Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱԽՈՐԴ ՇՐՋԱՆԻՆ
ՀԱՅԱԲՆԱԿ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ՀՈՂԱՅԻՆ ԳՐԱՒՈՒՄՆԵՐ
(Քաղուած Պատրիարքարանի եւ ժողովրդական տեղեկագրերէ)

Ա. Կարնոյ վիլայէթի՝ Խնուս, Ալաշկերտ, Պայազիտ, Բասէն, Քէմախ, Երզնկա, Դերջան, Բաբերդ եւն. գաւառներու 129է աւելի հայաբնակ գիւղերու մէջ, զանազան ձեւերով գրաւուած հազարաւոր արտեր, մարգեր, արօտներ, տուներ, ջրաղացներ: Օրինակ, Երզնկա-Դերջան աւելի քան 15, 000 օրավար, 250-300 շէնքեր, արօտատեղիներ, Բաբերդ, Բասէն, Ալաշկերտ եւն. 2500է աւելի արտեր, մարգեր, 270է աւելի շէնքեր, 7 ագարակներ: Խնուսի 19 գեղերէն 1000է աւելի արտեր եւ իբր 400 շէնքեր, 16, 800 արտավար գետիններ, 2 գեղի հողերը ամբողջ, կիսով չափ եւ մնացածները զանազան համեմատութեամբ:

Ընդամէն, Կարնոյ վիլայէթին մէջ՝ աւելի քան 100, 000 օրավար. օրինակներ, Բաթնոց, Կ. Բարսեղեանի 1 ձիթահան եւ 1 մարգագետին, 4000 օրավար: Երզնկա-Բլիմոր, 1 ագարակ, 1 ջրաղաց, 1 տուն եւ 55 արտերը, Դերջան Աստօգոմ 100 ոսկի արժող 5 արտեր: Բասէն, Խուցիվան՝ 6 մարգ, 20 շէնքեր: Խնուս, Գարաչօպան՝ Մանուկեանի չայիրներ՝ 400 օրավար են:

Բ. Խարբերդի վիլայէթ, Ակն, Արաբկիր, Մալաթիա, Տէրսիմ գաւառակներու եւ Խարբերդի իբր 50 գիւղերէ, աւելի քան 1800 արտեր, 5000 օրավար գետիններ, 200է աւելի շէնքեր, եւ եթէ ի նկատի ունենանք Չարսանճագի 40է աւելի գիւղերու գետինները ինչպէս, եւ պարտէզնէր, այգիներ եւն., ընդամէնը աւելի քան 200, 000 օրավար. օրինակ Խարբերդ՝ Չէօթալի, Պետրոսեանի արտեր, 400 ոսկի արժէքով: Ակն, Փաղիկ գիւղ՝ 16 արտ, 1 ջրաղաց, պարտէզ, տուն, այգի եւն.: Մատէն Գարանիկ գիւղ՝ Չիրքեանի՝ 17 արտեր. Մալաթիա, Չիֆթլիկ-Քէօյ՝ 85 արտ, 1 ջրաղաց. Տէրսիմ, Կալւորիկ՝ Ադամեանի անտառ՝ 200 օրավար:

Սեբաստիա, Շ. Գարահիսար, Կիւրին, Ամասիա, Թոգատ, Մարզուան եւայլն՝ իբր 81 գիւղերու հայերէ գրաւեալ մօտ 4000 արտեր, մարգեր՝ իբր 500 շէնքեր, ջրաղացներ, 16 արօտատեղիներ, ագարակներ եւայլն, ամէնը իբր 80, 000 օրավար = օր. Սեբաստիոյ Գարափորան գիւղ՝ 45 արտ, 1 տուն, 1 խան, Շ. Գարահիսար, Ճէշքօ = 30 արտ, 1 ջրաղաց. Մարզուան-Թիւրֆիկ գիւղ, 700 օրավար արտեր. Ամասիա-Հակալա, 1 ագարակ 600 օրավար, Մանճըլըգ, 167 արտ, 21 տուն, եւ ընդարձակ մարգագետին. Զիլէ, Սօֆուլար, Շամիկեան ագարակ՝ 6000 օրավար:

Դ. Տիարպէքիրի վիլայէթ՝

Սլիվան, Հազրօ, Հայնէ, Լըճէ, Պշերի. Չնքուշ, Ջերմուկ, Արզնի, Բալու, Սեւերահկ, եւայլն գաւառակներու հարիւրի մօտ գիւղէրէ, իբր հազարաւոր արտեր, շէնքեր եւայլն. օրինակի համար՝ Սլիվանի, Պշերիի 40է աւելի գիւղերու մէջ՝ զանազան համեմատութեամբ գրաւումներ, օրինակ. Սիլվան Տարնա՝ 6400 օրավար, Պշերի, Պահրամքի, 2800 օրավար, Բալուի, Չնքուշի, Արզնիի գիւղերու մէջ 15-25000 օրավար. Հազրօ-Էօմէրա 7200 օրավար, Տէպնէ եւ այլն արտեր, այգիներ, ջրաղաց. Հազրօ-Բալու, Խոշմաթ գիւղ՝ տուն, այգի, ջրաղաց՝ 500 օրավար հողեր եւ այլն: Գրաւմանց չափը կʼենթադրուի այս վիլայէթին մէջ իբր 200, 000 օրավար:

Ե. Վանի վիլայէթ՝

Ալճավազ, Արճէշ, Կարճկան, Շատախ, Պաշդալէ, Աղբակ, Սարայ, Նորտուզ եւ այլն գաւառներու հարիւրէ աւելի գիւղերու մէջ գրաւուած բազմաթիւ շէնքեր, իբր 28 ջրաղաց, ձիթահան, մօտ 50 արօտատեղի, ամարանց, հարիւրաւոր պարտէզներ, այգիներ, կալեր, արտեր եւայլն: Օրինակ, Ականց՝ 7 այգի, 4 պարտէզ, 8 տուն, 6 արտ, 1 ծառաստան. Աղբակ, Պետրոսեանի 1 ջրաղաց, 3 ձիթահան, 17 արտեր, ծառաստան: Արճեշ, Երեշատ՝ իբր 100 արտ, մարգ, արօտատեղի։ Շատախ, Շարիր, մօտ 100 արտ, արօտատեղի եւայլն: Այս վիլայէթին մէջ գրաւմանց չափս կʼենթադրուի իբր 100, 000 արտավար [1]:



[1]            Ծանօթ. Յ. Կʼըսուի որ Վանի կողմերը գրաւեալ հօղերէն կարեւոր մաս մը հետզհետէ վերադարձուած են, և թէ մնացեալները նոր ի նորոյ պիտի ցուցակագրուին. հետեւաբար, ենթադրական հաշուով մը 100, 000 արտավար նշանակուած է, մինչեւ որ նոր ցուցակներով ճշգուի։