Զ.
Այսպէս
անցան
երկրորդ
եւ
երրորդ
տարիներն
ալ՝
միայն
թէ՝
իր
բարութիւնը՝
կամայ
ակամայ՝
վերջապէս
մասամբ
գոնէ,
յայտնուող
յարգանքիս
ու
համարձակութեանս
փոխարէն՝
թոյլ
տուած
էր
ինծի
հետզհետէ
աւելի
մօտենալ
իրեն։
Մանկապարտէզին
մէջ
փոքրիկ
ծառայութեան
մը
համար
—
զոր
օրինակ
մանկապարտէզի
պզտիկներուն
խաղի
համար
ծառերէն
ճիւղեր
կամ
տերեւներ
փրցնելու
—
երբ
դպրոցէն
տղու
մը
պէտք
ունենար,
հարիւրին
իննսուն
զիս
կը
կանչէր։
Ի՜նչ
եռանդով
կը
վազէի,
Աստուա՜ծ
իմ,
եւ
որչափ
ջերմապէս
կ’օրհնէի
զինքը
սրտիս
խորէն։
Ալ
բնականաբար
Անգղիերէն
կրնայի
խօսիլ,
բայց
շատ
անգամ
իր
քիչ
մը
կնճռոտ
մէկ
խօսքը
չհասկնել
կը
ձեւացնէի,
պարզապէս
զինքը
հայերէն
բացատրութիւն
տալ
ստիպելու
եւ
հայերէնը
իր
բերնին
մէջ
լսելու
համար։
Դիւրութեամբ
չէր
կրնար
խօսիլ
հայերէնը,
բնականաբար,
քանի
որ
կանոնաւոր
դաս
առնելով
չէր
որ
սորված
էր,
մտածելով,
կենալով
չգիտցած
ամէն
մէկ
բառին
համար
չորս
հինգ
գիտցած
բառերով
բացատրութիւններ
շինելով
կը
խօսէր,
բայց
ճիշտ
ատոր
համար
կ’ուզէի
որ
մանաւանդ
հայերէն
խօսէր.
բան
մը
փնտռած
ատեն
մատը
ճակատին
կը
տանէր
ու
թարթիչները
կէս
մը
խփելով
անբիծ
նայուածքը
կ’ուղղէր
խօսակցին
վրայ։
Եւ
այն
ատեն,
նայուածքին
վրաս
ուղղուիլը
զգացած
պահուս,
տարօրինակ
շքեղ
բան
մը
կ’զգայի
ինքզինքիս
մէջ
—
բան
մը
որուն
ինչ
ըլլալը
ես
ալ
չէի
գիտեր,
բայց
երկնային
լոյսէ
մը
ողողուած,
վերացած
ու
երջա՜նիկ
կ’զգայի
ինքզինքս։
Չորրորդ
տարին,
առաջին
անգամ
ըլլալով,
իր
սենեակը
մտայ.
ճոխ
գրադարան
մը
ունէր,
իմացած
էի
թէ
բարձրագոյն
կարգէն
մի
քանի
աշակերտներու
գրքեր
փոխ
կուտար
կարդալու
համար։
Օր
մը,
պատեհ
առիթի
մը
հարցուցի
որ
ես
ալ
կրնայի՞
ստանալ
արդեօք։
—
Ինչո՞ւ
չէ,
շատ
սիրով,
եկէք
առէք,
պատասխանեց։
Հետեւեալ
օրը,
այդ
առթիւ
գացի
սենեակը։
Շատ
դժուար
է
ըսել
թէ
ի՜նչ
խորունկ
երկիւղածութեամբ
ներս
նետեցի
ոտքս
այդ
դրան
սեմէն։
Իր
սովորական
սիրալիր
ժպիտով
ընդունեց
զիս։
Երկու
պատուհանով
—
մին
փողոցին
եւ
միւսը
պարտէզին
վրայ
—
քառակուսի
ոչ
շատ
ընդարձակ
սենեակ
մըն
էր,
մանկապարտէզի
դպրոցի
կողմին
անկիւը։
Շատ
ճաշակաւոր
կերպով
կահաւորուած
էր,
արեւելեան
ոճով,
գորգերով
զարդարուած
ճոխ
բազմոցներու
քով,
խսիրէ,
սիրուն
պարզ
ամերիկեան
աթոռներ
ու
թիկնաթոռներ,
աղւոր
աններդաշնակութիւն
մը
յօրինած
էին
հոն։
Փոքրիկ
առարկաներ,
իր
ընտանիքի
անդամներուն,
կամ
ծանօթներուն
լուսանկարները
պատերուն
վրայ,
ասդին
անդին
սիրուն
փոքրիկ
étagèreներու
վրայ
շարուած,
դրան
քովը
գրադարանը,
պատուհանին
առջեւ,
երկայն
թիկնաթոռի
մը
քով
իր
իշխանութեան
սեղանը
եւ
անոր
քովն
ալ
ոտքով
գեղեցիկ
լամպա
մը
վրան
դեղնօրակ
լուսարգելով
(abat—jour)։
Նուրբ
ու
կոկիկ
ճաշակով
շտկուած
սենեակ
մը
վերջապէս,
ամբողջութեամբ։
Ննջասենեակը
ձախ
կողմէն
անթափանց
ապակիէ
դուռով
մը
կը
հաղորդակցէր
ասոր
հետ։
Բարեւելէ
յետոյ,
առանց
նստելու
ըսի
թէ
արձակուրդի
առթիւ
—
Ծննդեան
արձակուրդի
մօտերն
էր,
—
ժամանակ
ունենալուս,
իր
թոյլատրութեան
համեմատ
գիրք
մը
առնելու
եկած
էի։
—
Ինչո՞ւ
չէ,
նստիր,
ըսաւ,
իր
պաշտելի
հայերէնովը։
Նստեցայ։
Խօսեցանք
քիչ
մը։
Փափաք
յայտնեց,
առիթը
ներկայացած
ատեն,
ինծի
հետ
հայերէն
խօսելու,
որովհետեւ
շատ
անգամ
միայն
պզտիկ
տղաքներուն
հետ
խօսելուն
—
արդէն
անոնց
համար
սորված
էր
—
եւ
իրմէ
լաւ
գիտցողներու
հետ
չխօսելուն,
աւելի
չէր
կրնար
սորվիլ։
Դեռ
ի՞նչ
կ’ուզէի։
Շատ
ուրախ
պիտի
ըլլամ
ձեզ
օգտակար
ըլլալով,
ուզեցի
ըսել,
բայց
բառերը
շրթունքիս
վրայ
մնացին։
Այնքան
ուրախ
պիտի
ըլլայի
որ
ատիկա
արտայայտելու
համար
«շատ»
բառը
ծիծաղելի
կերպով
պզտիկ
գտայ
ու
աւելի
խոշոր
բառ
մըն
ալ
գործածել
թերեւս
պատշաճութեան
հակառակ
ըլլալուն
լռեցի։
Տաս
վայրկեան
ետքը
գիրք
մը
առած
կը
մեկնէի։
Ալ
այնուհետեեւ,
գէթ
ամիսը
մէյ
մը,
անպատճառ
կ’երթայի
գիրք
փոխելու
համար.
առաց
գիրքս
չէի
կրնար
ուրիշ
գիրքերու
պէս
ուշադրութեամբ
կարդալ
ծայրէ
ի
ծայր։
Միասին
կ’ընտրէինք
զանոնք։
Կը
բերէի
սենեակս
ու
ամէն
անգամ
որ
առիթ
ունենայի
ձեռքս
առնելու
կը
թղթատէի
ծայրէ
ի
ծայր,
նախադասութիւն
մը
ասկէ,
բառ
մը
անկէ,
կէս
էջ
մը
անդիէն,
կարդալով՝
ամէն
մէկ
թղթատելուս։
Զանոնք
թղթատելը
երջանկութիւն
մըն
էր
ինծի,
ամէն
մէկ
էջին
մէջ
հետք
մը
կը
փնտռէի
իր
նուրբ,
թափանցիկ
մատներէն.
կը
խորհէի
թէ
ինքն
ալ
շօշափած
է
այդ
էջերը,
գիշերը
թերեւս,
այն
վեհարանին
մէջ,
ուրկէ
երբէք
ներս
չսպրդեցաւ
նայուածքս,
իր
կուսական
անբիծ
անկողնոյն
վրայ,
մոմի
մը
աղօտ
ու
դողդոջ
լոյսովը։
Գիծեր
չկային
բնաւ
իր
գրքերուն
մէջ,
միայն՝
կը
դիտէի
որ
ինքնաբերաբար
բացուող
էջերը
որո՞նք
են,
որովհետեւ
բնականաբար
ատոնք
աւելի
շատ
բաց
մնացած,
աւելի
շատ
կարդացուած
կ’ըլլան.
ահա՛
այդ
էջերը
կը
կարդայի
խորունկ
ուշադրութեամբ,
հաւատալով
թէ
իր
նախընտրած
մասերն
են
անոնք,
զորս
ես
ալ
միշտ,
անխտիր
կը
հաւնէի։
Այսպէս
իգրքգը
օրերով
թղթատելէ
ետքը
միայն,
վերջին
օրերը,
չվերադարձուած,
հապճեպով
կը
կարդայի
ամբողջություննը,
տարտամ
գաղափար
մը
կազմելու
համար,
գոնէ
հատորին
վրան
—
եւ
ան
ալ
իր
երբեմնի
հարցումները
անպատասխանի
չձգելու
մտածումով։
Գրեթէ
մասամբ
բարեկամացած
էինք
ալ։
Կրնական
խնդիրներու
վրայ
կը
խօսէինք
երբեմն։
Ո՜հ,
իր
ըմբռնումները,
Քրիստոսի
վարդապետութեանց
նմատմամբ,
ի՜նչ
լայն,
ի՜նչ
վսեմ
էին։
Այնպիսի
բարձրութենէ
մը
կ’արձակէի
իր
հայեացքները
այդ
մասին,
որ
եկեղեցիներու
խտրութիւնները
չէին
երեւնար
իր
աչքին։
Քանի
զինքը
ճանչնայի
այնքան
աւելի
կը
հիանայի
իր
վրայ,
քանի
իր
անբիծ
ու
վսեմ
հոգիին
խորը
թափանցէի,
այնքան
կը
զօրանար,
կ’ամրապնդուէր
այն
անխզելի
կապը
որ
ալ
իրեն
կը
կապէր
զիս։
Որչա՜փ
ալ
միամիտ
Աստո՜ւած
իմ,
որչափ
ալ
պարզ
ու
միամիտ։
Օր
մը,
միայն
դպրոցական
փոքրիկ
հանդէսի
մը
յայտագիրը
կը
գրէինք
Rémungton
մեքենեայով։
—
Միս
Իզապլ,
ըսի,
ի՜նչ
աղւոր
բան
է
սա
մեքենանիդ։
—
Indeed!
(իրաւ),
ըսաւ,
աղւոր
մեքենայ
է,
բայց
իմս
չէ՛,
օհ
no
dear,
այս
մեքենան
առնուազն
քսան
եւ
հինգ
ոսկի
կ’արժէ,
եւ
ես
մեքենայի
մը
քսան
ու
հինգ
ոսկի
տալու
չափ
հարուստ
չեմ
եղած
երբէք։
Ես
որ
սկիզբէն
ի
վեր
անկեղծութեան
սիրահար
եմ,
որչափ
աւելի
կը
սիրէի
զինքը
իր
անկեղծութեանը
համար։
Խօսակցութեան
մէջ
—
Անգղիերէն
—
dear!
(սիրելիս)
բառը
կ’գործածէր
երբեմն։
Ատիկա
լեզուին
սովորութիւնն
է,
բայց
ես
այնպէս
չէի
հաւատար՝
մասնաւորապէս
ինծի
ուղղուած
կը
խորհէի
ես
այդ
բառը՝
այնպէս
կ’ուզէի։
Dear!,
որչա՜փ
անուշ
կը
հնչէր
ականջիս։
Քանի
քանի
անգամներ
դիտմամբ
այնպիսի
դարձուած
մը,
այնպիսի
ձեւ
մը
կուտայի
խօսակցութեան՝
որ
ստիպուի
ատիկա
գործածել։
Հոգիս
կը
փայփայէր
այդ
բառը,
մեղմի՜կ,
անուշ
փայփայանքով
մը,
հոգեթով
շեշտ
մը
կ’առնէր
ան
իր
բերնին
մէջ։
Վերջին
տարին…»
Հոս
խօսքը
ընդհատեց
Տիգրան։