Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

Զապէլ Յովհաննէսեան է անունը այն աղջկան որ 1895ին Չօպանեանի խմբագրուած ԾԱՂԻԿ հանդէսին մէջ պիտի ստորագրէ տպաւորապաշտ պատմումի ձեւին տակ այն օրերու ամենէն սիրուած ու մշակուած սեռէն, իր առաջին էջերը։ Դպրոցական աղջիկ մըն էր անիկա այդ շրջանին։ Յորդ զգայնութեամբ ու զօրեղ աչքերով այդ /248/ յայտնութիւնը բախտը ունեցաւ տաք խանդի եւ մեծ յոյսերու այդ օրերուն, հետաքրքրելու մեր գրողները ինչպէս մեր միջին ընթերցողները։ Լրագրական հանգանակութիւն մը իրեն պիտի հայթայթէ միջոցը հետեւելու բարձրագոյն ուսման։ Փարի՛զ։ Ուր պիտի աշակերտէ Սորպոնի գրական բաժինին։

Գիրքի մը մէջ ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ, Տիկին Եսայեան, աւելի յետոյ պիտի պատմէր մեզի այդ ուսանողութեան ամբողջ ողբերգութիւնը։ Չեմ կրնար լայն բանալ սահմանները այս փորձին, երեւան բերելու համար այն վերջալուսային հոգեբանութիւնը, որով մասնաւորուած են այդ մարդերը, կեղծ հանճարներ ըլլալէ առաջ, հալածական հայրենասէրներ, արեւմտեան ոստաններու ահաւոր անստուգութեան մէջ, իրենց հացը որսալու պարտքին չափ, իրենց տեղը փրկագործելու անպատմելի դիւցազնութեամբ մըն ալ պսակաւոր։ Տիկին Եսայեան կեանքը ճանչցած է այդ սերունդին տուայտումներուն հետ ու մէջէն։ Իր զգացական առաջին դժբախտութենէն անիկա պիտի ժառանգէ անուն [1] մը ու զաւակ մը։ Ու այն հզօր գորովանքը՝ որ իր արուեստին տիրական աշխարհը տաղաւարեց։ Մինչեւ 1900, այդ գռիհներուն մէջ, ու այդ տրտմութիւններով կալանաւոր, անիկա պիտի աճեցնէ իր զգայնութիւնը, պիտի ընդարձակէ իր փորձառութիւնները, պիտի կազմակերպէ մտքին մեծ ընդունակութիւնները։ Իր մէջ անիկա որդեգրած է այդ արեւմուտքը մեր գրողներէն ոչ ոքին մօտ հաստատելի անկեղծութեամբ մը։ Ու այդ տարիները, 30 լինելէ յետոյ անոր տաղանդը, ջղային դրութիւնը, միտքին մեծ տիսիփլինները, պիտի մնան հեռաւոր բայց ապահով աշխարհ մը իբրեւ, ուր պիտի դիմ է ամ էն անգամ որ հոգեկան կամ մարմնական տագնապներ պատարեն իր փէշերը։ Զուր տեղը չէ որ ազգային առածը կնոջ մը առաջին թշնամին իր փէշերը կ՚անուանէ։

 

Պոլի՛ս։ Դարասկիզբի Պոլիսը։ Զաւակ մը ծոցին։ Իսկիւտարի մօր տունը։ Ու ձեզի կը ձգեմ լինել այս փարիզուհիին ողբերգութիւնը, առանց ամուսնի ու առանց գործի։ Պիտի գրէ։ Ու 1900ին գրիչը ուրիշ ողբերգութիւն էր, նիւթականէն դուրս։ Պիտի աշխատի դաս տալ։ Ու վարդապետութիւնը՝ ուրիշ թշուառութիւն։ Չէ /249/ կարելի հետեւիլ կնոջ մը կեանքին երբ ասիկա թաւալի ծիրին մէջը կանոնաւոր, casé, սեպհական բոյնի մը զգայութիւններուն: Տիկին Եսայեանի համար ասոր հակառակն է, որ ճիշդ է։ Մինչեւ թուրքերու սահմանադրութեան վերահռչակումը (1908) անոր օրերը լրագրական դժբախտ սպասի մը սիրտ մաշուքը ունեցան իբր կարելի հրայրք։ Իր երիտասարդութեան այս բեղուն շրջանը արգելքին տակն է մեր քաղաքական բացառիկ կացութեան։ Անշուշտ իր անունը մեր գրական հրապարակին վրայ վարկէ մը աւելի է։ Բայց անոր արուեստը հակառակ իր խոր հարստութեան ու շնորհներուն, կը թուի պարուրուած մնալ նոյն այդ պայմաններուն քիչիկ մը դառնութեամբը, սնոտիքովը (եթէ կ՚ուզէ ք)։ Աւելի յետոյ, 1900-1908ի պոլսական գրականութեան նկարագիրը երը վերլուծուի իր գործին առիթով, պիտի տեսնանք թէ ինչ ազդակներ մուտք ունեցան այդ արուեստին ստեղծումին մէջ։

Սահմանադրութենէն յետոյ անիկա կը մասնակցի շրջանին ընդհանուր խանդին։ Պոլիս խուժող կուսակցական սպայակոյտները զայն կը գործածեն իրենց վարդապետութիւններուն իբրեւ զարդանիշ։ Կ՚երեւի անիկա բեմերու վրայ, խօսելու, պայքարելու տենդը վերածելով թերեւս իր մէջ անարծարծ զգացումներու յագեցումին։ Կին գործիչ մը, մինչեւ այսօր դժուար կը հանդուրժենք։ Ծանօթ են Զօհրապի յարձակումները Տիկին Տիւսաբի գրական, գաղափարագրական գործունէութեան դէմ։ Իր ուսուցչութիւնը հազիւ կը պաշտպանէ Տիկին Սիպիլը։ Տիկին Եսայեան լայնօրէն խառնուած է 1910ի հոսանքներուն։ Այդ հանգամանքով էր որ արդեն կատարեց իր ամենէն դժնդակ առաքելութիւնը, դէպի եղեռնի նահանգը, Կիլիկիա, ուր իբրեւ պոլսահայ պատրիարքութեան պատուիրակ մը, անիկա ապրեցաւ թերեւս իր կեանքին ամենէն ահաւոր ողբերգութիւնը։ Իր լսածները, տեսածները, ջարդուած այդ երկրէն անիկա պիտի կտակէր մեր գրականութեան, անմահ վկայութիւն մը իբրեւ, իր՝ ինչպէս իր ժողովուրդին արժանիքներէն ու դժբախտութենէն։

 

Պատերազմը սկսած էր։ Կը փնտռէին զինքը։ Տեսայ բարեկամի մը տունը։ Տրտում էր ու յուսահատ։ Իր մէջ գրագէտը դադրած էր այդ օրերուն։ Գաւառներու տեղահանութիւնը, իրերակից սարսռալի մանրամասնութիւնները, իր մտքի եւ գրչի եղբայրներուն նահատակութիւնը անոր դէմքին վրայ կը դնէին այն անպատմելի այլուրութիւնը զոր ազգովին ապրեցանք 1915ին։ Իր ազատումը, ուղղակի հրաշք մը, Պոլսէն, վէպի մը կմախքը պիտի տար։ Չգրեց ինչ/250/պէս չգրեցի ես ինքս, այդ վէպը, որեւէ երեւակայութենէ վեր իրադարձութիւններով։

 

Պուլկարիա։ Յետոյ կովկասեան ճակատ։ Կամաւորներու շարքերուն մէջ։ ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ իր վէպը որ այդ ողայութիւններուն շահագործումը պիտի ըլլար, պղտոր է վերջաuտաց իմաստութեան ցուցմունքներով։ Հայաստանի Հանրապետութեան կործանումէն յետոյ զինքը վերստին տեսայ Պոլիս։ Աւերակ մըն էր։ Խօսեցանք, առանց արցունքի եւ ռոմանթիզմի։ Մեր շուրջը ծիլեր, մեծ հրդեհէն անմիջապէս վերջ, անբաւական էին մեր յոյսերուն։ Լքումը, ինքնիր մէջ սպառումը զգալի էին, արտաքին խանդին իսկ մէջէն։ Անցաւ Փարիզ։ Յետ-պատերազմեան պայմաններուն ողբերգութիւնը աւելորդ է վերլուծել։ Տարիքը, մեր կործանումը, սկսող ընկղմումը գաղթահայութեան, սրտերու վրայ ծանրացող տագնապը որ հաւասարապէս կը զարնէր մեր ցեղը իր ընտրանիին ինչպէս խոնարհագոյն խաւերուն մէջ, իրարու կաւելնան որպէսզի անոր դժբախտ հոգին անգամ մը ամչնայ ինքնիրմէ։ Զինքը կը տեսնենք իր գործակիցներուն, ընկերներուն հակադիր ուխտի մը մէջ։ Խորհրդային Հայաստանի գործիչ մըն է։ Պիտի խօսի, գրէ, թելադրէ, թերթեր վարէ, պայքարի, մոռցնելու աստիճան իր դէմքին պայծառ իմաստը, այս անյարիր, հակասական արդիւնքներու մէջ։ Պիտի դառնայ Հայաստան, առանց կասկածելու թէ գրագէտը ամենէն դժբախտ գործիչն է մեր մէջ։ Կրկին Եւրոպա։ Կրկին յուսախաբութիւն։ Կրկին Հայաստան:

 

Գրեց ինծի այդ դրախտավայրէն։ Կը հրաւիրէր Թէքէեանը, զիս։ Իր նամակը խանդոտ, հակառակ հզօր հիասթափումներուն, յուզիշ վկայութիւն մըն էր, տեսակ մը խղճմտանքի հանգանակ։ Իր բառերը անկեղծ էին անշուշտ երբ կը նկատէին հոն կատարուող նորոգման, կառուցման տենդը։ Հպարտ էր այդ փոքր գեղեցկութեամբ ու սրտառուչ միամտութեամբ մը կը գուրգուրանք այդ պուտ մը հմայքին վրայ զոր իր մեծ տաղանդը հետապնդեր էր թերեւս քառսուն տարի, առանց նուաճելու։ Գացեր էր Մոսկուա, խորհրդային գրողներու համագումարին, խօսէր՝ իր ժողովուրդին գրականութեան անունով։ Ու յուզիչ էր իր խանդավառութիւնը որքան վարակիչ։ Ինծի համար, դրուագին մէջ մեծ էր իր իսկ մանկունակ գոհունակութիւնը երբ կը պատմէր ազատութիւնը իր տաղանդին, վեր /251/ ըլլալը եւրոպական մշակոյթին ամենէն տխուր փոքրութիւններէն, որոնք գրողներու ճշմարիտ տռամը կը կազմեն, շրջապատին խուլ արհամարհանքը հանդէպ ամէն արժէքի որ մարմին չէ, ոսկի չէ, կեղծիք չէ։ Այս նամակը վերջինն էր իրմէ։

 

Երկու տարին անցաւ լուրէն, որ զինքը կը վերցնէր հրապարակէն, առանց ըսելու թէ ուր կը ղրկէր։ Չարագուշակ բաներ ըսուեցան։ Աղէտ մը, նման անոր զոր իր գրչի եղբայրները կրեցին 1915ին Անատոլուի ամայքներուն վրայ, բան պիտի չփոխէր մեր ճակատագրէն։ Կրնայինք քսանըհինգ տարի առաջ ինկած ըլլալ այդ սուրին ներքեւ։ Ու Հայոց գրականութիւնը կ՚ապրէր։ Բայց ինչ որ զիս կը յուզէ սա տողերէն անդին ալ, ատիկա՝ ճակատագիրն իսկ մեր գրողներուն։ Տիկին Եսայեան չեղաւ մարդը հանդարտ ծերութեան։ Իր իրաւունքն էր իր աշունը անցընել իսկապէս աշնանագեղ պայմաններու մէջ։ Անշուշտ անիկա հրճուեցաւ այդ բացառիկ գեղեցկութեանց իսկ հաշւոյն, որոնք մեծցան իր յիսունէն անցնող աչքերուն առջեւ։ Բայց չունեցաւ լիապարփակ գոհունակութիւնը իր ժողովուրդին աւելի ընդարձակ, աւելի արժանաւոր մէկ երջանկութիւնը չափելու, իր հողերուն վրայ, իր մղձաւանջէն գոնէ ազատուած։ Ողջ թէ մեռած անոր ստուերը կը տառապի հիմա, վստահ եմ ատոր։

Այսպէս է գրուեր գիրը այս ժողովուրդին իմացական բանուորներուն:

* * *

Կեանքի գիծերու սա տողանցքը հա՛րկ կա՞, ծանրաբեռնելու ուրիշ ալ տարրերով, որոնք գրագէտի մը դէմքը թանձրացնէ ին, զայն վերածելու համար սովորական տիպարին, որ գրագէտը չէ բայց անկէ աւելի կարժէ իրրեւ չէնք։ Հանրածանօթ է տիկինին անհուն զգայնութիւնը, մեր աշխարհէն մեր քաղելիք հաճոյքին որքան տառապանքին համար ինքնայարդար իր առեղծուածը։ Բանալ կնոջ մը կեանքին այդ ծալքերը չեմ կարծեր որ գրականութեան համար բերէ այնքան նպաստ որքան քաղքենիներու շիլ հետաքրքրութիւններուն։ Իր զգայնութեան զոհ գրողը նոր չէ աշխարհի երեսին: Չեմ տար հոս անուններ։ Կ՚անցնիմ, խորհելով թէ գրագէտի իր գործին հասկացողութեանը մէջ այդ անդաղտնապահ մերկացումները կշիռ մը չունին, եթէ չեն վնասեր։ Տիկին Եսայեանի դէմքը առաքինութեան տիպար մը իբրեւ պիտի չկտակուի ապագային։ Բայց զգայ/252/նութեան իր սրութիւնը արի փաստ մըն է իր վիպական կառոյցներու գնահատումին մէջ։

 

Քաղքենի ըմբռնողութեան համեմատ, այդ կեանքին վրիպանքը, ուրիշ, ըսել կ՚ուզեմ, մեզամօտ արժէքներու կշիռին մէջ, կը վերածուի տարբեր պատկերի մը։ Տարակոյս չկայ որ անիկա ամենէն անկեղծն է արեւմտահայ կին գրողներու նաժշտախումբին մէջ, մեծ մասամբ սուտ կեցուածքներու հերոսուհիներ։ Յիշեցի Տիւսաբի եւ Սիպիլի անունները։ Կը խնայեմ այս էջերուն աւելի անսուրբ, փղշտացի փառքերը ան միւսներուն, կատարեալ կապոյտ–գուլպաներ, որոնք մանաւանդ 1900ին մեր գրականութեան մէջ անուններ ըլլալէ զատ հպարտութիւններ էին։ Այս խմբակին ամ բողջ շինծու ծաղիկները ես չեմ փոխեր Տիկին Եսայեանի ամ ենէն մեղաւոր մէկ կտորին հետ։ Ու ասիկա միանգամ ընդմիշտ։ Արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը, հակառակ որոշ շրջանի մը կիներէ նուաճուած ըլլալուն, շուտով ազատագրած է ինքզինքը այդ նուաստ գերութենէն, իրենց ճշմարիտ չափին վերածելով ոսկեզօծ համբաւները այդ մեծատաղանդ գրագիտուհիներուն որոնց պարմանութիւնը ողջուներ էինք, հաւանաբար արուեստին օտար զգացումներու հպատակ եւ որոնց պառաւութիւնը կանցնի մեր արդար արգահատանքը։

 

Իր նուիրման, խորութեան, լրջութեան, բարձր հասկացողութեան արժէքները, մանաւանդ երբ ուզենք զանոնք տեսնել կեանքին ինչպէս արուեստին գետիններուն վրայ, հաշուեյարդար մը կը կազմեն բան աւելի փառաւոր՝ քան տանտիկին conformiste համբաւները որոնք արձագանգներ են շատ մը նկատումներու։ Տիկին Եսայեան կրնայ յիջեցնել Ժորժ Սանը, Տիկին տը Սթալը զգացական իր կանոնազանցում ներուն (déreglement) հանդէսովը։ Բայց չի տկարանար ապագային առջեւ։ Մեր մարմիններուն փուտը մեզմէ առաջ կը թափի երբեմն։ Մեր հոգիներուն հուրքը կրնայ քանի մը սերունդէ անցնիլ։ Ոչ մէկ հայ պիտի մոռնայ կսկիծի ու արցունքի անհուն մատեանը որ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ անունը կը կրէ։ Ու այդ գիրքը կին մը գրած է։

* * *

Տիկին Եսայեանի գործը ընդարձակ է քան ամբողջ արդիւնքը մեր բոլոր կին գրողներուն։ Այս միակ հաւաստումը գեղեցիկ ու ար/253/դար վկայութիւն մը կը կազմէ ամենէն առաջ վաւերական գրագէտի իր խառնուածքին։ Ու փաստ՝ նոյն ատեն, ոչ միայն զարտուղութեան իր սեռին շքախումբէն, այլ իր արուեստին ալ բարձր որակին։ Գրել, այո՛, հայ թերթերու, անոնց խեղճ աշխատավարձին իսկ գինով, թերեւս անլռելի պէտքերու հպատակ։ Բայց չգրել, հետեւելու համար շշուկին, աղմուկին զոր մեր գիրը երբեմն կը ձգէ իր ետեւէն։ Ահա Տիկին Եսայեանի ամենէն սրտառուչ մէկ արժանիքը։ Գրել տակաւին հարցերու լուրջ որոնք վեր կը մնան կիներու հասողութենէն, կենալ ռազմադաշտերու կեդրոնին ու մոռնալ իր սեռը։ Ասոնք՝ ուրիշ։ Արուեստը ըմբռնել իբրեւ բարձրագոյն իրականութիւնը ու այս ըմբռնումին հաւատարիմ գործադրիչը ըլլալու համար խորտակել ինքզինքը։ Ուրիշ բան չէ ըրածը այդ տիկինին։

 

Անոր առաջին գրութիւնները կը մատնեն պոլսեցի աղջկան քաղ` ցիր, թարմ զգայնութիւնը, իր ցեղը դղրդող լրացումներուն տենդին ընդմէջէն, բայց որուն աչքերը կը տեսնեն թուղթերէն անդին։ Ինչ որ Տիկին Եսայեանի գրականութեան մշտագոյ մէկ նկարագիրը պիտի կազմէր, զգայնութեան ու զգացումներուն տիրական առաւելութիւնն էր իր էջերուն մէջ երբ Տիւսաբով, Սիպիլով համբաւի հասած կերպերուն համար այդ երկու յատկութիւնները զանցառելի, եթէ ոչ վտանգաւոր զեղումներ էին։ Այս է թերեւս պատճառը որ առաջինը իր վէպերուն համար վարդապետութիւններ, երկրորդը իր քերթուածներուն համար գոյներու եւ ձեւերու դիւթաւանդէս մը պիտի պարտադրեն, ու երկուքն ալ պիտի խնայեն արուեստի գործ մը միշտ փրկող իրենց անվերածելի անձնաւորութիւնը իրենց յօրինումներուն։

Յօդուածներ, նորավէպ, քրոնիկ, բայց մանաւանդ արձակ քերթուածներ, տրուած պոլսահայ եւ արտասահմանեան մամուլին մէջ, օրաթերթ որքան պարբերաթերթ։ Քառասուն ու քիչ մըն ալ աւելի տարիներու վրայ երկարաձգուող սա վաստակէն Արեւմտահայ գրականութիւնը կը պահէ անունները մէկէ աւելի անխառն գլուխ գործոցներու, մեծկակ թիւ մը միջակէ վեր ուրիշ գործերու։ Լրագրական նկարագրով, բաղդատաբար նուազ քանակ մըն ալ, անխուսափելի տուրքը զոր ամէն հայ գրագէտ պարտաւոր էր վճարել մեր պայմաններուն։

Դիտելի է որ Տիկին Եսայեան իր տաղանդին շրջափոխութիւնը իրագործած է իր մարմինին ճամբովը։ Ըսել կ՚ուզեմ անիկա չի նմանիր Սիպիլին, որուն պարմանութիւնը փայլ ու կրակ է ամբողջու/254/թեամբ, հարսնութիւնը՝ հասունութիւն։ Բայց որ երեսունէն վեր կը կրէ իր տաղանդին դիակը, զարդարելով զայն ներելի բոլոր միջոցներով։ Անկէ անկեղծ գիրք մը, ԿՆՈՋ ՀՈԳԻՆԵՐը, դիմաստուերներու շարք մըն է, քան թէ ճշմարիտ կնոջ մը հրդեհեալ հոգեպատկերը։ Փողփողուն ու փչուն ԱՇՈՒՂԸ . Եսայեան) այդ աղջկայ հոգեբանութեան կրակը անշուշտ կը փոխանցէ ընթերցողին։ Խոր, երանգաւոր ու երբեմն ալ մարդկային ԵԱՇՄԱԳԸ . Եսայեան) պարզ արձակ քերթուած մը չէ արեւելապաշտ թեքնիքով մը գործադրուած։ Կը յիշեմ այս երկուքը, ծանրանալու համար այն միւս փաստերուն որոնք կը կոչուին ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼ եւ կամ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ։ Մէկ ոլորտէն միւսին մէջ փոխուածը գրելու թեքնիքին կամ ջիղերու հեղումներուն չի պատկանիր։ Տարբերութիւնը արդիւնք է գրագէտի բացառիկ ճակատագրի մը։ Տիկին Եսայեանի գրականութիւնը մարդու մը հոգեշրջութեան պատմութիւնն է ամէն բանէ առաջ: Ու այս է պատճառը որ իր գործը այնքան բարձր վկայութիւն մը կը կազմէ, իր՝ ինչպէս Արեւմտահայ գրականութեան մասին։ Կը հարցնեմ ձեզի. ՑՈԼՔԵՐԸ . Սիպիլ) ո՞ր հայ կնոջ հոգիին պատմութիւնն է։ Պատասխանելէ առաջ մտածեցէք խոր։ Անշուշտ 1890ի մեր քաղքենիներուն պարահանդէսները, զարդասիրութիւնը, սեթեւեթը, ներկերն ու բոյրի սրուակները չուքեր ունին այդ գործին մէջ։ Բայց ա՞յդ էր հայ կինը 1890ին, 1900ին, 1910ին։ Փոխարէն, Տիկին Եսայեանի ո՛ր վէպը կ՚ուզէք բացէք։ Հոն մեզի ներկայացուած կիները իրաւ, մեզմէ աւելի խիտ կիներ են ու մեր ընկերութեան որոշ խաւերուն քանդակները։ Այս կարիքն է ահա որ կը բարձրացնէ Տիկին Եսայեանի գրական գործը ու անոր կու տայ ներկայացուցչական որոշ կնիք։ Այս մտածումէն մեկնելով է որ անոր գրական գործունէութեան համար անտեղի չեմ նկատեր կատարել որոշ բաժանումներ։

 

Անոցմէ առաջինը կրնամ որակել սկսնակի շրջան։ Կ՚աւելցնեմ անմիջապէս որ վաւերական գրագէտի մը համար այս բաժանումը չենթադրեր տկարութիւն, անրատականութիւն։ Անոնք որոնց սահմանուած է օրերու երկար շղթայ մը, անշուշտ չեն սպառիր կեանքի նոյն խտութեամբ, արագութեամբ, ուժգնութեամբ որքան այն միւսները որոնք պիտի երեւան, հասուննան, այրին ու մարին արշալոյսէն մինչեւ վերջալոյս։ Պետրոս Դուրեան, Մեծարենց, Զարիֆեան։ Այո՛։ Ինչպէս՝ Եղիշէ Դուրեան, Թորգոմ Գուշակեան, Խրիմեան, որոնց առաջին շրջանի վաստակը հեղինակներուն ողջոցն իսկ սուզուած էր /255/ մոռացումին ծոցը։ Տիկին Եսայեանի սկզբնական արտադրութիւնները, վէպ, նորավէպ, արձակ քերթուած, քրոնիկ, իրենք իրենց բաւող գործեր են անտարակոյս։ Բայց չեն թելադրեր լիութիւնը այն միւսներուն որոնք անիկա պիտի հրատարակէր իր քսանը հինգէն յետոյ։ Այդ շրջանին կը պատկանին առաւելապէս իր նորավէպները, որոնք պարզ պատմումներ են, բայց չեն պաշտպանուած իր տաղանդին հիմնական ուժովը հոգեբանութիւն ընելու իր հզօր տուրքովը։ Նորավէպը, թատերական փոքր կառոյց մըն է որուն մէջ տիրական է արագութիւնը գործողութեան։ Զօհրապ մը, Բաշալեան մը, Սիպիլ մը նոյնիսկ, այո գետնին վրայ, օժտուած են իրմէ աւելի։ Իրեն համար անհրաժեշտը հոգեկան աշխարհին ծաւալն էր։ Իր ապրումներուն միայն անձնատուր, անիկա պիտի չիջանէր օտարներուն կեանքին դիմաց ինքզինքը տրամադրելու, լուրջ ու հաց բերատար, նօթագրելու համար անոնց կարելի հակազդեցութիւնները։ Այս է պատճառը որ իր նորավէպերը մեզ կը ձգեն անտարբեր։ Մնաց որ անոնք օրը օրին գրուած, աճապարոտ գործեր են, թերեւս հացի մղում էին տակ աշխարհ ղրկուած։ Նմանապէս, իրենց համբաւին հակառակ, հինցած գործեր են իր արձակ քերթուածները։ Այսօր դժուար է հանդուրժել ԱՇՈՒՂԸ սիրերգութեւան հաստ արեւելականութիւնը, թանձր յոյզերը, հակառակ անոր որ պատկերներու առատ մթերք մը մեզ կը խռովէ։ Պէ՞տք է այս շրջանին մէջ զետեղել նաեւ գործեր որոնք կը կոչուին ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ, ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ, ԻՒՍԿԻՒՏԱՐԻ ՎԵՐՋԱԼՈՅՍՆԵՐ, ուր հոգեբանութիւնը կ՚ուրուանայ բայց չի դառնար տիրական կերպ, բայց որոնց մէջ վիպողի մեծ առաքինութիւններ, իր ապագայ հզօր գործերուն մէջ այնքան պայծառ, անհրաժեշտ, իրենց սկիզբը կ՚ընեն։ Դժուար է վճիռը։ Ինծի կու գայ թէ այդ վէպերը մուտքը կը կազմեն Տիկին Եսայեանի ծանր, խոր, իրաւ ստեղծումներուն։ - Ասոնք կը պատկանին բացառաբար երկրորդ շրջանին, որ կ՚ընդգրկէ Տիկինին հասունութիւնը։ Տարիքին հետ որ մեր միսերուն վրայ դանդաղ իր փոշին կը ձգէ ու մեր հոգին կը բանայ հետզհետէ աւելի լայն, աղոտ, Տիկին Եսայեան պիտի գտնէ թախծոտ լրջութիւնը որ ճշմարիտ կեանքին դասն է մեր իմացականութեան։ Կ՚անցընենք մեր օրերը, ամէն վայրկեան մեր հրաշքին ակընկալու, որ միշտ կը վրիպի, կը փախչի, հեքիաթին թռչունին նման, միշտ մեր շուքին քովիկ բայց երբեք մեր ձեռքին։ Ու օր մըն ալ կը զգանք որ մեր շուքը մե՜ծ է մեզմէ։ Ոմանք պիտի ընդվզին, պիտի չհաւատան, պիտի յամառին։ Ուրիչներ աւելի խոհեմ, պիտի ընեն /256/ զիջումներ։ Փոքր թիւ մը միայն պատրանքը պիտի զգեստաւորէ, ու ինքզինքը վստահելով իր խաչին, ուրիշներու մէջ ու վրայ պիտի փորձէ փնտռել, գտնելու հաստատ յոյսը ունենալով իրեն առաջնորդ, ինչ որ չէր կրցած էտնել իր վրայ։ Այս դժբախտ արարածը արուեստագէտն է։ Ու Տիկին Եսայեանի հասունութեան շրջանէն մեզի մատուցած կիները մէկ ու նոյն պատրանքով արարածներ են, բոլորին խորն ալ՝ այն անպարագրելի էակը որ մեր գարնան պատկերն է մեզմէ ներս։ Ըսած են թէ արուեստագէտը ուրիշ բան չըներ եթէ ոչ ինքզինքը մանրել իր գործերուն մէջ։ Տարազը իրաւ՝ բոլոր մեծ ստեղծագործներուն համար, իրաւ է նաեւ կեանքին համար ալ։ Այն վիպողը կ՚անցնի միայն ապագային որուն գործին մէջ աշխարհ մը կայ մանրանկար։ Այս ընդհանրացման լոյսով, ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼ, ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԵՐ, ՍՊԱՍՄԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ, ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ վիպակները բացարձակ վկայութիւններ են ոչ միայն կնոջ մը ապրումներէն, այլեւ ուրիշ աւելի կարեւոր բանէ մը. տիպարային ալ արժէքէ։ Վասնզի եթէ Մայտան, իբր հերոսուհի Տիկին Տիւսաբին սոզին է, իր դժբախտութեանը մէջ աւելի քան անկանգնելի է ուրիշ պատճառով մը։ Ինք մինակ է բոլորովին: Տիկին Եսայեանի կիները անշուշտ լեգէոն չեն մեր ընկերութեան մէջ, այն ատեն ինչպէս հիմա։ Բայց ամբողջ դասակարգի մը համար անոնք կը մնան տիպարային: Միջին կրթութեամբ ամէն աղջիկ, քսանէն վերջ, կրնայ կանչուիլ այն ամենուն, որուն կը մատուցուին յիշուած գործերով։ Ու հոս է տարբերութիւնը արուեստագէտին ու գիտունին։ Աւելի վերջը, երբ Տիկին Եսայեանի արուեստը իյնայ վերլուծման, ես վեր կը հանեմ նաեւ այդ կիներուն հոգեբանական տարողութիւնը, տիպարային արժէքները։ Այս շրջանին մէջ անիկա գրած է նաեւ իր գլուխ գործոցը ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ տարօրինակ հատորը։ Իրմէն ուրիշ հատոր մը, պատերազմէն առաջ, ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻՐԵՐ, կը յիշեմ, յիշած ըլլալու համար։

Յետո՞յ։ Բայց կայ դժբախտաբար այդ յետոն։ ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ մեծ վէպը անիկա գրէր պիտի հաշտութեան կնքումէն բաւական վերջը։ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ, առաջին անգամ լոյս տեսած Կովկաս, 1917ին։ ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼը՝ Պերլին. պատերազմին աւարտումէն քանի մը տարի յետոյ։ Ի՞նչը կը միջամտէ որպէսզի անխառն յաջողութիւնը ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸին ու ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼին խառնուած ներկայանայ մեզի այնքան անխառն ձախողուածքին հետ որ ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ անունը կը կրէ։ Տարի՞ք։ Բայց իր ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ գրուած ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐէն տասնըհինգ տարի վերջ, մեզ կը յուզէ ԱՇՈՒՂԸին վայել թար/257/մութեամբ մը զգայնութեան։ Ու ՊՐՈՄԵԹԷՈՍ ԱՐՁԱԿԵԱԼԸ քրոնիկ մըն է որ տեղ տեղ կը գտնէ անկեղծ նայուածքին բարիքը ու կը հասնի մեր սրտին։ Մինչեւ իր ձերբակալումը եւ գրական հորիզոնէն անհետացումը, Տիկին Եսայեան պիտի խօսի, խմբագրէ, վարդապետէ, քիչ բան աւելցնելով իր երկրորդ շրջանի վաստակին վրայ։

Ահա ամփոփ գիծերով գործը այս կնոջ։



[1]     Իր մականունը, Եսայեան, կու գայ Տիգրան Եսայեանէն, գիտուն ու հնաբան, նկարիչ ու լուրջ արուեստագէտ, վերադիրներ որոնք Փարիզի պայմաններուն մէջ գործածուած, կը թելադրեն դժուար անբախտութիւններ: Բաժանումը չէ ուշացած։