Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Գ
       Կուգա՞ս, բարեկամ, քեզի տանիմ շրջեցունեմ մեր այգեստանները։ Ահա Այգեստանեայց արեւելեան ծայրը, Վարագայ լեռը ճիշտ արծւոյ օրինակ կեռ գլուխ մը կը ցուցնէ բարձրասար եւ, թեւերը տարածած ի հիւսիս եւ հարաւ, իր ծաղկազարդ ու դալար պարանոցն, իր սաթենի քիթ, խնծորենի բերանն ու մեղրոտ կտուց դէպ արեւն է դարձուցած։ Իր կոկորդէն կախուած թնթուխ թթուցը Քէշիշ Գօլն է. իր աչերը ` Տօնեայ Գէլին եւ Սուլթան եայլասին, յորոց կը բղխին կայլակ-կայլակ, վտակ-վտակ պաղ եւ ջինջ ջրեր։ Իր դէմքը կը նայի Հայոց ձորոյն վրայ, իր գագաթին ունի իբրեւ թագ արիւնագոյն քարեր Գալիլիային եւ իր պուճուճակ՝ Վերին Վարագայ լեռնահովիտն։ Շատ գեղեր, անթիւ թռչունք, անհամար ծաղկունք, անասունք, էրէներ, ոչխարներ, կովեր եւ եզներ, որսորդներ եւ հարօրվարները կը զարդարեն իրեն թեւ-թիկունք։ Սեւ է իր քարերու գոյնը` արծւոյ փետուրներուն նման, եւ տեղ-տեղ պրակներ ու անտառակներ կը կրէ։ Աջ թեւին վրայ շինուած է մեր արդ ի Վարագայ վանքը, ձախ թեւին վրայ՝ Սուրբ Գրիգորի վանքը, եւ ուսոց ներքեւ` կռնակին վրայ, Կարմրուորայ վանք։ Իսկ արեւելեան կողմը` ճիշտ սրտին կամ պորտին ուղղութեամբ, Խէք (Հայկ) գեղն է , եւ անոր կից՝ Ղեւոնդեանց աշակերտ երանելի Աբրահամու Խոստովանողին մատուռը կամ ճգնարան։ Իբրեւ չորս պորտէն կամար՝ առջի երեքը գմբէթայարդար, իսկ վերջինը անշուք, կը կապէ այս վանքերը Վարագայ լեռն իր գօտին։
       Կարմրւորայ վերեւը նայէ, սա հարթ լեռնակը, որ հեռուանց կից կը թուի Վերին Վարագայ եւ անոր՝ իբրեւ փետրաթեւիկ ուսոց ձեւ մը կուտայ, Ձիաթռնուկն է այն։ Թերեւս յիշատակ մը ունի իր հետ այս անունը. քաջ ձիաւոր մը թռած լինի այս լեռնէն։ Կարմրւորայ մէկ քովն է Շուշանց գեղը։ Դիտէ սա հովիտը, որ կը սկսի Կարմրւորայ տակէն եւ կը հասնի մինչեւ Այգեստանեայց շուրթն։ Բոլորն ալ մշակեալ արտեր են, եւ այս ընդարձակութեան երկու կողմէն ու մէջտեղէն վազած մեծ ջուրերը՝ Քէշիշ գօլին եւ Տօնի այ գալիին, Վարագայ սարին ջուրերն են, որք շատ մը գեղերու բաժին լինելէն զկնի, այսքան կ՚աւելնայ եւ մշտահոս կուգայ Այգեստանները ոռոգանելու։
       Այստեղ , ուր մենք կայներ ենք, Ուրբաթ առուն է։ Տե՛ս ո՜րքան հորեր կան բացուած եւ քանքաններ կը բանին։ Ադոնք ալ Այգեստանեայց եւ քաղաքին մէջ հանուած տասն եւ երկու քահրէզներու ջրոց ականց հորերն են։
       Այժմ դարձունենք մեր երեսը դէպ յարեւմուտս։
       Ահա տափարակ եւ ընդարձակ դաշտ մը` զարդարուած ծառաստաններով եւ բաժանուած զատ-զատ պատերով, պատերուն կից` երկու կողմ դ ջուր, մէջտեղ` պողոտայ եւ վրադ` ծառոց հովանի։ Ունկն դիր թռչնոց դ այլայլիկին, տերեւոց սօսափիւնին, ջրոց զղզղուն ձայնին։ Ասկէց կը բաժնուին Այգեստանեայց փողոցները։ Մէկ կողմդ յառաջ երթալով՝ Աւօյի դարն է, ուսկից կ՚իջնան Չալղի փողան, ք իչ մը անդին՝ Արարուց մէյտան, ուր չհասած տակաւին՝ այդ աւազուտ ասպարէզը կը տեսնա՞ս. Աւզնոց կ՚ըսեն ադոր։ Այդտեղ ամէն տարի Զատկի Նոր կիրակիին հայ ու տաճիկ, նոյն աւուր համար պահուած իրենց նժոյգ ամեհի ձիերը հեծած, կուգան ջիրինդ կը խաղան բաւական կանոնաւորութեամբ, բայց յանդուգն յարձակմամբ, այնպէս որ շատ անգամ անձանց վնասներ կը պատահին։ Տեսնալու բան է այնքան բազմութիւն արանց եւ կանանց, որ ճանճերու նման կը լեցուին այդ ասպարիզի շրջապատը եւ դատաւոր կը հանդիսանան խաղցողներուն, նախատանաց քրքիջներ կ՚արձակեն իյնողին կամ զարնուողին եւ խրախուսանաց աղաղակներ կ՚ընծայեն ճարտարին, յաղթողին, մանաւանդ անոր, որ ամէնէն վերջը տէր կը հանդիսանայ ասպարիզին եւ սիգապանծ ինքն ի նժոյգ կը ճեմէ միայնակ` յ այս եւ յ այն կողմն ճօճելով, հայելով։ Երբեմն ընդհանրապէս միշտ յաղթող կը լինէին Տ. Յուսկանորդ ւոյ վանից Գաբրիէլ վ. կամ Արջունից վանից Տէր Յակոբ, կամ արճիշեցի Յօհ. Կայծակ վարդապետն։
       Արարուց անդին Մանուկ աղենց թաղն է։ Ալ անդին մ՚երթար . դաշտ է եւ Արարուց ու Կենդանանից սարը։ Դարձ իր մէկալ կուշտդ. այս մեծ պողոտան Սղգայու ջաղտէն է` Այգեստանեայց ամէնէն ընդարձակ ու վայելուչ փողոցն, անոր անդին՝ Փշով փօղան, որուն եզերքէն կ՚անցնի Յանկուսներու գետ, եւ անոր միւս երեսն է Զըմփզըմփ մաղարէն, Ս եւ քռէն, Մհերի դուռն եւ Ակ րփու սար։ Իսկ մենք ուղղակի մեր կեցած տեղէն պիտի յառաջ երթանք։ Մեր երկու կողմն եղած Այգեստանեայց այս մասը Նորատունկներ կ՚անուանին, եւ քանի՛ յառաջ երթանք, այնքան տուներ եւ բնակիչներ կը շատնան։