Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

«ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ»ՈՒՆ ՇՈՒՐՋ
(Բանախօսութիւն ՏՕՔԹ. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆի)


Յարգելի ունկնդիրներ,

Այստեղ արտայայտուած այն տեսական ըմբռնումը թէ՝ բանաստեղծի մը, հեղինակ մը կամ գրուածք մը կարելի չէ դատել, դժբախտաբար չեմ կրնար բաժնել: Ճիշտ է որ հեղինակի մը երկը կամ բանաստեղծի մը քերթուածը անոր անհատական զգացումներու եւ դատողութիւններու արտայայտութիւնն է, սակայն այդ չի նշանակեր որ այդ արտայայտութիւնը ուրիշներու համար անձեռնմխելի պիտի նկատուի, քանի որ իր հրապարակային արտայայտութեամբ իսկ կը դադրի զուտ անհատական բան մը ըլլալէ եւ կը դառնայ հասարակութեան սեփականութիւն: Ահա այս ըմբռնումով է որ ես կը մօտենամ Դանիէլ Վարուժանի Հեթանոս երգերուն թերի կողմերը վեր հանելու:

Թիւրիմացութինները մէկ անգամէն կանխելու համար անհրաժեշտ կը համարեմ այստեղ շեշտել թէ՝ Վարուժան իմ կարծիքով բանաստեղծ է եւ ան ալ տաղանդաւոր բանաստեղծ, որովհետեւ ան ունի այն բոլոր հիմնական յատկութիւնները, որ կը պահանջուին քերթողէ մը վառ երեւակայութիւն, պատկերներ յօրինելու եւ արտայայտելու կարողութիւն, բանաստեղծական թռիչք, նիւթեր ընտրելու եւ մշակելու ընդունակութիւն, զգացումի ենթակայութիւն, գեղարուեստական ճաշակ, եւայլն: Սակայն այս ամէնով հանդերձ Վարուժան ունի իր թերի կողմերը եւ արդէն ուրիշ կերպ ալ չէր կրնար ըլլալ: Ջանալ ապացուցանել կամ առնուազն լռելեայն ընդունիլ որ Հեթանոս երգերը ամէն տեսակէտով քննադատութիւնէ վեր ժողովածու մըն է, կը նշանակէ Վարուժանի հասցէին ուղղել ամենամեծ անարգանքը. այդ կը նշանակէ ընդունիլ թէ՝ Վարուժան հասած է կատարելութեան վերջին աստիճանին, այլեւս առաջ երթալու տեղ չունի, հետեւաբար ստիպուած է քարացած վիճակի մը մէջ մնալ ասկէ ետքը: Եւ որովհետեւ ես բոլորովին այլ կարծիք ունիմ Վարուժանի մասին, այդ պատճառով չեմ կրնար անոր Հեթանոս երգերը իր վերջին խօսքը, հետեւաբար թերութիւններէ զերծ նկատել:

Ա. Վարուժանի լեզուին մէջ դուք կհանդիպիք շարք մը անգործածական բառերու, որոնք ըստ ինքեան ո՛չ նորութիւն մը կը բերեն եւ ոչ ալ գեղարուեստական առանձին արժէք մը ունին: Ունի շատ մը գրաբարի յատուկ դարձուածքներ ու ձեւեր: Եթէ ասոնց վրայ աւելցնէնք նաեւ նախադասութեան մասերու անսովոր դասավորումն ու չափէն աւելի շրջումները, այն ժամանակ կ’ունենաք ձեր առջեւ լեզու մը, որ ծանր է եւ դժուարահասկանալի նոյն իսկ երկրորդական վարժարանի մը վերջին կարգերուն, մինչեւ անգամ երկրորդական կրթութեան տէր անձերու: Երբ քերթուած մը կարդալու ատեն ընթերցողը ստիպուած է խորհիլ բառերու եւ անոնց փոխյարաբերութեան վրայ, այդ պարագային անոր համար ամբողջովին կը կորսուի քերթուածին գեղարուեստական հաճոյքն ու վայելումը: Բաւական է երկու տասնեակի չափ բառեր հանել Վարուժանի բառագիրքէն, վերջացնել գրաբարաբանութիւնը, բառերու դասաւորման վրայ քիչ մը աւելի խնամք տանիլ, եւ ահա կ’ստացուի աւելի կանոնաւոր եւ միանգամայն պարզ լեզու մը: Ասով չի պահանջուիր հարկաւ ո՛չ լեզուի ժողովրդականացում ու ոչ ալ աղքատացում: Գեղարուեստական երկի լեզուն պիտի ունենայ իւրայատուկ վսեմութիւնն ու գեղեցկութիւնը, բայց այս յատկութիւնները պիտի փնտռուին ո՛չ թէ սեթեւեթանքի, այլ պարզութեան մէջ:

Բ. Լեզուի չափ կարեւոր տեղ կը բռնեն բանաստեղծութեան մէջ պատկերները: Ասոնք երեւակայուած ու արտայայտուած պէտք է ըլլան այնպիսի ձեւով մը որ ընթերցողը անմիջապէս կարենայ իր աչքին առջեւ պատկերացնել եւ եթէ նկարելու քիչ մը շնորհք ունի, կարենայ վրձինը առնել ու նկարել: Այս տեսակէտէն դատելով՝ Վարուժան ունի շարք մը դժուարըմբռնելի եւ նոյնիսկ աներեւակայելի պատկերներ: Այսպէս օրինակ՝ Լքումին եւ Բեգասին մէջ ինչ ինչ հատուածներ:

Գ. Հեթանոս երգերու մէջ մարդ կը հանդիպի շարք մը քերթուածներու, որոնք ճապաղ ու ձգձգուած են. մինչդեռ բանաստեղծութեան մէջ, նոյնիսկ նկարագրական կտորներու նկատմամբ, գերադասելի պէտք է համարել գրութեան սեղմ ձեւը, թողլով որ մնացածը ընթերցողը իր երեւակայութեամբ լրացնէ, հարկաւ պատկերաւոր արտայայտութիւններով նմանօրինակ լրացումներու շարժառիթը տալով: Երբեմն մարդ կը փորձուի նոյնիսկ խորհիլ թէ բանաստեղծը այսինչ նիւթի մասին ուզեր է անպատճառ այսչափ գրել: Այդպէս ձգձգուած ու ճապաղած են օր. Տրտունջքը, Մեքենաները եւայլն, որոնք մասնաւոր հետաքրքրութեամբ կը սկսին, բայց նոյն ձեւով չեն կրնար շարունակուիլ: Մարդ կը ձանձրանայ ուղղակի ամէն բան բանաստեղծէն լսելէն:

Դ. Հեթանոս երգերու մէջ կան նաեւ արհեստականօրէն մէջ մտած ամբողջական ու հատուածային մասեր. իսկոյն մարդու աչքին կը զարնէ թէ՝ ակնարկուած կտորները ո՛չ թէ բանաստեղծի զգացմունքի ու երեւակայութեան ծնունդն են, այլ տեսակ մը արտաքին ազդեցութեան հետեւանք: Այսպէս օրինակ, Երեք քոյրերու վերջին տունը բոլորովին արհեստական է եւ նախորդ տուներու առաջ բերած տրամադրութիւնը մէկ անգամէն կը փճացնէ. նոյնպիսի արհեստական վերջաւորութիւն ունին նաեւ Սպասում եւ Մամուս աղօթքը քերթուածները: Իսկ Մայիս մեկը ամբողջովին պատուէրով գրուած ոտանաւորի մը տպաւորութիւնը կը թողու:

Ե. Ամենաքննադատելի կէտը սակայն Հեթանոս երգերու մէջ՝ դէպի կինը արտայայտող սէրն է: Այն ամէն կտորները, որոնք նուիրուած են կնոջ, կը նկարագրէն անոր մարմինը, շարժուձեւերը, պարը եւ առ հասարակ արտաքին գրաւչութիւնները կամ կ’արտայայտեն այր մարդու ամէն կարգի ցանկութիւնները: Առէք օրինակ Հեթանոսականի չերքէզուհին, Հարճի եւ Ո՜, Տալիթաի հերոսուհիները, Ո՜վ Լալագէի եթովպուհին, Արեւելեան բաղանիքի կանանց վերաբերեալ նկարագրութիւնները, ասոնց հետ մէկտեղ նկատի առէք այր մարդու կողմէ արտայայտուած ցանկութիւնները յիշեալ բոլոր քերթուածներուն մէջ, եւ դուք կը համոզուիք որ Հեթանոս երգերու մէջ ո՛չ թէ սեր ու գեղեցկի պաշտամունք կայ, այլ միայն կիրք ու տռփանք, այն ալ միայն այր մարդու համար: Մինչեւ անգամ այն պարագաներուն, երբ խնդրոյ առարկայ կինը բանաստեղծի կարեկցութեան կ’արժանանայ (ինչպէս Բանուորուհին), դարձեալ նկատելի է կրքոտ վերաբերմունք մը դէպի անոր մարմինը: Եւ վերջապէս այնտեղ, ուր մարմինէն զատ ու աւելի՝ ուրիշ բան պիտի փնտռուեր, Օրհնեալ ես դու ի կանայսի մէջ, միս ու ոսկորէն զատ ոչինչ գոյութիւն ունի: Բնաւ խօսք չկայ կանացի յատկութիւններու մասին, իբր թէ անոնք երբեք գոյութիւն չունենային եւ իբր թէ իրականին մէջ կին ու այրը իրար կապողը մարմինն ու միսը ըլլար լոկ: Եթէ նոյն իսկ այս վերջին կարծիքին կողմնակից ենթադրենք բանաստեղծը, այդ պարագային գոնէ խօսք պիտի ըլլար նաեւ կանանց կողմէ զգացուած ցանկութիւններու մասին, մինչդեռ Հեթանոս երգերու մէջ կինը կը ներկայանայ այր մարդու ցանկութիւններուն բաւարարութիւն տալու համար ստեղծուած էակ: Մարդ չի կրնար երեւակայել թէ իգական սեռի ներկայացուցիչները ի՛նչ կ’զգան, երբ իրենց վերաբերեալ տողերը կը կարդան այս ժողովածուի մէջ: Անկախ սակայն անոնց զգացումներէն, Հեթանոս երգերու մէջ դէպի կինը ցոյց տրուած վերաբերումը կը մնայ իբր ոչ-իրական եւ ոչ-մարդկային, գէթ իւրաքանչիւր քաղաքակրթուած մարդու համար:

Իբր եզրակացութիւն կրնամ ըսել թէ՝ Վարուժանի Ցեղին սիրտը իբր ամբողջութիւն աւելի յաջողած է, որովհետեւ այնտեղի նիւթերը իր սրտին աւելի մօտիկ ու հարազատ են. իսկ Հեթանոս երգերը աւելի կը շահէր, եթէ որոշ քերթուածներ ու բազմաթիւ կտորներ դուրս մնային անկէ: