Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ

Եղիշէ Դուրեանի քերթողական վաստակը [1], իրեն յատուկ արժանիքներուն քով, կը պարզէ արեւմտահայ քնարերգութեան շրջափոխութիւնը լուսաբանող, լուսաւորող շահեկան երեսներ, որոնք այս առիթով կը ստանան նկարագիր պարագան քիչ մը սո/116/վորական ալ չէ սակայն։ Յիսուն տարի մուսաներուն դարպաս մը, ինքնին սրտառուչ, Դուրեան Սրբազանի մօտ կ՚անցնի հետաքրքրականին հանգամանքներէն։ Կ՚անցնի անհատին ալ հաւանական հոգեշրջումներէն։ Ունինք բանաստեղծներ որոնց անդրանիկ քերթուածները, այսինքն քսանէն վար տարիներու արդիւնք ոտանաւորները մեծ տարբերութիւն մը չեն դներ յիսունէն վեր յօրինուածներուն հետ։ Դուրեանի առաջին նմոյշներուն (քերթողականէն, ու վերջին ոտանաւորներուն մէջտեղը ճիշդ յիսուն տարուան գրական ճաշակ մը կը պառկի։ Ահա թե ինչու այդ հատորը, «ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐ», տեսակ մը թանկ դիւան է, թանգարան մը հետաքրքրական իրերը, օր մը տիրական ճաշակներու յայտարար առարկաներու, գրական նորոյթներու զարմանալի դիմաշրջումներէն մեդի շատ բան սորվեցնող։ Յետոյ, կան հատորներ որոնք մարդու մը պատկանելով հանդերձ, ծնունդն են կարծես շրջաններու, այնքան լաւ կը վերբերեն ասոնք անշուշտ հեղինակին տոյժովը որ ուրիշները ըլլալու իր միամիտ փառասիրութեան մէջ մոռցած է ինքզինքը դնել իր գործին մէջ։ Ալիշանի ՆՈՒԱԳՔ քերթողաշարքը թիփիք նմոյշ մըն է ասոնցմէ։ Կան ալ ուրիշներ որոնք կարծես դուրս են ժամանակէն ու կը պատմեն բացառաբար, շեշտակի, այլամերժօրէն մարդ մը, շատ տարտամ աղերսով մը այդ ժամանակին հետ։ Չրաքեանի «ՆԵՐԱՇԽԱՐՀ»ը ուրիշ նմոյշ մը այդ կարգի գործերէն։

Բազմաթիւ հարցեր կը ներկայանան մեր միտքին երբ կ՚աւարտենք ընթերցումը «ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐ»ին։ Բայց որոնց մօտենալէ առաջ, երկու հիմնական հարցերու ճշդումը անհրաժեշտ կը նկատեմ, քանի որ միւսները կրնան զետեղուիլ ասոնց պարունակին մէջ։ Արուեստի գործ մը միշտ վկայութիւն մըն է մարդ է մը որ իր ուղեղին, ջիղերուն, փորձանքներուն, փորձառութեանց, կարճ՝ իր իսկ օրերուն հակազդեցութիւններէն պիտի քաղէ նախանիւթը այդ գործին։ Աւելի բարդ ու նոր բառով մը՝ խմորը։ Ասիկա վաղածանօթ, երբեմն բռնապետական, ուրիշ ատեն գայթակղալից յաւակնութիւնն է խորքին, զինքը բաղադրող տարրերուն լիագումար հանդէսովը: Զեղչեցէք վարդապետական դպրոցամոլ պահանջները սա տարազին։ Մնացածը արդար յղացք մըն է որ կը բովանդակէ արուեստագէտին անձը, իր ժառանգական ու ստացովի բոլոր յատկանիշներով, իր ապրումներուն համապատասխան թափօրով, ու այն ամէն զգայութիւնները որոնք գտան այդ անձին ջղային կեդրոնները ու գտան նոյն ատեն կերպը իրենք զիրենք առարկայելու, եթէ կը ներուի սա բառը։ Կը հետեւի թէ խորքի քննութիւն մը, արուեստի գործի մը առիթով, մարդկա/117/յին, իրաւ, արդար հոգեբանութեան էջ մը կրնայ տալ մեզի։ Երբեմն ասիկա անհրաժեշտ ալ է գործին իսկ հասկացողութեան։ Մեր Եղիային գրականութիւնը, առանց անձի ուսումնասիրութեան, որքան անուղիղ դատաստաններու պիտի առաջնորդէր մեզ։ Այս հաստատում էին կը հետեւի երկրորդ մը, որուն համեմատ միշտ այդ անձը ինքզինքը պիտի արտայայտէ հասարակաց քանի մը կերպերով որոնք այս անգամ անկախ են իրմէ, ըլլալով հաւաքական արգասիքը զինքը կանխող ճիգերուն, եւ որոնք սակայն շատ մօտէն կը թելադրեն շրջանը, կը կրեն ասոր կնիքը, լեզու, քերականութիւն, արտայայտութեան յաճախեալ եղանակներ, կարճ՝ գրականութեան պատմութիւնը յօրինող դէպքերը, մասնայատկութիւնները, այսինքն ժամանակի մը ճաշակը, գրական հասկացողութիւնը, ի զօրու հանգանակները։

Դուրեան Սրբազանի բանաստեղծական դիւանը հանդիպումի վայրն է գրական երեք սերունդներու ճաշակներուն։ Այս միակ հաստատումը կը ճշդէ կարեւորութիւնը այդ գործին, ըստ որում արեւմտահայ քերթողութեան պատմական յեղաշրջումը մեզի կը պատկերէ շատ աւելի հարազատ գոյներով որքան ատիկա կարելի չէր գտնել, օրինակի համար, Նար–Պէի մը գործին մէջ, որուն երկու քերթուածներուն միջեւ (վերջինը իր մահուան տարին ունի թուական ՀԻՒԱՆԴԻՆ ՄՐՄՈՒՆՋԸ ) դարձեալ կը պառկի նոյն կէս դարը։ Իր մահուան զգայութիւններուն եւ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՐԵՒՆԵՐուն մէջտեղը ոչինչ կայ փոխուած։ Ե. Դուրեանի տափակուկ, տղայական ոտանաւորներուն եւ ԱՆԱՌԱԿԻՆ մէջտեղ անդունդը անանցանելի է։ Յետոյ, ժամանակավրէպ կամ ոչ, ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐը ունի բազմաթիւ գրաբար քերթուածներ, ինքնագիր ու թարգմանածոյ։

Ուրեմն,

ա) Եղիշէ Դուրեանի քերթողութեան մէջ կայ, կապրի արձագանգը մեր առաջին ռոմանթիքներուն - այս բառին սահմանը երբ կը բանանք քիչ մը աւելի ընդունելու համար անկէ ներս Բագրատունիի եւ Հիւրմիւզի զուտ գրաբար ալ քերթողութիւնը, ինչպէս չենք կրնար վտարել ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐէն գրաբար ոտանաւորները, որոնց բոլորին ալ (նկատի ունի երեք Մխիթարեանները. Ալիշան, եւ Պէշիկթաշլեան ու Նար–Պէյը) մեղքը ապահովաբար լեզուէն չի գար։ Դուրեան սնած է այդ բառական ռոմանթիզմով։ Անոր արձակը երկար ատեն չկրցաւ թօթափել 1880ի ի նպաստ գրաբարի գոյաւորուող յետաշրջման ազդեցութիւնները, մինչ անոր ոտանաւորը մինչեւ 1900 պիտի տառապի խորքին սա տագնապովը։ Տուէք անոր /118/ պատանութեան ուրիշ նկատումներ, դուք պիտի ունենայիք ուրիշ Եղիշէ Դուրեան մը։

բ) Եղիշէ Դուրեանի դիւանին մէջ կայ անփառունակ վկայութիւն մըն ալ բանաստեղծական ճաշակի մը, զոր ես որակեր եմ տաղաչափութեան ոսկեդարը մեր մէջ: Դուրեանի մահով սկսած եւ Չօպանեանի երեւումով վերջ գտած այն 15–20 տարիներու շրջանը, ուր բանաստեղծութեան յղացքը հիմնովին կ՚անհետի մեր քերթողներու հոգիէն, ու բառին վրայ, ձեւին վրայ, տողին ու չափին վրայ աշխատանքը կը փոխարինէ ստեղծումին արարքը։ Անշուշտ մեծ անուններ կը դնեն իրենք զիրենք մեծադիր քերթուածներու ներքեւ։ Թերզեան, Չերազ, Եղիա, Պէրպէրեան, Uէթեան, Աճէմեան կործանելիք փառքեր չեն, բայց բանաստեղծութեան հետ այս մարդոց աղերսը դրականութեան պատմութիւնը կը շահագրգռէ եւ ոչ թէ գրականութիւնը։ Պետրոս Դուրեանէն բազմաթիւ քերթուածներ, աւելի նուազ ուրիշներ Մ. Պէշիկթաշլեանէ այսօր ալ մեզի կ՚առթեն այն յուզումը, զոր 1870ի տղաքը կ՚առնէին անոնցմէ։ Թերզեանի ամենէն շքեղ քերթուածին հետ նման փորձ մը պիտի տանէր մեզ դժնդակ զգացումներու։ Չեմ կրցած, առանց պարտքի ստիպուած ըլլալու, աւարտել այդ մարդէն որեւէ քերթուած։ Ու ասիկա դժնդակ վճիռ մըն է։ Ու այս դպրոցը իմացական ողնածուծն է Եղիշէ Վարդապետ Դուրեանի։ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին առաջին քերթուածները կը պատկանին այս դարուն։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ Դուրեան Սրբազան քառորդ դարու դարպասէ մը վերջ տաղաչափութեան, Հրաշքով մը գտած է ինքզինքը, երբ արդեն մեր բանաստեղծութիւնը ազատագրուած էր թէ՛ տաղաչափութենէն, թէ՛ իրապաշտ որակուած սիպիլեան պատմումէն։ Ով կը կարդայ ուշադրութեամբ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐը, կ՚այցուի ուրիշ տխուր ալ մտածումներով։ ՅԻՍՈՒՍ ՄԱՆՈՒԿԸ, գրուած պատերազմէն վերջ, յապաղած հարկ մըն է կարծես այդ սկզբնական ախորժակներուն, տարիքին հետ իրենց ուժերուն տիրացած կրկին։ Ու հարիւրով թարգմանութիւնները, նոյնիսկ նորագոյն հեղինակներէ, անգիտակից ընծայաբերումներն են իր պատանեկան ներշնչումներուն:

գ) Անոր ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը (ուրկէ դուրս ուրիշ քանի մը քերթուածներ) կը պատկանի մեր արուեստագէտ սերունդի մտափոխութեան, երբ իրապաշտներուն անհետացում էն յետոյ մեր արուեստը երկու որոջ ուղղութիւններով ինքզինքը ջանաց իր ժամանակին բարձրացնել (Եւրոպայի մէջ՝ Սիամանթօ, Վարուժան, Թէքէեան, Պոլսոյ մէջ՝ Մեծարենց)։ Ձեւի լուրջ տագնապ մը խորքի նոյնքան /119/ լուրջ ուրիշ մտահոգութիւններ կը գտնեն մեր ոտանաւորին վրայ իրենց միութիւնը։ Սիպիլ, մանաւանդ իր թարգմանութիւններով, Որբերեան իր անորակելի ոգիովը եւրոպական պատուաստէ (Չօպանեանով սկսած) նոր փորձերը մարդեր են։ Դուրեան Սրբազանի հետ անտեղի չէ գործածել յարաբերական խորհրդապաշտութիւն մը, կրօնական ներշնչումներու մշուշին ընդմէջէն ժամանակակից տռամներու իրագործում մը։

Երեք սերունդ՝ մէկ անձի մէջ։ Կը հասկցուի՞ թէ ինչու Դուրեան Սրբազանի քերթողական վաստակը կը նկատեմ մէկը մեր ամենէն շատ եկան ստացումներէն։ Այդ դիւանէն ինչ փոյթ որ ազատող մասը չըլլայ համեմատական՝ հատորին ծաւալին։ Քերթուածներուն թիւը հեռու է անոնց որակը հակակշռելէ։ Մ. Պէշիկթաշլեանի 5—6 երկվեցեակ աշխարհաբար քերթուածներէն կէս երկվեցեակ իսկ չազատիր։ Բայց այդ ազատուածը մնայուն շահն է բանաստեղծութեան։ Նոյնն է պարագան Ալիշանի Մեծարենցի համար ալ։ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐը անշուշտ որ անձի մը պատմութիւնը ըլլալու պարտքին տակն էր ամենէն առաջ։ Պիտի փորձեմ գտնել այդ անձը։ Այն պարագային իսկ երբ այդ գործ էն հանուելիք մարդը ըլլայ տժգոյն, բաղդատուած մեր վաւերական քերթողներու միապաղաղ անձնականութեան (Դուրեան, Պէշիկ թաթլեան, Մեծարենց, Թէքէեան, Վարուժան, Սիամանթօ), նոյնիսկ իւմանիստ Դուրեանի, դարձեալ աշխատանքը չի տառապիր, վասնզի դրական յեղաշրջման մը վրայ անիկա առիթ է լայն, վճռական ճշդումներու։ Անոր մէջ կը միանան ռոմանթիզմը, մեր տաղաչափութիւնը։ Անոր մէջ կը սկսի մեր խորհրդապաշտ կատակով բայց գերանուրբ թեքնիքով կարծրակառոյց բանաստեղծութիւնը:

* * *

Ու, այս նախամուտէն վերջ, հարցումը

Կա՞յ բանաստեղծ մը ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐ դիւանին մէջ։

Թերեւս աւելորդ չէ դիտել տալ որ նման հարցում մը քիչիկ մը անբնական գար, օրինակի համար, ՆՈՐ ՏԱՂԵՐ հատորին հետ։ Մեծարենցի արձակները ինքնաբերաբար չքացած են անոր քերթողական դիւանին դիմաց, առանց մեծ դժբախտութեան։ Դուք որ պիտի կարդաք այս տողերը, կը հրաւիրուիք վերադարձի մը դէպի ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐը։ Ընթերցումը ձեզի պիտի պատճառէ տպաւորութիւններ, մտածումներ, կասկածներ, երբեմն յոյզ, արուեստի գործէ մը սպա/120/սելի կարգ մը զգայութիւններ։ Բայց նոյն ատեն պիտի գտնէք զձեզ դժուարութեան մէջ, այդ ամենը խմբելու քանի մը կարճ, ցայտուն կաղապարներու տակ, որոնք նկարագիրը տային հատորը տարազող։ Համադրական զգացումներու պակասը ուշագրաւ պիտի դառնայ եթէ երբեք անցած էք փորձէն ուրիշ տաղարաններու Հետ։ Յիշեցի հատոր մը։ Ահա ուրիշներ։ Դուրեանին ՏԱՂԵՐը, ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ ը, ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆը, գիրքեր են որոնք, առանց ճիզի, ձեր միտքին մէջ ծընունդ կու տան զօրաւոր զգայութիւններու, իրերահանգոյն ու կը տարազեն զանոնք ստեղծողներուն նկարագիրները։ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին Հետ այս փորձը, իր ժխտական արդիւնքով, յատկանշական է սակայն։ Ինծի կու գայ թէ հատորին կոչումն ալ դեր մը ունի այս անհանգիստ զգացումներուն զարթումին մէջ։ Մոռցէք այդ 500ի մօտեցող էջերուն թանձր պարտադրանքը ու ենթադրեցէք թէ ձեր առջեւ ունիք միայն ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ-ը կազմող հարիւր էջերը։ Այն ատեն հրաշքով մը կ՚անհետանան այդ վարանոտ, չկամ տրամադրութիւնները։ Դուք կը զգաք բանաստեղծը ու մեծ դ իծերով ալ անոր նկարագիրներէն մէկ քանին։ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին հեղինակը երբ ողջ էր, տկարացաւ անգամ մը միայն, Երուսաղէմ, տպագրութեան զիջելով դրուագներ մանուկ Յիսուսի կեանքէն մանկական պատմութիւնները։ Բայց ընդդիմացաւ իր քերթողական ամբողջ երկունքին հայրութիւնը ընդունիլ։ Ու լաւ իմացէք, հեղինակները միշտ աւելի լաւ ու իրաւ կը ճանչնան իրենց գործերը քան զանոնք աս ու ան նպատակներով փառաբանողները։ Յիշատակի, երախտագիտութեան տո՞ւրք, իսկական սպա՞ս մը Հայ բանաստեղծութեան, այսպէս մարդ մը յետ մահու կոտրտելու արարքը, երբ կը խմբենք ինչ որ հեղինակը չէր վախցած արիութեամբ այրելէ։ Տրտում այդ պահը։

Հետագայ վերլուծումները, ուրեմն, կ՚անգիտանան գրեթէ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐ ին չորս հարիւր էջերը, մասնաւորուելու համար ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ սկզբնական անունին տակ մեզի կտակուած փորձառութեան եւ այն մէկ երկու ուրիշներուն որոնք տեղ չէ ին ունեցած առաջին հատորին մ էջ։ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին մէջ կը փնտռեմ ուրեմն

- ա) Զգայնութիւնը Դուրեան Սրբազանին։ Մենագրութիւն մը անշուշտ զիս պիտի արտօնէր այդ զգայնութեան լիապարփակ արտագրում էին համար, մօտենալ ժամանակին, ընտանեկան մթնոլորտին, մանկական ու պատանեկան առաջին անջինջ տպաւորութիւններուն, հասուն տարիքի ապրումներուն, երբ ուսուցիչ, վարդապետ, եպիսկոպոս, պատրիարք՝ մեր ամենուն պէս եղաւ իր կէս դարը լեցնող յոյզերուն, խռովքներուն, տագնապներուն համագու/121/մարը։ Հոս չունիմ այդ ազատութիւնը։ Ստիպուած եմ գոհանալ ամենէն ընդհանուր ցուցմունքներով, որոնք պատկանելով հանդերձ անոր անձնաւորութեան միջին յատկանիշներուն, ըլլային թելադիր քիչ մը ընդարձակ հոգեվիճակներէ, մեզի խօսելով այն առաջին զգայութիւններէն որոնցմով կազմուած է ուղեղը ամէն պատանիի։ Պոլիս, Իւսկիւտար, 1870, ռոմանթիք, հիւծախտ, մեծ մահեր անշուշտ առանձին առանձին ազդակներ են, արժանի ուսումնասիրուելու։ Չունիմ տեղ։ Կը կենամ, քիչ մը աւելի երկար, պատանի Դուրեանի հոգին բաղադրող մէ եւ երկու վիճակներու դիմաց, վասնզի ասոնք իմացական նկարագիրներ են այդ օրերուն մեր մտաւորականութիւնը յատկանշող։ Արագ կը թելադրեմ որ մտապատկերէք ինչ որ կաղապարի մտած է Զարթօնքի Սերունդ եւ Ռոմանթիքներ յղացքներուն հետ, մեր ժողովուրդ ի ընկերային, ազգային, քաղաքական պայմաններէն, տեսնէք մեր լեզուն, դպրոցները, տնտեսական կեանքի մեծ ծիրերը (course)։ Ուշագրաւը, գրական տեսակէտով, միակտուր պայծառութիւնն է մտավիճակի մը որուն սկիզբը կ՚իջնէ դար մը վար եւ որ իր վերջնական արտայայտութեանը կը հասնի 1860ին։ Ատիկա Մխիթարեաններու իմացական բարեխառնութեան բարձրակէտն է արդարեւ։ Ինչ որ մղած է քերթելու Բագրատունին, Հիւրմիւզը, Ալիշանը, Խրիմեանը, ու մեր երկու մեծ աշխարհիկ ռոմանթիքները, կրօնական, ազգային հոգեվիճակ մը ըլ։լալուն չափով, փաստ մըն է նոյն ատեն գրական ալ ախորժակներու։ 1850ին, 60ին, 70ին, լուրջ, ծանրախոտ, պատկառելի աթրաներ, իրենց ձեւովը, հեշտանքը ունէին, լուրջ, ծանրասպաս իրենց աշխատանքներէն քիչիկ մը շունչ առնելու, բերանփոխի համար, դարպասը ընել մուսաներուն։ Կրօնական մեր մեծ հաստատութիւններուն վաղնջաոր կամարներուն ներքեւ, դրաբար ոտանաւորը, երգի վերածուած, այդպէս արտասանուած, ոչ միայն այդ օրերու գրական վայելքը կը կազմ էր այլեւ կարելի կաղապարը կու տար, այդ հաստատութիւններէն դուրս մ չակելի գրականութեան մը։ Մեր հանդէսները մեր գրական ճաշակին առաջին մարզարանները եղան, քանի որ մեր դպրոցը, ժամերուն կողքին, մեր միտքին անդրանիկ տնկարանը կը կազմէր։ Սահմանադրութեան տարեդարձներուն հանդէսները, այսօր այնքան անիմանալի իբրեւ խանդավառութիւն ու տենդ, 1870ին ազգային երգերու պարս մը կը թելադրեն։ Իմացական, տնտեսական ամէն գործունէութիւն կը տօնուին մեծատարած եղելութիւններու շուքով։ Վաճառականը, պաշտօնատարը, եպիսկոպոսը, ընկերային ազնուապետութիւն մը կը կերպարանէն, եթէ կը /122/ ներուի այս բառը։ Ընդարձակեցէք այս հոգեվիճակը ու դուք պիտի դիւրաւ հասկնաք թէ ինչու այնքան զարմանալի կերպով առատ է մթերքը ընտանի քերթողութեան, Արեւմտահայ բանաստեղծութեան այդ անդրանիկ շրջանին, երբ մենք պարտաւոր էինք այդ ստեղծումին մէջ տեսնել ուրիշ բան, եւ ոչ՝ այդ ուղերձները, ձօները ի տարեդարձ, ի յիշատակ, ի ծնունդ, ի մահ տաղերը։ Աւելին։ Պիտի հասկնաք թէ որքան բնական ընդառաջումով մը, վաւերական, մեծագոյն մեր քնարերգակը, Պ. Դուրեան, գաւառացի եպիսկոպոսի մը պատրիարքական գահ բարձրանալը պիտի չվարանի տարփողել «Ի ԼՈՒՐ ԻՒՐԱԶՆԷԻՑ», իբր պատմական մեծ եղելութիւն, այս մտավիճակին մէջ հարազատ եղբայր մը ըլլալով այն միւս մարդուն որ «հայկազունները» կը հրաւիրէր

 

Յառաջ ընթանալ:

Սահմանադրութեան նոր բարեւ մ'ալ տալ…:

 

Հանդէս։ Երգ։ Հայաստան։ Ինքը, Խրիմեանը պիտի դիւցազներգէ, աստուածային այլուրութեամբ մը իր իրը թուրիստ տեսած աշխարհները, Այրարատն ու Աւետեաց երկիրը, առանց կասկածելու ըրածին տարրական անպարկեշտութենէն։ Պէշիկթաշլեան տասնեակներով պիտի արտադ րէ իր վարկին համար այնքան վնասաբեր ընտանի քերթուածներ, ով գիտէ ինչ մտերմիկ զգայութիւններու արդիւնք, իր մէջ, մանաւանդ իրմէն դուրս, աս ու ան մեկնող կամ դարձող ճամբորդէն, քնացող տղեկէն, տարեդարձներէն, հանդէսին մէջ երգուելու համար պաղատուած նիւթերէն, որոնք մեր կեանքին կեղեւը կը կազմեն եւ իբր այդ պարտաւոր էին արուեստին մաս չկազմել, առանց խոր incubation–ի ենթարկուելու։ …Դուրեան Սրբազանի դիւանը մեզի կը դարձնէ այդ զգայութիւնները։ Ի վերջոյ տասնամեակով մը իրարմէ հեռու են 1870ը եւ 1880ը։ Բայց կայ հիմնական տարբերութիւն մը։ Վերի հոգեվիճակը անոր մօտ ատեն չունեցաւ գտնելու այն ամրութիւնը, կատարելութիւնը որոնք այնքան վճռական երանգով մը նկարագիրը կու տան Զարթօնքի Սերունդին ախորժակներուն։ Բանաստեղծութիւնը ընկերային պաշտօն մըն է ամենէն առաջ։ 1880ին այդ հանգամանքը չէ ուրացուած անշուշտ մուսաներու դարպասողին։ Բայց կը միջամտէ անսպասելին։ 1878ին Միհրան (Եղիշէի աշխարհական անունը) ութեւտասնամեայ պատանի մըն է։ Թէ տարեթիւը (տղուն ինչպէս թուականին, որքան բացառիկ էր, պէտք չեմ զգար մեծ վկայութիւններու։ Ամէն մարդ անցած է իր պատանութեան այդ բարձրակէտէն առանց խորհելու որ կը կրէ ր իր ուսերուն վրայ ինչ որ պիտի մանրէր իրեն շնորհուած /123/ կեանքի միւս բոլոր շրջաններուն ու պիտի բաարարէր իր հոգեսնունդին համար։ Ու ամ էն արեւմտահայու համար այդ տարեթիւը որքան խոր յանգում ու հրաշախառն սկիզբ մըն է։ Եթէ այդ հոգեվիճակը ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին համար չհայթայթեց անխուսափելի ազգայնական ոտանաւորներու թխածոյքը, պատճառը իրմէն դուրս է ապահովաբար։ Գրաքննութիւնը գէթ այդ բարիքը ըրաւ մեր ոտանաւորին, 1880էն վերջ արմատէն չորցնելու չափ այդ անիմաստ Հռետորութիւնը չափաբերուած բառերուն։ 1910ին, գրաքննութեան անկումէն յետոյ, Դուրեան Սրբազան պատկառելի իւմանիստ մըն էր, ծանր ուuումներու սպասարկու, քերթելու համար բաւական հանգչած։ Անոր պատանութեան եւ ծերութեան ընդմէջ երկարող 40 տարիները թէեւ տարօրէն եղերական, անոր ջիղերուն վրայ չունեցան բզկտող, կործանարար հակազդեցութիւններ։ Կիլիկիոյ աղէտը զայն գտաւ դիւանական զբաղմանց թոհուբոհին մէջ։ Աւելի կանուխ, 95ի սարսափները արիւնեցին անշուշտ իր սիրտը։ Աւելի յետոյ 915ի զարհուրանքը համաշխարհիկ սարսափին մէջ մասնակի տագնապ մըն էր։ Կ՚ընեմ այս ճշդումները, բացատրելու համար անոր դիւանին մէջ նկատելի այլուրութիւնը մեզ խորապէս յուզող տագնապներուն։ Միւս կողմէն չեմ ուզեր որ մոռնաք թէ 1865ին մեր ազգայնութիւնը (իբր մտածում ու զգացում) ապաստանած է մեր երիտասարդութեան, ամէն կրկէսի մէջ, ու ի հարկէ՝ նաեւ գրականութեան մէջ։ Մինչեւ այդ թուականը անիկա խնամարկուած էր մեր եկեղեցականութենէն։ Փոխուող բարքերը, նոր պայմանները, անհայտ էին հին վիճակին հետ։ Ու շրջանը արարքի, գործօնութեան շրջան մըն էր, ոչ թէ դիմառնական նախադասութեանց հանդէս մը, խնկաբոյր կամարներու ներքեւ պոռացուած։ Դուրեանի զգայնութեան սա երակին համար սա տողերը անշուշտ անբաւարար են սպառելու իմաստն ու արժէքը այդ խորարմատ զգացումներուն որոնք անխտիր բոլոր հայերունն էին այդ օրերուն։ Կ՚անցնիմ, խորհելով թէ մեր ամէն մէկ գրագէտին հետ, համար, այս հարցը ինքնաբերաբար կը պատրաստէ ինքզինքը։ 1880ի պատանին, ազգային ռոմանթիզմէն զատ, ընդունարան մըն էր արեւելեան այն ռոմանթիզմին որ սխրալի որքան ծիծաղելի ձեւերով պիտի երեւայ մեր գրականութեան մէջ։ Եկեղեցականի ասպարէզը հոս ունեցաւ վճռական ազդեցութիւն, փակելով կարեւոր ներքնամաս մը հոգիի։ Եղիշէ Դուրեան զերծ մնաց, այսպէսով, զգացական ալ ռոմանթիզմէն, որ համբաւը տուած էր իր եղբօրը։ Բայց նոյն ատեն չմոլորեցաւ անըմբռնելի ալ միւս ռոմանթիզմին կապանքները դէպի, որ կը /124/ տիրէր հրապարակին վրայ։ Կարդալ մը 1880ի մեր բանաստեղծներուն (անտաղանդները չունիմ նկատի) մեզ կը լուսաւորէ շատ աւելի քան երկար մեկնողականները։ Կը ղրկեմ ուրեմն ընթերցողը Թերզեան–Սէթեան–Պէրպէրեան ոտանաւորին։ Եղիշէ Դուրեանի ԱՊԱԳԱՅն, ՆԱՅԻՆԻ ՊԱՏԱՆԻն եւ Վարդանանցի համար ՏՐԱՄԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ (երեքն ալ կան ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին յաւելուածին մէջ) կը պատկանին նոյն ճաշակներուն, Հիւրմիւզ–Բագրատունի ոտանաւորին յաճախանքին մէջ կազմուած եւ ուր անհատին բաժինը կը մնայ զանցառելի, քանի որ բանաստեղծութիւնը ենթակայ է տաղաչափութեան: Եթէ ծանրացայ այս սկզբնական զգայնութեան դերին Եղիշէ Դուրեանի մօտ, պատճառը գրական հմտութեան ցոյց մը չէ։ Եղիշէ Դուրեանի քերթողութիւնը երբեք պիտի չազատագրէր ինք զինքը, նոյնիսկ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին փառքի շրջանին, այն դժբախտ հաւատքէն, որուն համեմատ որեւէ մէկը, հերիք է որ ունենար յանդգնութիւն, բաւարար հմտութիւն, լեզուին տիրապետութիւնը, ինքզինքը իրաւասու կը կարծէ մուսաներուն բարբառը գործածելու: Հոս կը տրուի այս գլուխը բացող մեծ հարցը կրկին։ Կա՞յ բանաստեղծ մը Եղիշէ Դուրեանին մէջ։ Պատասխանը ոչ միայն դժուար, այլ կնճռոտ է նոյնքան։ Ուշագրաւ է որ այդ հարցումը չի գար մեր մտքին՝ իր եղբօրը համար։ Ասիկա կը նշանակէ թէ Պետրոս Դուրեանով նոր զգայնութիւն մը (ֆրանսացիք կ՚ըսեն՝ սարսուռ մը) կ՚աւելնար մեր գրականութեան մէջ։ Կա՞յ յաւելում մը Եղիշէի ոտանաւորով այդ գրականութեան մէջ։ Անոր գրաբար ոտանաւորները կրնային հիմնովին պակսիլ, առանց դոյզն իսկ տոյժի, այնքան կատարեալ տաղաչափութիւն են անոնք, առանց բանաստեղծութեան կաթիլին։ Անոր թարգմանութիւնները ճաշակ մը չփոխեցին մեր բանաստեղծութեան մէջ, ինչպէս կը հաստատենք ատիկա դրական կերպով մը Ա. Չօպանեանի եւ Տ. Սիպիլի թարգմանութեանց համար։ Կը մնայ կրօնական բանաստեղծութեան մէջ իրմով մտած թեքնիքի նորութիւն մը՝ որ տպաւորեց։ Արդ, կրօնական զգայնութիւնը Դուրեանի մէջ երբեք ամուր, տիրական վիճակ մը չի թելադրեր մեզի։ 1890ին ֆրանսացի սենպոլիստներուն միջոցով (գլխաւորաբար Փոլ Վեռլէն) այդ զգայնութիւնը տուաւ քանի մը անկեղծ գիրքեր։ Վեռլենի Sagesse-ը աժան գայթակղութեամբ լաստակերտուած համբաւ մը չէ, այլ իրաւ բանաստեղծութիւն. այսինքն զգացմամբ թաթաւուն ու միամիտ անկեղծութեամբ, առանց մեծ թեքնիքի ոտանաւոր մը, թոյլ, dégagé համակ հնչիւն ու խուսափուկ հեծք։ Փոխադրեցէք սա վերագրումները ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին։ Ձեր դժուարութիւնը ծա/125/գում կ՚առնէ, ամենէն առաջ, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը լեցնող նիւթին նկարագրէն։ հոն Նոր Կտակարանեան թեմաներ, ձեւական նորոգմամբ մը, կը պատմուին, փոխանակ ապրուելու։ Անշուշտ իբր ընդլայնում, բարքի թաքուն տախտակ, նախանիւթը շահարկելու գիտութիւն, ճարտարութիւն, ԱՆԱՌԱԿԸ նորութիւն մըն է մեր բանաստեղծութեան մէջ։ երբ քերթուածը մերկացնէք այդ նորակերտ զարդերէն, եւ ուզէք մտերմանալ զգացական տարրին, պիտի չվարձատրուիք, վասնզի քերթուածը գրուած է այդ արտաքին հանդերձանքին, այդ պատկերափոխութեան իսկ սիրոյն եւ ոչ թէ զգացում է ծանր տագնապի մը իբր անդրադարձ։ Ու ասիկա այսպէս, գրեթե բոլոր միւս կտորներուն համար ալ։ Յետոյ, այն բանաստեղծութեանց մէջ, ուր հեղինակը չէ այցուած զգացական տագնապէն, այսինքն մնացած է ձեւերու նկարիչ ու պատկերահան, մենք ալ կը միանանք իր հաճոյքին, պատկերներու չարանին առջեւ լիապէս բաւարարուելով։ Դուրեան Սրբազան դիտէ որ առանց զգացման բանաստեղծութիւն մը առանց հոգիի պուպրիկ մըն է։ Ու շրջանը կը կարծէ ընել վտանգին, Նոր-Կտակարանի մէջ զգացական դրուագները, ընդհանրապէս պարզագոյն ձեւով ապրումներ, առատօրէն տեղաւորելու իր տողերուն մէջ։ Արդիւնքը այն կ՚ըլլայ, որ փոխադրուած (transposé) այդ կեանքերը, մի–երես ու շատ կարճառօտ, մեզ կը նեղեն, մանաւանդ բնագիրներուն հալածանքովը։ Եւ որովհետեւ օրինակ մը աւելի համոզիչ է, կառնեմ ոտանաւոր մը, զայն ենթարկելու վերլուծում է։

ԵՏ ԵՒԷՍ ԵԿՈՒՐ

Եթէ զիս տանիս դէպի Յորդանան`
Բացուած երկինքի հրաշքներուն ներքեւ,
Կուգա՜մ վայելել Քու սիրոյդ պարգեւ,
Վայրերն այն դալար, ուղխերն փափկութեան։

 

Այս քառեակին նպատակն է մեզի զգալի ընել Յորդանանի հովտին, ափերուն պատմական կախարդանքը։ Մէկդի՝ հեքիաթին մշուշը (քերթուածը գրուած է Իզմիր, այսինքն առանց անձնական ապրում ի նպաստին), պատմական գետին իրական տարողութիւնը, աւետարանական պատմում էն հոն անցած հրաշալին չեմ գիտեր ինչ կապ ունի փափկակեաց եպիսկոպոսի մը հոգեբանութեան հետ: Դուրեան Սրբազան դալար, փափկութի՞ւն կ՚ուզէ վայելել թէ՞ Յիսուսին ետեւէն երթալ։ Ո՞րն է փափաքներէն ան, որ քերթուածին հոգեյատակ է տա/126/լու։ Մենք գիտենք թէ անոր ետեւէն գացողները ինչ բանի կը նային, քանի որ կանչողը ինք ուրիշ տեղ մը ըսած է ատիկա ու պատմութիւնն ալ հաստատած է այդ վճիռը։ Սա անստոյգ տրամադրութեամբ կը մտնենք երկրորդ քառեակին.

 

Կուգամ ետեւէդ եթէ տանիս զիս՝

Կանայի զուարթ ակումբներուն մօտ,
Ուր թակոյկներուդ գինին ծաղկահոտ
Պիտի արբեցնէ օրերը կեանքիս:

 

Դարձեալ պատմական անուն մը, իրեն կապուած հրաշալին։ Մէկդի՝ իրականութեան թշուառ զիւղակը (որ չէ փոխուած երկու հազար տարիէ ի վեր եւ ուր Արեւելքին բորոտ յունն անգամ չի կրնար ապրիլ, այնքան անժառանգ են պաղեստինեան գիւղերը, բայց բոլոր երեսներով։ Դուրեան Սրբազան գինիին ծաղիկի հոտ կու տայ տեղի մը մէջ, ուր ծաղիկները շատ շատ ամիս մը կ՚ապրին), ու անոր յաւիտենապէս անզուարթ ակունքները, մարդ կը հարցնէ կրկին հոգեվիճակը, հաստատ, իրական յատակը սա բաղձանքին։ Գինի խմելու, Աստուծոյ խօսքով գինովնալու համա՞ր է, որ Իզմիրը ձգելով եպիսկոպոսը պիտի վազէ Կանա։ Մեր Հարցումը չունի պատասխան, քերթուածին մէջ ու մեր մէջ։ Նոյն անստոյգ տրամադրութեամբ կը մտնենք երրորդ քառեակէն ներս։

 

Կամ եթէ տալիս զիս հոն ուր յոգնած
Ու վաստակաբեկ նըստար մօտ հորին,
Ես Քու կենդանի ջուրէդ առօրին
Կուգամ բուժելու ծարաւս անձկայրեաց։

 

Երրորդ անգամ ալ կը շահագործուի պատմութիւնը Աւետարանին։ Սրբազան մատեանին մէջ բանաստեղծական ճշմարիտ յոյզը պայմանաւոր է իրականութեամբ, մարդերու հոգեբանական ճշդութեամբ, երկնայինին ալ գողտր լուսացաթովը։ Վերջինը չեմ կրնար պահանջել Եղիշէ Դուրեանէն (թէեւ ատիկա նուաճող բանաստեղծներ նուազ չեղան), բայց առաջինին համար կու տամ քանի մը գիծեր։ Ինչ որ Սամարուհիին պատմումին մէջ իբրեւ շրջանակ կը մնայ մեզի եւ այսօր պաղեստինեան դաշտավայրին կռնծած, այրեացաւեր մէկ հովտակն է, շուրջանակի բոլորովին լեռ բլուրներով ու ջրգորեան վայրերու աղտոտո փոշիով, թրիքին ու մէզին աղերով յագեցուն մթ/127/նոլորտի մը մէջ, ուրկէ զբօսաշրջիկը քիթը բռնելով պիտի աճապարէր փախուստ տալ, եթէ յոյները կերպը գտած չըլլային ջրհորը փակելու արտաքին գործածութեան առջեւ։ Դուրեան Սրբազան լուսանկար մըն ալ ունի Յակոբայ ջրհորին վրայ առնուած։ Բայց չէ խմած անշուշտ ջուրէն, երբ իբր պատրիարք շրջեցա այդ տեղերը՝ այսօրուան հանգստաւէտ պայմաններուն մէջ, առնուազն՝ ինքնաշարժով։ Չեմ գիտեր բուժե՞ց իր ծարաւը։ Չեմ դատեր սա հոգեբանութիւնը, քանի որ իր ճշմարիտ տարողութեամբ կը մնայ անորոշ։

Չորրորդ քառեակը՝ Գալիլիոյ Լիճը: Հինգերորդը՝ Թափոր։ Վեցերորդը՝ Բեթանիա։ Եօթներորդ՝ Երուսաղէմ, Վերնատան ընթրիքը։

 

Ու նըւագելով երգ կամ ալէլու,
Կեդրոնի ձորէն ալ կ՚անցնիմ ժըպտուն:

 

Դառն այս պատկերը ձորեն ժպտուն անցնող մարդուն։

Ապա ութերորդ քառեակը։

 

Բայց կը վարանիմ գալ Գեթսեմանի՝
Ուր քունով մ՚աչքերս պիտի ծանրանան,
Գուցէ ա՛յն ըլլայ իմ քունը մահուան
Ու մեծ Ոչինչին գիրկը զիս տանի…։

 

Տարակոյսը վերցած է։ Մահէն անդին մեծ Ոչինչը։ Այն ատեն մեզի կը մնայ քերթուածին երկնայինը անպիտանալ ամբողջութեամբ, ու երկրային վիճակներու նոյնքան իրաւ, մարդկային եղերականը հիմ առնել հոգեվիճակին։ Բայց ատով կը ստեղծենք հակասութիւն։ Կանչողի մը ետեւէն քալելու պէտք չունինք, քանի մը վիճակներ իրագործելու, որոնք մեր միջոցներով ալ նուաճելի էին։ Դժուար չէ լեռ մը բարձրանալ, լիճի մը ափին հովին ունկնդրել, կամ ձորձ փռել, ովսաննա պոռալ աւանակի քամակին իր կործանում էին բարձրացող թագաւորի մը փառքին։ Դուրեան Սրբազան Աւետարանին գեղանի պատկերները մկրատած է, կազմելու համար տժգոյն ալպոմը զբօսաշրջիկին, որ ետին կը նետէ արդի լիւքսը, բայց ուսերին առանց նետելու հին ուխտաւորին ալ պատմուճանը։ Մահէն վախը մարդկային է անշուշտ։ Բայց կեանքը ռնգագալար փնտռե՞լը։ Ան ալ մարդկային է։ Ու ետեւէս եկուր քերթուածը որո՞ւն գովքը կամ վախը կ՚երգէ։

/128/ Չեմ շարունակեր սա վերլուծումը։ Աւետարանը Դուրեանի զգայնութեան մէջ պատկերներ, հեքիաթ, տիրական գոյն ու համառօտման մարզանքներ տուած է։ Չունիմ առարկութիւն։ Մենք մեր կրցածը կ՚առնենք գիրքերէն ու աշխարհէն։ Բայց մարդն ենք դիրքի մը, աշխարհի մը, երբ կը պատմենք մեր զգայութիւնները ուրիշներուն։ Հաւատքի երգիչ մը անշուշտ աւելի չարժէր քան միսի երգիչ մը, երբ անցնի հակադիր փաղանգին եւ Պետրոս Դուրեան երազեց անշուշտ սաղիմական զգայութեանց հանդէսներ (իրենց տունին մէջ նոճիները ու ասոնցմով ստեղծուած հրաշալին բաւական ծանօթ են) բայց երգեց՝

 

Շաղի շողի ժամք էին

Վարդից հրդեհ կար յերկին.

 

այսինքն ինչ որ իր հոգիին հիմնամասը կը կազմէր եւ չգրեց սա քառեակը.

 

Պատրաստ եմ գալու, եթէ տանիս զիս
Դէպի այն լեռան կատարն անմարդի,
Ուր շողեր հագար արեւ ու վարդի
Ու բոցով կ վառեմ ամպերն երազիս։

(Ետեւէս Եկուր, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ)

 

որպէսզի այլակերպութեան հրաշալին վերածուի «երազ վառելու» ռոմանթիք պատկերին։ Հիմնավիճակին սա տարտամութիւնը կ՚անդրադառնայ ասոր իրագործումին, քերթուածին վրայ։ Կրօնազգած բանաստեղծի մը մօտ հաւատքը երբ կը պարզէ սա նուազումները, հակասական երեսները, մեզի կը թելադրէ որոշ տարակոյսներ, այս անգամ արուեստի խորագոյն իրողութիւններն իսկ շահագրգռող։ Կը ներկայանայ մեր միտքին անկեղծութեան տագնապ մը, որ ճակատագրական է բանաստեղծին համար։ Ի վերջոյ, մեր բառերը թէեւ կը պատկանին բառարանին, բայց կըլլան մեր փոխանորդները, երբ զանոնք կը խմբենք համաձայն մեր ներքին օրէնքներուն։ Անոնց մեր տուած երաշխաւորութիւնը պիտի պաշտպանէ զիրենք, նոյնիսկ մեզմէ վերջ։ Դուրեան Սրբազանի բոլոր այն քերթուածները, ուր դրուագը (episode) խորհրդանշական պաշտօն մը ունի արտայայտելիք, գրական թեմաներ են, տեսակ մը շարադրութեան նիւթեր (եթէ կը ներուի սա համարձակութիւնը), գործադրուած (exécuté) շատ ճարտար վիրթիւոզի մը կողմէ, որոշ չափով նորոգուած ալ, բայց /129/ որոնց պակսէր տիրական գոլը, կրակը, ինքնագլուխ (spontané) կեանքը այդ պատմումներուն, իրենց բնագրային խակութեան ու նախնականութեան մէջ, սրտագրաւ որքան պարզ, լեցուն որքան անկեղծ, ինչպէս անոնք կը տպաւորեն մեզ Աւետարանէն։ Այդպէս չրին, այդ նիւթերուն հետ, ֆրանսացի ռոմանթիքները։ Մեթոտը, դրուագը նախանիւթն են անշուշտ, բայց պարտքը կը թելադրեն նորոգուելու։ Զանոնք օգտագործողը ազատ է, անշուշտ որոշ չափով, պատմական ստուգութեան ճնշում էն, բայց չի կրնար հակասել այդ իսկ ստուգութեան։ Ազատ է, որոշ չափով անշուշտ, մտայնութեանց ալ ճնշում էն, բայց չի կրնար իրարու հակադիր զգայնութիւնները փոխանակել իրարմով։ Վերի քերթուածին մէջ պատմութիւնը չէ աղարտած, այլայլած, բայց չէ նորոգուած։ Մի մերձենար յիսը բարքերու յատակէ մը միայն պաշտպանուած, կը տառապի, երբ բարձրագոյն մաքրութիւններու խորհրդանիշներ կ՚ուզէ նուաճել։ Էմմաուսի ճամբորդները վարդապետական իր մասովը բեռ մը կ՚ըլլայ հրաշալիին, որ գերազանցապէս բանաստեղծական կտաւ մըն է միշտ, եթէ կը ներուի սա բացատրութիւնը։ Տեառնընդառաջը ո՛չ Աւետարան է, ոչ ալ քսաներորդ դար, այլ անուշիկ հեքիաթի մը չարափոխումը, չափաբերումը, ուր ոչինչ մտած է արուեստագէտին անձէն։ Կրօնական զգայնութեան սա անբաւարարութիւնը միանգամ ընդմիշտ դատելու համար, կ՚ենթարկեմ վերլուծման քերթուածը՝ որ վերնագիր ունի.

ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ

Խոնջ ուղեղներու քունէն բազմախռով,
Ուր ըստուերակերպ կըռիւը կեանքին
Բուռն ու խօլական ընդհարումներով
Ունա՞յն եզրերու կը բաղխի ուժգին՝
Խոյս տըւած երազ մը ջինջ կապուտակ
Պարարեց աչքերն Առաքեալներուն,
Ու զՔեզ, ով Յիսուս, տեսան ամպի տակ
Այլակերպումի մը մէջ պորփիւրուն։

 

Այս ութեակին մէջ տիրական՝ առաքեալները։ Ասոնց ուղեղին մէջ պայքարը՝ «ունայն եզրերու» զարնուելով։ Երազ մը կը պարուրէ այդ ուղեղները։ Ու կը տեսնեն Յիսուսը այլակերպ։ Չեմ գիտեր, իր շեմաթիք ձեւին մէջ սա պատկերը ինչո՞վ պակաս է իրագործուած /130/ քերթուածին առաջին մասէն։ Չեմ վերլուծեր չեղած բան մը, այսինքն սովորական, հասարակ փոխադրութիւնը։

 

Վերջալուսային այն շառայլներէն՝
Որ ամպած ըրար վիժակներով նոր
Երկինքի հըսկան կը վարագուրեն
Իր առագաստին մէջ ցայգացնոր,
Ճաճանչ մը փըրթած, աննիւթ, անծանօթ,
Թաքչեր էր այն օր ծալքի տակ ճերմակ,
Ու բազմապատկած իր ցոլքն անաղօտ՝
Փայլեցուց ձորձերդ ու մարմինդ համակ…

 

Ի՞նչ արեւափառ տօն էր այն Լոյսի,
Բայց Մեղքը մութին դարձաւ մեկուսի։

 

Երկրորդ ութեակը՝ Այլակերպութեան պատկերը, պատկերացումը։ Սեղմեցէք բառերը որպէսզի ստիպուին տալ իրենց վստահուած բազմատեսակ զգայութիւնները։ Ութ տողերուն միակ տէրն է ճաճանչ մը։ Եթե չեմ սխալիր, բառը յստակ է բոլորիս համար ալ։ Զայն խորհրդաւորելու համար ճարուած երկու զօրացուցիչներ, աննիւթ, անծանօթ, չեն ընդարձակեր տարողութիւնը այդ ճաճանչին։ Ուրկէ՞ կու գայ այդ ճաճանչը։ Վերջմոլոյսէն, որ կրնար շատ դիւրաւ վերածուիլ արշալոյսի, միջօրէի, առանց կործանելու ութերակը, ինչ որ մեր լեզուով կը նշանակէ չէզոք բառ։ Այդ երջալոյսը իր բռնութիւնը պիտի տարած է երեք տողերու վրայ (որոնք երկինքի հսկան կը ներկայացնեն, վարագուրած)։ Քալելէ առաջ, կեցէք ու հաշիւը պահեցէք մեգի մատուցուածին։ -- Ճաճանչ մը, լռ մը վարագուրող վերջալոյսէ մը փրթած: Ութեակին հինգ տողերը այս ճիղճ պատկերին համար ծախսուեցան։ Չեմ դատեր։ Ութեակին վեցերորդ տողը դժուար կը հանդուրժենք, քանի որ ճաճանչ մը չի կրնար թագչիլ։ Եօթներորդը զօրացուած ճաճանչն է դարձեալ, որպէսզի Յիսուսին լաթերն ու մարմինը փայլեցնէ։ Ինչո՞վ է նորոգուած Աւետարանին պատմումը։ Փնտռեցէք ու պիտի չգտնէք։ Գոյնի զգայութիւնները, որոնք պայծառակերպութեան յղացաքին մէջ դեր ունին անշուշտ, կը մնան իրենց ժուժկալութեան մէջ, թէեւ հեղինակը ջանք չի խնայած բոցեղէն արձակութիւն մը հայթայթելու անոնց։ Բայց բանաստեղծութիւնը չի կրնար գոյնի համար ամբողջ երկու քառեակ հանդուրժել։ Առաջին ութեակին սովորական մարդերը երկրորդ ութեակին /131/ մէջ հիմնովին իրենց պակասովը անգամ մըն ալ կը դառնան ցաւագին, վրիպած ուրուականներ։ Տեսարանին վրայ սմ բարձրող Յիսուսը չնորոգուեցաւ, չէր կրնար նորոգու իլ այս աննիւթ ճաճանչով։ Ութեակէն վերջ երկեակը վճիռ մըն է։ Լոյսի տօն։ Ու հիւգոյական հակադրութեամբ՝ մութը, որուն պիտի դառնայ Մեղքը: Մի հարցընէ ջ թէ ի՞նչ է ներքին, անհրաժեշտ աղերսը մեղքին ու լոյսին, սա պահուն, սա տեսարանին վրայ։ Դուրեան Սրբազան դրուագը շահագործելու սա կերպին մէջ իր ազատութիւնը աւելորդ վատնում ի մը կը վերածէ, քանի որ մենք ոչինչով աւելցանք։ Աւետարանը մեզի մատուցած ժուժկալ իր հրաշալիով կը մնայ աւելի քան տիրական։ Ու երրորդ ու թեակը.

 

Հին աճիւններու այն քընարանէն՝
Ուր դանդիռն սմէն ինչ կը թաթաւէ,
Եւ ուր հոգիներն յոյսեր կը կռանէն
Սալի մը վրայ դիւրաբեկ կաւէ՝
Երկուքն անոնցմէ այց տալով Քեզի՝
Ուզեցին խօսիլ լեզուով անբարբառ՝
Թէ մե՜ծ մըրցանակ կար ասպարէզի
Երբ մահը Խաչովդ ընկճու էր իսպառ

Ի՜նչ անմահարար տօն էր այն Կեանքի.
Բայց մեղքը սիրեց վիրտը չըքանքի։

 

Չորս տող երկինքին նուիրուած։ Երկու ուրիշներ անկէ իջնող Մովսէսին եւ Եղիային։ Ասոնց խօսածը թէ խաչով մահը եթէ ընկճուէր…։ Իրենց հիմնատարրերուն վերածուած սա պատկերները ինչ կը սորվեցնեն մեզի։ Առանց վարանումի կրնանք յայտարարել՝ ոչինչ: Կը մտաբերեմ քերթուածը զոր իրագործած է Տոստոյովսքի, ԳԱՐԱՄԱԶՈՎ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ վէպին մէջ, երբ կ՚երեւակայէ Յիսուսը եւ մեծ հաւատաքննիչը իրարու կը հանդիպին ու Մեղքին, Ազատութեան, Կեանքին ու Մահուան յայտենական առեղծուածներուն շուրջը կ՚ընեն իրեն նկատողութիւնները։ Որքան արդիական։ Որքան յաւիտենական։ Արձակ այդ տրամախօսութիւնը ամենէն բարձր քերթուածն է մեր ժամանակներուն։ Տղայական պիտի ըլլար Եղիշէ Դուրեանը մօտեցնել ռուս հանճարային վիպողին։ Բայց կը խորհիմ թէ Եղիան ու Մովսէսը շատ բան ունէին խօսելիք, Աւետարանէն ոչ անշուշտ տարբեր, բայց մարդկային խիղճը տագնապող մեծ հար/132/ցերուն վրայ որոնց համար կը վիճին հաւատաքննիչն ու Յիսուսը։ Եղիշէ Դուրեանի մատենադարանին մէջ Տաստայովսքիին պակասը դիտեր էի 1900ին։ Ս. Յակոբայ մատենադարանին անցնող իր գիրքերուն մէջ նորէն կը պակսէին անոնք։ Կրօնական զգացումը մարդուն բարձրագոյն փորձարկութեանց (expérience) համար կը ներկայէ յաջողակ պայմանները։ Անիկա անհունին առարկայացումն է մեր միսերուն վայրկեանին վրայ։ Ու մարդուն միսը թերեւս ամենէն դժբախտ բանն է Արարչութեան։ Այլակերպութեան հրաշալին Մեղքին հրաշալիովը զուգախառնելը անշուշտ որ մտածողութիւն մը կենթադրէ։ Բայց այդ մեղքը ինչ ճիղճ, փուտ, զրկանքի սահմանուած բան մըն է Եղիշէ Դուրեանի մօտ, սանկ կաթոլիկ գաթեշիզմներէն վերցուած ծիծաղելի, shocking, տափակ ու տգեղ, երբ մերձեցուի ռուս վիպասանին մօտ ահարկու իրականութեան:

 

Անսուրբ սիրտերու ճարպոտ այն խորէն՝
Ուր գիտակցութեան շեշտն ալ կը մարի
Երբ յոռետեսի ծաղրանքը կ՚օրրեն
Խայթը ոճիրին ու խէթն յիմարի`
Ձայն մը ողջ զերծած՝ կուրծքիդ տակ թընդուն՝
Արձագանգեց գոռ բարձրերն երկինքին,
Անով զԻնքը Հայր դաւանեցար Դուն,
Ինքն ալ զՔ զ Որդի հըռչակեց կըրկին։

 

Ի՜նչ թեւաբուսիկ տօն էր այն Խիղճի,
Բայց Մեղքը լորձնեց իբր անարգ ճըճի։

 

Չորրորդ ութեակը երկինքէն եկող ձայնն է, ու ենթադրական պատասխանը Յիսուսին։ Այս երկու եզրերուն մէջտեղ, մեղաւոր մարդոց սիրտերը, ուր Ոճիր ու Խէթ կը ծուարին։ Այդ սիրտերէն ազատած ձայնն է Յիսուսին ձայնը։ Դժուար է հետեւիլ սա մտածումներուն, մանաւանդ բացատրել անոնց աղերսը նիւթին Հետ։ Դիտած էք թերեւս որ յաճախ Սրբազանին քերթուածները իբր վերտառութիւն ունին աւետարանէն համարներ, որոնք իբրեւ բառ կը շահագործուին սակայն, իմաստի հիմնովին չէզոք տրամադրութեամբ մը։ Այսպէս, ԵՏԵՒԷՍ ԵԿՈՒՐը. «Ասէ ցնա (Պետրոս) Յիսուս, եկ զկնի իմ» (Յովհ. ԻԱ. 19)։ Աւետարանին նախադասութիւնը պարզ է իբր իմաստ։ Տեսաք թէ Դուրեան Սրբազան ինչպէս ընդլայնեց զայն։ Հիմնական մտածումին եւ մեկնումի կէտին մէջ պակսող սա համե/133/մատականութիւնը քմայքին սահմանները կը բերէ յաճախ։ Հոս երկինքէն եկած ձայնը պարզ վկայութիւնն էր վերնական հաճութեան մը։ Առանց ծանր աստուածաբանութեան ու մեկնութիւններու, մարդուն վերեւ տարածուն խնամքի, սիրոյ հանդէս մըն է ձայնին խորհուրդը։ Դուրեան Սրբազան մեծ գիւտ մը ընողի խանդը ցոյց կու տայ Մեղքը նետելով կրկէս։ Ու այս անկոչ վարչութիւնը լոյսի հանդէսի մը մէջ, զզուանքի միայն զգայութիւններ կը պատճառէ։ Բայց ահա վերջաբանը

 

Խոնջ ուղեղներու արթնութենէն խռով՝
Ուր բուն իրական կըռիւն ալ կեանքին
Բուռն ու խօլական ընդհարումներով
Ունա՜յն եզրերու կը բաղխի ուժգին՝
Դուրս բեր, ա՜հ, տեսիլք մը ջինջ կապուտակ,
Որ հոգիս Լոյսիդ վառմամբն ապահով
ԶՔեզ միայն, Յիսուս, տեսնէ ամպի տակ,
Կեանքի ու Խիղճի այլակերպումով։

 

Բնաբան ընդլայնողի սա կարճառօտ իմաստութիւնը չէ որ կը մեղադրեմ, այլ զգայնութեան անսրտագրելի մէկ վէրքը, մէկ գօսացումը, կարճ՝ վիճակը, որով բանաստեղծական ձայներ մեր մէջ այնքան իրական, կ՚առնեն կրկներեւոյթին պաշտպանութիւնը, պատրելու համար մեր շրջապատը, ու երբեմն ալ, ինչպէս վերի քերթուածին մէջ, զմեզ։ Կրօնական այս քերթուածները կրօնականին քերթուածներն են եւ ոչ թէ բանաստեղծին (դարձեալ կրօնական) որ իր պատեանին յարմարելու համար աշխատանքը պիտի վերածէ այս կարգի շլացուցիչ խաղերու։ Զգայնութեան սա խօթութիւնը Դուրեան Սրբազան պիտի աշխատի դարմանել իմացական բարեխառնութեամբ մը։ Ու ասիկա այնքան կատարելութեամբ որ շատեր պիտի չտառապին անոր ոտանաւորին մէջ հաւատքին նուազուն աստիճանէն ու պիտի սիրեն նորէն այդ ոտանաւորը որովհետեւ անիկա միշտ մտածումի մղող առաքինութիւններու կը սպասարկէ։ Այսպէս տեսնուած, այդ խորհուրդի, իմաստի բարեխառնութիւնը Դուրեան Սրբազանի մէջ կը վերածուի նորակերպ զգայնութեան մը։ Ու հոս չեմ զարմանար։ Դուրեան Սրբազանին օրերը իրենց երեք չորրորդով անցան անցեալին մէջ։ Իմանիզմը անոր մտավիճակ մը տալէ վերջ, անոր տուաւ հոգեվիճակ մըն ալ։ Եւ քանի որ արուեստագէտը անկախ է մեր մէջ, երկու վիճակներուն համադրումը պիտի /134/ կատարէ համաձայն իր դրութեան։ կրօնական, մտածող, արուեստագէտ բառերը անոր զգայնութեան վրայ մեծ պիտակներու կը նմանին։ …Չունիմ տրամադրելի միջոց Դուրեանի զգայնութիւնը վերլուծելու ու քիչ երեսներու մէջէն որոնք այնքան օգտաւէտ արդիւնքներու կ՚առաջնորդեն երբ ոտանաւորին տարրերը կը դարձուին զիրենք ծնող պայմաններու հանդէսին ու կը բացատրեն ոտանաւորին չափ մանաւանդ ասոր ետին մարդը։

 

բ) Վիրթիւոզը, տխուր այս վերադի՛րը, արտայայտելու համար Եղիշէ Դուրեանին մէջ դարձեալ մէկէ աւելի երեսներ։ Կը գործածեմ բառը առանց ժխտական ախորժակներու, անկէ զեղչելով բառախաղային տրտմութիւններ, Մանաւանդ իր ունայնութիւնը, հակադրութեանց սիրահար սնամտութիւնը, տաղաչափական նրբութիւններու վրայ հեշտախոյզ խուզարկու թիւնը, որոնք բոլորը մասեր կու տան յղացքէն։ Ամենէն աշխատուած, աւելի թեքնիք բառով բանուած ոտանաւորը արեւմտահայ քերթողութեան Եղիշէ Դուրեանէն է ստորագրուած։ Կը գաք անշուշտ վտանգը նման հաստատումի մը։ 1900ի դպրոցը, Սիպիլի գերագոյնութեամբը, մինչեւ 1910ը երկարող ցուրտ, մեռած զարդարանքները։ Որոնք մեր մեծատաղանդ քերթողներն իսկ վիրաւորեցին։ ԾԻԱԾԱՂԿին երեք չորրորդը բառերու մրցանքի վերածող մտքի ձեւն է անիկա։ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀը հիմերգն սարսող նրբախտը։ Սիպիլը չորցնող ներկա խնդ իր հեշտախտը։ Եղիշէ Դուրեանը դատապարտութենէն զերծողը տաղանդին վճիռը չէ անշուշտ։ Այդ տաղանդը անոր չափ ու քիչիկ մը աւելիով ունէին յիշեալ անունները։ Այլ՝ իւմանիստ անոր կազմութիւնը: Անիկա ապրեր էր մեր լեզուին անցեալին հետ շատ այլամերժ տարփանքով մը, ճանչցեր մեր բառերը ոչ իբր դիակ՚ բառարաններու դամբարանին մէջ դիզուած վրայ վրայի, այլ անոնց կեանքը՝ մեր դիրքերուն թաքթաքուն խորշերուն խորը։ Գրաբարը, ըսել կուզեմ ասոր ամուր, խոր, ոչ-քերականական լոկ ծանօթութիւնը նպաստ բերին որպէսզի այս ոտանաւորը գտնէր ինքնութիւն մը, հնչականութիւն մը, ներքին կշռոյթ մը, բոլորովին նոր մեր քերթողութեան համար։ Կրնան այդ բառերը, ձայները, կշռոյթը միշտ չպաշտպանուիլ համապատասխան խտութեամբ զգացումով, մտածումով, յոյզով, այսպէսով մօտէն դիտելով վտանգը նրբազբօս ձեւապաշտութեան, բայց չիյնալով : Ու հոդ է ահա մեծ արժանիքը այս միտքի բանաստեղծին։ Կ՚արտագրեմ տիպիկ քերթուածը։

/135/

Անոր համբոյրը չունէր
Սիւքի մը մեղմ շօշափը
Որ հծծիւնով մը՝ սիրոյն
Կը շըշնջէ սօսափը:

 

Անոր համբոյրը չունէր
Բոյրի մը մեղկ այն թափը՝
Որ շուրթերու օրօրին
Հետ կը խառնէ իր մրափը։

 

Անոր համբոյրը չունէր
Խանդի մը խինդն ու ծափը,
Որ սիրտերու տրոփիւնին:
Հետ կը թընդէ իր դափը։

Անոր համբոյրը չունէր՝
Շողի մը բորբ շառափը,
Որ բիբերէն կը թափէ
Հալումներու տարափը։

* * *

Անոր համբոյրը փըչեց
Խորշակի մը խարշափը,
Փոթորկելով ոսկեփունջ
Երազներու թօթափը:

 

Անոր համբոյրը լորձնեց
Ժահրի մը տենդն ու լափը,
Սուրբ երակէ սողկելով՝
Սե՛ւ խոկումի սարսափը:

 

Անոր համբոյրը կըրճտեց,
Հեռ ու նենգի կափկափը,
Ու խարանի մրեց դրոշմով
Ճակտի մը ջինջ սատափը:

 

/136/

Ո՜վ պիղծ համբոյր, որ գըրգռեց
Ըստուերներու կըլափը…
Լոյսին ընդհանգ գրկելով
Մոլուցքի խեղդն ու խափը,
Մըշտագիշեր խարխափը:

(Յուդայի Համբոյրը, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ)

 

