Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՄԱՐԴԸ

Գրականութեանց պատմութիւնը երբեմն կ՚ընէ շեղումներ, կանգ առնելու համար աւելի քան անհրաժեշտ մարդոց առջեւ որոնցմէ ազգային հարստութեան ինկած ժառանգը ճիղճ է յաճախ, չըսելու համար անկշիռ, բայց որոնց դերը ուրիշներու գործին կազմաւորման ու զորացման մէջ հսկայ։ Այսպէս է որ իր ԱՐՈՒԵՍՏ ՔԵՐ/42/ԹՈՂՈՒԹԵԱՆ եւ ՍԱԴԻՐՆԵՐ տափակուկ, տաղաչափուած քննադատութեանց աւելի քան այսօր անկշիռ մթերքին հակառակ, Պուալօ մեծ անուն մըն է ֆրանսական գրականութեան մէջ։ Կ. Լանսոն անոր նուիրած է էջեր, որոնք իբր ծաւալ առնուազն հաւասար կու գան Ռասինի եւ Փասգալի վրայ իր գլուխներուն։ Իմա՞ստը այս անբնականութեան (քանի որ պարզ է թէ Ռասինի եւ Փասգալ այսօր ալ ընթերցումի անմահ աղբիւրներ են)։— Ա՛ն, թէ մարդերու դերն ալ երբեմն արժանի կ՚ընէ զիրենք իրենց գործին, լայնօրէն հակակշռելով ասոր անբաւարարութիւնը, թէկուզ վրիպանքը։

Ըրի այս դիտողութիւնը, վասնզի կը մտածեմ թէ կանխող դարու վերջին եւ սկսողին առաջին քառորդները չունին անուն մը որ, այդ տեսակէտով, իբր ուղղութիւն ու պատգամ, իբրեւ խորհուրդ ու թելադրանք ըլլար ազդած մարդոց խումբի մը վրայ, կազմակերպութենէ մը ներս ու ձգած մեզի լայն արդիւնքներ։ ԱՐՄԱՇԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ իբրեւ իմաստ, իբրեւ գործունէութեան պատգամ ընդարձակ ու գեղեցիկ շարժում մըն է (տեսնել մանրամասն վերլուծումը Թորգոմ Գուշակեանի նուիրուած գլուխին մէջ, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ, ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ՍԵՐՈՒՆԴ) եւ անոր մղիչ ուժը ԴՈՒՐԵԱՆ ՍՐԲԱԶԱՆ։

Յետոյ իմացական շարժումներ է անկախաբար, երբեմն մարդիկ խորունկ համադրութիւններ են, ծփուն, թափանցող, արթուն ու կենսագործող իրենց շնորհներովը լայնօրէն բարեփոխելով շրջանը ուր կ՚ապրին, շրջանակը ուր կը գործեն, երեւան բերելով իրենց հետ զգալու եւ մտածելու ամուր, երկարակեաց կերպեր։ Չէք անգիտանար անշուշտ մեծ անձնաւորութեանց կնիքը, դերը անյարիր խմորին վրայ որ զանգուածն է։ Առանց չափազանցելու Դուրեան Սրբազանի ազդեցութիւնը իր շրջանին վրայ, պարտաւոր եմ կենալ իր անդրադարձումին իր ժամանակին վրայ։ 1880ին, մեր մէջ եկեղեցականը չեմ ըսեր նսեմ, բայց ոչ պայծառ իրողութիւն մըն է։ Զարթօնքի սերունդը խրամատ չէր բացած անշուշտ ընդմէջ հայ հոգեւորականութեան եւ հայ գրականութեան։ [1]

/43/ Բայց ըրած բան մը, ու ասիկա՝ գրականութեան սպասին վճռապէս աչխարհայնացումն է թէ՛ իբրեւ ոգի, թէ՛ իբր զբաղանք։ Պէ՞տք է գործածել տարազը շրջուող դերերուն։ Չեմ կարծեր։ Իրողութիւնն այն է, որ, մինչեւ այդ թուականները, մեր միտքին սպասը ստանձնող կրօնականներուն վրայ կ՚աւելնան ուրիշ, աւելի լայն խաւերէ առատ ուժեր։ Իր ժողովուրդին օգտակար ըլլալու զգացումը լայնք կու տայ բոլորին ալ իմացականութեան։ Ու իր կրօնքին, ասոր պարտադրութեան միայն հետամուտ մարդերէ երեւան կու գան ուրիշ ալ կարելիութիւններ։ Կրօնաւորը պիտի չվարանի ինքզինքը նուիրելու միտքի սպասի մը ուր իրեն չվերապատԼուի պարզ դերը կրօնական պարտականութեան յանձանձում ին։ Այսպիսով է որ հայ գրականութեան նորագոյն դիմայեղումը մեզ պիտի շփման դնէ մեծարժէք, սրտառուչ երեւոյթներու հետ, գրական, պատմագիտական, զուտ բանասիրական մարզի վրայ, երեւոյթներ որոնք կրօնականներ ունին իրենց զսպանակ։ Ասոնք, նորոգեալ ու արժանաւոր վստահութեամբ մը կը շարունակեն իրենց աշխատանքը (երբեմն անտուն ու անգին), ինչպէս է Սրուանձտեանցի մը մեզի ձգած ժառանգութիւնը, ու ազգային եկեղեցւոյ, քաղաքական կեանքին պատկանելուն չափովը կը պատկանին գրականութեան ալ պատմութեան [2] ։

/44/ Բայց հոգեւորականին վրայ սա նահանջը, արեւելահայ մշակոյթին մէջ լայնօրէն պիտի փոխարինուի ուրիշ կողմերէ շահուած արդիւնքներով զորս կը պարտինք այս անգամ աշխարհականներու։

Արեւելահայ բանասէր դպրոցը, շեշտ ու շքեղ ճիգի մը մէջ, կը հաւասարի նոյնիսկ մասնագիտացած Վիեննայի, երբեմն զայն գերազանցելու համար։ Արեւմտահայ հատուածին մէջ Դուրեան Սրբազան, պարզ ու համեստ իր միջոցներով, պիտի աշխատի աւելի ընդարձակ հայեացքներու օգտարգործում էին։ Իմաստի ամէն մարզի համար, նախակրթութիւն իսկ չտեսած այս երիտասարդը, ինքզինքը պիտի արձակէ մեծ նուիրումով։ Չեմ երթար առաջ այդ ճիգը ոսկեզօծելու աժան փառքովը պատրանքին։ Մեր պատանութեան զրկանքները ընդհանրապէս կը մնան անփոխարինելի ու կեանքը անգամ մըն ալ չի դառնար ետ, առնելու համար մոռցուածը, չտրուածը: Բայց կը հաւատամ թէ Դուրեան Սրբազանի անունին հետ արթնցող մտապատկերը ազնիւ է ու շլացուցիչ, թելադրելու չափ Վերածննդեան շրջաններու դէմք մը, մեր օրերուն։

* * *

/45/ Եղիշէ Դուրեան լայն, ազնիւ ու, ինչպէս կ՚ախորժին ըսել՝ ձրի, անշահախնդիր հետաքրքրութեանց գեղեցիկ հանդէս մըն է, տեսակ մը հայտ, յաղթահարուած խորհրդանշանը վիճակի մը որուն երազովը տառապեր է մեր միտքը, դարերով։ Դիւրին չէ պարզ տարազներու վրայ առարկայել փորձել այդ մտայղացքը, քանի որ ատիկա արտահանումը պիտի նշանակէր մեր իմացականութեան մեծ ու անայլայլ ստորոգելիներուն։ Կը գոհանամ ձեր ուշադրութեան յանձնելով թէ անիկա, մեր մէջ խուլ, հեշտագին ըղձաւորութիւնն է, կարօտը նախ՝ գիտնալու ամէն ինչ որ կը շահագրգռէ մեր անցեալը հմտութեան, երաշխաւորուած ստուգութեան հաստատ զրահանքը (որ չըլլայ սակայն միս մինակ, իրեն համար միայն ապրող ցանկութիւն, զի այն ատեն դուք կունենայիք վիեննական դպրոցը), խառնակութեան, մշուշին մէջ ապահով գիծերու դրութիւն մը։ Գիտական, Փասգալի տարազով geometrique իմացականութեան սա յղացքը անհրաժեշտ է բեղմնաւորել ուրիշով ալ. այդպէս գիտցուածը, ճարուածը դնելու ձեւի մը մէջ, կերպագրելու ոգիի մը ընդմէջէն որոնք մարդ մը, խառնուածք մը, զգայնութիւն մը թելադրէին, այսինքն պատկանէին գիտութենէն անդին ու վեր իմացական տիսիփլինի մը։ Կը վախնամ մեծ բառերէ։ «Արուեստը» զոր այնքան ածանցուցած ենք ճշմարիտ չտեսութեամբ մը, գործածելով բառը իր ստուերին, կեղծուածին ալ տեղը։ Բայց, Դուրեան Սրբազանի հետ, թերեւս անտեղութիւն է այդ վախը [3] ։ Վասնզի, /46/ իմացական ամէն շեշտ հետաքրքրութիւն, թեկուզ մասնաւորուած, թեկուզ ենթակայ՝ պատմաբանասիրական գուցէ անճագ տարազին, չի կրնար ինքզինք օտար ընել, տարագրել յոյզի, սարսուռի, անշահախնդիր ապրումներու հանդէսէ մը, իր ամենէն խոր ու ազնիւ իրականութեան մէջ։ Բանասիրութիւնը պատմութեան վէպն է, քնարերգութիւնն է, եթէ կը ներուի այս յանդուգն փոխաբերութիւնը, երբ զայն ուզենք տեսնել իբր կեանքի գիտութիւն մը։ Այսպէս ըսելու արտօնուած ենք շքեղ փաստին առջեւ զիւտերու, որոնք քաղաքակրթութիւններ վերակազմ եցին, սանկ դարու մը ընթացքին տեղերու մէջ ուր անուններ միայն կը մնային կառչած։

Գիտնալ, գիտցուածը կենագործել։ Այս երկու մեծ եզրերը համադրել, միաձուլել։ Այս է եղած կարգախօսը մեր օրերու հետաքննական ջանքին։ Դուրեան Սրբազան անշուշտ չկրցաւ այս երկու տիպիփլիններուն լիակատար համադրումը իրագործել։ Ասոր համար թերեւս պարտաւոր էր նետել վրայէն սքեմը ու հագնիլը— նախոյզներու այլապէս տրտում պարեգօտը։ Բայց իրմէ ստորագրուած ամենէն չոր պատառիկը, լեզուաբանական, ստուգաբանական, պատմաքննական որեւէ հատուած, կ՚արտաբուրէ այն քաղցր արոմը, որով կը զանազանուի արուեստը հմտութենէն, թիւ ու առաքում գիտութենէն, յատուկ անուններու լաբիւրինդոսային մթութենէն։ Բանասիրական սա պարապմունքները գիտեմ որ չեն շահագրգռեր գրականութիւնը բայց վաւերական գրագէտի մը քով երբ կու գան երեւան, կը ծառայեն խառնուածք, ճաշակ, երբեմն արուեստի նկարագիրներ իսկ պարզելու։ Մտքէ չեմ անցուցած մեծ ու պատուական Այտընեանը ներս առնել արեւմտահայ գրականութեան պատմութենէն։ Բայց զբաղած եմ Ալիշանի մօտ հիմնովին վրիպած բանասէրով։

* * *

Դուրեան Սրբազան զբաղած է Հայոց պատմութիւնը հետաքրքրող մեծ հարցերով։ 1860ի ոգիին մէկ ուրիշ կերպաւորումն է այդ փափաքը, վիեննացիներու կորովի ջանքին տակ ինքզինքը հե/47/տզհետէ կազմակերպող։ Աւելի անդին, յատուկ գլուխի մէջ ես պիտի փորձեմ դատել պատմութեան ճիգը, արեւմտահայ գրականութենէն ներս, Դուրեան Սրբազանի առիթով։ Հոս ոգիի, խառնուածքի, նկարագրի յօրինման հանդէսի մը մէջ, իմ փնտռածը անձնաւորութեան այն գիծն է, որ հայտ ըլլայ դէմքին ամբողջութեանը, առնուազն ոչ աններդաշնակ անունով նուիրագործուած յղացքին ընդհանուր տարողութեան։ Չենք կրնար Խորէն Նարպէյէն պատմողի ստորոդելի մը զատորոշել փորձել, թեեւ մեզի ծանօթ է անոր գրքոյկը Հայ Եկեղեցւոյ պատմական արժէքին շուրջը, ինչպէս չէ կարելի Մաղաքիա Օրմանեանի գրաբար կամ Սուրէն Պարթեւեանի աշխարհաբար ոտանաւորներէն բարձրանալ այս անուններուն ետին քերթողը փնտռելու միամտութեան (քանակը կշիռ չունի հոդ, երբեմն երկու երեք քերթուած մեզ կը հարկադրեն այդ փակագիծը։ Թլկատինցին երկու յաջող քերթուած միայն ունի բայց այդ մարդուն ետին բանաստեղծի բոլոր յատկանիշները կը մնան ի զօրու)։

Արդ, պատմական զգայարանքը, Դուրեան Սրբազանի գրականութեան մէջ գրեթէ համահաւասար տարողութիւն մը կը պարզէ բանասիրականին։ Ասկէ՝ հարկը պատմիչը որոշադրող նկարագիրներու արտահանման։ Ու կու գան բառերը։ Հմտութի՛ւն, ուրիշ խօսքով՝ լայն, բացարձակ, մանրամասն համատեսութիւնը նիւթին, ըլլայ ասիկա իրողութեանց հանդէս, ըլլայ գաղափարներու հոսանք, ըլլայ մարդերու շարան կամ հարստութեանց գուպար։ Դուրեան Սրբազան չէ յանդգնած Հայոց պատմութեան լիակատար ընդգրկումին, թերեւս վախին մէջը ճիգին։ Բայց քանի մը շրջաններու (Հիները, Արշակունիք, Բագրատունիք) վրայ անիկա կեցած է հաստատ հմտութեամբ, տեսնելու նոյնքան հաստատ կերպովը։ Ու կու գան բառերը։ Թափանցում, ուրիշ խօսքով՝ կեանք ներշնչելու կարողութիւն այն շրջաններուն, որոնց ընդգրկումը առաջադրեր ենք։ Դուրեան Սրբազան, հակառակ արուեստի մեծ իր տուրքերուն, ինքզինքը դրած է որոշ չորութեան, որոշ վերապահութեան վիճակներու, սարսափին մէջը հասանական ռոմանթիզմին, զոր վենետիկեան դըպրոցը, գլխաւորաբար յանձին Ալիշանի (ՅՈՒՇԻԿՔ), պիտի շփոթէր ճշմարիտ պատմութեան հետ, պատճառ դառնալով որ յապաղի, առնուազն կես դար, հայոց պատմութեան մեծ գիծերուն ուրուագրումը գէթ ներկային համար։ Ու կու գան բառերը։ Քննադատում, ուրիշ խօսքով՝ փաստերը հասկնալու, կլռելու, արժեւորելու մէջ խելք ու կարելի չափով քիչ սխալանք։ Դուրեան Սրբազան լայն պատրաստութիւն ունէր ժամանակագրական, համաշխարհիկ պատմութեան /48/ կարգ մը ստուգումներուն շուրջ վիճելի հարցերու վրայ։ Փոխադրեցէք այս չնորհները մատենագրական կնճիռներու։ Դուք պիտի ունենաք թերեւս այն մէկ հատիկ դէմքը արեւմտահայոց մօտ, որ կարող ըլլար հայ մատենագրութեան պատմութիւն մը իրագործելու։ Իր վրիպանքը, հոս, արդիւնք է ոչ թէ շնորհներու դաւաճանութեան (ինչպէս կ՚ըսեն, այլ հոգեկան ուրիշ դրութեան, զոր պիտի ջանամ լուսաբանել, երբ իրեն յատուկ տեղի մը մէջ անդրադառնամ այդ հարցին։

Պատմիչը որոշադրող սա մեծ տուրքերուն հաստատումին հետ դժբախտութիւն է որ չքալէ գոհունակութիւնն ալ իրագործումներուն, որ ուրիշ պարագայ է եւ քիչիկ մը հասարակաց ալ Դուրեանի սրբազան արդիւնքներուն։ Ամէն նկատում մէկդի, Դուրեան Սրբազանի դէմքին վրայ պատմողի առաքինութիւն մը զարտուղի կամ նուաղկոտ փայլ մը չի կազմեր երբեք։ Օրմանեանի անունը պիտի չանցնի Հայոց դպրութեան դիւանին ոչ անոր համար որ պատմելու ձիրքեր կը պակսէին այդ մարդուն, այլ, վասնզի՝ կեցուածքը իր աշխարհին դէմ դուրս էր արուեստի զգայարանքէն։ Զի հմտութիւն, թափանցում, պատրաստութիւն, նոյնիսկ յայտնատեսական ճշմարիտ տուրքեր անբաւական կու գան արուեստը հակակշռելու։ Ու արուեստը հոս ո՛չ բանաստեղծութիւն է, ո՛չ ռոմանթիզմ, ո՛չ ալ աժան ընդհանրացում, այլ զուսպ ու խոր յուզում, որով մենք կը փոխադրենք անցեալը մեզի, կամ զմեզ կը տարրաբաշխենք այդ անցեալին հետ։

* * *

Անձնաւորութեան յօրինումը չի տառապիր մանրամասնութիւններէ, որոնք թեեւ ուղղակի չեն կապուած գրականութեան, բայց ինչպէս բանասիրութիւնը, պատմութիւնը, իբր խառնուածքի յայտարար կողմեր, լոյս կու տան տիպարին։ Այս մանրամասնութիւններու կարգին կը դասեմ կրօնաւորը, ուսուցիչը, որոնք անիկա եղաւ երբեմն մեծ արժանաւորութեամբ, միշտ՝ պարկեշտութեամբ։ Իր դէմքին սա երկու շեղումները ամենէն աւելի ուսումնասիրո ուածները, այդ իսկ պատճառով քիչ պատեհութիւն կընծայեն ինծի խորացման եւ փափաքողները կը ղրկեմ երկու յիշուած հատորներու (ՄՇԱԿՆ ՈՒ ԻՐ ՎԱՐՁՔԸ, Եղիշէ Պատրիարք Դուրեան), ուր բոլոր գիտելիքները պիտի գտնեն իմ քուած։ Քանի մը խօսք միայն իմ կողմէ, որոնք անշուշտ աւելի չեն քան հատորները, բայց որոնք անձնական վկայութեան մը հանգամանքովը կրնան իրենք զիրենք արդարացնել։

/49/ Իր յոբելեանին առթիւ, իրեն գրուած նամակի մը մէջ ես յայտներ էի, թե ինչ խռովիչ գիւտ մըն էր ինծի համար այն ստուգութիւնը, որ գոհացում կու տար իմ Հետաքրքրութեանը։ Դժուար եղած էր ինծի ճիշդ կերպով հասկնալ բառը, որով նուիրագործուած էին մեր պատմութեան մեծագոյն դէմքերը։ Սուրբ Սահակ, Սուրբ Մեսրոպ, Սուրբ Վարդան, Սուրբ Սանդուխտ…։ Դժուարութիւնը այս դէմքերուն մէջ զատելն էր, գտնելն էր այն էապէս, խորապէս, իրապէս մարդկայինը, որով Մեսրոպի նման խարազանաւոր հալածիչ մը, մարդեր չարչարելու արարքը դրութեան վերածող մը, նոյն ատեն կը նկատուէր մարդերը վարդով իսկ ծեծելու խղճահարող տիպ պար մը որ կը տարազուի մակդիրով։ Կրօնական, եկեղեցական իր տարողութենէն անդին հաւանաբար կար բան մը, այդ բառին ետին։ Ու խորհեր էի մարդկային ալ շնորհներու, գլխաւորաբար այն քանի մը պարզ, սրտառուչ, համեստ առաքինութեանց, որոնք ապրելուն ցաւը մեզ կ՚ընեն տանելի, աշխարհին աղտին դիմաց քանի մը անկիւն կապոյտը կը պահպանեն աշխարհէն անդիին ու մեզ կ՚ընեն հաշտ մեզի հետ։ Այս ամէնը խառնիխուռն անցեր էին իմ մտքէն: Դուրեան Սրբազանի յոբելեանը, կատարուած Շնորհալիի դարուն, ապահովաբար պիտի լուսապսակուէր սրբազան մակդիրով։ Վասնզի ինչ որ բառը կը թելադրէր իր մարդկային պարունակէն, - յիշուած բարիքներն ու տակաւին քանի ուրիշներ, ես գիտեի որ կային անձին մէջը Եղիշէ Պատրիարքին։ Արդարեւ, իբրեւ կրօնական ու ուսուցիչ, անոր մեծագոյն դերը եւ սրբագոյն դասը ամենէն առաջ իր անձին օրինակն էր։ Սպասարկեց իր եկեղեցւոյն, իր տաղանդին, գրական դիրքերուն ամբողջ փայլը, օգուտը ենթարկելով ասպարէզին։ Եպիսկոպոսութիւնը չեմ վերլուծեր։ Բայց Պոլսոյ եւ Իզմիրի մէջ անիկա կը պարզէր քիչ մը տարադէմ կողմեր, uանկ շքեղ, ապարանային հանգամանքներ, ազատ սեղան եւ որ ի կարգին։ Հանդէսներու եւ հաճոյքներու պարունակը (չեմ իջներ աւելի անդին)։ Դուրեան Սրբազան կ՚ապրէր Արմաշի մէջ, բաժնելով մեր սեղանին որդոտ բակլան եւ ոսպը, առանց դժկամութեան, չըսելու համար հաճոյքով։ Ու չէր անոր խօսքը խստեռանդն, սաստկակոծ ու վայրագ, որպէս է ըլլալ պարտքը գերագոյն կարիքներու անունով խօսքերուն։ Կրօնականը իր մօտ համազօր էր սրբութեան, պարզ, իրաւ, գրեթէ ժպտուն արժանիքներու այն հանդէսին, որով կարգ մը մարդեր կը դիմաւորեն աշխարհին անկումները եւ փառքերը։ Ան որ պիտի կենայ վայելքներու եզրին (երբ իր հասողութեան մէջն էին անոնք, ու պիտի գոհանայ քիչով, համերու հետամուտ ոչ /50/ թէ կուշտ, յափրացում ի հասնող ախորժակներ հալածելով, հաւանարար սուրբ մըն է։ Սաստկացուցէք սա վերապահութիւնը, դուք պիտի ունենաք աղուհացի ասպետները, որոնք պիտի չհասկնան սակայն արարքին անգթութիւնը ու պիտի դաւեն անզգալաբար իրենց իսկ երազին։ Ան որ պիտի կենայ փառքի եզրին (երբ բոլոր կարելիութիւնը ունի անոր զագաթին նուաճմանը) ու պիտի գոհանայ արդար փունջովը պարզ գնահատման ծաղիկներուն, փառքին յղացքը վերածելով ուրիշ արժ է ըներու ընդհանուր կաղապարին. ու պիտի չսպաննէ ինքզինքը, իրմ էն պահանջելով անլուր զրկանք ու զոհողութիւն, ուրիշներէն՝ նուաստացում, կեղծաւորում, շողոմի պարտք եւ որ ի կարող ին, անիկա միտքի սուրբ մըն է հաւանաբար։ Ան որ պիտի կենայ տագնապներու եզրին ու պիտի տանի զանոնք մարդկային իրենց պարունակովը, զգոյշ մնալով զանոնք խորանարդելէ, բայց պիտի չվարանի իր բաժինը առնելէ հասարակաց դժբախտութենէն, կրելով ասիկա լրջութեամբ, առանց ցոյցի, զանցումի, տալով օրինակը այդ տագնապներն իսկ մարդկային ընելով, սուրբ մըն է հաւանաբար։ Մօտենալ ուրիշներու ցաւին ու հաճոյքին, ոչ՝ ասոնք եղծելու կամ դիւցազներզելու դրական մանրամտութեամբ, այլ զգալի ընելու թէ այդ ամենը ծիրին մէջն իսկ են սահմանին։ Ինքզինքը չափել, բայց ոչ այդ չափին ուրիշների բարձրութիւնը գտնելու պղտոր հաճոյքով, այլ իր պակասին լիալիր տեսութիւնովը ինքզինքը սրբագրելու համար։ Աշխատիլ անդադար, ոչ թէ դիզելու համար դիզելի տիտղոսներ, ու ասոնց հայթայթած մարդկային բարիքներուն ի խնդիր, այլ, աշխատանքին իսկ սրբութեանը գիտակցութեամբ, այլ մտայնութեանը մէջ տիեզերական օրէնքին որ կարգադրած է, բաշխած է մեր մեքենան ու աշխարհին ուրիշ դրութիւնները, որոնց համեմատ ծառ մը պիտի աշխատի, ջուր մը պիտի աշխատի, միջատն իսկ պիտի աշխատի, որպէսզի բալեն կարգերը, մեզմէ վեր նպատակներու գործադրումին։ Ու համեստանալ, այսինքն այդ ամենը կատարել, որպէսզի մեր մէջը չաճին ուրիշ, տխուր սերմեր զոր մեր բարքերը կը ծնանին, քանզին մէջէն իսկ մեր արժանիքներուն։ Կը մտածեմ որ էջեր անբաւական պիտի գային սպառելու երանգները սա մայր գաղափարին։

Գրեցի իրեն թէ իրմէն վերջ մեր պատմութեան այդ առեղծուածային տարազով լուսապսակուած դէմքերը քիչիկ մը պարզ էին ինծի, եթէ ոչ բոլորովին։ Կը հասկնայի որ մարդիկ կարենային պատուել Շնորհալիի մը գործունէութիւնը կախարդական մակդիրով ու կ՚երեւակայէի երանելի Հայրապետը մարդ մը, որ քսանի դռնե/51/րուն կեցուց ինքզինքը իր մէջ իրեն համար, որպէսզի անկէ հանէ ինչ որ ուրիշներուն է սահմանուած։ Կ՚երեւակայէ ի այդ երիտասարդին մէջ անհուն տրամադրութիւններ, շրջապատին տառապանքը դիմաւորելու։ Միւս կողմէ կը ջղայի անոր հողին, որ կը խորանար քանի տարիները իյնային իր ետեւը ու քանի մարդերու ցաւերը դիզուէին ետին ու առջին։ Ներսէս Կլայեցին ունէր իր ապահով հոգեկան ալ կեցուածքը աշխարհի դէմ։ Անիկա զօրաւոր պաշտամունքի վայրկեաններու թելադրանքին տակ կը մտնէր իր խուցը, կը թաթխէր փետուրը թանաքին մէջ ու մագաղաթին վրայ կը կերպարանուէր քերթուածը, անշուշտ քիչիկ մը նիհար (զի իր երազը, զգացածը անհունապէս խոր էին), բայց նորէն հրիտակ մը՝ լայն, խոր ապրումներու։ Օրուան հազարաւոր չարիքներուն ընդդէմ, իր հոգիին պատերը փրկելու սա գերազանց փոյթը չէ՞, ինչ որ արուեստ կը կոչենք։ Մօտեցուցէք պատկերը Դուրեան Սրբազանին։ Դժուարութեան մէջ չէք հանգիտութիւնը դատելու։

Այլապէս բարդ բայց միշտ շքեղ է ուսուցիչը անոր մէջ։ Դուրեան Սրբազան սխրալի, բարձրորակ նուաճում մըն է (պիտի տեսնենք ատիկա) իր դէմ էին բոլոր հեղումներուն համար ալ։ Այդ նուաճումը ան սկսած է մեր մէջ ամենէն ըմբոստ տարրին, անձնաւորութեան նուաճումովը։ 1880–ին, եկեղեցական ասպարէզին ինքզինքը նուիրելը անշուշտ բարձրագոյն արարք մըն էր, քանի որ իր տաղանդին գիտակցութեանը ելած երիտասարդ մը չատ մը միջոցներ ունէր տրամադրութեան տակ, այդ տաղանդը շահարկելու։ Որքա՜ն շատ թիւը՝ հասարակաց եղանակներուն։ Ու կը մնամ քիչ մը երազուն, այն խուլ ու անճշդելի յուզումներուն իրական տարողութեանը վրայ, որոնք այդ քսանամենի վարժապետին հոգին ալեկոծեցին ու զայն դրին ամենէն ծանր տագնապին առջեւ: Չեմ երթար առաջ, Ռընանի հռչակաւոր հոգեպայքարը դիտելու իր առիթով։ Բայց կը համարձակիմ խօսիլ Պոլսէն, Իւսկիւտարէն, իր վերջալուսային աղջիկներէն ու 1870–ի այն խռովիչ ռոմանթիղմ էն, որ մատով ու սիրով գունաւոր՝ բարեխառնութիւն մըն էր ոչ միայն իր տունին, այլ թերեւս ամբողջ քաղաքին։ Հաւատքի տագնապ մը, ֆրանսական կարծր սեմիների մը մէջ, ամուր ու շատ խիստ աւանդութիւններու ճնշումիին տակ աճած իմացականութեան մը համար, տռամաթիք է անշուշտ։ Սրտի տագնապ մը, աղդեցութիւններուն տակ այն ամէն անուշութիւններուն, որոնք երդուած էին իր եղբօրը կողմէ եւ որոնք նոյն չափով ալ իրական էին իրեն համար, մահուամբ ծանրաբեռն յիշատակներուն ընդմէջէն, ու ամբողջ երիտասարդութեան խուլ ձայներուն հա/52/մար յարդարուն սրբազան քնար, որքա՛ն աւելի տռամաթիք։ Դուրեան վարդապետ նուաճած է իր անձին աննուաճելին։ Ու ատիկա մի մոռնաք։ Դուրեան վրդ. պիտի նուաճէ ուրիշ ալ նուաճում մը, համեմատաբար աւելի դիւրին երեւցող, բայց խորքին մէջ գուցէ աւելի տաժանելի։ Վասնզի ան որ իր մէջ կը շղթայէ անձը, յաճախ կ՚ընէ ատիկա ի հաշիւ ամբողջական կործանման։ Միտքը նուաճելը պայմանաւոր է միայն ու միայն մեզմով։ Հոս պիտի կրկէս իջնեն բացառապէս անձնական ոյժեր։ Ու անոնք որ ըրած են ատիկա, իրենց խեղճուպատառ միջոցներով, վեր են ամէն գնահատանքի։ Չեմ լայներ փարակրաֆը, հաստատելու համար, թէ 1880–ին Պոլիսը ինչ կրնայ տալ իբր իմացական սնունդ, խանդ ու երազ քսանամենի տղու մը համար, որ տաղանդ է բերած իր հետը։ Կը գոհանամ արագ քանի մը ճշդումներով։ Այդ թուականներուն արեւմտահայ միտքը անցնելու վրայ է իր յատկանշական շրջափոխութիւններէն մէկ քանին։ Զարթօնքի Սերունդին բարենորոգչական աշխատանքը գտած է որոշ հաւասարակշռութիւն։ Արեւմտացումը (մտքի) իրականութիւն է գէթ թուղթի վրայ, քանի որ ազգային սահմանադրութիւն որակուած անորակելի կազմակերպութիւնը ինքզինքը պարտադրած է ազգային վարչական, իմացական, գրական մարմիններու վրայ։ Կազմակերպուած են, համաձայն այդ հանգանակին, բոլոր առաջնորդական թեմերը։ Հիմնուած՝ կարելի դպրոցները։ Անշուշտ ոչ մէկ բարձրագոյն հաստատութիւն, որ դերը տար իրեն իմացական մեքենան վարելու։ Ու սերունդի ճիգը, գրական մարզի վրայ, հասած է աննախատեսելի արդիւնքներու։ Մեծ բանաստեղծներու ստուերները, առաւել քան հզօր, որքան տառապած ըլլալու են ետին այն անպատմելի, անտարազելի զառածումին, որով կը գործեն շրջանին երիտասարդ տաղանդները։ Վաւերական երբեմն ամուր ալ խառնուածքով տղաք են անոնք որ 1875–էն վերջ մեր մուսաները կը դարպասեն. Չերազ, Եղիա, Պէրպէրեան, Թերզեան, Սէթեան։ Այս տղաքը պարտքին տակը չէին իրենք զիրենք իրագործելու։ Կարդացէք իրենցմէ մեզի եկածը, իրենց երիտասարդութեան գարունքէն ու մի ցաւի՜ք։ Ինչ տրտմութիւն է որ կը վարակէ հոգին, երբ կը հետեւի մանկապ մարդ կիներու (Սիպիլ, Տիւսաբ) հերարձակ ռոմանթիզմին։ Ու ինչ տրտմութիւն է որ Դուրեան վարդապետ ըլլայ ստիպուած Հիւրմիւզ, Բագրատունի, Ալիշան (կ՚ակնարկեմ գրաբար տաղերու) վերծանելու, կազմելու համար իր գրական ճաշակը։ Միւս կողմէ Վիեննայի Հայրերով ստեղծուած բանասիրական շահագրգռութիւնը ըլլայ գրքունակ, զուրկ՚ հիմնական քանի մը հզօր գաղափարներէ, ո/53/րոնցմով միայն կարելի է գիւտը մեծ քաղաքակրթութեանց։ Եւրոպա՞ն։ Շաթօպրիան, Հիւկօ, Լամարթին։ 1880–է՞ն։ Դուրեան վարդապետ պիտի աշխատի։ Ասիկա անդուլ լարում մըն է, էր իր մօտ։ Պարտիզակէն մինչեւ Երուսաղէմ անիկա պիտի ջանայ դարմանել աղէտը, զոր դարբներ էին իրեն իր պատանութիւնը եւ առջի երիտասարդութիւնը, երբ կը զլանային անոր ուժերուն յարմար միջոցներ, իրենք զիրենք իրագործելու։ Այս ուսուցումը ամէն գետնի վրայ պիտի միջամտէ, անշուշտ կրցածին չափ, մեղմել ճակատագրին վճիռը, բայց մնալով անբաւական անոր տաղանդը առաջնորդելու այն արժանաւոր բարգաւաճման, փառքին, բարիքին, որոնք աշխարհ կը փոխեն։

* * *

Մարզի մը վրայ սակայն անիկա գրեթէ լիովին իրագործեց ինքզինքը։ Բանաստեղծութիւնն էր ատիկա։ Իր տեղին, ես լայնօրէն պիտի վերլուծեմ այդ բանաստեղծութեան մեծ շնորհները։ Հոս, անձին յօրինմանը պահուն, նօթ մըն է ասիկա։ Մարդերը ե՞րբ բա նաստեղծներ են։ Ա՞յն ատեն՝ երբ իրենց գրքերը կը խլուին ձեռք է ձեռք, կարթնցնեն հոգիներէն ներս անասելի արձագանգներ, կը պատմեն իրենց ժամանակին խռովքները, փարթամ, շլացուցիչ տարազներով։ Չեմ գիտեր։ Ու կը հարցնեմ։ «Մարդերը ե՞րբ բանաստեղծ են»։ Ա՞յն ատեն՝ երբ իրենց երգը կ՚ըլլայ օրակարգ մը, նոր աշխարհի մը, զգալու նոր դրութեան մը, կառուցուող նոր արժէքներու ցուցարան մը։ Չեմ գիտեր ու կը հարցնեմ։ «Ե՞րբ բանաստեղծ է մարդ մը»։ Թերեւս ա՞յն ատեն, երբ իր միտքին մէջ կը ճանչնայ յոյզեր որոնք միայն իրն ըլլային։ Իր սրտին մէջ լսէ հեծքեր որոնց մասին ինք միայն ըլլար պատասխանատու։ Կ՚ըսեմ թերեւս, վասնզի բանաստեղծը մէկն է այն տարազներէն որոնք առիթ են տուած այնքան ներհակ զգայութիւններու։ Դուրեան Սրբազանը կը ճանչնամ 1900էն։ Գարնան, իր սեւ վերարկուին մէջ կը տեսնայի անոր թափառիլը ժանեկազարդ ճամբաներու երկայնքին, ոսկի արշալոյսներու եւ արիւն վերջալոյսներու պատերուն։ Այն ատեն վեղարը կը բարձրանար իմ մտքիս ըլլալու չափ խորհուրդը հեռու լերան մը։ Պարեգօտը կ՚ընդարձակուէր, զերծելու իր բանտէն իմ ուսուցիչը թեթեւ, իրաւ, արդար, զուարթ, տրտում, որ դարերն ու ազգերը իրարու կը խառնէր ու պուտ մը համեստ վայելքին դէմ կը բռնէր աշխարհին ամենէն հռչակաւոր կայսրութիւնները։ Կը մօ/54տենայինք իրեն, վախով, աւրելու վախով մեր մէջ գոյաւորուող սրբազան պատը։ Անիկա ծաղիկ մը ցոյց կու տար ու կը յիշէր Աւետարանին խորունկ տողը լեռներու շուշանին համար որուն չափ չէր կրցած հագուիլ Սողոմոն արքան։ Բանաստեղծ մըն էր անիկա երբ այդ ծաղիկը կը կտրէ ի բունծէն։ …Երբեմն կը կենար իր աթոռին, զուարթ կամարին տակը Չարխափանին։ Պիտի խօսէր։ Կը նայէր ձայնէն առաջ, սանկ վերերը, հաւանաբար կապոյտներէն անդին, բանալու համար խորհուրդի այ մը։ Կը հոսէին բառերը, մեր գիտցածները բոլորն ալ, բայց ահա անոնց աղմուկը կը վերածուէր անպատմելի յուզումի մը, իրմէն դուրս ու մեզմէ ներս։ Ի՞նչ կ՚ըսէին այդ բառերը։ Մտքէ չէի անցըներ ատոնք հասկնալ։ Բայց երբ դադարը գար, ինչի համար խորագոյն հեշտանքն էր այդ մարդուն հետ բաներ մը զգալ, տարբեր, օտար մեր ամէնօրեայ ապրումներուն։ Քանի մը բեկ սարսուռներ որոնք տակաւին կ՚երկարաձգուէին լռութիւնն ի վար հոգիին։ Ըսած է բան մը զոր չես հասկնար բայց կը հաւատաս թէ տարբեր է քու գիտցածէդ։ Ու ասիկա այսպէս կարելի է շարունակել։ Դուրեան Սրբազան նորէն, անցեալին մարդը եղաւ։ Ու բանաստեղծութիւնը չի կրնար այս յատկանիշները չդասել, չարժեւորել իբր ընտրելագոյնները իր ստորոգելիներուն։ Կեանքի սա ցուցմունքներէն մինչեւ այն բիւրեղեայ աշխարհը որ Դուրեան Սրբազանի քերթողութիւնն է, երկար է ճամբան. բայց ոչ անկարելի։ Անիկա կեղծ, յարդարուն տաղաչափ մը չէր, թէ եւ այսպէս կը թելադրէ իր շատ խնամեալ թեքնիքը։ Զինքը մօտէն ճանչցողները ամենէն աւելի հրապուրուած են սա զեղումովը իր շնորհներուն, ամենէն անշահախնդիրը, անգայտը, բայց անմոռանալին նոյն ատեն:

* * *

Դուրեան Սրբազան անուշիկ մարդ մըն էր։

Կրնայիր յոգնեցնել զինքը իմաստակութեամբ, չգիտցած բաներուդ վրայ խոշոր ու փցուն վճիռներովդ, դաս տալ յաւակնիլ իրեն, այն գործերուն դէպքերուն մասին որոնք իր խորագոյն մտերմութեան եկած էին։ Չէր նեղուեր։ Մտիկ կընէր, ժպտաշուրթն, ու կը թողուր որ պարզէ իր յիմարութեանդ պատկերը, լրիւ։ Քիչ անգամ իր Հեղնութիւնը պիտի զգայիր, նուրբ՝ մանաւանդ իմացական չտեսութեանց դէմ։ Ոմանք զայն կամովին կը շփոթ ին լայնամտութեան, ներողամտութեան վիճակներու հետ, որոնք, առաւելապէս քաղաքական, ընկերային կացութիւններու շուրջ ազնուու/55/թեան, բարոյական բարձրացման դասեր կը դառնային։ Իր վստահութիւնը իր արժանիքներէն զինքը կը պահէր անդորր պարզութեան մը մէջ զոր ոչ դիրքը, ոչ տիտղոսները, ոչ իսկ քաղաքական մեծ տագնապներ կարող էին վրդովել, սեթեւեթել։ Կրնայիր մօտենալ իրեն սիրտբաց մտերմութեամբ մը, միշտ ապահով այն դիւր զգացմամբ որուն հետ ընտանի ենք կարգ մը մարդոց մօտ. իրենց ըսածներուն ետեւը կեցողներ, իրաւ, աննենգ, թիւրելու անընդունակ ծնածներ։ Մեր ընկերութեան բոլոր դիրքերը գտան զինքը, ինքնաբերաբար։ Թաղային վարժարանի մը ուսուցչութենէն մինչեւ բարձրագոյն աթոռները Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետութեան, անիկա եղաւ մարդ մը որուն կը վստահէ իր, աւելի ճիշդը կը հաւատայիր։ Կէս դարու իր սպասը, իր ժողովուրդ ին, սրտայոյզ աշխատանքի վասնզի շեշտօրէն իմացական ու հոգեկան միակտուր քանդակ մըն է, որուն օրինակը այնքան հազուադէպ կը դառնայ մեր ժողովուրդին սպասարկողներու ցանուած չարքերն ի վար։

