ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ
ՍԵԹԵԱՆ
(Բանախօսութիւն
Պ.
ՏԻՐԱՆ
ՉՐԱՔԵԱՆի)
Որքան
աւելի
ուրախ
պիտի
ըլլայի
եթէ
այսօր,
իր
քառասնամեայ
յոբելեանին
առթիւ
ինծի
թոյլ
տրուեր
լոկ
կարդալ
այստեղ
մէկ
քանին
իր
մեծ
վայելուչ
էջերէն
եւ
անոնց
պսպղուն
վեհածածան
հոսանքներուն
մէջ
օրրել
ինչ
որ
մեր
ամէնուս
հոգիներուն
մէջ
կայ
բարձրագոյն,
եւ
այս
վայելքին
իրականութեան
թողուլ
հոգը
վերարծարծելու
կամ
շատերնուդ
մէջ
նոյն
իսկ
ստեղծելու
այն
հիացիկ
յարգանքն
որուն
իրաւունք
ունի
բանաստեղծ
յոբելեարը,
եւ
այնքան
աւելի
իրաւունք
որքան
ո՛չ
երբեք
իր
քերթողութեան
քառասուն
տարիներուն
մէջ
մտաբերած
է
ունենալ
համեստն
Յովհաննէս
Սեթեան:
Իր
բանաստեղծութիւնը,
իր
բոլոր
գրականութիւնը
պիտի
պերճախօս
եւս
ճառէր
իր
մասին
քան
իմ
չքոտի
փորձս
անոր
վրայ
խօսելու,
որովհետեւ
յայնժամ
զձեզ
պիտի
գտնէիք
դէմյանդիման
եւ
նոյն
իսկ
անձնատուր
այն
ազնուութեան
որ
այդ
գրականութիւնը
կը
լեցնէ,
կը
տոգորէ,
որ
անոր
շքեղութիւնն
ու
օգտակարութիւնն
է
միանգամայն,
որ
գործոն
սկզբունքն
է
անոր.
ազնուութիւն
որ
Սեթեանի
մէն
մի
էջին,
մէն
մի
տողին
մէջ
կը
տրոփէ
անդեդեւուն,
առնավայել,
եղբայրակա՛ն
ու
քաղցր:
Շատերդ
զայն
չէք
իսկ
ճանչնար.
միւս
կողմէ
ինքն
ալ
ճանչցուելու
կամ
որ
նոյն
է՝
հիացուելու
հետամուտ
չէ
եղած
բնաւ,
եւ
ո՛չ
իր
անձն
եւ
ոչ
իր
գործն
իրենց
ամբողջութեան
մէջ
ունեցած
են
սերտ
կախում
մը
ժամանակէն,
որպէս
զի
իր
համբաւն
ալ
այժմէութիւններէն
օժանդակուէր:
Չկարծուի
թէ
Յովհաննէս
Սեթեան
այժմէութեան
մարդը
չըլլալով
բոլորովին,
արժանեաց
ու
պատուոյ
հնարաւորութիւնները
կը
կորսնցնէ.
վասն
զի
քան
առօրեայ
ներկան
աւելի
ընդհանուր
ներկայ
մը
կը
տարածուի
իւրաքանչիւր
ազգի
համար.
ներկայ
մը
որ
ազգի
մը
նկարագրին
ու
ճակատագրին
տեւական
այժմէութիւնն
է.
եւ
տակաւին
խորագոյն
ու
ընդարձակագոյն
ներկայ
մը,
այն
է
մարդկային
հոգւոյն
հիմնական
մշտատեւ
այժմէութիւնը:
Եւ
Յովհ.
Սեթեան
եղած
է
այնքա՛ն
ժամանակաւոր
պարագաներու
մարդը
որքան
եւ
մանաւանդ
մարդը՝
ազգային
եւ
մարդկային
հանգամանքներու:
Եւ
երբ
այսպիսի
մարդ
մը
բնականաբար
զերծ
է
ժամանակակիցներուն
ուշադրութիւնն
հրաւիրելու
փառասիրութենէն,
անշուշտ
կրնայ
շատերուն
համար
մնալ
անծանօթ:
*
*
*
Այն
առաջին
ու
գլխաւոր
հանգամանքը,
որով
Սեթեան
ազգային
տեւականագոյն
ներկային
կը
վերաբերի,
իր
գրականութեան
լեզուն
է
անտարակոյս:
1882էն,
քերթուածներու
իր
առաջին
հաւաքածոյին՝
Գրական
զբօսանքին
հրատարակութենէն,
եւ
1888էն,
քերթուածներու
երկրորդ
հատորին՝
Յուզման
ժամերուն
լոյս
տեսնելէն
մինչեւ
1912,
այսինքն
մինչեւ
Արշալոյսէն
Վերջալոյս
հատորը
(որուն
առաջին
կէսը
կը
բաղկանայ
երկու
նախորդ
գործերուն
մեծագոյն
մասէն,
եւ
երկրորդ
կէսն
ալ
մէկ
համառօտեալ
ամբողջութիւնն
է
վերջին
24
տարիներու
ոտանաւոր
եւ
արձակ
գործերուն)
Սեթեանի
հայերէնը
իրաւ
է
թէ
նոյնը
մնացած
չէ,
եւ
այդ
գրագէտը
հոգածու
եղեր
է՝
որքան
հնար
է
արդի
աշխարհաբարին
ոգւով
հայերէնի
մը
վերածելու
իր
հին
քերթուածոց
լեզուն,
հետեւաբար
լեզուական
միութիւն
մը
գրեթէ
յառաջ
բերելու
իր
գործերը
խտացնող
այդ
նորագոյն
գրքին
մէջ,
եւ
իր
երկն
ալ
աւելի
արդիացնելու,
բայց
Սեթեանի
այդ
նոր
հայերէնն
անգամ
հեռու
է
տակաւին
ըլլալէ
այժմու
գրողներուն
մեծամասնութեան
աշխարհաբարը,
եւ
իր
հին
կերպերուն՝
ըսենք
հանրահայկական
հանգամանքը
կը
պահպանէ,
գէթ
քերթուածներուն
ամենամեծ
մասին
մէջ:
Եւ
ըստ
իս,
այսպիսի
լեզուով
մը
գրուած
է
իր
գործերուն
մէջ
է
որ
ամբողջովին
ներկայ
է
Յովհաննէս
Սեթեան:
Կարելի
է
վստահաբար
ըսել
թէ
այս
է
իր
լեզուն,
որքան
ալ
ինքը
ուզած
ըլլայ
այժմ
աւելի
աշխարհիկ
գնացք
մը
տալ
անոր.
վասն
զի
գրեթէ
այս
իսկ
է
լեզուն
գրական
այն
ազնուազարմ
սերունդին
որ
մեզ
ընծայեց
ոճի
ամենամեծ
արուեստաւորներ,
ինչպէս
Նարպէյ,
Պէշիկթաշլեան,
Օտեան,
Թէրզեան,
Աճեմեան,
Տէմիրճիպաշեան,
Ոսկեան,
Պէրպէրեան,
Արմէն
Լուսինեան,
Ելքէնճեան
եւայլն.
սերուն,
որուն
մերձաւորագոյն
նախահայրն
է
Նուագներուն
[1]
մեծ
բանաստեղծը,
եւ
Ընդ
Եղեւնեաւին
[2]
մեծ
գրագէտը,
անհունն
Ալիշան:
Այդ
պերճաշուք
աւանդապահ
ազնուորեարին
կը
վերաբերի
Յովհաննէս
Սեթեան,
իբրեւ
մին
անոր
արդի
հարազատագոյն
հաւատարմագոյն
ներկայացուցիչներէն:
Անտարակոյս,
Նահապետէն
մինչեւ
այսօրուան
արծաթահեր
բայց
մրայօն
յոբելեարը՝
մտաւորական
ձգտումները
ճշդիւ
միեւնոյն
ուղղութիւնը
չեն
պահած.
բայց
լեզուն
որ
իբր
այն՝
մի՛ն
է
ազգի
մը
տեւողագոյն
ինչքերէն,
եւ
կրնայ
ըսուիլ՝
ազգային
նկարագրին
վերացական
ընդհանուր
արտայայտութի՛ւնը,
ազգին
դերին
հետ
ունի
ամենասեր
աղե՛րս.
այնպէս
որ
կ’այլափոխի՛
երբ
այդ
դերն
է
որ
կ’այլասեռի,
եւ
իր
սեփական
յատկանիշները
կը
պահէ,
երբ
այդ
դերն
է
որ
կը
մնայ
միեւնոյն.
–
լեզուն,
կ’ըսէմ,
Ալիշանեան
գրական
ցեղին
հայերէն
լեզուն,
թէեւ
զուրկ
կատարեալ
նոյնութենէ,
բայց
եւ
այնպէս
ունի
ամենահին
մտաւոր
ազնուականութեան
մը
մշտանոյն
նշաններն
իբրեւ
ընդհանուր
յատկանիշ
մը,
հայոց
լեզուին
ամենակարող
քերականութենէն
իր
պահած
ու
պերճօրէն
կիրարկած
կերպերուն
եւ
անոր
ամենաբաւ
բառարանէն
իր
ժառանգած
ճոխութեան
մէջ,
քանզի
հնա՞ր
է
բաժնել
իրարմէ
ա՛յդ
քերականական
ձեւերը
զոր
կը
մերժեն
սակայն
ոմանք,
եւ
ա՛յդ
բառերը,
որոնցմէ
չեն
ուզեր
սակայն
զրկուիլ:
Այդ
լեզուն
է
ուրեմն
Յովհ.
Սեթեանի
ալ
լեզուն
եւ
քիչ
բան
կայ
աւելի
փայփայիչ
մեր
ազգային
փառասիրութեան
համար,
քան
տեսնել
այդ
լեզուին
գեղեցիկ
լուսակարկաչ
հոսումը
անոր
երկին
մէջ:
Ո՛հ,
Սեթեանի
լեզուն
իր
քերթուածներուն
եւ
արձակ
էջերուն
մէջ,
կարծես
ամբողջ
հայերէնն
է
բանաստեղծութեան
մէջ:
Ամբողջ
հայերէնը,
ամէն
տխրութեանց
ու
չարչարանաց
եւ
ամէն
արբշռութեանց
բար
բառը,
աշխարհքն
ու
գերաշխարհը
պատմող,
բնութիւնն
ու
երկինքը
պատկերացնող,
արեւապա՜շտ
հայերէնն,
աստուածանուագ
հայերէնը,
–
տառապագին
տեսլապաշտութեան
արտայայտչի
իր
դերին
մէջ:
Ո՛հ,
բացայայտ
է
որ
Սեթեան
գնահատած
ու
յարգած
է
հայերէնը.
այնչափ
թոյլատու
է
այս
լեզուն
գաղափարաց
երանգները,
երեւակայութեան
տեսիլներն
ու
խանդին
յորդառատ
զեղումներն
արտայայտելու,
երփներփն
ու
պատկերալի՛ց
ու
հնչե՛ղ,
այնչափ
լի
է
կարողութիւններով,
այնչափ
հզօր
է
եւ
ազդու,
եւ
այնչափ
լի՜
անցեալով:
Սեթեան
սիրած
է
հայերէնն
եւ
ուսած
է
զայն.
գիտէ
զայն
կատարելապէս,
ուստի
կը
գործածէ
զայն
եւ
որքան
հնար
է
ամբողջովին:
Աւելի
ընտանի
իր
ընչեղ
ու
հարուստ
բառարանին,
քան
ամենօրեայ
հրապարակագրական
գրականութեան
բառացանկին,
աւելի
արժէք
ընծայելով
իր
ամբարող
լեզուագէտի
ուսման,
քան
այլոց
ուսանելու
եւ
պահելու
անփութութեան
կամ
անատակութեան,
չուզեր
խորհիլ
թէ
սովորական
գրականութեան
մէջ
անսովոր
եւ
օտարոտի
կրնան
թուիլ
իր
բազմազան
հոլովումներն
ու
խոնարհումները
որ
ըստ
կամս
եւ
ըստ
պարագային
կը
սղեն
կամ
կ’երկարեն
բացատրութիւնը,
որ
վանկեր
կը
շահեցնեն
դիւրաւ
կամ
պարապներ
կը
լնուն
վայելչօրէն,
ու
հնչիւններու
զանազանութեամբ
կարող
են
մեր
ուշադրութիւնն
յափշտակել
եւ
ցնծութիւնն
ըլլալ
մեր
հայկական
լսելեաց...
–
չի
մտածեր
թէ
կրնան
խժական
կամ
անհարազատ
թուիլ
իր
պերճ
ածականներն
ու
մակբայները,
իր
զարմանալի
գոյականները,
իր
փարթամօրէն
ժպտուն
ու
պչրանոյշ
դերանուններն
եւ
մինչեւ
իր
մոգական
նախդիրները
որ
վանկիկ
մը,
գիր
մըն
են
եւ
բառեր
կ’արժեն:
Չուզեր,
ընդերկար
չէ
ուզած
մտաբերել
թէ
իր
աշխատութեան
խուցէն
դուրս
ի՛նչ
կը
խորհին
աշխարհաբարին
նկատմամբ.
ի՛նչ
նկատմամբ
այն
լեզուական
հանդերձին
զոր
մեր
մտածումը
պէտք
է
հագնի
այսուհետեւ,
եւ
վաղո՛ւց,
թէ
բառերու
եւ
ձայներու
որպիսի՜
աղքատացում,
բայց
անպէտ
աւելորդ
վանկերու
որպիսի
խճողում
միանգամայն
հարկադրուած
են
լեզուին,
թէ
ինչպէս
պարտաւորուած
ենք
ամէնքս
ալ,
ափսո՛ս,
աւելի
պարզ,
աւելի
արձակունակ,
աւելի
ռամիկ
եւ
մերթ
աւելի
գեղջուկ,
եւ
յաճախ
յոյժ
նուա՛զ
հանրահայկական
տարազի
մը
հանդուրժել:
Սեթեան
կը
թուի
չլսել
բոլոր
այն
քրթմնջիւնները
որ
կը
բարձրանան
ամենայնի
դէմ
որ
հին
–
ազգային
աւանդութիւն
է
եւ
կը
յաւակնի
այժմէութիւն
մնալ,
բայց
որ
ներկային
մէջ
դանդաղացման
ու
զարտուղման
ու
նոյն
իսկ
յետս
դարձի
սկզբունք
մը
կը
թուի:
Որովհետեւ
Յովհ.
Սեթեան
ի
նկատ
կ’առնէ
միայն
իր
հայերէնագիտութեան.
իր
պատկերալից
ու
ձայնահարուստ
տաղաչափութեանն
ու
արձակին
հայրենի
իրաւունքները,
եւ
գոգցես
նաեւ
աւանդութեանց
պահպանմամբ
եւեթ
տեւելու
սկզբունքով՝
պարտաւորութիւնն
ուրեմն
աւանդապահութեան:
–
Իր
այն
նորագոյն
բացառիկ
էջերուն
մէջ
որ
նուազ
տեսլապաշտ
ու
նուազ
անդրաշխարհիկ
եւ
աւելի
յուսահատ
է
Սեթեան,
ուրեմն
ո՛չ
աւանդապահ,
հո՛ն
արդարեւ
իր
լեզուն
աւելի
մերկ
է
գրաբարի
զարդերէն
ու
զանակներէն
–
եւ
պիտի
կարդայի
ձեզ
այդ
կտորները,
եթէ
Սեթեանի
այս
տեսակ
մը
ինքնուրացութիւնն
ինծի
հաճոյ
ըլլար:
–
Սակայն
արդարեւ,
խիստ
յաճախ,
անոր
զգայասէր,
խանդաղատ
ու
հիացիկ
հոգւոյն
մայրենի
լեզուն
է
հայերէնը.
եւ
եթէ
ո՛չ
միշտ
հայրենիքի
բանաստեղծ
մը
կամ
հայրենիքի
հայ
մը,
բայց
յաւէտ
հայերէնի
բանաստեղծ
մը,
հայերէնի՜
հայ
մըն
է
Յովհ.
Սեթեան:
Ո՜հ,
իր
ազգասիրութեան
գեղեցկագոյն
ձեւն
է
իր
սէրն
առ
ազգային
լեզուն.
իր
ճշմարիտ,
իր
սքանչելի
հայերէնագիտութիւնն
իր
հայու
առաքինութիւնն
է:
Այսպէս
էր
նաեւ
մեծամասնութեան
մէջ
այն
միւս
մեծանուն
գրագէտներուն,
որոնց
ազգասիրութեան
մէկ
գերազանց
ապացոյցն
իրենց
լայն
ու
խորին
տիրացումն
էր
լեզուին,
անոր
անցեալն
ու
ներկան
միանգամայն
ընդգրկող:
Ստուգիւ,
սիրել
լեզու
մը
եւ
տիրանալ
անոր,
հաստատել
է
ներքին
համաձայնութիւն
մը
մեր
էութեան
եւ
այն
բարբառն
ունեցող
ազգին
նկարագրի
հիմնական
յատկութեանց
հետ
որք
այդ
լեզուին
բառերով
ու
բացատրութիւններով
արտայայտուած
են
արդէն:
Եւ
եթէ
ամէն
ճշմարիտ
հայ
քաջահմուտ
չէ
իր
լեզուին,
ամէն
հայերէնագէտ
հայ
ճշմարիտ
հա՛յ
մըն
է
անտարակոյս:
*
*
*
Սակայն,
ի՞նչ
գաղափարներ
եւ
ինչպիսի՞
մտաւորականութիւն
մըն
է
զոր
իր
պերճափայլ
լեզուով
կ’արտայայտէ
կամ
կը
զգացնէ
մեզ
Յովհ.
Սեթեան:
Այս
կէտը
կարեւոր
է,
վասն
զի
բանաստեղծութիւնն,
–
ինչ
որ
ալ
ըսուի
այդ
մասին
–
մտածողութեան
մէկ
ազատագրումը
չէ
բանականութենէն.
եւ
եթէ
զբօսանք
իսկ
ըլլար,
դարձեալ
պիտի
չըլլար
սանձարձակում
մը
ախորժակներու
եւ
յուզումներու:
Ինչ
որ
գեղեցիկ
է՝
նուազ
ենթակայ
չէ
բանականութեան,
քան
ինչ
որ
բարի
է.
եւ
բանաստեղծական
արուեստն
ու
գեղեցիկ
արուեստները
ոչ
այլ
ինչ
են,
քան
բանականութիւնն՝
յուզումներուն
մէջ:
Ապա
բանաստեղծութեան
մէջ
ներկայ
է
մարդն
իր
մարդկային
սեփական
յատկանիշներով.
այսինքն՝
մարդը
որ
կը
խորհի,
եւ
ընդհանուր
գաղափարներու
համեմատ
ինքզինքն
ու
իր
գործերը
կը
վարէ:
Եւ
գիտէք
որ
զգացումները
չեն
այլ
ինչ,
բայց
եթէ
յուզումներ
զոր
գաղափարք
կը
ծնին:
Այնքան
աւելի
վարակիչ
են
բանաստեղծին
զգացումները
որքան
աւելի՛
արդիւնք
են
մարդկային
յատկանիշներու,
այսինքն՝
բանական
սկզբանց
եւ
կարողութեանց,
որքան
աւելի՛
կրեն
կնիքն
այդ
յատկանիշներուն:
Ո՛չ
թէ
երբ
աւելի
կը
խորհի
բանաստեղծը,
քան
կը
զգայ,
կ’իմաստասիրէ,
քան
կ’երգէ,
այլ
որքան
աւելի՛
ուղիղ
կը
խորհի,
որքան
աւելի՛
իր
զգացմանց
սկիզբը
գտնուած
է
գաղափար
մը՝
հարազատօրէն
բանական:
Հա՞րկ
է
յիշեցնել
թէ
չարին
ու
բարւոյն
անխաբ
եւ
հաստատուն
ճանաչումը
խորագոյնն
է
մեր
բանական
կարողութեանց,
եւ
հասարակաց
խարիսխը
մեր
բոլոր
դատաստաններուն,
ուստի
արուեստագէտին
ու
բանաստեղծին
ալ
մտածութեան,
եւ
աւելի՛
մեծ
իրաւամբ
անոնց,
քանի
որ
անոնք
մարդկային
աւագորեարին
կը
պատկանին:
Իրաւունք
ունինք
ուրեմն
գիտնալու
թէ
ի՛նչպիսի
անձ
է
խորհողն
Յովհ.
Սեթեանի
մէջ,
ի՛նչ
են
եւ
ո՛րքան
բանավայել
իր
մտածութիւնք:
Ակներեւ
է
թէ
իր
իմացականութեան
մէջ
ոչինչ
աւելի
ներկայ
ու
գործոն
է
քան
իմացումը
Կատարեալին,
Յաւերժականին,
Բացարձակին:
Բայց
կը
թուի
ինծի
թէ
Պէրպէրեանի,
Տէմիրճիպաշեանի
եւ
այլոց
պէս
եւ
գուցէ
անոնց
ալ
ազդեցութեամբ
բանապաշտ
(rationaliste)
մըն
է
Սեթեան.
վերջին
դարուն
սովորական
եզրակացական
վիճակ
անոնց
մէջ
որ
աւելի
կամ
նուազ
տեղեակ
են
փիլիսոփայութեան
պատմութեան,
բայց
նոյնքան
տեղեակ
չեն
թէ
անիկա
պատմութիւնն
է
ինքնագլուխ
յանձնապաստան
մտքին
ծիծաղաշարժ
խարխափումներուն.
իր
քերթուածներէն
միոյն
մէջ,
Ձայնք
ի
միայնութեան,
բանաստեղծը
կը
թուի
գիտնալ
փիլիսոփայութեան
դոյզն
նշանակութիւնը.
բայց
իր
գրութեանց
մեծ
մասին
մէջ
կը
մնայ
միամիտ
դժբախտ
rationalisteը
որ
է:
Մինչեւ
իսկ
իր
սիրելի
Կոստանդնուպոլիսը
թողլով
Եգիպտոս
երթալէն
ի
վեր
այդ
բանապաշտութիւնն
հետեւած
կը
թուի
ո՛չ
թէ
իր
զառիվերին՝
այլ
զառիվայրին,
եւ
Սեթեանի
ազնուազգի
այլ
մանկական
ու
ազդելի
հոգւոյն
մէջ
ալ
կը
թուի
կրկնուած
ըլլալ
ինչ
որ
տեղի
ունեցած
է
պատմութեան
մէջ,
18րդ
դարուն...
Թոյլ
տուէք
ինձ,
տիկնայք,
թոյլ
տուէք
ինձ,
պարոններ,
քիչ
մը
սոսկալ
դէպ
ի
նիւթապաշտութիւն
այն
վարանոտ
էջքին
համար
զոր
կատարել
տուած
են
իրեն
թերեւս
հայկական
աղէտներն
ու
Եգիպտոսի
կեանքը...
Արդեօք,
կ’ըսէք,
լա՞ւ
կ’ընէր
եթէ
չբաժնուեր
Վոսփորէն,
եւ
նոյն
իսկ
Սկիւտա՜ր
գար
բնակելու...
Նոճեա՜ց
Սկիւտարը...
որուն
վրայ
խօսելու
առթիւ
իր
մէկ
նորավէպին
մէջ
կ’ըսէ
թէ
«մենաստանի
հրապոյր»
մը
ունի,
թէ
«անմռունչ
հանդարտութիւն
մը
որ
կը
մրափէ
հոն».
«քաղա՞քն
ես,
գի՞ւղն
ես.
ծովէն
հե՜ռու,
ծովուն
մօ՞տ.
երկնքին
տա՞կ
ես
թէ
մէ՛ջը»...
Սակայն
բացորոշ
է
թէ
Սեթեանի
մտքին
մէջ
ոչինչ
աւելի
ներկայ
ու
գործօն
է,
քան
գաղափարը.
թէ
Արդարին
ու
Բարւոյն
խորին
իմացումը
ունի.
թէ
Սեթեան
կը
մնայ
Տեսլականի
մա՛րդ:
Եւ
որովհետեւ
արուեստի
եւ
բարոյականի
շատ
մը
տեսլապաշտներու
պէս
ինքն
ալ
փիլիսոփայ
չէ
բարեբախտաբար,
այլ
բանաստեղծ,
այդ
տեսլապաշտութիւնը
թոյլ
կուտայ
իրեն
դաւանիլ
պէտքը
եւ
հնարաւորութինն
արդարութեան,
բարութեան,
եղբայրութեան
երանանդորր
վիճակի
մը,
որուն՝
այժմու
պայմաններով
իրագործման
մասին
յոռետես
է
իրաւամբ:
Արդարեւ,
մէկ
կողմէ
rationaliste
մը
լոկ
ըլլալ,
եւ
միւս
կողմէ
տաղանդի
ու
կեանքի
տեսլապաշտ
մը
եւ
տեսնել
ահաւորութիւնն
ու
զազրութիւնն
աշխարհին,
եւ
դեռ
յամառ
լաւատես
մը
ըլլալ
անկարելի
է:
Անէութեան
իմաստով
թիւրիմացուած
Նիրվանան
[3],
–
Եղիայինը,
–
եւ
ունայնութեան
գաղափարը
յաճախած
են
իրեն,
եւ
ինչպէս
իր
վայրկեանները
տխրեցուցած
նոյնպէս
իրենց
իսկութեան
օշինդրը
խառնած
իր
քերթուածներէն
մէկ
քանիին
որ
Սեթեանի
երկին
աւելի
քան
հարիւր
կտորներուն
մէջ
մասնաւոր
տասնեակ
մը
կրնան
ձեւացնել:
Բայց
որքա՜ն
աւելի
մեծ
է
իր
մէջ
խղճի
կեանքին
նկատմամբ
իր
յարգալիր
ու
հիացական
համոզումը.
որքա՛ն
ալ
աշխարհի
տեսարանը
մերթ
այդ
դաւանանքը
դեդեւեցնէ,
սակայն
անիկա
գլխաւորն
է
այն
ձեւերուն
զոր
Սեթեանի
մտածողութիւնը
խիստ
յաճախ
կը
զգենու:
Հոգեւին
բարեպաշտ,
–
վասն
զի
աւելի
քան
քսան
հատուածներ
իր
երկին
մէջ
այդ
բարոյական
տեսլականը
կը
յայտնեն,
եւ
մնացեալին
մէջ
ոչինչ
կայ
որ
հակասէ
այդ
համոզման
–
գրագէտը
ցոյց
կուտայ
թէ
հոս
բանականութեան
հետ
համաձայն
է
անվերապահօրէն,
եւ
ստուգիւ
իր
էջերուն
ամենամեծ
մասին
վրայ
կը
թուի
գաղտ
հիմն
նշուլել
բարձրագոյն
մտածողութեան
մը
կնիքը:
–
Աւելորդ
է
ըսել
թերեւս,
թէ
պէտք
չկայ
որ
արուեստի
մարդը
անպատճառ
եւ
ուղղակի
բարոյախօսէ,
այլ
պէտք
է
որ
իր
մտածութեանց
արմատն
իսկ
եղած
ըլլայ
անայլասեռելի
եւ
անվկանդ
ծանօթութիւնը
բո՛ւն
լաւին,
բացարձակ
բարւոյն,
–
ինչպէս
եւ
չսնուցանէ,
չտածէ՛
ու
պատկերացման
իր
զօրեղ
միջոցներով
հրապուրիչ
չընծայէ՛
այնպիսի
զգացումներ
որ
եղած
ըլլան
բուն
լաւին
ծանօթութեան
հետ
անհաշտ
գաղափարներու
ծնունդ:
Հակառակ
այդ
հիման
իրականութեան
Սեթեանի
մտքին
մէջ,
ոչինչ
կայ
արդէն
իր
գրականութեան
մէջ
վարդապետական.
այնպէ՞ս
են
միթէ
այն
քանի
մը
խօսքերը
զոր
նկարիչ
Պետրոս
Սրապեանի
մէկ
կտաւին՝
Մշեցի
աղջկան
բերանը
կը
դնէ,
ուղղելով
զանոնք
հայ
աղջիկներուն:
Կամ
այն
զմայլելի
խօսքերը
զոր
իր
աշակերտներէն
իրեն
ձօնուած
Վարդապսակի
մը
առթիւ
կ’ուղղէ
անոնց
մեծ
վայելչօրէն,
եւ
որոնցմէ
է
սա
տողը.
ԶԱստուած
երբեմըն
տեսնել
չի
լինի՜
ձեզ
դժուարին...
–
Կամ
մանաւանդ
ոչինչ
կայ
Սեթեանի
մէջ
հրամանական
(dogmatique).
այս
ամենաքաղցր
ուսուցիչը
ոչինչ
ունի
հարկադրիչ
յանուն
բարոյական
սկզբանց,
նոյն
իսկ
իր
բանապաշտի
տարակոյսներն
ու
ժխտումներն
անգամ
կը
թուի
արտայայտել
զգուշիւ,
առա՛նց,
որքան
հնար
է,
ճոռոմ
ձեւերու
կամ
մարտահրաւէր
վճռաբանութեան:
Ներողամտութիւնն
(tolérance)
իսկ
է
Սեթեան:
Եթէ
կա՛յ
իր
մտքին
համար
անբարոյական
բան
մը՝
անարդարութիւնն
է
այն:
Ա՛հ,
անաչառ
է
յայնժամ
եւ
աներկիւղ,
անիրաւախոհ,
եւ
ահա
իր
հայերէնագիտութեան
անձաւէն
կը
հանէ
մռայլ
շողիւնով
մը
վառվռուն
իր
զէնքերն
անոր
դէմ
շանթելու:
Բայց
բանաստեղծներու
դասական
ազատախոհութեամբ
աչառու
է
ինչ
ինչ
կասկածելի
ողջմտութեամբ
ընթացքներու
որ
սակայն
էապէս
այլավնաս
չեն
թուիր:
Կարծես
կը
դաւանի
մեղապարտ
անբարոյութիւններ
եւ
անմե՜ղ
անբարոյութիւններ.
այս
վերջիններն
ի
նպաստ
խեղճերու,
ինչպէս
այն
միւս
առանձնաշնորհեալ
խեղճերուն
որ
երիտասարդներն
են...
Եւ
սակայն
պարկեշտ
ու
խոհական
է
Սեթեանի
երեւակայութիւնը,
ամէնէն
փայլունն
իր
մտաւոր
կարողութեանց,
եւ
զօրեղագոյնը:
Վիպային
տեսիլներու
երեւակայութիւն
մը,
հրեշտակային
եւ
ամեհի.
մանկական
միանգամայն
հսկայական:
Երբ
կը
յիշէ
անցեալը,
սիրելի՜
անյագենալի
անցեալը,
իր
երեւակայութիւնը
կարող
է
վերկենդանացնել
իրերն
անոնց
զգայաբանական
բոլոր
յատկութիւններով:
Բայց
նաեւ
այդ
պատկերացուցիչ
կարողութիւնն
ունի
մերթ
այն
զարմանալի
զօրութիւնն
որ
իրերը
կը
վերաստեղծէ,
զանոնք
կարծես
զտելով:
Երբ
իր
խորունկ
աչքերը
բանի
մը
կը
նայէին,
կարծես
այդ
բանն
ահա
կ’առնու
նոր
էութիւն,
նոր
արժէք.
բարձր
հրապոյր
մը
կը
զեղու.
Սեթեանի
նայուածքին
տակ
այդ
բանը
կը
զգենու
վեհութիւն:
Չեմ
գիտեր,
նախապաշարո՞ւմ
պիտի
համարէք
արդեօք,
երբ
ես
սքանչացմամբ
տեսնեմ
սա
տողերուն
մէջ
իւրաքանչիւր
իր
վրայ
տեղի
ունեցած
այլակերպութիւն
մը.
–
անցեալի
վերյուշումներ
կ’ընէ.
սիրազեղ
կը
յիշատակէ
հին
ընտանի
բաները.
Եւ
բլուրներ
եւ
հեռաւոր
գիւղօրէք
Եւ
անտառակն
այն,
ի
գագաթ
բլրակին,
Ուր
հինաւորց
մի
ծերունի
զուարթագին
Ջուր
անցորդին
տար
ի
սափոր
պաղպաջուն:
Իր
գեղեցկագոյն
քերթուածներէն
միոյն՝
Երկու
տուներ
ուն
մէջ
տեսէք
ի՛նչ
կ’ընէ
մանկութեանը
սիրելի
իրերն
ու
էակները.
Ճրագունք
որ
գնան
մէկ
սենեակէն
միւս
սենեակ,
Բոց
նռնենին,
որպէս
խոնարհ
տանձենեակ...
Եւ
դարձեալ,
յաճախ,
ստեղծող
է
իր
երեւակայութիւնն,
որքան
անհրաժեշտ
է
սակայն
քնարերգակի
մը,
արձակագրի
մը,
նորավիպագրի
մը:
Տեսէ՛ք
ինչ
կը
պատմէ
փոթորկի
մը
նկարագրութեան
մէջ.
Եւ
հեղեղներն
սկսան
խաղալ
յաղթաջուր,
Եւ
փապարներ,
խորափիտներ
թաքթաքուր
Խոխոջէին
մեծագոռ.
Գոգցես
տիտան
հեծեալներ,
մէջ
վիհերուն,
Զբաղած
էին,
դոյլեր
առած
ջրով
լեցուն,
Մաքրել
իրենց
գոմն
ու
ախոռ:
Իր
քերթուածները
թէ
արձակները
զեղուն
են
պատկերներով:
Կարելի՞
է
այդ
էջերը
մի
առ
մի
յիշել,
նոյն
իսկ
ընտրանօք.
զոր
օրինակ
Խնդութիւնն
ու
խորհողը.
Գարո՜ւնը,
Թէ
ինչպէս
խենդեցաւը,
Կոյր
աղջիկը...
Կարելի՞
է.
մանաւանդ
որ
գուցէ
սպառելու
վրայ
եմ
ձեր
ներողամիտ
համբերութիւնը,
տեարք
իմ
եւ
տիկնայք:
Եւ
այս
երեւակայութիւնն
ինչպիսի՛
աշխոյժով
ու
ճարտարութեամբ
կը
նկարէ
շնորհալի
քնքոյշ
բաներ,
ինչ
որ
մանկական
է
ու
ինչ
որ
իգական,
ինչ
որ
երիտասարդական
է,
գարնանային,
կենսալի
եւ
զուարթ:
Բայց
նաեւ
ինչպիսի
յորդութիւն
եւ
ոյժ
իր
երեւակայութեան
մէջ,
երբ
կը
պատկերացնէ
զարհուրելի
քստմնելի
տեսարաններ,
մանաւանդ
երբ
հայկական
կոտորածներէն
անհանդարտելի
կերպով
խռոված
է
իր
հոգին:
Վագրեր
ոյց
աչն
է
գեհեն...
Քանասար
գայլերուն
վոհմակը...
–
Ոչ,
ոչ,
չպիտի
կարդամ
ես
ինչ
որ
գրած
է՝
ի
Խասգիւղ
իր
վերջին
այցին
վրայ
(էջ
217),
ինչ
որ
գրած
է
Խրիմեանի
մահուան
վրայ
(էջ
186)
եւ
ուրիշ
բազմաթիւ
առիթներով.
գրութիւններ՝
որոնցմէ
մին,
ուղղուած
թուրքի
մը,
հրատարակեց
Սուրէն
Պարթեւան
իր
Հոսանք
ին
մէջ...
Ո՛հ,
Սեթեանի
կարողութիւնն...
–
ուրիշ
անգամ
մը,
վասն
զի
գիտէ
իր
հոյակապ
բառարանը
զանց
ընել
բոլորովին,
ծովը
կը
նկարէ
ահաւասիկ
այսպէս.
Թալասա՛,
թալասա,
թալասա,
թալասա...
*
*
*
Բոլոր
այն
երեւակայութիւնը
շարժման
մէջ
դնող,
զայն
արծարծող
բոցավառող
բաներն
են
իր
մեծամեծ
զգացումները,
որոնցմով
է
որ
մեծ
է
արդէն
ինքն
ալ,
Յովհ.
Սեթեան.
–
զգացումներ,
առհասարակ
արդիւնք
բարձրագոյն
գաղափարաց:
Չէ՛
անոնցմէ,
որոնց
մէջ
երեւակայութիւնն
է
որ
զգացումները
կ’արտադրէ
կամ
կ’ձեւացնէ.
այլ
անոնցմէ,
այն
հարազատ
զգացողներէն,
որոնց
մէջ
յոյզերն
են
որ
կը
բորբոքեն
երեւակայութիւնը:
Ո՛հ,
ի՛նչ
տարբերութիւն՝
խորհող
Սեթեանին
եւ
զգացող
Սեթեանին
միջեւ.
խորհողը
վարանամիտ
է,
զգացողը
անզուսպ.
խորհողը
կը
տարուբերի
գլխիկոր,
զգացողը
խոյանալով
կը
խիզախէ.
մինչդեռ
խորհողը
կը
թաքչի,
կ’ստուերարկուի,
կ’աներեւութանայ,
զգացողը
կը
յայտնուի
մերկալանջ,
երփնավառ
կը
փայլատակէ
այն
տեսիլներուն
մէջ
զոր
կը
կոչէ.
–
եւ
ինքն
է
որ
կը
զեղու
բոլոր
այս
մատենագրութեան
մէջ:
Եւ
ի՞նչ
են
Սեթեանի
զգացումները:
Տխրութիւն
մը
որ
կը
ծնի
Հայաստանի
վրայ
հրոսող
գազանութիւններէն,
աշխարհի
անարգութեանց
տեսարանէն,
եւ
իր
բնապաշտի
տարակոյսներէն:
Զմայլում
մը
բնութեան.
զմայլում
որ
կը
յորդի
իր
բոլոր
էջերէն,
եւ
մասնաւորապէս
բնութիւնը
նիւթ
ունեցող
աւելի
քան
տասնեակ
մը
քերթուածներէ:
Հիացում
հանդէպ
հոգեկան
ամէն
բարձր
արժանեաց.
բարոյական
մեծութեան,
հանճարի
եւ
մանկական
ու
կուսական
անմեղութեան:
Սրամտութիւն
եւ
քամահրանք,
եւ
մերթ
ներո՜ւմ
ալ,
այո՛,
հանդէպ
ամէն
չարութեանց,
եւ
մանաւանդ
Սէ՛ր.
սէրն
իր
բոլոր
ձեւերով,
իր
բոլոր
արցունքներով.
եղբայրական
սէրն
ու
որդիակա՜ն
սէրն,
ազգասիրութիւնն
եւ
համամարդկային
գութը.
եւ
վերջապէս
միւս
սէրը,
տարփա՛նքը:
Քսանեւհինգ
բանաստեղծութիւններ,
մէկ
քառորդն
իր
բոլոր
էջերուն,
բանաստեղծը
նուիրած
է
միայն
այս
սէրը
պատմելու...
Ասոնք
են
իր
զգացումները,
եւ
ուրիշ
զգացում
չունի...
Ո՛հ,
Յովհաննէս
Սեթեան
մին
է
ամէնէն
խանդաղատ
հոգիներէն
որ
եկած
ըլլան
յաշխարհ:
Սակայն
ազնիւ
պարոններ
եւ
շնորհալի
տիկնայք,
վերջին
թոյլտուութիւն
մըն
ալ
ըրէք
ինձ,
որ
ձեզ
կարդամ
քանի
մը
հատուածներ
իր
սիրային
մէկ
չքնաղ
քերթուածէն,
որուն
խորագիրն
է
Աստարտէ՛.
...
Եւ
այժմ
ահաւասիկ
միակ
խորհուրդս
ես
դուն
այլեւս,
Դուն
առաջին
իմ
մըտածումն,
երբ
արշալոյս
կը
կոչէ
զիս,
Վերջին
դուն
պատկեր,
երբ
խոնջ
աչերս
փակուին
ի
նինջ,
Եւ
այժմ
մատիդ,
եթէ
դըպչի
յանըզգաստից
ծայրը
մատիս:
Թէ
անխոհեմ
հովը
սըփռէ
մազերուդ
խունկը
դէպ
իմ
կողմն,
Կամ
պարեգօտդ,
անցած
ատենգ
գըգուէ
թեթեւ
իմ
հանդերձս,
Ամբոխելով
կ’ալեծըփի
յայնժամ
հոգիս
ծայրածաւալ,
Եւ
գոգցես
իմն
յիս
կոհակդ
հըրահոսան
կը
թաւալին,
Սըրտիս
կը
զգամ
շիջանիլն
եւ
նըւաղիլն
իմ
աչքերուս:
Կը
կարծեմ
զքեզ
փառապանծ
իշխանուհի
մը
սիգաքայլ,
Որուն
առջեւ
կը
խոնարհի
ամէն
գըլուխ
պատկառանքով. ...
Աւա՜ղ,
թըշուառագոյն
արարածն
եմ
աշխարհի
վրայ,
Կը
հաւատա՞ս,
կ’անձկամ
ըլլալ
ապարանաջանն
որ
կը
փարի
Քու
արմուկիդ
փափկագոյն
քան
զամենայն
որ
է
փափուկ.
Կ’ուզեմ
ըլլալ
այն
շըղարշն
որ
կը
ծածկէ
ռեհան
մազերդ
Ցօղաթուրմ՝
տակաւին
լոգարանին
ծըփանքներէն.
Կ’անձկամ
ըլլալ
այն
բահուանդն
որ
կը
կապէ
ոտքըդ
քընքուշ,
Մանկան
ոտք
որ
գոգցես
կը
կոխեն
վրայ
լոյս
ամպերու: ...
Ահ,
թէ
վայրկեան
մ’ընկղմէի
մէջ
մազերուդ
ովկիանուն,
Թէ
ներէիր
ինձ
համբուրել
անոր
ալիքն
մըշկահոտ,
Թէ
թոյլ
տայիր
ակընթարթ
մը
լոկ
մոռնալ
իմ
էութիւնս,
Կը
թուի
ինձ,
վըսե՛մ
աղջիկ,
թէ
գորովեր
պիտի
Աստուած,
Եւ
զի
սէր
է
նա
բովանդակ,
պիտի
հաճէր
իմ
գորովիս
Եւ
հըրաման
պիտի
տար
որ
ադամանդ
դառնային
Հարիւր
իր
աստղերուն
եւ
իջնէին
պըճնել
զքեզ...
Որքան
պարզ
ու
քաղցր
է
այս
հոգին՝
պէշիկթաշլեանական
մեծվայելչութեամբ
այս
քերթուածին
մէջ,
եւ
որքա՜ն
ճշմարիտ
է
իր
սէրը:
Ե՞րբ
սէրը,
եւ
ո՞ր
զգացումը
ճշմարիտ
չէ
այս
մանկական
եւ
այրական
սիրտին
մէջ
որ
հիացում
ու
կորով
է
ամբողջ.
ո՛հ,
սա
տողը
չի
հեռանար
բնաւ
մտքէս,
կ’արտասանեմ
զայն,
երբ
նռնենի
մը
տեսնեմ,
մանաւանդ
իր
ջոլինարներովը
(այսինքն
իր
կրակի
գոյն
ծաղիկներով)
զարդարուած.
Բո՜ց
նըռնեին,
որպէս
խոնարհ
տանձենեակ...
Ինծի
կ’թուի
թէ
Սեթեանի
գրականութեան
մէջ
ինչ
որ
կայ
գերազանց,
գերազա՛նց,
քան
իր
զարմանահրաշ
հայերէնը,
գերազա՛նց,
քան
իր
երփնավառ
երեւակայութիւնն,
իր
զգացումներն
են,
իր
սիրտն
է
այն.
անպատում
ազնուութեա՜մբ
բաբախուն
սիրտ,
որուն
տրոփներուն
թնդիւնը
պիտի
չմարի
մեր
գրականութեան
ու
քաղաքակրթութեան
մէջ...
Գուցէ
բանաստեղծը
տառապի
այսօր
խորհելով
թէ
չէ՛
կրցած
լիովին
արտայայտել
իր
սիրտը
իր
գործերուն
մէջ.
ա՛յնքան
լաւ
գիտեմ
թէ
արտայայտուածը
շատ
աւելի
նուազ
գեղեցիկ
է
դեռ.
շատ
աւելի
նուազ
թանկագին
է
միշտ
քան
ինչ
որ
չէ՛
արտայայտուած:
Շատերուս
համար,
որ
աւա՜ղ,
անժառանգ
ենք
այդքան
ազնուութենէ,
իր
երկն
ուղղակի
թէ
անուղղակի
այդ
սիրտն
է
որ
կը
պատմէ:
Իր
երկն
ուրիշ
բան
չէ,
բայց
եթէ
արբեցուցիչ
կարօտներուն
բարձրագոյնները՝
ամէնէն
շքեղ
լեզուներուն
սիրելագոյնին
մէջ.
եղբայրութեան
ու
սիրոյ
երգ
մը
հայերէնի
տօնի՜
մը
մէջ.
գոգցես
ծիրանի
դողդոջուն
նեկտա՜ր
զոր
ոսկեհուռ
գոհարայեղ
բիւրեղով
Յովհ.
Սեթեան
կը
մատռուակէ
իր
ազգին,
անոր
դարերով
տառապած
սիրտը
անմահութեան
յոյսով
զօրացնելու
համար:
[1]
Նկատի
ունի
Ալիշանի
«Նուագք»
շարքը,
հատ.
1–5,
Վենետիկ,
1881–1888
թթ.:
[2]
Նկատի
ունի
Ալիշանի
«Ընդ
եղեւնեաւ:
Յամայութեան
բացավայրի
խորհրդածութիւն»
ժողովածուն,
Վենետիկ,
տպագր.
Ս.
Ղազար
(Մխիթարեան),
1874,
71
էջ:
[3]
Նիրվանա,
հնդկական
կրոնական
հասկացություն,
բարձրագույն
վիճակ։