Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՎԱՐՈՒԺԱՆԻ «ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ»Ը [1]


Էսաեան սանուց միութեան երրորդ Գրական ասուլիսը՝ Դանիէլ Վարուժանի Հեթանոս երգերուն վերլուծութեան նուիրուած՝ տեղի ունեցավ 16 ապրիլ 1913, երեքշաբթի, Բերայի Էսաեան վարժարանի սրահին մէջ:

Նախագահ Պ. Գրիգոր Զօհրապ ստիպուած ըլլալով բացակայիլ՝ հաւաքոյթին նախագահեց Պ. ԱՂԵՔՍԱՆԴՐ ՓԱՆՈՍԵԱՆ:

Կարդացուեցաւ Պ. ԳՐԻԳՈՐ ԶՕՀՐԱՊԻ կողմէ ղրկուած բացման խօսքը, յետոյ հաջորդաբար խօսք առին Պ. Պ. Յ. Ճ. ՍԻՐՈՒՆԻ՝ որ Գրական ասուլիսներու մասին տեղեկութիւններ հաղորդելէ ետք ներկայացուց Վարուժանի գրական կեանքը, ՏԻԳՐԱՆ ՉԷՕԿԻՒՐԵԱՆ՝ որ վերլուծեց Դանիէլ Վարուժանը իբր բանաստեղծ՝ իր կրած ազդեցութիւններով միասին, ԵԴՈՒԱՐԴ ԳՕԼԱՆՃԵԱՆ՝ որ ծանրացաւ առաւելապէս Հեթանոս երգերուն վրայ, ՏՕՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ՝ որ Հեթանոս երգերու թերի նկատած կողմերուն վրայ միայն ծանրացաւ, ՌՈՒԲԷՆ ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ՝ որ խօսեցաւ Վարուժանի լեզուին եւ իրապաշտութեան վրայ, եւ Գ. ԽԱԺԱԿ՝ որ Վարուժանի վերջին գործին մէջ նկատի առաւ մասնաւորապէս հայրենիքի եւ աշխատանքի երգիչը:



[1]            Դանիէլ Վարուժան, Հեթանոս երգեր, Կ. Պոլիս, 1912, Ղալաթիա, տպագր. «Շանթ», 335 էջ: