Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԻՐՈՅ ՎՐԷԺԸ (Նորավէպ)

Առաջին գարունն էր որ ծննդավայրէս հեռու կ՚անցնէի, օտար երկրի մէջ, քանի մը շաբաթէ ի վեր արդէն ընդունուած էի conservatoireի մէջ եւ երեկոյները վերադարձիս, ջղերս ցնցուած երաժշտութեան յաճախումէն ու ականջներս խլացած, կուգայի յօգնութիւն առնելու Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ. դեռ նոր բողբոջող ծառերուն մրմունջը, լճակին շուրջը խաղացող տղոց ճռուողիւնը, միայնակ թռչունի մը ճիչը, մաքուր եւ զով մծնոլորտին մէջ կը վերածնէին զիս եւ ընդհանրապէս բոլորովին հանգչած կը վերադառնայի տուն մինաւորիկ ընթրիքս ընելու։

Իրիկուն մը իմ սովորական պտոյտի պահուս հանդիպեցայ conservatoireի ընկերներէս մէկուն որուն կ՚ընկերանար չափազանց երիտասարդ աղջիկ մը. ընկերս զայն ինծի ներկայացուց իբրեւ իր կինը. երկար ատեն մնացինք միատեղ մինչեւ որ պահապանին թմբուկը մեզ հրաւիրեց մեկնիլ պարտէզէն։ Օդը սքանչելի էր, կարծես մեր ամէն քայլին բեղմնաւորուած հողը կը բողբոջէր եւ դեռ նոր ծլած մարգագետիններէն որ քնամով եզերուած էին մեզի կը հասնէր անբացատրելի զովութիւն մը բաց կանանչի միապաղաղ երանգին հետ։

Ընկերս չուզեց անմիջապէս մեկնիլ եւ մէկտեղ անցանք Լիւքսէպուրկի անմիջապէս յաջորդող ծառուղիներուն մէջ։ Արդէն կը սկսէր մութնալ եւ ծառերուն ներքեւ գտնուող նստարաններուն վրայ զոյգեր կուրուագծուէին հետզհետէ. ընկերս ինծի կը խօսէր այլ եւ այլ նիւթերու վրայ, բայց ես գրեթէ ուշադրութիւն չէի ըներ իր խօսքերուն, միւս կողմէ կը զգայի որ մինակ չըլլալս անհուն վայելք մըն էր եւ առաջին անգամը ըլլալով կ՚անդրադառնայի թէ իմ քիչ ատենուան մէջ շատ սորվելու տենչիս մէջ բոլորովին առանձին մնացած էի։

Դեռ շատ երիտասարդ եւ անփորձ էի կարենալ վայելելու համար Բարրիզի բազմազան հաճոյքները. երբեմն երբ պատուհանիս կրթնած կը տեսնէի հեռուէի քաղաքը լոյսերով ողողուած եւ երբ կը լսէի հաճոյքներէ գինով ամբոխին աղաղակները որ մինչեւ ինծի կը հասնէին տարտամօրէն նողկանք կը զգայի բոլոր այն դիւրամատչելի եւ թունաւոր զբօսանքներուն համար եւ իմ թարմ հոգիս կ՚ըմբոստանար, հոդ, այդ ամբոխին շատ մօտը գրեթէ մէջը ըլլալուն։

Մէկէն կարծես այդ գիշեր տրամադրութիւններս բոխուած էին, ամէն անգամ որ համբոյրի մը շշուկը կը հասնէր ականջիս յուզմունքէ կը սարսռայի եւ միեւնոյն ատեն խօլ փափաք մը կը զգայի գոնէ գիշեր մը ինքզինքս հաճոյքի տալու ամբոխին մէջ մտնելու եւ անոնց հետ զուարճանալու, գինովնալու։

Որոշ չեմ գիտեր թէ զիս շրջապատող մթնոլո՞րտն էր պատճառը, ամէն կողմէ կուրծ կրծքի զոյգեր իրենց հոգիին խռովքը կը փոխանակէին կարծես օդին որ այս միջոցին բոլորովին գաղջ եւ հոտաւէտ պզտիկ կոհակներով կ՚անցնէր ածուներուն վրայէն իր թեթեւ փայփայանքին ներքեւ բանալով հոն անշարժ կեցող աղաւնիներու տտունները եւ կարծես հաճոյքէ մնջել տալով զիրենք։

Այսպէս վրդովուած եւ երազելու հակամէտ մէկէն ուշադրութիւնս դարձաւ մեզի ընկերացող կնոջը վրայ. սքանչելի սեւ մազեր ճերմակ ճակտին վրայէն հաւասարապէս բաժնուելով կ՚երթային ծոծրակին վրայ հաւաքուելու. իր ականջներուն վարդագոյն բլթակներէն երկու ոսկիէ օղակներ կը կախուէին եւ մէջտեղ կը հանէին դիմագծերուն հանդարտ ներդաշնակութիւնը. կէս մութին մէջ իր աչքերը գորովանքով կը դառնային ինծի եւ անոնց քթթումին մէջ կը զգայի անասանելի փայփայանք մը անուշ եւ քիչ մըն ալ տխուր. երբեմն իր հասակին փափկութիւնը կը զգայի վաղանցիկ շօշափումով մը եւ իր մատներուն ծայրերը ձեռքիս վրայ իբր թէ պատահմամբ։ Գրեթէ բնաւ չէր խօսեր անիկա եւ ընկերս իր կարգին շատ ուշադրութիւն ընլու ձեւ չունէր իրեն. երբեմն գլուխը ձեռքին կրթնցուցած կը մնար մտախոհ երեւոյթով մը մինչեւ որ յանկարծ իր դէմքը ինծի դարձնէր եւ ես հոն տեսնայի անիրաւաբար տառապող հոգիի մը արտայայտութիւնը, միւս կողմէ գիտէի որ ընկերս կոպիտ էր. եսասէր եւ հեգնող. գիտէի նաեւ իր ոչ շողոքորթիչ գաղափարները կնոջ մասին եւ բնականաբար անմիջապէս մտքովս սկսայ վէպ մը հիւսել որուն միջոցին սակայն բոլոր ջանքս կ՚ընէի արդարացնելու իմ կասկածելի դերս. երբեմն ընկերս խաբելու գաղափարը ուժգին ձեւով մը կը վիրաւորէր զիս եւ հերոսական ընդդիմութիւններ կ՚երազէի իր կնոջը հրապոյրներուն հանդէպ։

Այնքան երիտասարդ էի եւ կոյս հոգիով, բայց կը զգայի արդէն կնոջ մը ազդեցութեան ներքեւ իմ բոլոր խղճահարութիւններուս շոգիանալը, անհետանալը։ Միջոց մը ինքը ինծի խօսք ուղղեց.

Կ՚երեւի թէ պարոն շատ կը սիրէք Լիւքսէնպուրկի պարտէզը, յաճախ ձեզի նշմարած եմ հոն։

Այո՛, Տիկին…

Ընդհանրապէս երեկոյները հո՞ն կ՚ըլլաք։

Անշուշտ, conservatoireէ վերադարձիս։

Իմ ընկերոջս ներկայութեան իսկ ասիկա ժամադրութիւն մըն էր գրեթէ. բայց անիկա այնպէսի անփոյթ երեւոյթ մը ունէր, աչքերը միշտ քրքիջի մը մէջ ծալլուելու պատրաստ, որ ալ մտքէս իսկ չանցաւ անոր մտածելու։

Արդէն հազիւ թէ ընկեր մըն է կ՚ըսէի մտովի, գրեթէ անծանօթ մը ինծի համար։

Գիշերը տուն վերադարձիս երկար ատեն մնացի պատուհանիս առաջք, մինչեւ որ պիւլիէի ելեքտրական կանթեղները մարեցան, մինչեւ որ զուարճացող կիներուն լկտի խնդուկները դադրեցան թրթռալէ եւ հեռուէի քաղաքը իր կարգին լռեց։ Բարեբաղդաբար իմ բնակած փողոցս Rue d'Assas հանդարտիկ եւ քաշուած փողոց մըն էր եւ թանկագին առաւելութիւնը ունէր աղմկալից չըլլալու. իմ պատուհանիս ճիշդ դիմացէն կը սկսէր շագանակենիներու ուղղին ուր պտուտքած էի քիչ մը առաջ. լուսինը իր շողերով արծաթէ սաղաւարտի մը պէս կը ծածկէր անոնց գմբեթաձեւ գագաթները եւ ճերմակ ճառագայթներ կը մխրճուէին մինչեւ գետինը, բեկբեկուելով ճիւղերու վրայ. օդը այնքան թարմ էր եւ այնքան պայծառ նոր բողբոջող շագանակենիներու թաւ եւ նրբին հոտովը բուրումնաւէտ, լուսանային ցոլքերը այնքան ճերմակ՝ որ հանդարտութեան եւ քաղցր ապահովութեան մը զգայնութիւնը կ՚ունենայի. մէկ քանի եղեւիններու սոսաւիւնը պատրանքը կուտար ինծի անտառի մը մօտ ըլլալու եւ խանդաղատանքով կը դիտէի շագանակենիներու միօրինակ շարքը որ լուսնին ներքեւ անշարժ խոկալու երեւոյթը ունէին։

Քանի մը հանդիպումներէ ետքը պատահեցաւ վերջապէս ինչ որ պիտի պատահէր, այլ եւս երեկոները վերադարձիս կը շտապէի տուն ուր գրեթէ միշտ կը գտնէի Լիւսիէնը իմ անուշ, իմ գորովագին բարեկամուհիս։ Անիկա արցունքոտ աչքերով պատմած էր թէ ինչպէս դժբախտ էր միւսին քով, թէ իր ամէնէն մեծ երջանկութիւնը պիտի ըլլար բոլորովին ազատիլ անոր ձեռքէն եւլն. կարելի եղածին չափ կը ջանայի զայն մխիթարել եւ կը հրաւիրէի զինքը յաճախ մէկտեղ պտտելու։

Հետզհետէ Լիւքսէնպուրկը մեր նախընտրած պարտէզը եղաւ եւ ալ կը ճանչնայինք իր ամէն թաւուտները, իր ամենէն անծանօթ անկիւնները, գիտէինք թէ առաւօտուն ո՛ր ծառուղին աւելի գեղեցիկ էր եւ վերջալոյսի վարդագոյն ճառագայթներուն ներքեւ, գիտէինք որ հեռուէն երեւցող մացառուտ բոյսեր կը բոցավառուէին եւ հրդիռներու տպաւորութեանը կ՚ընէին։ Ընդարձակ եւ խնամուած ածուներու մէջ գիտէինք թէ penséeներու թաւշային թերթիկները պիտի բացուէին մինչեւ իրիկուն, եւ մեխակներու գունագեղ եւ բուրումնաւէտ թերթիկները արդէն կ՚ուռեցնէին ցից ու ուղիղ կոկոնները, մէկտեղ կը ծռէինք դիտելու Hortensiaները որոնք իրենց հոծ եւ հարուստ ծաղկումին մէջ կը հակէին մեղմօրէն եւ իրենց անցնելու մօտ երանգներով նուաղելու, օդին մէջ մասնիկ առ մասնիկ կորսուելու պատրանքը կուտային։ Երբեմն սակայն չեմ գիտեր ինչո՞ւ կը զգայի որ անոր շարժումները բռնազբօսիկ էին եւ իր դէմքին արտայայտութիւնը այնքան դիւրափոփոխ էին որ դժուարաւ կը հետեւէի իր հոգեկան վիճակին. զուա՞րթ էր, տխո՞ւր էր այս միջոցին. ո՞վ կրնար հաստատել, իր գեղեցիկ շրթունքներուն անկիւնները հեգնութեան մշտական ծալք մը ունէր որ խիստ յաճախ կը ջլատէր իմ իրեն համար զգացած սէրս։

Լիւսիէն, իրա՜ւ ինծի կը սիրե՞ս…

Անիկա ինծի կը դառնար եւ շատ լուրջ երեւոյթով մը կը պատասխանէր ինծի, վիրաւորուած։

Բայց գիտես սիրելիս որ այդ ձեւով հարցում մը տարակուսիլ է արդէն իմ վրաս։

Շատ անգամներ այս կարգի հարցումներէ ետքը շուտով կը հաշտուէինք եւ կ՚անդրադառնայի որ անոր գեղեցիկ դէմքին վրայէն տխրութիւնը շատ դիւրաւ կ՚անցնէր բայց ամէն անգամուն տարակոյսը ոչ միայն բոլորովին չէր ջնջուէր այլ նոյն իսկ իրարու վրայ բարդուելով աւելի շոշափելի, աւելի իրական կը դառնար իմ մէջս։

Իրիկուն մը վրդովուած տուն եկայ. Լիւսիէն իր անմեղ եւ քաղցր երեւոյթով ինծի ընդունեցաւ. այնքան գեղեցիկ էր անիկա, այնքան փափուկ թեւերուս մէջ, ճապուկ եւ թեթեւ փետուրի մը նման, իր ամբողջ սիրելի մարմինէն այնպիսի հեշտագին ջերմութիւն մը կ՚արտաշնչուէր, որ ինծի կը թուէր թէ անոր փայփայանքը աննիւթական եւ անշօշափելի զգայնութիւն մըն էր միայն որ շուտով պիտի անցնէր։

Լիւսիէն ա՛լ մի դառնար անոր տունը, կը պաղատէի մրմնջելով։

Անիկա ինծի դարձաւ եւ հանդարտօրէն պատասխանեց.

Ատիկա անկարելի է սիրելիս, բոլորովին անկարելի. իր ձայնին մէջ դժկամութիւն կար եւ միշտ նոյն հեգնութիւնը շրթներուն անկիւնը։

Բաւական համոզելէս ետքը զինքը անօգուտ ձեւով, գոչեցի.

  Բայց գիտես որ հրէշ մըն է անիկա, թէ բնաւ փոյթը պիտի չընէ քեզի պէս սքանչելի կին մը կորսնցնելը, թէ արդէն անիկա կը զուարճանայ փողոցի աղջիկներուն հետ, ամենէն անպատկառ ձեւով։

Լիւսիէն մէկէն կանգնեցաւ իր բոլոր հասակովը չափազանց շառագունած, շրթները բառերը կը թօթովէին եւ ինծի ուղղուած նայուածքը այնպէս մը լեցուն էր ճշմարիտ ցաւով, որ բոլորովին վիրաւորեց զիս։

Յետոյ մանրամասնութիւններ հարցուց որոնց ստիպուեցայ պատասխանել եւ մէկէն պոռացի երեսին.

Բայց դուն դեռ զինքը կը սիրես, ինծի կը խաբես ուրեմն այսչափ ատենէ ի վեր։

Չհասկնալու ձեւով ինծի նայեցաւ եւ յետոյ կարծես անդրադառնալով ըսաւ տկար ձայնով մը.

Ա՜հ, չէ, բարեկամս, եկուր երթանք պտտինք։

Այն իրիկուն սիրտս բուռն ցաւով մը սեղմուած պտտեցանք մեծ լճին շուրջը. Էլիօթրօրի բարկ եւ թափանցող բուրմունք մը կը գրգռէր ռնգունքս եւ կուրծքիս բոլոր ուժովը կը ներշնչէի օդը, ամէն բան անձուկ եւ ճնշող կը թուէր ինծի։ Լիւսիէն իր կարգին չափազանց տխուր էր. վիրաւորուած թռչունի մը պէս քաշքշուելով կը քալէր քովէս, աչքերը հեռուն եւ բոլորովին մտազբաղ. վերադառնալու համար մտանք առանձին ուղղի մը մէջ, մէկ կողմէն դժխոյներու վեհաշուք արձանները կը բարձրանային թաւուտներու մէջէն ճակատնին սեղմուած ապառօշներով եւ հասակնին երկնցած ծանրածալ շրջազգեստներու մէջ որոնց քղանցքները կը տարածուէին մինչեւ պատուանդաններու վրայ. ծանր ծանր կը քալէինք լռելեայն, աչքերս կը սեւեռէի իրենց անթափանց եւ մելամաղձոտ դէմքերուն վրայ, զգուշանալով դիտելու իրենց պարապ աչքերը որոնք կը բացուէին անսահման նայուածքով մը։

Անգամ մը որ անցանք անոնց ոտքերուն առջեւէն ծառուղիին գլուխը ալ որոշած ամէն բան հասկնալու կեցայ. Լիւսիէն ալ կեցաւ եւ զարմացումով տեսայ որ կը խնդար երեսիս չար ու անողոք խնդուածքով մը։

Դո՛ւն ինծի չես սիրեր Լիւսիէն։

Ա՛հ, հարկաւ թէ չեմ սիրեր տխմար. ինքզինքմէն ելած հայհոյութիւններ կ՚արտասանէր, նոյն իսկ եւ սպառնալիքներ միւս ին…

Ես քեզի հետ եղայ որպէսզի վրէժս լուծեմ անկէ, այո՛, անկէ որ ինծի անկարող կը կարծէր այդպիսի քաջութեան մը, կը հաստնա՞ս, թէ ինչո՞ւ, պարզմիտ երիտասա՛րդ, թէ ինչո՞ւ ժպտեցայ քեզի, թէ ինչո՞ւ հետդ եկայ, թէ ինչո՞ւ քուկդ եղայ այսչափ օրերէ ի վեր։

Դառնութենէս ու յուսախաբութենէս լուռ մտիկ ըրի, մինչեւ որ անիկա իր կատաղութեան մէջ ամենէն անհանդուրժելի թշնամանքները ըրաւ ինծի։

Յետոյ մտքովս տարտամօրէն հետեւելով խորհրդածութեան մը.

Խեղճ աղջի՛կ, ըսի իրեն արգահատանքով, ի՞նչ օգուտ ունեցան բոլոր այդ կեղծիքներդ, կեղծ համբոյրներդ ու ստախօսութիւններդ, քանի որ անիկա բան մը չի գիտեր, քանի որ ամէն ջանք ըրիր անկէ ծածկելու անհաւատարմութիւնդ։

Անիկա մէկէն չպատասխանեց այս անգամ անկեղծօրէն տխուր ու կէս մը յուսախաբ։

Իրաւ է, ինքը չգիտցաւ, բոլոր ասոնք. ես երես առ երես չվայելեցի վրէժս, բայց չէ մի որ հոգւոյս խորէն կը ցնծայի ամէն անգամ որ անիկա վճարուած աղջիկներէն յոգնած ինծի կը դառնար եւ կ՚ըսէր.

Պզտիկ, սիրուն ոչինչ, երբէք քաջութիւնը պիտի չունենաս դժգոհ ըլլալու, բողոքելու, տառապելու։ Օրին մէկը եթէ քեզի բոլորովին մոռնամ, լռին պիտի սպասես քու անկիւնիդ մէջ մինչեւ որ ուրիշ մը գայ քեզի առնելու։

Դեռ անիկա կը խօսէր մինչ ես դիմացս կը նայէի ուշադրութիւնս յառած թաւուտներու մէջէն երկնցող մարմարեայ բազուկներու եւ արդէն ի՛նչ շուտով իմ առաջին յուսախաբութենէս դարմանուած մտքով կը հեռանայի բոլոր այդ կանացի, ճղճիմ, անարի եւ վատ միջոցներէն. մինչեւ որ պահապանին թմբուկները լսելի եղաւ եւ վերադարձայ տուն առանձին։