Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՐԿԱՀԱՒԱՔՈՒԹԻԻՆԸ

Ահա բռնապետական շրջանի ահռելի պատիժներէն մէկը, եթէ կարելի ըլլայ սակայն, այս անուան տակ, այս կամ այն ստորին պաշտօնեաներէ ողորմելի հարկատուներուն դէմ ի գործ դրուած վայրագութիւնները պատկերացնել: Բայց գիտնալ պետք է թէ հարկահաւաքութիւնը միակ պաշտօնէութեան մը գործ չէր: Նախապէս հարկահաւաք էին եւ կառավարական պաշտօնեաները, զապթիէներ, զինւորական պէտքերու հայթայթիչներ, միւլթէզիմներ եւն.: Վերջին տարիները բարձրացած քստմնեցուցիչ աղաղակներու վրայ էր, որ նախորդ ռէժիմին յատուկ հարկահաւաքչութեան կանոն մը կազմուեցաւ, ու դժբաղդաբար նոր թահսիլտարներէն շատերը իրենց նախորդներէն պակաս չի մնացին… Թահսիլտարները նուազ բացառութեամբ խմբովին կʼելլէին գիւղերը: Եթե գիւղի մը մասնավճարը 2000 ղրշ. էր, 4-5000 կը պահանջէին, իրենց քսակին կեր խլելու համար: Կը պահանջէին ո՛չ միայն խօսքով՝ այլ թուքով, զզուելի հայհոյանքով, խարազանով ու խոշտանգումով, առանց խնայելու ո՛չ ոքի: Տուները բռնի մտնել, չարչարիլ հարկատուին ոգեպահիկը խլել՝ սովորական բան էր:

Գիշերները հանգիստ չկար ուզուածին չափով դրամ չհասցնողներուն, որոնք կը հավաքէին եւ ախոռներու մէջ կը բանտարկէին, նոյն իսկ կիները, զորս կը նախատէին ու մինակ այսչափ չէ՛. թահսիլտարներէն անողոքները (վայրագ Ապտուլլահ Չավուշի նմանները) հնարովի պատիժներ կուտային, ու քիչեր չէին այն դժբաղդ հայ գիւղացիները որ սիւներու կապուելով, ոտքերէն կապուելով վրանին պաղ ջուր լեցուելով՝ խարազանուեցան մահու աստիճան…

Երբ թահսիլտարին դէպի գւիղ արշաւանքը կը լսուէր, շատեր կը փախէին կը ծածկուէին…: Զինուորական տուրքին անուանական բաշխումը կʼըլլար, այլ միայն թուղթի վրայ. մէկուն պարտքը 300 ղշ. կը նշանակուէր, մինչ անկէ 7-800 կը խլուէր, պատրուակելով որ գիւղի փախստականներու պարտքը գիւղի անհատները պետք է վճարեն: Օրինակ, Սուլուխցի Ումրէին պարտքը 12 ոսկի էր, 1322ին անկէ խլած էին 25 ոսկի: Զիարէթցի Ռէս Գէորգին պարտքը 9 ոսկի էր, 1322ին անկէ խլած էին 18 ոսկի: Եւ երբ մեծ մասը սէլէֆով կը վերցնէին այս պարտքերը, երեւակայեցէք քանի՛ պատիկ կʼըլլայ:

Շատ հեղ եւ շատ տեղեր ընկալագիր չէր տրուեր հարկատուին, թէ՛ այսպէս եւ թէ՛ փախստականներու եւ աղքատներու անունով հազարաւոր ոսկիներ խլուեցան հայ գիւղացիներէ. ժողովուրդը կեղեքուեցաւ, ու պետական գանձը բան մը չի շահեցաւ: