ՍԵԹԵԱՆԻ
ԳՈՐԾԸ
(Ամփոփում
Պ.
ՎԱՀԱՆ
ԹԷՔԷԵԱՆի
ճառին)
Ասուլիսէ
մը
աւելի
յոբելեան
մըն
է
այսօրուանը,
–
Յոբելեանը
մեր
միջավայրին
մէջ
անծանօթ
մնացած
գրողի
մը
որ
իր
վերջին
տասնըեօթը
տարիները
Եգիպտոսի
մէջ
անցուցած
ըլլալուն
հակառակ,
Պոլիսէն
էր,
եւ
հոն
ալ,
Եգիպտոսի
մէջ,
յաճախ
երազեց
Պոլիսը:
Այսօր
հաւաքուեր
ենք
իր
գովասանքին
համար:
Թէեւ,
տիկիններ
եւ
պարոններ,
ոմանք
քննադատելի
կը
գտնեն
երբ
հոս
կը
խմբուինք
այս
կամ
այն
գրողը
դրուատելու
համար,
բայց
ինչո՞ւ
հայ
գրողն
ալ
չունենայ
իր
գնահատութեան
իրաւունքը,
ինչո՞ւ
նոյն
գնահատութիւնը
զլացուի
մանաւանդ
յոբելեարի
մը
հանդէպ:
Ասուլիսը
որ
այսօր
կը
նուիրուի
իրեն՝
տժգոյն
արձագանգ
մըն
է
իր
յոբելեանին,
սակայն
իր
այս
համեստութեան
մէջ
իսկ
որքա՜ն
հաճելի
է
իրեն
համար
այդ
արձագանգը
որ
իր
սիրելի
Պոլիսէն
կուգայ:
Գնահատութեան
եւ
գովասանքի
այն
խօսքերը
զոր
այսօր
կը
նուիրենք
Սեթեանի,
թերեւս
չպիտի
ներեն
անոնք
որ
գրականութեան
մէջ
նիւթը
կը
փնտռեն
ամէն
բանէ
առաջ:
Արդարեւ
Սեթեան,
ինչպէս
շատ
մը
ճշմարիտ
արուեստագէտներ,
ժողովրդի
մը
օգտակար
հանդիսանալու
ձգտումն
ու
մտահոգութիւնը
չունին,
երբ
բանաստեղծութիւն
կը
գրեն:
Բայց
այդ
ոեւէ
բան
կը
պակսեցնէ՞
արդեօք
տաղանդէն,
ինչ
որ
ձգտեցան
ոմանք
յայտարարել
այս
բեմէն
իսկ,
քերթուածներու
մէջ
իսկ
օգուտը
փնտռելով:
Ո՛չ,
տիկիններ
եւ
պարոններ:
Արձանագործը
չենք
մեղադրեր,
երբ
փոխանակ
քարին՝
կաւի
վրայ
կը
ցոլացնէ
իր
հանճարը,
բայց
կը
մեղադրենք,
երբ
ոսկիի
վրայ
տգեղ
գործ
մը
կ’արտադրէ:
Նոյնն
է
գրականութեան
համար,
ուր
գեղեցկութեան
մտահոգութիւնն
է
որ
պէտք
է
տիրապետէ:
Ինչո՞ւ
մեղադրել
բանաստեղծը,
երբ
վարդն
ու
սոխակը
կ’երգէ՝
համաձայն
իր
հոգեկան
ապրումներուն:
Ինչո՞ւ
մեղադրել
զայն,
երբ
ան
չուզեր
մատչելի
դառնալ
ժողովուրդին,
բանաստեղծը
ամէնունը
չէ,
ան
քիչերուն
կ’ուղղուի,
«երջանիկ
քիչերուն»,
ինչպէս
կ’ըսէն:
Պարտաւոր
էի,
տիկիններ
եւ
պարոններ,
գարնան
այս
վարդառատ
եւ
դայլայլից
օրերուն,
վերահաստատել
վարդին
ու
սոխակին
պատիւը...
Յովհաննէս
Սեթեան
գարնան,
վարդի,
սոխակի
եւ
սիրոյ
բանաստեղծն
է:
Այս
տեսակէտով
մեծ
խնամութիւն
կայ
Պէշիկթաշլեանի,
Թէրզեանի
եւ
Սեթեանի
միջեւ,
խնամութիւն
որ
Տէմիրճիպաշեանը
դուրս
կը
թողու
այս
երրորդութենէն:
Սեթեան
անոնց
նման
բանաստեղծ
մը
եղաւ,
եւ
այդպէս
մնաց
մինչեւ
վերջը,
ոչ
թէ
չմոռնալով
իր
քնարը,
այլ
չկարենալով
մոռնալ:
Պրպտելով
բանաստեղծը,
ճշմարտապէս
քաղցր
ու
ազնիւ
հոգի
մը
պիտի
գտնենք
իր
մէջ,
գրեթէ
մանուկ
մը,
նուրբին,
փափուկին
սիրահար:
Պէշիկթաշլեանի
եւ
Թէրզեանի
նման
ռօմանթիք
բանաստեղծ
մըն
է
Սեթեան,
կարծես
Հիւկօի
ազդեցութեան
տակ
ներշնչուած.
իր
քերթուածներուն
մէջ
արտակարգ
զեղում
մը
կայ
Հիւկօի
հանդէպ,
եւ
նոյն
իսկ
քերթուածներ
կան
որ
անոր
ձօնուած
են:
Ֆրանսացի
ռօմանթիքներուն
պէս,
որոնք
իրենց
քերթուածներուն
մէջ
բնութիւնը,
սէրը,
տխրութիւնը
կ’երգեն,
Սեթեան
իր
քնարին
վրայ
կը
թրթռացնէ
գորովը,
կարեկցութիւնը,
փափկութիւնը,
ծայրայեղ
յուզումը,
եւ
նաեւ
ուժգնութիւն,
երբ
իր
հայու
սիրտն
է
որ
կը
խօսի,
մաւանդ
Տարագրի
քնարին
մէջ:
Իր
առաջին
գործին,
Գրական
զբօսանքին
մէջ,
տակաւին
չէ
ճշդուած
բանաստեղծը:
Հոն
աւելի
խօսելու,
գրելու
դիւրութենէ
մը
կը
տարուի,
քան
թէ
իրապէս
ներշնչումէն:
Իր
ապագայ
գործին
արժանի
էջեր
գրեթէ
չկան
հոն,
թէեւ
կան
տողեր
եւ
բացատրութիւններ,
որոնք
կը
յայտնեն
ապագայ
բանաստեղծը,
ինչպէս
Զանգակը
եւ
Կաղնին
տիտղոսուած
քերթուածներուն
մէջ:
Սեթեանի
այս
գործին
մէջ
աւելի
հռետորութիւնն
է
որ
կը
տիրապետէ.
իր
տաղաչափութիւնն
է
զինք
վարողը
իր
քերթուածները
գրելու
պահուն,
քան
թէ
ինք
զայն
վարողը:
Յանգի
ծայրայեղ
մոլութիւնն
ալ
կը
դաւաճանէ
իրեն.
աւելի
լաւ
են
այն
քերթուածները,
որոնք
յանգ
չունին.
բանաստեղծը
ի
սէր
տաղաչափութեան
կ’ըսէ
բառեր,
որոնց
վրայ
թերեւս
չմտածեց
իսկ:
Սեթեանի
երկրորդ
գործը,
Յուզման
ժամերը,
արդէն
իսկ
գլուխ-գործոցներ
կը
պարունակէ:
Այս
գործին
մէջ
որոշակի
կ’երեւայ
ազդեցութիւնը
Եղիա
Տէմիրճիպաշեանի,
որուն
եւս
քերթուածներ
ձօնած
ունի:
Սեթեան
մասնաւոր
հաճոյք
մը
եւ
ընդունակութիւն
մը
ունի
կոյր
նկարագրելու:
Ռօմանթիքներու
նման,
ինք
եւս
ունի
իր
քերթուածները
գիւտով
մը
վերջացնելու
կարողութիւնը,
զանոնք
տպաւորիչ
դարձնելու
համար:
Ու
Սեթեան,
յանկարծ,
վերջացուցած
պահուն,
ուժգին
պատկեր
մը
կը
ցցէ
մեր
դէմ,
ինչպէս
Միականին,
Կոյր
աղջիկը,
Կոյր
երգեցիկները
քերթուածներուն
մէջ:
Սէրը
մեծ
տեղ
կը
գրաւէ
Սեթեանի
քերթուածներուն
մէջ,
բայց
այդ
սէրը
մշտական,
յաւիտենական
մանուկի
մը
սէրն
է.
տարփանքներէ
աւելի
խուսափուկ
հանդիպումներ
եւ
նայուածքի
պատահումներ
են
իր
սիրոյն
աղբիւրը.
իր
քերթուածներուն
մէջ
մեծ
մաս
մը
գեղեցիկ
գիւտերով
կը
վերջանան:
Ունի
հայրենանուէր
քերթուածներ,
գլխաւորաբար
իր
ֆրանսերէն
քերթուածները:
Իր
իմաստասիրութիւնը
հոգեպաշտութիւնն
է:
Յովհաննես
Սեթեանի
բանաստեղծութիւնը
իր
որոշ
տեղը
ունի
թրքահայ
գրականութեան
մէջ,
ուր
կը
գրաւէ
ամէնէն
յարգելի
տեղերէն
մեկը: