Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՒԱՌԻ ՀՈԳԻՆ
(Փակման ճառ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴ. ի)


Ահա երիտասարդութիւնը որ մեր առջին է: Ահա չորրորդ անգամն է որ ան խուռներամ կը վազէ հոս իր գրականութեամբ ու գեղարուեստով հետաքրքրուելու եւ խանդավառուելու համար, մինչ մենք… ծերացածներս, Զարդարեանի նկարագրած գամբռին նման քոսոտած, փողոցի տղոց քար նետելուն կը սպասենք շարժելու համար: Մինչ երիտասարդութիւնը, որ կեանք ու արեւ կը սիրէ, կը վազէ կ’երթայ հոն ուր գեղարուեստը կը փառաբանուի: Ու գեղարուեստը արդէն ազգի մը արեւն ու կենսունակութեան ջիղը չէ՞ միթէ:

Մեր մէջ այդ կենսունակութեան ջիղը խաթարուած է, որովհետեւ, մայր երկրէն հեռացած, գաղթավայրերու մէջ է որ կ’ուզենք զայն բղխեցնել: Գաղթականութիւնը չէ որ սնունդ պիտի տայ գրականութեան, գեղարուեստին, այլ բուն իսկ հայրենի հողը, ուրկէ հեռացած է ան, եւ որուն վերադառնալու կոչ եղաւ այստեղ:

Կովկասեան գրականութեան յայտնի դէմքերէն մէկը, Խորէն եպիսկ. Ստեփանէ, իր կատարած ուսումնասիրութիւններէն ետք կուգար կովկասեան մամուլին մէջ իր ձայնը հնչեցնել թէ հայ ժողովուրդը փտած է, որովհետեւ գեղարուեստ չունի: Այո՛, ազնիւ ներկաներ, մահուան արժանի է այն ժողովուրդը որ զուրկ է գեղարուեստէ, որովհետեւ ժողովուրդ մը որ գեղարուեստ չունի, կը նշանակէ թէ զգալու կարողութիւնը չունի: Եւ ի՞նչ է ժողովուրդ մը՝ որ չի զգար:

Բարեբախտաբար ժամանակը ցոյց տուաւ թէ Ստեփանէ եպիսկ. անիրաւ էր իր կարծիքին մէջ, որովհետեւ եկան յետոյ միտքեր՝ ցոյց տալու համար թէ մեր ժողովուրդը իր ծոցին մէջ գեղարուեստի ընդունակութիւնը պահած է: Եկան Խրիմեաններ, Սրուանձտեանցներ, եւ աւելի նոր ժամանակներս Չիթունիներ, որոնք ժողովուրդին ծոցէն դուրս քաշեցին գրական մարգրիտներ: Այդ ապացոյց էր թէ հայ ժողովուրդը արժանի չէ մեռնելու:

Ցարդ գաւառը մեր աչքին առջեւ լծորդուած է խաւարի հետ: Մենք մեծ մասամբ գաւառը կը ճանչնանք իր տգիտութիւնով եւ յետամնացութեամբ: Բայց գաւառը իմ աչքիս առջեւ կը պատկերանայ իբրեւ սրբավայրը հայ գեղարուեստի նշխարներու, հոն կը տեսնեմ հայ երգը՝ հայ գեղջուկին շրթներուն վրայ, հայ գութանը, հայ գեղջուկը՝ իր արօրին ու մաճկալին հետ, ու քարերն անգամ նուիրականութիւն մը կը յիշեցնեն ինծի: Այդ քարի բեկորներն են մեր հայրենիքը, ազնիւ հանդիսականներ, հոն են շեշտերը մեր գեղարուեստին, եւ ոչ թէ մայրաքաղաքներուն մէջ, ուրկէ մենք այդ գաւառը կը դիտենք իբրեւ խաւարի վայր:

Ռուբէն Զարդարեան, որուն կը նուիրէ Էսաեան սանուց միութիւնը իր չորրորդ Գրական ասուլիսը, մէկն է հայ գրականութեան սակաւաթիւ դէմքերէն, որոնք ճանչցած են գաւառը իր բնական եւ հոգեկան հարստութիւններով, եւ իրենց գործը կերտած են այդ հարստութիւններուն վրայ, որոնք ժողովուրդինն են. Զարդարեան, իբր յեղափոխական, իր սիրտը կապած է ժողովուրդին սրտին, եւ իբր գրագէտ, իր միտքը կապած է ժողովուրդին միտքին հետ: Ժողովուրդին զաւակն է Զարդարեան:

Ես իր Ցայգալոյսը դեռ այս տարի կարդացի: Երբ զայն կարդացի Զարդարեանը չպատկերացուցի բնաւ աչքերուս առջեւ, այլ ամբողջ ազգ մը, ամբողջ ժողովուրդ մը՝ իր գեղեցկութեամբն ու շքեղութեամբ: Այդ մատեանը գրքի մը տպաւորութիւնը չէր որ թողուց վրաս, այլ կեանքի մը, իր բաբախումներովն ու իր զգայնութեամբը:

Երբ կը թղթատէի իր էջերը, բառեր ու նախադասութիւններ չէր որ կը պատկերանային աչքիս առջեւ, այլ կարծես անծանօթ էակ մը իմ ձեռքէս բռնած կ’առաջնորդէր զիս անծանօթ վայրեր, դէպի գանձեր բիւրազան եւ դէպի պերճութիններ շողշողուն: Ու երբ Զարդարեանի վրայ կը խօսինք, կարծես թէ ինքը բնաւ գոյութիւն չունի ինծի համար, այլ կեանքը, այլ երկիրը, այլ հայրենիքը, որ այնքան գեղեցկութիւններ ունի: Իր գործին մէջ ես չտեսայ ածականներ, այլ պատկերներ էին ամբողջ աչքիս առջեւ, զորս այնքան բանաստեղծներ կը փնտռէին ու չէին գտներ, եւ զորս սակայն գտած է Զարդարեան, որովհետեւ զգացած է զանոնք, իրենց բովանդակ գեղեցկութեանը մէջ:

Ահա մարդ մը մեր առջեւ արժանի ամէն յարգանքի: Մարդ մը որ գաւառի շունչը տուաւ մեզի: Շնչենք այդ շունչը, մանաւանդ դուք երիտասարդներ, շնչեցէք զայն երիտասարդական շունչով մը, որովհետեւ ան գաւառէն կուգայ, մեր հայրենի բնակավայրէն, որուն արեւը քաղցր է, ջուրը անուշահամ, երկինքը վճիտ եւ օդը կենսատու ու պայծառ, եւ որուն վրայ կը սաւառնի գեղեցկութիւնը: Շնչենք այդ գեղեցկութիւնները: