Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.
. . . ԱՊԱԳԱՅԻՆ

Դո՞ւն ալ պիտի զլանաս ինձ այսպէս յար,

Չքնաղ, անբիծ, հրեշտակային տեսքն անոր,

Ու պիտի գա՞ս չկատարուած նորանոր

Խոստումներով ընել զիս միշտ վշտահար։

Գերմարդկային էակ մըն է ան, գիտեմ,

Ու աշխարհէն վերացում մը այդ կեանքն ալ,

Ուր կ’ուզէի մնալ, յաւիտեան մնալ,

Բայց վար նետեց զիս անցեալը խստադէմ։

Կը հարցնեմ հիմա քեզի դող ի սիրտ,

Ո՜հ չես բերեր այն ժամերն, ո՜վ անսիրտ,

Մաս մը գոնէ, քու ընթացքիդ մէջ յամառ։

Ըսէ՛ ինծի, պիտի չվայելե՞մ ալ երբէք,

Այդ նայուածքին շողը անո՜ւշ ու բեկբեկ,

Գէթ փոխարէն պատրանքներուդ անհամար

Լոկ վայրկեանի մը համար։