Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ

/245/ Արեւմտահայ գրականութեան մէջ, կին գրողներու համեմատաբար ճոխ խումբէն տիկին Զապէլ Եսայեանի անունը կը զատուի, դառնալու համար բացառիկ ու արժէքաւոր վկայութիւն մը, իր՝ ինչպէս մեր գրականութեան շնորհներէն։ Նոյն ատեն, այդ անունը կը կապուի բացառիկ ալ յաջողութեան մը, վէպին կալուածէն, իրաւ որքան բացարձակ։ Իր տաղանդը բնորոշելու կանչուած վերադիրը, հոգեբան վիպող՝ մեր մէջ ոչ ոքի համար արդար է այնքան որքան իրեն։ Իրեն չէ անշուշտ պատիւը զայն սկսելու [1] արեւմտահայ գրական արդիւնքին մէջ։ Բայց այդ ձեւ ըմբռնուած վիպելու արուեստ մը իրմով կը ստանայ քաղաքացիական իրաւունք։ Այս յաջողութեան համար չեմ զանցեր բաժինը բնատուր տաղանդին ոչ ալ կը «ճոխացնեմ»։ Բայց կ՚աւելցնեմ թէ իր ապրումները, կեանքէն գտած իր զգայութիւնները (հեշտ թէ դառն, չեն փոխեր արդիւնքը), իր միտքին ու զգայարանքներուն կազմաւորումը, զարգացումը, շրջափոխութիւնը քիչ անգամ նոյնքան հաստատ կերպով նպաստ մը կը բերեն որպէսզի գործն ու գործողը իրերախառնուին, միանան սա հարազատութեամբ ինչպէս է պարագան Տիկին Եսայեանի մեզի ձգած գրական ժառանգութեան ուրկէ կը յառնէ կեանք մը, ամէն բանէ առաջ, կնոջ մը կեանքը, սա երկու դարերու միախառնումին վրայ, քանի մը քաղաքակրթութեանց ազդմունքներուն ընդմէջէն։ Տիկին Տիւսաբի գրականութիւնը պատմութիւնը կը շահագրգռէ ոչ թէ գրականութեան այլ բանի մը, որ յատակ անուն մը չունի այսօր։  /246/ Կնոջ ազատագրութեան պայքարը գաղափարական, ընկերային արարք մըն է ամէն բանէ առաջ։ Վէպի ձեւով մեզի մատուցուիլը այն ատեն պիտի հետաքրքրիր մեզ երբ այդ վէպը ըլլար արուեստի գործ։ Գիտենք թէ տիկինին երեք վէպերը ճապաղ թեզեր են, թերթօնատիպ ու անկենդան։ Ու աւելի տխուրը՝ իր իսկ անձին ձեւազեղծումն է այդ աշխարհին մէջ։ Ու այդ գործը չի բարձրանար գրական կշիռի։ Ուրիշ տաղանդաւոր կին մը, Տիկին Սիպիլ, քիչ չափով մաս ունի իր գործին կենդանի մասին մէջ։ ԱՂՋԿԱՆ ՄԸ ՍԻՐՏԸ վկայութիւն մըն է անշուշտ, բայց անբաւարար։ Չեմ զբաղուիր մեր միւս կին գրողներով, այն պարզ պատճառով որ գրելը անոնց մօտ արդուզարդի, կենցաղագիտութեան, քիչիկ մը փառասիրութեան հանդէս է քան հոգեկան հարկադրանք։ Ու Տիկին Եսայեան մինակն է որ հայ երիտասարդ կինը, հայ մտաւորական կինը ու հայ մայրը մտցուցած է մեր արուեստէն ներս։ Ու յատկանշական պարագայ՝ այդ առաքելութիւնը անիկա կատարած է արուեստի կենդանակերպին տակ։ Իր օրերուն ամբողջ իմաստը ուրիշ ոչ մէկ ակօս է ունեցել։ Վէպին, հոգեբան վէպին մեծ ու միակ գործաւորն է ան մեր մէջ։

 

Բացի վէպէն, անիկա իր տաղանդը փորձի պլիտի ենթարկէ, հասնելու համար մեծ գլուխ-գործոցի մը փառքին, գրական ուրիշ սեռի մը մէջ որ թեեւ անաւագ, բայց մեր գրականութեան պայմաններուն մէջէն կ՚արդարացնէ ինքզինքը։ Կ՚ակնարկեմ քրոնիկին, որուն սպասը պարտադրօրէն հասարակաց է մեր գրեթե բոլոր գրողներուն, կին ինչպէս այր։ Տպաւորութեանց այլապէս եղերական հանդէս մըն է իր ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ հատորը, զոր անիկա գրեց իր մարմնովը, եթէ կը ներուի այս բացատրութիւնը։ Ու ինչպէս վէպին, տպաւորապաշտ սա գրականութեան մէջ ալ իր անունը կրկին կը զատուի: Բացառիկ է Կիլիկիոյ եղեռնէն վերցուած այդ վկայութիւնը, մեր հին ու նոր գրական տարեգրութեանց մէջ։

 

Գրագէտի, տարօրէն գործօն, տինամիք գրագէտի ուրիշ առաքինութիւններ՝ իր գիրը, կակնարկեմ լրագրական իր գործունէութեան, սանկ քառսուն ու աւելի տարիներու վրայ. իր խօսքը դժբախտ պատերու հետապնդման ի սպաս, ազգային որքան համամարդկային։ Այնքան՝ որ ատեն մը չվարանեցաւ գտնել ու փառաբանել իր մէջ էրիկ մարդը, պսորուած անշուշտ աշխատանքի սա կորովէն ու դատերու սպասին մէջ ապացուցուած հաւատքէն։ Տիկին Եսայեան գերազանցապէս կին զգայնութիւնն է հայ գրականու/247/թեան, նոր թէ հին։ Իր ցեղը զարնող հղօր տաղանդներուն անիկա հաղորդ է գերազանց սաստկութեամ բ։ Ու իբր հետեւանք ան պիտի երեւայ պայքարի կրկէսին վրայ, հաւատաւոր ու արի։ Ճակատի փոփոխութիւնը, իմ կարծիքով, չի զօրեր փոքրել դատողութիւնը սա գործօնութեան, քանի որ էականը ճակատին վրայ ներկայութիւնն է, uանկ քառորդ դար մը ու աւելի։ Անիկա գործեց, գրեց, քարոզեց, այրերուն մէջ իր նմանը հազիւ ունեցող ոգիով, հաւատքով, նուիրումով։ Ու այս մարզին մէջ ալ անիկա կ՚անջատուի մեր կին գրողներուն թոյլ, շպարուն, ծեքծեքուն շքախումբէն։ Անիկա իր բոյնը, մայրութիւնը, ընտանեկան պարտքերը պիտի տեսնէ լոյսին մէջէն իր աւագ պարտականութեան իր գրողի դերին հզօր ցուցմունքին։ Չեմ կրնար, իր գործի վրայ սա աշխատանքի մուտքին, վերլուծել զսպանակները սա կեցուածքին։ Իրողութիւնն ան է, որ այս զոհողութեան գինով անիկա պիտի ճարէ դժուար ազատութիւն մը, զոր պիտի գործածէ մոլեռանդ նախանձախնդրութեամբ մը իր քանի մը գաղափարներուն ի պաշտպանութիւն։ Այս այլուրութիւնը՝ իր անձէն զոր շռայլեց գրագէտի, արուեստագէտի թեթեւութեամբ, յիմարութեամբ, իր պարտքերէն որոնք վերածեց մեղքերու, իր ժամանակէն ուր թարթափանքը, անկումները, զրկանքը, նախատինքը, անօթութիւնը յաճախ լուրջպարի մտան զինքը փշրելու աստիճան ուժգին անդրադարձումներով, իր մարմինին ինչպէս հոգիին վրայ, զինքը կ՚ընէ հարազատ իր տիպարին։ Նման է անշուշտ Արփիարեանին իբրեւ գործօնութիւն, տաղանդ ու գուցէ ճակատագիր (երկու ու աւելի տարիներ անցեր են լուրին վրայէն որ զինքը բանտը ցոյց կու տար, եւ որ չէ հերքուած)։ Ու չէ անիկա նման Տիկին Տիւսաբին, որուն համար պայքարը թուղթերու տաշտ մըն է:



[1]     Մեր գրականութեան մէջ շատ մը սկիզբներ կապուած են Արշակ Չօպանեանի անունին։ Մեր առաջին փորձը, հոգեբանական վէպին կամ վիպակին, ստորագրուած է Չօպանեանէն (ԹՈՒՂԹԻ ՓԱՌՔ)։ Բայց սկիզբ մը սկիզբ ըլլալէ չի դադրիր։ Նկատի ունենալ որ 1892էն մինչեւ այսօր կէս դար է անցեր։ Չօպանեան գիրքերու բուրգի մը կատարէն կրնայ իր պարծանքը պարծիլ։ Բայց ԹՈՒՂԹԻ ՓԱՌՔը միակ մնաց։