Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԸՆԴՀԱՆՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

/33/ Արուեստագէտ սերունդ բանաձեւը արտայայտման դիւրութեան մը համար գործածուած տարազ մըն է, քանի որ արուեստի հասկացողութենէն ու գիտութենէն զուրկ մարդեր չեն պատկանիր գրականութեան ու ասոր պատմութեան։ Ան կը ձգտի թելադրել գրողներու խումբի մը մօտ գրեթէ հասարակաց մտահոգութիւն մը, արուեստին հանդէպ մասնաւոր հոգածութիւն մը, որ իր բոլոր իմաստը կը գտնէ երբ համեմատուի իրապաշտներուն մօտ հասարակաց միւս մտահոգութեան, խորքին այլամերժ արժէքին, ձեւին հանդէպ թոյլ, չըսելու համար արհամարհոտ անտարբերութեամբ մը։ Արդարեւ, բացի Զօհրապէն, Չօպանեանէն ու ձախող Սիպիլէն (իբր նրբացման մէջ մոլորող մը), իրապաշտները մտադիր եղան իրենց կառոյցները պաշտպանելու կեանքով, որ կը բաւէր իրենց։ Արփիարեանի արտամարհանքը Եղիայի մը արուեստին դէմ, ուրիշ բան չապացուցաներ։ Յաջորդ սերունդին համար արտայայտութիւնը կը բարձրանայ առաջին փլանի։ Բացի Տիկին Եսայեանէն, որուն առաջին էջերը ծանր կերպով վիրաւոր են այդ ոգիին ծայրայեղութենէն (ԱՇՈՒՂ, ԵԱՇՄՈՒՔ), 1900էն յետոյ հրապարակ իջնող բոլոր անունները պիտի տառապին արտայայտութեան հսկայ տառապանք մը։ Ամէնն ալ գրել գիտեն: Ըսել կ՚ուզեմ լեզուն կը գրեն, առանց քերականական սխալի։ Բայց այդ պարզ հաւաստում էն դէպի արուեստ բարձրացում մը ծիծաղելի պիտի ըլլար: Այդ իսկ կասկածով պիտի ջանան դարմանել զգայնութեան ահաւոր տագնապը, ու պիտի նրբանան, զարդարուին, ժանեկուին, բառերու կրկէսի մը վերածելու աստիճան գրականութեան սպասը։ Տեսակ մը կրկնութի՛ւն երեւոյթին, որ դիտուած էր 1870–90ի  /34/ շրջանին, ուր մարդիկ զեղծաներ էին դարձեալ, յանուն արուեստի։ Հոն ալ տագնապը զգայնութեան տագնապ մըն էր անշուշտ, ինչպէս է պարագան բոլոր արուեստի տագնապներուն համար։ Բայց մարդերը ռոմանթիզմ մը ունէին իրենց գահաւորակ։ Ու անոր կռնակէն երգեցին լուսինն ու զեփիւռը, պլպուլն ու անիրական հայրենիքը, ու բոլոր սնոտիքը, որոնք դպրոցներուն սորվեցնել կրցած միակ առաքինութիւնները կ՚ըլլան թշուառ մարդոց։

Արտայայտութեան սա տառապանքը եթէ հասարակաց է բոլորին, որոնք արուեստագէտ սերունդին մեծ անունները պիտի ըլլան, կը պաշտպանուի սակայն նոյն ատեն զօրաւոր ալ խառնուածքներով [1] ։ Այն սերունդը, որուն պատանութիւնը հանդիպեցաւ անդրանիկ խանդին իր նոր պատանութեան պատմութեան, երիտասարդութիւնը թաթխուեցաւ մեր արիւնին մէջ (անդրանիկ փողոցումները) եւ որուն ողբերգութիւնը պիտի լրանայ կա՛մ տիամփորայի եւ կամ 1915ի խելացնոր ողջակէզին մէջ, այդ սերունդը վեր է իր բոլոր մեղքերէն։ Անհաւասար, թերի է, երբեմն ուռուցիկ, աւելի յաճախ ինքնակորոյս, անոնց գործը անարժան չէ սակայն կանխողներուն։ Անիկա նախ իրապաշտներէն ժառանգած է ասոնց ամենէն արի առաջինութիւնը, գրականութիւնը ազատագրել է ատիկա անձնական հեշտանքներու միջոց իր դերէն։ Հանրային հետաքրքրութիւնը անոնք պիտի պարտադրեն գրողներուն, իբր տիրական պարտականութիւն։ Երկրորդաբար անոնց արտասահմանեան թեւին մէջ պիտի շքեղանայ նոր մեր օրերուն հզօրագոյն զգացողութիւնը, ազատագրութեան հոյակապ պատրանքը: Այս զգացողութիւնը, որուն առաջին արծարծիչները նորէն իրապաշտները կը նկատեմ, հոգեյատակը կը յօրինէ արուեստագէտ սերունդի աւագ դէմքերուն։ Բացի քանի մը անուննե/35/րէ [2], որոնք Պոլիսին կապերուն մէջը կ՚իյնան (Մեծարենց, Զ. Եսայեան, Չրաքեան), միւսները, եւրոպական ոստաններու մէջ ապրելու, տառապելու բայց չմեռնելու ճակատագրուած, շփումի կու գան եւրոպական արուեստի իրական զգայարանքի մը հետ։ Եւրոպական ըմբռնումով գրելու ձեւ մը պայմանն իսկ է գրականութեան։ Արտասահմանեան այս նորոգումը անուղղակի պիտի անդրադառնալ Պոլսոյ գրողներուն ալ վրայ։ Մէկէ աւելի են այն տաղանդները, որոնք 1900ին նուէրներն են մեր հաւաքական հարստութեան։ Եթէ զեղչենք յեղափոխական, ազգայնական լարը (անկարելի՝ Պոլիս), դիւրին է երկու թեւերը համադրել արուեստի սա հասկացողութեան մէջ, որ փոխեց նկարագիրը մեր արձակին։

