Բ.
Շաբաթ
մը
ետքը
հետեւեալ
բառերը
գրուած
այցետոմս
մը
ստացայ
իրմէ.
Նոր
գրելիք
չունիմ,
նամակ
չգրեցի
ասոր
համար։
Ներփակ
կը
ղրկեմ
հարցումներս
որոնք
բաւական
բան
պիտի
ըսեն
քեզի
գտնուած
սրտի
ու
մտքի
տրամադրութիւններուս
վրայ։
Նամակներուդ
կ’սպասեմ
միշտ։
իր
վրայ
գրէ
միշտ
կ’աղաչեմ։
Ջերմագին
համբոյրներս։
«Հարցումներ»
ըսածը
երեք
կտոր
sonnetներ
էին,
ահաւասիկ.
ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐ
Ա.
ԱՆՑԵԱԼԻՆ
Միշտ
յիշատա՞կ
պիտի
մնան
ժամերն
այն,
Երբ
ապրեցայ
ես
երջանիկ
անոր
քով,
Եւ
առաջին
սիրոյն
անբիծ
հմայքով,
Աշխարհը
ոչ
տխուր
էր
ոչ
ա՛լ
ունայն։
Ո՜հ,
պաշտումի
երազ
մ’էր
ան
հոգեթով,
Եւ
զայն
վայելել
տուող
կոյսն
ալ
զուարթուն,
Գիտեմ,
աւա՜ղ,
հիմա
որ
ալ
եմ
արթուն,
Գիտեմ,
երազ
մ’անուշ,
քնքուշ
անվրդով։
Կը
հարցնեմ
քեզի
սակայն,
ա՜հ
անգութ,
Որ
միշտ
անհոգ
կը
հետեւիս
քու
ճամբուդ,
Տանելով
իմ
երազներս
ալ
քեզ
հետ։
Միշտ
յիշատա՞կ
պիտի
մնան
օրերն
այն,
Երբ
աշխարհ
ոչ
տխուր
էր
ոչ
ալ
ունայն,
Այդ
երազը
չդարձնե՞ս
պիտի
ետ…
Վայրկեանի
մը
համար
գէթ։
Բ.
. . .
ՆԵՐԿԱՅԻՆ
Ի
նչո՞ւ
ինծի
բերիր
դուն
գողցուած
Վայրկեաններ
գէթ
այն
անցեալին
աննըման,
Երբ
իր
ծաւի
աչքերն
ինծի
կ’ուղղէր
ան,
Եւ
երջանիկ՝
կ’օրհնէի
զինքն
ու
զԱստուած։
Գիտեմ
հիմա՛,
հատոր
մ’էր
ան
ոսկեզօծ,
Հատոր
մը
լի
կեանքով՝
վարդով
ու
ժպտով,
Զոր
ան
բացաւ,
բայծ
գոցուեցաւ
շատ
շուտով,
Ու
կուլ
տուաւ
զայն
անցեալին
անկուշտ
ծոց։
Սակայն
դո՜ւն
որ
կուգաս
ու
չես
առներ
կանգ,
Դո՜ւն
որ
հազիւ
վայրկեանի
մը
ունիս
կեանք,
Յետոյ
կ’անցնիս
կ’երթաս
անփոյթ
ու
անձայն։
Ըսէ՛,
ինչո՞ւ
չար
անցեալին
սեւ
գրկէն,
Չես
բերեր
դուն
ինծի
էջ
մը
այն
գրքէն,
Որ
ես
արբշիռ
կարդամ,
վայելեմ,
լափեմ
զայն…
Գոնէ
վայրկեան
մը
միայն։