Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՄԱՐԴԸ

Վարուժանի քերթողական վաստակը, պատկանելով հանդերձ իր սերունդին, ասոր գեղեցկագիտական համոզումներուն, մանաւանդ հոգեկան ապրումներուն, կաելնայ անկէ , անցնելու համար ազգային սեպհականութեան։ Ճշդում մը սակայն։ Վերի տարազը պայմանադրական է բոլոր վաւերական գրագէտներուն համար։ Բայց 1880ին ոչ ոք մտքէն պիտի անցընէր Դուրեանի մը քերթողականը փոխադրել այդ օրերու մտահոգութեանց մէջ ու փորձէր ստեղծել, մանաւանդ շահաղործել այն նիւթերը, որոնք 1864–70ի սերունդին հեշտանքը կազմեցին։ 1940ին կը խորհիմ թէ Վարուժանի աշխարհը, ինչպէս /189/ արուեստը, աւելի քան հզօր ու իրա են, որքան էին անոնք 1910ին։ Ասիկա պարզ փաստ մը չէ։ Ոչ ալ պայմանաւոր՝ մեր Սփիւռքի հոգեբանութեամբ։ Իր մէջ ազգայնական քերթողը չէ մեռած, ոչ թէ անոր համար որ մեր տառապանքը իբր «հայրենազուրկ» աւելի քան խոր է հիմա, այլ աւելի այն միւս պատճառով, որ Վարուժանի քերթողութեան սնուցիչ տարրերը կու գան շատ վարերէն։ ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ պարզ տիտղոս մը չէ գիրքի, այլ հոծ, հեռահաս իրականութիւն մը, որ մարմին կ՚ըլլայ Վարուժանով։ ՀԱՑԻՆ ԵՐԳԸ մեզ կը յուզէ այսօր գեղեցկութեամբ մը, որ աւելի է քան իրականութիւնը, ու ասիկա անոր համար նոյն ատեն, որ մենք հիմա կալերու գիշերուան մը քաղցր հաճոյքէն զրկուած, պարտաւորուած ենք մեր մէջ մթերուած դարերու զգայութիւնները օգտագործել։ Զուր տեղը չէ որ մեր ժողովուրդը հողի, արտի, լերան ու ծաղիկներու, մեղրի ու ցորեանի համադրական յօրինում մըն է, իր աղօթքներուն, երգերուն ու քերթողութեան մէջ։ Ու ասիկա այսպէս իր ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐուն համար, որոնք մեր մտքին հեռաւոր մէկ հակումը կը նորոգեն, երկինք փնտռող, ուսումի համար իրենց սահմաններէն յորդող մարդոց եւ հոգեկանութիւնը։ Արդի կեանքին մեծ հարցերը, ինչպէս հին դարերուն մեծ խռովքները, զգացող ու մտածող մարդկութեան լայն ապրումները կը լեցնեն այդ երգերը։ Այս արագ նշմարանքը անոր համար, վասնզի մեր քերթողներէն ոչ ոք այնքան բացայայտ գիծերով քանի մը շատ յատկանշական աշխարհներ սեւեռեց, իր կարճ օրերուն լիութիւնը ձգելով մեր յարգանքին։

«Քերթողներուն կեանքը ամենէն առաջ իրենցն է», ըսեր են։ Կան անշուշտ այն միւսները, դարձեալ քերթողներ, որոնք իրենց դարուն հոծ ապրողները եղան, իրենց ժողովուրդներու հզօրագոյն խռովքներուն վառարանը։ Կռուեցան, վարեցին, ազդեցին պատմութեան վրայ ու այդ պատմութիւնը երբեմն իրենց կնիքովն ալ փառաւորեցին։ Բայց իրողութիւն է որ այդ արարքները չպահուեցան այդ պատմութեան դիւաններէն։ Այդ մարդերէն ազատուածը նորէն այն մասն է իրենց գործին, ուր անոնք «իրենց կեանքին» ձայնը դրին, թերեւս առանց գիտնալու։ Կը յիշեմ ողիմպիական Կէօթէն, իր շատ շքեղ նախարարապետութեամբ, Լամարթինը՝ իր յեղափոխական լիտըրի կարճ բայց տիրական փառքովը։ Հիւկոն՝ որ կէս դար մը Ֆրանսան կը կարծէր համադրած ըլլալ։ Այս ջոջ անուններէն մեր այսօրուան պահածը, սիրածը փոքր քանակ մըն է քերթուածներու, վկայութեանց, որոնք մեզ կը դարձնեն այդ մարդոց անվերածելի իրականութիւնը, իրենց ջիղերով, սէրերով, տուներով, մեծ ու /190/ պզտիկ վիշտերով պայմանաւոր կենցաղը: Ատոր համար է որ քերթողներուն կեանքը իրենցն է ամենէն առաջ։ Դանիել Վարուժան չէ ունեցած ծառայող, ճառագայթող գործունէութիւն մը, որ մեր գրչի վաստակաւորներուն համար հասարակաց է գրեթէ։ Գալով այն ակօսէն՝ որուն սկիզբը կ՚երկարի մինչեւ Ալիշան ու քիչ մըն ալ աւելի վար, անիկա սլիտի տարրերի Մխիթարեան բանաստեղծներու փաղանգէն՝ այս այլուրութեամբը իր անձնաւորութեան, բոլոր այն մեծ հարցերին, որոնց դրուած էին իր սերունդին առաջին։ Անիկա այդ աւանդական պարտքը կատարել կը կարծէր այն պաշտօններով, զորս իբր ուսուցիչ ունեցաւ Փոքր-Հայքի ու Պոլսոյ մէջ։ Իր ուսուցչութիւնը սրտաղրաւ բան մըն էր, քանի որ յիշատակ մը ըլլալէ աւելի է՛ տակաւին մինչեւ այսօր։ Բայց հեռու այն դերերուն, որոնք Պէշիկթաշլեանի մը, Թերզեանի մը, Եղիայի մը, Պէրպէրեանի մը անունները այլապէս կը նուիրագործեն։ Իր խանդը, իր ամբողջ կրակը իր արուեստին համար հանդերձած, անիկա իր տղոցը տալու քիչ բան չէր ձգած անշուշտ։ Իր անձը, ներկայութիւնը, քաղցր շնորհը դերեր էին իրենց կարգին։ Բայց հոգիներու կաղապարում է հմայքին պարտական ըլլալնուս չափ, պարտական ենք մեր ուժին, որ հոս չի նշանակեր նկարագիր, կորով, մագնիսականութիւն, անտուն հմտութիւն կամ հոգիներու վրայ ազդելու գիտութիւն։ Այլ իր իսկ հաւատքին բեւեռայնութիւնը։ Քիչ գիտնանք, քիչ խօսինք։ Քիչ շնորհներ արտացոլանք։ Հոգ չէ։ Բայց շատ ու խոշոր ուզենք։ Շատ ու խոր հաւատանք։ Այս գինով է որ մեր հմտութեան պակասը պիտի ընենք անզգալի։ Մեծ վարիչները աշխարհին մեծ իմացականութիւնները չեն, այլ մեծ տեսնողները, մեծ ուզողները։ Դանիէլ Վարուժանի ազդեցութիւնը մտքէս չ՚անցնիր վերլուծել հոս։ Բայց հարկ է մարդ մը յօրինել ու այդ աշխատանօրէն համար քննադատը, յանձին Վարուժանի, կը գոնէ միայն ուսուցիչը, որուն տարողութիւնը տուի վերը, ու կուսակցականը, որ բարոյական արժէք մը միայն կը բերէր իր խմբակցութեան, ոսկի անուն մը։ Այս ճշդումները բարեբախտաբար չեն կարող փոքրել տիպարը, քանի որ կը ցցեն անոր իրական անձնաւորութիւնը։ Դանիել Վարուժան գրեթէ անխառն քերթող մըն է։ Ու իբր այդ կ՚իյնայ վերլուծումի։

 

Բոլոր քերթողները քիչ մը կ՚ըլլան ատիկա իրենց մօրը արգանդէն։ Գիտնենք թէ անիկա ծնած է գիւղի մը մէջ։ Փոքր Հայքէն։ Իր կենսագրական գիծերը, իր իսկ գրիչէն, կան Թէոդիկի տարեցոյցներէն մէկուն մէջ։ Եթէ կը յիշեմ այս մանրամասնութիւնները, /191/ պատճառը իր գործին մէջ գիւղին ու բնական տեսարաններուն ունեցած աւագ կարեւորութիւնն է։ Անդրանիկ մանկութիւն մը ուրեմն, որ պիտի անցնի խարտեաշ հողերուն համապատկերին մէջ, միօրինակ, տրտում, որը (անոր հայրը դասական պանդուխտն է մեր իրապաշտներուն), ձգուած իր բախտին, քիչիկ մը փողոցը, քիչիկ մը տունը, որպէսզի անոր ջիղերը հեռուէն չտեսնէին ու վայելէին (տղուն համար ցաւը գրեթէ վայելք է յաճախ) փոփոխակ ազդմունքներով ու յօրինուի անոր հոգին յաճախանքին մէջը մօրկանը երգերուն, այնքան սրտայոյզ, այնքան խոր՝ երբ կը պատկերեն հեռու հայրը, օճախին կարօտովը օր մը աչքերը փակելու սահմանուած, ու զաւկին աճիլը՝ օր օրի, հօրը պատկերին մէջ։ Այսպէս ապրած են մեր բոլորին մանկութիւնները, անօթութեան, սարսափին, արիւնին, կրակին, բարդին ու թալանին փրփրայոյզ թափօրներովը։ Ու հրաշքը հոն է որ այս ամենէն յետոյ, այդ տղաներէն դուրս գան մարդեր, որոնք անուանուին Վարուժան, Մեծարենց, Զարդարեան, Թլկատինցի։

