Ե.
ԳՐԱԳԻՏՈՒՀԻՆ
Արեւմտահայ
գրականութեան
ամենէն
կատարեալ
գրագէտներէն
մէկն
է
այս
կինը,
եթե
ոչ
ամենէն
կատարեալը։
Վերադիրը
չունի
յաւակնութիւն
բաղդատական
կշիռներու։
Գրելու
թեքնիքը
այն
քան
թուլօրէն
տիրապետող,
օրէնքներէն,
գրական
ծաղիկներէն
այնքան
խորշանք
զլացող
այս
կինը
իր
մէջ
կը
համախմբէ
այն
քանի
մը
հիմնական
նկարագիրները,
որոնք
գրագէտի
յղացքին
որոշ
իմաստ
մը
կու
տան
մեր
օրերուն։
Այդ
իմաստը
ընդարձակ
է
բաւական
ու
վեր
է
պայծառ
վերջադիրներուն
կշիռէն։
Ոչ
ոք
մտքէն
պիտի
անցընէ
կասկածի
ենթարկել
Պետրոս
Դուրեանին
հանճարը
իբր
բանաստեղծ,
բայց
պիտի
տարուի
նոյն
ատեն
անոր
գործին
մէջ
ընդունիլ
գրագէտ
մը։
Այս
պարզ
օրինակը
կը
բացատրէ
շատ
մը
բաներ,
մէկ
անգամէն։
Գրագէտը
հաւաքական
յատկանշում
մըն
է,
աւելի
քան
անհատական
relief:
Այդ
է
պատճառը
որ
տաղանդը.
—
նախապայման
ամէն
արուեստագէտի
համար
—
գրագէտը
կերպադրելու
արարքին
/326/
մէջ
հանուի
իր
ֆէթիշական
առումէն,
երբ
կուսումնասիրենք
մարդեր
որոնք
Ալիշան,
Պարոնեան,
Միսաքեան,
Պէրպէրեան,
Տէմիրճիպաշեան,
Ռ.
Զարդարեան
կ՚անուանուին։
Այս
մարդոց
իւրաքանչիւրը
սա
ընդհանուր
առումին
մէջ
իր
արդարացումը
ունի
քանի
որ
իր
ձգածը
գրական
ժառանգութիւն
մըն
է։
Ու
թերեւս
այս
յղացքը
կը
պաշտպանէր,
առանց
գիտնալու,
հասարակաց
գնահատանքը,
երբ
մեծ
գրագէտ
մը
կը
տեսնէր
Մատթէոս
Մամուրեանի
ետին։
Տիկին
Եսայեան
իբրեւ
տաղանդ
ու
իբրեւ
գործունէութիւն,
մանաւանդ
իբր
վաստակ
լիովին
արժանի
է
գրագէտի
իր
տիտղոսին։
Բայց
անոր
մէջ
այդ
յղացքին
կատարելութի՞ւնը։
—
Իմ
կարծիքով
հոս
ալ
գերգնահատում
մը
չէ
կատարուածը։
Միտքի
եւ
զգայնութեան
համահաւասար
խառնուրդը,
որով
կը
տարբերի
անոր
մեզի
ձգած
գործը
մեր
ջոջ
գրողներուն
վաստակէն,
զինքը
արժանի
կ՚ընէ
այդ
փառքին։
Զի
չի
բաւեր
մարդերը
մահու
չափ
յուզել
գիտնալը
(Պ.
Դուրեան)
կամ
բառերը
ներկի
պէս
գործածելը
(Տ.
Չրաքեան)։
Պէտք
է
հաղորդ
ըլլալ
շրջանին
հզօրագոյն
խռովքներուն,
միտքի
եւ
սիրտի
այն
տագնապներուն
որոնք
սերունդի
մը
ճակատագիրը
կը
յօրինեն,
ու
ատոնց
հետ,
մէջէն,
իր
անձը
գիտնալ
յարդարել
այդ
ամէնը
համադրող
տարազներու,
վկայութիւններու։
Կրնայ
պատահիլ
որ
մեր
կալուածը
իյնայ
միայն
մասնակի
նուաճման
մէջ։
Փոյթ
չէ։
Վէպ
մը
բաւական
ընդարձակ
տարազ
մըն
է
որպէսզի
գրադէտ
մը
հոն
նետէ
իր
սերունդին
ամբողջ
դեմոստայնը։
Նմանապէս
քերթուած
մը։
Երբեմն
նամակներու
տրցակ
մը։
Էականը՝
այդ
վէպը,
նամակները,
քերթուածը
լեցնող
ոչիին
ընդհանրութիւնն
է։
Եթէ
չկան
մեծ
ու
պզտիկ
գրագէտներ
(պզտիկները
անբաւականներ
են),
կան
թերի
ու
ամբողջական
գրագէտներ։
Տիկին
Եսայեան
ամբողջական
գրագէտ
մըն
է։
Նման
հաւաստում
մը
երբեք
հակասութիւն
մը
չի
կազմեր
այն
միւս
ալ
ստուգութեան
զոր
անոր
գործը
կը
պարզէ
քննադատին.
—
ասիկա
հատուածականութիւնն
է,
անամբողջութիւնն
է
անոր
աշխարհին։
Ըսի
թէ
անոր
վէպէն
չի
յառներ
տիրական
համապատկեր
մը,
թէ
խրամատներ,
բոլորովին
լքուած
երկրամասեր
իր
ժողովուրդին
ապրումներին
չեն
ծածկուիր
այսօր։
Բայց
այս
վրիպանքը
գործադրութեան
վրիպանք
մըն
է
ամէն
բանէ
առաջ։
Ու
անխուսափելի
ամբողջ
Արեւմտահայ
գրականութեան
համար,
որ
միշտ
ալ
պիտի
տառապի
իրեն
յատուկ
պայմաններու
լուծին
ներքեւ։
Կատարելութեան
յղացքը
ձգտում
էին
լիութիւնը
կը
համազօրէ
ու
այդ
ուղղութեամբ
մինակն
է
մեր
մէջ։
/327/
Հիմա
քանի
մը
ցուցմունքներ։
Ամենէն
առաջ՝
Իր
զգայնութի՛ւնը,
բացառիկ
ըսուելու
չափ
բազմասարիք։
Թերեւս
չէք
նչմարած
որ
արեւմտահայ
գրողներուն
մէջ
անիկա
մինակն
է
որ
յուղել
դիտնար։
Ու
յուզումը
մեր
միտքին
չնորհներէն
չենք
ծորեր
մեր
էջերուն,
այլ
մեր
սիրտն
է
որ
կու
տայ
մեզի
այդ
Հատուածային
քաղցրութիւնը։
Մի
շփոթէք
զայն
արցունքին
պարտադրանքին,
շուտով
զառածող
դէպի
զգայնոտութիւն,
թացիկութիւն,
առնուազն
կեղծիք
ու
ռոմանթիզմ։
Տիկին
Եսայեան
բաւական
Փարիզ
ապրած
է,
վտանգին
անծանօթ
մնալու
համար։
Անոր
զգայնութիւնը
իր
կարգին
գումար
մըն
է
ուրիշ
բաներու,
ընդարձակ,
հեռաւոր
կամ
մօտիկ
աղբիւրներէ
հոսած
անոր
մարմինին
ընդունարանին։
Մեր
գրականութեան
մէջ
ամենէն
կանացի
զգայնութիւնն
է
անիկա
[1]
։
Լայն
ու
թերեւս
անտեղի
տարազներ
չեն
կրնար
փոխարինել
այն
շատ
պարզ
իրողութիւնը
որ
կին
տարրն
է,
մատուցուած
մեր
զգայարանքներուն
կամ
դրուած՝
աշխարհի
յոյզերուն
դիմաց։
Քնքշութիւն,
գորով,
գութ,
սուր
ու
արագ
անդրադարձումներ
իրենց
փորձառութեանց
կարկառներէն,
սէր
որ
աւելի
է
այրերուն
մօտ
այնքան
տիպարային,
բնազդական
իր
շեմայէն,
ուժգնութիւն՝
առնելու
եւ
տալու
արարքներուն
մէջ
երբ
ասոնք
կը
պատկանին
հոգեկան
ի/328/րողութեանց
շրջանակին։
Ու
ճկունութիւն,
վայելչութիւն,
ճաշակ,
ներքին
candeur,
սեռին
վսեմացմամբը
(sublimation
par
le
sexe)
յարդարուած՝
պատսպարելու
համար
մարմիններուն
անխուսափելի
թանձրութիւնը։
Ու
թռիչք,
թեթեւութիւն,
թրթռագին
ու
հեշտայոյզ
ինքնարձակումներ,
նուաղումներ,
վարանքներ,
անկումներ
ու
խղճահարութիւն։
Անշուշտ
այս
վիճակները
միայն
կիներու
մենաշնորհը
չեն
կազմեր։
Բայց
ատոնց
համագումարն
է
որ
կինը
կ՚ընէ
այնքան
տարբեր
իր
հականիշէն։
Դժուար
է
այս
վերագրումները
գործածել
այր
գրագէտի։
Փորձեցէք
ու
պիտի
զգաք
վերապահումին
ուժը։
Տիկին
Եսայեան
իր
տպաւորապաշտ
էջերը
հանած
է
այս
հոգեյատակէն։
Չեմ
կրկներ
ըսուածները։
Կ՚աւելցնեմ
թէ
իր
թէ
իրմէ
դուրսին
համար
անոր
զգայնութիւնը
սխրալի
խռովքներու
հոմանիշ
է
դարձած։
Ի՞նչ
թարմութիւն,
մարդերու
կարաւանէ
մը,
կէս
դար
յետոյ
անուած
տպաւորութեանց
հանդէսին
վրայ։
ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ
ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ
իշատակներու
մոգական
պուրակ
մը
չէ
միայն,
այլ
հոգեկան
դաշտանկարներու
հազուագիւտ
ալպոմ
մը՝
ուր
նայուածքդ
կը
պտտի,
չգիտնալով
զատել
պարիկը
իր
պալատին
տեսարաններէն,
այնքան
խաղաղ
ու
վայելուչ
է
խաղը։
Նոյնն
է
պարագան
ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ
ՄԷՋ
վկայութեան
ուր
անոր
սիրտը
կը
զգայ,
առաջին
ու
վերջին
անգամ
գուցէ,
ինչ
որ
այս
ժողովուրդին
խորհուրդը,
տռամը
կը
շինէ
օտարներու
աչքին։
Կիներու
հոգիներու
վերլուծում
մը
միշտ
կարօտ
չէ
կանացի
զգայնութենէ
մը
պաշտպանուելու։
Վկայ՝
գրականութեանց
մեծ
կիները
որոնք
այր
արուեստագէտներու
յօրինումները
եղան
ու
յաջողագոյն
կիները
կը
նկատուին
արուեստին։
Բայց
հոն
ուր
այրերու
տաղանդը
անզօր
պիտի
մնայ,
ըսել
կ՚ուզեմ
այն
փափուկ,
նրբին
կիսերանգ
ու
համակ
քաղցրութիւն,
ճաշակ
վիճակներու
սեւեռում
ին
մէջ,
կինը
կը
տեսնէ
աւելի
իրաւ,
աւելի
պարզ,
աւելի
նեղ։
Կարծես
տունը,
օրրանը,
մահիճը,
պարտքերը,
օճախը
կոտրած
են
անոր
զգայարանքներէն
ոմանց
սլաքները։
Ու
Տիկին
Եսայեանի
գործին
ամենէն
թանկագին
մասը
այս
անսուտ
զգացումներուն,
տպաւորութեանց,
գիւտերուն
կը
մնանք
պարտական։
Աւելի՛ն։
Այդ
մասը
կը
բարձրանայ
իր
արժէքին
մէջ,
երբ
զայն
սեւեռող
արուեստագէտը
իր
կարգին
բարձրորակ
երակէ
մը
կու
գայ։
Ո՞րն
է
կինը
Տիւսաբի
վէպերուն
մէջ։
Հարցուցէք
ու
լռեցէք։
Էրիկ
մարդու
գաղափարաբանութիւն
մը
անհանդուրժելի
կու
գայ
մեզի
այսօր,
երբ
կը
մօտենանք
այդ
վէպերու
մեծ
հերոսուհիներուն։
Ու
փետրակազմ
պուպրիկնե՞րը
Սիպիլին,
որոնք
հազիւ
կը
թանձրանան
ԿՆՈՋ
ՀՈԳԻՆԵՐ
շարքին
մէջ,
մինչ
ԱՂՋԿԱՆ
ՄԸ
ՍԻՐՏԸ
կը
վտանգէին
այն/329/քան
յիմար,
ոստոստուն
իրենց
ախորժակներով։
Ինչ
ալ
ըլլայ
կտորը
ուր
կաշխատին
Տիկին
Եսայեանի
տաղանդը,
մեծ
վէպերէն
մինչեւ
թռուցիկ
երկու
սիւնակը
լրագրին,
միշտ
պիտի
դնէ
հոն
իր
ամբողջ
զգայնութիւնը։
Ասով
է
որ
իրմէն
մեռած
տարրերն
իսկ
փոշի
ու
անդարձ
կորուստ
մը
չեմ
նկատեր։
Սիրտ
յօրինելու
արուեստ
մը
կայ
ապահովաբար,
որ
տարբեր
օրէնքներու
կը
հպատակի
(արեւմտահայ
փարթամ
վէպը
այդ
շնորհէն
զուրկ
պիտի
ըլլար)։
Ու
Տիկին
Եսայեան
այդ
արուեստին
ամենէն
ապահով
գործաւորն
է
մեր
մէջ։
Իր
վէպերուն
մէջ
յուզումէ
տարրը
այս
արուեստով
է
որ
կ՚ազատի
գրականէն,
հնարովիէն
ու
կ՚ըլլայ
կեանքին
իսկ
ջերմութիւնը,
աղը,
արցունքը,
թուղթերով
ճարտարապետուած
աշխարհէն
ներս։
Այդ
զգայնութեան
շատ
են
ստորոգելիները,
ինչպէս
շատ
են
գիծերը
որոնք
մեր
մարմինը
կը
լինեն։
Հաճոյքի,
ցաի,
վայելքի
նուրբ
երազանքին
ու
թանձր
ախորժակներու
հասարակ
խառնուրդ
մըն
է
կեանքը։
Ասիկա
չէ
որ
կը
հերքեմ,
բայց
գիտեմ
թէ
հոգիի
ինչպէս
մարմինի
պարունակներուն
մէջ
կան
անդունդներ,
զառիթափեր
ուր
կը
բուսնին
հազուադէպ
կերպով
ազնուագոյն
ցայտքերը
կարդ
մը
մարմիններու
եւ
հոգիներու։
Տիկին
Եսայեան
պոլսեցի
կին
մըն
է։
Ու
այս
վերադիրը
հոս
կը
թելադրէ
ինծի
ինչ
որ
մեր
ցեղային
զգայնութեան
վրայ
իրր
փոփոխութիւն
կրնայ
մուտք
գտած
ըլլալ
վերջին
քանի
մը
դարերու
ընթացքին։
Ոչ
մէկ
գրագէտ
այսքան
յստակ
կերպով
իր
վրայ
երեւան
կը
բերէ
այն
քանի
մը
շատ
յատկանշական
կերպերը
զգալու,
անդրադարձելու
որոնք
Արեւմտահայ
գրականութեան
զատորոշիչ
նկարագիրն
են
նոյն
ատեն։
Անշուշտ
առատ
են
լուսինը,
զեփիւռը,
սոխակը,
լճակը
մեր
ռոմանթիքներուն
մօտ,
եւ
զուր
տեղը
չէ
որ
Պոլիսը
կը
հռչակուի
իբր
ամենէն
նկարագեղ
կայքերէն
մէկը
աշխարհին։
Բայց
այն
մնայուն
կերպով
կրկնուող
տպաւորութեանց
հանդէսը
որ
ի
վերջոյ
Տիկին
Եսայեանի
վէպերուն
համար
ներքին
բարեխառնութիւն
մը
կը
դառնայ
(երբ
գիտենք
թէ
արտաքին
աշխարհը
երբեմն
դեր
մը
ունի
մեր
ներքին
աշխարհը
ոճաւորելու),
կեանքին
դէմ
կենալու
ցեղային
կերպը
որ
մեր
պատմութեան
մշուշին
ընդմէջէն
այսօր
սխալ
տախտակի
մը
վերածուած
է
(մեզ
ընելով
լալկան,
նենգ,
աներազ,
շահադէտ
ու
գետնաքարշ
ամբոխ
մը.
ինչպէս
կը
տպաւորենք
երբեմն
օտարները
երբ
գունաւոր
ակնոցներով
կ՚անցնին
մեր
մօտէն,
ի
հաշիւ
աս
ու
այն
քաղաքական
վարդապետութեանց)
զմեզ
մեզի
անճանաչելի
ներկայող,
մեր
պատմութեան
մեզի
հարկադրած
չարափոխումները
որոնք
աղէտի
կը
դառնան
հոմանիշ,
քանի
որ
արդիւնք
են
մեր
իսկ
ընտրանիին
վրայ
/330/
վայրագօրէն
գործադրուած
այլասերումներուն
[2],
տաք,
խանդոտ,
նրբիմաց,
դիւրահաղորդ
երիտասարդութիւնը,
որուն
մարմինը
դեռ
գիւղը
չէ
սպառած
իր
պապերուն
եւ
որուն
ջիղերը
կը
թաթխուին
քանի
մը
մ
չակոյթներու
խառնարան
քաղաքի
մը
հեղմունքներուն
մէջ
—
բոլորը
իրենց
լայնագոյն
արտայայտութիւնը
կը
գտնեն
մեր
քանի
մը
ազնուական
գրագէտներու
գործերուն
վրայ։
Ըսի
թէ
ոչ
ոք
այդ
արտայայտութիւնը
ըրած
էր
այնքան
հարազատ
որքան
Տիկին
Եսայեանը։
Ըսել
կուզէի
թէ
այն
համաշխարհիկ
(չըսելու
համար
աշխարհաքաղաքացի)
տուրքերը
որոնք
մեր
գաղութները
նշանաւոր
կ՚ընեն
դեռ
տասներորդ
դարէն
ու
կ՚ապրեցնեն
ափ
մը
արմատախիլներ,
երբեմն
տիրական
դիրքերու
ալ
վրայ,
օտարներու
ծովուն
մէջ,
այդ
տուրքերը,
մասնաւորաբար,
ասոնց
իմացական
երակէն,
միայն
Տիկին
Եսայեանի
անձին
վրայ
չէ
որ
կը
ժամադրուին
անշուշտ։
Բայց
մեր
ընտրանիին
ամենէն
հարազատ
պատկերը,
գործ՝
նոյն
այդ
տուրքերուն,
մեզի
կու
գայ
Տիկին
Եսայեանի
գիրքերէն։
Անոնց
ամենէն
աադ
հերոսուհին
յաճախ
ինքն
է։
Ու
իր
ջիղերով
մեզի
մատուցուած
զգայութիւնները,
ամբողջ
գրականութեան
մը
ամենէն
քաղցր
սեւեռումները
եղան։
Անտեղի
է
թուումը
գործի
մը
առջեւ,
որուն
մասերը,
չըսելու
համար
մասնիկը,
խնամքով
ընտրութիւնն
են
այդ
քաղաքին
մեր
մէջ
մթերուած
տպաւորութիւններուն։
Նոյնիսկ՝
կանացի
նրբամոլ,
զգայնիկ,
քիչիկ
մը
սեթեւեթին
հակող
կերպը
այն
օրերուն
իր
բոլոր
փառքին
հակառակ,
անյաջող
կը
դառնայ
խաթարելու
այդ
զգայնութիւններուն
վաերական
թարմութիւնը։
Այդ
Պոլիսը
մեզի
տուած
են
մեր
վիպասանները,
Զօհրապ,
Կամuարական,
Սիպիլ,
Երուխան։
Բայց
չեն
տուած
մեզի
ինչ
որ
անոր
հոգին
իսկ
էր
եղած։
Կրնաք
զայն
անուանել
հոսհոսութիւն,
ժանե/331/կապաշտութիւն,
բառամոլութիւն,
կեղծ-դասականութիւն,
անսրբագրելի
ռոմանթիզմ։
Ազատ
էք։
Քանի
մը
դար
վերջ
այս
մեղադրանքներն
ալ
կը
դադրին
իրենց
ժխտական,
դատապարտող
ուժէն
ու
կը
վերածուին
հաւանաբար
նկարագրի
[3]
։
Գրագէտ
մը
միայն
ջիղերու
խուրձ
մը
չէ։
Անիկա
նոյնքան
աւելի
խորութեամբ
իմաստի
գործարան
մըն
է։
Իր
գործին
ընդհանուր
վերլուծումը
զիս
շփումի
բերաւ
Տիկին
Եսայեանի
մտածման
ընդհանուր
դրութեան։
Առանց
չափազանցութեան
կրնամ
յայտարարել
որ
անիկա
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
մտածող
վերադիրը
արդարացնող
առաջնակարգ
դէմք
մըն
է։
Դժուար
է
ինծի
համար
այս
վերադիրը
զիջիլ
Չերազի
մը,
որ
կը
կարծէր
մտածել
երբ
ճառեր
կը
գրէր,
Եղիայի
մը՝
որ
միտքին
ծամածռութիւնները
չէր
կրնար
զանազանել
բուն
իսկ
մտածման
արարքէն,
Պէրպէրեանի
եւ
Մամուրեանի՝
որոնք
քրոնիկը
կը
վարդեջրէին
քիչիկ
մը
ընթացիկ
իմաստութեամբ,
Չրաքեանի
մը՝
որ
բառերու
կռնակէն
կ՚որոտար,
Յ.
Գ.
Մրմրեանի
մը՝
որ
բառերը
բառերուն
քով
դնելու
ճաշակ
մը
կը
վերածէր
իմաստասիրութեան։
Այս
յաւակնութիւնները
այսպէս
պիտակելէ
ետք,
արդարութի՛ւն՝
իրապաշտներու
ճիգին
որոնք
կեանքին
/332/
շերտը
կը
ջանան
փոխակերպել
իմաստի
տախտակներու։
Զօհրապ,
Կամսարական,
Բաշալեան,
Չօպանեան
–
կեանքի
որսորդներ
–
իրենց
գործին
մէջ
երբ
կը
մտած
են,
չեն
կրկներ
ռոմանթիքներուն
անլրջութիւնը։
Բայց
բոլորին
ալ
աշխարհը
զգայնութիւններու
հանդիսարան
մըն
է,
ուր
մտածումը
պատահական
է,
չըսելու
համար
օտարոտի։
Հաճոյք
մըն
է
սակայն
հաստատել
որ
Տիկին
Եսայեանի
գործը
յաճախ
մեզի
պատեհութիւն
կու
տայ
մտածուած,
իմաստի
բարեխառնութեան
մը
վերցուած
աշխարհի
մը
մէջ
զմեզ
զգալու։
Ու
ասիկա
իր
բոլոր
նշանակութիւնը
կը
ստանայ
երբ
տեղեակ
ըլլանք
թէ
ո՛րքան
դիւրաւ
շփոթելի
բաներ
են
ադամանդն
ու…
ապակին,
ճշմարիտ
իմաստն
ու
անոր
կեղծը։
Տիկին
Եսայեան,
կեանքի
որսորդ
մը
ինքն
ալ,
կը
տարբերի
իրապաշտներէն
անով
որ
իր
տիպարները
արդէն
իսկ
բնակիչներն
են
իմաստին,
ու
կը
գործեն
անոր
նշանին
ներքեւ
(signe)։
Իմացական
սա
բարեխառնութիւնն
է
որ
այդ
կիներու
ինքնավերլուծումը
կ՚ազատագրէ
տխուր
բախտէն՝
բառ
ու
օտարէն
առնուած
վարդապետութիւն
ըլլալու
(Տիւսաբ),
կամ
Չրաքեանի
եւ
Կ.
Զարեանի
մօտ
դիտուած
էին
նման՝
ներկուած,
խնդրական,
առաձիգ,
միշտ
անբովանդակ
վերագրում
է
մրցանք
մը
միայն
թելադրելու,
այնքան
դիւրաւ
կը
պատրեն
մեղ
բառերը,
ճարտար
արհեստաւորներու
մատներէն,
երբ
կը
յարդարուին
ու
կը
դրուին
հրապարակ։
Մտքի
հսկայ
մը
որակուեցաւ
Կ.
Զարեան,
համակ
ջիղ
ու
հազիւ
երբեմն
ուղեղ,
որ
հրաշախառն
պատկերներու
հանդիսապետ,
մեծ
հեգնանքի
ահաւոր
պարսատիկ,
ծիծաղելի
խաբեբայ
մըն
է
ամէն
անգամ
որ
կը
յերիւրէ
ազգեր
ու
մտածողութիւններ,
որոնց
մէջ
չէ
ինկած
կայծ
մը
ուղիղ,
լուրջ
դիտողութեան։
Տիկին
Եսայեան
կը
մտածէ,
ոչ
չլացիկ,
շքեղ,
ալապուտիկ
դրութիւններ,
այլ
այն
ապահով
փորձը
զոր
մեր
ու
կեանքին
բախումը
կը
պայմանէ
մեզմէ
ներս։
Ասկէ՝
իր
տուածին
հանդէպ
մեր
ապահովութիւնը։
Կրնաս
իր
մտածումները
վերածել
անձնական
ու
ատով
խնդրական,
այսինքն՝
քնարական
երազանքին
որ
ֆրանսիացի
ռոմանթիքներու
մօտ
այնքան
յաւակնոտ
կերպով
մը
փոխանորդեց
հարազատ
խորհրդածութիւնը։
«Բանաստեղծական
խորհրդածութիւններ»ը
(Լամարթին)
միայն
քերթողական
տաղարանի
մը
անունը
չէ,
ոչ
ալ
«Գանկին
մէջ
փոթորիկ»
(Վ.
Հիւկօ,
ԹՇՈՒԱՌՆԵՐ)
գլուխը
հանրահռչակ
շատախօսութիւն
մը,
այլ
գրական
հասկացողութեան
մը
փաստերը,
վասնզի
այն
օրերուն
մարդիկ
ծանր
զգացողութիւնը,
մահուան
ստուերահաճ
երազանքը
ինչպէս
իմաստասէրներուն
անուններուն
հոլովումը
կը
շփոթէին
մտածման
այլապէս
բարդ
հարցին
հետ,
ինչպէս
մեր
օրերուն
/333/
ալ
կը
շարունակենք
ընել
նոյնը։
Տուի
անուններ
երկու
նորագոյն
գրողներէ։
Չեմ
երկարեր
վէճը։
Զ.
Եսայեան
միշտ
վստահութիւն
կը
ներշնչէ,
քանի
որ
մտածումը
մեկնակէտ
մը
չէ
իրեն
համար,
այլ
յանդում
մը,
այլ
զգայութիւնները
համադրելու
կանչուած
արագ,
պայծառ,
իրաւ
փունջ
մը
բառերու,
քիչ
որքան
լեցուն
ներքին
իսկութեամբ։
Իր
գործին
մէ
ջ
սփռուած
այս
անջատ
ծաղիկները
ծաղիկներ
են
միայն։
Ոչ
մէկ
յաւակնութիւն
զանոնք
ծանրաբեռնելու
ուրիշ
տարրերու
ենթադրական
թելադրանքովը։
Իր
օրերուն
այնքան
ընթացիկ
սեմպոլը
պիտի
չփորձէր
զինքը։
Ու
պիտի
չնկարագրէր
անիկա,
թաքուն
փառասիրութեամբը
ուրիշ
բաներ
ըսողի։
Անոնք,
մտածումները,
կը
փակեն
խռովքը,
ինչպէս
շիրմի
մը
վրայ
տող
մը
կը
փակէ
աշխարհ
մը
յոյզ
ու
տառապանք։
Անոնց
նկարագրին
մէջ
ներքին
աղե՞րս
մը։
Այո՛,
պայմանաւ
որ
վարդապետութիւն
մը
չըլլար
ատիկա։
Նոյն
միտքէն
բխած
բաներ
էին
անոնք…
առնուազն
արգանդին
կը
պարտէին
ձեւէն
աւելին։
Զանոնք
համախմբե՞լ։
Միշտ
կարելի
է։
Ու
նման
աշխատանք
մը
մեզի
պիտի
բերէր
շահեկան
պատկեր
մը
ամենէն
առաջ՝
ազնուական
մշակուած
ուղեղէ
մը,
երկրորդաբար՝
այն
միջավայրէն
ուրկէ
թելադրուած
էին
անոնք։
Իր
վէպին
վերլուծումը
նման
համադրութիւն
մը
թելադրեց
ինծի։
Հոս
չեմ
կրկներ
այդ
առիթով
ըսուածները։
Տիկին
Եսայեան
այն
շատ
բացառիկ
գրողն
է
մեր
մէջ,
որուն
հարուստ
զգայնութիւնը
միշտ
մնաց
ենթակայ
հզօր
ալ
իմացականութեան
մը։
Որ
զգաց
մեր
բանաստեղծներուն
սքանչելի
ջիղերովը,
արեւելքցիի
հոգիին
փարթամ
ջերմութեամբը,
բայց
չտարուեցաւ
անոնց
բռնութենէն
(թերեւս
կեանքին
մէջ
անոնց
ըրած
զիջումը
կը
միջամտէ
հոս
բարեբաստ
կերպով
մը)
ու
գրեց
զօրաւոր
միտքի
մը
կորովով,
պահելով
հաւասարակշռութիւն
մը
ընդմէջ
իմաստին
եւ
զգացումին։
Ու
իր
փառքին
իրական
զսպանակը
հոս
կը
պահուի։
Անոր
մտածումներուն
մէջ
ըսի
թէ
մարդ
մը
կար։
Ըսել
կուզէի
որ
այդ
մտածումները,
ապրումները
կը
պիտակէին,
ու
ատով՝
գիրքերու
մէջ
ճարուած
չոր,
շինծու,
բառախաղային
մեղքերէն
բոլորովին
զերծ
էին։
Յետոյ,
դժուար
չէ
զանոնք
վերլուծելով
երեւան
հանել
մտքի
վիճակը,
որ
մեր
ընկերութեան
բարձր
խաւերը
ունէր
այն
ատեն
իր
մէջ։
Մենք
անշուշտ
դժուար
կը
հաշտուինք
իմաստի
սա
աշխարհին
ընդհանրութեան:
Դրի
այս
առարկութիւնը
երբ
իր
վէպին
մէջ
տիպարները
կը
դատէի։
Բայց
չենք
կրնար
չաւելցնել
որ
անոնց
տիպարներուն
մտածողութիւնը
փոխառնուած,
բռնի
ճարուած
վարդապետական
կալիմաթիա
ալ
չէր
Տիւսաբի
վէպերուն,
ուր
թե՛
տիպար,
թէ՛
թէզ,
անտեղի,
առնուազն
անգոյ
էին։
/334/
Այդ
գործէն
քառորդ
դար
մեզ
կը
բաժնէ
այսօր
(Տիկին
Եսայեանի
գրական
գործունէութեան
խտութիւնը
կը
տարածուի
10–15
տարիներու
վրայ.
մինչեւ
պատերազմ
անիկա
ըսած
է
իր
ըսելիքը
մանաւանդ
իբրեւ
մտածում։
ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ
ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ
զգայութիւններու
հանդէս
մըն
է
որ
վեր
է
ժամանակէն,
անկէ
անկախ
ըլլալուն։
ՊՐՈՄԵԹԷՈՍ
ԱՐՁԱԿՈՒԱԾԸ
քաղաքական
քրոնիկի
մը
պէս
կը
տպաւորէ
զիս)
ու
այդ
քառորդ
դարը
կը
բաժնէ
մանաւանդ
մեր
միտքը
ինքը
իր
մէջ։
Անդունդ
է
փորուած
երկու
սերունդներու
հասկացողութեան
ընդմէջ։
Հաշտեցում
մը
անիմաստութիւն
պիտի
ըլլար։
Բայց
ինչ
որ
պատերազմէն
առաջ
Տիկին
Եսայեան
մտածած
է
իր
ու
իր
ժողովուրդի
մասին,
արժանիքն
ունի
իրաւ,
անկեղծ
վկայութիւն
մը
ըլլալու։
Այսպէս
դասաւորուած
անոր
վէպը,
քրոնիկը,
լրագրական
վաստակը
կը
կազմեն
առաջին
լուրջ,
իրաւ
ամփոփոյքը
երկու
սերունդի
մտահոգութեանց,
գէթ
իմաստի
մարզին
մէջ։
Իրապաշտները
չէին
ախորժած։
Իրենցմէ
ամ
ենէն
ընդունակը,
Արշակ
Չօպանեան,
զառածած
էր
դէպի
գրական
դատումը
որ
ջուրին
ջուրն
է
(դիտելու
համար
համբաւաւոր
պատմութիւն
մը
արեւելքի
առակախօս
էն),
քանի
որ
կեանքին
տեղ՝
ասոր
թղթացած
ստուերներուն,
գիրքերուն
վրայ
կ՚աշխատի։
Գրագէտ
մը
զգայութիւն,
դատման
տուփ,
մենքենայ
ըլլալուն
չափերովը,
է
նաեւ
պատկերներու
խորհրդաւոր
շտեմարան
մը։
Գիրքերը
այս
պարագան
կ՚անուանեն
երեւակայութիւն:
Տիկին
Եսայեանի
գործին
մէջ
այս
շնորհը
–
առանց
ասոր
դժուար
է
գրագէտ
յղացքը
ծանրացնել
—
միջակ
տարողութեամբ
նպաստ
մը
կը
բերէ։
Մեծ
վէպերուն
մէջ
անոր
վրիպանքը
ամրօրէն
ենթակայ
կը
մնայ
այս
անբաւականութեան։
Պատկերներու
յիշողութիւն
մը,
տեսողական
աւելի
քան
զգացական,
անոր
օգտակար
պիտի
ըլլար
ու
եղաւ
երբ
իր
աշխարհը
կը
ճարտարապետէ
ր,
իր
ապրած
վայրերուն,
coloris–ով
եւ
կարկառներով։
Իր
գործին
երեք
մեծ
կեդրոնները,
Փարիզ,
Պոլիս,
Հայաստան,
պարկեշտ
գծագրութիւններ
են
անշուշտ
ու
անոնց
գործերը
կը
պահեն
բնականութիւն
որքան
տեղական
հաստատ
նկարագիր,
բայց
երեւակայութիւնը
կը
միջամտէ
գիծէն
ու
կարկառէն
անդին
մանաւանդ։
Անիկա
անհրաժեշտ
է
կիրքերու,
զգայութիւններու
ծովը
վերլուծելու
համար։
Ու
չլինելու
համար
հոգիները՝
որոնք
այդ
կիրքերն
ու
զգայութիւնները
պիտի
գործածեն
նոր
աշխարհի
մը,
արուեստի
աշխարհին
ճարտարապետման։
Անոր
բոլոր
վէպերը
կը
տառապին
այս
տագնապով
որ
ծնունդի
յարդարանք
մըն
է
թերեւս։
/335/
Կառուցանող
երեւակայութեան
այս
նիհարութեան
ընդդէմ,
Տիկին
Եսայեան
տեսողական
ու
որոշ
չափով
մըն
ալ
կրական
(affectif)
երեւակայութիւնը
հարուստ
է
ու
ամենէն
համակրելիներէն
մէկը
մեր
նոր
գրականութեան։
Իր
անձերուն
կարիքին
համար
ոգեկոչած
պահերը,
վայրերը,
վիճակները
զերծ
են
հիմնական
թերութենէն,
որ
ռոմանթիմն
է
արեւմտահայ
վէպին
ու
քերթողութեան։
Անիկա
չէ
շփացուցած
իր
Պոլիսը,
որ
հեքիաթային
տարտամութեան
մը
խորը
անկնից
տարածութիւն
մըն
է
նոյնիսկ
մեր
մեծ
բանաստեղծներուն
ամենէն
յաջող,
կրակի
պէս
մեզ
կսկծեցնող
պատկերացումներուն
մէջ։
Կարդացէք
ԱՌ
ԶԵՓԻՒՐՆ
ԱԼԷՄՏԱՂԻ
գոհար
քերթուածը
ու
հարցուցէք
թէ
ո՛ւր
կը
գտնուի
այդ
դասական
ըսուելու
չափ
անշրջագիծ,
անկարկառ,
աներանգ
անտառը
զոր
ճանչցողները
յուսախաբ
կ՚ըլլան,
Մ.
Պէշիկթաշլեանի
ոտանաւորին
մէջ
ԺԷ.
դարու
փասթէլ
մը
տեսնելու
տպաւորութեամբ։
Ու
հարցուցէք
նորէն
ո՞ւր
է
այդ
զմայլելի
ԼՃԱԿը
որուն
կ՚ուղղուին
մարդկային
սիրտէն
փրթած
այնքան
սխրալի,
անվերածելի
խտութեամբ
կոչեր։
Ու
նոյն
նպատակով
կարդացէք
ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ
ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸէն
ՄԱԼԹԷՊԷն,
ուր
պարմանուհիներ
ծով
կը
մտնեն
ու
նաւակ
կը
նստին,
հիւծախտաւոր
երիտասարդներու
տժգոյն
ստուերներ,
կապոյտն
ի
վար
կանչուած։
Այն
ատեն
ձեզի
համար
պարզ
կը
դառնայ
երեւակայութեան
տագնապ
մը։
Տիկին
Եսայեանի
գործը,
իբր
ամբողջութիւն,
կը
պարզէ
անկորնչելի
արժանիքներ,
իրմով
փրկուած
բարքի
որքան
զգացական
տախտակներ
րու,
նկարներու
անփոխարինելի
բարիքներով։
Բայց
չեմ
կրնար
դիտել
չտալ
թէ
այդ
ամբողջութիւնը
մանրանկարչական
կողմ
մը
ունի։
Այդ
գործը
թանգարան
մըն
է
թերեւս,
ա՛լ
չիջած
քաղաքակրթութենէ
մը
մեզի
կտակուած։
Բայց
չէ
այդ
քաղաքակրթութիւնը։
Երեւակայութիւնը
որ
գրական
բառ
մը
չէ
սա
էջերուն
վրայ,
մէջտեղ
նետած
է
կանխող
ու
ներկայ
դարերուն
գրական
մեծ
կառոյցները։
La
Comédie
Humaine-ը
(Պալլաք),
ՌՈՒԿՈՆ
ՄՈԳԱՌՆԵՐՍ
(Զոլա)
չարքը,
ՔԱՐԱՄԱԶՈՎ
ԵՂԲԱՅՐՆԵՐԸ
(Տոսթոյլեւսքի),
A
la
Recherche
du
Temps
Perdu–ն
(Մարսել
Պրուստ),
Les
Hommes
de
Bonne
Volonté–ն
(Ժիւլ
Ռոմէն),
այսինքն
գործեր
որոնք
համադրութիւններ
են,
չէին
կրնար
յօրինուիլ
այն
շնորհներով
որոնք
Տիկին
Եսայեանի
էջերը
կը
ջերմացնեն,
բայց
չեն
փրկեր
անոնց
այս
ուղղութեամբ
ցաւալի
վրէպը։
Երեւակայութեան
պակասը
չունչի
պակաս
մը
չէ
սակայն։
Ըսի
թէ
կառուցանող
բնազդի
նուազում
մըն
էր
անոր
մէջ։
Ու
անտեղի
է
գուցէ
գրագէտի
մը
դէմ
կը
յօրինել
իր
վրիպանքներուն
գինովը։
Ճարտարապետական
երեւակայութեան
սա
նիհարութեան
փոխարէն՝
/336/
Տիկին
Եսայեան
անբաղդատելի
թարմութիւն
մը,
երիտասարդութիւն
մը,
իրաւութիւն
մը
կը
պարզէ
իրական
մարզերու
վրայ։
ԱՒ
ԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ
ՄԷՋ,
ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ
ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ,
ԻՍԿԻՒՏԱՐԻ
ՎԵՐՋԱԼՈՅՍՆԵՐԸ
միայն
գիրքերու
անուններ
չեն,
այլ
զգայութիւններու,
անխարդախ,
խորունկ,
շաղն
ու
շողը
վրան
զգայութիւններու
հանդիսարան,
որ
ժամանակին
հետ
չծերանալու
հրաշքովն
ալ
ըլլար
օժտուած։
Այս
յաջողուածքը,
հոս,
արդիւնք
է
իր
երեւակայութեան
իսկ
խտութեան։
Անիկա
կը
տեսնէ,
մտքին
մէջ,
իրե՛րը,
բայց
նոյն
ատեն
անոնց
առանձնակի
գիծերը,
նոյն
ատեն
անոնց
գոյները,
նոյն
ատեն
ձեւին
կապուած
մանր,
հազար
ու
մէկ
ուրիշ
ալ
զգայութիւններ
որոնք
մերը
կ՚ըլլան
բարդ
միջավայրերէ,
երբ
մեր
հոգին
նուագարանի
մը
պէս
լքած
են
մեզմէ
դուրս,
որպէսզի
իր
լարերուն
վրայով
ներս
առնենք
մէկ
պահի,
մէկ
տեղի,
մէկ
գիտակցութեան
մէջ
համանուագ
րոպէն,
ժամանակին
գողցուած
հրթիռ,
որ
երբ
լաւ
ամանի
մէջ
իյնայ՝
ա՛լ
չի
մարիր։
Տիկին
Եսայեան
այն
քիչ
գրագէտներէն
է,
որոնց
գործը
մեզի
հաղորդ
ընէր
այս
կարգէ
զգայութիւններ։
Գրագէտ
մը
չեմ
ըմբռներ
զուրկ
բանաստեղծական
խառնուածքէ,
որոշ
չափով։
Ու
բանաստեղծութիւնը
ընդարձակ
տարազ
է
հոս,
ուր
բառերու
չափաբերումն
ու
հնչական
առաքինութիւնները
հազիւ
թէ
մուտք
ունենային։
Անիկա
բարեխառնութիւնն
է
հոգիին։
Մեր
մտքին,
ջիղերուն,
երեւակայութեան
վերեւ,
տակը,
ներսը
թրթռացող
աննիւթ
հեղանուտը։
Որ
մեր
միսերը
երբ
կը
համադրէ,
չինելու
համար
դէմքերը
մեր
մարմիններուն
եւ
ոճերը
մեր
կիրքերուն,
անանուն
ստեղծագործութիւն
մը
կը
դառնայ։
Որ
մենէ
մէկը
կ՚ընէ
պարզ,
բուխ–սիրտ,
զգայուն,
զոհաբերման
հրեշտակ՝
ուրիշը
բարդ,
կուղպ,
կարծր,
եսակուռ։
Քակեցէք
այս
խիտ
տարազները
ու
դուք
կունենաք
մարդերու
կատարեալ
դրութիւններ։
Բանաստեղծ
է
անիկա
որ
այս
տարազները
կը
կարդայ
իր
մէջ
ինչպէս
իրմէ
դուրս։
Կրնայ
Շիրվանզատէ
ճարտար
հաւաքիչ
մը
ըլլալ
նկարագիրներու,
բարքի
տախտակներու,
նոյնիսկ
կառուցանող
մը,
չորս
հինգ
հարիւր
էջերու
վրայ,
որոշ
հայեցակէտով,
որոշ
դրութիւններու,
բայց
որուն
ոչ
մէկ
էջէն
մեզի
պիտի
գայ
քաղցրագին
գորովանքը
պահի
մը,
տեսարանի
մը
որոնց
խառնուէր
հոգեկան
հեղանուտ
մը։
Իր
գործէն
անձին
բացակայութիւնը
չի
փրկեր
այս
վրիպանքը։
Ոչ
ալ՝
այդ
անձով
ողողումը
բան
մը
կը
փոխէ
արդիւնքէն։
Տիկին
Եսայեան
իր
ամբողջ
գործին
համար
հոգեկան
մթնոլորտ
մը
կը
ճարէ
իր
խառնուածքին
սա
հեղումովը։
Ամենէն
տաժանագին
վերլուծումները
այդ
հեղա/337/նուտին
ընդմէջէն
կը
թուին
մեղմանալ,
քաղցրանալ։
Աւելին,
բնութեան
ու
ներքին
բնութեան
յուզումներուն
հանդէս
սա
թրթռագին
ընկալչութիւնը
եղանակ
մը
կը
դառնայ
անձերուն
ու
իրերուն
իսկ
վրայ։
Թռչունները
դուրսէն
դրուած
խամաճիկներ
չեն
իր
մօտ
երբ
կը
խօսին
նոճիի
մը
մահկաձեւ
օրանէն
առկախ,
եւ
կամ
վարդիներու
կարմրած
սիրտերը
կը
պատմ
են,
գարնանագեղ
իրիկուններուն,
մեղմ,
հեշտ,
թափանցող
խաղերուն
ուլունքները
թափելով
կիսաստուերին
մէջ
թափառող
աղջիկներու
սիրտը
դէպի։
Տիկին
Եսայեանի
ամբողջ
գործը
յորդ
է
այս
կարգէ
զգայութիւններով։
Անշուշտ
նկարագրամոլութիւնը
(1900ի
հզօրագոյն
մեղքը)
իր
բաժինը
ունի
այս
արդիւնքին
մէջ։
Բայց
համեստ,
երբեմն
զանցելի
բաժին
մը
միայն։
Մնացեալը,
—
ու
այդ
մնացեալը
իրերուն
կեանքն
է՝
խառնուած
մարդուն
տագնապներուն,
հաճոյքներուն,
յոյսերուն
եւ
յուսաբեկմանց,
—
հարազատ
հոգեբանութիւնն
է,
հոգեղէն
յօրինուածկը
ու
կը
պաշտպանուր
իրապաշտ
մեծ
տեսութեան
մէկ
վարկածով
որ
իրերը
անհրաժեշտ
տարր
մը
կը
նկատէ
հոգիներու
թափանցումը
հետապնդող
աշխատութեան։
Թրթռուն,
գերզգայուն
քաղցրաւէտ
ու
դաշնաթաւալ
հրթիռ
մըն
է
մենէ
ամէն
մէկը,
իր
որոշ
օրերուն։
Ատ
է
պատճառը
որ
յաջողած
բանաստեղծներու
եւ
ասոնց
գործերէն
ալ
յաջողած
քերթուածներու
թիւը
ըլլայ
այնքան
սահմանափակ։
Յիշեցի
անդին,
թէ
իր
արձակ
քերթուածները
ինչով
չէին
սուզուեր
այն
թշուառ
մոռացումին
ծոցը
ուր
հետախաղաղ
կը
պառկին
այնքան
մեծահռչակ
ոչնչութիւններ,
1890էն
մինչեւ
մեր
օրերը,
նոյնիսկ
ականաւոր
գրողներու
ստորագրութիւնն
ալ
վարկաբեկող։
Տիկ.
Եսայեան
միշտ
պիտի
խնայէ
մեզի
անտանելի
կեղծիքը
ռոմանթիք
դաշտանկարներուն,
Եղիայով
համբաւի
հասած
բառախաղային,
անլուրջ
մայիսներուն
կամ
իրապաշտներու
յաւակնոտ
տախտակներուն,
որոնք
տեղական
գոյն
ճշդութիւն,
բայց
չորութիւն
կը
ճարեն,
առանց
թելադրելու
կեանքին
ծփանուտ,
հեշտ
բաղաւաղ
նրբութիւնները։
Թող
Լեւոն
Բաշալեան
փարիզեան
գիշեր
մը
յօրինէ,
իրաւ,
խիտ,
յարմար
ագուցուած
խճանկարներով։
Պիտի
կարդանք,
բայց
պիտի
չմտնենք
անոր
խորհուրդէն
ներս։
Տիկին
Եսայեան
նոյն
բանը
պիտի
ընէ
Պոլսէն։
Ու
հակառակ
անոր
որ
ոճին
գիտութիւնը,
քերականական
ճըչգրտութիւնը,
բառերուն
ճաշակն
ու
գոյներուն
հարազատութիւնը
կը
հակեն
նժարը
դէպի
Բաշալեանի
consommé
արուեստը՝
յուզումը,
գրական
վայելքը,
ողողուիլը
պիտի
գան
Տիկին
Եսայեանէն։
Ու
ազ/338/դակը
այս
տարօրինակութեան՝
բանաստեղծական
խառնուածքն
է
[4]
։
Տիկին
Եսայեանի
զգայնութեան
քանի
մը
կարեւոր
կողմերուն
վրայ
սա
ցուցմունքներէն
վերջ,
կը
զբաղիմ
իր
մէջ
արուեստին
գործաւորովը։
Լեզու,
ոն,
յարակից
նրբութիւններ,
խծբծանք,
յաւակնութիւններ
ուրիշ
կողմեր
են,
արժանի
վերականման,
քանի
որ
Տիկին
Եսայեանի
մօտ
այս
հարցերը
պլատֆորմային
ալ
նկարագիր
մը
ունին։
Սիպիլի
ժանեկագուռ
բարբառէն
վերջ,
Սիլիհտարի
արագ,
ուղիղ,
գրեթէ
ժողովրդային
պատմումը
գրական
իրողութիւն
մըն
է
որ
կը
դրուի
իր
առիթով,
ամենէն
յարմար
գետնի
վրայ։
ա)
—
Այդ
լեզուն
կանոնաւոր,
անզարդ,
անծաղիկ
գործիքն
է
արտայայտութեան,
զտուած
իր
օտար,
եկամուտ
բռնադիր
տարրերէն։
Հակառակ
անոր
որ
Տիկին
Եսայեանի
աշխարհը
իմացապաշտ
մթնոլորտով
մը
պայմանաւոր
է
գրեթե
միշտ՝
տրամաբանական
չոր,
անջերմ,
անհաղորդ,
շաղկապահիւս
լեզուն
(որ
1880ի
սերունդին
ձեռակերտն
է
ու
պիտի
անցնի
իրապաշտներուն,
առանց
շատ
բան
թափելու
իր
հանդերձանքէն)
համակրանք
պիտի
չվայելէ
անոր
վէպերուն
մէջ։
Տիւսաբեան
վերացեալ,
գրաբարով
զրահակուռ
բարբառը,
ոչ
ալ
Սիպիլեա՛ն
«փողփողինէջ»,
պճլտուն
ու
սնամէջ
լեզուն
կը
դիմանան,
երբ
դրուին
մօտիկը
նոյնիսկ
փչուած,
քիչիկ
մը
դուրսէն
ջերմացուած
լեզուին,
որով
գրուած
է
օրինակի
մը
համար
ԱՇՈՒՂԸ։
Իր
յօդուածներուն
տէր,
իր
մարմինը
պաշտպանող,
իր
ըսելիքը
միշտ
իր
հասողութենէն
չհեռացնող
գործարանաւորութիւն
մըն
է
այդ
լեզուն։
Արո՞ւ,
ինչպէս
ուզեցին
տարազել
1900էն
վերջ,
իգացած
աշխարհաբարին
սպասարկուները,
երբ
նկարագրողներու
դպրոցը
ածականներու
երանեալ
կայսրութիւն
մը
կը
կազմակերպէր
Թէոդիկէն
մինչեւ
Ռ.
Զարդարեան,
ու
յանուն
նկարչական,
գաղա/339/փարաբանական
նրբութիւններու՝
Չրաքեան
մեր
աշխարհաբարը
կը
ձեւազերծէր…։
Թերեւս։
Բայց
աւելի
պարզ
պիտի
չըլլա՞ր,
տիրական
կեղծիքին
մէջ
(յիշուած
անունները
փաստ
են
այդ
ուղղութեամբ)
ու
անկանգնելի
տափակապաշտութեան
դիմաց
(որուն
քուրմն
էր
ՄԻԱՄԻՏԻ
ՄԸ
ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ
թերթօնին
երջանիկ
ասպետը),
կենալ
այդ
ալ
փաստին
առջեւ
—
ըսելիք
մը
ունեցող
մարդուն,
որ
գիտէ
թէ
ինչպէս
պարտաւոր
է
խուսափիլ
աղէտէն,
հետեւակութեան,
լրագրականութեան
զոյգ
մահացու
մեղքերէն։
Իր
վէպերուն
մէջ
այդ
լեզուն
որոշ
քաղցրութիւն,
նուագայնութիւն
մըն
ալ
կը
պահէ
միշտ։
Ու
ինչ
որ
աւելի
կարեւոր
է,
փա'ստը՝
թէ
այդ
փայլատ,
լրագրական,
միջին
մոյնբէն
հազիւ
ինքզինքը
ազատագրող
գործիքով
Եսայեան
պիտի
արտայայտէ
մեր
մէջ
կարելի
բոլոր
խռովքները,
պարզագոյն
պատմում
էն
մինչեւ
քնարաշունչ,
բարձրաթռիչ
քերթուածները
(արձակ)
իր
օրերուն
այնքան
տիրական,
գրողի
վարկ
մը
ստեղծելու,
պաշտպանելու։
Մեր
աշխարհաբարը
անշուշտ
իր
կիսադարեան
կեանքին
ընթացքին
ձեռք
էր
ձգած
գաղափարներու
հետ,
համար
որոշ
ընտանութիւն։
Գրեթէ
անթերի
էր
անոր
կազմը
լրագրական,
հրապարակագրական,
գրական
իր
դերերուն
համար։
Ու
մեր
բանաստեղծութիւնը
լեզուական
յաղթանակ
մըն
էր
նոյն
ատեն,
զլայնութեան
վկայութիւն
ըլլալուն
չափ՝
իր
մեծ
անուններուն
մօտ։
Բայց
չենք
կրնար
հաշտուիլ
ուրիշ
ալ
տրտմութեանց
հետ,
որոնք
մանաւանդ
1900էն
վերջ
գրականութեան
յղացքը
խաթարեցին
երբ
տափակութիւնն
ու
զարդարուն
արտայայտութիւնը
հաւասար
հպարտութեամբ
մշակուեցան։
Աւելորդ
է
ծանրանալ։
Տիկին
Եսայեան
իր
պարզ,
անկնճիռ,
գրեթէ
միաբջիջ
լեզուովը
գրեց
իր
վէպը,
որ
յաղթանակ
մըն
է։
Իր
հրապարակագրական
լայնածաւալ
աշխատութիւնը
չինկաւ
տափակին
ու
սնամէջ
զարդարուածին
ճնշումներուն։
Միշտ
ըսաւ
իր
ըսելիքը,
ուղղակի,
մտածումը
միայն
նուաճող
փառասիրութեամբ,
մոռնալով
ձեւը
որ
տագնապ
մըն
էր,
օրինակի
մը
համար
Սիպիլին
ու
իրմէ
սերած
կիներուն
ու
այն
երիտասարդութեան
որ
մինչեւ
1910
պիտի
նօթը
տայ
մեր
լեզուին
նրբամաղ,
սանձարձակ,
իր
տարօրինակութեամբը
ինքզինքը
պարտադրող
գրելակերպը
(այդ
օրերուն
ամենէն
յաճախուած
բառը),
որուն
շքեղ
մէկ
աշխատաորը
պիտի
ըլլար
Տիրան
Չրաքեան
եւ
որմէ
պիտի
տառապէին
անտիր
ամէնքը,
սկսելով
վաւերական
ու
մեծ
քերթող
Միսաք
Մեծարենցէն
մինչեւ
առողջ,
գեղջուկ,
հոգիէն
այնքան
պարզ
բայց
միտքը
արտայայտելու
համար
այնքան
մանուածոտ
ձեւերու
հետամուտ
Թլկատինցին։
Այս
շրջաններուն
որքան
շատ
կը
հանդիպինք
/340/
բառական
հռետորութեան,
որ
կը
կրկնէ
մեր
ռոմանթիզմին
անլրջութիւնը,
շփացումները,
երբ,
օրինակի
մը
համար,
վաւերական
գրագէտ
մը,
ինչպիսին
է
Ռուբէն
Զարդարեանը,
կը
մղէ
ֆրազը
մշակելու,
գոյական
մը
չի
թողուր
տողին
վրայ,
առանց
օրիորդ
ածականի
մը
շուքին,
ու
մտածում
մը
կը
հագուեցնէ,
կը
գրէ,
անոր
մերկութիւնը
պատսպարելու
անգիտակից
ճիգին
մէջ
իյնալով
կուտակման
ազգային
թերութեան։
Տիկին
Եսայեանի
հետ
ոչ
մէկ
դժբախտութիւն,
այս
կարգի
անկումներու
գինը
կազմող։
Իմ
ինչուս
պէտք
որ
մեր
գրական
հաւաքածոները
իրենց
ոճի
զանազան
նմոյշներուն
ցուցահանդէսը
երբ
կը
մատուցանեն
մեր
տղոց,
փոխանակ
մեր
ժողովուրդին
հոգին
հաղորդելու
անոնց
մատաղ
հիացումին,
Տիկին
Եսայեան
անունին
տակ
դնելիք
է
ջերը
չկրնան
որակել
ոճային
վերադիրներով
—
փարթամ,
շքեղ,
ինքնատիպ,
բարձր
եւայլն
…,
բոլորն
ալ
բառի
փշրանքներ,
որոնք
չեն
կրնար
տեղը
բռնել
արդար
յուզումի
մը
կաթիլին,
ինչպէս
ատիկա
կը
զգանք
մեր
հոգիին
խորը,
երբ
կը
կարդանք
ՊԱՆԴՈՒԽՏԻ
ԿԵԱՆՔԷՆ
վերնագրուած
անպաճոյճ
քրոնիկները։
…Իմ
ինչուն
պէտք,
տժգունութիւնը
իր
լեզուին,
երբ
Տիկին
Եսայեան
կը
դատէ
իր
շրջանի
գրական
հարցերը։
Հերիք
է
որ
իմ
միտքս
լեցուի
այդ
հարցերուն
իսկութեամբը։
Հետաքրքրական
պիտի
ըլլար
այդ
օրերու
մեծահռչակ
գեղարուեստագէտ–քննադատ
որակուած
մարդոցմէ
էջ
մը
բաղդատել
Տիկին
Եսայեանի
մէկ
յօդուածին
հետ,
ուր
անիկա
իմաստի
հարցեր
շօշափէր։
Պիտի
տեսնէ
ինք
թէ
ի՞նչպէս
որակեալ
քննադատ
Արշակ
Չօպանեան,
երկու
էջի
պէտք
ունէր
ինքզինքը
լրիւ
արտայայտելու
համար
հոն
ուր
Տիկին
Եսայեան
կէս
էջի
մէջ
պիտի
ըսէր
շատ
աւելին
[5]
։
/341/
բ)
—
Եթէ
վայրկեան
մը
մոռնայինք
ոճի
մը
ուսումնասիրութեան
կապուած
pédantisme-ը
ու
փորձում
էինք
ընդհանուր
նկարագիրներ
հաստատել
Տիկ.
Եսայեանի
արտայայտութեան
եղանակին
մէջ
ինչե՜ր
պիտի
ունենայինք
գրելու,
որոնք
գրագիտութեան
դասագիրքի
մը
ծիծաղելի
քլիշէները
չկրկնէին,
բայց
նոյն
ատեն
մատչելի,
հասկնալի
տարազներ
ըլլային:
Այս
թերութիւնը
անոր
համար՝
վասնզի
ոք
յղացքը
մեր
մէջ
ենթարկուած
է
կախարդական
ձեւազեղծմանց։
Ոմանք
այդ
բառին
կու
տան
արտակարգ
տարողութիւն։
Հիները
չէին
հասկնար,
թէ
ինչ
տղայական,
ծիծաղելի
միամտութիւն
կար
գրողներու
արտայայտութեան
կերպերը
որակել
բազմատեսակ
վերադիրներով,
գտնել
մէկուն
մօտ
շնորհ,
միւսին
մօտ՝
ճշգրտութիւն,
երրորդի
մը՝
պերճութիւն,
բնականութիւն,
ու
շարունակելը
ձեզմէ։
Մեր
դպրոցներուն
մէջ,
1880ին,
դասագիրքեր
կը
գործածուէին
գրել
սորվեցնելու
երջանիկ
հաւատքով։
Ու
չկար
մէկը
որ
ըսէր,
թէ
ոճ
մը
սին
յղացք
մըն
է,
բառ
մը
որուն
տակը
մեր
գրածը
կամայական
է
գրեթէ
միշտ։
Թէ
անիկա
գիտութիւն
[6]
մը
չի
կրնար
ըլլալ:
—
միակ
բանը,
որ
կը
սորվինք։
Թէ
գրականութիւնը
զգացում
մըն
է,
կիրք
մը,
եթէ
կը
ներուի,
ու
զայն
չեն
սորվիր։
Տիկին
Եսայեանի
արտայայտութեան
կերտը
իր
մեծ
ղի
երուն
մէջ
քիչ
վերը
անցաւ
վերլուծում
է։
Այդ
ոճը,
ուրեմն,
կախարդական
հրապոյր
մը
չէ,
իր
գործէն
վեր
ու
անկէ
անկախ։
Անիկա,
տեսանք,
զերծ
էր
շրջանին
մեծ
մեղքերէն։
Անիկա,
երբ
վերածուի
մեր
մտքին
խորը
ընդհանուր
իմաստի
մը,
մեր
ընթերցումներէն
վերջ,
ասոնք
կերպով
մը
տաղաւարող
բարեխառնութեան,
գրեթէ
ֆիզիքական
զգայնութիւններ
կ՚արթնցնէ,
անշուշտ
ենթակայական,
մենէ
իւրաքանչիւրին
կաղապարովը,
ու
կ՚ըլլայ
ինքզինքը։
Մտածող
մը
Տիկին
Եսայեանի
ոճէն
պիտի
տեսնէ
պարկեշտութիւն,
բան
մը
ըսելու
պարտքին
հանդէպ
հաւատարմութիւն,
նպատակը
չեսակի
հետապնդող
կորով։
Վիպասան
մը
նոյն
այդ
ոճին
մէջ
պիտի
ախորժի
վերլուծումին
դաշն,
պայծառ,
լայն
թաալում
էն,
որով
երկու
աշխարհները
սքանչելի
զուգահեռութեամբ
մը
իրարու
հետ
կը
քալեն,
միշտ
տեսանելի,
միշտ
միանալի,
արուեստին
հրաշքով,
որուն
շնորհիւն
է
որ
մեր
միտքը
երկու
տարբեր
բաներ
մէկ
կը
տեսնէ,
ինչպէս
զուգահեռականութիւ/342/նը
կը
դադրի
ամէն
անգամ
որ
ուզենք
ատիկա:
Բանաստեղծ
մը,
միշտ
այդ
ոճէն
պիտի
տպաւորուի
զգացական
զգայական
տարրերուն
հանդէսովը
որ
ծնունդ
կառնէ
հոգին
գտնելու
առաջնորդող
լարերուն
մշտապաշտօն
ներկայութեամբը,
երբ
բառերը
կը
նմանին
բոյրերու,
ասոնց
կապուած
առաքինութիւններով,
մեր
մէջ
թելադրելու
համար
օր
մը
ապրուած
փշրանքներ,
ժամանակին
ու
միջոցէն։
Այդ
է
պատճառը
թերեւս
որ
անոր
գործին
բնութեան
նկարագրումը
ըլլայ
հոգեկան
յօրինում
ու
մաս
առնէ
տռամին
զարգացումէն։
Այսպէս
մեր
զգայարանքները
շահագրգռող
ամէն
ազդում
ճամբայ
մըն
է
դէպի
հոգին
եւ
փոխադարձաբար։
Հոգիին
խորը
թրթռման
ելլող
ամէն
յոյզ
կը
վերածուի,
այդ
ճամբուն
միւս
երեսովը
պատկերի
մը,
միշտ
օր
մը
յօրինուած
մեր
անիմանալի
արուեստաբանէն
ներս
որ
մեր
ուղեղն
է
մեզմէ
դուրս։
Այս
թուումը
կարելի
է
շարունակել։
Գրեթէ
միշտ
հոգեբանական
վերլուծում
է
որ
պիտի
ընենք,
Տիկին
Եսայեանի
ոճին
նկարագիրները
արտահանելու
համար։
Երբ
ուզենք
ընթացիկ
իր
առումով
տեսնել
հարցը,
այն
ատեն
մեր
ըսելիքները
ընդլայնումները
միայն
կ՚ըլլան
իր
լեզուին
մասին
մեր
յայտնած
դիտողութեանց։
Անիկա
չէր
ախորժեր
պոլսական
պոռոտութենէն,
ռոմանթիղմ
էն,
զարդամոլութենէն,
նրբախոյզ
սնոտիքէն,
որոնք,
բոլորը
մէկ,
դուք
կրնաք
հաստատել
Սիպիլեան
ամէն
քերթուածի
մէջ։
Ուրկէ՞
կու
գայ
այս
արհամարհանքը
իր
ժամանակին
ամենէն
կարգի
գրելու
կերպին
դէմ։
Շատ
մը
պատճառներու
մէջէն
ես
կը
ծանրանամ
իր
իսկ
անձին
ձայնին,
որ,
ատեն
չունի
գարունին
ու
աշունին
հեշտանքներն
ու
դալկութիւնները
մեղեդելու,
քանի
որ
կեանքը
ատոնցմէ
դուրս
է
շատ
անգամ։
ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ
ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ
հատորին
մէջ
անոր
պատմած
պարմանական
մէկ
տղայավէպը,
սիրոյ
դասական
աչքկապուկ
մը
տարեկից
տղու
մը
հետ,
բանաստեղծական
տեքորով,
բանաստեղծի
մը
(Պ.
Դուրեան)
լուսապսակին
ընդմէջէն
ոսկեզօծուած,
անարժան
վկայութիւն
մը
չէ
այդ
մասին։
Հոն,
դէպքը
պատմելէ
յետոյ,
կ՚արտասանէ
վճիռը
թէ
ատ
ալ
իր
տուրքն
էր
պոլսական
սանթիմանթալիզմին։
Սուղ
խոստովանութիւն,
երբ
նայինք
անկէ
անդին
Տիկինին
զգացական
կեանքին
տռամային,
որ
ապահովաբար
աւելի
խորունկ
խռովքներու
կարաւաններ
կը
պտտցնէ
իր
փէշերուն,
երկրէ
երկիր։
Տիկին
Եսայեանի
գրականութիւնը
գրեթե
միշտ
ջիղերու,
աւելի
քիչ
անգամ
ուղեղի
վկայութիւն
մըն
է։
հարուստ
զգացական
դրութիւն
մը
մեզի
կ՚երաշխաւորէ
պարզութիւն
մը
ըսուածքի,
անմիջականութեան։
Մեր
բառերուն
վրայ
տնտնալու
յատկացուելիք
չունինք
ժամանակ։
Մեր
ջիղերը
մեզ
/343/
կը
կանչեն
ամէն
րոպէ։
Ու
մեր
գրածները
անոնցմէ
փրցուած
հեշտանքներ
են,
դողցուած
կրնայինք
ըսել։
Այս
կարգի
գրագէտներուն
համար
գրելը
ապրելուն
շարունակութիւնն
է։
Մեր
ջիղերուն
վրայ
մեր
վստահութիւնը
մեզի
կը
խնայէ
գիրին,
գրուածքին
տագնապը,
իրական
միւս
տագնապներուն
նման
ու
սպառիչ։
Սքանչելի
երիտասարդութիւն
մը՝
Կամսարականի
երիտասարդութիւնը,
զոհ
է
այդ
տագնապին։
Այս
ցուցմունքները
նպատակ
ունին
Տիկին
Եսայեանին
ոճը
տեսնելու
գործարանական
մաս
մը՝
անոր
ամբողջէն,
ոչ
անկէ
անջատ
(վանսզի
կայ
այս
տիպարն
ալ,
իր
ոճին
հակադիր
անձնաւորութեան)
այլ
զայն
դրսեւորող,
գործածելու
համար
յիմար
բառ
մը,
կարեւոր
գործողութիւն
մը
պիտակող
սակայն։
հանդարտութիւն,
խորութիւն,
լրջու
թիւն,
յոյլ,
թռիչք,
կանացի
յորդ
զգացողութիւն,
—
բառեր
որոնք
առանց
դժուարութեան
պիտի
գործածէինք
դէմք
մը
յօրինելու
ատեն,
բայց
որոնք
նոյն
պատշաճութեամբ
կը
պատկերեն
Տիկին
Եսայեանի
գրուածքին
դէմքը,
դուք
ըսէք՝
ոճը։
Սեթեւեթի
պակաս։
Ինչպէս
էր
անոր
օրը,
նոյնիսկ
թարմատի
կնոջ
մը
գարունքին։
Ու
այդ
պակասը
դարձեալ
անոր
քառասուն
տարիներու
հասակով
գործին
երկայնքին
[7]
։
Պակաս՝
մեր
գրականութեան
մեծ
ախորժակներէն
շատ
շատերուն,
—
ժանեկապաշտութիւն,
լուսներկութիւն,
մայիս
բուռվարման,
ու
այն
թացիկ,
գրաբարով
Հինայուած
զգայնոտութեան
որով
կը
զառածին
մեր
ծանր
գլուխ
քերթողները
նոյնիսկ։
Պակաս՝
բոյրի,
ներկի,
քրտինքի,
—
որոնց
գոյութիւնը
այնքան
դժուար
կ՚ընէ
ընթերցումը
Սիպիլին,
Չրաքեանին,
վաւերական
տաղանդներ,
նոյնիսկ
զեղչուած
իրենց
առասպելական
համբաւներուն
չարիքէն։
Պակաս
քառակուտական
տրտում
խաղերէն
(Եղիա,
Արտաշէս
Յարութիւնեան)։
Տիկին
Եսայեան
առիթ
մըն
է
արեւմտահայ
ամբողջ
ոճը
քննութեան
ենթարկելու։
Անշուշտ
արեւմտահայ
արձակը
իր
անունին
կապելիք
որոշ
նուաճում
մը
չունի։
Չեմ
գիտեր,
գրագէտ
մը
փոքրել
չի՞
նշանակեր,
անոր
արժանիքներուն
հանդէսը
բանալ
ոճին
վրայ
բարձր
քերթո/344/ղական
կշիռներով։
Մեր
աշխարհաբարը
անոր
գրիչին
տակը
չգտաւ
բացառիկ
գեղեցկութիւններ,
այնքան
ալ
դիւրաթառամ։
Կար
ատեն
մը
ուր
մեր
լեզուին
անզուգական
պարիկն
ու
դայեակը
կ՚անուանէինք
Սիպիլը։
Այսօր
Տիկինին
համբաւը
աղարտող
չարիքն
է
այդ
գովեստը։
Տիկին
Եսայեան
չստեղծեց
անշուշտ
վիպական
մեր
արձակը։
Բայց
ըրաւ
բան
մը
որ
որչափ
ուշադրութեան,
յարգանքի
կանչուի,
քիչ
է
դարձեալ։
Ատիկա՝
գրողին
ու
ըսածներուն
պարտադիր
փոխադարձ
պատասխանատուութիւնն
է։
Ատիկա՝
իր
ըսելիքը
ամրօրէն
կառավարող
ու
միայն
այդ
փառքը
հետապնդող
կորովն
է
գրագէտին։
Ատիկա՝
չհաւատացուած
բաներ
պերճօրէն
քչելու
խարդախութեան
դէմ
իր
պայծառ
կեցուածքն
է։
Ատիկա՝
գրականութիւնը
ըմբռնելու
իւրայատուկ
դրութիւն
[8]
մըն
է։
*
*
*
Գրագէտներ
կան
որոնք
կը
յորդին
զիրենք
սահմանել
ձգտող
էջերէն
ու
տարազներէն։
Մէկ
կողմէն՝
իրենցմով
չօչափուած
հարցերուն
ընդարձակութի՛ւնը,
միւս
կողմէն՝
իրենց
իսկ
տուրքերուն
առատութիւնը։
Քիչ
անգամ
երկու
պարագաները
կը
միանան
դէմքի
մը
ուսումնասիրութեան
մէջ։
Ատոնցմէ
մէկն
է
անկասկած
Տիկին
Եսայեանը:
Ըսուած
է
որ
մեր
օրերու
բոլոր
սեռերէն
վէպն
է
որ
տուած
է
կին
մշակներու
ճշմարիտ
վարպետներ։
Անուններ
չատ։
Արեւմտահայ
վէպը
աւելորդ
փաստ
մը
չէ
անշուշտ
այդ
վարկածին։
Ու
չեմ
կրնար
հերքել
որ
իբրեւ
որակ
ու
քանակ
կիներուն
տուածը
մեզի
գերազանց
է
քան
յիսունը
անցնող
մեր
այր
զրողներուն
գործը,
ամբողջը
միասին։
Եթէ
իբրեւ
որակ
կիներու
վէպին
կշիռը
կը
թուլնայ
Տիւսաբեան
վրիպանքով
ու
կը
տուժէ,
բայց
Տիկին
Եսայեանի
բաժինը
առաւելեալ
կերպով
մը
կը
դիմաւորէ
այս
տկարացումը։
/345/
Անոր
անունին
կապուած
եղաւ
վիպելու
կերպ
մը
որ
գէթ
մեր
մէջ
մնաց
եզակի։
Այդ
վէպին
մէջ
անիկա
չնուաճեց
անշուշտ
իր
ժամանակը
ինչպէս
է
իրականութիւնը
արեւմտեան
եւ
ռուս
մեծ
վիպողներուն
մօտ,
բայց
խումբի
մը,
չեմ
ըսեր
դասակարգի
մը,
հոգեկան
տագնապանքը,
երբեմն
ամբողջ
ժողովուրդի
մը
ամենէն
խորունկ
տրաման,
աւելի
յաճախ՝
մեր
օրերու
տանիքներուն
տակ,
իրարու
դէմ,
իրար
ատելո՛ւ
խարոյկին
դատապարտուած
զոյգերուն
ողբերգութիւնը
կազմեցին
իր
գործին
մեծ
խարիսխները։
Մեր
գրողներէն
ոչ
ոք
այս
երկասացութիւնը
(duo)
կատարեց
իր
ճշմարտութեամբը,
իր
խորութեամբը,
իր
եղերականութեամբը։
Իր
զոյգերը,
հոգեբանական
որակել
իր
վիպակներուն
մէջ,
մեզմէ,
ըսել
կ՚ուզեմ
մեր
ընկերային
ընդհանուր
միջինէն,
որոշապէս
բարձր,
չեն
կորսուիր
քմայքին,
ընդօրինակուածին,
անձնականին
տակ
խեղդուած
հերոսներուն
բախտովը։
Ըսէ
թէ
անոնք
կրնային
ըլլալ։
Այդ
զոյգին
վերլուծումը,
անոնց
հոգիներուն
տարբաղադրումը
անիկա
կատարած
է,
դարձեալ,
մեր
գրականութեան
միջին
ընդունակութիւնը
զանցող
արուեստով
մը։
Թարգմանեցինք
Ռաֆֆին,
Շիրվանզատէն
ու
տեսանք
թէ
որքան
քիչ
էր
այդ
մարդոց
մեզի
համար
բարձրարժէք
վէպերուն
կշիռը,
երբ
կ՚երթար
նժարին
մէջ
միջազգային
արժէքներուն։
Թարգմանեցէք
ՍՊԱՍՄԱՆ
ՍՐԱՀ
ԻՆ
ՄԷՋը։
Ու
միջինէն
վեր
որեւէ
ֆրանսացի
գրող
պիտի
չամչնար
անկէ։
Թարգմանեցէք
ՇՆՈՐՀՔՈՎ
ՄԱՐԴԻԿը։
Ու
արեւելքով
հետաքրքիր
մարդեր
հաճոյքով
պիտի
հետեւին
գիրքով
իրենց
մատուցած
գէթ
բարքերուն
ու
շրջավայրերուն։
Փորձեցէք
նման
բան
մը
Զօհրապի
ՆՈՐԱՎԵՊԵՐուն
համար։
Ձեր
արդիւնքը
պիտի
մօտենայ
Շիրվանզատէի
ՑԱՒԱԳԱՐԸին
բախտին
եւ
Արեւմտահայ
վէպը
ոչ
ոքի
այնքան
երախտապարտ
է
որքան
իրեն։
Անիկա
հոն
մտցուց
իմացական
նկարագիր,
հոգիի
գերակշռութիւն,
հարազատ
մարդերու
խումբեր,
ու
այս
ճիգին
հետ
Պոլիս
մը,
իբրեւ
իմաստ,
զգայնութիւն,
բարք
ու
արտաքին
աշխարհը։
Բայց
անիկա
սպասը
ըրաւ
իր
ժողովուրդին,
անմահ
գործի
մը
մէջ,
որ
արցունքով
է
գրուած։
Անիկա
յաջողեցաւ
հսկայ
ողբերգութիւն
մը՝
որուն
մէջ
դեր
առնողներուն
թիւը
ուղղակի
կամ
անուղղակի
կանցնի
քանի
մը
տասնեակ
հազարներ,
խտացնել
քանի
մը
հարիւր
էջերու
վրայ
ու
տալ
ժողովուրդներու
հոգիէն
անմոռանալի
քանդակներ,
դէպի
սեւը
ու
դէպի
լաւը,
հաւասար
կատարելութեամբ։
Այդ
գիրքին
մէջ,
անոր
թուրքերը
ցարդ
գծագրուած
բոլոր
պատկերներէն
կը
մնան
վեր,
առանց
վերադիրի։
Իբրեւ
մարդ,
անոնց
/346/
վրայէն
հանուած
փաստերը,
հակառակ
իրենց
դաժան,
ահաւոր,
յուսահատեցնող
իմաստին,
աչխարհ
չուզեց
հասկնալ։
Չըրինք
ճշմարիտ
աշխատանքը
այդ
պատկերները
տարածելու
ազգերու
խղճմտանքին
նորերը
մինչեւ։
Ու
մեր
հայրենիքը,
հակառակ
հսկայ
զոհողութեանց,
այսօր
նուաճուած
է
դարձեալ
այդ
մարդերէն։
ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ
ՄԷՋ
հատորը
կիրագործէ
ուրիշ
դժուար
ալ
յաջողուածք
մը,
—
ատիկա
պատկերն
է
մորթուելու
մէջ,
վրայ,
զանգուածի
մը։
Արեան
փաթեթ
իքը,
արցունքին
զգայնոտութիւնը,
կրակին
սարսափը
Տիկին
Եսայեան
պիտի
կառավարէ
մեծ
արուեստագէտի
մը
զուսպ
ճաշակովը։
Պիտի
յուղէ,
առանց
բռնանալու
մեր
ջիղերուն։
Պիտի
լացնէ,
առանց
սոխի
նպաստին,
ինչպէս
կ՚ընեն
կարգ
մը
աժան
յուղարկաւորներ։
Բայց
մանաւանդ
պիտի
մեծցնէ
այդ
զանգուածը,
անոր
դիակներուն
վրայէն
իսկ
հանելով
անոնց
կենդանութեան
սխրանքը,
երբ
մայր,
կին,
քոյր,
մանուկ,
իր
աչքերուն
տակ
հիմա
անճանաչելի
ուրուականներ
ըլլալու
իրենց
ձեւերէն
առաջ,
տունի
մը
բարիքն
էին,
երջանկութիւնը,
շնորհը,
բախտը,
ժողովուրդի
մը
ամենէն
նախնական
զգացումներուն
պայծառ
վկայութիւնները։
Ու
մեռել
րուն,
կրակի
մէջ
եփածներուն,
սուրով
կտրուածներուն,
ողջ
ողջ
թաղուածներուն
կարաւանը,
որ
զիրքին
ետեւը
կամպանայ,
առանց
տեսանելի
ըլլալու։
Ու
տագնապը
որ
լման
երկու
շաբաթ
կախ
եղաւ
ամբողջ
երկրամասի
մը
գլխուն,
փարթամ
քաղաքներէն
մինչեւ
լեռնադիր,
պարզուկ
շէները
ու
ամէն
օր
ձեւը
առա
անպատմելի
վայրակութեան
մը։
Ու
այն
անըմ
բռնելի
պաշտօնականութիւնը
կառավարութիւններուն
որոնք
կերպը
գիտեն
բոլոր
այս
արարքները
ոսկեզօծելու
ու
հսկայական
ոճրախաղը
«թիւրիմացութեան»
պատանքով
մը
թաղելու։
Քիչ
էջեր
կան,
ազգերու
գրականութեանց
մէջ,
որոնք
այդքան
խոր
վրդովեն
մարդոց
խղճմտանքը,
որքան
ԿԱԽՈՒՈՂՆԵՐԸ,
ասոնց
մօրերուն
բերանը
դրուած
անէծքները։
Տիկին
Եսայեան
իր
ժողովուրդին
ծառայած
է
անկորուստ,
մեծ
երակորիքովը
իր
գիրքին։
Հաւաքական
սա
բարիքէն
դուրս՝
գրողէ
մը
ակնկալելի
ուրիշ
ալ
վայելքներ
անիկա
տուաւ
մեր
գրականութեան։
Իրմով
այդ
գրականութիւնը
կը
գտնէ
առաջին
անգամ
եւրոպական
նկարագիր,
առանց
ազգայինին
հերքումովը։
Բայց
ատկէ
աւելի
է,
իր
իսկ
պատկերը։
Մեր
գրականութիւնը
ունի
յուզիչ,
սիրելի
անձով
մը
լեցուած
գիրքեր։
Բայց
բանաստեղծներու
աշխարհէն։
Ու
մենք
գիտենք
թէ
քերթողները
իրենց
դժբախտութիւնները
կամ
բախտը
աճեցնող
արա/347/րածներ
են։
Գիտենք
թէ
տառապանքը
ժխտական
է
ի
վերջոյ,
երբ
վերածուի
իր
տարրերուն։
ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ
ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸին
մէջ
մենք
չենք
իսկ
անդրադառնար
թէ
գրագէտ
մը
կը
կարդանք,
այնքան
այդ
աշխարհին
վերարտադրումը
կատարուած
է
բնականութեամբ։
Քանի
մը
դար
յետոյ,
սա
Պոլիսէն,
ուր
մեծ
քաղաքակրթութիւն
մը
ստեղծեցինք,
մեր
չափովը
անշուշտ,
ո՞ր
գիրքն
է
որ
պիտի
վկայէ
այն
առատութեամբ,
ջերմութեամբ,
անմատ
կենդանութեամբ
(եթէ
կը
ներուի
աս
տարազը
հոս)
որքան
այդ
մանկական
պատանեկան
զգայութեանց
փունջը։
Թելադրեցի,
բայց
չտարի
իր
ընդարձակ
իմաստին
այն
միւս
փաստը
որով
գրելու
արարքը
կ՚ազատազրուի
մեր
փառասիրութեան,
մանրամտութեան,
փոքր
կիրքերուն
սպասարկելու,
վերածուելու
համար
խոր,
արդար,
ինք
իր
մէջ
բարերար
առաքելութեան
մը։
Անիկա
հրաշքը
իրագործեց
իր
գրիչովը
աշխատելու,
(չեմ
ըսեր
ապրելու
քանի
որ
մինչեւ
իր
կործանումը
անիկա
պիտի
մնար
սարսափին
տակը
օրուան
հացին,
իր
ուսերուն
հիւանդ
ջլախտաւոր
մայր
մը,
եւ
իր
ծոցին
առանց
հօր
մեծնալու
դատապարտուած
աղջնակ
մը)
ու
հասնելու
գոնէ
ցամաք
հացին,
երբ
նոյն
այդ
գրականութիւնը
անօթի
մեռած
աշխատաւորներու
բանակ
մը
ունէր
սգալիք։
Ընդդէմ
ամէն
ախորժակի՝
աշխարհի
բարիքներէն,
որոնք
արգիլուած
պտուղներ
ալ
չէին
իր
մօտ,
անիկա
հաւատարիմ
մնաց
իր
գրագէտի
կոչումին,
ասոր
գործադրութեան
մէջ
դնելով
կարելի
փառասիրութիւն,
լրջութիւն
որոնք
կը
զարմացնեն։
Ո՞րն
է
անունը
մեր
գրողներէն
որ
ըլլայ
ծառայած
մեր
գիրին
այս
բացարձակութեամբ,
այլամերժ
նուիրումով,
որքան
ասոնք
կը
հաստատենք
Տիկին
Եսայեանի
վրայ։
Պատնէշին
վրայ
մեռնող
Արփիարեա՞նը,
որուն
գործին
ու
անձին
մէջ
անդունդ
է
փորուած։
Եղիա՞ն,
որ
իր
հիւանդութիւնը
արդարացնելու
կը
ծառայէ
քան
թէ
իր
ժողովուրդին
մտաւոր
սպասին։
Ու
այդ
գետինին
վրայ
անիկա
ոչ
մէկ
եզրով
համեմատական
է
իր
սեռէն
գրողներու,
որոնք
բոլորը
մէկ
իր
լրջութիւնն
իսկ
չեն
փոխարիներ։
Թելադրեցի
բայց
չտարի
իր
ընդարձակ
իմաստին
ուրիշ
մէկ
փաստ
մըն
ալ,
--
իր
առիթով
գործածուած
տարազը,
եւրոպական
իմաստով
արուեստագէտի
իր
դէմքը։
Բացի
Արշակ
Չօպանեանէն,
որուն
երեսներուն
բազմակողմանիութիւնը
ազդակ
մըն
է
դէպի
եւրոպական
յղացքը
հակող՝
գնահատման
նժարը,
բայց
որուն
գործին
մէջ
ստեղծում
էին
որակն
ու
քանակը
մնացին
այնքան
նախնական,
ոչ
/348/
մէկ
գրագէտ՝
որ
շահագրգռէր
մեզ
Եւրոպան
յուզող
արուեստի
մեծ
տիսիփլիններէն,
իր
վերցուցած
լայնքովը։
Անիկա
վիպող
է,
բանաստեղծ,
տպաւորապաշտ
օրագրող,
հրապարակագիր,
արուեստի
քննադատ,
թատերագիր
(կարդացեր
եմ
իր
ձեռագիր
մէկ
խաղը,
ՄԱՅՐԸ),
ինչպէս
են
առաջին
գիծէ
մեծ
համբաւները
եւրոպական
երկիրներու։
Ու
այս
կողմերէն
իւրաքանչիւրին
մէջ՝
սեպհական
կնիքո՛վ։
Ու
վերջացնելու
համար։
Անոր
մէջ
հայ
գրականութեան
ամենէն
սխրալի
շնորհները,
կանացի
զգայնութեան
ամենէն
սրտայոյզ
խռովքները
ու
մեր
ժողովուրդին
հոգիին
ամենէն
խորունկ
սարսուռները
իրարու
կը
միանան։
Անիկա
աղճմտանք
մըն
է,
սիրտ
մըն
է,
միտք
մըն
է,
հաւասար
ամրութեամբ
ու
արդարութեամբ,
նոյն
ատեն։
Անոր
կեանքին
կորանքը
մօտիկը
դրուած
իրմով
շահուած
փառքին՝
մեզ
կը
յուզէ,
անոր
անձին
փլատակէն
ալ
անդին
ու
կ՚ըլլայ
պայծառ
հանդէս
մը,
տեւական
պայքարի
փաստ
մը,
պայմաններու
դէմ՝
որոնք
մեզմէ
ամենէն
կորովներն
ալ
զգետնեցին,
առնուազն
մեզ
խնայեցին
մեր
գործին։
Յիշեցէք
բոլոր
ջոջերը
մեր
մշակոյթին։
Ամենուն
համար
ալ
այդ
պայմանները
ունեցան
կործանարար
ազդեցութիւն
ու
ըրին
անոնց
ժառանգը
(մեզի
ձգուած)
թերի,
խրամատեալ։
Տիկին
Եսայեանի
գործը
ամբողջ
մըն
է։
Անոր
երկու
մեծ
բեւեռները,
անհատներուն
հողին
ու
ժողովուրդներուն
հաւաքական
զգայնութիւնը,
ընդմիշտ
նուաճուած
կը
մնան
անխորտակելի
գործերու
մէջ։
Անիկա
արեւմտահայ
գրականութեան
ամենէն
ամբողջ
յաջողութիւնն
է։
[1]
Ինքնատիպ
բաներ
ըսելու
մարմաջէն
հազիւ
քիչ
մը
աւելի
է
Տիկին
Եսայեանի
համար
գործածուած
միւս
տարազը
որ
անոր
մէջ
առնական
յատկանիշներ
կը
ճշդորոշէ,
կատարյալ
լրջութեամբ,
հաւանաբար
այդպէս
ընելու
մղուած
գաղափարներու
այն
առատութեան
առջեւ
որ
Տիկին
Եսայեանի
գրականութիւնը
իրաւապէս
կը
զատէ
մեր
կիներուն
աղկաղկ,
անլի,
ցուցամոլ
հտպտանքներէն։
Տիկին
Եսայեան
առնական
ամենէն
պայծառ
շնորհէն
իր
զրկուած
ըլլալը
պիտի
չկրնայ
քաւել,
ամեն
անգամ
որ
մեծ
վէպերու
կը
ձեռնարկէ։
Անոր
երեք
մեծ
վէպերէն
երկուքը
(ՇՆՈՐՀՔՈՎ
ՄԱՐԴԻԿ,
ՆԱՀԱՆՋՈՂ
ՈՒԺԵՐ)
կը
տառապին
կառուցման
տարրական
տուրքի
մը
իսկ
պակասէն։
Երրորդը՝
ՍՊԱՍՄԱՆ
ՍՐԱՀԻՆ
ՄԷՋ,
հակառակ
զգայութեանց,
անձնական
վկայութեան
առատ
փաստերուն,
յօրինում
չունի:
Անոր
հոգեբանական
վիպակները
վերլուծումներու
յաջողութիւն
մըն
է
որ
կ՚անցնեն
մեր
առջեւէն
ու
երբեք
չեն
տիրապետեր
կացութիւններ,
չեն
զարգանար
իբր
տռամ,
ու
յետադարձ
առաքինութիւններ
կը
կերպադրեն։
Այս
է
պատճառը
թերեւս
որպէսզի
իր
վէպերը
ըլլան
այնքան
քիչ
լինուած,
բայց
նոյն
ատեն
պատրանքը
տան
ամուր
տիրապետումներուն,
քանի
որ
50–60
էջերու
վրայ
երկարաձգուած
տռամ
մը
չի
կրնար
կոտրել
մեր
բազուկները։
Այր
վիպասաններն
են
որ
կը
դիմանան
այդ
տագնապին:
[2]
Մօտ
չորս
դար
մեր
ժողովուրդին
ամենէն
ազնուական
տարրերը,
մշտական
ընտրութեամբ
մը
(selection)
սբէնսըրեան
առումով
հոն
խուժեցին
պարպելով
մեր
երկիրը
իրենցմէ
ու
գործածուեցան
երեւան
բերելու
համար
մանրանկար
գործարանաւորութիւն
մը։
1900ին
այդ
համայնքը,
ինչպէս
կ՚արտօնուէինք
կոչուիլ,
սարսած
էր
իր
ներքին
տարրաբանութեան
օրէնքներուն
մէջ :
Այլասերումը
կեանքին
իսկ
պարտադրանքն
է։
Գաւառական
գաղթին
կապումը
տասնամեակի
մը
մէջ
բաւ
եղաւ
երեւան
հանելու
ներքին
փտութեան
փաստերը։
Պոլսահայ
գրականութիւն
յղացքը
իր
կարելի
այլայլումները
պիտի
պարզէր
երկու
ջարդերուն
մէջտեղ:
աւելի
ճիշդ՝
մինչեւ
Սահմանադրութիւն։
Մեծարենց,
Չրաքեան,
Տիկին
Եսայեան
երեք
անուններ
են
որոնք
կը
զատուին։
Բայց
որոնց
գործին
մէջ
այդ
խաթարումը
անծածկելի
տկարութիւններ
է
ստեղծած:
Առանց
գիտական
խոշոր
տարազներու
դիմելու,
կրնանք
այլասերումը
հասկնալ
իբրեւ
ներքին
սպառում,
իր
արմատներէն
զրկուած
մարմինի
մը
վրայ։
[3]
Հետաքրքրական
պիտի
ըլլար
մեր
յունարան
որակուած
դպրոցին
վաստակը
լեզուական
իր
մեղքերէն
ազատագրել,
տեսնելու
համար
ճիգը
որ
վատնուած
է
երեք
չորս
դարու
երկայնքով,
մեր
մտածումի
գէթ
առատ
արտայայտութիւնը
ճկելու
համար,
քանի
որ
կատարուածը
յոյն
մտածումին
հետ
շփում
մըն
էր,
ու
իբր
այդ՝
ենթակայ
նմանութեան
օրէնքին։
Միայն
անբաւականութիւն,
քերականութեան
դէմ
հերձուածող
տգիտութիւն,
օտարապաշտութիւն
չէ
որ
պիտի
հաստատէինք
ոճերուն
մէջ
այն
մարդոց
որոնք
կը
կոչուին
Քռթենաւոր,
Գրիգոր
Նարեկացի,
Գրիգոր
Մագիստրոս
իրարմէ
դարով
բաժնուած
անուններ,
բայց
որոնց
գործերուն
մէկ
է
նկարագիրը։
Ի՞նչ
կ՚ուզէին
այս
մարդերը,
երբ
կը
խեղաթիւրէին
հինգերորդ
դարու
պայծառ
շարադրութիւնը։
Միամտութիւն
պիտի
ըլլար
վերի
թուումներուն
կապել
սա
տարօրինակ
արդիւնքը։
Պղատոն
մը
հասկնալու
բաւող
իմացականութիւն
մը
չէր
կրնար
անհրկիլ
իր
պապերուն
լեզուն
ուղիղ
գրելու
այնքան
բնական
կարիքին
առջեւ։
Այնպէս
որ
լեզուական
նուազում
մը
չէ,
իմ
կարծիքով,
զսպանակը
այդ
խառնակ
արդիւնքին։
Նոյնքան
անտեղի՝
արաբական
ազդեցութեամբ
հասկնալ
ջանալ
կուտակումները,
հոմանշային
զեղծումները։
Դարեր
առաջ,
ատոնք
անշուշտ
բնական
երեւոյթներ
չէին,
բայց
չէին
ալ
այսօր
անվերադարձ
դատապարտուած
նժութիւնը
զոր
ուղիղ
քերականութիւնը
բանաձեւած
է
անոնց
դէմ։
Ու
Արեւմտահայ
գրականութեան
դէմ
գործածուած
այդ
աժան
տարազները
արդէն
իսկ
ձրի
վերագրումներու
կը
վերածուին
երբ
նկատի
հաւոր,
ընդարձակ
միւս
զեղծումները
զորս
չէ
վարանած
գործել
է
արեւելահայ
արդի
միտքը,
լեզուին
իսկ
ներքին
օրէնքներուն
դէմ։
Ատեն
մը
օտար
բառերը
փոխադրելով,
հիմա՝
նախավանկերով
բառեր
կազմելով
(լուսժողկոմ):
[4]
Թէ
այդ
խառնուածքը
ու
վիպող
տաղանդը
խոտոր
կը
համեմատին,
զօրաւոր
օրինակներով
ապացուցուած
ստուգութիւն
մըն
է։
Հիւկոյի
վէպին
վրիպա՛նքը,
Ժորժ
Սանի
հարիւրաւոր
վէպերուն
անայց
դամբարանը։
Ֆլոպեռի
գործէն
մեռեալ
տարրը։
Մտքէս
չ՚անցնիր
հերքել
վարկածը։
Միւս
կողմէ՝
չեմ
կրնար
գերման
իրապաշտներուն
(Հաուբթման,
Զուտերման)
բանաստեղծութեամբ
թրթռուն
վէպը,
սքանտինական
գրողներուն
(Սելմա
Լանկերլոփ,
Կնութ
Համսուն)
հրաշախառն
իրականութիւնը,
Ֆրանսացիներէն
Քոլէթն
ու
Ժիրոտուն
չյիշել
—
մարդեր
որոնց
մօտ
դիտողութիւն
ու
բանաստեղծական
խառնուածք
կը
գտնեն
քաղցր
ներդաշնակութիւն
մը,
պարզ,
իրաւ:
Ու
կը
յիշեմ,
իբրեւ
անյաջող,
ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԸ,
որուն
վրայ
ծածանող
բանաստեղծութեան
շղարշը
իմաստի
տգեղ,
հաստ,
անտեղի
կարկտաններ
կը
ծանրաբեռնեն,
վիրաւորելով
քնքուշ
ալիքը
գեղարուեստական
յուզումին։
[5]
Կարդացէք
Գրիգոր
Նարեկացի
(Ա.
Չօպանեան)
այլապէս
շահեկան
ուսումնասիրութեան
այն
գլուխը,
ուր
մեր
քննադատութեան
տիտղոսաւոր
իշխանը
կը
ջանայ
Նարեկացիին
գործին
մէջ
ոգիի
նոյնութիւնը
հաստատել
ու
ըսել
թէ
տասներորդ
դարում
այդ
վանականը
իր
բազմազան
գիրքերուն
մէջ
արտայայտած
է
մէկ
ու
նոյն
զգացումը։—
Աստուծոյ
զգայութիւնը:
Ասոր
համար
երկու
էջ։
Յետոյ
կարդացեք
այն
էջը
ուր
Տիկին
Եսայեան
Ռընէ
Կիլէ
թարգմանածոյ
յօդուածի
մը
իբր
մուտք
կ՚ըսէ
այնքան
շատ,
շահեկան,
խոր
բաներ,
ֆրանսական
բանաստեղծութեան
մասին
ու
արուեստին
համար
առհասարակ։
Ու
կարդացէք
Չրաքեանի
ՆԵՐԱՇԽԱՐՀէն
այն
էջերը
ուր
լոյսին
դիմառնութիւնները
կը
վերլուծուին
քաղաքակրթութեանց,
կրօնքներու
խորհրդաւորումով
մը
(symbolisation)
յատուկ
անուններու
տարափին
ընդմէջէն,
որոնք
կը
շողին,
կը
մարին,
առանց
նուաճելու
պուտ
մը
իրաւ
մտածում։
1900ի
ոճին
մէջ
այս
դժբախտութիւնը
մենք
կը
հաստատեք
նոյնիսկ
Մեծարենցի
մօտ:
ԾԻԱԾԱՆԸ
երեք
չորրորդով
վրիպանք
մըն
է։
[6]
Ամենուն
մատչելի
միջոց
մըն
է
ասիկա,
երբ
գիրք
մը
գոցելէ
յետոյ,
մեր
միտքին
մէջ
կը
բանանք
վիճակներ,
պարունակութենէն
տարբեր,
ու
իրարու
կը
վերածենք
ըսուածն
ու
կերպը։
Մեր
վճիռը
միշտ
զգայութիւն
մը
կը
տարրացնէ
ու
ատով
ուսանելի
չէ։
[7]
Հարկ
չեմ
տեսներ
բացառիկ
զեղծումները
—
ԱՇՈՒՂԸ,
ԵԱՇՄԱԳԸ,
ԻՍԿԻՒՏԱՐԻ
ՎԵՐՋԱԼՈՅՍՆԵՐէն
մաս
մը,
որոնք
վայրկեաններ
միայն
կ՚արժեն
այդ
երկար
գործունէութեան
վրայ
բացուփիկ
ու
անհետ
կորսուող։
Ըսի
թէ
անմասն
չէինք
կրնար
մնալ
մեր
ժամանակէն։
Արձակ
քերթուածին
աղէտը
նորէն
իր
մօտ
պիտի
ունենար
նուազագոյն
չարիք։
Անսեթ
եւեթ
գրականութեան
պաշտամունքը
չշփոթել
միւս
կողմէն
տափակութեան
հետ,
որ
արեւելահայ
իմաստասիրութիւն
մըն
է
ոճի։
[8]
Արեւմտահայ
գրականութիւնը,
բացի
իրապաշտներէն,
չունի
իրեն
հաւատարիմ
սպասարկու:
Ծանօթ
է
տարազը
որուն
համեմատ
սիրողներու
(
amateur)
պաշտօն
մըն
է
անիկա,
աւելի
քան
վճռական
կեցուածք
մը
միտքէն,
արտաքին
երեւոյթներու
դէմ։
Ոչ
ոք
պիտի
կասկած
ի
թէ
ինչո՛ւ
կը
գրէին
Տիւսաբը,
Սիպիլը,
Եղիան:
Նոյն
իսկ
Զօհրապը։
Կեանքի,
վայելքի,
սնոպութեան
տուրք
մըն
էր
անիկա,
զիջուած
տրտում
եսերու:
Տիկին
Եսայեան
կինն
է
որ
ապրեցաւ
վաւերական
գրագէտի
մը
ջիղերովն
ու
միտքովը
ու
գրեց
միշտ
բան
մը
ըսելու
առաջադրութեամբ։