Դ.
Ահաւա՛սիկ
ինչ
որ
ան
պատմեց.
«Բաւական
ետ
պէտք
է
երթալ.
դպրոցական
շրջանիս
հետ
կ’սկսի
ան,
մինչեւ
հոն
պէտք
է
վերադառնալ
բան
մը
պակաս
ձգած
չըլլալու
համար
անոր
յիշատակէն՝
որ
իր
բոլոր
մանրամասնութիւններով
կոյս
ու
անեղծ
մնացած
է
սրտիս
մէջ։
Դպրոց
հասնելէս
գրեթէ
ամիս
մը
ետքը,
օր
մը,
կէս
օրուան
ճաշին
անծանօթուհի
մը
նստած
տեսայ
մեր
տեսուչին
տիկնոջ
քով։
Ըսած
եմ
արդէն
թէ
տեսուչը,
ընտանիքով
մեզի
հետ
կը
ճաշէր։
Առաջին
անգամ
կը
տեսնէի
զինքը։
Ճերմակ,
ճեբճերմակ
դէմքին
վրայ,
դեղնորակ
մազերու
չքնաղ
պսակ
մը,
թոյլ
կերպով
հիւսուած,
աչքերը՝
նուազ,
երկնագոյն,
հասակը՝
երկայն՝
ու
նուրբ
դեռածիլ
աղւոր
ցօղունի
մը
պէս
նուրբ
ու
ճկուն։
Աչքերս
յառած
մնացին
իր
վրայ,
բաւական
ատեն,
չեմ
գիտեր
ինչ
անդիմադրելի
հմայքէ
մը
գրաւուած։
Յետոյ՝
որովհետեւ
ճաշի
ատեն
ազատօրէն
կրնայինք
խօսակցիլ՝
անոր
ո՞վ
ըլլալը
հարցուցի
կամացուկ
մը
քովի
տղուս։
—
Մանկապարտէզին
տնօրէնուհին,
պատասխանեց
տղան։
Երբեմն
կուգայ
հոս
ճաշելու։
—
Անո՞ւնը,
հարցուցի։
—
Միս
Իզ…
—
Գիտեմ,
գիտեմ
Միս
Իզապէ՜լ,
պոռաց
Նուարդ,
հակառակ
չընդմիջելու
բաղձանքին,
ինքզինքը
չկրնալով
զսպել։
Տիգրան
զարմանքով
գլուխը
վեր
առաւ։
Առաջին
անգամն
էր
որ
ասիկա
մէկու
մը
կը
յայտնէր։
—
Գիտե՞ս
մի՜…
—
Անզգալաբար
այնքան
գոված,
այնքան
շատ
խօսած
ես
այդ
Անգլուհիին
վրայ
որ
արդէն
ըսէր
էի
ինքնիրենս,
թէ
պարզ
համակրութիւն
մը
չէ
անոր
հանդէպ
զգացածդ։
Եւ
յետոյ
ի՞նչ
կարծեցիր,
այնքան
դժուա՞ր
է
քեզ
պէս
ազնիւ
եղբօր
մը
սիրտը
կարդալ
ինձ
համար։
Բայց
շարունակէ՛։
—
Արդարեւ,
սիրելի
Նուարդս,
չես
սխալած,
Միս
Իզապէլ
—
գանատուհի
մը
—
ինքն
է
պաշտումիս
առարկան։
Առաջին
անգամը
չէր
որ
անծանօթուհի
մը
մեզ
սեղանակից
կը
տեսնէի
հոն,
բայց
մինչեւ
այն
ատեն
եւ
ոչ
մէկուն
ո՞վ
ըլլալը,
կամ
անունը
հետաքրքրուած
էի
գիտնալու։
Քանի
որ
այնքան
խօսած
եմ
իր
վրայ
քեզի
անզգալաբար՝
ըսած
եմ
անշուշտ
թէ
իր
դէմքին
միակ
արտայայտութիւնը՝
առաջին
ակնարկով
իսկ
ձգած
տպաւորութիւնը
մարդուս
վրայ,
խորո՜ւնկ,
անսահմա՜ն
բարութիւն
մըն
էր։
Ատիկա
մէկ
անգամ
մը
տեսնելէ
յետոյ,
անկարելի
է
որ
մարդ
հրեշտակ
մը
երեւակայած
ատեն
ատեն
չառնէ
իրեն
իբր
տիպար։
Իր
նուրբ,
քիչ
մը
դալկահար
այլ
փափուկ,
հիանալիօրէն
փափուկ
դէմքին
վրայ
փայլփլող
զոյգ
մը
խոշոր
վճիտ
աչքերուն
անուշ
ու
խորունկ
կապոյտէն
շնորհի,
բարութեան՝
անբացատրելի
յորդում
մը
կ’արտացոլար։
Ճաշին
աւարտելուն
մօտ,
դէպ
ի
ինծի
ծռեցաւ
ու
ժպտելով՝
—
Դեռ
նոր
եկած
էք,
այնպէս
չէ՞,
ըսաւ
մելանոյշ
ձայնով
մը։
Հայերէն
ալ
գիտէ՜ր։
Երբէք
չպիտի
մոռնամ
այդ
հարցումը.
երբէ՜ք։
Ինչ
սիրուն,
ի՞նչ
թովիչ
խօսուածք,
համակ
մեղմութիւն,
համակ
ներդաշնակութիւն։
Հայերէնը
իր
բուն
առոգանութենէն,
արեւելեան
բնական
հնչումէն
կը
մերկացնէր
իրա՛ւ,
բայց
անոր
տեղ,
այնպիսի
բեկբեկուն,
այնպիսի
անուշ,
այնպիսի
փրփրոտ
ներդաշնակութիւն
մը
կուտար
անոր,
որ
մարդ
կը
հիանար,
կ’ուզէր
ժամերով,
օրերով
մտիկ
ընել։
Յետոյ,
ծննդավայրս,
անունս
հարցուց
եւ
ուրիշ
մի
քանի
մանր
մունր
բաներ
ալ
զորս
չեմ
յիշեր
հիմա։
Մեքենաբար
կը
պատասխանէի
ալ
իրեն։
Աչքերս
կերակուրի
պնակի
փոքրիկ
կլոր
շրջանակին
մէջ
բանտարկուած
էին։
Մինչեւ
այն
ատեն
երբէք
այս
տեսակ
յուզում
մը
չէի
ճանչցած,
ինչի՞
վերագրել։
Մտքէս
կրնայի՞
անցնել
թէ
սէր
էր
ան,
առաջին
թրթռացումը
սիրոյ,
պաշտումի
խաղին.
այն
լուռ
մնացած
էր
հոգիիս
խորը
դեռ
մինչեւ
այն
ատեն
—
բարակ,
նուրբ,
անուշ
խազին
պէս
դաշնակի
մը
որ
լուռ
կը
մնայ
երկայն
ատեն
եւ
օր
մըն
ալ
քնքուշ,
փափուկ
մատ
մը
կուգայ
հնչեցնել,
կեանք
տալ
անոր։
Մանաւանդ
կրնայի՞
երեւակայել
որ
ինծի
պէս
15—16
տարեկան
տղայ
մը
կարող
ըլլայ
իրեն
գրէթէ
կրկին
տարիքը
ունեցող
աղջկան
մը
համար
սէր
զգալ,
ան
ալ
առաջին
նայուածքով։
Յետոյ
ամէն
անգամ
որ
պատահէի
իրեն,
ճիշտ
միեւնոյն
յուզումը
կը
գրաւէր
զիս,
ամէն
մէկ
անգամուն
քիչ
մը
աւելի
խորունկ։
Շաբաթներով,
ամիսներով
չկրցայ
մտքիս
մէջ
պատասխան
մը
գտնել
այդ
«ինչու»ին։
Զինքը
տեսնելէս
շաբաթ
մը
ետքը
բաւական
բան
գիտէի
իր
կեանքին
վրայ։
Տարի
մը
առաջ
նշանուած
էր
Անգղիական
գաղթականութեան
անդամներէն
մէկուն։
Սակայն՝
քանի
մը
ամիս
առաջ
բաժնուած
էին
իրարմէ,
նշանածը
—
որուն
գլխին
բռունցքի
հարուած
մը
իջեցնել
կուգար
ամէն
տեսնելուս
—
բաժնուիլ
ուզած
էր
ուրիշ
աւելի
բարեկեցիկ
աղջիկ
մը
գտած
ըլլալուն
համար
—
մանաւանդ
որ
տժգոյն
ու
հիւանդոտ
դէմք
մը
ունէր
Միս
Իզապէլ։
Մինչդեռ
իր
նոր
նշանածին
վրայ
առողջ
Անգղիացի
աղջկան
ամէն
հանգամանք
կը
տեսնուէր։
Ատիկա,
հիւանդ
ըլլալուն
համար
լքուած
ըլլալը
խորունկ
կարեկցութեամբ
մը
համակեց
զիս։
Ինք
կատարեալ
տիպար
մըն
էր,
բարութեան,
հեզութեան
ու
անուշութեան։
Առանց
ամէնաթեթեւ
մրմունջի
մը
«գնա՛
ազատ
ես»
ըսած
էր
այն
անսիրտին՝
զոր
թերեւս
ալ
—
ո՞վ
գիտէ
—
սիրա՜ծ
էր…
Միջակ
դասակարգի,
համեստ
աղջիկ
մըն
էր
ինք,
որ
ընտանիքէն
հեռու
կեանքը
կը
շահէր,
մասնագէտ—մանկապարտիզպանուհիի
հմտութեամբը։
Չեմ
գիտեր
թէ
իր
նշանածէն
լքուած
ըլլալուն
պատմութիւնը
ինչ
ազդեցութիւն
պիտի
ընէր
ուրիշ
ո
եւ
է
մէկու
մը
վրայ,
սակայն
ես
ալ
աւելի
ջերմ
համակրութեամբ
մը
կապուեցայ
իրեն
հետ
հոգիիս
խորէն։
Համակրութիւն
կ’ըսեմ
դեռ,
որովհետեւ
այն
ատեն
տակաւին
չէի
կրնար
հաւատալ
թէ
սէր
էր
զգացածս։
Բայց
անշուշտ
յարգանքի
աչքառու
արտայայտութիւն
մը
կար
իմ
իրեն
հանդէպ
ունեցած
վարմունքիս
մէջ,
որովհետեւ
ամէն
անգամ
որ
—
ամիսը
կամ
երկու
շաբաթը
մէկ
մը
—
պատահէի
իրեն,
բաներ
մը
կը
գտնէր
ինծի
հարցնելիք,
իր
հրեշտակի
ժպիտով
ժպտելով։
Որպիսութիւնս
կը
հարցնէր,
Անգղիերէնի
մէջ
ըրած
յառաջդիմութիւնս
կը
հարցնէր,
ազնիւ,
հոգածու
հարցում
մը
կը
գտնէր
վերջապէս
ընելու։
Առաջին
տարին
այսպէս
անցաւ։
Արձակուրդին,
ան
մեկնեցաւ։
Առողջութիւնը,
ամէն
տարի,
երկար
պտոյտներ
կըպահանջէր.
փափո՜ւկ,
վարդի
մը
պէս
փափուկ
էր
եւ
բժիշկները
անհրաժեշտ
նկատեր
էին
ճամբորդութեան
այդ
կազդուրումը
իրեն
համար
ամէն
տարի։