Ըսի թէ խորհրդանշական անձնաւորութիւն մըն էր։ Ըսել կ՚ուզէ ի թէ անխառն, քիչիկ մը եսամոլիկ զբաղանքներու աննահանջ ասպետ, անիկա կերպը գտած էր մեր օրերուն կարելի ընելու տիպարը որ պիտի կատարելագործէ ինքզինքը, բայց մնալով գիծին վրայ, ակօսին մէջը հասարակաց պահերուն։ Իր նուիրումը եկեղեցական ասպարէզին բոլորովին տարբեր հոգեբանութեան մը ծնունդն է թերեւս։ Անոր մէջ հաւատքը, խանդը, երկինքը չունին այն խորունկ խռովքները որոնք իր ժամանակակիցներէն ոմանց մօտ այնքան իրաւ են ու ընկլուզող։ Ոչ փառասիրութիւնը, ոչ կոչումը, ոչ ալ հոռեկան հզօր մղումներ կը միջամտեն իր որոշումին մէջ։ Իրը քաղցրութիւնն էր հոգիի, նկարագրի, երազի որ առաջնորդեց զին կը նուիրման։ Իր յիսնամեայ քահանայագործութիւնն ալ չզատուեցաւ բացառիկ կողմերով։ Խօսք, գիր, գործ: Ըրաւ երեքն ալ, մէկ ու նոյն անկեղծութեամբ, մարդոց միջինի մը շեմաթիք պատկերին կարծես ինքզինքը տրամադրելո: ։ Ու հոս է թերեւս գաղտնիքը իր համբաւին ու հրապոյրին։ Անիկա անխտիր սիրուած էր ամէն դասակարգ է, ամէն խմբակցութենէ։ Այն մարդիկ որոնք զինքը վար առին Պոլսոյ պատրիարքական աթոռէն, չխղճահարելով անկշիռ ոչինչութիւն մը իր տեղը դնելու նոյն այդ գազին վրայ, կը տառապէին քաղցրութեան այդ աստիճանէն։ Դուրեան Սրբազան նկատուած է թոյլ, անարխ, անվճռական մարդ մը, մինչ քաղաքական կիրքը ճիշդ հակառակին յատկանիշներ կը հետապնդէ ու կը ստեղծէ։ Անոնք չէին հասկնար թէ քաղցրութիւնը, շնորհը, լայնամտութիւնը, ի վերջոյ /56/ կը գտնէին եզրեր անգութ, կորովի նկատուած առաքինութեանց հետ, հերիք է որ ժամանակը խօսէր կիրքերու զոյգ ալիքներուն ընդմէջ։ 1912ին, երբ մեր իմացական մեծ տօները տեղի կունենային Պոլսոյ մէջ, պատրիարքական դաշտուն վրայ հոյակապ թշուառութիւն մը լացնելու չափ տխրեցուց ազգային ժողովի այն անդամները մանաւանդ որոնք ամենէն աւելի աշխատած էին «քաղցր մարդը» զոհելու «գործօն» ստուերի մը հետ որ դիակ մըն էր։

Այս քանի մը գիծերը, իր անձնաւորութեան սեւեռում են համար անհրաժեշտ, բեռ մը չեն սա էջերուն վրայ։ Դուրեան Սրբազան մեր Գրականութեան Պատմութեան կ՚անցնի իբրեւ «բանաստեղծ»։ Ու իբր այդ նկարագրի սա ճշդումները կրնան բացատրել իր գործը։ Կարելի էր ընդլայնել սա կենդանագիրը (portrait), անցնող դարու վերջերուն մեր մէջ այնքան սիրելի սեռի մը հաշւոյն։ Կը զգուշանամ այդ քաղցր հաճոյքէն գլխաւորաբար այն պատճառով որ, իր բանաստեղծութիւնը, իր կեանքը հեռու գունաւորելէ, զայն հերքող ուրիշ խորհուրդ մըն է, վկայութիւն մը այն անխառն էակէն (ինչ գէշ բառ) որ ապրեցաւ մարդոց միջինին մէջը, մօտ իրաւ կապերու հանգոյց մը իբրեւ, հասաւ շատ մը կարիքներու եւ պահանջներու, բայց պահպանեց իր ներքին իսկութիւնը, ամբոխէն վեր ու անկախ, իրեն համար միայն ու տուաւ անկէ ծուէններ։ Դուրեան Սրբազանի քերթողական գործը գերագոյն հրաշքն է այդ խորհրդաւոր անձնաւորութեան։

Այդ իսկ հանգամանքով կընեմ՝ կարճ սա ընդհանուր նկարագիրը, ծանրանալու համար քանի մը կողմերը որոնք իր անունին բացայայտիչները եղան երբ ողջ էր։ Որոնցմ է ոմանք թառամած են արդէն։ Որոնցմէ մէկը կը դիմանայ, մաքուր ու գեղեցիկ, հետզհետէ աւելի պայծառացող։



[1]     Շատ են պատճառները: Թէեւ համալսարանական, այդ սերունդը իր մեծ ներկայացուցիչներուն մէջ կը մնար շարունակողը 1848–ի լամարթինեան déisme-ին։ Գ. Օտեան, ամենէն ազնուական դէմքը սերունդին, աւելի քաղցր կ՚աղօթէր քան Խրիմեանը որուն եկեղեցականի հանգամանքը չափով մը կը ճնշէր խօսքին տարողութեան։ Անհաւատ ու յառաջադէմ Ռուսինյանին դէմ քանի հոգի, որ հայ եկեղեցւոյ դարաւոր յղաց քը կը ջանային փոխակերպել ու արդիացնել։ Չմոռնալ շատ ալ զօրաւոր ազդեցութիւնը Մխիթարեան ոգիի որ 1880ին տակաւին կ՚ապրի շքեղ վերջալոյս մը, դառնալով գրական, պատմական, նոյնիսկ քերթողական պարապմունքներու առասպելական ոստան մը, ուրկէ տարուէ տարի նոր ուժեր, ընձիւղներ կը նետուին մեր գրականութեան սպասին։ Հայ հոգեւորականութիւնը իր մեծ քանի մը դէմ քերով, Խրիմեան, Սրուանձտեանց, միտքի մարգին վրայ կը շարունակեն առաքելութիւնը մէկ ու նոյն, որ Զարթօնքի սերունդին անունը պիտի պաշտպանէ տեւաբար:

[2]     Քիչեր հետաքրքրուած են իրողութեամբ մը որ ուշագրաւ է սակայն, իբրեւ միտքի արտակերպում, մեր նոր գրականութեանց կարճ շրջափոխութեան մէջ։ Գիտենք որ 1850–էն ասդին (մեկնումի կէտ արեւելահայ ու արեւմտահայ գրականութեանց) արեւելահայ գրականութիւնը չէր տուած ոչ մէկ հոգեւորական դէմք, միջակ կամ ատկէ քիչիկ մը վեր, որուն գործը որեւէ ձեւով արժէք մը ըլլար, ոչ թէ մահէն վերջը, այլ նոյնիսկ իր կենդանութեան, ինչպէս կ՚ըսեն։ Չեմ ուրանար ավ գագրական հանդէսի մը խմբագրութեան մէջ քահանայի մը անունը։ Եւ սակայն չեմ ալ տարազանց չափով մը ընդարձակեր սա հաւաքչական վաստակը։ Միւս կողմէն, հայ յղացքին ու ոգիին գերագոյն կեդրոնը կը մնայ միշտ ու միշտ Մայր Աթոռը։ Ճեմարանը պատմութեան հաւատարիմ ու արդի միտքին ընդդէմ լայնամիտ բարձրագոյն հաստատութիւն մըն է, չըսելու համար հայ հոգիին ճշմարիտ վառարան: Չեմ մոռնար Ներսէսեանը, Լազարեանը։ Ու կ՚աւելցնեմ որ հոգեւոր ուսմանց համար սահմանուած այդ աշակերտութիւնը արժանացաւ յաճախ մեծ ալ բարիքի մը, համալսարանական կրթութեամբ մը պսակելու իր կոչումը։ Բանից դուրս եկածը ուրիշ է սակայն։ Այս բարձր միջոցները, պետական շեշտ պաշտպանութեամբ մըն ալ երբեմն, ունեցան տարբեր արդիւնք։ Աշխարհական գրողներ, գործիչներ, ուսուցիչ, երիտասարդութիւն առին այդ ուսումին կնիքը, զայն բարեփոխեցին, ու երեւան բերին փաղանգը արեւելահայ մտքին սպասարկուներուն. բոլորն ալ բացառապէս աշխարհական, մինչ դժնդակ օրէն կը պակսի եկեղեցական գրագէտը, թէկուզ միջակ տարողութեամբ: Չեմ կրնար խանդավառուիլ Շահնազարեան վարդապետով թէ եւ բանասիրական, մասնաւանդ պատմա–հետազօտական լայն հետաքրքրութիւններ շեշտ կերպով կը սրեն այդ մարդուն դէմքը իր ժամանակին ընդմէջէն։ 1880–էն ասդին երեւոյթը դիմած իր անխուսափելի հետեւանքներուն։ Արարատի ոտքին, մեր ամենէն բարձր հոգեԼորական կեդրոնը շիջած է ինք իր փառքին մէջ ու հայ հոգիին, հայ միտքին սպասը անվերադարձ ելած է հայ հոգեւորականութեան պարունակէն, հիմնովին ենթարկուելու համար աշխարհիկ տարրին։ Ասդին, այդ թուականներուն մեր ամենէն արդիւնաւէտ գրագէտներէն մէկն է ապահովաբար Գ. Սրուանձտեանց։ Այդ թուականէն վերջ պիտի հիմնուի Արմաշը։ 1900–ին Դուրեան Սրբազան մեր քնարերգութեան մէջ անունէ մը աւելին է։ Ու Օրմանեան թէեւ անկարող Լէօն հակակշռելու, համադրութեան իր ճիգովը հետաքրքրական դէմք մըն է։ Չեմ գիտեր, տե՞ղն է խօսիլ Մխիթարեան նահանջին վրայ, ստեղծագործ մարզին մէջ, երբ 1880–էն ասդին մեծերու շուքին փաթթուած միջակութիւններ կը յամառին փոխարինել ապրումին իրականութիւնը։ Նոյնիսկ Վիեննան զառածած էինք իրմէ, չոր, անհորիզոն հետաքննութիւնը, հաւաքումը հանելով առաջին պլաններու, մոոնալու աստիճան ոգիին գիւտը որով միայն կը ներուին մեզի մեր նուիրումն ու սպառումը անցեալին մեռելաստանէն ներս։

[3]     Ինչպէս անհեթեթութիւն պիտի ըլլար զլանալ տարազին բարիքը ՊԱՊԻԿ ԵՒ ԹՈՌՆԻԿ–ին, հասարակ ամենէն աժան տեսակէն բարոյախօսութիւն որուն ետեւը գրագէտ մը կ՚ապրի սակայն։ Մեծագոյն նմոյշը այդ կերպ գեղեցկութեան մը, ապահովաբար կու գայ գործէն Սրուանձտեանցի որուն ոճը, անհուն, գրեթէ կործանարար մեղքերու հակառակ, դարձեա՛լ արուեստի գործիք մըն է ու իբր այդ կը պաշտպանի գործը։ Արդարեւ, հայաստանցի վարդապետին որ էջը որ բանաք, պիտի զգաք համ մը, անորակելի սարսուռ մը որ նուէրներն են արուեստագէտ զգայնութեան։ Հարիւրներով անուն կայ այդ հաւաքումները աւելի գիտական, աւելի ամուր տուեալներու վրայ իրագործող, բայց մէկ հատիկ իսկ ոչ՝ այդ համը, զգայնութիւնը մեզի փոխանցող։ Հոս է ահա հարցին բովանդակ դժբախտութիւնը։ Հարիւր տարի կայ որ Վիեննայի մեր պատուական, գիտուն վարդապետները կը զբաղին այն ամենով, որ մեր ժողովուրդին ամբողջական կեանքը կ՚ընդգրկէ, անցեալին վրայ շեշտ նախասիրութեամբ մը։ Բայց հազիւ քանի մը գիրք, որոնք հորիզոն բանային այդ մռայլութիւնները պարագրկելու, տեսնելու: Դասական հայերէնի ազնիւ յղացքը անոնք տրտում, վարժապետական, քերականական հեշտանքի մը վերածեցին ու կանոնաւոր շարադրութեան մը փաստը ոչ թէ իր ժամանակին մէջ ջանացին շահագործել, այլ ելան անով գրե՞լ յաւակնելու, պարզելով տղայամտութեան անբացատրելի պատկեր մը։ Դասական հայերէնը անհունօրէն տարբեր համադրութիւն մըն է մեր մտքին մէջ, ոչ թէ համաձայնական օրէնքներու code մը: Զի այդ մարդոց մէջ լուռ էր արուեստին զգայարանքը, որ կեանք փոխադրողն է անցեալին։