ՌՈՒԲԷՆ
ԶԱՐԴԱՐԵԱՆ
(Ճառ
Պ.
ԵՐՈՒԱՆԴ
ՍՐՄԱՔԷՇԽԱՆԼԵԱՆի)
Այսօր
քաղցր
առիթը
կ’ընծայուի
ինձ
խօսելու
գաւառական
գրականութեան
եւ
անոր
հազուագիւտ
ներկայացուցիչներէն
մէկուն
վրայ:
Մեզի
համար
գաւառացի
գրագէտը
ինքնատիպ
անձ
մըն
է,
վասնզի
գաւառը
երանելի
աշխարհն
է
ամէն
տարաբնակ
հայու
համար.
անիկա
սրբազան
բան
մը
ունի
իր
մէջ:
Անիկա
ոչ
միայն
մեր
մտքին,
այլ
մեր
սրտին,
նամանաւանդ
մեր
զգայնութեանը
վրայ
կը
զօրէ
խորապէս:
Անոր
առջեւ
մենք
տկար
ենք,
տկար՝
բառին
ազնուագոյն
իմաստովը:
Գաւառէն
բերուած
քարի
կտոր
մը
զգլխիչ
յիշատակ
մըն
է,
հողի
գուղձ
մը՝
նուիրական
յուռութք
մը.
ծաղիկ
մը,
պտուղ
մը
կը
փղձկեցնեն
եւ
հառաչել
կուտան
մեզ.
կը
յուզուինք,
կը
սարսռանք
անոնց
տեսքին
առջեւ՝
այնքան
սովորական
սակայն.
գաւառը
հեռաւոր
ու
խորհրդաւոր
աշխարհն
է,
որուն
կը
ձգտին
բոլոր
մեր
ըղձանքները,
բոլոր
մեր
իտէալները:
Գաւառին
երգը
ամէնէն
քաղցրն
է,
հոգեցունցն
է
մեզի
համար,
իր
էն
նախնական
ու
պարզ
ձեւին
մէջ
իսկ:
Իսկ
երբ
գրականութիւնն
է
որ
անկէ
կուգայ
մեզի,
մեր
հիացումը
չափ
չունենար,
մանաւանդ
երբ
ան
կը
յատկանշուի
այնպիսի
այլազան,
ինքնադրոշմ
ու
բարձր
ձեւով
մը,
որպիսին
է
Զարդարեանի
գրականութիւնը:
Եթէ
չեմ
սխալիր,
մինչեւ
իննսունական
թուականը,
ազգային
դպրութեան
մենաշնորհը
հայրենի
երկրէն
դուրս
հայ
կեդրոններու
տարամերձիկ
մենաշնորհը
նկատուեցաւ:
Վենետիկ,
Պոլիս,
քիչ
մըն
ալ
Իզմիր
կը
սոնքային
իբրեւ
արդիւանաւորիչ
արտերը
տոհմիկ
գրականութեան:
Գաւառը
ամուլ
գետինն
էր,
ցանցառ
ու
վատուժ
գրականութեամբ:
Ցեղին
միտքը
բնավայրին
վրայ
չէր
ընձիւղեր,
չէր
ուռճանար:
Ազգային
հանճարին
սերմերը,
օտար
հողերու
վրայ
փոխադրուած,
հազուադէպ
օդ
ընտելութեան
մը
յատկութիւններովը
կ’արգասաւորուէին,
տարաշխարհիկ
բուսականութեան
մը
յոյզովն
ու
տեսքովը
առուգացած:
Արդեօք
հայրենի
հողին
վրայ
ցեղը
մտաւորապէս
չքացա՞ծ
էր,
երեւակայութիւնը
մթագնած,
թռիչքը
ընդարմացա՞ծ
էր:
Ո՞վ
պիտի
երգէր
ուրեմն
հայրենի
կտուրը,
ո՞վ
պիտի
ոգէր
Հայաստանին
վիշտը,
ո՞վ՝
հարազատ
ու
անկեղծ
եւ
յուզիչ
շեշտով՝
պիտի
խօսէր
մեզ
հայրենիքի
խոր
ու
անպարագիծ
ու
պատկառարկու
տառապանքին
վրայ:
Սեւ
բռնութեան
տապարը
մինչեւ
հայուն
սի՞րտը,
մինչեւ
հայուն
գա՞նկը
հասած
էր:
Եւ
ահա
յանկարծ
գաւառի
սիրտէն
հսկայ
մը
բարձրացաւ,
երկար
ատեն
լուռ
մնացող,
չարտայայտուող
ցեղին
մտքին
բովանդակ
կուտակուած
ուժգնութեամբը,
եւ
յորդահոսան
զեղումովը.