Դպրոց մը չէ ասիկա, բառին եւրոպական առումով, ոչ ալ այն նեղ, պարագայական իմաստով, զոր ներելի է գործածել իրապաշտ գործունէութիւնը երը փորձենք համադրել այդ կարգի փափաքներով: Չէ անիկա խմբակ մը նոյնիսկ, որ իրարու հայտ միտքեր, իրարու հետ գործելը չարհամարհէին։ Ոչ մէկ հանգանակ։ Ոչ մէկ կազմակերպուած գործունէութիւն։ Ռուբէն Զարդարեան, Սուրէն Պարթեւեան, Ատոմ Եարճանեան, Դանիել Վարուժան, Զապէլ Եսայեան, Տիրան Չրաքեան, Միսաք Մեծարենց, Եղիշէ Դուրեան, իրենց խորքին, խառնուածքին, նախասիրութեանց մէջ այնքան տարբեր իրարմէ, իրենց արտայայտութեան մէջ կը պարզեն հասարակաց լար մը, զոր կանուանեմ պաշտամունքը արուեստին։ Այս հաւաստումը բա՞ւ է արդարացնելու տարազը։ Կ՚ենթադրեմ։

* * *

Գրական ամէն սերունդ, ըսեր եմ, աշխարհագրական միութիւն մը չէ, իր յստակ սահմաններով։ Անոր սկզբնաւորումը կը կորսուի յաճախ իրեն նմանող երեւոյթներու ծոցը։ Ոչ մէկ կասկած որ տակաին 1890ին Մեծարենցի rococo-ն գոյութիւն ունէր՝ Սիպիլի ԺԱՆԵԱԿՆԵՐԸ քերթուածին մէջ։ Ու ինչ փաստ նոյն այս մտածում էին /36/ այն միւս իրողութիւնն ալ, իրապաշտ վէպին բացարձակ յաջողանքը՝ ԱՄԻՐԱՅԻՆ ԱՂՋԻԿԸ պիտի գրուի 1905ին։

Բայց կան գիծեր։

1900ին մեծ է թիւը սկսողներուն։ Անոնք պիտի կազմեն յառաջիկայ տասնամեակին ամենէն մաքուր փառքերը, ինչպէս արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան համար հաստատ տուեալներ։ Անոնցմէ ամէն մէկուն հետ այդ գրականութիւնը պիտի արձանագրէ նուաճումներ, որոնք նոյն ատեն հոգիի երեսակներն են մեր ժողովուրդին։ Ինչ փոյթ որ անոնցմ է ոմանց մօտ ի զօրու ըլլան դարձեալ կանխող երկու սերունդներուն մեծ մեղքերէն բաժիններ։ Տիկին Զ. Եսայեան չուտով պիտի հրաժարի ծեքծեքուն արձակէն։ Բայց պիտի իյնայ հակադիր ծայրայեղութեան մէջ, գրելու համար փայլոտ, կամաւոր զօրութեամբ մը զարնուած իր ոճով, իր վիպակները, հոգ տանելով անոնց հոգեբանական շահեկանութեան եւ Պարթեւեան մը պիտի փոխադրէ երկրէ երկիր Արփիարեանի խանդը ու հռետորութիւնը Չօպանեանին, լինելու համար իր պատմուածքները ու չտեսնելու համար ահաւոր վրիպանքը իր թատրոնին։ Կարելի է այս ճշդումները երկարաձգել հոս աւելորդ կերպով մը։ Կ՚անցնիմ։ Ու չադրաւ է սակայն բոլոր սկսողներուն մօտ յանդգնութիւն մը, ձեւին նորութեան, ինքնատպութեան ի խնդիր, յանգելու աստիճան անընդունելի արդիւնքներու, ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԸ եւ ԾԻԱԾԱՆԸ իրենց չնորհներէն մէկ մասը կը ճարեն 1900ի ընթացիկ ճաշակներէն։ Աւելի չափով մը՝ իրենց մեղքերը դարձեալ պարտական կը մնան նոյն ճաշակներուն։

(Թող ներուի ինծի, որ չզբաղիմ ուրիշ ալ սկսողներով, որոնք այդ փառքով միայն մնացին ու չանցան իրական գրականութեան։ Կիներ, ասոնը, առաւելապէս։ Որոնց գործը աւելի թշուառ է քան իրենց անձը, սիպիլեան սնոտիքին մէջ իրենց սեթեւեթը արժեւորելու հետամուտ։ Ոչ մէկ գիրք այդ կէս երկվեցակի մօտեցող գրագիտուհիներէն։ Ու չեմ զբաղիր նորէն այս խումբին այրերովը, հակառակ այն մեծաղաղակ գործունէութեան, զոր այս մարդերէն ոտ մանք ունեցան, հրապարակելով պարբերաթերթ, գիրք եւայլն։ Երկուքին ալ մեղքը՝ լեզուին վրայ իրենց հսկայ յանձնապաստանութիւնն է։ Այս նանրամտութեամբ անոնք ստեղծեցին դպրոցը, որ 1900–1908 օրերուն ստուերեց բուն գրականութիւնը իր սնոտիքին տակ)։

Բայց սկսողներուն քով կայ փաղանգը շարունակողներուն։ Ասոնք կը պատկանին հաւասարապէս Կրտսեր Ռոմանթիքներուն, որքան Իրապաշտներուն, սպառումը, ծերութեան որքան հոգեկան տագ/37/նապներու հետեւանք, կը զարնէ զանոնք։ Ինչ փոյթ որ Թովմաս Թերզեան պիտի ուշանայ իր գերեզման էջքը, «սիրելիներուն մօտ հանգչելու համար», որոնց կարօտէն կը հալի անիկա, ինչպէս կը պատմէ թշուառ քերթուածի մը մէջ (ԻՄ ԿԵԱՆՔԸ)։ Իրապաշտներու կազմաւորման օրերուն անիկա արդէն դադրած էր ապրել է մեր բանաստեղծութեան համար։ Նոյնն է պարագան Մ. Աճէմեանին, Յովհաննէս Uէթեանին համար։ Այս խմբակը պիտի վերապրի իրապաշտութեան ալ կործանումէն վերջը, բայց ոչ արուեստին համար։ Ռ. Պէրպէրեան հազիւ կը կենայ ոտքի, բայց իր բոլոր դպրոցամոլութիւնը ետին տափելու իմաստութեամբ մը, փրկելով իր անունը տանելի արքով մը քերթուածներու, ինչպէս դատումներու։ Բուն իսկ իրապաշտներէն Զօհրապ, ըսի արդէն, տօնական գրագէտ մըն է, իբրեւ վիպող։ Բայց իր մտածումները, աշխարհահայեացքը, գրագէտի ճշմարիտ դերին իր գիտակցումը մեզ կը գտնեն, իրենց ամբողջական փառքովը, լիութեամբը 1908էն ասդին։ Մինչեւ իր մահը անիկա պիտի ապրի իր արուեստին բարձրագոյն խտութեանը հետ։ Արտասահմանեան իրապաշտ մեծ անունները զերծ չեղան մեզ հարուածող աղէտին անդրադարձումներին։ Բաշալեան մինչեւ 1903—4 պիտի շարունակէ հաւատալ իր մեծ գրագէտի վարկին, առանց զգալու, որ լքուած էր իր ժողովուրդէն։ Կամսարական, ամենէն արագ դասալիքը խումբին, պիտի առնուի «գործի» պահանջներէն ու պիտի փաթթուի քաղքենի իր ախորժակներուն, չմոռնալով սակայն մօտ քառասուն տարի, թէ ինք դրական մեծ շարժումի մը մարդն էր եղած, ու տօնական իր հանգամանքը պիտի արժեւորէ միշտ խոհուն, ազնուական իր միտքը չխնայելով մեր կարիքներուն, բայց մաս չառնելով բուն իսկ գրական իրողութենէն, որ միակ հաշուըուող բանն է գրագէտի մը օրերէն։ Այս վերջին թէզին հաւատարիմ է Արփիարեան։ Չօպանեան պիտի անցնի արուեստագէտներն ալ ու պիտի հասնի մեր նսեմաuտանին, յետպատերազմեան մեր քաւարանին, միշտ կանգուն, գրեթէ միս մինակ, չհասկնալով իր շրջապատը, քիչիկ մըն ալ ինքզինքը։ Բայց դիտելի է, որ վերջին երկու անունները իրենց ծանրութիւնը կը գտնեն 1900էն վերջը։ Ու ասիկա պարզ դիտողութիւն մը չէ հոս։ Իրապաշտներուն հետ սկսող ուրիշ անուններ՝ Թլկատինցի, Զարդարեան կը պարզեն հասունութեան իրենց շրջանը։

Այս ընդհանրութիւնները չեմ կրնար ծանրաբեռնել ուրիշ մանրամասնումներով, այս անգամ թերթերէ, հանդէսներէ, գրական ձեռնարկներէ, թէեւ անհրաժեշտ են անոնք, լուսաւորելու համար շրջանը, պարզելու համար գաղտնիքը կարգ մը վրիպանքներու։ Գրա/38/կանութեան պատմութիւն մը աւելի ընդարձակ մթնոլորտ մը ունի, քան որեւէ ուրիշ պատմութիւն, վասնզի պարտաւոր է զբաղիլ երկու աշխարհներով ալ։ Ասոնցմէ մէ կը գրողին սեպհական աշխարհն է։ Ու հայ գրագէտին աշխարհը Աստուծմէ միայն թափանցուելիք բան մըն է։ Միւսը՝ իր գործերուն աչխարհը, որուն վրայ միայն կրնանք հիմնուիլ։ Իմ ուժերը անբաւական կը զգամ ջանքը տանելու զոյգ աշխարհներն ալ նուաճելու փափաքով։ Մենագրութիւնները, որոնք կը հետեւին, կը շահագործեն միայն գործելու աշխարհը։ Անոնց ծաւալը արժէքներու համեմատականութիւն մը պէտք չէ թելադրէ ընթերցողին։ Անոնցմէ ոմանք ինձմէ առած են հատորներ . Եսայեան, Չրաքեան, Մ. Մեծարենց, Զարդարեան)։ Անոնցմէ ուրիշներ զիս զբաղեցուցած են իրենցմով տրուած հարցերուն հաշւոյն։ Արուեստագէտ Սերունդը մեր գրականութեան ամենէն յորդ շրջանը կը ներկայացնէ, չըլլալով սակայն կատարեալ։ Իր բախտն է ասիկա։



[1]     ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ընդհանուր տիտղոսին ներքեւ իմ հետապնդածս մատենագիտական նպատակ մը՝ չէ, որ մեր գրականութեան մէջ միջակ ու նոյնիսկ տանելի գիրքերու եւ ասոնց հեղինակներուն շուրջը կենսագրական գիտելիքներու տեղ պիտի տրուէր։ Կը զբաղիմ միայն վաւերական տաղանդներով, գիտնալով հանդերձ որ գրականութեան մը պատմութիւնը Երկրորդ գիծէ մարդեր կը յօրինէ, քանի որ յաճախ վարիչ դիրքերու վրայ կենալուն առաջին պայմանը այս իսկ հանգամանքով կը վերածուի միջակութեան մը լուսապսակին։ Ժամանակը, գերագոյն դատաւոր, անշուշտ կը միջամտէ ի վերջոյ։ Այս մտածումով է որ այս աշխատութեան ընթացքին ես կը լռեմ մեծանուն մարդոց մասին, որոնք 1900էն յետոյ տէր էին մեր գրական հրապարակին ու այսօր երջանկայիշատակ անուններ միայն, իրենց փառքին մէջ վարշամակուած ու արդարութեամբ մոռցուած։ Անոնք՝ այդ անուններին որոնք դեռ ողջ են, ցաւելու պատճառ մը պէտք չէ փնտռեն այս զանցումին մէջ: Թող նային իրենք իրենց, ու ատիկա բաւ է արդէն։

[2]     Իրապաշտներէն ոմանք արտասահմանի մէջ պիտի աւարտեն իրենց տաղանդին շրջափոխութիւնը։ Չօպանեան պիտի ամբողջացնէ ինքզինքը։ Բաշալեան պիտի նուազի։ Արփիարեան պիտի տանի իր տաղանդը մինչեւ իր վերջնական ճակատագիրը, ու առանց նուազման պիտի իջնէ գերեզման։ Սիպիլ մեռած է արդէն 1900ին: Հրանդ Ասատուր, Զօհրապ պիտի շարունակեն իրենք զիրենք բարեփոխել։ Զօհրապի լաւագոյն էջերը կ՚իյնան 1908–1915ի օրերուն։ Հրանդ 1900էն յետոյ ոչինչ ունի ըսելիք։