Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՓԱՌՔԸ

Աշնանային վերջալոյսը արագօրէն կը նուաղէր ընդարձակ դաշտագետիններու վրայ. հնձուած արտերու մերկ տարածութիւններէն լայն եւ մթին ստուերներ կը բարձրանային ու սաւառնէին առասպելական թեւաւորներու նման՝ մինչ երկինքին վրայ պղնձագոյն ցոլքեր կը տժգունէին հետզհետէ։ Հեռաւոր ծառերու տերեւազուրկ սիլուէթները հազիւ թէ կ’ուրուագծուէին տակաւ ստուարացող մթութեան մէջ եւ խիտ ու ամփոփ մացառուտներ կ’սպասէին կարծես գիշերուան մերձաւոր խորհուրդին։

Դեռ ընտանի արտերէն յետամնաց հօտաղներուն տխուր եւ երկարաձգուող բառաչիւնները կը լսուէին. սայլ մը կռնչալով կը յառաջանար ու մինչ փարախներու մէջ ապաստանած արօտականները իրենց մեղմ մայիւններով կը պատասխանէին դուրէն լսուող բառաչիւններուն, գիւղացիները կ’շտապէին աւարտելու իրենց առօրեայ գործերը որովհետեւ ահա՛ գիւղին փայտաշէն մինարէին վրայէն մուէզինին ձայնը պիտի երգէր։

Գլուխնին քօղով ծածկած դեռատի աղջիկներու խումբ մը կը վերադառնար աղբիւրէն իւրաքանչիւրին ուսը բեռնաւորուած ջրով լի սափորով մը. դեռ ծղրիթները կը ճղէին ու տնակներու առաջ պարտասաց մշակներ կը դանդաղէին խօսակցելով երբ աղօթողին ձայնը զիրենք ընդհատեց ու երեկոյեան աղօթքի հրաւէրը կարդաց երկարաձգուող եւ քաղցրօրէն տխուր երգով մը։

Մուսթաֆա տայի իր կնոջը հետ նամազ ը ընելէ ետքը՝ հողաշէն խրճիթին մէջ գետինը փռուած փսիաթին վրայ ծալապատիկ նստած կ’ընթրէին. երկուքն ալ հակառակ տարէց ըլլալնուն դեռ ուժեղ եւ կայտառ կը թուէին. իրենց անդրանիկը, Սիւլէյման, տարիներէ ի վեր զինուորութեան գացած էր ու փոքրերը վարձքով կ’աշխատէին մօտակայ ագարակներու մէջ. իրենք երկուքը բաւական էին իրենց սեպհական հողերը մշակելու... Փա՜ռք Ալլահին, հունձքը առատ եղած էր, հողը մէկի տեղ հազար տուեր էր, կենդանիները առողջ, պարարտ ու տոկուն էին ու մարգագետինը թաւիշի կանաչութիւնով ծածկուած... ։ Երկու ծերունիները կ’ընթրէին առանց իրարու հետ խօսելու բայց յարատեւ կերպով կը մտածէին այս բաներուն վրայ եւ այնքա՛ն վստահ էին իրենց մտածումներուն նոյնութեան որ երբեմն ակնարկով մը իրարու կը պատասխանէին. քովի ախոռէն երբեմն խուլ բառաչիւն մը կարծես կ’ընկերանար իրենց խոհերուն. երբեմն ալ իրենց մտածումը կը լռէր. անասելի հանգիստ մը իրենց կը տիրապետէր, նման՝ հիւանդագին թմրութեան որ կ’օրօրուէր ընտանի կենդանիներու հեւքոտ եւ բուրումնաւէտ շնչառութենէն։