–
Թլկատինցին:
Շատ
չանցած,
անոր
ետեւէն
բարձրացավ,
սիւնի
մը
պէս,
Զարդարեան:
Ուրեմն
գաւառը
չէր
մեռած,
ուրեմն
ցեղին
միտքը,
իր
տոհմիկ
հարազատութեանը,
իր
վաղնջական
աղուորութեանը
եւ
իր
զմայլելի
մեծութեանը
մէջ
անթեղուած
կը
մնար
միշտ,
կենդանի,
աշխոյժ,
խոր:
Իսկապէս,
այդ
վայրկեանէն
ծնաւ
գաւառի
ճշմարիտ
հայ
գրականութիւնը
ստուարանալով
եւ
ուռճանալով
հետզհետէ:
Եւ
անտարակուսելի
է
որ
Ռուբէն
Զարդարեան
զորաւոր
սատարներէն
մէկն
է
այդ
գրականութեան,
ուրեմն
մեր
տոհմային
ճշմարիտ
գրականութեան
ծաղկումին:
Իր
զուտ
գրական
գործը
ոչ
անշուշտ
ստուար,
բայց
տարօրինապէս
բազմերանգ
է
ու
խտացած:
Զարդարեան
չէ
շռայլած
ինքզինքը,
ուզած
է
եւ
կրցած
է
précieux
[1]
ըլլալ,
ճիշտ
այն
նախադասութեան
պէս
զոր
իրեն
յատուկ
է
կերտել:
Մէկ
գործով,
գոնէ
ինծի
ծանօթ,
կարելի
է
հասկանալ
զինքը,
իր
գրական
բացառիկ
ու
ազնուական
կերտուածքը,
իր
տաղանդին
ամբողջութիւնը:
Այդ
գործը
Ցայգալոյսն
է:
Ի
նկատի
պէտք
է
առնել
որ
Ցայգալոյսի
պարունակութիւնը,
մեծագոյն
մասամբ
կը
պատկանի
բռնակալութեան
էն
ահաւոր
շրջանին,
երբ
գրիչն
ու
խօսքը
ենթարկուած
էին
ամէնէն
զարհուրելի
խոշտանգումին
որուն
անոնք
երբեք
մատնուած
ըլլան
հին
եւ
նոր
ժամանակներուն
մէջ:
Այդ
հեղձուցիչ
մթնոլորտին
մէջ
է
որ
գրագէտը
իր
ներշնչումներն
ապրած
ու
արտայայտած
է:
Որքան
հեշտ
պիտի
ըլլար
այս
գործին
վերլուծումը,
եթէ
անիկա
ընդգրկէր
գրական
որոշ
ու
միակ
սեռ
մը.
վիպական,
բանաստեղծական
կամ
նկարագրական:
Բայց
Զարդարեան
յայտնապէս
միակ
սեռի
մը
մշակման
չի
կապեր
իր
տաղանդը.
ապացոյց
Ցայգալոյսը
որ
կարծես
հանդիսարան
մը
կամ
հաւաքածոյ
մըն
է՝
զանազան
տարասեռ
հեղինակներէ
քաղուած
հատուածներու:
Պակաս
բան
կա՞յ
հոն.
վիպակը,
հէքեաթը,
հովուերգութիւնը,
պատկերը,
նկարագրութիւնը,
տպաւորութիւնը,
մինչեւ
իսկ
ոտանաւոր
մը՝
տեսակին
ամբողջութեանը
համար
անշուշտ.
եւ
այս
բոլորը
խառնիխուռն,
ըստ
հաճոյս
զետեղուած.
տեսակներու
կարգին
այս
խառնակութիւնը
անտարակոյս
անոր
համար
որ
Ցայգալոյսը
դասագիրք
մը
չէ.
այդու,
ուրեմն,
աւելի
հրապուրիչ
եւ
աւելի
շահեկան
թերեւս:
[2]
Գաւառացի
հայ
կնոջ
աւանդական
առաքինութիւնը
տարփողող
այս
վիպակին
անմիջապէս
քովը
կարելի
դնել
Սեւ
հաւը
կանչեց
վիպակը,
որուն
մէջ
ներկայացուած
է
գաւառացի
հայ
կնոջ
ուրիշ
տիպար
մը
որ
միւսին
հերքումն
է:
Մինչ
իր
ամուսինը
Պոլսոյ
մէջ
կը
տուայտի
տաժանքոտ
ու
քայքայող
աշխատութեան
մը
մէջ՝
իր
օճախին
տերտովը
ճենճերելով,
անդին
կինը
կը
շնայ
իր
տագրոջը
հետ
որ
գիւղին
անագորոյն
Խօչապաշին
է:
Մեծ
գայթակղութիւն
գիւղին
մէջ:
Պառաւ
կեսուրը,
դողով
սարսափով
լի,
կ’զգուշացնէ
իր
հարսը.
բան
մը
օգուտ
չունի
սակայն:
Մայրը
ետ
կկանչէ
իր
պանդուխտ
զաւակը
որ
կը
դառնայ
իր
հայրենի
օճախը՝
զոր
ահաւոր
պղծութիւն
մը
մթագնած
էր:
Հէք
ամուսինը
կնոջմէն
իսկ
կ’իմանայ
քստմնելի
եղելութիւնը.
կը
վանէ
իր
շնացող
կինը.
եղբայրը,
Խօչապաշին,
անձնասպան
կ’ըլլայ.
պառաւ
մայրը
կը
մեռնի
սրտին
ցաւէն.
խաբուած
ամուսինը
գլուխը
կ’առնէ
կ’երթայ
օտարութեան
մէջ
կորսուելու.
կինը
ալ
հանրակին
կ’ըլլայ.
զաւակները
կը
ցրուին
կը
կորսուին.
եւ
«սերունդին
առատ
տողանցութիւնը
կը
դադրի
այդ
օճախէն»:
Պուտ
մը
ջուրը
սրտաշարժ
պատմութիւնն
է
մամիկի
մը
եւ
թոռնիկի
մը:
Ս.
Սարգիսի
ծոմը
կը
պահեն
անոնք.
վեց
օր
ոչ
հաց,
ոչ
ջուր.
մամիկը
իր
թոռան
մանկական
երեւակայութիւնը
կը
հրահրէ
Ս.
Սարգիսին
հրաշալի
առասպելներովը.
եթէ
պահք
չպահեն,
Սուրբ
Սարգիս
ինչե՜ր
չըներ
իրեն.
բայց
թոռնիկը
ծարաւահիւծ
կը
մեռնի
հինգերորդ
օրուա
առտուն:
Տան
սէրը
ըստ
իս
լաւագոյն
վիպակն
է
Զարդարեանի:
Կով
Առաքելը
իր
տան
սէրովը
յափշտակուած
մարդ
մըն
է.
իր
գիշեր
ցորեկուան
անդադրում
խնամքին
առարկան
իր
տունն
է,
իր
միակ
զբաղումն
է
ան.
կին
մը
եւ
մանչ
զաւակ
մը
ունի,
որոնք
ընտանիքին
նիւթականը
կը
հայթայթեն.
Կով
Առաքելը
անոնցմով
շատ
քիչ
կ’զբաղի.
գոհ
սրտով
կնոջը
վաստակը
կ’ուտէ,
բայց
իր
սիրական
տունը
մանրակրկիտ
հոգածութեամբ
մը
կը
շրջապատէ.
անոր
հասած
փոքր
վնասը
կ’այլայլէ,
կ’եղծանէ
իր
նկարագրին
բովանդակ
անդորր
կովութիւնը.
իր
միակ
մանչ
զաւակն
ալ
հարազատ
պատկերն
է.
իր
աննշան
արհեստին
մէջ
լճացած
է
ան.
քայլ
մը
չի
յառաջանար.
հակառակ
անոր,
ծնողքը
կ’ամուսնացնեն
Մարտիրոսը,
որ
սակայն
իր
տաժանելի
գործին
բերմամբ
կը
հիւանդանայ
ու
կը
մեռնի,
մարելով
ընտանիքի
արեւը.
հարսը
կ’առնէ
կը
քալէ.
եւ
Կով
Առաքել
ու
կինը
կը
մնան
առանձին.
տարիներ
ետք
կին
ալ
կը
մեռնի.
Առաքել
կը
մնայ
միս
մինակ՝
իր
սիրական
տանը
հետ,
լքուած
ու
աղքատ:
Ժառանգորդ
ազգական
մը
յանձն
կ’առնէ
խնամել
Առաքելը
տանը
կիսուն
տիրանալու
պայմանով,
միւս
կեսն
ալ
եկեղեցիին
տրուելու
համար.
եւ
Կով
Առաքել
դուրս
կը
հանուի
իր
տունէն.
ահագին
վիշտ
իրեն
համար
որ
կը
սպառէ,
կը
լմնցնէ
զինքը
եւ
գերեզման
կ’իջեցնէ:
Շուն
մըն
ալ
պակասը
արտասահման
գրուած
վիպակ
մըն
է.
թուրք
գրաքննութեան
պատուհասումէն
զերծ,
եւ
հետեւապէս
ազգային
խոր
ցաւի
մը
պատկերը
հայկական
զուլումին
ամենօրեայ
ու
ալ
սովորական
դարձած
դրուագներէն
մէկը:
Գաւառացի
առեւանգուած
աղջկան
յաւիտենական
պատմութիւնն
է
ատ:
Մարիամ
պաճիին
աղջիկը,
Սրման
առեւանգուած
է.
մայրը,
լալագին
եւ
անճրկած,
կը
դիմէ
առաջնորդական
տեղապահին,
գերագոյն
յոյսին:
Տեղապահը
որ
հեռի
է
իր
հոտին
ցաւերն
հասկնալէ
եւ
անոնց
դարման
տանելու
մտահոգութենէն,
կը
նեղսրտի,
կը
բարկանայ
իր
հոգեհատորին
փրկութիւնը
աղերսող
այդ
մօր
վայնասունէն.
արդարեւ,
ի՜նչ
գլխացաւ,
ատոր
համար
աւրուէ՞ր
կուսակալին
հետ
որ
պիտի
յաջողցնէր
իր
առաջնորդական
պաշտօնը.
ծառան
կը
կանչէ
եւ
դուրս
հանել
կուտայ
Մարիամը
որ,
այս
անգամ,
կը
դիմէ
նոյն
ինքն
առեւանգիչին.
բայց
ո՞վ
կը
լսէ
իր
աղերսին,
իր
աղեխարշ
լացուկոծին.
նորէն
անկարեկիր
է
իր
անմարելի
կրակին.
«Աղջիկդ
իր
կամքովը
տաճկցեր
է,
մե՞նք
ինչ
ընենք»
կը
պոռայ:
–
Սո՜ւտ
է,
կը
պատասխանէ
մայրը:
Թողունք
որ
անարատ,
գառայ
պէս
մէսումակս
գալին
բերա՞նն
երթայ:
–
Գա՞լն
ինչ
է,
գառնո՞ւկն
ինչ
է,
տաճկցեր
է,
հասկցար:
–
Մի
բարկանար,
խուրպան
հայրսուրբ,
չի
մարելիք
կրակ
է
ասիկա,
անանց
կրակ
է,
մեր
տարտը
ձեզի
չլանք,
որո՞ւ
լանք:
–
Մենք
ազգ
չենք,
կը
պոռայ
վարդապետը,
մենք
ձեր
ցաւին
տէրման
չենք
կրնար
ըլլալ,
վէսէլլամ.
հոս
նստած
չենք
մենք
որ
էտէպսիզներուն
երեսէն
պէլայի
հանդիպինք:
–
Հայր
սուրբ,
աղջիկս
կ’ուզե՛մ,
կը
ծառանայ
մայրը
էգ
վագրի
մոլեգնութեամբ:
–
Վա՜յ
շուն…
դո՜ւրս:
Եւ
բարապանը
բրտօրէն
դուրս
կը
նետէ
հայ
մայրը…
Ասիկա
ոչ
առասպել
է,
ոչ
ցնորական
դրուագ.
իրականութիւնն
է
վայրագ
ու
քստմնելի.
առջի
րէժիմին
այս
ընդունելութեան
կ’արժանանային
համիտեան
բռնութեան
արիւնլուայ
հայ
զոհերը
հայ
առաջնորդարաններու
մէջ.
եւ
այն
ատենուն
Հայոց
մեծափառ
պատրիարքն
ալ
արդէն
այս
ձեւով,
իր
բարապաններուն
ձեռքովը,
պատրիարքարանին
սանդուխներէն
թաւալգլոր
վար
նետել
կուտար
հովուապետի
պաշտպանութեանը
դիմող
հարստահարուած
խե՜ղճ
հայերը:
Ցեղին
զաւակը
նմանապէս
բռնութեան
սահմաններէն
դուրս
գրուած
վիպակ
մըն
է,
որ
Տան
սէրէն
յետոյ
յաջողագոյնն
է
Զարդարեանի
վիպակներուն:
Չարսանճաքէն
–
որքան
չար
նոյնքան
աղէտալի
այդ
սանճաքէն
–
Վարդան
կ’իյնայ
–
շատերու
պէս
–
Խարբերդ՝
սովալլուկ,
պատառ
մը
հաց
մուրալու,
քուրջերով
ծածկուած,
ահռելի
վիճակի
մէջ:
Կու
տան,
կ’ողորմին
իրեն.
նուազ
պատռուած
ցնցոտիներ
կը
հագցնեն.
է՛հ,
քիչ
մը
մարդկային
ձեւ
կ’առնէ
խեղճը.
եւ,
երեւակայելով
որ
անիկա
այլ
եւս
պառկելու
տեղ
ալ
ունի,
բաղնիքին
քիւլխանը:
95
է,
կոտորածի
ուրուականը
որոտագին
կը
հասնի
Խարբերդ.
քաղաքացիները
կը
փախչին
խելակորոյս.
հարուստները
եւ
աղաները
ողջ
մնալու
բնազդէն
անձնատուր
կ’ըլլան
եւ
կ’իսլամանան:
«Քանի
մը
ժամ
ետքը
հայ
թաղերուն,
խաչանիշ
գմբէթներուն,
զանգակատներուն
վրայ
սաւառնեցաւ
Մուհամմէտին
ահաւոր
ուրուականը
եւ
Խուրանին
մահասփիւռ
սարսափին
տակ
կծկուեցան
ամէնքն
ալ,
որովհետեւ
հալածական
բնակչութիւնը
սելեվէթ
բերաւ
եւ
իսլամացաւ».
կարգը
կուգայ
մոռցուած
անկիւններուն,
նկուղներուն,
հրացանակիր
երեք
իսլամներ
ներս
կը
մտնեն
բաղնիքին
քիւլխանէն:
Շնչառութիւն
մը
կայ
հոն:
Վարդանն
է
որ
մոխիրներուն
տակէն
դուրս
կը
ցցուի.
Անունդ
ի՞նչ
է:
Վարդան:
Շուտ,
սելեվէթ
բեր:
Յանուն
հօր
եւ
որդւոյ
եւ
հոգւոյն
սրբոյ:
«Չարսանճաքի
սովէն
փախած,
անօթի,
թշուառ
ու
արհամարհուած
տղուն
հոգեկան
արիութիւնը,
բարոյական
անհաւատալի
զօրութիւնն
էր
որ
յանկարծ
աղբին,
փոշիին
եւ
մուրին
մէջէն
կը
ծառանար
աներկիւղ,
ու
ցեղին
դուրսի
գետնամած
մեծութիւնը,
վեհանձնութիւնն
էր
որ
յանկարծ
կը
մարդեղանար
հոտ
քիւլխանին
խորը՝
Վարդանին
մէջ:
–
Շո՛ւն,
սելեվէթ
բեր:
–
Յանուն
հօր
եւ
որդւոյն…
Եւ
գնդակահար
կ’իյնայ
Վարդան,
որուն
մէջ
ցեղին
ձայնը,
աւիւնը,
հաւատքը
կ’արթննային
այդպէս
յանկարծ:
Զարդարեան
իր
նորավէպերուն
կամ
լաւ
եւս
է
ըսել
իր
պատմուածքներուն
մէջ
իր
պարզութեամբը
եւ
բնականութեամբը
կը
յատկանշուի
գերազանցապէս:
Անտարակոյս,
ինք
մտահոգութիւնը
չունի
թատերական
յուզումնալից
տեսարաններու,
հետաքրքրութիւն
եւ
ապշութիւն
առթող
դրուագներու:
Գործին
արուեստական
մասին
բոլորովին
անփոյթ
է.
ձեւին,
արտաքին
յարդարանքին
հոգածութիւնը
չի
տեսնուիր
իր
մէջ:
Իր
նիւթովը
կը
յափշտակուի,
անոր
ընդլայնումին
կը
մղուի
իր
նախասիրած
եղանակովը:
Գրական
ոչ
մէկ
դպրոցի
վրայ
կը
կաղապարէ
ինքզինքը,
որմէ
կը
հետեւցնեմ
թէ
վիպական
ոչ
մէկ
ուղղութենէ
ազդուած
է
որոշակի:
Ասիկա
իր
տաղանդին
ամուր
յատկութիւններէն
մէկն
է:
Ինքնագոհ
եւ
ինքնավստահ
գրականութիւնն
է
ասիկա,
որ՝
իր
ենթադրուած
թերութիւններովն
հանդերձ՝
ինքնատիպ
է
մանաւանդ:
Ինքնատիպ
է
մանաւանդ,
որովհետեւ
անիկա
կը
պատկերացնէ
գաւառի
կեանքը
իր
նախնականութեանը
մէջ.
իր
անտաշութեանը,
իր
խորդութեանը
մէջ:
Այդ
մթին
ու
խորհրդասքօղ
կեանքը
ներկայացնելու
լաւագոյն
ձեւը
կարծես
այն
է
զոր
ընտրած
է
Զարդարեան,
անտաշ,
անյարդար
ու
խորհրդալից:
Քանի
որ
այդ
կեանքը
չունի
քաղաքակրթական
ծեքծեքում,
այն
արուեստական
շպարը
զոր
մենք
կը
հաստատենք,
ափսո՜ս,
մեր
կեանքին
մէջ,
մեր
իբր
թէ
քաղքենի
կենցաղին
մէջ,
պատճառ
մը
չիկար
որ
այդ
կեանքը
նկատող
հեղինակը
հակադրութիւն
ցոյց
չտար
այդ
ծեքծեքումին
եւ
այդ
շպարին
նկատմամբ:
Եւ
ամէն
ձեւապաշտութենէ
կոյս,
Զարդարեան
կը
մնայ,
Թլկատինցիէն
անմիջապէս
ետքը,
գաւառի
լաւագոյն
նորավիպագիրը,
եւ
իբր
այն
կը
պատկանի,
թերեւս
առանց
ուզելու,
իրապաշտ
դպրոցին:
Իրը,
սակայն,
ինքնուրոյն
եւ
առանձնայատուկ
իրապաշտութիւն
մըն
է.
կեանքը
կը
նկարէ
ինչպէս
որ
կը
տեսնէ,
իր
նորավիպագրի
լաւագոյն
յատկութիւնները
երեւան
կուգան
մասնաւորապէս
Տան
սէրին
մէջ:
Ապահով
իմ
որ
Զօլա
աւելի
լաւ
չպիտի
կրնար
պատկերացնել
այդ
Կով
Առաքելն
ու
իր
շրջապատը:
Նիւթին
համար
մարդուս
մէջ
բնազդօրէն
զետեղուած
անբան,
անասնային
սէրը,
գերադրական
յամառութեան
այդ
աստիճանով,
չեմ
գիտեր
կարդացած
ըլլալ
ոչ
մէկ
տեղ:
Զարդարեան
իր
հերոսին
հոգւոյն
թափանցած
է
եւ
զանիկա
մասնիկ
առ
մասնիկ,
նեարդ
առ
նեարդ
վերծանած,
սքանչելի
մագիստրոսութեամբ
մը:
Ի՜նչ
անշտապ
ու
անդորր
եղանակով
եւ
շարժանկարի
մը
հաւատարմութեամբը,
մեր
աչքին
առջեւ
կը
պարզէ
այդ
առտընին
եղերերգութեան
դրուագները
եւ
առանց
աղմուկի,
առանց
թատերական
շռնդալից
շարժումներու,
վիպակը
կը
վերջանայ,
իր
սիրական
տունէն
առյաւէտ
բաժնուած
Առաքելին
արցունքներուն
եւ
անպէտ
ու
արգահատելի
դիակին
առջեւ՝
ընթերցողը
յուզումէ
դողացնելով:
Տան
սէրը
կատարեալ
եւ
անթերի
գործ
մըն
է:
Ցեղին
զաւակը
նոյնքան
յաջող
վիպակ
մըն
է:
Հեղինակը
համեմատապէս
աւելի
ժուժկալ
եւ
աւելի
արագ
է
հոս
իր
արտայայտութեանը
մէջ:
Նիւթին
պահա՛նջը
թերեւս:
Չարսանճաքէն,
այսինքն
դժոխքէն
խոյս
տուող
հայուն
բերուշանութիւնը
անհնարին
էր
լաւագոյն
կերպով
պատկերացնել:
Վրձինի
մէկ
քանի
հարուածով
Զարդարեան
դիմացնիս
կը
տնկէ
Վարդանը՝
իր
ինկածութեան
բովանդակ
քստմնելի
այլակերպութեանը
մէջ:
Ինկած
թափառական
այդ
հայ
պապուկին
եւ
յետոյ
անոր
մէջէն
յանկարծ
ծառացող
սլացող
վսեմ
ու
հերոսական
հոգին
հակադրութիւնը
մեր
ցեղին
անկորնչելի
ազնուութեան
հազուագիւտ
փառաբանութիւններէն
մէկն
է:
Միակ
դիտողութիւնը
զոր
ունիմ
այս
վիպակին
համար,
այն
է
որ
Չարսանճաքի
գաւառին
նկարագրութիւնը,
մէկուկէս
էջ,
կարելի
էր
չորս
հինգ
տողի
մէջ
խտացնել:
Այդ
մէկուկէս
էջը
լիովին
աւելորդ
է:
Վա՜խ,
ես
մեռնեի
եւ
Սեւ
հաւը
կանչեց
վիպակներուն
մէջ
հեղինակը
կնոջական
անձնուիրութեան
եւ
ապականութեան
բաղդատական
հոգեբանութիւնը
կ’ընէ:
Դիտելի
է
որ
Զարդարեան
իր
ներկայացուցած
տիպարներուն
մէջ
կը
ձգտի
գտնել
մէկ
կողմէ
բարձրագոյն
արժէքներ,
իտէալական
առաքինութիւններ
եւ
միւս
կողմէ
վատութիւններ,
ծայրայեղ
անկումներ:
Մարդկութեան
մտատիպար
ազնուացման
ծարաւի
իր
հոգին
խոյս
կուտայ
միջակութիւններէ.
տպաւորիչ
ըլլալու
համար,
օրինակ,
մէկ
կողմէ
մեզ
կը
ներկայացնէ
Վա՜խ,
ես
մեռնեինին
մէջ,
հայ
կինը
զոր
էրիկը
կ’ատէ,
կը
վռնտէ
տունէն,
բայց
որ
իր
ամուսինն
կաթոգին
սիրովը
կը
տոչորի,
եւ
երբ
ամբողջ
հասարակաց
կարծիքը
անարգանքի
սիւնին
կը
գամէ
այդ
վատշուէր
ամուսինը,
ինք
լալահառաչ
կ’իյնայ
անոր
դիակին
վրայ
«Վա՜խ,
ես
մեռնեի»
ողբալով:
Միւս
կողմէ,
Սեւ
հաւը
կանչեցին
մէջ՝
դարձեալ
հայ
կինը՝
որ
այս
անգամ
անարգօրէն
կը
դաւէ
ամուսնական
սրբութեան
դէմ:
Հեղինակը
իր
դիտաւորութեանը
մէջ
կատարելապէս
յաջողած
է:
Պուտ
մը
ջուրը
իր
պարզութեանը
մէջ
սաստկապէս
յուզիչ
է
եւ
բարացուցական.
գաւառին
անկիւնները
տակաւին
տիրող
թանձրամիտ
եւ
աղետաւոր
մոլեռանդութեան
բացատրութիւնն
է,
զոր
Զարդարեան
կուտայ՝
առանց
սակայն
ոեւէ
մեկնաբանութեան.
կը
պատմէ
ու
կ’անցնի,
ընթերցողը
սոսկումէ
սառեցնելով
այն
անգիտակից
ոճիրին
առջեւ,
զոր
բարի
մամիկ
մը
կը
գործէ
իր
սիրական
թոռնիկին
վրայ՝
անսուաղ
մահացնելով
զայն
առասպելական
սուրբի
մը
գեղեցիկ
աչուըներուն
համար:
Այս
սրտաշարժ
վիպակը
անով
կը
տարբերի
միւսներէն
որ
Զարդարեան
հոս
ժլատ
է
խորհրդածութեանց
մէջ,
նիւթին
պահանջուած
պարզութիւնը
ու
միամտութիւնը
կը
պահէ
մինչեւ
վերջը:
Ցայգալոյսով
Զարդարեան
կը
ներկայանայ
մեզ
նաեւ
իբրեւ
հովուերգակ
բանաստեղծ:
Մարդկային
կիրքերուն
խորքերը
թափանցող
իր
մանրազնին
հոգին,
այնքան
գթոտ
եւ
այնքան
աղապատալից,
չէր
կրնար
նաեւ
չպրպտել
բնութիւնն
իր
հրաշազան
արտաքինին,
իր
բարբառուն
ու
բաբախուն
երփներանգութեան
մէջ:
Բնագաւառին
կապոյտ
երկինքը,
կանանչ
ծմակը,
մտերիմ
լեռը,
մենաւոր
ծառը
ու
խորհրդասքօղ
անտառը
չէին
կրնար
չհպիլ
գրագէտին
հոգիին
դողդոջուն
լարերուն,
զանոնք
թրթռացնելու
համար:
Բանաստեղծը,
արդարեւ,
ջերմեռանդ
երկրպագու
մըն
է
բնութեան
սխրալի
դիւթութեանցը,
զորս
կը
տարփողէ,
կը
փառաբանէ,
կ’աստուածացնէ.
իր
հոգին
տրտմութիւնը
կը
պտտցնէ
Մաստառի
ծաղկալից
կողերուն
վրայ,
իր
սէրերուն
յագուրդը
կը
փնտռէ
բնութեան
զովացուցիչ
ակերուն
մէջ.
մենաւոր
ծառին
երանի
կուտայ,
վասն
զի
անիկա
իր
խորհուրդներուն
հետ
մի՛ս
մինակ
է,
զերծ
մախանքէ,
կիրքէ,
ատելութենէ:
Իր
բաղձանքները
կեանքի
գետնաքարշ
նիւթին
չեն
ձգտիր.
այգեկութի
օրերուն՝
կ’ուզէ
ճերմակ
վրանն
ըլլալ
եւ
նստիլ
այգիին
մէջ,
ճերմակ
ու
կարմիր
խաղողներուն
մէջ.
կ’ուզէ
փեսան
ըլլալ
դաշտային
ճոխութեան
յետին
գեղեցիկներուն,
երկինքէն
անցնող
թափառական
կռունկին
բարձրաթռիչ
երգը
ըլլալ
եւ
գիւղին
մշտահոս
աղբիւրը,
որպէս
զի
բոլոր
սափորները
իրմէ
լեցուին:
Ազատութեան
տենչացող
իր
հոգին՝
եղնիկին
հետ
սարէ
սար
կը
սլանայ,
անկոխ
բարձրութեանց
վրայ
կը
թռչտի,
երջանկութեան
խորհրդանշանը
կը
տեսնէ
անոր
քերթուածային
յօրինուածութեանը
մէջ:
Իր
արձակ
բանաստեղծութիւնները,
գրականօրէն,
նուազ
մեծ
արժէք
չեն
ներկայացներ
քան
իր
պատմուածքները:
Անկեղծութիւնը,
ճշտութիւնը,
երանգներու
ճոխութիւնը,
պատկերներու
առատութիւնը,
զգացմանց
յորդութիւնը
գլխաւոր
յատկանիշներն
են
այդ
քերթուածներուն:
Ատոնց
մէջ
ես
կը
տեսնեմ
Զարդարեանի
իմաստասիրութիւնն
ալ,
վասն
զի
բանաստեղծութիւնը,
իր
խորքին
մէջ,
իմաստասիրութիւն
մը
կը
բովանդակէ
միշտ:
Անիկա
ձանձրացած
մըն
է
ընկերային
գռեհիկ
ու
սնամէջ
կարգ
ու
սարգերեն,
նողկանքով
լեցուած
է
բոլոր
վատութիւններուն
դէմ,
բոլոր
անիրաւութիւններուն
դէմ.
բնութեան
կը
դիմէ,
որ
միակ
անխարդախն
է
ու
անապականը:
Յոռետե՞ս
մըն
է
ինք.
գուցէ.
կը
յորդորէ
եղնիկը
փախչիլ
բնակութիւններէ,
վազել
դէպ
ի
բարձրը,
դէպ
ի
ազատը.
կարօտը
կը
քաշէ
մենաւոր
ծառին
որ
զերծ
է
ամէն
գձձութիւններէ
եւ
դառնութիւններէ:
Իր
քերթուածներուն
անմիջական
մասը
եւ
շարունակութիւնը
կը
կազմէն
իր
հէքեաթները:
Ըստ
իս,
հէքեաթը
գրականութեան
այն
ձեւն
է
որուն
յաջողապէս
մշակումը
ամէնէն
աւելի
դժուար
է:
Հէքեաթը
իրականութիւնը
չէ,
բայց
իրողութեամբ
մը
կենդանացած
պատմուածքն
է.
անկէ
բարոյական
եզրակացութիւն
չի
պահանջուիր,
խիստ
շատ
անգամ.
ժողովրդային
աւանդութիւն
մըն
է,
յաճախ
տրտում
իմաստով,
եւ
զոր
կ’ոգեւորէ,
կ’աղուորցնէ,
կը
պճնաւորէ
գրողը
իր
երեւակայութեան
շողովը:
Եւ
Զարդարեան,
գրական
այս
ձեւին
մէջ,
անզուգական
վարպետ
մը,
կրնամ
ըսել՝
մասնագէտ
մըն
է:
Թրքահայ
ժամանակակից
գրականութեան
մէջ
բացառիկ
տեղ
մը
կը
գրաւեն
իր
հէքեաթները
իրենց
անթերի
կերտուածքովը.
Քարացածները,
Ծովակին
հարսը,
Մարդը
չէր
մեռները
մէյմէկ
գոհարներ
են,
մամիկի
միամիտ
ու
պարզ
մասալներ,
բայց
զորս
գրագէտը
գեղազարդեր
է,
իր
երեւակայութեամբը
պայծառացուցեր,
իր
հոգիովը
շնչաւորեր
է:
Քարացածները
կնոջական
գեղեցկութեան
պանծացումն
է.
անոր
յանդուգն
ցուցադրումէն՝
բնութիւնը
զայրալից
նախանձով
լի՝
կը
քարացնէ
մարդկային
ամբոխ
մը:
Ծովակին
հարսին
մէջ
կը
պատմուի
սիրահարութիւնն
աղուոր
հարսին
ու
ծովուն
ալիքներէն
ծնած
տղուն.
բայց
մարդկային
չար
նախանձը
միշտ
ներկայ,
պառաւի
մը
կերպարանքին
տակ
կը
միջամտէ.
վայրագ
ամուսինը,
կատղած,
կը
սպաննէ
ծովակին
հարսը
որ
կ’անիծէ
էրիկը,
կ’անիծէ
պառաւը
եւ
գիւղը,
եւ
ծովը
ասոնք
ամէնքը
մէկէն
կուլ
կուտայ:
Մարդը
չէր
մեռները
մեզ
կը
ներկայացնէ
այն
երանելի
ժամանակը
ուր
մարդը
անմահ
էր.
անմահութեան
շրջանի
այդ
նկարագրութիւնը
մեր
արդի
մատենագրութեան
ամէնէն
գեղեցիկ
էջերէն
մէկն
է:
Մարդկային
բաղձանքներուն
բովանդակ
անպարագիծ
ունայնութիւնը
կը
պատկերանայ
հոդ.
հոգիդ
կը
լեցուի
բուռն
տխրութեամբ
այն
նախասահմանուած
ու
ճակատագրական
ձախողուածքին
առջեւ
որով
ծերունին,
իր
կեանքին
տարիներուն
թիւն
երկարելու
համար,
խելայեղօրէն
կը
նետուի
ամբողջ
մարմնովը
կովուն
քամակին
վրայ՝
անթիւ
մազեր
բռնելու
համար,
որոնց
իւրաքանչիւրին
չափ
տարի
պիտի
ապրէր.
բայց,
ափսոս,
մէ՛կ
մազ
իսկ
չի
յաջողիր
բռնել
եւ
ձեռքերը
օդին
մէջ
առկա՜խ
կը
մնան…
եւ
ահա
այդ
վայրկեանէն
սկսեալ
մահկանացու
ենք,
բարեկամներ:
Պատկերներու
մէջ
այնքան
պատկերալից
է
Զարդարեան,
որքան
ներշնչուած
նկարիչ
բնութեան
տեսարաններուն
առջեւ:
Հոս,
աւելի
քան
իրապաշտ
է:
Առնենք,
օրինակ,
իր
Փողոցը:
Որքա՜ն
չքաւոր
նիւթ,
ըստ
երեւոյթին:
Դիւրին
չէ
փողոց
մը
նկարագրել,
մանաւանդ
գաւառային
քաղաքի
մը
փողոցը,
անշարժ,
անկենդան
ու
լճացած:
Հոս
է
որ
երեւան
կուգայ
գրողին
տեսնելու,
դիտելու,
որոշելու
կարողութիւնը:
Զարդարեան
շուն
նկարագրելու
մասնաւոր
ընդունակութիւն
մը
ունի
արդէն.
տեսէք
իր
միւս
մեծ,
հերոսական,
աշտարակաբերձ
խրոխտութեամբ
սոնքացող
շունը,
Գամբռը.
քիչ
անգամ
ինծի
տրուած
է
կարդալ
գրուածք
մը,
որուն
լեզուն
այնքան
պատշաճ
բարձրութեան
մը
վրայ
գտնուի,
որքան
նիւթը
կը
պահանջէ:
Լեռնաբնակ
ամեհի
գամբռը,
դիւցազնական
կեանքի
մը
բոլորումէն
յետոյ,
ծերացած,
լեռնէն
կ’իջնայ
քաղաք,
կեանքին
մնացեալ
մասն
անցընելու.
եւ
ահա
քաղաքին
անօթի
շուներուն,
զրկուած
քոթոթներուն
եւ
դեռ
կոյր
լակոտներուն
երամակը
ոտքի
կ’ելլայ,
կը
հաջէ,
կը
կաղկանձէ,
կը
փրփրի
ինկած
հսկային
շուրջը
որ
հպարտօրէն
եւ
անտարբեր
կ’անցնի
այդ
գարշելի
ու
լպիրշ
վայնասունին
մէջէն:
Այդ
հոյակապ
գամբռը
չա՞նձնաւորեր
մարդկային
վեհանձն
ու
վեհոգի
անցեալ
միութիւնը,
որուն
շուրջը
ամբոխը
կը
տարածէ
իր
գձձութիւնները,
իր
ստորին
նախանձները,
իր
ատելավառ
վրէժխնդրութիւնները,
երբ
տեսնայ
այդ
մեծութիւնը
իր
քովը,
իր
հարուածներուն
ենթակայ,
գուցէ
իր
շահերուն
ակնկառոյց:
Գամբռը՝
Ցայգալոյսին
ամէնէն
գեղեցիկ
էջերէն
մեկն
է:
Զարդարեանի
լեզուն,
բոլոր
գաւառացի
գրողներուն
մէջ,
ամէնէն
մաքուրը,
ամէնէն
ճոխը
եւ
ամէնէն
ներդաշնակն
է:
Այս
մասին,
Թլկատինցին
վար
կը
մնայ
իրմէ,
իր
լեզուական
խրթնութեամբ
ու
անհաւասարութեամբը:
Կը
տիրանայ
հարուստ
երանգապնակի
մը,
ուրկէ
բոլոր
գոյները,
դիւրին
ընտրութեամբ
մը,
կ’առնէ
նկարելու
համար
բազմերանգ
բնութիւնը
ճշգրիտ
գոյներով:
Առատաբուխ
եւ
կշտացնող
արտայայտութիւն
մը
ունի:
Հակառակ
ասոր,
չես
կրնար
բառ
մը
պակսեցնել
իր
նախադասութենէն
որ
պիտի
կաղար,
պիտի
գունատէր:
Զուտ
գաւառական
բառերու
եւ
ձեւերու
գործածութեան
մէջ
շռայլ
եւ
անփոյթ
չէ.
իրը՝
ամէնէն
աւելի
սերտ
աղերս
ունի
բուն
պոլսական
աշխարհաբարին
հետ,
որմէ
կը
տարբերի
մերթ
նախադասութեան
կազմութեամբ,
մերթ
բառերու
ձեւաւորումովը:
Պոլսականին
եւ
գաւառականին
այս
հաճելի
ու
դաշնակաւոր
բարեխառնութիւնը
իր
գործին
հրապոյրներէն
մէկը
կը
կազմէ:
Ինծի
համար,
Զարդարեան
մեր
ժամանակակից
գրականութեան
վարպետներէն
մէկն
է:
Իմ
հաճոյքներէս
մէկն
է
արդէն
իր
արձակը,
հիմակ
աւելի
կոկուած,
զտուած,
կանոնաւորուած,
զոր
կը
կարդամ
ամէն
օր,
եւ
որ
հակառակ
լրագրական
հեւասպառ
աշխատանքի
մը
արդիւնքն
ըլլալուն,
բարձրօրէն
գրական
է,
գեղեցիկ
է,
պատկերալից
է
եւ
խրոխտ:
Իր
դէմքը,
իբրեւ
գրական
մարդ
եւ
իբրեւ
գործիչ,
ամէնէն
համակրելիներէն
մէկն
է,
որոնց
կը
հանդիպինք
մեր
ազգային
վերջին
երեսնամեայ
կեանքին
մէջ:
Նախանձի
եւ
մախանքի
ալիքին
տակ,
որ
ընդհանրապէս
կը
գոյանայ
բարձր
անհատականութեանց
շուրջը,
ան
կը
կենայ
աննկուն
եւ
աւելի
խրոխտ,
ճիշտ
այն
խրոխտութեամբը,
որով
մեզ
կը
ներկայացնէ
իր
հոյակապ
գամբռը:
Ո՞վ
կը
նայի
քոթոթներուն
վայնասունին
եւ
անոնց
ցոյց
տուած
կոտրտած
ժանիքներուն:
Եւ
արդէն
մեր
ցեղին
ալ
այս
չէ՞
եղած
ընթացքը
դարերու
ընդմէջէն:
Թորգոմեան
զարմը
կը
քալէ,
անսասան,
դժոխային
խառնաշփոթութեան
մը
մէջ,
խուժաններու
գազանային
ժխորին
եւ
խածատիչ
գրոհներուն
մէջ:
Կը
քալենք,
սակայն,
մինչ
ահա
սա
րոպէիս
իսկ
մեր
երակներուն
մէջ
մնացած
արեան
մասնիկները,
քաշել
հանել
կ’ուզէն,
մինչ
կարծես
վախճանական
մռայլ
ու
մահահոտ
մշուշը
կը
պատէ
շուրջերնիս,
եւ
երբ
վերջնականապէս
սպանել
կ’ուզէն
այս
ցեղը,
ահա
գրականութիւն
կ’ընէ
ան,
գեղարուեստի
վրայ
կը
ճառէ,
իր
ազնուացման
ու
բարձրացմանը
վրայ
կը
մտածէ:
Գլո՞ւխ
կ’ելլուի
ասանկ
ցեղի
մը
հետ:
Ու
ասիկա
Ցայգալոյսն
է,
գերագոյնն
ու
վերջինը:
Զարդարեան
այսպէս
տիտղոսած
է
իր
գրական
գործը.
վասն
զի
խորհրդանշանական
է
ան.
խաւարին
մէջ
լոյս
մըն
էր
ան,
որուն
դողդոջուն
ու
դիպուածական
ցոլքերը
կ’իյնային
ցեղին
արիւնոտ
իրանին
վրայ,
անոր
ուրուային
նիհարութիւնը
քստմնելիօրէն
երեւան
բերելով:
Ցայգալոյսն
է
դեռ,
ուր
կը
խաղցնենք
մեր
այլակերպ,
բայց
ողջ
իրանը:
Բայց
ո՞վ
ըսաւ
թէ
արշալոյսը,
վերջնական
արեւափայլ
արշալոյսը
չպիտի
գայ,
չպիտի
ցաթէ
մեր
վրայ.
Ցայգալոյսը
իր
վախճանն
ունի,
բայց
Արշալոյսը
յաւերժական
է:
Եւ
թերեւս
հեռու
չէ
այն
օրը
ուր
Զարդարեան
մեզ
պիտի
բերէ
իր
տաղանդին
մէկ
նոր
շողը,
այս
անգամ
Արշալոյս
տիտղոսուած,
վերջնական
խորհրդանշանը
մեր
դժբախտ
ճակատագրին:
[1]
Précieux
(ֆր.
)
–
թանկ,
արժեքավոր:
[2]
Ըստ
ամենայնի՝
Երուխանի
ելույթից
որոշ
հատված
բաց
է
թողնված: