Գրական ասուլիսներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԱՒԱՌԻ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
(Ճառ Պ. ՍԱՐԳԻՍ ՄԻՆԱՍԵԱՆի)


Ժողովրդի մը հոգուն հայելին գրականութիւնն է: Անոր մէջ կը ցոլան անցեալը, մտքի եւ սրտի բոլոր շարժումներով, եւ ապագայ երազները, իտէալները: Գրականութիւնը ժողովրդի մը գոյութեան ինքնորոյն գոյութեան ոսկեղէն սիւնն է: Սա ան ուժն է որ շարժման մէջ կը դնէ մեր գոյութեան, գործունեութեան զսպանակները: Գիտութիւնը եթէ մտածել կուտայ, զգայական աշխարհ է որ կը մղէ: Մէկը մեքենան է, միւսը ոգին:

Ցեղի հոգին սերտելու համար անոր գրականութիւնը պէտք է քրքրել: Հայ ազգը լեզու մը, մեղրամոմի պէս լեզու մը ունի որ ընդունակ կ’ընէ զինքը մտքի ամէն ձեւերը արտայայտելու: Մեր գրաբար լեզուն արուեստի տեսակէտով հիանալի է, մեր ոսկեդարու գրականութիւնը ոչ մէկ տեսակէտով վար չմնար ուրիշ մեծ ազգերու գրականութենէն, իբրեւ լեզուի կերտուածք: Զարմանալի չէ որ օտարները հայ Աստուածաշունչը «բոլոր թարգմանութիւններու թագուհին» կոչած են [1]:

Սակայն հին լեզուի արտայայտութեան ձեւը անցեալին կը պատկանի. անկէ ի վեր մեր լեզուն պատմական եւ աշխարհագրական զանազան ազդակներու բերումով, բնաշրջուած է, կերպարանափոխուած է: Բայց այդ կերպարանափոխութիւնը առերեւոյթ է: Մեր գրաբար լեզուն պատմականօրէն մեռած է իբր քերականութիւն. բայց իր տարրերը գրեթէ նոյնութեամբ բացառաբար կարգ մը աղաւաղուած ու հինցած բառերու անցած են աշխարհաբարի մէջ: Այսօրուայ մեր աշխարհիկ լեզուի բառերը մեծ մասով շարունակութիւնն են հինի: Եթէ կան որ չենք գործածեր, մեծ մասով պատճառը ան է որ չենք ուսումնասիրած:

Գրաբար լեզուէն զատ մեր ներկայ աշխարհաբարի ամէնէն կենսունակ աղբիւրը մեր «գրոց բրոցն է», ժողովրդական բարբառը որ աննմանօրէն հարուստ է եւ բազմակողմանի, թէ իր հիանալի բառերով եւ թէ ասացուածքներու կերտուածքով, կուռ, կարճ, իմաստալից եւ ճշգրիտ: Անոնց մէջ լեզուի գոհարներ կան՝ զոր մենէ առջինները արհամարհելով կամ տգիտութեամբ անտես ըրած են եւ չեն կրցած շահագործել:

Ժողովուրդը բնութեան հետ գիրկ գրկի ապրելով, իրար շնչելով, բնազդօրէն աւելի շուտ եւ խոր կը զգայ զայն եւ աւելի հաւատարիմ կերպով կը թարգմանէ անբարբառ բնութեան լեզուն քան ոեւէ գրագէտ քաղաքի փողոցներուն մէջ: Հոս է որ չի կարելի ընդունիլ լատին առածը trodutore traditore, թէ թարգմանիչ մը միշտ դաւաճան մըն է հեղինակի ոգուն:

Ժողովրդական գրականութեան ճաշակը մեր մէջ նոր կը սկսի լուսնալ: Ռուսահայերը այդ մասին մենէ առաջ են, միայն իրենց սխալը այն է որ ընտրութիւն չեն ըներ:

Ժողովուրդը, այդ «անանուն ամբոխը» ստեղծագործող ուժն է: Բնութեան պէս է. իր մէջ ունի կենսական բոլոր թաքուն եւ խորհրդաւոր ուժերը: Ըսուած է թէ «Վօլթէր աշխարհի մէջ ամէնէն սրամիտ մարդն է, Վօլթէրէն մեծ միայն ժողովուրդը կայ»:

Մեր ներկայ աշխարհաբարը պէտք է դառնայ այդ ականակիտ աղբիւրին, եթէ կ’ուզէ դարբնել զուտ ազգային դրոշմը եւ խորութիւնը ունեցող լեզու մը: Մշակուած լեզու մը ազգի մը համար հզօր գործիք մըն է կռանելու համար ցեղին ոգին:

Ինչպէ՞ս պէտք է մշակենք այդ լեզուն: Մեր գաւառական լեզուի տարրերը հաւաքողներ շատ ունինք, բայց զանոնք գրական ճաշակով եւ նրբութիւնով գործածվող ու նուիրագործող քիչեր ունինք: Բաւական չէ ամէն ինչ ժողովրդական լեզուի պիտակին տակ կռել գրականութեան մէջ, պէտք է գիտնալ ընտրել եւ ճաշակ ունենալ՝ այդ պիտի ընեն տաղանդաւոր եւ գեղարուեստական զգայութիւնը ունեցող գրիչներ: Այն օրը, երբ այդ տարրերը իրենք զիրենք ընտանի կը զգան մեր գրական էջերուն մէջ, ադամանդահիւս լեզու մը եւ գրականութիւն մը պիտի ունենանք:

Ֆրանսացիք իրենց galicismeներուն համար հոգի կուտան, եւ կը գործածեն զանոնք ազգային խորունկ հպարտութիւնով մը: Մեր լեզուն իր հայաբանութիւններով (arménisme) բնաւ, բնաւ երբեք վար չի մնար ֆրանսական կամ ոեւէ մշակուած բարձր լեզուներէն, եւ թերեւս չեմ պնդեր նոյնիսկ աւելի ճոխ է եւ պատկերալից:

Առայժմ դէն կը ձգեմ գաւառական պարզ vocabulaireը [2], անոնց կարճ, տաշ եւ գնտակի մը պէս թափանցող բառերը. կ’ուզեմ միայն ճաշակ մը տալ՝ մէջ բերելով մէկ քանի ժողովրդական ասացուածքներ, որոնք ամէնքն ալ մէյմէկ աննման պատկերներ են: Եւ արդէն ժողովուրդը միշտ պատկերով կը խօսի:

Ձմրան վարդ = կրակ: Հող հոտիլ, մէկ աչքը փոսը նայիլ = շատ ծեր, հիւանդկախ: Տափը թումբ ընել = մեռնիլ, գերեզման մտնել: Խրատ տալէն բերանս որդ ինկաւ, մազ բսաւ = ճարս հատաւ խրատ տալէն: Խելքին ծալը պակաս է = քիչ յիմար, ապուշ է: Հովը ետեւէն է = որոշ ուղղութիւն մը չունի, ուր քշես, հոն կ’երթայ: Լուսնկին լուս հաց կերած մարդ է = թշուառ, անճրագ ապրած մարդ է: Շուք կամ հով արածել = գիւղին մէջ ծոյլ ծոյլ ման գալ: Ծաղիկը փրփրեր է դաշտին մէջ = ծաղիկը պատեր է: Ցուրտը արիւն կը ծծէ = սարսափելի ցուրտ: Սեւի է = սգաւոր է: Սեւը ներս ընել ճերմակը դուրս = վիշտը մարդու չյայտնել: Օձու կծած դրամ ունի թող ծախսէ = աւելորդ, հարամ դրամ ունի: Բերանը ոսպ չի թրջիր = անգաղտնապահ է: Օձ գնդող = վերջին ծայրը կծծի: Կամ աղը պակաս է կամ մաղը = նեղը մնացած ատենը բարեկամ կ’ըլլայ: Հորթը եզին տակ փնտռել = բանի մը հակառակը ընել: Հոգիին մէջ ծաղիկ կապել = հրճուանք պատճառել: Մտքին մէջ լուսցան հօրը յիշատակները = արթնցան: Ոտքերը գետնէն կտրուիլ = ապշահար մնալ: Կաթ հոտիլ բերանը = դեռ անփորձ է: Գնա ծերութեանդ ոսպը քարէն զատէ = ըրածդ քաշէ: Լարով փոկով տուն մը կրցաւ շինել = ճարճարակ բան մը ըրաւ շինեց: Քառասուն ակէ ջուր կը բերէ = խաբեբայ, հազարումէկ պատրուակներ կը ստեղծէ: Արեւը սեւ կը ցաթէ անտառին մէջ = կ’ըսուի խիստ մթաստուեր անտառի մը մասին՝ ուր արեւին ճառագայթները չեն կրնար թափանցել, եւն.: Դեռ կան անթիւներ, բայց պէտք է առնել ընտրանքով:

Մեր ժողովուրդը կը շինէ նաեւ argot [3] բառեր, եւ շատ յաջող: Ֆրանսական այդ սեռի բառերը, երբեմն այնքան գեղեցիկ են որ բարձր գրականութիւնը չի մերժեր պատշաճօրէն կիրառել: Տեղին գործածուած այդպիսի բառեր համով ժպիտ մը կը դնեն խօսքին մէջ, եւ կարծես լուրջ ընթերցութիւն մը ըրած պահուդ, զուարթ ու շուտիկ անակնկալ մը կը պատահի: Իբր նմոյշ կ’արժէ յիշել մէկ երկու հատ: Ոսպը քարոտ է մաղը ծակ է = կը հասկնայ: Մարտիրոս = հաւ: Մոխրաթաւալ = էշ: Լոգցնել = սպանել: Ծամ = ուտելիք: Շուք = դրամի տոկոս: Փատւոր = ոստիկան: Լօլօկ = հրացանի գնդակ: Հոլովել = գողնալ: Գալու խոտ = ոչխարի միս:

Ժամանակն է որ գաւառացի մեր գրողները եւ նոր երիտասարդները սկսին գնահատել լեզուի այդ հիանալի տարրերը, քանի դեռ Պոլսոյ մամուլի արուեստական լեզուն մոռացութեան տակ չէ մահացուցեր ժողովրդի ստեղծված այդ բնական արտայայտութիւնները որ այնքան թանկագին է մեզի համար:

Մեր ժողովրդական լեզուի մեծագոյն վարպետներն են՝ Խրիմեան Հայրիկ, Սրուանձտեանց, Թլկատինցին, Ռ. Զարդարեան, Գեղամ, եւ այլն: Չեմ հաշուեր բառահաւաքները, այլ միայն անոնք, որոնք գրականութեան մէջ նուիրագործեցին այդ ոճերը, այդ ոսկեղէն գիւտերը:

Զարդարեան՝ շնորհիւ իր օտար լեզուի քիչ շատ ծանօթութեան [4] արուեստագէտի դրոշմը կը դնէ, երբ կը գործածէ զանոնք. կը յղկէ ձգտելով պոլսական աշխարհաբարի ընթացքին մօտենալ:

Ցայգալոյսին մէջ երբ կը նկարագրէ ժողովրդական տիպեր, բարքեր, կը ներկայացնէ կեանքը այնպէս ինչպէս է, այնքան հաւատարիմ, այնքան դաժանօրէն իրական, գրիչը ոչ մէկ couleur locale [5] չը փախցնիր: Անոնք որ գաւառացի են եւ ապրած այդ միջավայրը՝ անոնք միայն կը զգան թէ Զարդարեան որքան դիտող եղած է իր մանրամասնութեանց մէջ: Իբր բանաստեղծ նկարագրութիւններու մէջ կը թուի թէ պարզութեան դէմ կը մեղանչէ, բայց այդ պէտք է վերագրել մանրամասնութեանց, որոնք սակայն այնքան իրական են եւ կը ստիպուիս չտեսնում ընել այդ կէտը:

Բայց երբ Զարդարեան մեզի կուտայ ինքնուրոյն քերթուածները, հոն աւելի պոլսեցի գրող մըն է, թէեւ կը զգաս որ գաւառական միջավայրի մէջ գրուած են անոնք: Իր ոճը գաւառի կեանքով լեցուն, վայրի ծաղիկներու մէջ մեծցած գեղեցիկ աղջիկ մըն է, որուն կը պակսի քաղաքի մթնոլորտի հպումը աւելի ճկուելու եւ նրբագծուելու համար: Զարդարեանի ներկայ ոճը աւելի ամփոփ, աւելի ճկուն եւ աւելի սահուն է: Գիտէ վարպետօրէն գործածել ժողովրդական դարձուածքները, բայց դժբախտաբար ո՛չ յաճախ:



[1]            Բնորոշումը ֆրանսիացի նշանավոր արեւելագետ Մաթյուրեն Վեյսիեր Լա Կրոզինն է:

[2]            Vocabulaire (ֆր. ) բառապաշար:

[3]            Argot (ֆր. ) ժարգոն:

[4]            Զարդարյանը, թուրքերենից զատ, տիրապետում էր նաեւ ֆրանսերենի: Թարգմանել է Էմիլ Վերհառնի, Վիկտոր Հյուգոյի, Օսկար Ուայլդի, Անատոլ Ֆրանսի տարբեր ստեղծագործություններ: 1914-ին նրա թարգմանությամբ հայերեն լույս է տեսել Նոբելյան մրցանակի դափնեկիր, շվեդ Սելմա Լագերլյոֆի գիրքը (տե՛ս Սէլմա Լակէրլօֆ, Երուսաղեմ-Տալէքարլիի մեջ: Թարգմ ֆրանս. Ռ Զարդարեան: Հրատ. «Հայրենիք»-ի թիւ 24: Բոստոն, 1914, 306 էջ), որում, որպես նախաբան, Զարդարյանը ներկայացրել է իր եւ հեղինակի նամակագրությունը:

[5]            Couleur locale (ֆր. ) տեղական գույն: