Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՆԻԷԼ ՎԱՐՈՒԺԱՆ

Դանիել Վարուժանի գործը քերթողական անխառն վաստակ մըն է, ու այդ իսկ հանգամանքով արեւմտահայ քնարերգութեան մէջ ունի բացառիկ նկարագիր։ Չեմ կրնար, իրեն չափ ու թերեւս իրմէ աւելի օժտուած բանաստեղծները, որպիսին են Պ. Դուրեանը եւ ուրիշներ, որոնց տաղանդը համազօր է իր տաղանդին . Մեծարենց), եզր ունենալ ուսումնասիրելու համար իր դէմքը, թէեւ երկու անուններն ալ պատկանին անխառն քերթողութեան նոյն ընտրեալ փաղանգին։ Ասիկա անոր համար, վասնզի Վարուժանի գործը ամբողջութիւն մըն է, ուր կը մտնեն շատ կարեւոր ազդակներ, իւրաքանչիւրը մինակը բաւող բանաստեղծի դէմք մը փրկագործելու։ Արդարեւ մօտ երեք քառորդ դար անցել են ՏՐՏՈՒՆՋՔին . Դուրեան) օրերէն։ Գրականութեան պատմիչը Դուրեանի տաղարանին մէջ կը հաստատէ այսօր ինչ որ իր ժամանակը տեսեր էր ու քիչիկ մըն ալ կը ծանրանայ Դուրեանով արմատ առած քերթողական ըմբռնումին։ Անկարելի է այդ տաղերէն վերակազմել Զարթօնքի Սերունդին հոգեկան պատկերը։ Անոնք կը պատմեն ամէն ժամանակներու մեծ բանաստեղծը ու այդքան։ Պարագան գրեթէ նման է Մեծարենցին։ Բայց գրականութեան պատմութիւնը պատմութիւնն է ժողովուրդի մը ամենէն տարածուն, խոր, բախտորոշ ապրումներուն։ Քերթող մը որ ըլլար բաւական զօրաւոր, այդ ամէնը իր մէջ առնելու ու զանոնք իր ձեւովը յանձնելու ապառնի ժամանակներու, անիկա այդ իսկ բարիքին համար պիտի բարձրանար բացառիկ արժէքի։ Ասիկա զգացեր էի, մօտ երեսուն տարի առաջ, Վարուժանի գործին հանդէպ (դեռ անիկա հեղինակն էր ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ հատորին) իմ տպաւորութիւնս բանաձեւած ատեն։ Ու զայն յայտարարած մեր օրերու քերթողութեան հզօրագոյն դէմքը։ Անկէ ասդին շատ բան փոխուած է մեր հոգիներէն։ Մեր քնարերգութիւնը կնիքին տակն է մեր ճակատագրին։ Ու նոր անունները պակասը չէ որ զիս կ՚ընէ մելամաղձոտ։ Այլ պակասը այն ամենուն, որոնք Վարուժանի զգայնութիւնն էին յօրիներ. մեր պատմութեան դարաւոր ծորումներով /185/ ու նոր մարդուն մէջ յառնող ուրիշ ալ զգացումներով։ Անոնք որ այ սօր, Փարիզի գռիհներուն մէջ, իրենց վրայ կամար կապող թշուառութեան մէջէն կը դատեն զայն, Վարուժանը, ու կուրանան, անոր անձին հերքումովը, հազարամեայ զգայնութիւններ, եւ ուրիշ ալ աւելի անմահ տեսիլներ, ու կը ծանրանան արտայայտութեան երկրորդական մեղքերուն վրայ, մատի փաթթելով ասոր հռետորականութիւնը, խոշորութիւնը, չրսելու համար ռոմանթիզմը, անոնք իրենց թշուառութիւնը միայն կ՚ապացուցանեն։ Զգայարանքներ կան, որոնք չգործածուելով կը չքանան։ Ասոնցմէ՝ գեղեցկութիւնը զգալու կերպը մեր մէջ։ Ու գաղթականի հոգեբանութիւնն ալ ուրիշ կերս, այլ զեղեցկութիւնը խաթարելու։

* * *

Քաղցր երիտասարդ մըն էր երբ զինքը ճանչցայ։ Հակառակ Եւրոպային՝ ուրկէ կու գար իր ուսման ընթացքը բոլորած, անիկա չըրաւ իմ վրայ տպաւորութիւնը՝ զոր պիտի առնէ եւ իր ընկերներէն, գլխաւորաբար Կ. Զարեանէն։ Գաւառական պարկեշտութիւնը, candeur-ը անոր անձը կը պաշտպանէր, զօրաւոր, գրեթէ տեսանելի գոլի մը պէս։ Ու չունէր Եւրոպան սպառած (իր տրտմութեանց ու փոքրութեանց մէջ) տղոց ո՛չ յոգնութիւնը, ո՛չ անիմաստ մեծամտութիւնը։ Կը հաւատար մեր արժէքներուն, աւանդութեանց, դերին, բոլոր իր ընկերներուն նման, բայց այդ հաւատքը մտքէն պիտի չանցընէր համբաւի պատուանդան կամ դատաւորակ ընծայելու։ Այս վերապահութիւնը, մտքի սա համեստութիւնը, գիւղական անփոփոխելի բացսիրտութիւնը առաջին տեսակարար յատկանիշներն էին, որոնք զինքը կը տարբերէին, օրինակի համար, Կ. Զարեանի մը, Սիամանթոյի մը, Ռ. Զարդարեանի կերպարանքներէն, ըսել կ՚ուզեմ՝ ասոնց բարոյական կենդանագիրներէն (portrait moral)։

Համեստ սա իմացականութիւնը անիկա պիտի չչարչարէր, անկէ պահանջելու համար իր տարողութենէն վեր իրացումներ։ Իր բանաստեղծի տաղանդին վրայ իր հպարտութիւնն իսկ պիտի մնար ենթակայ իր միտքին ու հիմնական նկարագրին։ Անշուշտ տկար էր իր մէջ ղործունէութեան (action) երակը։ Բայց ատոր գիտակցիլը իր արժանիքը պիտի ըլլար ամենէն առաջ։ Կը յիշեմ մեր խօսակցութիւնը Պոլսոյ մէջ։ Մեծ խռովքներու օրեր էին։ Եւրոպայէն նոր էր դարձած։ Ու թրքական Սահմանադրութեան վրայ իր վստահութիւնը խախտեր էր Ատանայի եղեռնով։ Ըսինք իրարու շատ բան։ Հոս /186/ կը խնայեմ իր հասկացողութեան վերլուծումը մեր իրականութեան վրայ։ Յեղափոխութեան արդարութիւնը անիկա վերածեր էր պատմական արդարութեան ու չէր զգար, թէ որքա՛ն տարբեր բաներ էին անոնք: Պիտի մեկնէր «Հայրենիք», որուն կարօտը իրեն ներշնչած էր մէկէ աւելի գլուխ–գործոց քերթուածներ։ Այդ կարօտին ետին՝ խոր, անպարագրկելի միւս ալ կարօտը, իր ժողովուրդը ճանչնալու իր պապակը զոր կը ծածկէր, բայց որուն իրականութիւնը ինծի համար դուրս էր կասկած է։ Խառնուիլ հողին, յոյզերուն, ապրումներուն, որոնք եղեր էին իր պապերունը, Փոքր Հայքի հեռաւոր մէկ աւանին մէջ, ահա իր արուեստին մեծագոյն զսպանակը։ Բաժնուեցանք իրարմէ, դէպի մեր գիւղերը։ Պոլիսը ինծի համար շքեղ խաղ մըն էր, տեսակ մը թատերաբեմ։ Հոն իմ գտածը վար էր իմ մտապատկերէն։ Վարուժանի համար ալ այդ Պոլիսը ծաղրանկար մըն էր, իր Փարիզէն վերջը։

 

Սեբաստիոյ մէջ անիկա պիտի շփուի այդ ժողովուրդին։ Պիտի ունենայ հիասթափումներ, բայց պիտի օգտուի սուղ այդ օրերէն։ ՀԱՑԻՆ ԵՐԳԸ անկարելի պիտի ըլլար, առանց այդ մէկ–երկու տարիներուն, որոնք անիկա անցուց այդ հիւղական ոլորտին մէջ։ Չեմ պատմել իր դառնութիւնները։ Իր ռոմանթիզմը կոտրած էր այն բոլոր բրտութիւններէն, որոնք դասական, գիւղաքաղաքային պայմաններուն փուշերը կը կազմեն, ամէն արուեստագէտի համար։ Պոլիս դարձաւ։ Գտանք կրկին զիրար։ Ձգեր էի ես ալ գիւղը։ Մինչեւ իր ձերբակալումը անոր հետ ունեցայ մտերիմ եղբայրութեան կապեր։ Իր գործերուն գտած ընդունելութիւնը վտանգելու չափ չէր ազդած իր արուեստագէտի խղճմտանքին վրայ։ Հեռուէ հեռու միայն կը կասկածէր իր Բանին տարողութեան։ Չուզեցի վրդովել իր հասկացողութիւնը, համոզուած ըլլալով որ ամէն արուեստագէտ հարիւր անգամ աւելի կ՚արժէ քան ամենէն մեծատաղանդ քննադատը: Իր հռետորութիւնը, դիւրութի՛ւնը՝ կեանքը զգայուն ու գունագեղ պատկերներու (ուրիշ խօսքով՝ տպաւորիչ նկարագրութեան) վերածելու, իր մէջ արմատացած հաւատքը՝ բանաստեղծի այն դերէն, ղոր քերթողները ներեցին իրենց մեծամտութեան որքան միամտութեան կանխող դարուն (Լամարթին, մանաւանդ Հիւկօ) եւ զոր մեր մէջ ահա անիկա կը բարձրացնէր արուեստին ոչ-հարազատ պաշտօններու (fonction). քաղաքական ազդակներ ու տակաւին ուրիշ բաներ, գլխաւորաբար Եւրոպայէն իւրացուած (իր ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐԸ ամբողջութեամբ պատմութիւնն են այդ տպաւորմանց) մեր սպա/187/uումները, խոհեր ու մեր ճակատագրին մոռացումը, առանձին առանձին վերլուծման նիւթեր կը դառնան հիմա ինծի։ Ու մեծ է ցաւը իմ անկարողութեան, այս ամէնը պարզելու, իր առիթով, լաւն ու վատը, մասնաւորապէս։ Պոլսոյ մէջ անիկա պիտի տպէ իր երկրորդ հատորը (ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐ)։ Պիտի պատրաստէ նիւթը ՀԱՑԻՆ ԵՐԳԸին, զոր իր մահէն վերջը իր համակիրները պիտի հրատարակեն։ Մաս էր առած «Մեհեան»ի խմբագրութեան մէջ։ Իր բաժանումը խումբէն (Մեհենականների արդիւնք էր ոչ թէ արուեստի հակամարտ կեցուածքներու, այլ աելորդ դիւրազգածութեան, Կ. Զարեանի քիչիկ մը խոշոր յաւակնութիւններուն, որոնք տանելի էին ինծի ու Գեղամ Բարսեղեանին այն մեծ փաստով, որ թերթը կ՚ընէին կենդանի ու շահուն սիրոյն՝ հանդուրժելի թեկուզ ծիծաղելի քրմութիւններ, հերիք էր որ տաղանդը չպակսէր այդ վերագրումներու ետին, ու Կ. Զարեան տաղանդ ունէր։

1915ին զինք տեսայ, վերջին անգամ, Ռ. Սեւակի տունը, Բերա։ Քաղաքը անճանաչելի էր դարձած։ Ու մէկէ աւելի գրողներու մասնակցութեամբ, սեղանի մը գլուխը անիկա բաժակ մը գինի պարզեց մեր գրականութեան: Ու կարդաց իր ԿԱՐՄԻՐ ՀՈՂԸ։ Չեմ կրնար մոռնալ կրակը, որ ձայնն ու դէմքը առած էր իր մէջ, երբ քերթուածը կը յօրինուէր, մեր ամենուն հիացման առջեւ։ Անոր մարմինը ճշմարիտ նուագարան մըն էր։ Ու բոլորս ալ զգացինք, թէ հին օրերու ներշնչեալները (inspire), տեսանողները տարբեր տեսակի արարածներ ըլլալու էին, քան այն որ ահա իր գրածը կ՚ապրէր մեր առջեւը այդքան անդիմադրելի խռովքով մը։ Սեւակի կինն անգամ, գերմանուհի մը, որ տունի հայերէն մը հազիւ ճարած էր իր ամուսնին սիրոյն, առնուեցաւ բառերուն այդ կրակէ շապիկին մէջ ու լացաւ, վստահ եմ, առանց հասկնալու թէ այդ բառերուն ընդմէջէն մենք՝ հայերս, ի՜նչ ահաւոր, ի՜նչ քաղցր, ի՜նչ անհուն բաներ կը ծծէինք։ Իր առածը գոլն էր միայն բառերուն։

Խղճամիտ էր իր արուեստին հասկացողութեան որքան գործդրութեանը մէջ։ Կը սրբագրէր անդադար, գտնելու համար մտատիպարը, ղոր քերթուածը կը թելադրէր իրեն, դեռ չնուաճուած։ ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ ին նախերգանքը կը խորհրդանշէ այդ վիճակը, երբ «մրրկավարս, հրաչուի» քերթողը կը մտնէ ներս «նուիրական» իր արհեստանոցէն, «կը փակէ փեղկերը» արեւին ճաճանչներուն դէմ, ու կը քանդակէ, մինչեւ որ մարմարին ծոցէն ծաղկի գլուխը կնոջ մը։ Իրեն համար ալ ճիշդ էր ստեղծում են սա հրայրքը։ Մինչեւ իր մահը, /188/ ստեղծագործ երկունքի իր տասը տարիները անիկա դասական գեղեցկութեամբ մը արդիւնաւորեց, շքեղ անդաստանի մը պարբերականութեամբ պտղաբերելով իր անմահ բերքը, առանց աճապարանքի, առանց տենդի։ Ինչ որ կեանքը պիտի տար իրեն, բաւ էր հարիւր քերթող իսկ բեռնաւորելու [1] ։ Այդ է թերեւս պատճառը, որ իր սերունդին մէջ ըլլայ մինչեւ այսօր ամենէն քիչ տուժողը ժամանակին աւերէն։ Անշուշտ իր տաղերը մեծ զարկերն են իր ժողովուրդի հոգիին։ Բայց անիկա չզառածեցաւ երբեք այդ վաստակը ընել է հաշիւ իր փոքր հաճոյքներուն։ «Փնտռուած», «տօնուած» քերթողը խնայեց իրեն, ըսել կ՚ուզեմ արուեստագէտի իր խղճմտանքին, ու եղաւ զգոյշ ողողելու հրապարակը բարձրաճիչ, փայլուն, հռետորաշունչ արտասանութիւններով։



[1]     Արուեստագէտ Սերունդին մէջ քերթողական կարելիութիւնները զուր տեղը չէ որ կը ներկայացնեն մեր բարձրագոյն իրագործումները։ Բացի Մեծարենցէն որ չտեսաւ Եւրոպան, միւսները ապրած են զայն։ Ու նոյնիսկ անօթութեամբ «վարշամակուած» քերթողը կը շահի կեանքէն այն, զոր անկարող պիտի ըլլային իրեն տալ հայ գիւղն ու հայ Պոլիսը։ Այդ զրկանքին գինովն է որ այս սերունդին քերթողները կը ճարեն իրենց գործին համար նորագոյն շնորհներ։ Առանց այդ Եւրոպային ըմբռնելի չէ ինչ որ Վ. Թէքէեանի քերթողութեան ամենէն սրտառուչ, իրաւ, մարդկային յատակը կը կազմէ։ Գեղեցկութիւնը ձրի բառ մը չէ։ Անիկա «կրկնաւորումն» է բնութեան, աւելի ոճաւորուած։