Ծներ, մեծցեր, ու ապրեր էին այդ գիւղին մէջ ու ընդարձակ դաշտագետիններէն ուրիշ հորիզոն չէին ճանչնար։ Տարին անգամ մը մարդը կը մեկնէր իրենց շրջանակներուն մէջ գտնուող վտիտ եւ մացառուտ անտառները ու տարեկան փայտը կը բերէր բեռնաւորուած իր սայլին վրայ։ Իբր կեանքի ցայտուն պատահար՝ կը յիշէին «շէկ»ին մահը որ յանկարծակի ինկեր էր կարծես տապարի հարուածէ մը զարնուած, որովհետեւ խեղճ եզը աչքի էր եկեր. ու ի՞նչ հաւատքով եւ խանդով կրկնապատկեր, եռապատկեր էին հմայեակները ու կապոյտ ուլունները իրենց կենդանիներուն կուրծքերուն եւ գլուխներուն վրայ, այնպէս որ երբ անոնք խմբով արածելու կ’երթային տօնական երեւոյթ մը ունէին ու մանրիկ բոժոժները կ’երգէին իրենց ցնծուն եւ յարատեւող երգը։

Իրենց փառասիրութիւնը, հոգը, սէրը անոնք էին, թերեւս անոնք աւելի գուրգուրանքի ենթակայ եղած էին քան չորս մանչ զաւակները որոնք կորիւններու պէս առողջ ու շիտակ մեծցեր էին առանձին... ։ Է՜հ կարելի է՞ր ըսել թէ Մուսթաֆա տայի քէյֆ չէ՛ր ըներ երբ իր անդրանիկին վրայ խօսէին. իր երիտասարդութեան պատկերն էր ու նմանը չկար գիւղին մէջ. անիկա քաջ էր ու գեղեցիկ. բարտիի հասակը, ուժեղ մէջքը, պողպատի պէս բազուկները, արծուային աչքերը ու մաքուր գոյնը ո՞ւր տեսնուաթ էր. երբ ձիուն վրայ հեծեծ, հրացանը ուսին որսի Մուսթաֆա տայիերթար հեռաւոր անտառներու մէջ չէին գիտեր ո՞ր հերոսի մը եւ յաղթական ոգիի մը պէտք էր նմանցնել. թռչող թռչունը, խուսախող նապաստակը իր նշանէն չէ՛ր ազատեր ու հրացանը դեռ ոչ մէկ անգամ վրիպեր էր։   Երբ զինուորագրութեան տարիքը մտաւ, հայր ու մայրը առաջարկեցին պէտէլ ը տալ որպէս զի անիկա իրենց աչքին առաջքէն չհեռանայ, բայց Սիւլէյման արհամարանքով մերժեց. ինքը նոր հա՞րս էր որ տունը մնար. մօրը քօ՞ղը պիտի լուար փոխանակ երթալու ու մարդ ըլլալու. ոտքը ձեռքը կը բռնէր, աչքը բէք ու սիրտը հզօր էր. ու առաւօտ մը այր ու կին մինչեւ գիւղին սահմանը գացին ճամբու դնելու համար գիւղին նորակոչները։ Ամենքն ալ քաջ էին ու գիւղին մէջ կտրիչները չէին պակսեր բայց ո՞վ կ’ուրանար Սիւլէյմանին գերազանցութիւնը. կարծես ամէն ոք իրենց զաւակները մոռցած նաով կը հպարտանային, անով կը մխիթարուէին ու մինչ նորակոչներու կարաւանը կը հեռանար երկար եւ զիկզակ ճամփաներուն վրայէն կը տեսնային դեռ անոր ֆէսին վրայէն կապած կարմիր եազման որուն ծայրերը կը թռչկոտէին կարծես հրաժեշտ տալու համար։

Փառք քե՜զ, Ալլա՜հ, փառք քեզ, ու երջանիկ մօրը աչքերը կը տամկանային յուզումէն... Փառքով գացիր, փառքով վերադառնաս ու բազուկդ պարտութեան չենթարկուի երբէ՛ք։

- - - -

Մուսթաֆա տայի հիւղակին դրան առաջք նստած չիպուք ը կը ծխէր ու կը մտածէր մեղմօրէն իր հեռաւոր զաւակին վրայ երբ դիմացի կիսաստուերէին մէջ տեսաւ զոյգ մը ճերմակ եզերու ճակատները, որոնք կը յառաջանային դէպի իրեն տատանելով եւ յամրաբար քաշելով Հայտար աղայի փայտով բեռնաւորուած սայլը որ օր մը առաջ մեկներ էր գիւղէն դէպ ի մօտակայ գիւղաքաղաքը։

Մէրհապա՜...

Մուսթաֆա տայի ձեռքը կուրծքին դնելով բարեւը առաւ ու հարցուց անմիջապէս, զարմացումով։

Փայտդ չե՞ս ծախեր։

Հայտար աղա ուժասպառ նստեցաւ գետնին. հակառակ զով օդին տագնապագին բան մը ունէր իր քրտնած դէմքը. աչքերը մոլար էին ու կարծես կը տատամսէր խօսք բանալու. յանկարծ խոր եւ երկար ատենէ ի վեր զսպուած հառաչանք մը դուրս ելաւ իր կուրծքէն։

Օ՜ֆ… օ՜ֆ… տայի՛, ի՞նչ գէշ օրի հասանք, ի՞նչ սեւ օրի հասանք։

Խեր ըլլա՜յ օղո՜ւլ… ինքն ալ դող ելլած էր. թոյլացած ձեռքէն չիպուք ը ինկած էր գոգին մէջ ու իր կռնակէն կը զգար կնոջը շնչատ հեւքը։

Հայտար ծունկերուն վրայ ցցուեցաւ, գլուխը դէպ անոնց հակեց եւ ձեռքովը ցոյց տալով հեռաւոր եւ տարտամ հորիզոնը մրմնջեց ակռաները սեղմելով։

Հարպ կայ, տայի՜ հարպ կայ... ։

Միջոց մը լուռ մնացին ու իրենց ընտանի անասունի բարի ու միամիտ նայուածքները վարանեցան գիշերուան մթութեան մէջ։

Այր ու կին գիշերն ի բուն չքնացան ու այգուն առաջին լոյսին վազեցին գացին իմամիտ հասկնալու համար եղելութիւնը. պառաւը դժուարաւ կը քալէր ու կ’ողբար։

Օղլո՜ւմ, ո՞ւր ես հիմա, ո՞ր լերան կատարը, ո՞ր ցորին մէջ... անգամ մըն ալ պիտի՞ տեսնեմ նոճիի հասակդ…

Մուսթաֆա տայի ինքզինքը կը բռնէր ու պեխերուն ներքեւէն կը խնդար։

Հոգի, վախի ի՞նչ կայ, կնի՛կ, Սիւլէյմանը քաջ է, այդ ապուրէն մենք ալ խմեր ենք ժամանակին. հարպի գացողը անպատճառ կը մեռնի՞…»Օրերէ շաբաթներէ ի վեր հանդարտիկ ու անշուք գիւղը ալեկոծուած էր գէշ հովերէ խռովուած լճի մը պէս։ Հարպ կա՜յ… պահեստները կը կանաչուին, գիւղացիները փախստական, ոմանք լեռները քաշուած, կենդանիները կը տանին... մօր ու որբի արցունքոտ աչքեր, շուարուն եւ այսահարուած դէմքեր։

Քանի մը անգամներ Մուսթաֆա տայի ուրիշ տարէց գիւղացիներու հետ գնաց մօտիկ գիւղաքաղաքը ու կայարանին մէջ կզկտուած սպասեց լուրերու. Մթութեան ու անստուգութեան մէջ խարխափելով կ’ապրէին կոյրերու պէս. մայրաքաղաքէն եկողները լուր ունէին թերեւս բայց իրենց աչքերուն առաջքէն կ’անցնէին միայն վերէն եկող կառախումբերը որոնց պահեստիներով եւ նորակոչներով հոծ վակոնները առանց կայարան կենալու կ’անցնէին կ’երթային…

Հարպ կա՜յ, արիւնը հեղեղի պէս կը հոսի՜…

Ի՞նչ ըսելու է կիներուն որոնք իրենց սիրականներուն եւ զաւակներուն վրայ տեղեկութիւն կ’ուզեն. շրթները համր դարձեր են, մարդու բերնէ խօսք չելլար։ Անզսպելի եւ ահագին ցասումներ կ’արթննային գիւղացիներուն մէջ մինչ անընդհատ վերի գիւղերէն եկող կառախումեր, նախ հեռաւոր, հետզհետէ մօտիկցող դղրդիւնով, վայրաշորժին հեւքը, մթնշաղին մէջ բոցավառող կարմիր լոյսերկ, սուր եւ պատառող սուլումները զիրենք կը վրդովէին եւ երկչոտ կը դարձնէին։

Գիւղին մէջ մնալ ալ դժուար էր. ձեռքերնին ծալած, աչքերնին ճամբուն կը սպասէին. անձրեւները եկեր էին ու հողը կակղեր էր բայց ո՞վ կը մտածէր վար ու ցան ընել... քանի՞ բերան պիտի մնային ուտելու համար. տեսնենք խըսմէթ ունէին յառաջիկայ տարուան հունձքէն. անգործ մշակները կը հաւաքուէին սրճարանին մէջ ու իրենց անձկալի սպասումը խաբելու համար երկարօրէն կը խօսէին նախկին կռիւներու վրայ որոնց ոմանք մասնակից եղած էին ու կ’ոգեկոչէին յաղթական ու պատմական անունները իրենց պատերազմական փառքերուն բայց կիները անհաղորդ կը մնային այդ արբեցութեան ու ծալապատիկ նստած, ձեռքերօվնին ծունկերնին ծեծելով կը մտաբերէին իրենց կտրիճները որոնց երակները բացուած էին թերեւս այս պահուս։

- - - -

Առաւօտ մը կանուխէն նշմարեցին գաղթականներու առաջին կարաւանը. երկար շարքերով, փսիաթներու տակ ծածկուած սայլեր դանդաղօրէն կը յառաջանային շիտակ ճամբան ամբողջովին բռնելով ու պարտութեան առաջին գոյժը անոնք բերին իրենց։ Մռայլ ու յուսահատ տխրութիւն մը մարեց ամենուն սիրտերը երբ յանկարծ ուրախութեան կայծակ մը փայլատակեց։ Գիւղացի տղաքը առիւծի պէս կռուեր էին. անոնց քաջութեան ու յանդգնութեան համբաւը ամենուն բերանն էր. ոմանք նահատակուեր էին բայց շատերը փախստական ու վիրաւոր, իրենց կարգին կը սպասէին ծննդավայր դառնալու համար. գիւղին իմամը կը խրախուսէր ու կը քաջալերէր ամէնքը. լաւ տեղէ իմացեր էր, ըսածներուն կասկած չկար. իսկ Սիւլէյմա՜ն... օ՜ֆ... օ՜ֆ… փա՜ռք իր ծնողքին ու հայրենիքին։

Կնձնիի մը բունին կրթնած Մուսթաֆա տայի եւ իր կինը ուրախութեան արբեցութեան մէջ էին. կարծես երազի մէջ էին ու հոն՝ իրենց խանդավառութեան մէջ կը ծրագրէին բան մը սարքել Սիւլէյմանը ընդունելու համար. գիտէին, վիրաւոր էր անիկա, վիճակը ծանր, բայց կ’առողջանար. եթէ Աստուած թշնամիին հարուածէն փրկեր էր զայն, ինչո՞ւ չպիտի պահէր այլեւս... ։ Կը մտածէին, ուրեմն, թէ անոր վերադարձած օրը շրջակայ ագարակները եւ գիւղացիները թունդ պիտի ելլէին. Մուսթաֆա տայի գիտէր ընելիքը, հիւղակներու մէջ պատերէ կախուած որսի հրացանները անգործ չպիտի մնային այդ օրը. մէկով, երկուքով չէ՛, հարիւրներով գնդակներ պիտի որոտային։

Ամա՜ն օղլում, կ’ըսէր մայրը կուրծքը ուռած պարծանքէն, մեր գէշ օրը աղէկի դարձուցիր, քեզի ամէն բան հէլալ է։

Գիւղացիները այլ եւս ամոքուած իրենց ցաւին մէջ, կը սպասէին հանդարտ համբերութեամբ մը. առաւօտէն մինչեւ իրիկուն, անդադար գաղթականներու կարաւանները կ’անցնէին մեծ ճամբուն վրայէն. երբեմն երբ աշնանային երկինքը պայծառանար անոնք կանգ կ’առնէին, կարկ կը վառէին ու կը գիշերէին մացառուտներու ետին. խարտեաշ եւ պայծառ աչքերով Րումելիցի մանուկներ մինչեւ գիւղ կուգային ո եւ է ծառայութիւն խնդրելու համար. այդ ատեն կը լսէին ահռելի մանրամասնութիւններ որոնք երկար սարսուռներով կը համակէին տեղացիները ու իրենց մէջ կ’արծարծէին հին ցաւեր, հին ոխեր։

Գորշ եւ անձրեւոտ իրիկուն մը գաղթականներու վազքերուն ետեւէն նշմարեցին հնոտի եւ անձեւ սայլակներ. սրտերնին տարտամ վախով մը բռնուած կիները յառաջացան ու սպասեցին. սայլակները շեղեցան ճամբէն. մտան պարարտ դաշտերուն մէջ ու կեցան. յաջորդական անձրեւներ ճամբայները անանցանելի դարձուցեր էին. խումբ խումբ մարդիկ իջան անոնցմէ. մուհաճի՞ր կը բերէին արդեօք գեղը. բայց ո՛չ. աւելի ուրուականներու կը նմանէին անոնք, կորաքամակ, վտիտ, մոլորուն քայլերով. կարծես գինով էին կամ ոգեւար. քանի կը մօտենային այնքա՛ն սոսկալի կը թուէին. անոնք կը քալէին կարծես անկամք շարժումներով ու կոյրերու պէս կը դեգերէին. անոնք զարհուրած ը թուէին յարատեւ մղձաւանջէ մը հալածուող տենդահարներու նման։ Պառաւները անշարժ եւ սեւեռաբիբի կը նայէին մինչ երիտասարդուհիները կ’ընկրկէին արհամարանքի ու զզուանքի զգացումներով. երբ ահա մէկը խումբէն անջատուելով, աճապարեց. անիկա դժնդակօրէն կը քալօր ցնցոտիներով պատած ուսերը ցցած, վիտի սրունքները դողդոջուն, չարագուշակ ու քստմնելի... Ալա՜հ... կիները սարսափած կ’ուզեն խուսափիլ ու ահա ձայն մը ողբագին գոռ ու ըմբոստ կը բարձրանայ միջոցին մէջ։

Սիւլէյմա՜ն, օղլո՜ւմ...

 

Սոված ու անտէր մնացեր էին օրերով, քար ըլլալ չէ՛ր դիմանար. երբ կարենային խօսիլ, ինչե՜ր ունէին պատմելիք. իրարու վրայ յարձակեր, զիրար յօշոտել իրարու արիւն ծծելու ձգտեր էին, այնքան ծարաւկ դժոխքի պէս կ’այրէր իրենց տենդագին քիմքերը... ու հիմակ մարդիկ չէին որ կը վերադառնային իրենց ծնողներուն այլ գերեզմանէ փախած ուրուականներ. ու աղէկ որ անոնց դեղնած եւ դիակնային շրթները թոյլ ու լորձունքոտ չէին կրնար արտաբերել ու պատմել իր բոլոր մանրամասնութիւններով այն դժոխքը որուն մէջ ոգեւարած էին։

Սրճարաններու մէջ գիւղացիները թէեւ նուազ եռանդով կը շարունակէին փառաւորուիլ իրենց կտրիճներով. դեռ երկար ատեն պիտի խօսէին անոնց վրայ եւ թերեւս յաջորդ սերունդներուն աւանդէին անոնց սխրագործութիւնները. հետզհետէ ձերբազատուելով վերադարձողներու առթած սոսկումէն փառասիրութեան գինովութեան մէջ անոնք կը մոռնային իրականութիւնը. միայն կիները, մանաւանդ մայրերը չէին կրնար ըմբռնել թէ ինչո՞ւ եւ ինչո՞վ կը պարծենան էրիկ մարդիկ եւ աչքերնին յառած իրենց սիրելիներու ուրուականներուն կը խորհէին թէ գէշ կատակ մը չէի՞ն ըներ երբ փառքի մասին կը խօսէին եւ անով կը ջանային մխիթարել իրենց չարաչար վիրաւորուած մայրական զգացումները։