինք, շուրջը կը բոլորուէինք ու կ’սկսէր խօսիլ. ամէն մէկուն բան մը կը հարցնէր միշտ ժպտուն եւ երբ հարցումին պատասխանը ուշանար ազնիւ փափակամտութեամբ մը անմիջապէս կը պարզէր պէտք եղած կէտերը, երբէք «չգիտցայ»ի ստորնութիւնը չձգելով որ տղայ մը կրէ հոն իր ընկերներուն առջեւ։

Աղւոր զուարթ causerieներ էին այդ դասերը. ինք սիրուն պզտիկ ճառեր կը խօսէր երբեմն՝ յանկարծ Ս. Գրքէն հատուածէն մը ներշնչուելով. բերանաբաց մտիկ կ’ընէինք ամէնքս ալ, կենդանի օրինակներով կը խօսէր, իր նուրբ ձայնովը, Is it not, boys? (ատանկ չէ՞, տղաք) հարցնելու համար։

Եւ ամէն մէկերնիս կը մեկնէինք այդ կիրակնօրեայ դասեսէն, բան մը տանելով մեր հոգւոյն մէջ իր հեզութենէն, փափկութենէն ու բարութենէն, շատեր առանց զգալու, անգիտակցաբար, առաւել կամ նուազ, բայց վերջապէս աստիճան մը աւելի դէպ ի ազնիւը բարձրացած անպատճառ։

Ինծի համար որքա՜ն հեշտին էր այդ բարձրացումը իր միջոցաւ։ Ո՜հ, բոլոր կեանքս վերելք մը ըլլար դէպ ի իտեալը, դէպ ի բարձրութիւնը, ուր առնէր տանէր զիս քայլ առ քայլ ձեռքէս բռնած, մանկապարտէզի պզտիկ տղու մը պէս՝ որուն ձեռքէն բռնած սանդուղներէն վեր կը հանէր շատ անգամ։