Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԵ.

Վերջապէս վկայականս տուին, ինքն ալ հոն էր, ամէնուն հետ զիս ալ շնորհաւորեց ու ողջերթ մաղթեց ըստ սովորութեան։ Եթէ ինք չըլլար անշուշտ ցաւ պիտի զգայի դպրոցէն բաժնուելուս, ընկերներէս, բարեկամներէս բաժնուելուս։ Բոլոր տղաքներն ալ տխուր բան մը կ’ունենան այն օրը, թէեւ իրենք ալ չեն հաւատար շատ անգամ թէ ուրախ չըլլան արձակուրդին սկսած օրը։ Բայց կրնայի՞ ես միթէ դպրոցին վրայ խորհիլ, իրմէ զատ ուրիշ ո եւ է մէկ բանի վրայ խորհիլ այն օր։

Քովս գիրք մը ունէր, իրիկուան դէմ ատիկա առի տարի։

Քիչ մը յուզուած շեշտերով ըսի թէ բաւական խնդիր մըն էր այնքան սիրուած կեանք մը ձգել, բոլորովին նոր ասպարէզի մը մէջ որուն ի՞նչ ըլլալն ալ չէի գիտեր դեռ ապրելու համար։

Իրաւունք ունինք, պատասխանեց, բայց ատիկա անխուսափելին է. նոյն իսկ ատոր համար էր որ պատրաստուեցանք, այսքան աշխատելով։ Բայց ապահով եմ թէ, եթէ ոչ հեշտին, գէթ յաջողութիւններով լեցուն պիտի ըլլայ ճամբան հոն՝ նոր կեանքին մէջ ալ, ձեզ պէս ազնիւ ու բարի երիտասարդի մը համար։

—Միս Իզապէլ, ըսի, միշտ չափազանց լաւատես եղած էք ինձ նկատմամբ։

Ո՛հ ոչ, բողոքեց, ընդհակառակը դուք յոռետես կ’ուզէք ըլլալ հիմա։ Շատ դիւրին է ըսածիս ապացոյցը տալ ձեզի, ըսէք ինչո՞ւ բոլոր դպրոցը աշակերտ թէ դասատու եւ բոլոր ձեզ ճանչցողները, գրեթէ առանց բացառութեան, համակրանք կ’զգան ձեզի համար, կը սիրեն ձեզ։

Պատասխան չտուի։ Գիտէի թէ բաւական համակրանքներ ունեցեր էի, բայց բոլոր զիս ճանչցողնե՛րը, գրեթէ առանց բացառութեան, համակրէին ու սիրէի՜ն զիս… Ատիկա մտքէս չէի անցուցած, եթէ ուրիշ մէկը ըսէր շողոքորթութիւն պիտի համարէի, բայց իրա՛ւ էր, անշուշտ իրաւէր. ամէնքը կը սիրէին զիս, ինչո՞ւ ատիկա չէի գիտեր եւ ի՞նչ պէտք ունէի գիտնալու։

Մտքիս մէջէն կը յեղյեղէի «Գրեթէ առանց բացառութեան»ը. ուրե՞մն, այդ «ամէնքը« զինքն ալ կը պարունակէր, ուրեմն ինքն ալ կը սիրէր զիս, քիչ մը գոնէ անտարակոյս։ Քանի որ այդքան տղաքներ այդքան մարդիկ որոնց մէջ տեսակներու այլազանութիւնը չէր որ կը պակսէր անշուշտ կը սիրէին, ինչպէ՜ս հաւատալ որ ինք, այդ հրեշտակի նման բարի, հրեշտակէ մը աւելի բարի էակը չսիրէր զիս։

Ի՜նչ ուրախութիւն Աստուած իմ, սիրուիլ անկէ, անկէ, քիչ մը գոնէ, ամէնուն չափ գոնէ։ Ի՜նչ երջանկութիւն։

Ահաւասիկ միակ սիրոյ խոստովանութիւնը զոր լսեցի իրմէ կամ ուզեցի որ լսած ըլլամ. ինչո՞ւ ուրիշ տեսակ տրամաբանութեամբ մը զրկէի ինզզինքս այդ երջանկութենէն։

Մեկնելու համար ոտքի ելած ատենս ծունկերս սկսան դողալ։

Դեռ վաղն ալ պիտի տեսնեմ, ըսի ինքնիրենս, եւ ատիկա ոյժ տուաւ ինծի, իրմէ սիրուած ըլլալու գաղափարին հետ։