ԺԸ.
Տիգրան
լռեց,
աչքերը
փակ։
—
Յիշատակ
մը
ունի՞ս
իրմէ,
հարցուց
Նուարդ։
—
Յիշատա՞կ…
զինքը
ունիմ
ամբոջ
հոգիիս
խորը.
իսկ
իրմէ
տրուա՞ծ,
ահաւասիկ
ասոնք
ունիմ։
Ու
գրպանէն
հանեց
աղուոր
վարդագոյն
Christmas—card
մը
ու
այցետոմս
մը,
խնամքով
թուղթի
մէջ
պահուած։
—
Այս
Christmas—cardը,
ծնունդի
մը
ղրկած
է
ինծի
փոխադարձ։
Իսկ
այս
այցետոմսը
—
մոռցայ
ըսելու
—
մեկնած
առաւօտս
բարեկամ
մը
բերաւ
տուաւ
ինծի,
պահարանի
մը
մէջ
որուն
վրայ
անունս
գրուած
էր.
օր
մը
առաջ,
Միս
Իզապէլը,
մեկնած
ատեն,
իմ
դպրոցը
չըլլալս
իմանալով,
պաշտօն
յանձնած
էր
իրեն
անձամբ
հրաժեշտ
չկարենալ
առնելուն
ցաւը
յայտնելու
ինծի
եւ
ողջերթ
ու
յաջողութիւն
մաղթելու,
ու
այս
այցետոմսն
ալ
տուած
է
ինծի
յանձնուելու
համար։
—
Իրաւ
հրեշտակի
մը
չափ
բարի
է
եղեր
ան,
ըսաւ
Նուարդ,
զգացեր
է
թէ
շատ
պիտի
յուզուիս
հրաժեշտի
պահուն
եւ
դիտմամբ
ատիկա
խնայել
է
ուզեր
քեզի
փափկանկատութեամբ։
—
Թերեւս…
Եւ
հիմա,
հիմա
որ
կը
ճանչնաս
զինքը,
պիտի
խօսինք
իր
վրայ,
այնպէս
չէ՞,
քոյրս։
Մտերիմներէս
անգամ
գաղտնի
պահած
էի
ասիկա։
Բաներ
կան
որք
միայն
քրոջ
մը
կրնան
ըսուիլ։
Ուրիշ
մը
թերեւս
պիտի
չհասկնար
զիս,
պիտի
չկրնար
ըմբռնել
վսեմութիւնը
անոր
հանդէպ
զգացած
սիրոյս,
պաշտումիս,
վայելելու
բաղձանք
չգտնուիլը
անոր
մէջ
ու
զիս
պիտի
խրատէր
մոռնալ
զինքը։
Մինչդեռ
դո՛ւն,
ազնիւ
Նուարդս,
դուն
կը
հասկնաս
զիս,
կը
հասկնաս
թէ
չպիտի
մոռնամ
զինքը
երբէք,
ո՜հ,
երբէք…
—
Միասին
պիտի
սիրենք
զինքը,
պատասխանեց
Նուարդ
Տիգրանին
ականջն
ի
վար
ծռելով։