ԺԱ.
Վերջին
տարին
քանի
մը
անգամ
հիւանդացայ։
Օր
մը,
անկողնէն
նոր
ելած,
արեւին,
պարտէզը
պտտած
ատենս
պատահեցանք
իրարու։
—
Տիգրան,
ըսաւ,
կ’երեւի
թէ
չափազանց
կ’աշխատիս,
ինքզինքդ
չես
նայիր
աղէկ,
քյրիկդ
եթէ
իմանայ
պիտի
սրդողի
քեզի։
Քու
վրադ
խօսած
էինք
երբեմն,
գիտէր
թէ
շատ
կը
սիրէի
զքեզ։
Ինքն
լալ,
արդէն
—
ինչպէս
ըսի
—
տկար
ու
փափուկ,
շատ
անգամ
անհանգիս
կ’ըլլար։
Սիրտս
որքա՜ն
կը
հատնէր։
—
Ինչո՞ւ,
կ’ըսէի
ինքնիրենս,
ինչո՞ւ
քովը
չկարենամ
ըլլալ,
հիւանդապահներուն
էն
հոգածուն,
բարեկամներուն
էն
անկեղծը,
ծառաներուն
էն
յարգալիցը
չկարենայի
ըլլալ
իրեն։
Իրիկուան,
պարտէզը
սիրտս
դողով
լեցուն
իր
սպասուհին
կը
փնտռէի,
հարցնելու
համար
թէ
ի՞նչպէս
էր։
Յետոյ՝
սենեակս
կ’երթայի
ու
կ’աղօթէի
իրեն
համար,
հոգիիս
ամէնէն
ուժգին
թափովը։
Գիտես
թէ
որքա՜ն
կը
սիրեմ
նուագը։
Դպրոցին
մեծ
երգեհոնը
սակայն,
բնականաբար՝
չէր
կրնար
իմ
տրամադրութեանս
տակ
ըլլալ
միշտ,
մանկապարտէզը
պզտիկ
երգեհոն
մը
ունէին,
անոր
վրայ
նուագելու
կ’երթայի
երբեմն
իրիկուան
դէմ,
դասերուս
աւարտումէն
ետքը։
Ամեն
երթալուս
նախ
ուղղակի
վեր
կ’ելլէի
Միս
Իզապէլէն
արտօնութիւն
ուզելու
—
թէեւ
արտօնութիւնը
մի
անգամ
ընդ
միշտ
տրուած
ըլլար
արդէն։
Դողացող
մատներով
սենեակին
դուռը
կը
զարնէի
ու
շունչս
բռնած,
բոլոր
ուշադրութեամբ
կ’սպասէի
իր
սիրուն
երկար
«come!»ին
(մտէ՜ք)։
—
Ի՞նչպէս
էք
Տիգրան,
հանգի՞ստ
էք։
—
Շնորհակալ
եմ։
—
Չէ՞ք
նստիր
վայրկեան
մը։
—
Ոչ,
Օրիորդ,
շնորհակալ
եմ,
եթէ
արտօնէք
քիչ
մը
երգեհոն
պիտի
զարնեմ
վարը։
—
O
yes!
Dear!
կրնաք
զարնել,
ինչու
չէ՜։
Միշտ
արտօնութիւն
առնելու
գացած
ատենս,
կը
դողայի
որ
միանգամ
ընդ
միշտ
զարնելու՝
որոշ
հրաման
չտայ,
եւ
այդպէսով
երբեմն
զինքը
տեսնելու
պզտիկ
առիթէ
մը
չզրկէ
զիս։
Վախս
չիրագործուեցաւ
սակայն,
անշուշտ
բոլորովին
չէր
կրնար
անտեսել
զինքը
տեսնելու
բաղձանքը
եւ
ատով
զգացած
գոհունակութիւնս,
եւ
իրեն
անսահման
բարութիւնը
պատճառ
մը
չէր
գտներ
այն
գոհունակութիւնը
ինձ
զլանալու։