Մեզմէ շատերուն համար նոր, իբր ձայն ու իմաստ՝ սա բառերու տարափը, ամէն տողի մեզ կը մատնէ տագնապի։ Վերնագիրին պաշտպանութիւնը, շատ ընտանի բանով մը, ժողովրդական դարաւոր գործածութեան մը բարիքովը ճարուած, արդէն առաջին իսկ քառեակին, կը տկարանայ, կը նուազի, քանի որ մեզի մատուցուածը եղերական տեղէն ու պահէն ոչինչ ունի յայտարար։ Այդ ամբոյրը պիտի բաղդատուի (ժխտումի ճամփով) սիւքի շօշափին, բոյրի թափին, խանդի ծափին, շողի շառափին։ Պիտի նմանցուի խորշակի խարշափին, ժահրի լափին, նենգի կափկափին, ու այս եզրերէն իւրաքանչիւրին Դուրեան Սրբազան պիտի կցէ երկրորդական երանգներու դրասանգներ ալ։ Կը հետեւիք սա կախարդութեան (վասնզի բառերու ուժին սահմանը կը հասնի մինչեւ մոգութիւն), մոռցած թէ գարնան ցուրտ կէս գիշերի մը վրայ, հեռաւոր պարտէզի մը արհաւիրքին մէջ պիտի կատարուի (վերնագիրը կու տար մեզի իրաւունքը սա սպասումին) մեր ամենուն հողիին խորը սեւ ծաղկի մը պէս իր դամբանը ունեցող տռաման, որ լացուցած է մեզ ամէնս, մեր տղայութեան առջի մաքուր, ուրիշին համար, վրայ թափուած արցունքով։ Եղերական ինչպէս քնարական սա խոր յուզումը տարիները չեն ջնջած մեր հոգիներէն։ Մանկութեան անմեղ աչքերուն փոխարէն հիմա, տարիքէն կախուածներս, ունինք ուրիշ աչքեր, բայց աչքեր դարձեալ որոնք պիտի լան։ Մատնութիւնը ամենէն խորարմատ սարսուռներու մտայղացք մըն է մեր մէջ։ Գեթսեմանիի ողբերգութիւնը կրնանք զգալ ամէն օր։ Դուրեան Սրբազանի քերթուածին մէջ այդ ամենէն շատ քիչ բան, չըսելու համար ոչինչ։ Այն ատե՞ն։ Պիտի փնտռենք, մեր իրաւունքն է ասիկա, այդ ամէնը ընդոտնող, ուրիշ կարէ յուզումներ։ Փնտռեցէք։ Ձեր գտածը զարմանալի նուագահանդէս մըն է ձայներու որոշ դրութեան մը։ Երեսուն երեք տողի վրայ 17ը մեր ականջներուն կը զարնեն միօրինակ վանկը, որ իբր յանգ կը պահէ իր տաղաչափական ուղղափառութիւնը ու ստեղծիչն է նոյն ատեն մտածման որքան պատկերներու: /137/ Եւ որովհետեւ բանաստեղծութեան ամենէն մթին, անորոշ ուժերը կու գան ձայնէն, կը հասկցուի թէ ինչու չենք զայրանար բառախաղը շատ մօտէն հետապնդող սա ճարտարանքին դէմ։ Գրական վիրթիւոզը ձրի պատկեր մը չէ։ Նման թեքնիքի մը ծնունդ են ԽԱՉԸ, ՄԱՐԴՈՒՆ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ, ԱՆԱՌԱԿԸ, ՊԱՏԻԺԸ, ԼՈՒՍՆԻ ՏԱԿ, ԱՆՏԱՌԻՆ ՄԷՋ, ՄԱՂԹԱՆՔ, ԿՈՅՍԻՆ ՊԱՏԿԵՐԸ. ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ԱՆՄԻՏԸ, ՀՐԱՇԱԼԻ ՁԿՆՈՐՍՈՒԹԻՒՆԸ, ԱՍՔԱՅԻ ՕԺԻՏԸ, ՅՈՐԴԱՆԱՆԷՆ ԴԷՊԻ ՄԵՌԵԱԼ ԾՈՎ, ԱՄԷՆ ԱԼԵԼՈՒԻԱ, ԱՆԴ ԿԱՑՑԵՍ ԵՒ ԶԼՈՅՍ ՄԻ ՏԵՍՑԵՍ, եւ ուրիշներ: Ըսել կ՚ուզեմ՝ սա կտորներուն ծանրութեան կեդրոններ են ոչ մտածումը, ոչ զգայումը, ոչ նորոգուած խորհուրդը, ոչ հաւաքը, այլ բառերու ներքին հնչականութիւնը, անոնց դաշնաւորման մութ գիտութիւնը, անոնցմէ ճարելի ամէն օգուտ։ Այս իսկ հաստատումով Դուրեան Սրբազան մեր օրերու ամենէն մթին մէկ տագնապին անխառն բանաստեղծութեան (poésie pure) շատ հետաքրքրաշարժ մէկ ներկայացուցիչը կը հանդիսանայ։ Յիշուած կտորները նիհարագոյն քերթուածներ են ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐէն, այսինքն կտորներ՝ ուր տրամաբանական discursif ընդլայնումը, դրուագային շահարկութիւնը, ծանր, լայն, լեցուն, հաղորդական զգայնութիւնը ըլլան զանցուած, առնուազն պահուած նուազագոյն չափերու մէջ։ Մեր պատմող ոտանաւորը որուն ոսկեդարը 1890ին կ՚իյնայ, մեզի տուած էր վճռական ճաշակը քերթուածին ուր տիրող արժանիքը նորավիպային շահեկանութիւնն էր ընթացիկ ճաշակին, իրապաշտներով պարտադրուած, իրական կեանքի վիպումը, -- Սիպիլի համբաւը ապահովող։ Դուրեան Սրբազան իր օրերու կեանքը չպատմեց անշուշտ։ Բայց ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին մօտ կէսը կը պատկանի պատմող բանաստեղծութեան։ Ու կ՚ունենանք հեղինակը որուն մէջ հաշտ ըլլան արդի բանաստեղծութեան երկու մայր ձգտումները, կեանք ու խորհուրդ(1), երազ ու դաշնութիւն (2)։ Դուրեան Սրբազանին ոտանաւորը այս ակոսով հաղորդ է ԺԹ. դարու եւրոպական մեծ շարժումներուն։ ԷՄՄԱՈՒՍԻ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐԸ կու գայ Ալֆրէտ տը Վիննիէն, որով 1820ի պատմական ռոմանթիզմը եւ դասական սեմպոլիզմը [2] մուտք կունենան այդ ոտանաւորին մէջ։ ԱՍՔԱՅԻ ՕԺԻՏԸ, ԱՊՐՈՒԱԾ ԵՐԱԶԸ, ԱՂԻ ԱՐՁԱ/138/ՆԸ, ՆԵՐՈՒՄԸ, ԱՅՐԻԻՆ ԶՐՈՅՑԸ, ՊՈՒՏՏԱ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍ, ՍԱՄԱՐՈՒՀԻՆ քերթուածներ են որոնց ստեղծած խռովքը կու գայ քանի մը աշխարհներէ ու քաղաքակրթութիւններէ։ Ակնարկեցի աստուածաշունչական (biblique) ռոմանթիզմին որով սնած էր անոր պատանութիւնը։ Կը գրեմ անունները Ժոզէ Մարիա տը Հերետիայի եւ Լըքոնթ տը Լիլի, այսինքն բանաստեղծութիւնը հնութենէ մեզի հասած պղնձատախտակի մը չափ իրաւ ու ամուր ընել յաւակնող դպրոցին հանգանակը՝ որ կը սանձէ երեւակայութեան խոյանքը ու զայն կը կապէ օր մը եղած ձեւերուն, զգացուած յոյզերուն, ապրուած կեանքին կարելի հարազատ վերարտադրութեամբ։ Պառնասեան որակուած քերթողական շարժումէն հոս զիս կը շահագրգռեն երկու հիմնական նկարագիրներ, պատմական, գրեթէ հնախօսական ստուգութիւն եւ արտայայտութեան խիստ ժուժկալութիւն որ ցամաք, տժգոյն ոճը չէ անշուշտ, այլ զուսպ, արու, հնչեղ այն տողը ուրկէ ըլլան վտարուած Պայրընի, Վոլթըր Սքոթի, մանաւանդ հիւկոյի բախտախնդրական գոյնը, պեղուն շարժականութիւնը։ Դուրեան Սրբազանի վերը յիշուած կտորները չեն տկարանար Պառնասեան այդ քերթողներու ամենէն հռչակաւոր բանաստեղծութեանց դէմ։ Ընթերցողը կրնայ այս վարկածին ստուգութիւնը հասկնալ երբ իրարու ետեւէ կարդայ ՆԱԶՈՎՐԵՑԻՆ (Լոքոնթ տր Լիլի), ՅՈՒՇԿԱՊԱՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՓԱԽՈՒՍՏԸ . Մ. տը Հերետիա) ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆԸ (ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ), առանց վախնալու թարգմանութիւններու կազմական (organique) խօթութեան տեսութենէն քանի որ Պառնասեան ոտանաւորին ամենէն ապահով առաքինութիւնը, ըստ դպրոցի հանգանակին, անանձնութիւնն է, այսինքն՝ ընդհանրութիւնը, որով քերթուածը կրնայ անցնիլ ուրիշ բարեխառնութեան, առանց տոյժի, - բան մը որ անկարելի է Հայնէի, Լամարթինի, Միւսէի ոտանաւորներուն համար։ Դուրեան Ս. այդ քերթուածներուն մէջ պաշտպանուած է անշուշտ իր ռոմանթիզմէն, սուրբ-գրական անհուն գրականութենէն ու Մերձ. Արեւելքի հին մշակոյթը լուսաւորող հզօր ուսումնասիրութենէն։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ այդ քերթուածներուն յատակը կը կազմուի ամենէն ապահով տարրերովը արդի քննասոյզ ձեռնարկներուն։ Բայց քերթուած մը խորք մը ըլլալուն չափովը ձեւ ալ է։ Ու Դուրեան Սրբազանի ոտանաւորը իբր ձայնական, պատկերային կազմ՝ դարձեալ չի տառապիր Պառնասեան տողին հետ համեմատութեան առջեւ, նոյնիսկ [3] թարգմանութեան մէջ։ Դուրեան Սրբազանի մօտ կայ /139/ ազդեցութիւնն ալ Քոփէին որ իննըսունական թուականներուն իր աստուածացումը կապրէր, քաղքենիներուն հեշտագին զգայութիւններ հայթայթող խորապէս տափակ իր վկայող քերթուածներով։ Կը յիշեմ հոս ԱՅԼԱԿԵՐՊՈՒԹԻՒՆ, ԵՒ ՓԱԹԱ, ԱՒԵՏՈՒՄ, ՄԻ ՄԵՐՁԵՆԱՐ ՅԻՍ, ՆԱՅՈՒԱԾՔԸ, ԱՆԱՀ ՏԱԿԱՆԸ, բոլորն ալ «ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ»էն, որոնք նոր օրերու սեքսոլիստ յարդարանք մը ինչպէս Բ. Վալերիի հաստատ, մտածումի հակող «երկրաչափական» (եթէ կը ներուի) ոտանաւորը կ՚անցընեն միտքէ։ Այս վերլուծումները, ուրիշի մը ոտը, անգամ մը լսուած բանի մը մեր ները վերստին արթննալը ծանր մեղադրանքներ են ամէն արու էսսաղէտի համար։ Դուրեանին հետ նման տագնապ մը չունի գոյութիւն։ Եղածը Հետեւողութիւն մը չէ, այլ զգացակլան նոյնութիւն մը։ Քսան տարի առաջ Հրապարակը յուզող անխառն բանաստեղծութեան հարցը Դուրեան Սրբազան գրեթէ կ՚անգիտանար երբ ստեղծեց իր բործ էին ամէնէն ամուր մասը, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳԸ Բայց ԱՆԱՌԱԿԸ, իր առաջին մասին եք էջ, ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ԱՆՄԻՏԸ, /140/ ու կէսէն աւելին ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳԻ քերթուածներուն հրաշալի նուագայնութիւններ են, բառերով գործադրուած սենֆոնի։ Ու կու գամ վճիռին որուն համեմատ ձայնը հզօր է այնքան, որքան զգացումը, պատկերը, յոյզը, մտածումը բոլորը միասին, ոտանաւորի մը մէջ։ Չեմ զառած իր դէպի այն բազմազան տեսութիւնները բառերուն տարողութեան, տողի մը սկիզբը, վերջը, «ձայնաւորներու բաշխում» որակուած խնդրական նուազին գերգնահատումը, բաղաձայններով զգայութիւն ցայտեցնելու նոյնքան խնդրական, տքնաջան ապացուցումները բոլորն ալ արդի, արեւմտեան քննադատութեան, մանաւանդ անգլիական թեւին մէջ, կ՚ընեն յանդուգն հաստատումներ։ Բաւ է, Դուրեան Սրբազանին հետ, դիտել որ անիկա իր բախտը վստահած է բառերուն։ Ու չէ սարուած։ Որեւէ յանգարան անկանգնելի կործանման զինով պիտի կրնար ՅՈՒԴԱՅԻ ՀԱՄԲՈՅՐԸ ստորագրել, այնքան խաղը մօսինկն է դրական աճպարարութեան որ իրաւ է միշտ։ Որեւէ բանաստեղծ, արեւմտահայ, պիտի տապալէր չարաչար այն քերթուածին մէջ որ ունի վերնազիր ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ԱՆՄԻՏԸ։ Քառասունը անցնող տողերու վերջը, նոյն հնչումը զարնել մեր ականջներուն, նմանիլն է ասյահովարար միջնադարի տաղասացներուն որոնք հազար անգամ հալով վերջացող տողերու տակէ տակ դրուիլը գագաթը կը նկատէ ին քերթողական արուեստին։ Բայց կարդացեք քերթուածը ու ըսէք թէ կը գիտակցի՞ք այդ ձայնական խաղարկութեան։ Կը սահին տողերը, իրարմէ անակնկալ երանգներով պատկերախաղ մը քշելով իրենց հետ։ Կը սահին տողերը, իւրաքանչիւրի կռնակին քաղաքակրթութիւն մը, դար մը, բարք մը, այնպէս որ մենք ատեն չունինք անդրադառնալու որ ատոնք տառերով մատուցուող վիճակներ են։ Ու երբ կ՛աւարտի ընդարձակ համանուագը, այն ատեն միայն կ՚ըլլաք վերահասու կատարուած ին տարողութեան։ Ըսի թէ ինչ էին անպատեհութիւնները նման թեքնիքի մը։ Թէ որքան մօտիկն է աւելորդ, սնոտի, նենց նրբութեան, բռնազբօսութեան։ Թէ նոյն այդ ճարտարանքը սպաննած է Սիպիլը, սաստկօրէն ցնցած Մեծարենցը, Չրաքեանը։ Թէ Բագրատունի, Հիւրմիւզի, Ալիշանի քերթողական որոշ ընդունակութիւնները այդ սնամտութեամբ վերածուած են անիմաստ բառամոլութեան մը, թէ

«Ճնուի ճպուռն ի ծղին, ճճուին ճնճղկուկ ճըռուողականք»

տողը հոյակապ յաջողուածք մը յայտարարող ճաշակը գրաբար մեր քերթողութեան (նոր) վրիպանքին պատասխանատու է որքան քերականական օրէնքներու սպասարկու միւս մենագրութիւնը որով Նար/141/Պէյ պիտի ներէ իրեն աշխարհաբար քերթուածի էջ մը

«…ԶՈԳԵՊԱՐԱՐ ԸԶՃԱՇԱԿ»

քերականական դարձուածքը, գրական գիւտի մը հեշտանքովը։ Դուրեան Վարդապետ իր տուրքը վճարել էր այս նանրամտութեան։ Իր երիտասարդութեան ռոմանթիղմը անիկա գիտցաւ վտարել երբ այս դարու սկիզբին լայնօրէն ճանչցաւ օտար ժամանակակից դըպրոցները։ Անիկա պիտի չնմանէր Թերզեանին որ անտանելի տափակութեան մը գինով միայն կատարեց իր հրաժարումը իր պատանեկան ախորժակներէն ու ստորացրեց ամենէն անտանելի խեղճութիւնները Պէրպէրեանին՝ որ ԽՈՀՔ ԵՒ ՅՈՒՇՔին մէջ կը կարծէ քաւել ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՐԵՒՔին ծանծաղամիտ յատկութիւնները (դիրքերէ եւ հեղինակներէ իր մէջ մ թերուած, օտար մեծ մասով ), եւ վրայ տուաւ դաշնահունչ թարմութիւնն ալ իր սատանութեան ոտանաւորին: Սէթեանին՝ որ Հիւրմիւզի ու Բագրատունիի ոտանաւորին հանդէպ կատաղի իր հաւատարմութիւնը եղերական տագնապի մը պիտի վերածէ իրը, ԱՆՑԵԱԼ ԶԱՒՈՒՐԲՔ, թերեւս մահուան գացողի մը հերոսութեամբ պիտի ընդունի իր իսկ ձեռքով քանդել իր երիտասարդութեան ոտանաւորր (ՅՈՒԶՄԱՆ ԺԱՄԵՐ) ու մամուլին յանձնել անոր սրբագրուածը քառորդ դար յետոյ, ԱՐՇԱԼՈՅՍԷՆ ՎԵՐՋԱԼՈՑՍ խորհրդաւոր անունին տակ։ Վսեմ ծերունին իրաւունք ունէր։ Իր սրբագրուած ձեւին տակ Սէթեանի ոտանաւորը ուրուական մըն է զոր կ՚ուրանանք։ Իր սերունդին տիտղոսաւոր այս բանաստեղծները այս կորանքին ենթարկուեցան, ոչ անոր համար որ Եղիշէէն տասը տարի աւելի կանուխ ծնած էին, կամ անկէ նուազ տաղանդ բերած էին իրենց հետ, այլ վասնզի չէին նորոգուած: Այս նորոգումը Դուրեան Սրբազան պարտական է իր իւմանիզմին, իր միտքին արտակարգ հետաքրքրութեանց, իր համբերատար, կազմակերպեալ աշխատասիրութեան։ Յատկութիւններ որոնք ոտանաւորի գործաւոր մը երբեմն ծեքծերում ի ասպետ մը կը ձեռնադրեն բայց երբեմն ալ… կ՚ազատագրեն։ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը, անշուշտ, ծնունդ է աշխատանքի։ Անիկա զգայնութեան մը յաղթ, զգետնող մարմնառութիւնը չի կրնար ըլլալ, ինքնաբուխ, անդիմադրելի, ինչպէս են գործերը բոլոր վաւերական, անմունետիկ քերթողներուն։ Ինքը, Սրբազանը, աւելի յետոյ հարցաքննուած, չունեցաւ պատասխան այն տարօրինակ հարցումին զոր մտերմութեան օր մը դրի իր զուարթ հեգնութեան։ Վոսփորեան Համայնապատկերի մը վրայ կը բացուէր իր աթոռը։ Շուրջն էին մանուկներ։ Վարէն գարնան հոտեր կը թրթռային։ Ու /142/ պատրիարքութեան գահէն իր անկումը թերթերուն մէջ տագնա՜պ։ Ըսաւ ինծի մեղմութեան, խաղաղութեան խօսքեր։ Ու լռեց երբ յիշեցուցի

 

Բայց՝ թէ քեզ պակսի հոգի մ'ունկնդիր…
Դու [4] նորէն, ծրարա՜ծ սոյլերդ ու թըրթիռ,
Ընտրէ անապատն ու հովն որ ունին՝
Ունջն ամայութեան ու շունչն անհունին։

ՍՐԻՆԳԻՍ, «ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ»

 

Ինչե՜ր կ՚անցնէին իր մեծ տողիւն երբ ողորմելի մարդեր, իրենց ճանճի ուղեղներով եւ ճպուռի կոկորդներով կը յաակնէ ին ճանչնալ իր ժողովուրջը, որովհետեւ անոր ներկայացուցիչները ըլլալու կատակերգութիւնը լուրջի կ՚առնէին…։ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը տարօրինակ զիրք մըն է։ Վերցուցէ ք անոր մէջէն եկեղեցւոյ պաշտօնեան, գիրքը կը դիմանայ դարձեալ։ Վերցուցէք Ալիշանը իր ՆՈՒԱԳՔ հատորներէն, պիտի ունենաք ողորմելի խառնակոյտը գրաբար ոտանաւորներուն, որոնք մինչեւ քսաներորդ դարու սկիզբները մեր մտաւորականներու գրչախաղերը հայթայթեցին (տաղանդը բան չի փոխեր սա տրտմութեան մէջէն)։ Ուրկէ՞ կու գայ ուրեմն սա գիրքը, երբ ջիղերու դրութեան մը, հոգեկան բխման մը, ամուր կիրքերու տագնապի մը վկայութիւնը չի բերեր։ Ու ո՞ր հրաշքին գինովը անիկա չըլլար նոյն ատեն գրչի զբօսանք մը (որ գիրքի մը անունն ալ է սանկ ութսունական թուականներու վախճանին)։ Ինք չտուաւ այս հարցումին արդար պատասխան մը։ Իմ կողմ է փորձ մը աւելի պիտի չարժէ։ Ճիգը որ անոր քերթուածները կ՚ընէ կառուցման կիրթ մրցանք մը, ճաշակը՝ որ կ՚առաջնորդէ նիւթերու ընտրութեան այլապէս յատկանշող փաստերը, մթնոլորտը ուր կ՚ապրին այդ նիւթերը, տարադիր շրջաններէ բերուած քով քովի, խորունկ խաղաղութիւնը որ մարդկային փորձառութեանց, դժնդակ բզկտումներու դինն է երբեմն մեր ներսը ու մեղմ է դուրս մեր գործին պատկերը, իմացական բարեխառնութիւնը, որով մեր տողերը կը թելադրեն երբեմն միտքին պայծառ յաղթանակը մեր զգայարանքներուն վրայ, արդեօ. ք բոլորը մէկ կրնա՞ն մեզի տալ յղացքը Դուրեան Սրբազանով առարկայացած քերթողական փորձառութեան (expérience poétique) /143/ որ գէթ ազատագրէր ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը անփառունակ բախտէ մը, այն այլապէս տխուր փառասիրութենէն որ միշտ պիտի խօսի ամէն արհեստաւորի ինչպէս արուեստագէտի մէջ։ Գրեթէ ժամանակակից են ՑՈԼՔԵՐը (Սիպիլ), ԾՓԱՆՔՆԵՐԸ (Որբերեան), Եւրոպայի մէջ մեր տարագիր քերթողներու գործին նախատարրերը։ Պիտի հասկնանք Թէքէեանը, Վարուժանը, Սիամանթոն, այդ Եւրոպային լոյսովը։ Պիտի դատենք Սիպիլն ու Որբերեանը Պոլսով եւ ռոմանթիքներով։ Եղիշէ Դուրեանին ոտանաւորը անկախ է այս երկու մեծ ուղղութիւններէն։ Ոչ աւետարանական, ոչ ալ ջղային դրութիւն մը։ Վարանքով է որ կը մտածեմ Նիցչէներու, Րեմպոներու, Վալերիներու, Ռընէ Կիլերու, Ռ. տը Կուրմոններու, Ժ. Լաֆորկի ոտանաւորներուն որոնք խառնուածքէ աւելի հետաքրքրութեան, նորոգման բռնաւոր ճնշումի մը տակ ստեղծեցին իրենց ոտանաւորները, բարբարոս, ոչ—ուղղափառ, մթին, առնուազն դժուար, բայց որոնց բոլորին համար ալ արտայայտութեան տագնապը աժան ֆրազարթնութիւնը կամ քերականագիտութիւնը չէ մեր գրադարամոլ քերթողներուն։ Թերեւս քիչեր գիտեն մեր մէջ թէ Նիցչէ բանասիրական ուսուցիչ մըն էր զուիցերիական համալսարանի մը մէջ ու անցեալին պրպտումներուն ընդմէջէն, իր ճամբան պիտի բանար դէպի բիրտ իմաստասիրութիւնը, մանաւանդ շրջարձակ ուժգնութիւնը իր քերթողութեան որ իրաւ է, որքան բարոյախօսական իր հսկայ բանդագուշանքը Բարիէն եւ Չարէն անդին։ Թիւերու, երկրաչափական տարազներու սիրահար մըն էր Վալերին որ նման ջանադրութեամբ մը պիտի չարչարէր իր տեղը, անկէ վտարելու համար բոլոր ընթացիկ խորթ պանդոյրները կերակրող ու պիտի հետապնդէր մտածման, գիծերու ճարտարապետութիւն մը որ քերթուածը պիտի ազատէր իր կանոնաւոր, հանրածանօթ տարազներին ու պիտի թելադրէր գրելու՝ գծելու տեղ, նկարագրելու կամ յուզելու տեղ։ Այսպէս եղան նաեւ յիշուած միւս անուններուն ճակատագիրները։ Կրնան չսիրուիլ այդ քերթողները։ Ոչ ոք պիտի համարձակի անոնց զլանալ արդար փառքը իրենց արկածախնդրութեան։ Կա՞ր աւելի դիւրին բան մը բան անեքդոտը տաղաչափել, իրապաշտ բարքերու սոսով ալ բարեխառնել, դարավերջիկ զգայութիւններ շահագործել, մանաւանդ ըլլալ հասկնալի, պարզ, սահուն, քիչիկ մը տրտում, սանկ շողոտ, ու անցնիլ մեծ բանաստեղծ ինչպէս էին Քոփլն, Մենտեսը, Ռիշբէնը։ Ըսի թէ չէի արտօնուած իմացապաշտ քերթողութեան մը յղացքը նկատի ունենալ Դուրեան Սրբազանի համար ինչպէս ասիկա իրականութիւն է Վահան Թէքէեանի ոտանաւորին հետ։ Ըսի թէ ինչ /144/ տրտում փառասիրութիւններ ալ կրնային ծուարիլ վիրթիւոզ վերադիրի պատմուճանին ծալքերուն։ Ոտանաւորի թեքնիք մը ամենէն դժբախտ օժիտն է քերթողի մը համար երը մինակն է։ Տաղանդը, ինչպէս ամ էն տեղ, հոս ալ ունի իր վճռական կնիքը։ Բայց ո՞վ չունի այդ իր ժամանակակիցներէն։ Չեմ կրկներ ըսուածները։ Սիպիլի ՑՈԼՔԵՐը քսան տարի վերջը բոլորովին նման պատկեր մը պիտի թելադրեն հետաքրքիր ընթերցողի մը որ ձանձրոյթն ըլլար յանձն առած ԱՐՏԱՍՈՒՔ ԵՒ ԺՊԻՏ . Աճէմեան) կամ ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՐԵՒՔ . Պէրպէրեան) դիւանները աչքէ անցընելու։ Գրաբարի վիրթիւոզ մըն էր Նար–Պէյը։ Գրաբար—աշխարհաբար խառնուրդին ուրիշ վիրթիւոզ՝ Թերզեանը։ Բարի եղեք սա մարդերուն որեւէ քերթուած սկսելու եւ… զայն աւարտելու քաջութիւնը մի հերոսացնէք։ Ցիսուն տարի վերջ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը թերեւս մէկ հատիկ ընթերցող չունենայ (ինչպէս կ՚ենթադրեմ թէ չունի արդէն հիմակուընէ մեր Հայրենիքին մէջ), բայց մատենագրութեան պատմիչ մը պիտի կենայ այդ գիրքին դէմ այն լրջութեամբ զոր հիմա մենք ստիպուած ենք ունենալ Պէշիկթաշլեանի ՏԱՂԱՐԱՆին հետ։ Ու գաղտնիք չէ ձեզի համար թէ այս ոտանաւորներուն մէջ որքան է քիչ թիւը վաւերական քերթուածներուն։

գ Արեւմտահայ քնարերգութեան ամենէն ամբողջ համապատկերը: Ամէն տաղարան, դիւան, քերթողական ամբողջ երկ վկայութիւններ են անշուշտ ամենէն առաջ մարդերէ, բայց նոյն ատեն անոնք կը յայտնաբերեն որոշ չափով նաեւ շրջանը որմէ մթնոլորտուած եղան։ Այս տեսակետը անշուշտ իրեն չենթարկեր շատ մեծ անուններ, ստրկական ճշմարտութեամբ մը։ Ու ճկուն է ընդունելու իր ծիրին մէջ մանաւանդ միջակները որոնց տաղանդը այդ շրջանները ամենէն հարազատ կողմերով սեւեռելը պիտի ըլլայ յաճախ։ Դուրեանին մեծ կողմը իր շրջանին հետ աղերս մը չի պարզեր։ Եղիշէ Դուրեանի համար սա պարագան ես նկատի կ՚առնեմ ուրիշ ուղղութեամբ։ Անիկա, այսինքն անոր ոտանաւորը (որուն հաւաքարանն է ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐը) համառօտագրուած հասակն է արեւմտահայ ոտանաւորին, իրագործուած այն կէս դարուն մէջ որ կը սկսի Պետրոս Դուրեանով ու կը հասնի մինչեւ 1920։ Մեր քերթողութեան ամբողջ շրջափոխութիւնը, ձեւ ու խորք, այդ հատորով տեսանելի է մեզի։ Այդ քերթողութեան երեք մեծ հանգրուանները դուք ճշդեցէք՝ դպրոցները, նուաճումները, մտահոգութիւնները դժուար չէ կաղապարի ձգել, ուրիշներու մօտ քիչ կարելի պայծառութեամբ։ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին մէկ չորրորդը անեքդոտ է, այսինքն վենետիկցի /145/ վարդապետներու նախասիրութիւնը, փոխադրուած Պոլիս. այն թշուառ սեռը որ պարտադրանքն է բոլոր մուսաներու սպասարկուներուն եւ զոր որակած եմ իբր ընտանի քնարերգութիւն։ Ուրիշ մաս մը, պատմութիւն, դարձեալ տափակ, դրուագային, որ ճաշակի յապաղած զառածման մը գինն է, բեռն է անոր յիշատակին։ Ան որ իր երիտասարդութեան մէջ պաշտպանուած էր իր ճաշակէն, անապաստան ինկաւ թելադրութեանցը տակ հրապարակին ու մամուլին յանձնեց ԴՐՈՒԱԳՆԵՐԸ (Յիսուս մանուկի կեանքը)։ Կէսը թարգմանութիւն [5] է այդ դիւանին։ Ու մաս մըն ալ անապակ գեղեցկութիւն։ Ուրի՞շ է արդեօք ձեր միտքին ներկայացող համապատկերը երբ կ՚արտասանէ Արեւմտահայ քնարերգութիւն տարազը։ Դուրեան Սրբազանի զգայնութեան վերլուծումը արդէն կը նախադրէր սա /146/ արդիւնքը։ Անոր մէջ քանի մը սերունդի հոգին, ախորժակները կ՚ապրէին քով քովի։ Արդար է վախը որ կուրուագծուի մեր ներսը նման հաստատումներու ատեն։ Տրուած մարդու մը մէջ մէկէ աւելի անկախ, ինքնաբա, չըսելու համար այլամերժ զգացական կերպադրումներ, դրութիւն, մէկէ աւելի անձնաւորութեանց կորիզ ու չենք կը խորտիմ թե քիչ անգամ յաջողակ իրագործումներու կ՚առաջնորդեն այդ հétérogene ձգտումները ու հետեւաբար կը դառնան տկարութեան ազդակներ։ Տարիքը ինքնին հզոր միջոց մըն է այս կոտորակումը սաստկացնող։ Բայց մոռնալու չենք որ Դուրեան Սրբազան երբ կը թափառի ոլորտի ոլորտ, դարէ դար, դպրոցէ դպրոց, չէ հալածուած զգայնութեան խուլ, խոր, անողոք տագնապներէ միակ իրական կրկնաւորում, այլացում , այլ մտահոգութեան տակն է արտայայտութեան մէկէ աւելի փորձութիւններու (tentation)։ Ո՜վ գիտէ ինչ տրտմութիւն արժեց իրեն իր հերոսական որոշումը, սանկ 1895ին, ալ լքելու իր որձեւէգ լեզուն, որդեգրելու համար գռեհիկ աշխարհաբարը որ իր յաղթանակը կը պարտադրէր մեր հրապարակին, ստեղծելէ վերջ մեր Իրապաշտ շարժումը: Ո՜վ գիտէ ինչ դառնութիւն էր իրեն մտածել 1920ի մարդոց տափակուկ պահանջներուն երբ Երուսաղէմի գահուն վրայէն ստիպուած է զիջիլ ԴՐՎԱԳՆԵՐ որոնք իր ԸՆԹԱՑՔ(ի գրոց բարբառ)ներուն տղայական ոտանաւորները կը թարմացնէ ին թերեւս իր ալ մշշամած երեւակայութեան ու կը ծածկէին իրմէ շրջանը ուր նոյն այդ պատկերապաշտին վրայ իրաւ մարդոց իրաւ տառապանքները փորձեր էր սեւեռել, աղի արձաններու նման։ …Ու անգամ մը որ կը մերժենք իրեն ինքնաբուխ, անմունետիկ, բռնակալ բանաստեղծին դէմքը, փառաւոր բայց այլապէս փորձառու բախտը անոնց որոնք եզական, անլուր ու անմոռանալի /147/ բաներ կ՚ըսեն աշխարհին ու կ՚անցնին անոր բեմ էն, երբեմն մռայլ, երբեմն արփիագեղ, այլեւս դժուարութիւն չենք զգար հաշտեցնելու զինքը իր գործին հետ, իր անձնաւորութեան մէկէ աւելի երեսակները, զիրենք կերպադրող իմացական, ոգեղէն ճնշումներու հետ։ Իր զգայնութեան վերլուծմանը պահուն ակնարկեցի պայմաններուն, մտայնութեան որոնցմ է կու գար ՆԱՅԻՆԻ ՊԱՏԱՆԻՆ։ Հոս կ՚աւելցնեմ թէ իր այրած քերթուածները պիտի օգտակար ըլլային այդ տեսակէտով իրմէ էն աւելի մեր մէջ յեղաշրջուող ճաշակի մը պատմականին: «ԱՊԱԳԱՅ»ն, ընկերը առաջինին, փրկուած՝ այդ հրդեհէն յանգում մըն է քերթողականի [6] մը որ երեսուն ու աւելի տարիներ տիրապետեց մեր բանաստեղծութեան վրայ ու իր վերջնական կաղապարը առած կը պառկի այդ քերթուածին մէջ: Վարդապետական, մանկական, դպրոցական, մանկավարժական քերթողութիւնը որուն սկիզբը կ՚իյնայ մինչեւ 1840, այլեւս անկարելի է 1890էն ասդին։ Այդ կէս դա148/րուն մեր բանաստեղծութիւնը ունեցաւ անշուշտ մէկէ աւելի գլուխգործոցներ։ Բայց հարցուցած ունի՞ք ճակատագիրը դէզին որ հայ բանաստեղծութիւնն է, զանազան հատորներով մատուցուած մեր հիացումին։ Ու տրտում տողանցը օր մը պսակազարդ, այսօր թառամ փառքերու, ՆՈՒԱԳՔ, ՍՏՈՒԵՐՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆՔ, ՇՈՂԵՐ ՈՒ ՑՈՂԵՐ [7], Թերզեանի, Պէրպէրեանի, Սէթեանի, Աճէմեանի դիւանները։ Դուրեան Սրբազանի գործը, իր թարգմանութեանց բաժինովը, ուղղակի վկայութիւն մըն է այդ ոգիէն ու ճաշակէն։ Ունինք այդ օրերուն Չերազ մը, Եղիան, որոնցմէ նկատի կառնեմ Հոս բանաստեղծական իրենց իրագործումները։ Ունինք Հրանտ Ասատուրի ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ՆԵՐՇԸՆՉՄՈՒՆՔը։ Խառնեցէք ռոմանթիքները, կրտսեր ռոմանթիքները, անկախները (Եղիա, Չերազ, Հրանտ Ասատուր) իրարու։ Ձեր գտնելիքը ճիշդ ու ճիչդ ԱՊԱԳԱՅն քերթուածը պիտի ըլլար հաւանաբար։ 1885էն մինչեւ 1900 Արեւմտահայ գրականութիւնը մօտ քսան տարուան գրական գեղեցիկ ճիգ մը կը տարազէ իրապաշտութիւն ընդհանուր անուանումով մը։ Շարժումը բանաստեղծութեան մէջ երկու կարեւոր համբաւ նուիրագործեց, Արշակ Չօպանեան եւ Սիպիլ, որոնք ռոմանթիք ոտանաւորի սնոտիքը պահ մը միամտութեամբ պտտցուցին իրենց մատաղութեան տարիներուն, անկէ ազատագրեցին իրենք զիրենք ու դրին կնիքը, պատմող, հաստատ, կարմիր ալ տողին վրայ որ իրապաշտ շրջանի մեր քերթուածներուն կու տայ որոշ նկարագիր, անշուշտ հեղինակէ հեղինակ երանգի որոշ զանազանութեամբ (Սիսիլի մօտ այդ երանգը պիտի հակի դէպի նր/149/բութիւն, փափկութիւն, ներկ)։ Դուրեան Սրբազանի առաջին յաջող քերթուածները թուագրուած են 1905։ Ուրեմն։ Եթէ թարգմանութիւնները ուզենք շահագործել 1885էն մինչեւ 1900, կունենանք իրապաշտ ոտանաւորներուն շրջանը (որոշ է որ Սրբազանին ուսուցչական գործունէութիւնը իր լրումը կը գտնէ այդ տարիներուն եւ գրական հանդէսները, Արմաշի մէջ, շքեղ առիթներ են այդ կարգի թարգմանութիւններ հարկադրելու տղոց… եւ իրեն)։ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔԸՆԱՐը, թարգմանութեանց փաստէն դուրս, ունի թաքուն ալ փաստեր, պատմող, կարծր, ամրակառոյց թեքնիքէն։ ՄԱՐԴՈՒՆ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ Մենտեսեան (1809) խուզարկու ոտանաւոր մըն է։ ԱՂԻ ԱՐՁԱՆԸ, ՏԱՆՈՒՏԷՐԸ, ՊՈՒՏՏԱ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԸ՝ կը յիշեցնեն Քոփէն։ ԱՊՐՈՒԱԾ ԵՐԱԶ ՄԸ խորհիլ կու տայ Սիւլլի Փրիւտոմը։ Եթէ մեր իրապաշտները չունեցան անոր վրայ ուղղակի ազդեցութիւն, բայց տուին անոր համը այդ կիսախորհուրդ, կիսապատում ալ իրագործման որով գրուած են ԴԱՐԱՎԵՐՋԻԿ ՀԻՒԱՆԴԸ (Սիպիլ) եւ ՄՐՏՈՅԻ ԹՈՌԸ (Շանթ)։ Այս յիշատակութիւնները նպատակ ունին մեր ընտանի եւ իրապաշտ քերթողութեան ոսկեդարուն իսկ հեռուէ հեռու թելադարեալ դպրոցը որ մեր բանաստեղծութիւնը պիտի ջանայ ազատագրել հանդէսէն ու anecdote-էն ու քնարական զգացումը վերստին փառքի առաջնորդել, հրապարակին, ճաշակներուն աղաւաղում էն, գրեթէ իր իմաստը կորսնցուցած, քերականական, ատենախօսական, տաղաչափական, մանկավարժական փուճ փառասիրութեանց հանդէս մը դառնալու ճակատագրով։ Տեղը չէ հոս բացատրել ջանալ թէ մեր վէպը ստեղծող, մեր արձակը կենագործող, մեր մտածումը պարզաբանող սա շարժումը, իրապաշտութիւնը, ինչո՞ւ ըլլայ չարաչար վրիպած մեր քերթողութեան մէջ։ Մէկ բան միայն ունեցէք ամուր ձեր միտքին առջեւ։ Ատիկա փաստն է իրողութեան որուն համեմատ Դուրեանին գերեզման իջնելէն վերջ Արեւմտահայ գրականութիւնը պիտի սպասէ մինչեւ Մեծարենցի կազմաւորումը, ճշմարիտ բանաստեղծի երկրորդ անուն մը ողջունելու համար։ Անջրպետը լեցնողները տաղաչափներ են, աւելի կամ նուազ մեղքերով։ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐ ին կէսը եւ աւելին կը պատկանին այս ոգիին ու ճաշակներուն։ Դիտելի է որ 1905ին Մեծարենցի ամրացումի հետ մենք ունենք ուրիշ ալ փաստեր։ Թէքէեանի քերթուածները նկարագիր ու շեշտ ստացած են։ Կ՚երեւան Վարուժանի առաջին ոտանաւորները։ Սիամանթօ արդէն իսկ համբաւ մըն է։ ՀՈԼՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը կազմող քերթուածները կ՚իյնան ճիշդ այդ թուականներուն։ Ուրեմն մեր բանաստեղծութիւնը մտած է ստեղծագործ թափի մը մէջ։ Դուրեան /150/ Սրբազանի բաժինը այդ ջանքին ու արդիւնքին մէջը կընդգրկէ մէկէ աւելի կողմեր:

ա) կրօնական նկարագիր մը, որուն տարողութիւնը ես վերլուծեցի զգայնութեան առիթով։ Մերժելով հանդերձ անոր խստութիւն, սաստկութիւն, բռնութիւն, հաւատքի հուրքը, կը կենամ անով յարդարուած այդ յատակին, յօրինուածքին, գետինին որոնք իրարու կ՛աւելնան ու ոգի մը, խառնուածք մը, դիւան մը կը կերպադրեն։ Ազատ էք, ուզածնուդ չափ, այդ դիւանին մէջ մատի փաթթելու պակասները որոնք կրօնական բանաստեղծութիւն մը կը վիրաւորեն հոն։ Չէք կրնար հերքել անոնց մէջ յստակ, վճռական վկայութիւնը մարդուն որ ապրելու իրողութիւնը վերածած է իմաստներու, մտածումներու, խորհրդանշաններու փլանի մը։ Մեծ կիրքեր, ամուր ու խորունկ յուզումներ, կսկիծ ու տառապանք, կարճ՝ հում, արիւնոտ խռովքները իր եղբօր, ինչպէս հզօր ունայնութիւնները, փառասիրութիւնները մեր փորձառութիւնը արիւնող, սա աշխարհէն, Դուրեան Սրբազանի մօտ կը մեղմանան, կը հեռացուին, կը նետուին ուրիշ պարունակներու: Այս գործողութեան տարիքը այն է որ բնազանցականին լաւառներուն մօտիկ մեր զգայնութիւնները կը թօթափեն իրենց հում, բիրտ, տգեղ համերը, ու երազանքի, հայեցողական փուլում է, մշուշումի վիճակներ կը ստանան կարելի կարկառ։ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին Յիսուսը ճշմարիտ Աստուած մըն է, բայց շատ իրաւ մարդու մը վրայ ինքզինքը կրկնող։ Դուրեան Սրբազան երբ իր խօսքը կ՚ուղղէ անոր, կը զգայ թէ զինքը մտիկ ընողը տեսակ մը երկրորդ ինքն է, աւելի կատարեալ, իրմէն բխած բայց իր տկարութենէն զերծ։ Մարդ–Աստուածի հակադրութիւնը գրական չէ ինչպէս է անիկա Հիւկոյին մէջ, ոչ ալ աստուածաբանի՝ ինչպէս եկեղեցւոյ բանաստեղծութեանց մէջ։ Կեանքի իր ըմբռնումէն բիւրեղացած, առանձնացուած մտայղացք մը գրեթէ արդիւնք մարդուն ոգեղէն իրագործումները շատ մօտէն ուսումնասիրող իր իւմանիստական կրթանքներուն։

 

Օրհնութի՜ւնդ, Հայր, բոցը մարած է հրայրքիս՝
Որ մոխրակոյտ մ՚ըրաւ զիս,
Ա՜լ գիրկէդ զատ տեղ մը չունիմ ապահով,
Ուր թաղուիմ պի՛նդ գորովով։

(ԱՆԱՌԱԿԸ, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ)

 

/151/ Ոգեկոչման նկարագիրը, հեռու ապաշխարութեան դասական թոնէն, գրադարանի հոգեբանութեան մը տագնապը կը պատմէ կարծես։ Ու ասիկա ճիշդ է գրեթե բոլոր այն քերթուածներուն համար ալ որոնք Կտակարաններու աս ու ան պարագան կը ձգտին արդիացնել, անկէ քաղելու համար դասը որ չի մեռնիր։ Մի աճապարէք այս կեցուածքը տիտղոսելու գրական–վարդապետական կարելի պատմուճաններով։ Դուրեան Սրբազան իր թարգմանութիւններովը կը թուի յագուրդ տուած ըլլալ իր այդ ճաշակիներուն։ Ու Աստուած իրեն հարիւրաւոր տաղաւարներ ու կիրակիներ շնորհեց որպէսզի կտակարանեան թեմաները ընդլայնէ քարոզի սիրոյն։ Ոչ 1890ի ռոմանթիքները, ոչ ալ 1885ի սեմպոլիստները (Verlaine–ի Sagesse-ը) անոր մտատիպար չեն կազմած։ Մեր գրականութենէն իր կրած ազդեցութիւնները կամ այրեց կամ դրաւ դարձեալ դրաբար թարգմանութեանց մէջ։ Այս ամենէն վերջ, ստիպուած եմ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին մէջ կրօնական բարեխառնութիւնը բացատրել միայն ու միայն Դուրեան Սրբազանով։ Այն ատեն անիկա կ՚ըլլայ արտայայտութիւնը մարդու մը որ ճակատադրուած է կեանքի եզրէն, չքսելու համար լուսանցքէն քալելու։ Որ զգայութիւններու իր սարսափը պիտի ջանայ ամոքել իմաստին, անցեալին, ամէն բանի ան:: յնին այլապէս հակակշռող ազդմունքներովը։ Որ մարդուն կրօնական մեծ փորձառութիւնները պիտի տեսնէ իրենց իրական նշանակութեամբը, մեր մէջ չհեգնելով երկինքին ծարաւը, բայց չկրնալով համակերպիլ տխուր ալ վճռին, մեզ հողին մէջ անխռով հանգիստին սահմանադրող։ Այս երկու եզրերուն մէջտեղ անիկա պիտի դնէ այն քանի հազար տարիները, որոնք շղթային օղակները եղան զանոնք իրարու ընծայող եւ որոնք կը կրկնուին մարդու մարդ։ Ամէնքս ալ կ՚ընենք դժնդակ փորձը այս տագնապին։ Մեզմէ շատեր պիտի խենդենան հոս իսկ, հողի երեսին։ Ուրիշներ պիտի անասնանան մեր մասերուն հողին մէջ։ Զգաստը, իմաստունը ան է որ կը մեղմէ երկու ալ ծայրայեղութիւնները։ Ան է որ լեռներու գագաթին այլակերպումներուն փողիիւնը գիտէ բացատրել հոգիին պայծառացման ծարաովը։ Ու բանաստեղծը ան է որ սա աղտի, սուտի, փուտի եւ գարչութեան հանդէսին դէմ պիտի կենայ զգուշաւոր, անշուշտ, բայց ոչ կեղծ ու փարիսեցի մեկուսացմամբ մը։ Պիտի սիրէ այդ հեղեղին անդրադարձումները ու պիտի պատմ է մեռելներէն եկող զգայութիւններուն այլապէս գունագեղ թափը։ Այս կեանքը արհամարհել մը չներեց իրեն եղբայրը այն տղուն, որ զայն մուրացեր էր արիւնոտ շրթներով։ Ու չխճողեց ինքնին մութ, դժբախտ այդ առեղծուածը, անոր վրայ նետելով ա/152/ւելի մռայլ անդենականին տագնապները։ Ան որ խնամքով կը կարդայ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը, երբ բծախնդիր puriste մը չէ (լեզուի, կրօնքի), հաճոյքով կը հաստատէ թէ անիկա լեցուցած է որոշ պահերը իր հոգիին։ Ուրիշ բա՞ն է արդեօք կրօնքներէն մեր սպասածը։ Գոհունակութեան սա զգացումները երախտագիտութեան կը վերածուին երբ քանի մը անգամ, գիրքին մէջ մենք կատարելապէս կը նուաճուինք ոգեղէն խաղաղութեան ալ քաղցի զգայութիւններով։ Նման պահեր են ՎԵՐՋԱԼՈՅՍ ՄԸ, ԱՆՏԱՌԻՆ ՄԷՋ, ՍՐԻՆԳԻՍ, ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ ԱՆՄԻՏԸ, ԱՍՔԱՅԻ ՕԺԻՏԸ, ԱՊՐՈՒԱԾ ԵՐԱԶ ՄԸ, ԱՆԱՌԱԿԸ, ԻՂՁԵՐ. քերթուածներ որոնք թէ եւ գործադրութեան (exécution) նուազումներով երբեմն կը վիրաւորեն մեզ, բայց որոնց վերեւ կամար զարնող ոլորտը, որոնք լեցնող վիճակը մեզ կ՚ընէ ներող, համակրող մեր սեպհական դժբախտութեան։ Խորապէս բարոյական այս վայրկեանները մարդկային փլանէն լուսաւորուած են առաւելազանց չափով մը, ու չեն բաժնուիր անկէ։ Կրօնական բանաստեղծութեան սա պատկերը ահա իրն է բացառապէս։ Ոչ աստուածաբանութիւն։ Ոչ դաւանական կնճիռ։ Ոչ զայրագնութեան մղուած միսթիսիզմ։ Ոչ ճգնողական հեշտանքներ։ Ոչ լաց ու կոծ՝ մեր մեղքերուն սլաքներում ներքեւ։ Ոչ ալ ապուչ պշուցում մը մեզմ է վեր, ընդմիշտ փակ հորիզոններուն մարդկայնացումը հետապնդող։ Ոչ քարոզ, ոչ ալ պատգամ։ Ոչ ալ մանաւանդ պատմական տափակ ոգեկոչումը, որ ճախրաթռիչ տողերու հանդէսի մը մէջ ամուլ բառամարտի վրայ կը խղդէ քերթողական զգայութիւնը երբ կը կարդաս ՄԱՂԹՈՒՆԻՆ, ՏԷՐՈՒՆԻՆ (Ալիշան)։ 1860ին եւ 1910ին մէջտեղը նոյն վիճակներու սա իրարմ է տարբերացումը դժուար է բացատրել ջանալ դրական ըմբռնումներու շրջափոխութեամբ։ Ուրիշ չէ զգալու կերպը ՀՐԱՒԻՐԱԿներուն (Խրիմեան)։ Փոխուածը, եթէ երբեք կայ, կեցուածքինն է, ոչ թե մարդունը։ Ընդհանրական քրիստոնեան, Հայ–քրիստոնեան, Դուրեան Սրբազանի մէջ կը վերածուին կրօնազգած հոգեբանութեան մը։ Աս է ահա բարիքը ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին։ Տիրան Չրաքեան որ զայն վերլուծած է կրօնական զգացման ընդմ է ջէն կը կարծ է գտնել անոր մէջ ինչ որ ինք հետապնդեր էր իր խոյանքներուն մէջ, նիւթին ու աննիւթին Հակադրութեանը մէջ տառապագին ու ինքնակորոյս։ Իր հիացումը ԷՄՄԱՒՈՒՐՍԻ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐԸ ին վրայ փաստն է հրաշալիին հանդէպ իր մասնաւոր տկարութեան։ Ան որ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը պիտի կարդայ անոր մէջ կրօնական սնունդ մը հայթայթողի հոգիով, անիկա անշուշտ պիտի բաւարարէ իր կարօտը, բայց բանաստեղծէն չկասկածուած միամտութեամբ մը, քանի որ, ինչպէս քանի մը անգամ դի/153/տել տուի, այդ քերթուածները չեն երկնուած նման հոգեբանութեան մը մէջ, նման կարիքներու ընդառաջման համար։ Ան որ այդ քերթուածները պիտի կարդայ անխառն բանաստեղծութեան (poésie pure) վէճերուն գրգիռին ընդմէջէն, պիտի վիրաւորուի յաճախ այն զգացումներէն, թեւածող բառերէն, մանաւանդ խորհրդածութիւններէն որոնք այնքան աչքի կը զարնեն երբ շատ ներդաշնակ խորքի մը վրայ կըլլան հաստատելի։ Աչքէ անցուցէք ԷՄՄԱՌՈՒՍԻ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐԸ։ Գերազանցապէս բանաստեղծական նիւթէ մը Դուրեան Սրբազան Յիսուսի բերանը պիտի դնէ քսան չորս տող խօսք, որ դարերով կշտացուցած է զանգուածները թէեւ, բայց այսօր վայելելի չէ, վասնզի անխառն բանաստեղծութեան յղացքին իսկ կը հակասէ, եւ

 

«ՄԵ՜ղք այն աչքին՝ որ վայելեց լոյսն Անոր՝
Ու կը հաւտայ անէութեան գիշերին:
Մե՜ղք այն խիղճին՝ որ լըսեց ձայնն երկնաւոր
Ու կը պաշտէ ամայութի՛ւնը լըռին»։

(ԷՄՄԱՌՈՒՍԻ ՃԱՄԲՈՐԴՆԵՐԸ, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ)

 

այսպէս կը խօսին անոնք որ Հիւկօ թարգմանած են ու տաղաչափութիւն դասախօսած։ Այսպէս խօսելու էր հաւանաբար մեռելներէն յառնող Աստուածորդին, այդ թշուառ ամայքներուն մէջէն «խոնջ ու տրտում» իրենց հիւղակները դարձող մարդոց որոնք հաղորդ անոր անձէն բխած տարօրինակ խռովքին, տարուած անոր արքայութեան կրկներեւոյթէն, գտել էին իրենք զիրենք սպաննուած, անոր խաչելութիւնն ու թաղումը ապրելու եղերական ժամերէն։ Քերթուածին մէջ պատմական, վարդապետական, քարոզ տարրին գերակշռութիւնը խորտակված է զմայլելի այն անիրականը, մեծ բանաստեղծութենէն այնքան ախորժ զգացող հրաշալին որ միս մինակը արուեստն է արդէն։ Աւետարանին պատմումը իր նախնական, անվերածելի պարզութեամբ այդ հրաշալին իսկ է։ Ու մենք իրաւունք չենք տար ոչ ոքի որպէսզի այդքան անխառն գեղեցկութեամբ դրուագներ օգտագործուին ոտանաւոր շէնքերու կառուցման։ Քերթուածը պիտի ըլլար հիմնովին վրիպած, առանց զայն փակող վերջին չորս քառեակներուն որոնցմով կ՚անձնանայ որոշ չափով Աւետարանին պատմումը։ Ու երբ կ՚ընէք այս նկատումները, դատումները, կը զգաք այս նուազումները, կը նեղուիք այս աժան հակադրութեանց յոխորտանքէն, ինքնաբերաբար հարց կու տաք դուք ձեզի. ինչո՞ւ գրուած են այդ /154/ տողերը։ Կ՚ընդունիմ որ սրբազան գիրքերու բնագիրները կ՚օգտուին մեր հաւատքէն ալ, մեզ կրկնապէս տպաւորելով, իրենց բնական գեղեցկութիւնը այդպէս անգամ մըն ալ գունաւորելով մեր զգայութիւններուն հուրքովը հանդէպ իրենց։ Բայց չեմ ընդունիր որ անոնք պատրաստ սեղան ըլլան հանդիպողին որպէսզի կշտացնեն աժեմն ու չաժեմը։ Դուրեան Սրբազան բանաստեղծ մըն է անշուշտ ու չիյնար այս դասակարգին մէջ։ Բայց երբ բնագիր մը նուաճելու վստահութիւնը չունի, չունի նաեւ իրաւունքը այդ բնագրին հետ խաղալու: Այս է պատճառը, որ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ-ը այնքան հակասական տպաւորութիւններ արթնցնէ ընթերցողէ ընթերցող։ Անկէ յուսավրէպ է հաւատացեալը։ Անկէ կը տառապի ազատ–մտածողը։ Անոր գրական թերացումները կասկածելի կ՚ընեն անոր բանաստեղծական իսկ տարողութիւնը։ Այն ատե՞ն։ Որո՞ւ համար գրեց Իզմիրի առաջնորդը այդ կրօնական տիտղոսուած քերթուածները։ Կը մնայ միակ պատասխան մը։ Իրեն համար: Արդարեւ արուեստի գործ մը ամենէն առաջ անձ մըն է։ Բայց անձ մըն է նաեւ գիւղացի տէրտէր մը։ Ու Դուրեան Սրբազանէն այս տէրտէրին տարբերութիւնը թերեւս չէք գիտեր թէ պայմանաւոր է միայն ու միայն իմացականութեամբ։ Թէ երկուքին կուրծքին տակ ալ սիրտը մէկ է, մօտաւորապէս նոյն՝ աչքերը։ Երկուքն ալ հաւասար լարերով դրուած են դժբախտութեանց ու վայելքներու հոսանքներուն դէմ։ Ու նորէն չէք գիտեր որ քիչ, շատ քիչ անգամ մենք բանաստեղծ ենք մեր իմացականութեամբը։ Թէ ենք ատիկա մեր ջիղերովը։ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը գրելու համար Դուրեան Սրբազանի իմացական շնորհները շատ ու շատ էին, ու նոր չէ որ առատութիւնը կը վնասէ մեզի։ Այսպէսով է որ ներչընչում է խնդիրը կը զեղծանի ինք իր մէջ։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ Դուրեան Սրբազան իր մէջ հաստատած իմացական վիճակները բաւ պիտի համարէ քերթողութեան բարձրացնելու, վստահ իր թեքնիքին, զոր կատարելագործած էր անհուն ընթերցումներով, փորձերով ու լեզուական հեշտախտաւորի մը դալուկներով։ Առանց անդրադառնալու որ պատմութիւնը նորոգելը բանասիրական զբաղում մըն է, ոչ թէ ստեղծագործ երկունք մը։ Ո՞վ ուրեմն տուաւ բանաստեղծի վարկ մը, գեղեցիկ ու քաջ համբաւ մը հեղինակին այդ հատորին ուր հիմնանիւթը մնացած է iոerte, չբաղադրուելով ուրիշ ջիղերու դրութեան մը մէջ, ուր ձեւը եղած է այնքան պակասաւոր։ Այս հարցումը մեզ կը տանի մեր բանաստեղծութեան մէկ ուրիշ կողմին որ կրօնականին չափ դիւրաւ չէ տարազել բայց որ հասարակաց է շրջանին բոլոր տաղանդներուն։ Գաղիացի գրող մը, Ռ. տը Կուրմոն /155/ écriture artistique կ՚որակէ գրելու ձեւ մը ուր արուեստի (art) մտահոգութիւններ կը մնան տիրական։ Մեր մէջ, 1900ին, գրական տագնապ մը վտանգած է մեր գրականութիւնը։ Գրաքննութիւնը իր չարաշուք ազդեցութեամբը փակած է հայ կեանքը, ասոր արտադրութիւնը մեր գրականութեան միջոցով։ Տագնապը ուրեմն խորքի տակնապ մըն է։ Արուեստագէտը զայն ստիպուեցաւ դիմաւորել, նիւթին նիհարութիւնը հակակշռելու խուլ ցանկութեան մը մէջ, ծայրայեղօրէն խնամելով իր ձեւը, հասնելու աստիճան բռնազբօսութեան։ Մեր 1900ը փնտռուած արուեստի մը բոլոր մասնայատկութիւնները կը պարզէ մեզի այսօր։ Ու Դուրեան Սրբազան ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին երկրորդ մեծ նկարագիրը պատկանիլն է այդ օրերուն ու այդ զգայնութեան։ Ուրեմն

բ) Փնտռուած, արուեստագիտական նկարագիր մը։ Իրապաշտներուն միակտուր, հիւթեղ, առողջ, տափակութեան իսկ գինով իրական մնացող արտայայտութեան կերպը որ այնքան յաջողօրէն պատշաճեցաւ իր մտադրութեան մեր ժողովուրդի կեանքին վերարտադրման 1900ին դարձաւ աւելորդ, անբաւական, քանի որ անոր մէջը դրուելիք կեանքը արգիլուած պտուղ էր գրագէտին համար։ Ու կեանքի այս տագնապը ներհակօրէն անդրադարձաւ ձեւին ճակատագրին։ 1900ը մեր կիներուն սառած ոտանաւորը, կամ միջակ քերթողներուն այլապէս խնամուած, ներկուած տողը վերածեց արուեստի լայթմոթիֆի։ Միայն մուսաներուն բարբառը չէր որ ենթարկուեցաւ այս կրթանքին։ 1900ին ոսկեդարն է սկսած արձակ– քերթուածին։ Իրապաշտներէն Սիպիլ ոտանաւորին վրայ պիտի շահադիտէ եւ գրէ անկարելի իր քերթուածները որոնք 8ՈԼՔԵՐուն վերջին մասը տուին։ Եղիշէ Դուրեան զգոյշ ու իմաստուն կը սպասէ որպէսզի ճաշակը ընդհանրանայ։ Արտաշէս Յարութիւնեանի ոտանաւորը մէկ ուրիշ տխուր փաստ այս վիճակէ։ Կը յիշեմ Վ. Մալէզեանի ալ տողը, որ նիւթի տագնապը կը կրէ այնքան ծանրօրէն։ Ու մեր գաւառացի գրագէտներն իսկ պիտի խնամեն իրենց… արձակները, այդ Պոլիսին հետ de paire քալելու համար։ Զարդարեանի արձակ քերթուածները կը կործանեն խորքին մեծ գեղեցկութիւնը, հայոց աշխարհին ծորումը եղող զգայութեանց սխրալի հանդէսը: Թլկատինցին չի կրնար կեանք մը պատմել առանց ծուռիկ–մուռիկ նախադասութեանց թնճուկի մը։ Մեծարենցի առաջին ոտանաւորները, այնքան սուտ ու խնամուած։ Ինչպէս կը տեսնուի սա արագ անուանումներին, մեր ոտանաւորը կը տառապի ներսէն, նիւթը իր անբաւարարութեամբը, դուրսէն, զայն դարմանել յաւակնող յարդարան/156/քին, ներկին, խնամքին չափազանցութեամբը։ Չեմ տար անունները երկրորդական մարդոց որոնք այնքան բացառիկ պայծառութեամբ մը այս ամէնը մեզ կ՚ընեն Հասկնալի սակայն։ Կարդացէք 1900–1908 Հայոց երանելի մամուլին պարբերաթերթերը, ՄԱՍԻՍ, ԾԱՂԻԿները, ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ, ԼՈՅՍ, ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿ, ԲԻՒՐԱԿՆ բայց մանաւանդ օրաթերթերու բացառիկ թիւերը, լուսանկարի ցուցահանդեսներ, ուր մեծն ու պզտիկը իրարու հետ կը մրցին կարծես բայց գեղեցիկ լեզուն աւելի քաշելու, կործանէ անցնելու անոր շնորհները, անկէ առնելու համար կարելի զարդն ու սնոտիքը։ Որքան փառքե՜ր, այսօր ընդմիշտ թառամած բայց որոնք մինչեւ 1910ը տիրական էին, ու գրականութեան պատմիչը պարտաւոր է այս մասնաւոր նիշերը, ծուէնները համադրել, քանի մը ընդհանուր տարազներու կապելու համար ճաշակն ու ձգտումը։ Պիտի ներուի՞ արուեստագէտ զգայնութիւն որակել սա հոգեվիճակը։ Եթէ այո՝ այն ատեն ի՞նչ անուն ճարել խորքով այսքան աղքատ սա գրականութեան։ 1904ին Դուրեան Սրբազանի երկրորդ կերպին (վերջինը ԴՐՈՒԱԳՆԵՐուն թշուառութիւնն է զոր կը մոռնամ հիմնովին) առաջին նմոյշները որոնք պիտի ներուին ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին մէջ մուտքի փառքի [8] մը: Մինչեւ 1909, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին հրատարակման տարին, մեր գրականութիւնը պիտի ողողուի այդ փնտռուած, ոսին, փրփուր, ներկ, ժանեակ տարրերով։ Լուսաբանուիլ ուզողները կը ղրկեմ Սիպիլի, Արտաշէս Յարութիւնեանի, Մ. Ուղուրլեանի, Եդուարդ Գոլանճեանի ոտանաւորներուն։ Ինչ որ բաժինն է այս անկումին մէջ ոչ-տաղանդին, կէս տաղանդին, քիչով կը տարրերի վաւերական տաղանդի մը կողմէ իրագործուած արժէքէն։ Այս է պատճառը թերեւս այն մտավախութեան, կասկածանքին, անապահովութեան որոնք կը պաշարեն ընթերցողը երբ ասիկա, անպատրաստ, առանց նախնական initiation-ի կիյնայ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին մէջ։ Առանց չարութեան, աւելորդ քաշքշուքի արեւելահայ մը դէն պիտի շպրտէր այդ հատորը, անոր մէջ իր չհասկցած գեղեցկութիւններուն զայրոյթին չափովը, աւելորդ ձեւով մըն ալ տառապելով որ չէր կրնար իր դատապարտութիւնը տարազել քանի մը աժան-պատրաստ բանաձեւերով, հնարուած է բուժումն իրենց գայթակղութեան, սանկ /157/ կեղծ դասական, շովինիստական, բառամոլական, հոսհոսական վերադիրներով անոնց մամուլին մէջ փառքի հասած։ 1905ին է կարծեմ որ Շահազիզի տղան կ՚ենթարկէ վերլուծման Խորէն Նար-Պէյի քերթողութիւնը։ Երանելի քննադատը ինչ հեշտանքով յագուրդ կու տայ իր զգացումներուն երբ կը խարանէ ոսկեփետուր եպիսկոպոսին հիմնովին վրիպած քերթողութիւնը, բայց չի զգար մեղքը, այդ վրիպանքը վերագրելու Արեւմտահայ ոգիին։ 1910ին երբ Շիրվանզադէ կը դատապարտէ Վարուժանի ոտանաւորը, ուրիշ բան չ'ըներ եթէ ոչ անգամ մըն ալ նորոգել դժբախտ փաստը իր հիմնական անհասկացողութեան։ Այս ծայրայեղութեանց դիմաց, Դուրեան Սրբազանի քերթողութիւնը ոչ Նար–Պէյին հասարակ տեղիքն է, ոչ ալ Վարուժանին պոռնկագրութիւնը։ Բայց նոյն չափերով անմատչելի արեւելահայերուն։ Ուրե՞մքն։ Ի՞նչպէս պաշտպանել ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը այն խուլ բայց ապահով ալ չկամութենէն որով կը դիմաւորուին գրասենեակի բոլոր բանաստեղծութիւնները, շատ նուրբ, փնտռուած արուեստով մը իրագործուած, ամբոխին չհասնող գէթ իմացական ամբոխին բայց որոնք հեշտանքը կը կազմեն բացառիկ մարդոց, կեանքին մէջ միջինէն վեր ու դուրս ախորժակներով, բոլոր անոնց որոնք գրողներու պատրաստութիւնը, խօթութիւնները, քմայքները, տարակեդրոնութիւնները ունին եւ կու տան շրջանի մը իմացական դիմագիծը։ Դուրեան Սրբազան չուրացուեցաւ իբրեւ բանաստեղծ անշուշտ մեր ընթերցող հասարակութեան այն մասէն որ իր հասկացողութիւնը կը պարտէր մեր մամուլին, դպրոցներուն։ Բայց մերժուեցաւ թէ արեւելահայերէն [9] (բառը իմաստ է եւ ոչ /158/ թէ ցեղային տարազ) թէ վաւերական արուեստագէտներէն։ Առաջինները իրենց անհասկացողութիւնը արդարացնող դէզերով փաստ կրնան ճարել թե՛ 1910ին, թէ՛ 1940ին մանաւանդ։ Չեմ զբաղիր։ Վաւերական քննադատ մը չի կրնար հանդուրժել որ 500 էջնոց խոշոր հատորի մը մէջ ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը ներկայացնող կտորներուն թիւը հինգը չանցնի։ Ու Սրբազանին վարկին պաշտպանութիւնը կը ձգէ իմացական ամբոխներուն։ Արուեստակեալ բանաստեղծութիւն յղացքը դարձեալ զուգորդ է մեր միտքին մէջ նուրբ, փնտռուած, արուեստագիտական (artiste) բանաստեղծութեան։ Ըլլային սա երկու (երթուածները

 

ա) Ո՛չ ծաղիկ կար եւ ո՛չ ալ ծառ
Հողին վրայ հարաւի,
Չըկար ցօղի շիթ մը պայծառ
Թուփին վրայ ծարաւի։

 

Անկոխ երկիրը կտրած քար՝
կուրծքին վրայ հոլանի
Միայն այրուցքն էր որ կ՚ըզգար
Արեւակէզ խարանի։

 

Երբեք սարակ մը սիրական
Չէր երգած մօտն աւազին,
Շուք մ'ալ չըկար աղջըկան
Քօղ մը ձգէր երազին։

(ԱՍՔԱՑԻ ՕԺԻՏԸ, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ)

բ) Իբր ըստաշխի նըշխար մը կո՛ւրծքդ ծրարած՝
Դի՛ր հոն կրակը սիրոյս՝ զոր ես վառեցի,
Լոյս այրումի մէջ պարզէ գիրկդ ալ տարած,

Որ մօտենաս դու ինծի։

 

Բա՛ց ըրէ սիրտդ՝ իր հըսկումին մէջ անքուն՝
Այն փոթորկին դէմ՝ զոր սաստիկ յուզեցի,
Թող ծընի մէ՛ջըդ մարգարիտն երկնագոյն,

Որ մօտենաս դուն ինծի։

 

/159/ Եթէ հոգիդ նըմանութեա՛մբը ոսկւոյն՝
Շողայ, մարմինդ ալ արծաթով կատուածի,
Իմ Խորանիս զարդը կ՚ըլլաս վեհագոյն,
Կը մօտենա՞ս դու ինծի։

(ՄԻ ՄԵՐՁԵՆԱՐ ՅԻՍ, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ)

 

որոնց չարտագրուած մասը - ստուարագոյնը կը պարզէ նոյն նկարագիրները, բայց որոնցմէ հոս դրուածը տիպարային է ըստ էութեան։ Թող ընթերցողը անգիտանայ, թէ անոնք գրուած էին մեր մեծահամբաւ մէկ քերթողէն։ Ու յանձնէր ինքզինքը անմիջական տպաւորութեան, անկեղծ, աննախապաշար, առանց այցուելու մեծահամբաւ ալ գովեստներէն որոնք չեն խնայուիր ամ էն յաջողած մարդու։ Այդ ընթերցողը, այն պարագային երբ ըլլար initié քերթողական պարզութեան, ժուժկալութեան հրապոյրներուն, արտայայտութեան մէջ անհրաժեշտի պարտքերուն, մանաւանդ աւելորդէն, երկրորդականէն փրկարար սարսափին, ու նոյն ատեն ունենար գրաւական ճաշակ, փորձառութիւն՝ զարդէ, Հռետորութենէ, մ չակման ձիրքերուն պատրող նպաստէն, պիտի կրնար մօտաւոր կերպով մը բանաձեւել իր միտքին մէջ թէ փնտռտուքը, ճիգը, Քրտինքը, թեքնիքը հաւասարապէս զգալի էին երկու քերթուածներուն մէջ ալ։ Բայց նոյն ատեն պիտի չվարանէր հաստատել թէ այդ քերթուածներէն առաջինը պաշտպանուած էր նորատիպ ցամաքութեամբ մը, ամուր գիծերու հանդէսով մը, կարծր, չոր գոյներու արու գեղեցկութեամբը, ու հեռի էր իրեն թելադրելէ զգայնութիւնները կեղծին, ներկուածին, բռնազբօսեալին։ Երկրորդ քերթուածը, նոյն թեքնիքին ծնունդ է զուրկ էր այն ինքնաբուխ, յորդ բայց զուսպ ալ հաղորդականութենէն որ բառն ու յուզումը մեզ կ՚ընծայէ նոյն ժամանակ եթէ երբեք այս բախտը ունի հեղինակը, մէկ ակնթարթով մարդոց սիրտը հասնելու։ Անշուշտ հեռու է ինձմէ մտածումը դիւրին, աժան յուզումին, բանաստեղծութեան մէջ այնքան աններելի այդ մեղքին։ Բայց երբ քառեակէ մը՝ տող մը միտքէն սիրտ մը իջնելու ատեն կը տառապի (ծանրաբեռն է քանի որ երկրորդականով, զարդով, ներկով) ու իւրացուելէ վերջ կու տայ շատ գաղջ, շատ սովորական յուղում մը, այն ատեն իրաւացի կերպով մը կը դառնանանք։ Այսպէս, առէք բ։ քերթուածին երկրորդ քառեակը։ Նի՞ւթը։ սիրտը բանալ փոթորիկին։ Կը հասկցուի թէ՝ իր հսկումին մէջ /160/ անքունը բեռ է արդէն, ոչ միայն իբրեւ տառ այլեւ իբրեւ բառ: Չկայ մէկը որ հսկումը քունին չհակադրէր։ Ասիկա ընթերցողը արհամարհելն է։ Փոթորիկին վերադիրը (սաստիկ յուզուած) նոյնքան բեռ։ Քառեակին երրորդ տողը ծնող մարգարիտ մըն է։ Չեմ գիտեր սիրտէն ծնած երկնագոյն մարգարիտը ինչ կ՚արժէ նախ մարդկային ախորժակներու ընդմէջէն, յետոյ աստուածայինին համար։ Երկինքին մէջ մեր գոհարները դարձեա՞լ պիտի ստեղծեն մետաղակուռ այն տռամները զորս մեր յիմարութիւնը կը ներէ մեր աշխարհին վրայ։ Իսկ եթէ շարունակէ ք վերջին քառեակին ալ ընթերցումը հոն պիտի գտնէք ոսկին ալ, արծաթն ալ, կիտուածն ալ։ Ոսկերչութեան կամ ակնավաճառութեան արհեստով չէ որ խորանները պիտի զարդարուին Աստուծոյ արքայութեան մէջ։ Բ. քերթուածին առաջին տունին համար ալ փորձեցէք վերլուծումը։ Նիւթ՝ սէր դնել կուրծքի մը մէջ։ Մնացա՞ծը։ Բառ։ Ոչ ըստաշխին նշխարը (իր ծրարովը) ոչ պարզուող (ինքը կ՚ըսէ տարած) գիրկը կարող են բան մը աւելցնել սկզբնական տողով մեզի մատուցուածին։ Սուղ չէ՞ք գտներ գինը սա մէկ պատկերին երեք լման տողերու վրայ։ Ու մեր դժկամութիւնը, չըսելու համար նեղութիւնը արդիւնք են սա վճարման ու ներքին արժէքին անհամեմատականութեան։ Հիմա, պէտք կա՞յ, խօսելու Բ. քերթուածին ընդհանուր գումարէն որ այսպէս ճաքուած զգացումի մը, մտածումի մը, պատկերի մը մանրումը, տարածումն է թէեւ ճարտար միջոցներով բայց որոնք չեն վարձատրեր ու կը յոգնեցնեն։ Դուրեան Սրբազան բառերու վիրթիւոզ մըն էր։ Իր իրաւունքն էր այդ շնորհը, ճարտարութիւնը իր ուզածին չափ արժեւորել ու բանիլ իր ոտանաւորը (ինչպէս կ՚ընեն ոսկերիչները) մանր, նուրբ խազերով, լեռալ իրարու բառերուն ձայնական երանգները ու գոյներուն հեւքը, բայց էր պարտքին տակը նոյն ատեն չվտանգելու բանաստեղծի մը ամենէն նուիրական առաքինութիւնը։ Ասիկա այն անբացատրելի հոսանուտութիւնն է, գոլը, ոգեղէն թրթռումը, որոնցմով տաքցած, սարսռազին ու մարդկայնացած բառը պիտի իջնէ մեր միտքին ու սիրտին, նոյնամանակ, ինչպէս ըսի վերը, ու մեզ պիտի տպաւորէ իբրեւ թէ ըլլար շօշափելի, մեր զգայարանքներուն ենթակայ բայց անոնցմէ վեր իրականութիւն։ Հոգի՛։ Ու այս առաքինութիւնն է ահա զոր անգլիացիք կ՚անուանեն բառին մոգութիւնը։ Ոչ քերականութիւնը, ուղղափառ կամ հերետիկոս տաղաչափութիւնը, ամենէն վարժ թեքնիքը, ամենէն ապահով հռետորութիւնը, ամենէն յանդուգն պատկերակերտումները, կրնան փոխարինել այս շաղփաղփուն շնորհքը.

 

/161/ Անձրեւ եկաւ շաղալէն,
Ուռ ու տերեւ դողալէն.
Իմ եարս է, վերէն կու գայ,
Ալ ձին տակէն խաղալէն։

 

Ժողովրդական բանաստեղծութեան սա պարզուկ քառեակը վերլուծեցէք ճիշդ վերի եղանակով ու պիտի համոզուիք թէ որքան դըժուար է բանաստեղծ ըլլալը։

գ) Իմացապաշտ հակումներ: Դժուար էր, ըսի ատիկա, Դուրեան Սրբազանի քերթողութիւնը զետեղել այն մրցանքին մէջ որով բանաստեղծ մը կը յօրինէ իր գործը, իր մտահոգութիւնը կեդրոնացնելով զգացական տարրէն անդին ուրիշ արդիւնքներու, մեզ խորհելու մղող այն կառուցումներն ուր բառերը չըլլան յստակ, գիծերը ամուր, ճարտարապետութիւնը տոկուն, բայց յօրինումը մեր մէջ բանայ փայլակի մը ընդմէջէն աշխարհը ըմբռնելու յատուկ, ամուր, տոկուն եղանակ մը։ Իրենց ջիղերով մտածողներուն բանաստեղծութեան (ռոմանթիքների դիմաց իրենց ուղեղով զգացողներուն կ՚ակնարկեմ։ Չեմ կրկներ այս մասին ըսուածը վիրթիւոզի փարակրաֆին մէջ։ Իմացապաշտ բանաստեղծութիւն է դարձեալ ստեղծում է այն եղանակը, ուր հեղինակ մը թէեւ անկարող մեր զգայարանքները խռովելու, մեր միտքին մէջ կը դպի հոգեղէն դրութիւններու (արժէքներ են ասոնք որոնք դարերում թերումով բիւրեղացած են մեր մէջ, մեր քաղաքակրթութեան բոլոր այն նուաճումները որոնք մարմնականէն վեր կը մնան), մեզի կը վերբերէ հին քաղաքակրթութիւններ, մեզի կ՚ընէ ընդունակ մտովի տեսնելու օր մը վառ, այսօր՝ շէջ կեանքի ընդարձակ համապատկերներ։ Այս երկու մայր դիմայեղմանց ընդմէջէն, ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐը մեզի կը ներկայանայ որոյ արժանիքներով, մանաւանդ երկրորդէն։ Արդարեւ, չեմ կրնար մերժել գէթ տառական ճշգրտութիւնը Կտակարաններու աշխարհին, այդ գործին մէջ, մեր մօտ ոչ ոքէ նուաճուած ճշգրտութեամբ մը։ Սուրբ-գրական անունները միայն ձայնական նպատակներ չեն հետապնդեր, ոչ ալ ցուրտ հմտական նանրամտութեան փաստեր են, այլ լեցունութիւն մը կը վկայեն որ միշտ արժանիք մըն է։ Յիշեցի Հերետիան, Լըքոնդ տը Լիլը: Ասոնք մարդեր են որ բանաստեղծութիւնը կը ձգտին սպասարկել հին քաղաքակրթութեանց վաւերական վերագիւտին։ Կա՞յ, Դուրեան Սրբազանին մէջ 2000 ու աւելի առաջ տարիներու մտայնութեան, մշակոյթի լայն թափանցողութիւն մը։ Պատասխանը վճռական չի կրնար ըլլալ։ /162/ ԱՆԱՌԱԿԸ, աւետարանական պատմում է հեթանոս զգայութիւններու շքեղ հանդէս մըն է։ ՄԻ ՄԵՐՁԵՆԱՐ ՅԻՍը շափիւղաներու արեւելքին քերթողականը։ ՆԵՐՈՒՄԸ՝ ուրիշ նկար, արեւելեան հեթանոսութեան։ ԱՅՐԻԻ ԶՐՈՅՑԸ՝ դարձեալ բարքերը արեւելքին։ Նոյնը ՊՈՒՏՏԱ ԵՒ ՅԻՍՈՒՍԸ։ ԱՆՏԱՌԻՆ ՄԷՋը հնդիկ համաստուածութեամբ թաթաւուն նկարչութիւն։ Այս քերթուածներուն կցուած, չըսելու համար կարկտուած արդիականութիւնը չի յաջողիր զանոնք տապալել։ Այն ատե՞ն։ Պարզ է, որ մեր միտքին մէջ այդ պատկերացումները պրտի թելադրեն իմացական զգայնութիւններ։ Յետոյ, ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին ընդհանուր աշխարհը, հակառակ կրօնական երանգին, բարոյախօսական խարիսխներուն, չէ ողողուած շեշտ յուզումներով որոնք կրօնական, բարոյախօսական զգացումներուն թխումները իբրեւ մեզ կը տպաւորեն երբ կարդանք Վերլէնը, Պոտլեռը, նոյնիսկ Քլոտելը։ Իմաստուն էր Դուրեան Սրբազան, կազմուած վճիտ որքան գեղեցիկ իւմանիզմի մը մէջ որ անոր հայթայթեց քաղցր իր բնաւորութիւնը, ազատ ճաշակները, իր ժամանակին ձերբազատուելու թեւեր, մեղմեց իր մէջ հզօր հրդեհը կրօնական զգացումին (Աղօթամատեան), ու զինքը պատեց կիսամշուշ անցելապաշտութեան մը հեշտանքին խորը. իրաւ բարիք մանաւանդ մեր օրերուն, երբ ամէն բան շահագործելու գիտութիւն է դարձեր նոյնիսկ արուեստը։ Երբ կրօնական զգացումը, Նարեկացիին մէջ տեսնուածին նման հեղեղ մը, փոթորիկ մը չէ յոյզերու, դիւրաւ կը վերածուի խաղաղ հայեցողութեան մը, ամբոխներու մատչելի միակ մտածողութեան, գործնական բարոյականի մը, որոնք կը զարգանան դարերու հոլովոյթէ մը վերջ, կ՚ըլլան մտայնութիւն, աւելի յաւակնոտ բառով մը՝ մշակոյթ։ Դուրեան Սրբազանի կրօնազգած (religiosité) բանաստեղծութիւնը մեզ մտածելու մղող որոշ շնորհներով, անդրագոյն ըղձաւորութիւններ արթնցնելու անառարկելի երկնայնութեամբը (որ կատաղի երկնաբաղձութիւնը չէ բոլոր ժամանակներու մեծ եսապաշտներուն, միսթիքներուն, միայն ու միայն իրենց անձին փրկութեան տագնապ մը ունեցող սա մեր աշխարհին հազարումէկ պարտքերէն ու իրենց համար երկինքը հալածող հոգեբանութիւն մը կեղծաւորօրէն սքողելով մոլեռանդ ձեւապաշտութեան մը քողերուն մէջ չունի՞, չա՞րդարացներ պայմանները որոնք քերթուածի մը համար իմացական բարեխառնութիւն մը ճարեն։ Վ. Թէքէեանի ՍԷՐԸ հատորը տարբեր հոգեբանութեան մը ծնունդը չէ։ Զուգակշռում մը ներելի՞` քանի որ երկու գիրքերն ալ ոգեղէն ոլորտէ մը կը պատմեն մեզի, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը՝ դասական զգայնութիւններ փոխակերպելով իմացական վա/163/յելքի, ՍԷՐԸ տառապանքէ ծնած տրտմութիւններ վսեմացնել (բառը գործածուած է հոգեվերլուծական առումով) ձգտելու։ Յանդգնութի՞ւն՝ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ տաղարանը տարազել իմացապաշտ վերադիրով՝ որ կրականը (affectif), զուտ զգացականը, զգայարանականը կերպով մը հակակշռէր, մեզի թելադրելով ՄԱՐԴ մը, որուն զգայութիւնները ախորժէին մեղմանալէ, քաղցրանալէ, ընդհանրանալէ վաղածանօթ բարեխառնութեանց ոլորտի մը մէջէն, ԱՇԽԱՐՀ մը, որուն մեծ կարկառներուն ողջունձեւը կենար մեր ներսը, մեր պապերուն փորձառութեանցը իբր արդիւնք։ Հայ քրիստոնեայ յղացքին մէջ նորամուտ քանի մը ընդլայնումներով։ ՆԵՐՈՒՄԸ քերթուած մըն է որ Հին Կտակարանեան դրուագէ մը կը մեկնի։ Բայց մեր օրերուն նուա՞զ իրական՝ այդ տագնապը։ Ոչ մէկ մտածում [10] մեզի չի հասնիր ՑՈԼՔԵՐ, ՅՈՒԶՄԱՆ ԺԱՄԵՐ, ԱՌԱՋԻՆ ՏԵՐԵՒՔ, ԺՊԻՏ ԵՒ ԱՐՏԱՍՈՒՔ, ՆՈՐ-ՏԱՂԵՐ, ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ, Ս. ՄԵՍՐՈՊ, ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐ . Չօպանեան), ՏԱՂՔ ԵՒ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՔ (Դուրեան եւ Պէշիկթաշլեան), ՍՏՈՒԵՐՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆՔ, ՆՈՒԱԳՔ դիւաններէն։ Այս հատորները սակայն արեւմտահայ բանաստեղծական ճիգը կը համադրեն, մեզի /164/ կը խօսին զգացումներէ, զգայութիւններէ։ Նշան՝ թէ մեր մէջ մտածում տարազը հեռու էր իր մասնագիտական տարողութենէն ու հոմանիշ էր բարոյախօսական քարոզին։ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը աժան քարոզ մը չէ, ինչպէս կը փորձուինք թելադրուիլ տիտղոսէն։ Գիրքին ամենէն ամուր ու քաղցր, ինքզինքը սեւեռող տպաւորութիւնը իմացայնութիւն մըն է, ոգեղէն (spirituel) իրականութեանց հետ հաճ ու հաշտ տրամադրութիւն մը, ախորժանք մը, նախասիրօրէն վեր ցուրտ ու տափակ իրապաշտութենէն որ ի զօրու էր 1900ին, քաղցր (հոգե)–վիճակը՝ տակաւին անաղօտ ու գործօն բոլոր անոնց մէջ որոնք իրենց ուղեղը յօրինեցին երանելի ԺԹ. դարուն, իմացական կրթանքին համար այնքան լայնօրէն ինքզինքը հանդերձող։ Միտք բերէք այս տրամադրութիւնը կանխող ուրիշ երկու հիմնական ալ բարեխառնութիւններ, ա) ա՛ն՝ որ 1860ին մեր մէջ միամիտ ազգայնականութիւն է, անսանձ ռոմանթիզմ, բառական հայրենասիրութիւն ու հեշտածոր արեւելք, բայց որ կ՚անգիտանայ իմաստը, իրաւ հմտութիւնը, զուսպ յուզումը։ Այդ բարեխառնութիւնը պիտի տար մեզի մեծ համբաւներ ու տկար դրականութիւն, որուն մէջ քերթողականը բարեբախտաբար ներկայացուած է հանճարային պատանքով մը։ բ) Ա՛ն՝ որ մինչեւ 1890 դրանց մեր տաղանդները ու ոտքի հանեց անկարելի անուններ։ Դուք տեսաք զանոնք Դուրեանի զգայնութեան վերլուծման մէջ։ Իրապաշտութենէն առաջ այդ յապաղած ռոմանթիզմը Թերզեաններուն, Սէթեաններուն, Պէրպէրեաններուն կ՚անգիտանայ դարձեալ իմաստը, որուն /165/ հանդէպ դիրք բռնել մըն էր արդէն շարժումը, Եւրոպա, սկզբնածագ օրերուն։ Այս երկու վրիպանքներէն վերջ, հաճոյք է կարենալ ըսել ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին համար թէ անիկա հատորն է ուր մտածումը չէ արհամարհուած, ինչ ալ ըլլան մեղքերը [11] որոնք այդ ոտանաւորը կը հարուածեն. իմաստի հանդէպ սա համակրանքը նկարագիր կազմելու չափ ներկայ է գրեթէ ամէն քերթուածի ներսը, երբեմն հոլանի, երբեմն զգաստ, զգոյշ խաղերով։ Մտածումով բարեխառնուած քնարական սա յոյզը, հոսանուտն էր որ փառքի տարաւ ամենէն անզգած պառնասեանները բոլոր կրօնքներուն, իմաստասիրութիւններուն խորքը թրթռուն անմահ իսկութիւնը վերստին կեանքի կանչող զուսպ, երբեք հռետոր, միշտ պաղպաջուն, միշտ խորակառոյց յօրինումներու մէջ (Լըքոնթ տը Լիլ, Հերետիա)։ ՍՐԲԱԶԱՆ /166/ ՔՆԱՐը մեր մէջ այն գիրքն է ուր ամէն էջի սա ազնիւ ցանկութիւնը, ձգտումը կը ջանայ ինքզինքը իրագործել։

Յղթանա՞կը։

Ի՜նչ փոյթ։ Պատերազմ ը չի դադրիր փառք մը ըլլալէ։

* * *

Գիտեմ որ սա վերլուծումները չհասան յստակ եզրակացութիւններու։ Պատճառները վեր են ինձմէ։ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐը թելադրող զդայնութիւնը տակաւին չէ դադրած ինքիրմէ։ Ըսել կուզեմ՝ իր բոլոր մեղքերուն հակառակ, իմ սերունդը սիրեց այդ ձեւ քերթողութիւն մը ու իր դատապարտութեան վճիռը ուրիշներու կը ձգէ խմբագրել։ Մ. Պէշիկթաշլեան մը դատելուն չի նմանիր ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐը արժեւորել։ Դեռ Սրբազանին ձայնը կապրի իմ մէջ։ Միւս կողմէն նոյնքան յստակ գիտեմ որ նոր օրերու, յետ–պատերազմեան օրերու (թէեւ ահա երկրորդ մեծ պատերազմ մը հիմնովին յեղաշըրջելու վրայ է մեր աշխարհահայեացքը) քերթողական ճաշակը հիմնովին անհաղորդ, չըսելու համար թշնամական է այն մտահոգու/167/թեանց, ախորժանքներուն որոնք երկու դարերը կամրջող սերունդինը եղած էին։

Դուրեան Սրբազան կուռք մըն էր 1900ին, ճիշդ՝ ինչպէս եղած էին ատիկա 1860ին Ալիշան, 1880ին՝ Խրիմեան, որոնք կը պատկանէին իրենց շրջաններուն բացառիկ հարազատութեամբ մը, ու կարդարացնէին իրենց միթերը։ Առաջինին անձը, աներեւոյթ, զերծ ապրեցաւ տպումին, շփումին սպառիչ աւերէն ու գործը օգտուեցաւ այս հանգամանքէն։ Երկրորդը դրօշակ մըն էր, հզօր զգայնութեան մը կենդանի խորհրդանշանը։ Անոնք որ կու լային Խրիմեան Հայրիկի քարոզները լսած ատեն, կու լային այդ մարդուն ետին իրենց դրած անհուն ողբերգութեան հաշւոյն, որ այս անգամ՝ հազարաւոր Խրիմեաններ կը համաձուլէր։ Դուրեան Սրբազանին պարագան տարբեր է այս երկու կուռքերուն ճակատագրէն։ Սրբազանին անձն էր աղբիւրը զինքը փաթթող պաշտամունքին, հիացման, եւ ոչ թէ գործը, որուն ազգային-քաղաքական երեսը կտոր-կտոր ըրին մեր իմաստուն փոլիթիկոսները եւ որուն գրական երեսը քիչերու մատչելի՝ շիջաւ ամբոխին։ Քառորդ դար է անձեր այդ տագնապներէն, այդ ճաշակներէն, իմաստութենէն։ Սրբազանին անձը այլեւս չի պաշտպաներ իր գործը, որ մինակ է հիմա, պատրաստ՝ դիմաւորելու իր վճիռը։

 

Քառորդ դար առաջ խորունկ հաճոյք էր ինծի ընթերցումը ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին։ Ըսի մէկ քանի զսպանակները այդ հաճոյքին։ Կ՚աւելցնեմ ուրիշներ։ Ինծի կու գայ, թէ մեր ոտանաւորին 1900ի անարիւնութիւնը, գռեհիկ իրապաշտութիւնը, տափակ պատմումը կամ ծեքծեքուն, նրբամոլ, ոսին թեքնիքը զօրաւոր ազդակներ էին զզուանքի ու զիս ըրին զիջող ոտանաւորի մը դէմ, որ զերծ էր այդ մահացու մեղքերէն։ Յետոյ, դեռ ինքզինքը չէր գտած Վ. Թէքէեանի իմացապաշտ քերթողութիւնը, ոչ ալ՝ Վարուժանի նորոգեալ ռոմանթիզմը ճարած իր բարձր մարդկայնականութիւնը։ Սիպիլի դեղնախտաւոր նրբութեան դէմ Դուրեան Սրբազանի բերածը արժէք էր ս նորութիւն։ Իր աշխարհին իսկ հեռաւորութիւնը, միթային նկարագիրը մեզի կը խնայէին փուճ, սնոտի, թանձր, մարմնապաշտ ախորժակները 1900–1908ի մարդոց։ Դիւրին փառքին հանդէպ իր պարկեշտ արհամարհանքը՝ ուրիշ արժանիք։ Իր հմտութիւնը՝ ապահովութիւն։ Դիտեցիք թերեւս, որ այդ հանգամանքներուն մէկ կարեւոր մասը գործի մը հիմնատարրերը չեն կազմեր, նոյնիսկ դուրս ալ կրնան ըլլալ անկէ ու կ՚ապրին անձին հետ ու մէջ, որուն /168/ դադարովը ինքնաբերաբար պիտի դադրէին իրենք ալ։ Տարբեր չէ պարագան։ Այսօր անձը յօրինող շքեղ տուրքերը լռած են բոլորովին։ Ու հինգ հարիւր էջերու թշուառ հաւաքածոյ մը պաշտօն ունի կենդանի գեղեցկութիւնը անոր անձին վերստեղծելու մեր մէջ, երբ կը խորտինք իրեն, քերթուածներուն միջոցով։

Ահա թէ ինչո՛ւ դժուարութեան մէջ կը զգամ ինքզինքս, ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին տեղը ճշդելու Արեւմտահայ բանաստեղծութեան մէջ, այն ապահովութեամբ, որով կրնանք ընել նման արդարութիւն մը մեր մեծ քերթողներուն։ Նման հարց մը գոյութիւն չունի ո՛չ Դուրեանին, ո՛չ Վարուժանին, ո՛չ Մեծարենցին, ոչ ալ Թէքէեանին համար։ Այս անուններէն վերջ, տուէք մտովի նաեւ անունը Եղիշէ Դուրեանին։ Անմիջական է վարանքը։

Ու ահա հարցումներ, իրարմէ խռովիչ։

Այդ հատորով մեր ժողովուրդին ո՞ր զգայնութիւնները մարմին դարձան. Մեր Յիսուսը, կրօնական լայն ապրումները, մեր եկեղեցին, մեր բարոյական ըմբռնողութիւնը, մեր երկինքը կարճ՝ մեր պատմութիւնը լեցնող ամենէն հզօր զգացումը, մեր դարաւոր փորձառութեան արեան, բարութեան, առաքինութեան մեր խորհուրդը ինկա՞ն տարազի։

Մեր իմացականութեան ո՛ր շնորհները, մեր միտքին ուր մասնայատուկ կողմերը, մեր երեւակայութեան ուր խոյանքները իրենք զիրենք իրագործեցին։

Մեր արուեստին ո՛ր խորունկ, թաքուն ուժերը խօսեցան անոր մէջէն, որոնք դարէ դար զգեստ կ՚առնեն ու կը յօրինեն ինչ որ մեր ոճը կը կոչենք։

Այդ հատորին պակասը պիտի ըլլա՞ր իրական զրկանք մը Արեւմտահայ քերթողութեան համար։

Ինչպէս կը տեսնէք, իւրաքանչիւրը այս հարցերէն դուռ է նոր ու խոր վերլուծումներու։ Կը զգուշանամ այդ դռները բանալէ, վախին մէջը ժխտական արդիւնքի մը։ Մշակն ու իր վարձքը պատուհաս մըն է ու վարձատրութիւն մը նոյն ատեն։ Թորգոմ Սրբազանի դիրքը, «ԴՈՒՐԵԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ», ջատագովական մը։ Այս տողերը կը կազմեն միջին մը։ Կը յիշեմ, մէկ երկու տարի յունարէն թարգմանութեան մէջ Դուրեան Սրբազանի քերթուածներէն ոմանց ստեղծած հետաքրքրութիւնը։ Ասիկա կարեւոր երեւոյթ մըն է։ Բացառիկ տաղանդի մը փառքը չի հերքուիր այս վարկին ետեւ։ Այդ թարգմանութեանց մէջ որ չափով մաքրուած է Սրբազանին ձեւի եւ իմաստի բարակ մանելու հեշտանքը, ձայնական հաճոյքներու ի խնդիր իր /169/ թեքնիքին ապշեցուցիչ ճարտարութիւնը։ Գաղտնիք։ Միւս կողմէն թերեւս չէք ալ անդ իտանար որ այս ամէնը անթարգմանելի առաքինութիւնը կազմ են ամէն ոտանաւորի. անոր ոճը, գոյնը, անփոխադրելի ոգին, հոգին։ Ի՞նչն է անցած յունարէնի այդ քերթուածներէն։ Հաւանաբար՝ պատկեր, մտածում, մտայնութիւն, որոշ չափով ոգեղէն տարր, իմաստի բարեխառնութիւն։ Հաւանաբար իր իւմանիզմին համն ու հոտը։ Բայց այս ամէնը արդէն պայծառ էին իմ վերլուծումին մէջ, բայց այս ամէնը անբաւական էին, են քերթողի մը գործը ազատուելու նախ՝ իր ժամանակէն, յետոյ՝ ապառնիէն։

Վերջացնելու համար սա դժնդակ գլուխը։

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը դիւան մըն է որ չի կրնար իրեն տեղ մը ճարել մեր վաւերական քերթողներուն գործին կողքին։ Անոր մէջէն մեզի խօսողը, այսօր, ճիշտ ու ճիշտ այն տրտում, տարտամ, անվճռական ձայնն է որ մեր գրականութեան այդ շրջանը (1900—1908) մեզմէ այնքան հեռու ըրաւ։ 1905ին Մեծարենցի, Չրաքեանի, Զ. Եսայեանի տաղանդները այդ ժամանակին իրենց զեղծումի ճիգին մէջ փորձեցին իրագործել իրենք զիրենք։ Եղիշէ Դուրեան չպատկանեցաւ իր նիւթովը այդ շրջանին անշուշտ։ Բայց իր ձեւը ենթակայ էր լրագրական նրբութեանց։ Ու չգրեց անիկա ոչ ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ, ոչ՝ ՆՈՐ ՏԱՂԵՐը, ոչ ալ ՀՐԱՇԱԼԻ ՅԱՐՈՒԹԻՒ՛Նը, որոնք իրենցմէ վերջ ալ կը շարունակեն խօսիլ մեզի։ Յետոյ այդ օրերուն կը զուգադիպին դարձեալ ԾՓԱՆՔՆԵՐը . Որբերեան), ՑՈԼՔԵՐը . Սիպիլ), ՔԵՐԹՈՒԱԾՆԵՐը (Արշակ Չօպանեան), ասոնք ալ վկայութիւններ, անշուշտ, որոնք սակայն կրնային պակսիլ, առանց վտանգելու Արեւմտահայ քնարերգութեան ընդհանուր իմաստը, դաշնակութիւնը։ Տխուրը հոն է որ Սէթեանի ՅՈՒԶՄԱՆ ԺԱՄԵՐը իր բոլոր մեղքերովը՝ կանխող սերունդին ճանաչումին մէջ դեր մը ունի։ ԼՔՈՒԱԾ ՔՆԱՐը . Յարութիւնեան) զուրկ է այդ տժգոյն ալ բախտէն։

ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը առաջին դիւաններուն հետ չի բաղդատուիր, թերեւս իր աշխարհին անայժմ էութեամբ։ Բայց վեր է երկրորդ խումբին անիմաստ փառքերէն։

Կամուրջի գիրք մը։



[1]     1909ին «ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳ» անունով անիկա հրատարակած էր քերթուածներու այն խումբը որ վճռեց ընդմիշտ անոր բանաստեղծութեան նկարագիրը։ Այժմու հատորը, «ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐ», անտեղի nրքան խնդրական տիտղոսովը կը համախմբէ ինչ որ իբրեւ չափաբերուած բան, թարգմանածոյ թէ ինքնագիր, աշխարհաբար թէ գրաբար, ելեր էր Սրբազանին գրիչէն։ Ստոյգը ան է որ մշակուած նիւթերուն աղերսը, գէթ ընդհանրապէս, տարտամ է շատ Սրբազան բանաստեղծութեան յղացքին հետ: «ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳԸ» Դուրեան Սրբազանի բանաստեղծական վաստակին աւանդատունն է, եթէ կը ներուի նման բացատրութիւն մը: «ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐԸ» մակազէն մը :

[2]     Չշփոթել այս բառը ուրիշի մը հետ որ բանաստեղծական շարժում մը կը պիտակէ 1880էն մինչեւ 900, ֆրանսական ոտանաւորին պատմութեան մէջ: Դասական սեմպոլիզմը արուեստի ամէն այն գործերը ունի նկատի ուր տրուած խորհրդանշան մը բարոյական յատկանիշ յատակ կը ծառայէ քնարական պատմումին։ Վինեւիէի ՁԻԹԵՆԵԱՑ ԼԵՌԸ, ՄՈՎՍԷՍԸ, Հիւկոյի՝ ԴՈԴՈՇԸ նմոյշներ են այս կարգէ սեմպոլիզմի մը։

[3]     Դուրեան Սրբազանի թարգմանութիւնները իբր տող անյաջող են երբ կը բաղդատուին իր ինքնագիր ոտանաւորին ընդհանուր կշռոյթին։ Այս իրողութիւնը քիչ անդին պիտի իյնայ քննութեան։ Այս նոթին մէջ զիս կը զբաղեցնեն նիւթերը, հեղինակները, դպրոցները, դարերը, որոնցմէ առնուած են անոնք։ Ամենէն առատ ու լայն փոխադրումները կատարած է անիկա ֆրանսական ռոմանթիզմէն (Հիւկօ եւ Լամարթին) որ 1880ին տիրական ոգի է մեր մէջ: Ամենէն արժանաւոր ռոմանթիքին (Ալֆրէտ տը Վինչի) պակասը այն փոխադրութեանց մէջ ուշագրաւ է անշուշտ: Երկրորդաբար առատ են Լըքոնթ տը Լիլ, Քոփէ ու Վեռհառն։ Այսինքն՝ ֆրանսական բանաստեղծութեան երեք կարեւոր դպրոցները: Ընտրողական (éclectigue) սա ճաշակը ազատելու համար դատապարտիքէ, կը դիմեմ դարձեալ իր իւմանիստ ախորժակներուն։ Ինծի կու գայ թէ այդ թարգմանութեան մեծ մասը դասական նպատակներու կը սպասարկեն եւ ոչ թէ բանաստեղծական խոր, խուլ եռանդին, որով ստինքի մը համար Պոտլեռ պիտի թարգմանէ Էտկար Ալան Բօն։ Իբր այդ, անոնք չեն պատկանիր Դուրեանի քերթողական վաստակին, այլ ուսուցչի ճաշակները կը փաստին։ Երկու խօսք ալ Շնորհալիէն իր ըրած փոխադրումներուն վրայ։ Այսօր անըմբռնելի է տկարութիւնը որուն զոհ է գացած Եղիշէ Դուրեան, ներելով իրեն տղայական փառասիրութիւնը Շնորհալին մեր օրերու աշխարհաբարին փոխադրելու: Բոլորովին անգոյ է ինծի համար քննադատութիւնը որուն ենթարկուեցաւ անիկա գրաբարի ախոյեաններէն։ Բայց աններելի մեղք մըն է իր մտածումը, ինքն իր մէջ, Շնորհալի թարգմանելու։ ՉԷ՞ր զգար թէ ինչ ծիծաղելի կաղապարներու կը թափէր դարերով նուիրականացած զգայութիւններ (զի ամէն աղօթք, որ անձ է մը ելլելով ուրիշներուն մէջ կը տեղաւորուի, զգացում մըն է) այդպէս այլանդակ, այդպէս անճանաչելի ընելու համար մեր աչքերէն արցունք բերող տողերը։ «ՌԱԲԲԻ ԿՈՉՈՒԵՑԱՑ», «ԱՅԼ ՎԱՐՔՍ Է ՌԱՄԻԿ», «ԱՆՈՒՆՍ Է ՌԱԿԱՅ», երրեակը ո՞ր ժողովուրդին կը պատկանի արդեօք։ Եղերական է այս անհասկացողութիւնը «քերթողականէն» մէկու մը մօտ որ մեր ոտանաւորին վրայ ձայնական գերագոյն նուաճումներ իրագործեց։

[4]     Սրինգին են ուղղուած այս տողերը։

[5]     Արեւմտահայ քերթողութեան մեծ մեղքերէն մէկն ալ թարգմանութիւնն է։ Մեր քերթողները գրեթէ կ՚անգիտանան եղերական օրէնքը որ հոմանիշ է մահուան, բանաստեղծութեան մէջ։ Վէպ մը, թատերական գործ մը նուազագոյն տոյժով կը դիմաւորեն այս փոխադրութիւնը։ Արձակը մտած ման լեզուն է ու մեր մտածումները մեր մէջ ամէնէն քիչ անձնական տարրերն են։ Ոտանաւորը մեր զգայնութեան լեզուն է։ Ու մենք մեր զգայնութեամբ միայն կը տարբերինք, զմեզ Կ'ըլլանք։ Ամէն ոտանաւոր որ կը փոխուի ուրիշ լեզուի, իր կմախքը միայն կրնայ փոխադրած ըլլալ։ Արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը իր ընդօրինակած կաղապարներուն մէջ գտաւ կմախքներ։ Ահա թե ինչու թարգմանութիւնները միշտ գէշ ազդակներ են։ Դուրեան Սրբազանի թարգմանութիւնները կը պատկանին երկու հազար տարիներու ճաշակներուն։ Անոնցմէ որոշ թիւ մը կու գայ դասականներէն (Մարգիաղէս–Պուալօ—Վոլթէռ), չես գիտեր՝ ինչ ախորժակներու հպատակ։ Ստուար մեծամասնութիւնը սակայն մեզի կը թելադրէ ժամանակագրական շրջանփոխութիւնը անոր քերթողական ճաշակին: Հիւկօ, Լամարթին, անշուշտ պատանութեան եւ երիտասարդութեան առաջին ռոմանթիզմը կը զօրացնեն թարգմանիչին հոգին, հաշտ ու իրաւ, նոյն ատեն կը պատմեն արեւմտահայ քնարերգութեան մէջ ռոմանթիզմի նուազումը։ Լըքոնթ տը Լիլ, Քոփէ, հաւանաբար գրած են անոր առաջին չափահասութիւնը, մինչեւ 1900, ու կը պատմել մեր քնարերգո իրապաշտ բանաստեղծութեան մը կասկածելի համբաւը: Վերհարն, Սամէն՝ կը խօսին աւելի ուշ ճաշակներէ, երբ մեր քնարերգութիւնը արդէն ընդգրկված է Մեծարենցով, Թէքէեանով, սեմպոլիստ հանգանակներ։ Երկրորդական են այն անունները որոնք այդ թարգմանութիւնները տուին, ոչ իբր արժէք, այլ իբր յատկութիւն։ Փոլ Տերուլետէ մը քերթուած մը հայացնել կը նշանակէ ոչ թէ ծառայել հայ բանաստեղծութեան, այլ քմահաճոյք մը գոհացնել։ Նիւթի սա ընտրութիւնը անշուշտ հեռաւոր նպատակներ կենթադրէ, բայց զուրկ է գրական ձգտումէ։ Սիպիլ, իր քերականութիւններուն համար ոտանաւորներ երբ կը հայացնէր, նկատի ունէր միայն մանկավարժական անոնց տարողութիւնը եւ լեզուն, հայերէնը։ Չօպանեան աւելի բարձր ծրագիրով մը ըրաւ նոյն աշխատանքը։ Անոր փառասիրութիւնը պիտի ըլլար գրական ճաշակի մը գոյաւորումն ու աճումը մեր մէջ։ Դուրեան Սրբազան երկուքին ալ կը սպասարկէ իր կարծիքով ու հաւասարապէս կը վրիպի։ Բոլոր այդ թարգմանութիւնները ձախող են, վճռական ու անդարձ կերպով մը։ Չեմ ծանրանար պատճառներու արտահանման։ Դուրեան Սրբազան ներշնչման, ինքնազեկման բանաստեղծ մը չէ։ Իր յաջողակ քերթուած նիրը անիկա պարտական է ամենէն աւելի ձայնական ամենանուրբ զգայութ եանց որոնք անոր ոտանաւորը կընեն նորակերպ նուագ մը։ Հասկանալի է որ այդ առիթը զլացուէր իրեն օտար բնագրի մը առջեւ ու բռնութիւնը կայ բառին, մտածում են, պատկերին։ Ու տեղի է ունեցած անխուսափելին. բնագիր մը փոխադրելու մի քինական, չըսելու համար անփառունակ բռնավաստակը որ միշտ գէշ կը վարձատրէ։ Յետոյ չմոռնալ հիմնականը: այդ թարգմանութիւնները, գրեթէ բոլորն ալ, դպրոցական նպատակներու կը ծառայեն։ Անիկա իր աշակերտները քաջալերելու համար չէր խնայեր իրեն այդ տարապարhակն ալ։ Խօսեցայ քիչ առաջ Շնորհալիէն իր փոխադրումներուն արժէ քէն: ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին գրաբար թարգմանութիւնները ժամանակավրէպ խաղեր են, անարժան որեւէ լուրջ մարդու։

[6]     Կ'ըսեմ ու նորէն կ՚ըսեմ. մեծատաղանդ, ինքնատիպ արուեստագէտը դուրս է իր ժամանակէն։ Միջակութիւնը, սովորականութիւնը կը կազմել մեր կեանքի միջինը ու իբր այդ կարելի հարազատութեամբ կը պատկերել իրենց շըրջապատը։ Վարկածը ճիշդ է մեր ռոմանթի քներուն համար, որոնց գործին ազնը— լագոյն մասը կը պատկանի նաեւ մեր օրերուն։ Մինչ անոր այն ատեն շահեկան, երգուած, փառաբանուած մասը այժմու մեր ճաշակը կը վիրաւորէ։ Պէշիկթաշլեանի ընտանի քնարերգութիւնը, Դուրեանի թատրոնները կազմեցին այս անուններուն փառքը։ Ու այս մարդոց վաւերական աշխարհը, մէկուն տաղերը (գրաբար), միւսին քնարական մանր կտորները մատչելի էին քիչերու միայն։ 1870ը աւելի իրաւ կերպով մեզի կ՚ըլլայ հասկնալի ազգային երգերու հաւաքածոներու մէջ։ Պէշիկթաշլեանի տաղերուն խռովքը (գրաբար սիրայինները կ ակնարկեմ) իր ժամանակի միջակէն վեր ընթերցողին իսկ լեզուական դաշնակութիւն մըն էր աւելի քան մարդկայնական խոր յուզումը որ այդ երիտասարդին ներքին ապրումներուն ծորումը կը բերէ իր տողին։ Դուրեանէն մարդիկ հիացան իր բեմադրած խաղերուն վրայ առանց հասկանալու թէ որքան մեծ բանաստեղծի մը հետ էին ապրեր։ Բայց եղերական այդ մարդերը չեն որ կը կազմէին մեր հասարակութիւնը այդ օրերուն եւ կար անդին մտաւորական ամբոխը։ Ու ասիկա կ՚ուզէր իր սնունդը. այսինքB՝ գրական սնոտիքը, առօրեայ երգը, հանդիսայինը, ընտանին, քրոնիկը, բարոյախօսականը, մաղթականը, տխրականը, տօնականը, նկարագրականը, հայրենասիրականը, վարդապետականը, աստուածաբանականը, դիւցազնականը, բնազդականը, գրքունակը, հոսհոսայինը, յիշելու համար քանի մը գիծ էր։ Դուք այս ամէնը պիտի գտնէք օրուան մեծ փառ քերուն (Ալիշան, Նար—Պէյ) մօտ, առաւելազանց նաեւ որոշ չափով Պէշիկթաշլեանի եւ նոյնիսկ Պ. Դուրեանի մօտ։ Եղիշէ Դուրեանի ՆԱՅԻՆԻ ՊԱՏԱՆԻՆ ողջունուեցաւ հիացումով, պատրելու այս տիճան հեղինակը ու ասկէ վերջ՝ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին հրատարակիչը որ երկիւղած յարգանքի հարկ մը միայն չէր կատարեր երբ կը խմբէր իր վարդապետին փշրանքները, այլ կը հաւատար թէ կը ծառայէր հայ գրականութեան։ Թերեւս դուք կ՚անգիտանաք թէ մեր քնարերգութեան մէջ հանրահռչակ քերթուածներ էին ԽԱՉ ՕԳՆԵԱ ԻՆՁը որմէ քանի մը տուն մնացած է միտքս առանց հեղինակի անուան, ՀԱՅ ԱՊՐԻՄՔը զոր 1930ին Թորգոմ Սրբազան կը պահանջէր գրական հանդէսներու մէջ, ՏԷՐ ԿԵՑՈն որ երգ է այսօր, ԱՐԻՔ ՀԱՅԿԱԶՈՒՆՔը, զոր, հակառակ մեր բուռն փափաքին, չենք կրնար վտարել մեր յիշողութենէն։ Այս վերնագիրներուն ներքեւ կէս դար առաջ ինչ խորունկ յուզումներ կ՚ապրէին։ Այսօ՞ր: Ու աւելին։ Չեմ կրնար Արեւմտահայ բանաստեղծութեան վրայ սա նշմարներուն մէջ գործել սրբապղծութիւնը անունը տալու այլապէս թշուառ փառքերու։ 1890ին հայոց մեծագոյն բանաստեղծը յանգերու հրեայ մըն է որ չի վախնար նոյնիսկ… Աստուծմէ։ Այս նոթերու միտք բանի՞ն։ Այն շատ պարզ իրողութիւնը որուն համեմատ բանաստեղծի մը վարկը, համբաւը երբեմն խոտոր կը համեմատին անոր մեզի ձգած հրիտակի արժէքին։ Մի դպիք միջակութիւններուն։ Անոնք ալ արժանի են սա արեւին։ Ու մանաւանդ անհանգիստ մի ընէք մեռելները։

[7]     Որոնք գործերու տիտղոսներ ըլլալէ աւելի ճաշակներ, մտայնութեանց տեսակներ էին եւ ազգային երգարաններու հետ կը կազմէին մեր իմացականութիւնը:

[8]     Սրբազանին արձակն ալ անմասն չէր ընդհանուր տագնապէն։ 1900ի ՄԱՍԻՍին անոր Ա. Բ. Գ. ի դասը հիացական ընդունելութեան արժանացաւ: Հիմա կը դատեմ որ այդ զգացումը ձրի զիջում մը չէր մեր հրապարակէն, խեղճուկ կտորի մը վրայ, թշուառ պատրանքի մը։ Հասարակաց զգացումներուն կը խօսէր այդ էջը։ Եւ ունէր անոր դատապարտութիւնը։

[9]     Քերթողական զգայնութեան դէմ անոնց կեցուածքը բացառիկ է։ Անոնց համար բանաստեղծութիւնը կը պահէ իր նախնականութիւնը, հաղորդականութիւնը, զգացումներու սպասարկու իր յաւիտենական դերը։ Չունիմ առարկութիւն պայմանաւ որ այս յատկանիշները չվերածուին իրենց շատ մօտիկ ուրիշ Խեղճութիւններու, այս անգամ` հասարակութիւն, մելոտրամ, աժան արցունք, որոնք դարձեալ ոտանաւորի ձեւ կրնան հագնիլ, ինչպէս է պարագան Աւետիք Իսահակեանի ժողովրդական մոթիֆներով ու կշռոյթով յօրինեալ յաւակնոտ ոտանաւորներուն։ Մեծ բանաստեղծ մը ըլլալու հարկ չկայ զանազանելու համար սա երկու տողերուն անհուն տարբերութիւնը։

      Աշխարհս աշխարհով կշտացաւ, ես քեզանից սով աչքի լուս . Նովա)։

        Հոնքուր հոնքուր կուլամ ես (Իսահակեան)։

      Երկուքն ալ իբրեւ բառ կը պատկանին նոյն մտային վիճակին, բայց իբրեւ զգացում անդունդներով բաժնուած են իրարմէ։ Հասկանալի է որ մեր օրերուն մարդիկ զառածին ու յոգնին իրար կեղծէն զատելու աշխատանքի մը համար իսկ ու ելլին դատապարտեն Արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը անոր մէջ չգտնելնուն այդ հէ օնքիւր հէ օնքիւր արցունքները իբրեւ արուեստ։

[10]   Առանձին հարց է մտածում-զգացում քիչ մը բռնի դրուած տարազը վերլուծել, անկէ ստանալու համար երբեմն հակասական արդիւն քներ, քանի որ տարազը հասկնալու կեցուածքը կը ճշդէ եզրերուն տարողութիւնը։ Իրողութիւն է անշուշտ որ քնարական տարրը գրեթե միշտ միս մինակը պիտի բաւէ բանաստեղծի մը գործը սնուցանելու եւ պաշտպանելու անոր վարկը: Յիշեցէք սա տողերուն հետ մեր ամենէն շքեղ բանաստեղծները։ Գրեթէ պիտի զարմանաք որ չըլլաք մտածած այդ մարդոց իմացական արտակարգ աղքատութեան, բոպիկութեան։ Բայց մի օր Վիք։ Այդ մարդերը իմաստասէրներ չէին ծնած։ Ու ճշմարիտ բանաստեղծութիւնը, Հոմերոսէն մինչեւ Լամարթին` ուրիշ աղբիւր չունեցաւ զինքը լիացնող։ Այս մասին ամէն առարկութիւն կը մնայ անընդունելի։ Եւ սակայն մեր օրերուն քերթուած մը կրնա՞յ արհամարհել իմաստը թելադրելու բաղձանքը, իմաստի բարեխառնութիւն մը։ Չեմ երթար առաջ, իմաստ բառին տակ դրուածին մասնաւորումը ուրանալու, թէ եւ ատոր իրաւունքը կու տան ինծի դարձեալ բազմահռչակ հատորներ: Մի վախնաք դժուարակնճիռ լեզուէն որով գրուած Են Մաղթունին, Բնունին, Տէրունին, Տխրունին, բոլորն ալ եկեղեցական բանաստեղծի մը մտածում—զգացումները կերպադրող դիւաններ: Ու ըսէք ինծի թէ ա՞յդ է մտածում յղացքին հետ զուգորդ իմացական գործունէութիւնը։ Միւս կողմէն, չէք կրնար ուրանալ, մեր լեզուին ամենէն փափուկ, անկեղծ, իրաւ քերթուածները ստորագրուած են զուտ քնարական խառնուածքներէ։ Գիտէ՞ք տող մը Պետրոս Դուրեանէն որ մնար կառչած ձեր ուղեղին։ Բայց կրնա՞ք մոռնալ այդ տղուն յիմարագոյն պատկերներն իսկ, տղայական նմանութիւնները։ Ի՞նչ մտածում է ան որ Պէշիկթաշլեանի սիրային մազերը կ՚ընէ այնքան տարօրինակ, հակառակ քաւութեան նոխազ գրաբարին ալ դաւադրութեան։ Չկայ ատանկ բան մը։ Միւս կողմէն իրականութիւն է դարձեալ որ մեր լեզուին քանի մը խոր, իրաւ, անկեղծ քերթուածները ըլլան գրուած ուղեղային–իմացապաշտ խառնուածքներէ։ Դուրեան–Թէքէեան զիրար չեն հերքեր: Այս նոթերուն լոյսին մէջ, ի հարկ է դժուար է Եղիշէ Դուրեանին համար ապահովել վճռական դիմանկար մը։ Սրբազանին դժբախտութիւնը իրմէ վեր էր հաւանաբար: Անոր թեքնիքը մօտէն ունի կապեր ԲՈՅԼ ՄԸ ՆԱՅՈՒԱԾՔի բա– նաստեղծին հետ։ Անոր ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը մասնաւորապէս ու ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐԸ ընդհանրապէս իմացական բարեխառնութեամբ մը պաշտպանուած են։ Եղիշէ Դուրեան, առանց իր ուզելուն, փորձած է երկու կերպերը միաձուլել։ Չեմ առարկեր որ ատիկա ըլլայ մեր ուժերէն վեր ցանկութիւն։ Ունիմ հոյլ մը քերթողներ որոնց մօտ մտածումը չէ վնասած քնարականին։ (Նիցչէ, Սիւլլի Փրիւտոմ, Քլոտէլ, Վալերի) յիշելու համար նորագոյն քանի մը անուններ: Եղիշէ Դուրեան խառնուածքի անբաւականութեամբ է որ կը տառապլի։ Թէքէեանին մօտ քնարականին հիհարութիւնը գրեթէ բարիք մըն է, ինչպէս սուր յորդութիւնը ուրիշ բարիք մը Պետրոս Դուրեանին մօտ: Ու ըլլալու համար կարճ՝ կը գոհանամ ընդունելով ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐը իբր իմաստի բարեխառնութեան դիւան մը։ անկախաբար հոն նուաճուած իմաստին intrinsèque արժէքէն (որ չի յիշեցնէր սակայն ՆՈՒԱԳներուն հասարակ–տեղիք բարոյախօսութիւնը)։

[11]   Կարծր (rigide) տողը ուր ձայնական շաչիւնները կը գրաւեն միտքը, ինքնին տագնապ մըն է երբ նկատի ունենանք մեր ոտանաւորին ընդհանրական ճկունութիւնը, օրօրուն ծփանքները։ Այդ կարծրութիւնը անգամ մըն ալ կը խստանայ, ի խնդիր յանգի՝ բառարաննե րէն մարուած անգործածական բառերու ճարտար ագուցուած քով մը։ Աւելցուցէք ածականներու յորդութիւնը, թարմատարին բեռը, պատկերները փոխելով տուները իբրեւ խորք նոյնը պահելու կերպ դարձած քմայքը (զոր կը ներէ իրեն քանի որ ինքզինքը զերծ կը կարծէ տաղաչափական նուազումներէ, մանաւանդ յանգի հանդէպ շատ ուղղափառ իր կեցուած քը արժեւորելով աւելի անդին քան կ՚արտօնուէր), մտածումին չնորոգուիլը ծածկելու համար պատկերներու զեղծագին շահագործումը, մինչեւ որ աչքը յոգնի, Դուրեան Սրբազանի քերթուածները կը վիրաւորեն շատ յաճախ: Ըրեր եմ բաւական արտագրում, այս դատապարտութիւնը լուսաւորող եւ կը ղրկեմ ընթերցողը ամենէն թեքնիք ոտանաւորին, ՄԻ ՄԵՐՁԵՆԱՐ ՅԻՍ, հոն հաստատելու համար նաեւ ոգեղէն ալ նուազումներ, որոնք իմ կարծիքով աւելի կը վտանգեն Դուրեան Սրբազանի բանաստեղծական դիրքը։ Այդպէ՞ս էր խօսելու քեղ քին համար ինքզինքը զոհող Մարդ–Աստուածը պերճ մեղաւորին համար որ Մագթաղինացին էր։ Սրբազանը աղիճ մը նկարագրելու պատեհութեան մը վերածած է Աւետարանին ամենէն խռովիչ դրուագներէն մէկը: Ու տեսակ մը յետադարձ ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ կը գրէ երբ այնքան խռովիչ շեշտեր կը գտնէ պերճաղիճ մը ներփողելու, կ՚արտագրեմ

      Զըմուռսի Հոտ մը կը կաթէ մատներէդ,

      Ու ծուփ տալով բարակաման հանդերձի՝

      Այծեամ ի վա՛զք մը կը լըծես քայլիդ հետ.

      Մի մօտենար դու ինձի։

      Դեռ երկրաւոր անուշութի՛ւնը մեղրին

      Յամառօրէն շուրթերուդ քով կը յածի,

      Որք հեշտանքի հրպումներէն կը թմրին.

      Մի մօտենար դու ինձի։

      Տես գիշերի ռաղն է թըրջեր հերքդ ազատ

      Ու խնկաբեր թուփերուն մէջ խաւարծի

      Մանրագորով դեռ կ՚ըզգըլխիս սըրտական,

      Մի մօտենար դու ինծի։

 

      Այգեստանին մէջ դեռ կ՚ուզես արթըննալ՝

      Որ լանջքդ որթի ողկոյզներուն հետ մըրցէ,

      Դեռ փըրփուրով կ՚ուզես գինին ու կաթն ալ։  

      Մի մօտենար դու ինծի։

 

      Պարանոցիդ այդ գոհարներն շափիւղայ

      Կը խըռովեն դեռ կուրծքըդ ով Սոմնացի

      Մեղքի նայուածքն անոնց մէջէն կը պըսպղայ։

      Մի մօտենար դու ինձի։

 

      Շքեղ այս նկարագրականը իբրեւ մարմնեղէն տարր մեզ կը տպաւորէ անշուշտ։ Բայց զետեղեցէք զայն իր ոլորտին մէջ ու պիտի զգաք թէ ուրիշ լեզուի կարօտ էր մեղաւորը։ Քերթուածին երկրորդ մասը որ իբր թէ այդ ուրիշ լեզուն պիտի տար 1880ի աժան նկարագրութիւնն է բնութեան։ 8օղ, վայր, սիւք, աղօթք, ճաճանչ, կապոյտ, թռիչ, համբոյր, ժպիտ, բոյր, պատմուճան, կաթիլ, սիրո կրակ, սիրոյ փոթորիկ, մարգարիտ, ոսկի, արծաթ, ահա բառեր որոնք մեր քերթուածները կը լեցնեն Եղիշէ Դուրեանէն մինչեւ Սիպիլ։ Ու ասոնց հանդէպ զիջում մը ոգեղէն նուազում մըն է։