Մանանայ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԻՒԹՈՒԹԻՒՆՔ ԵՒ ԲԺԺԱՆՔ
       Ընդարձակ չպիտի խօսիմ հոս այս նիւթին վրայ, վասնզի ամէնուն գիտցած բանն է‚ եւ մինչեւ մեր օրերն իսկ շատ մարդոց գլխուն վրայ, թեւին վրայ, պարանոցէն ի կախ եռանկիւնի ծալուած թուղթ մը կը տեսնանք՝ կաշիի կամ արծաթ ամանի մը մէջ զետեղուած։ Ադոնք զանազան ախտից եւ չարեաց պատահարաց դէմն առնելու, անհետ ընելու համար հնարքներ եւ հրաշքներ համարուած են։ Սիրոյ թուղթ մը կը գրեն եւ կը պատուիրեն տանել իր տարփալւոյն ճանապարհին վրայ կամ անոր տան շեմին տակ թաղել, կամ թըլըսմ մի գրել մշկով, զաֆրանով, վարդի ջրով եւ‚ եօթն ակնէն ջուր բերելով‚ թուղթն ի մէջ ձգել, ուզածին խմցնել, որով պիտի սիրահարի եղե՜ր անոր։ Չարոց թուղթ մը կը գրեն եւ կը պատուիրեն, որ կարէ զայն գլխարկին վրայ, կամ անթին տակ, որ չար ոգիներ չիշխեն մերձենալ, եւ չար աչքէ ազատի։ Գլխացաւի, փորացաւի եւ տենդի ու զանազան ցաւոց իբրեւ դեղ՝ կամ թուղթի վրայ, կամ ուռի տերեւի մը վրայ բան մը կը գրեն եւ կը պատուիրեն, որ ջուրը ձգէ, խմէ, եւ կ՚անցնի։ Կորուստ մը ունենաս՝ ռամ կը գրէ եւ զանազան հրահանգներ կուտայ քեզ զայն գործածելու համար, որով գողդ եւ գողօնդ կը գտնես։ Թողում այն‚ որ հորի մէջ կը նային, թասի մէջ կը նային, գուշակութիւններ կ՚ընեն։ Հետաքրքիրներուն զուարճութիւն մը առթելու համար հոս կը դնեմ երկու կտոր բան դիւթական ըսուած թուղթերէն։
       Խնուսայ Գօվանդուկ գիւղի մեր բարեկամ ռէս Մհէրի երկամեայ Դաւիթ մանկան գլխին վրայ կարուած էր հետեւեալը, զոր քակեցի եւ բնագիրն ալ քովս ունիմ,
       «Սուրբն Թորոս նստեալ գրէր եւ դարձեալ ջնջէր, եւ շարակըն պատառէր, իւր միտս խառակըն կուրասցի, խաժակըն խաւարի, դրուցակըն ցամաքի, աղի մաղի կըմըրխի, սարերի ելնէր հովիւըն ծերունի արածէ զհօտըն ծիրանի, կթէ զկաթըն ծէրանի, անխաղաց պանիր եհան, ով որ տեսաւ զարմացաւ, ով որ կերաւ՝ պատառեցաւ, նոյնպէս պատառի չար ակն, չար միտք, չար սիրտ, չար սըհաթ, չար խորհուրդ ի դիմաց ծառային Աստուծոյ Մհէրի որդի Դաւիթին, ամէն պահպանութեամբ սրբուհոյ Աստուածածնին եւ սրբոյն Յօհաննու Կարապետին, եղիցի պահապան Դաւիթին, ամէն»։
       Ահաւասիկ եւ գողօնք գտնալու թըլըսմ մը, զոր‚ ի Պօլիս մեռած վանցի Մ. շատ մը այսպիսի թղթերէն հանելով, տուաւ ինձ հայրենակից մը։
       «Գողի համար առ 2 հատ անծակել մարքըրիտ, 7 հեղ իխլաղ կարդա ի վերայ, դիր հուրըն, որ ճաթի, բազում անգամ փորձած է այս բանը»։
       «Գողի համար առ 7 հատ փախլայ ի վերայ փախլային զայս տըլսմն գըրէ եւ կարդա 41 հեղ անունով, ձըքէ ջուրըն, գիշեր մի կենայ, կ՚ուռենայ փախլան, եւ այն առնօղ մարդն ալ կուռենայ, կու բերէ, ետեւ փախլան չորցուր, որ ազատի, չենէ՝ կու մեռանի, տըլսմն այս է։
       չայս եայս սհա դար քոնթ քէֆ պե եայս
       Բազուկ եւ տապակ եւ սոսլաք եւ սեթըռանփիլաք քանաբուկ անսեայ եւ թուրախաթիս լսարաւոնի, յիշեցի անուն սուրբ քոյ, շուտօվ կատարեցեք որ կամիս իմ եւ գողացացըն դառնունե առ տէրըն ամեն»։
       Մալ հանելու որ տեղ կուման ունես նէ առ աւուճ մի հարտալ, 7 հեղ կարդա ի վերայ, խունկ թուս տուր։
       Այն տեղըն հարդալըն ցանէ մալ կա նէ կամ ուր տեղ է նէ հօն կու ժօղօվի կամ թէ չիկա նէ չի ժօղօվիր, կարդալիքը այս է. «Կըղզուն շարքմու պար համշեւն հմու աշընտին դուպայ վտայ հըմ ֆըլիս նալիմս նազ ֆլեւ հրուսայաթ… դէմ իրոեայ սանմին հայել պհախ նամարաչքնսն հազայել խար տազ պհախ մօտ անլի ֆին այֆայ էմն զել հայել նաշեմիհի»։
       Մալ հանելու այս դըլսմն գըրէ, ճերմակ կամ սեւ խօրօզին ոտքըն կապէ, մալ ուր է նէ հօն երթայ խօսի, ոտքօվ փօրէ, քեզ ցոյց կուտայ, թլսմն այս է։
       Մալ հանելու, առ աւուճ մի, տառի վերայ կարդա, 7 հեղ խունկ ծըխէ, այն տեղըն մալ կայ նէ կամ ուր տեղ է նէ հօն կու ժողովի չիկա նե՝ չի ժօղօվիր, կարդալիքը այս է։
       «Միսմիլահի ռահման ռահեմ ըռօհըռ ղուտուզ էլահ լզ ու հիտ նիբ թու դահի բշրաղու լաթ աթէն ալ մէնալահ թհին մարիֆաթուհու մահդայ ատու քուլումին իրայ ղուբրու եալասուսն աքաս ահայա ահուայել միլ ալ պիւյթալ ջամ եաթմուֆ րայառի մուֆի աթայ մանհու էմ սե հոռհու ալազհի եհ թիաթհի մանալ մայեհ ամին»։