Առաջին սէրը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.
. . . ԱՊԱԳԱՅԻՆ

Դո՞ւն ալ պիտի զլանաս ինձ այսպէս յար,

Չքնաղ, անբիծ, հրեշտակային տեսքն անոր,

Ու պիտի գա՞ս չկատարուած նորանոր

Խոստումներով ընել զիս միշտ վշտահար։

Գերմարդկային էակ մըն է ան, գիտեմ,

Ու աշխարհէն վերացում մը այդ կեանքն ալ,

Ուր կ’ուզէի մնալ, յաւիտեան մնալ,

Բայց վար նետեց զիս անցեալը խստադէմ։

Կը հարցնեմ հիմա քեզի դող ի սիրտ,

Ո՜հ չես բերեր այն ժամերն, ո՜վ անսիրտ,

Մաս մը գոնէ, քու ընթացքիդ մէջ յամառ։

Ըսէ՛ ինծի, պիտի չվայելե՞մ ալ երբէք,

Այդ նայուածքին շողը անո՜ւշ ու բեկբեկ,

— Գէթ փոխարէն պատրանքներուդ անհամար —

… Լոկ վայրկեանի մը համար։