ՓԱԿՄԱՆ
ԽՕՍՔ
(Ամփոփում
Ռ.
ԶԱՐԴԱՐԵԱՆի
ճառին)
Սիամանթօն
վերլուծելով
երեք
էական
գիծեր
կը
գտնենք
անոր
մէջ.
–
Սէմպօլիզմը,
Միսթիցիզմը
եւ
Լաւատեսութիւնը:
Լաւատեսութիւնը
արդէն
հայուն
նկարագրին
գլխաւոր
գիծը
կը
կազմէ:
Հայ
արուեստը
ծայրէ
ծայր
կարծես
լաւատեսութիւնով
է
թրծուած:
Հայ
լաւագոյն
գրագէտները
լաւատեսներ
են
եղած:
Նոյն
իսկ
հայ
երաժշտութեան
մէջէն
ծայրէ
ծայր
լաւատեսութիւն
մը
կ’արտահոսի:
Սիամանթօ
ռազմի
երգիչն
է:
Բայց
մինչ
իր
նախորդները
կռիւի
կը
դրդէին
եւ
ժողովուրդը
պայքարի
կը
հրաւիրէին,
Սիամանթօ
ընդհակառակը
կռիւը
կ’երգէ:
Ան
կ’երգէ
տանջանքը
եւ
զայն
յոյսի
կը
փոխէ:
Այս
շեշտն
է
որ
Սիամանթօի
քերթուածներուն
մէջ
մարգարէական
շունչ
մը
կը
դնէ:
Հատորը
որ
մեր
առջեւն
է,
–
Սիամանթօի
Ամբողջական
գործը,
–
ցեղին
մարգարէութիւնը
կը
բովանդակէ:
Կ’ողջունենք
անով
նոր
դարերու
հայ
մարգարէն: