Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳՐԱՒՄԱՆՑ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԴԱՌՆ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Բայց գաղափար մը կազմելու համար Հայերու դէմ մղուած այս ահաւոր ալան թալանին հասկնալու համար թէ գրաւանց ամենաստուար մասը բռնի յափշտակութեանց արդիւնքէն հարկ է նախ ակնարկ մը նետել դէպի սեւ անցեալը եւ սոսկալի պայմանները ա՛յն արընխում ու հալածական ժամանակին որ այնքան լայն դուռ բացած էր Հայերու կեանքի, պատիւի եւ սհացուածքի աւարին, որմէ՝ բազմատանջ այլ հողապաշտ Հայը ստիպուած էր լքել իր տունն ու տեղը, փախչիլ ու հեռանալ. անկարելի է մանրամասնել. քրքրել ու թուել սպաննութիւնները, առեւանգութիւնները, թալանը սալաֆ-թալաֆին, թալանը պաշտօնեաներուն, թալանը յելուզակներու, թալանը խարճ-խարաճի անողորմ թահսիլտարին, բանտարկութիւնները, ձերբակալութիւնները, չարախօսութիւնները, փախուստը, անօթութիւնը, մերկութիւնը ու թալանը հողերուն…։

Իբր դառնագին ու քայքայող պատկերներ սեւ արհաւիրքին ու անպատմելի տուայտանքին՝ կը զետեղենք ստորեւ քանի մը օրինակներ ու ցուցմունքներ, հայ գիւղական տառապակիր կեանքէն, որոնք քաղուած են օսմանեան սահմանադրութենէն անմիջիպէս յետոյ (1908-1909) կազմուած ժողովրդական վիճակագիրներէ։ Քանի մը գիւղերու ցաւագին պատկերները կրնան յայտարար ըլլալ՝ առաւել կամ նուազ չափով ուրիշ դժբաղդ գեղերու ալ ցաւատանջ թալանին որոնց ամբողջ մանրամասնութիւնները անհուն են։

Մշոյ դաշտ Չուգուրի Աւազ աղբիւր գիւղ. Տունք Հայոց՝ նախ 81, որոնցմէ 47 տունը փախած էին, 76եզանց լուծքերէն միայն 19ը մնացած՝ մեծ մասով՝ կիսրար, 600 տաւարներէ իբր 300, 2-3000 ոչխարներէ իբր 150. 1907է առաջ՝ տարեկան ոչխարի սալաֆ՝ կտրուէր իբր 200, հատ՝ հացահատիկի սալաֆ՝ իբր 300 քիլէ, հարկահաւաքներու ճնշումով տուրքի փոխարէն՝ մօտ 150 տաւար ծախուած չնչին գնով, հետզհետէ 6-700 տաւար թալան տարուած. զինուորական տուրքը 12000 ղրուշէն 17, 000ի բարձրացած, հողայինը՝ 6000է 8000ի. միւլթէզիմներու երեսէ աշարը գրէթէ կրկնապատկուած՝ գիւղացիներէն քանիները սպաննուած շատերը փախած։ Եւ այդ պայմաններու մէջ կալուածական հետեւեալ գրաւումները. 124 արտ-չայիր (324 քիլէի տեղ), 13 մարագ, 18 տուն, 17 կալ, 8 բանջարանոց, 26 ախոռ, 2 կալ, չնչին գներով ու սալաֆով գրաւած են Շէյխ Մահմուտ, Իպրահիմ աղա եւլն. ։ 45 արտ եւ չայիր, 5 տուն, ախոռ, 2 կալ, այլ եւ այլ քրտերէ. 54 արտ-չայիր, արօտատեղի (450 քիլէի տեղ) գրաւեալ Շէյխ Ապտուլլահէ, Մահմուտ Էմին էֆ. է եւն. ։ 10 արտ իր ալ գրաւ պանքային գրաւին։

Մշոյ Գոմս գիւղ, (քաղուած 1908ի իրենց տեղեկագրէն).

Նախ իբր 90 տուն, գեղը պատահած 50-60 տուն փախած, 42 հոգի պանդուխտ, իբր 20 հոգի հալածական, 8-10 հոգի սպանուած, 37 հոգի բանտարկուած իրենց երկու ծերու քահանաներու հետ 10-15ը բանտի մէջ մեռած։ Նախ ունէին հազարաւոր տաւար-ոչխար եւ 80ի չափ լուծք, որոնցմէ հազիւ 150 տաւար եւ 5-6 լուծք մնացած էր։ Թէ՛ դէպքերէն եւ թէ՛ գեղի աղային մղած պայքարէն՝ գեղը ամբողջապէս կողոպտուելէ յետոյ պահ մը պարպուեցաւ, Գաճուճը Էսասիէն վերջ՝ ժողովուրդը սիրտ առած սկսաւ հաւաքուիլ։ 1895-1908 Գոմսէն թալան տարուած է 2000է աւելի տաւար ոչխար, գիւղին մէջ պատահած դէպքերու ատեն տեղի ունեցած ենթալաններ տաւարի, ոչխարի, տնական գոյքերու մշակական գործիքների եւլն., ասկէ զատ տուներէն մաս մը այրուեցաւ, եկեղեցին թալլուեցաւ եւն. եւն. ։ (Այս գեղի դէմն է որ արեան տուրքի դատը բացուած է չէրիի առջեւ)։

Մշոյ Առվառինչ գիւղ՝ 1906ին. Նախ տունք Հայոց 174 այժմ իբր 152։

Պանդուխտները՝ 67 հոգի, ցրուած ընտանիք 22։

Բանտարկուած-արձակուածները՝ 24 հոգի։

1906ին բանտի մէջ կը գտնուէին 13 այր, 1 կին։

1900-905 պարբերաբար գիւղէն սպաննուած էին իբր 20 հոգի։

1905 հոկտ. 1ին գեղը կը պաշարուի, երկու հեղ խուզարկուի։ Վերջին անգամ ընդհարում ըլլալով ֆէտայիններու հետ՝ գեղը ջարդի կʼենթարկուի եւ կը սպաննուին երկսեռ՝ իբր 131 անմեղ գիւղացիներ ու տուները կը թալնեն ու մասամբ կʼայրուին։

Դէպքէն վերջը՝ հալածական-փախստական կʼըլլան 18 հոգի։

Հողային գրաւում, 85 արտեր, 15 այգի եւ 15 տուն, սալֆով չնչիւ գնով են։

Ջարդէն առաջ՝ տարեկան մօտ 7-800 քիլէ արմտիք՝ սալաֆ կʼառնուէր անոնցմէ։

Ոչխարներու թիւը նախ 3000ի մօտ էր՝ իբր 2000ը սալաֆի եւ պարտապահանջներու տուած, 500ը թալանուած։

Տաւարներ նախ իբր 2000, այժմ 3-400ի չափ։

Եզանց եւ գոմէշներու լուծքերը 106, այժմ 25։ (5ը միայն սեփական) միւսները՝ կեսրար մարապաներու եւն. ։

Որբերու, այրիներու եւ օրապահիկի կարօտ՝ մերկ ու բոբիկ աղքատներու թիւը 400է աւելի։

Մեծաքանակ պարտքեր ունին պետական գանձուն եւ թէ զանազաններուն։

Մշոյ սանճագ. Պուլանըգ Եօնճալու գիւղ. Նախ կը պարունակէր 200 հայ ընտանիք, ընդհանրապէս բարեկեցիկ, որոնք ունէին հարիւրաւոր լծքեր, եւ հազարաւոր ոչխար-տաւարներ։ Բայց անկէ վե՞րջը։ Ահա թէ ի՛նչ կʼըսէ 1908ի իրենց տեղեկագիրը։ 55 ընտանիք փախան։ 92 ընտանիք լծքէ կտրեցան։ Յաջորդաբար՝ նոյն շրջանին իբր 36 հոգի սպաննուած, 10-12 առեւանգուած, ոմանք բանտարկուած, շատերը պանդխտացած եւն։ Հասնանլը Ֆէհիմ, Սիւլէյման, Թաճտին, Հիւսէյն, Խալիթ եւ ուրիշ աղաներու եւ անոնց ծառաներու միջոցաւ թալան տարուած են հետզհետէ իբր 1200 ոչխար, 139 գոմէշ-մատակ, 322 եզ-կով, 324 քիլէ հացահատիկ, 425 բարդ խոտ, 400 սակառի յարդ, 73, 682 դահեկան՝ արծաթ, գրաւուած են 150ի չափ արտեր-չայիրներ, որոնց միայն տարեկան հասոյթը 1000 ոսկիէ աւելի է։ Թալլած են զիրենք նաեւ Եօգլամայի, Ինթիգալի, Աղնամի մէմուրներ, միւլթէզիմներ, թահսիլտարներ (6100 ղրշ. ) ֆէտայի փնտռող մէմուրրներ (4260 ղրշ. ) ընդ ամէն իբր կաշառք՝ 17, 000։ Իսկ 6 տարուայ ընթացքի մէջ (1317-1323) հարկահաւաքները՝ իբր փոխարէն փախչող գաղթականներու պարտքերուն (պետական տուրքեր) խլած են Եօնճալուցիները 92, 500 ղրշ. ։ Պէյեր եւ աղաներ՝ երեք տարուայ ընթացքի մէջ (1321-23) տարապարփակ աշխատեցուցած են անոնցմէ՝ իբր 728 բանւոր, 220 սայլ, 328 բեռնակիր եզներ, քաղել տուած 900 բուրդ խոտ եւն. տարեկան 120 տաւար ձրի բտել տուած Հայերուն։ Ու ամենէն վերջը՝ արցունկոտ տեղեկագիրը կը գուժէ թէ 1908 Ապրիլ 18ին՝ Հասնանլը Ֆէհիմ աղայի ծառաները կը յարձակին գեղին վրայ՝ կը խուժեն Խալօյեան Ալօ անուն Հայուն տունը, որ կը պատրաստուէր Ամերիկայ փախչելու, կըսպաննեն Ալօն, կինը Պէզօն, տղաքը՝ 15ամեայ Արփիարը եւ 9ամեայ Լեւոնը, 11ամեայ աղջիկ՝ Էֆիկը, իր քենին եւ փեսան Թորոսը, ամբողջ ընտանիքը կը ջնջէ ու բոլոր ունեցածը՝ 3-400 ոսկիի հարստութիւն, թալլելով կը տանին։

Պուլանըգ-համզաշեխ գիւղ։

«Շնորհիւ օսմ[անեան] Սահմանադրութեան, Համշաշէխու հայ հասարակութիւնս, կուգանք բացատրել 20 տարուայ մեր քաշածները։

«20 տարի առաջ գիւղս կը բաղկանար 190 հայ տներէ, իսկ այժմ 65 հայ եւ 3 չէրքէզ տուներէ, միւսներ գաղթեցին ու փախան…

20 տարի առաջ, գեղիս հայ ժողովուրդը ունէր 1200 կտոր արտ-չայիր, 4 արօտավայր, 15 կաղամբանոց, 3 ջրաղաց, 180 մարագ, 120 գոմ, 200 կալ՝ իսկ այսօ՞ր (1909 փետր. 24)՝ հազիւ 600 արտ, 9 կաղամբնոց, 1 ջրաղաց, 15 մարագ, 16 կալ-գոմ, իսկ մնացածները այրուած, քանդուած եւ գրաւեալ…

Ունէինք 250 գոմէշի լուծք եւ գութան, 400 մարագ, 1300 կով, 1700 ոչխար, 150 ձի, իսկ ա՞յժմ, 16 լուծք եւ 312 ոչխար, տաւար եւն. ։

Մեր հողերէն 4800 արտավար, 6 կաղամբնոց, 120 բարդ խոտի մարգագետին եւ ջրաղաց գրաւած են Սիմօ գեղի Չէրքէզները։

Գիւղիս 41 կտոր արտ եւ չայիր Զրաաթ պանգային գրաւ.

Աշիրէթներու, Չերքեզներու ձեռամբ հետզհետէ բռնի խլուած են մեզմէ 1015 ոչխար, դրամ՝ 19300 ղրշ., գոմէշ՝ 83, եզ-կով 206, ձի՝ 27, հազարաւոր քիլէ ցորեն եւ խոտի բարտոցներ։

Սպանեալք 22, առեւանգեալք՝ 11, բանտարկեալք՝ 15 եւն. ։

Կաշառք խլուած մէմուրներէ իբր 16, 900 ղրշ. ։

Շրջակայ քիւրտերէ եւն. յափշտակուած արտեր, չայիրներ իբր 210։

Պետական տուրքէ մնացորդ պարտքը՝ 80, 000 ղրուշ։

Պիթլիզի Ղարզան գաւառի Ջօբ գիւղ, (50 տնւոր հայաբնակ).

Պշարէ Չաթօ, Ճէմիլէ Զաթօ, Կասէ Շեխօ, Մալէ Ապտի, Հասօյէ Սըլօ, եւն. Քիւրտեր (աշիրէթի պատկանող) հետզհետէ Հօբ գիւղէն (անոնց 1909ի տեղեկագրին համաձայն) թալան տարած են 31 եզ, 1245 ոչխար, 58 կով, 1 ջորի, 11 աւանակ, 1 ձի, 17 գոմէշ, 479 քիլէ ցորեն, 21, 180 ղրշ., 179 քիլէ գարի, 300 ծառեր, 21, 800 ղրշ. ի ընտանեկան զարդեղէն եւն., ընդ ամէն գնահատուած իբր 390, 000 ղրշ. ։

Հօբեցի Ռէս Մելքոն Մահտեսի Ղուկասեանի Նախիպան նահիէի մէջ ունեցած Ավինք ու Հաճրէ անունով 3000 արտավար ագարակները, ուր 45 տնւոր Հայեր կը բնակէին՝ 8 տարի առաջ բռնի կը գրաւեն Ռըշքօթանլը Տարմանկայ աշիրէթէն Հաճի Րաշըք պին Համզէ, Րասուլ պին Պապաիք եւն. Քրտեր, Հայերը թալլելով կը ցրուեն, բնակարաններ կը քանդեն եւ նոյն իսկ փայտերը կը տանին եւն., հողերու մէկ մասը այժմ որոնց Ալիէ Շարօ քիւրտին ձեռքէն, եւ մնացեալները՝ խոպան կը մնան Թափուն ու տուրքը Մելքոնի վրայ։

Սասուն Իշխնձոր գիւղ (վիճակը 1905ին).

Տունք Հայոց նախ. իբր 82 հետզհետէ ցրուած, այժմ 45։

Եզանց լուծքերը նախ իբր 75 միայն սեփական մնացեալը մարապաներու։

Տաւարներու թիւը նախ իբր 550 այժմ հազիւ 80-40 մաս մըն ալ կիսրար։

Ոչխարներու թիւը նախ 2000է աւելի, իսկ այժմ 60-70 հատ։

Գեղը աւերուելէն առաջ՝ տարեկան 300 ոչխարի սալաֆ կուտար։

Նոյնպէս արմտիքի սալաֆ կար նոյն ատենները՝ տարին 50-60 քիլէ։

1894ին գեղը թալլուած եւ սպաննուած էին 20-25է աւելի Հայեր։

1904ին գեղը քայքայուած, սպաննուածներու թիւը 100է աւելի։

Դէպքերու ատեն՝ թալան տարուած էր աւելի քան 400 տաւար եւ իբր 1700 ոչխար ու տնական ամբողջ գոյքեր, տուն ու տեղ այրուած-քանդուած։