Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԴ.

Քննութիւններս յաջող կ’երթային երա՜նի թէ այդպէս չըլլար, ու լմննալու վրայ էին ալ, քանի մը օրէն պիտի մեկնէի։ Ի՞նչ յուզում, այդ օրերը, առտուընէ մինչեւ իրիկուն, ցերեկները, սենեակս քաշուած, ժամացոյցիս սլաքը կը դիտէի, որ կը վազէր, կը փախչէր, ա՛խ անպիտանը դիտմամբ աւելի խոյս կուտար կարծես, վայրկեաններու մէկէն միւսին սահած ատեն, «ես կը դառնամ կոր» պոռալով երեսիս։

Գիշերները, պարտէզ կ’իջնայի, իր պատուհանին լոյսը դիտելու, երբեմն նուրբ, ճկուն ստուեր մը կ’անցնէր լոյսին առջեւէն, լուսնին առջեւէն անցնող քնքուշ ամպի մը նման։ Պարտէզին մթութիւնը միայն այս պատուհանէն կը լուսաւորուէր ինծի համար, եւ երբ ան մարէր ալ միւս պատուհաններուն լոյսերը չկային, եւ ոչ ալ երկնից լուսաւորները ազդեցութիւն մը ունէին տիրող աղջամուղջին վրայ. այն պատուհանը արեւն էր՝ ուրկէ ասոք ամէնքը իենց լոյսը կ’առնէին։ Եւ արեւը մարը մտնելուն պէս սենեակս կը քաշուէի ես ալ, պառկելու համար։

Վաղն ալ պիտի տեսնեմ զինքը, միւս օրն ալ, հետեւեալ օրն ա՛լ… ետքը… հեռուն պիտի ըլլամ, հետզհետէ պիտի հեռանա՛մ իրմէ ամէն վայրկեան այդ հեացումի ծանրութիւնը ունենալով սրտիս վրայ ծանրութիւն մը որ հետզհետէ պիտի աւելնայ։

Այն վերջին օրերուն մէջ, հակառակ հոգիիս ցնցող բաղձանքին, շատ քիչ տեսայ զինքը, խոյս տուի իրմէ. սիրտս կը դողար քովը գացած ատենըս, կը վախնայի որ պիտի իյնամ հոն իր ոտքերուն առջեւ լալու, տղու մը պէս լալու եւ ամէն բան խոստովանելու համար։ Եւ ատիկայ սրբապղծութեան մը պէս կը խորշեցնէր զիս։

Մտադրեցի օր մը մեկնելէս ետքը իրեն գրելու արտօնութիւն խնդրել, բայց չհամարձակեցայ, ոչ թէ մերժուելու երկիւղով, որովհետեւ այդպիսի բան մը պիտի չմերժէր անշուշտ ինքն որ այնքան բարի էր, այլ պարզապէս չկրցայ։ Խօսելու որոշումը տուի ինքիրենս քանի մը անգամ, բայց վերջին վայրկեանին ոյժս պակսեցաւ։

Ի՞նչ պիտի կրնամ գրալ, պատճառաբանեցի ինքնիրենս, բառ պիտի չգտնեմ իրեն բան մը ըսելու. բոլոր բառերն ալ պզտիկ պիտի գան, ատոնց եւ ոչ մէկուն մէջ պիտի սղմի ըսելիքս, ատոնց եւ ոչ մէկը պիտի կրնայ զիս արտայայտել, հետեւաբար անօգուտ պիտի ըլլայ։