Երկրորդ մանկութիւնը անիկա պիտի վերջացնէ Պոլիս, հօրը քով, որ պոլսական խանի մը դռնապանն է։ Ու միս մինակը այդ պատկերը գաւառէն եկած ձագուկին, հօրը նկուղին մէջ, բաւ է գիրք մը լեցնելու։ Իր պատանութիւնը ան պիտի կազմէ այդ քաղաքին մէջ, որուն սէրը մեր հոգիին վրայ անհուն է եղած եւ զոր հազիւ կը զգանք այսօր։ Արեւմտահայ մշակոյթը պայմանաւոր է այդ քաղաքով։ Տեղը չէ հոս յղացքը բանալու։ Իր գործին մէջ արեւելեան տարրը, որ ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐուն զեղեցկագոյն մասը կու տայ, ուղղակի անիկա պարտական է այդ Պոլիսին, ինչպէս, առանց սխալի, կրնանք Պոլիսին վերագրել իր գոյներուն քաղցրութիւնը, գրաւչութիւնը, ու իր գիծերուն ո՛չ խիստ, ո՛չ թնճկոտ հէնքը։ Մխիթարեաններու վարժարանը, Գատը-Գիւղ (Պոլսոյ մէկ արուարձանը, ասիական եզերքին վրայ) անոր պիտի տար սքանչելի բնանկարներու մշտափոփոխ ալպոմ մը, ինչպէս այդ մարզերուն հասարակաց coloris-ն, որ եթե չկազմէ անոր նկարագրող տաղանդին հիմնատարրը, բայց պիտի ընէ ինքզինքը զգալի՝ անոր ամէն կարգի պատկերներուն վրայ, նոյնիսկ հոգեկաններուն։ Կտրեցէք զայն, այդ պատանութիւնը Պոլսէն, Դանիէլ Վարուժանի աշխարհը պիտի վերածէիք, օրինակի մը համար, Լեւոն Սեղբոսեանի փայլատ, չէզոք հողաշերտին։

Վենետիկը անոր հոգիին ձուլարանն է, եթէ կը ներուի այս հինցած փոխաբերութիւնը։ Անիկա այդ մենաստանին մէջ . Ղա/192/զարու կղզիին վանքը) պիտի յօրինուի բջիջ առ բջիջ, մեր պատմութեան բոլոր հիւլէները ծծելով ամէն քայլի, ամէն նայուածքի։ Ու ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ եթէ կը տարբերի մեր հայրենասիրական բանաստեղծութեան ընդհանուր մթնոլորտէն, իմ կարծիքով ասիկա պարտական է այդ շրջանին, զոր անոր ամենէն ընկալուչ տարիները անցուցին այդ վանքին: Ինչո՞ւ նոյն հրաշքը չմիջամտեց նաեւ Ալիշանին կազմութեան. Հարցումը կը բանայ դուռը ուրիշ հարցերու։ Բուն բանաստեղծին եւ միտքով բանաստեղծին յաւիտենական առեղծուածը կը յուզէք նման առարկութեամբ մը։

 

Մուրատ–Ռաֆայէլեանի իր ընթացքէն յետոյ, անոր պիտի տրուին տակաւին ուրիշ քանի մը տարիներ, այս անգամ եւրոպական մշակոյթին հին վառարաններէն մէկուն մէջ (Պելճիքայի Կանդ քաղաքը), ուր անիկա պիտի հետեւի գրական ու ընկերային ուսումներուն, աւելի ճիշդը՝ պիտի կարդայ, երազէ, գրէ, ոգեկոչելով իր հեռու, արնաշաղախ հայրենիքը ու կամաւոր այդ տարագրութիւնը պիտի վերածէ հսկայ ներքին խանդի մը, որպէսզի պաշտպանէ իր հանճարին սրբազան բայց դիւրաբեկ ծաղիկը։ Այնքան հզօր են արդելքները մեր տղոց ճամբուն վրայ որ արուեստին պիտի տանի։ Հայ գրականութիւնը դատել, կռթնած՝ տուեալներում, որոնք արդար կրնան ըլլալ որեւէ ժողովուրդի համար, հերիք է որ անիկա ըլլայ տէրը առնուազն իր հոգիին (արուեստը այդ հոգիին աղբերացումն է ամէն բանէ առաջ), անպարկեշտութիւն է իմացական։ Մեր գրականութիւնը հրաշք մըն է ուղղակի, երբ զայն տեսնենք իր սկզբին ու զարգացման անհուն դժոխքին մէջ։ Ու գրականութիւն մը պայմանաւոր է գրագէտով, որ իր կարող էին դժոխագիր արարած մըն է մարդ ըլլալէ առաջ։ Վարուժան ապրած է այդ դժոխքին հոգեկան մասը։ ՑԵՂԻՆ ՍԻՐՏԸ կը պարունակէ քերթուած մը, ԴԻԱԿԻ ՍԱՅԼԸ, ուր անոր աչքերը դանկտուած եղան մեր մտքէն անջնջելի պատկերներու սլաքներով։ Իր օրը խանին վերեւէն, անիկա պտի տեսնէ իր եղբայրները՝ ինկած սուրին ներքեւ անոպայ արարածներու։ Ու պիտի տեսնէ անոնց դիակներուն սայլի մը մէջ նետուիլը, մինչ անոնց դեռ չպաղած աչքերը իրարու կը պատմեն կեանք ըսուած հրէշային իրողութիւնը՝ քաղաքներում ամենէն անուշիկին իսկ մէջը։ Ու սայլին ճեղքէն սատած աղիքի մը ետեւէն շուներուն ապշոպանքը… Այս պատկերները կը կազմեն ահա հոգեյատակը ամբողջ այն մարդոց, որոնք կ՚իյնան 1880–1920ի շրջաններուն։

/193/ Եւրոպան հոգեկան քաւարան մըն էր անոր համար։ Իր արուեստին վրայ որոշ ազդեցութիւն մը դժուար է վերագրել այդ ուսանողութեան տարիներուն եւ Վենետիկի մէջ իր հրատարակած քերթուածներու հատորիկը, ՍԱՐՍՈՒՌՆԵՐ, կը պարունակէ արդէն էականը անոր գրագէտի շնորհներուն, որոնք պիտի զարգանան, բայց իրենց ընդոծին կշռոյթին հաւատարիմ։ 1890ի Չօպանեանին քերթուածները հիմնովին կը տարբերին անոնցմէ, որոնք երկու տարի յետոյ ԹՐԹՌՈՒՄՆԵՐ անունով հատորի մը մէջ կը յայտնուին իբր արտայայտութիւնը նոր բանի մը, եւրոպական թեքնիքին (գլխաւորաբար ֆրանսական վերջին հայրոցը, սեմպոլիստների ազդեցութեանը տակ ստացող այդ նկարագիրը։ Չօպանեան պիտի շրջափոխուի ու մենք գիտենք, որ բանաստեղծներուն համար ատիկա առաքինութիւն մը չէ։ Վարուժան պիտի առնէ այդ Եւրոպայէն՝ անոր ընկերային տգամներուն խոր խռովքը։ ՀԵԹԱՆՈՍ ԵՐԳԵՐուն մէջ ԳՈՂԳՈԹԱՑԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐԸ վերնագրուած շարքը անիկա չէր կրնար գրել Պոլիս կամ Վենետիկ։ Ու հոգեկան աշխարհին սա կերպ ընդլայնումը, Վարուժանին մէջ աչքի կու գար գրեթէ տարերկրեայ նոթի մը պէս։

 

Խօսեցայ իր Պոլիս դարձէն. հայրենիքի հիւանդութենէն, իր յուսախաբութենէն. կրկին Պոլիս փախուստէն։ Հարկ կա՞յ, արդեօք պատմելու իր նահատակութիւնը։ Ասիկա փաստ մը պակաս պիտի չըլլար թուրքերուն քաղաքակրթական փառքերէն։ Բայց կը մտաբերեմ սուրբի պէս քաղցր երիտասարդը, որ «մրջիւնին իսկ վրայ կոխելու» պիտի վարանէր, կապուած ծառի մը բունին, մօրէ մերկ, ենթարկուելու համար նեարդ առ նեարդ բզկտումին, զոր քաղաքակիրթ ցեղը Ասիոյ՝ գրեց անոր իբր ճակատագիր։ Կը խորհիմ թէ մեջ գրականութեան հանդէպ որդեգրուած սա անըմբռնելի վայրագութիւնը գոնէ փաստ մըն է այդ գրականութեան արժէքին։ Բարբարոսութիւնը նիւթական ախորժանք մըն էր։ Թուրքերը զայն վերածեցին իմացական հեշտանքի։

 

Հայոց նորագոյն քնարերգութեան ամենէն հզոր, արտայայտիչ, տիպարային տուրքերով հարուստ դէմքը կը փակէր աչքերը իր արեան պատմուճանին մէջ, մահուան հետ հաշտուած՝ բայց ոչ թուրքերուն։