Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ԳՐԱԿԱՆ ՈՒՂՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Ի. դարու սկիզբը մեր գրականութիւնը դարձուածք մը կը փոխէ, գործածելու համար գէշ բացատրութիւն մը։ Ան ունի իր ետին իր կէս դարը։ Իրաւ է, թէ անհաւասար արդիւնքներով, հայրենի հարստութեան գանձարանին համար։ Բայց, նոյնիսկ այդ պակասաւորութեամբ ալ անհամեմատօրէն իրաւ, կենդանի, հարազատ իբրեւ ըմբռնում ու իրագործում, քան ուրիշ որեւէ շրջանի ըմբռնուածն ու իրագործուածը, այս ժողովուրդին երկու հազար ու աւելի տարիներու ընթացքին։ Զայն չհաւնիլը ապացոյց է մեր պատմութեան զգացումէն ինչպէս զգայարանքէն զուրկ ծնած ըլլալու։ Այդ գրականութիւնը ազդեցութեան տակն է իրարու հակասող ուԺերու, արեւելքին ու արեւմուտքին անվախճան բախում էին (ինչպէս է արդէն կեանքն ալ զայն ծնող ժողովուրդին). մեր վիզին փաթթուած դարաւոր մեղքերուն ու քանի մը շատ բացառիկ պայմաններու, փարատոքսալ բայց իրաւ։ Ով որ կը կարդայ մերինները մինչեւ 1900, կ՚ապշի այն ահաւոր փաստին առջեւ, որ այդ գործերը եղած, երկնուած՝ անըմբռնելի գերութեան մը խորը, մեր գլխուն ունենալով թուրքին կրունկը։ Առանց ազատութեան, արուեստը անկարելի է ոչ միայն հիմա, այլ նոյնիսկ Աթէնք, հին դարերուն։ Ազգային անկախութեան սա պակասը աւելի քան տիրական ազդակ մը՝ որով մեզի պիտի պակսին մեծ գործեր։ Ուրիշ նոյնքան կարեւոր ազդակ մը ընտրանիին խայտաճամուկ նկարագիրը։ Կաթոլիկութիւն, բողոքականութիւն, տաճիկ պաշտօնէութեան նուիրուած երիտասարդութիւն, բժշկական, փաստաբանական կարիքներու համար մեզմէ խլուած մտաւոր ուժեր - բոլորը իրարու կը միանան որպէսզի տկարանայ, նիհարի մեր մշակոյթը սնուցանելու սահմանուած ցեղին մեծ տնտեսութիւնը, անտեսանելի այն տնօրինութիւնը, որով ժողովուրդները կը վարուին, շատ անգամ իրենց հասողութենէն վեր մնացած կարգ մը յարդարանքներով՝ կրօնք, իմաստասիրական դպրոցներ, գաղթային կայսրութիւններ, աշխարհակալում եւ այլն։ Այս մտածումներու լոյսին մէջ ինչ որ տուած է մեր ժողովուրդը այդ յիսնամեակին, ոչ միայն իր ուժերուն թաքուն արժէքն է փաստած անոնցմով, այլ արժանի է կեցած իր բոլոր դարերուն։

Ամէն գրականութիւն շրջանէ շրջան (որուն տեւողութիւնը միօրինակ չէ։ Երբեմն սերունդ մը, երբեմն երկու։ Ֆրանսացիներուն դասականութիւնը երկու դար, ռոմանթիզմէ իրապաշտութիւնը՝ խորհրդապաշտութիւնը՝ մէյմէկ սերունդ տեւեցին) կը փոխէ /17/ իր գաղափարաբանութիւնը (idéologie)։ Մերը բացառութիւն պիտի չկազմ էր։ Քսաներորդ դարու մուտքին ահա քանի մը հաստատումներ։

 

ա. ) Անհետացող իրապաշտութիւն։ Բացի մեր քաղաքական պայմաններուն ու ջարդերուն մեզի հարկադրած նոր ուղղութենէն, շրջանի եւրոպական հոսանքներն ալ պատճառ են որ մեր գրագէտները 1900ին, այլեւս ձեռնթափ ըլլան հաստատ, ապահով եղանակէն, որով մեր ժողովուրդին կեանքը, զայն յուզող խոր տագնապները, ասոնց դարմանումին համար մեծ զոհողութեանց հանդէպ մեր ինքնանուէր յօժարումը կ՚ըլլային խթան մեր գրողներուն։ Ասիկա աւելի էր քան արեւելահայերու պարզունակ, անհորիզոն օգտապաշտութիւնը։ Մեր իրապաշտութիւնը 1900ին արդէն աւանդութիւն մըն է։ Ըսի քիչ վերը թէ Զօհրապը Պոլիս է տակաւին։ Բայց կաթողիկոսի մը պէս, որ տարին անգամ մը միայն կը պատարագէ։ Անիկա վերածուած է տօնական գրագէտի մը, հետեւաբար մաս չի կազմեր մեր գրական կեանքին տագնապներուն։ Ու ողջ են փաղանգին միւս մեծ միութիւնները, բայց տարտղնուած, իրենց ժողովուրդին անտես, բայց այնքան անհրաժեշտ պաշտպանութենէն զուրկ, զառամած իրենց ճակատագրէն ու իրենց տաղանդէն՝ ի սպաս դրուած ազգային դատին. Եւրոպայի մէջ, դիւանէ դիւան, մուրացկանութենէ մուրացկանութիւն։ Ոչ մէկ դէմք Պոլսոյ մէջ։ Նոյնիսկ Սիպիլ, Հրանտ Ասատուր դադրած են իրենցմ է։ Հազիւ քանի մը անուններ, գաւառէն հասնող, եւ որոնք, բախտին տարօրինակ մէկ քմայքովը, փոխանակ իրենց ուժերուն լաւագոյնը իրենց ժողովուրդին պատկերացման նուիրելու, եւրոպական այլափոխուած ազդեցութեանց [1] դրօշակիրները եղան ու գրեցին բաներ, որոնք ուղղակի շահ մը չեն մեր հաւաքական հարստութեան աւելցող։ Զարդարեանի ԿԱՐՕՏՆԵՐԸ փոխանակ մեր երկրին կեանքը մեզի բերելու, այդ կեանքին շուրջը կեցող գեղեցկութեանց դրուատումը կ՚ընեն։ Որբերեանի ԾՓԱՆՔՆԵՐԸ ուրիշ վրիպանք։ Իրապաշտութեան ընկրկումը չէ որ պիտի փութացնեն այս ճաշակները։ Պոլսոյ մէջ իրենց անունները սկսող գրողները (Արամ Անտոնեան, Եդուարդ Գօլանճեան, Միսաք Մեծարենց, Չրաքեան, Զապէլ Եսայեան, յիշելու համար քանի մը տիպարային դէմքեր) կը կրկնեն գաւառացիներու այդ /18/ նկարագիրները։ Զապէլ Եսայեանի ԱՇՈՒՂԸ նմոյշ մըն է ըմբռնումի ինչպէս իրագործումի։ Դժուար է այս արուեստը որակող հարազատ տարազ մը որդեգրել։ Ոմանք զայն ուզեցին խորհրդապաշտ պիտակով մը գլխազարդել։

բ. ) Սկսող խորհրդապաշտութիւն։ Բայց որակումը ինծի կու գայ թէ կը հպատակի պատրանքի մը։ 1900ին, եւրոպական մեծագոյն գրական հասկացողութիւնը, խորհրդապաշտութիւնը (symbolisme) իր լրացուցիչներէն մէկը կը նկատէ իրապաշտութեան հանդէպ իր ժխտական դիրքը։ Ստոյգ է որ այս դարու սկիզբը տապալող խորհրդապաշտութիւնը, իր կարգին ազդած է մեր պոլսական ինչպէս արտապոլսական գրողներուն վրայ հաւասարապէս։ Ստոյգ է նոյն ատեն, որ անիկա հակազդեցութիւն մըն է զինքը կանխող դպրոցին դէմ, մանաւանդ ասոր քիչ մը չատ գիտական յաւակնութեանց դէմ։ Մեր մէջ շարժումը հեռի եղաւ վարդապետական սա լրջութենէն։ Ոչ ոք միտքէն պիտի անցընէր Զօհրապը հարթել, ինչպէս պիտի ընէ ին աւելի վերջը ուրիշներ, ուրիշ հանգանակներու մարտկոցէն։ Անիկա նորոգման ճիգ մըն է, առաւելապէս քերթողական պարունակէն, ու ատիկա զգալի է։ 1890 ու 1900ի տասնամեակին մէջ բան մը փոխուած [2] էր։ Մեծարենց ու Չրաքեան անկարելի էին 1890ին։ Բայց այս երկու հեղինակներուն մօտ այս նկարագիրները աւելի ճիշդ պիտի չըլլա՞ր արուեստի զգայարանքով մը բացատրել, քան թէ եւրոպական ըմբռնողութեան մը փոխադրումը ընդունիլ մարդոց մէջ, որոնք ատոր նպատակը չունէին, երբ սկսան իրենց գործը։ Արդարեւ, ինչ ալ ըլլայ արժէքը մեր իրապաշտութեան, անիկա պիտի չկրնայ արդարացնել իր արհամարհանքը արուեստի զգայարանքին [3] դէմ։

/19/ գ. ) Արուեստի զգայարանքը պարկեշտ ու իրական տարազ մըն է գէթ իր սկսնական օրերուն, ու կարտայայտէ հակազդեցութիւնը ընդդէմ իրապաշտներու գունատ, անթռիչ, մանաւանդ աներանգ ոճին։ Անիկա կը տեղափոխէ ծանրութեան կեդրոնները։ Քիչ քիչ իրականութիւն կը դառնայ բան մը, որ կանխող սերունդին խոր ատելութիւնը պիտի արժէր, գրով ըմ բռնուած պարտքին դէմ իր անտարբերութեամ բը։ 1900ին սովորական էր հանդիպիլ գրութիւններու, որոնք շքեղ բառակոյտեր էին ու այդքան միայն։ Ստեղծուած էր դպրոցը, որ միայն բառեր բառերու կապելով կը հաւատար արուեստ ըրած ըլլալուն։ Աւելի՛ն։ Իրեն կու տար իրաւունք արհամարհելու կանխող հանգանակը, որ արուեստի գործին համար նախապայման կընդունիր կեանքի իրական հատուած մը, մարդոյ տառասանքին հանդէպ կարեկցուն հոգի, առնուազն հանրային սպաս մը։ Այդ օրերուն էր, որ պիտի ծաղկէր արեւմտահայ գրականութեան մեծագոյն մեղքը, Բորը, եթէ կը ներուի այս տգեղ բառը։— Արձակ քերթուածը, ատիկա, իրապաշտներով փոխադրուած մեզի, բայց շուտով ինքզինքը պարտադրած։ Չեմ զբաղիր երեւոյթին պատճառներով։ Բաւ է դիտել տալ, որ 1900էն յետոյ գրիչ բռնող ամէն մարդ, տաղանդաւոր որքան անտաղանդ, պիտի գրէ իր արձակ քերթուածը։ Այս զառածումը, գոյնին ու ձայնին ի խնդիր, տոյժովը խորքին, յոյզին, չի կրնար արդարանալ այն միւս փաստով ալ, որ արուեստի զգայութեանց սպասն է մեր արձակին մէջ… Առանց անոր՝ անկարելի պիտի ըլլային քանի մը անուններ փառքերը այդ սերունդին, ինչպէս արեւմտահայ գրականութեան։ Պէտք չկայ անոնք անգամ մըն ալ կրկնելու հոս։ Այդ մարդերը մեր արձակին պիտի տան մանր, իրա, «օր մը ապրուածէն» առնուած զգայութիւններուն նպաստը, ջիղը, համն ու արիւնը։ Ինչ փոյթ որ անոնցմէ ոմանք իրենց այդ տագնապը պիտի վերածեն ճշմարիտ տանջանքի։ Տիրան Չրաքեան ոճի տագնապի մը զոհը ըլլալուն չափ, ախոյեանն է այդ դպրոցին, որ քանի մը բան մէկ անգամ էն բառերուն կը բռնադրէ, ձայն, գոյն, իմաստ։ Այս տողերէն յետոյ, եւրոպական խորհրրդապաշտութենէ մը խօսիլ, մեր մէջ, 1900ին ու աւելի յետոյ, պիտի ըլլար աւելորդ։ Թէքէեանի, Մեծարենցի, Չրաքեանի կենդա/20/նագրերուն մէջ կը ճշդեմ բաժինը հայ խորհրդապաշտութեան։

դ. ) Նոր հռետորութիւն, որուն մէկ փոփոխակն է Պոլսէն դուրս յեղափոխաշունչ հռետորութիւնը։ Զայն կը տեսնենք պոլսական գրողներու քանի մը գործերուն մէջ, գլխաւորաբար անձնապարտ արձակ քերթուածին պատմուճանով։ Անշուշտ իր ծիծաղելիէն չէ ազատած բարւոյն, ճշմարիտին եւ գեղեցիկին անոպայ երրորդութիւնը, Պէրպէրեանի անտաղանդ աշակերտներու բերնին մէջ ու գրչին վրայ։ Ու իննեակ իմաստասիրական որակուած հռետորութիւնը . Գ. Մրմրեան) փայլուն է բաւական, որպէսզի մարդիկ այդ բառակոյտը շփոթեն մտածում էին սրբազան խորութեան ու պարզութեան հետ։ Հռետորութիւն դարձեալ, ամենէն անսպասելի անուններու ետին, Չրաքեանին՝ երբ լոյսին սքանչելի վերլուծումը պիտի սուզէ ու թաղէ մեծ դրութիւններու տողանցին մէջ ու պիտի կարծէ համադրել, երբ բառ մը միայն կաղայ։ Հռետորութիւն՝ Պարթեւեանը, գրեթէ ամ բողջ ու անտանելի անով, որ մարդկային տարրին վրայ պիտի աշխատի։ Ու Չօպանեանին արձակ քերթուածները, մէջն ըլլալով հռչակաւոր ԳԵՂԱՆը, ձօնուած հայ լեզուին։ Հռետորութիւն ՑԱՅԳԱԼՈՅՍԻՆ կէսէն աւելին (որ գրուած է Խարբերդ ու արտասահման), հռետորութիւն նոյնիսկ երանելի Թլկատինցիին մէջ, բայց մտածման։ Այս հաստատումները շարժումէն քառորդ դար ու աւելի յետոյ, մեզ չեն զարմացներ։ Բայց անոնք սրբապղծութիւն պիտի նկատում են պատերազմ էն առաջ։ Արեւմտահայ գրականութեան սա ձախողանքը, այդ օրերուն, ուղիղ արուեստէն, կը ծանրանայ ուրիշ ալ փաստով մը։ Յեղափոխական հռետորութիւնն է է ատիկա։ Զգայնութիւնը (ատոր) հասարակաց է արտասահմանեան բոլոր մեր գրողներուն, ինչպէս եւ արտայայտութեան կերպ, մօթիֆ։ Այդ է պատճառը, որ մեծերու անգիտակից, քիչ մը Հանդիսակայն, խոշորցուած զգայնութեանցը հետ, նորերու (Վարուժան, Սիամանթօ) ձայնը ըլլար այնքան ուժգին, կատաղի, արիւնոտ։

ե. ) Նրբամոլութիւն, զոր իր լրումին պիտի տանին Սիպիլի ազդեցութեամբ չարափոխուած կիներ ու երիտասարդներ, 1900էն վերջ գրիչ բռնող։ Այս մարդոց հետ զբաղում մը հոս՝ իրենց պատիւ մը պիտի ըլլար։ Անոնք իրենց փառքը ապրեցան այնքան առատ ու երջանիկ, որ իրենց մոռացումը չի կրնար պատժել զիրենք։ Կեղծ զգացումով բոլորովին նիհար այն էջերը, որոնք մինչեւ 1908 պիտի փառաբանուին մեր պոլսական մամուլին մէջ, տիրական տարրը կը կազմեն գրական արտադրութեան։ Ճշմարիտ տաղանդներն իսկ տպաւորուած են այդ նորոյթէն։ Մեծարենց, Չրաքեան, Տիկին Ե/20/սայեան, Արտաշէս Յարութիւնեան, Զարդարեան, Թլկատինցի, յիշելու համար քանի մը անուններ, կը տառապին՝ անոր ընծայաբերելու համար իրենց տուրքը։ Եղան ըսողներ, որ այս նրբացման ստոյգ աշխարհէն խուսափման մէջ դեր մը ունէր այդ օրերուն գրաքննութիւնը։ Ճշմարտութեան որոշ բաժին մը կայ անշուշտ այս վերագրումին մէջ։ Անուրանալի է գրաքննութեան կշիռը խորքի հարցին վրայ, քանի որ մեր ժողովուրդին հոգեյատակով զբաղիլը նիւթապէս անկարելի էր դարձած։ Գրողները հարկադրուած, իրենց աշխարհը ենթարկեցին այդ լուծին։ Ու կատարուեցաւ անըմբռնելին։ Մեր գրականութեան ամենէն անառարկելի տաղանդները, Մեծարենց ու Չրաքեան, մեզի կը ներկայանան աշխարհով մը, որ չէզոք է, առնուազն ապազգային։ Ու ասիկա դպրոց պիտի կազմ է։ | Խրիմ եանով ու Սրուանձտեանցով բեղմնաւորուած, ու մեր իրապաշտներուն մօտ հաստատ կեանքի ուսում ին, ասոր արտագրում էին, ասոր վերլուծական վերյօրինման վերածուած շարժումը քայքայուեցաւ, առանց իր պտուղները տալու։ Ոչ միայն զուտ ազգային խորքը, ան՝ ուր կը գործէր թուրքին սուրը, անոր անգթութիւնը, անոր նախատինքը, արգիլուած գօտի մըն է մեր գրագէտին համար, այլեւ այն խաւե՜րը, որոնք իրապաշտներուն մօտ այնքան եռանդուն հետաքրքրութեամբ մը պեղուեցան ու մեր գիրին ստեղծուելէն ի վեր առաջին անգամ մեր իրական ժողովուրդը մտցուցին մեր արուեստէն ներս։ Աչքէ անցուցէք նորավէպերը։ Ձեր գտնելիքը սեռային զառածումներուն, անիմաստ նրբացումներուն պատկերն է, ըլլալու տեղ այն հարազատ, յուզիչ, խորապէս հայ կեանքը, որ Հրանտի մը, Արփիարեանի մը, Զօհրապի մը վիպակներուն, նոյնիսկ քրոնիկներուն մէջ փրկուած է ընդմիշտ։ Այս մէկը պիտի էջեր յատկացնէ մեռնող ձիու մը տեսարանին։ Այն միւսը կիները պիտի երգէ, միսերու կոյտի մը վրայ նստած մարդու մը հաստութեամբ։ Որ մէկը պիտի անպայտանայ ձիւներուն մէջքը նկարագրելու յիմարութեան մէջ մրցելու աստիճան ձիւնին իսկ ոչնչութեան հետ։ Հրապարակը բանուկ է առուտուրովը ժանեակին ու ճառագայթին։ Արշալոյսը, վերջալոյսը, թրքուհիները, Մօտան, Շոփէնը, Մոցարդը, աչուղը ու Վոսփորը ընթացիկ նիւթեր են այդ սերունդին համար։ Ու կը պակսի այդ գրականութեան՝ ի՛նքը, հայ ժողովուրդը, որ այդ օրերուն կ՚ապրի ամենէն ահաւոր իր ցայգալոյսը։ խորքին սա վրիպանքին չափ ծանր է մանաւանդ նանրացումը ձեւին։ Միշտ եղան ըսողներ, որ գրաքննութեան աչքէն կարգ մը զգացումներ փախցնելու համար մեր արուեստը, մանաւանդ ոտանաւորը ստիպուեցաւ ըլլալ նրբա/22/հիւս, այսինքն բառերու պերճանքով մը ծածկելու ձգտող խորքին վտանգաւոր տարրերը։ Բայց ի՞նչպէս բացատրել այդ նանրացող նրբամոլութիւնը նոյնիսկ Պարթեւեանին, Չօպանեանին մէջ, որոնք զերծ էին այդ լուծէն։ Առանձին նիւթ մըն է այս զառածումը, արժանի լուրջ ուսումնասիրութեան։

զ. ) Գաւառական գրականութիւնը արդեն իրականութիւն է 1900ին։ Անիկա հաւասարապէս կը տառապի թէ՛ գրաքննութենէ, թէ պոլսական ճաշակէն։ Ըսի վերը, թէ լքուած է Խրիմեանի աւանդութիւնը։ Անկարելի է իրապաշտ հանգանակին գործադրութիւնը, այդ գրողներուն համար, քանի որ գրաքննութիւնը հայկական հարցը վերածած է ընկերային հարցի մը եւ մեր ներքին, զուտ ընկերային պայքարներն ալ կ՚ախորժի ներկելէ իբր ազատագրական խմորումի տանող շարժումներ։ Բայց հակառակ այս ամենուն, դարձեալ խարսերդցի երկու գրողներու՝ Թլկատինցիի եւ Զարդարեանի սեւեռումներն են մեր բարքերէն, որ կը մնան չատուած մեր գրականութեան։ Մեղք որ Պոլիսին ազդեցութիւնը ծանր կերպով կը հարուած է նաեւ այս հայրենաւանդ ժառանգութիւնը։ Նմանութեան պարզ գիծ մը չէ որ իրարու համազօր կընէ Արտաշէս Յարութիւնեանի ծեքծեքուն ու նրբամաղ արձակը, Թլկատինցիի մանուածապատ նանրութիւններէ ախորժող ոճը, Ռ. Զարդարեանի արձակ քերթուածներուն չողջողուն, փնտռուած, պոռոտ ճարտարապետութիւնը։ Այլ աւելի վեր բան մը, քանի որ ինչպէս դիտել տուի քիչ վերը, նոյն այդ մեղքերով վիրաւոր է ՍԱՅՄՈՆ, Պարթեւեանի կողմէ գրուած, եւ որուն նիւթը այնքան խելացնոր կերպով մը Հայ ալ է։

Գրական ուղղութիւններու ու ձգտումներու սա ամփոփ պատկերը կամբողջանայ, երբ վերլուծման արագ փորձով մը աչքէ անցնենք նաեւ Գրական սեռերը, որոնք այդ օրերուն կը գրաւէին մեր տաղանդներուն ոյժն ու կարելի շնորհները։



[1]     Որբերեան, Զարդարեան նմոյշներ են այդ աղճատուած ազդեցութիւններով ոգեւորուած գրողներէն։ Պայրընիզմը եւ սէնպոլիզմը մինչեւ Խարբերդ ու Մալաթիա՜, ուրիշ կերպ կարելի չէր արդէն։

[2]     Այդ փոփոխութիւնը իր բարձրագոյն արտայայտութիւնը կը գտնէ Ցոլքեր (Սիպիլ) հատորին մէջ։ Տիկին Սիպիլի Ժանեակները՝ իրապաշտ ոգիին ու աւելի վերջը ընդհանրացող ճաշակին խառնուրդը կրնանք նկատել։

[3]     Մեր ռոմանթիզմին հանդէպ իր սարսափովը, ինչպէս մեր կրտսեր ռոմանթիկներուն . Պէրպէրեան, Սէթեան, Թերզեան) այնքան հաճելի հռետորութեան դէմ ու Եղիայի անիրական, օդակառոյց ճարտարապետութեան համար իր խիստ կեցուած քովը, մեր իրապաշտութիւնը իր գրական գաղափարագրութիւնը Երբ կը պարտադրէր մեր հրապարակին, չէր անդրադառնար, որ արեւելահայ] հաստ, անհորիզոն օգտապաշտութիւնն էր, որ կը փոխադրէր մեր մէջ, գլխաւորաբար յանձին Արփիար Արփիարեանի գրականութեան։ Ասկէ դէպի արուեստի յղացքին չարափոխումը դժուար չէր ճամբան, զոր այնքան անպատասխանատու լրջութեամբ մը առին արեւելահայերը, ուրանալու համար արեւմտահայ գրականութիւնը։ Չեմ ըսեր թէ իրապաշտները արուեստագէտներ չեղան։ Առանց արուեստի գրագէտ մը անիմաստութիւն է ինքնին: Բայց արտայայտութեան խնամք մը մահացու մեղք մը չէ։ Ու Արփիարեան այդ խնամքն էր որ հալածեց։ 1900ի սերունդը այս գրականութեան դէմ է որ կ՚ընդվզի։ Ու իր ընդվզումը կը տանի սահմանէն անդին, իր կարգին վերածուելու համար ուրիշ փորձանքի մը։ Ատիկա Արուեստագէտ Սերունդին մեղքը պիտի ըլլար: