Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի.

Այն գիշեր, լուսնի լոյսով, պատուհանին առջեւ նստած սա sonnetն գրեց Տիգրան.

 

ՊԱՇՏՈՒՄՍ

Առ Միս ԻԶԱՊԷԼ

Քաոս մըն էր սիրտս, տարտամ, անզգայ,

Եւ անոր մութ խաւերուն մէջ անյատակ,

Կեանքը «ոչինչ» մը, զէրօ մը լոկ հսկայ,

Իսկ սէրն անհամ ու անիմաստ մի կատակ։

 

Այդ քասոը բոյն մէ հիմա սիրավառ,

Բոյն մը անուշ երազներու, յոյզերու,

Կեանքը բառ մը իմաստալից ու պայծառ,

Սէրը աղբիւր երջանկութեան յոյսերու։

 

Որովհետեւ դո՜ւն, ո՜վ հրեշտակ լուսաձիր,

Այդ քաոսին մէջ փայլով մը հոգեթով,

Վայրկեան մը լոկ փայլակի պէս շողացիր։

 

Եւ պաշտեցի քազ հեռունէ՜ն, հեռուէ՜ն,

Այն անսահման ու երկիւղած պաշտումով,

Որով մաքուր հոգիք զԱստուած կը պաշտեն։