Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ. ՎԻՊՈՂԸ

/259/ Վէպը բնական կալուածն է Տիկին Եսայեանի։ Ըսել կուզեմ՝ իր տաղանդին հիմնամասը կիյնայ արուեստի այս ձեւին մէջ ուր ժամանակակից կեանքը ինքզինքը կ՚արձագանգէ մինչեւ հիմա չփորձուած խորութեամբ մը, յանդգնութեամբ մը, արտայայտման միջոցներէ որքան ձգտումներու այլազանութենէ, ընդարձակութենէ։ Վիսողը, Տիկին Եսայեանին մէջ, ստացական նկարագիրներու հաւաքածոյ մըն ալ չէ, իմացականութեան ուժին մէկ կերպաւորումը, ինչպէս են պարագաները Զօհրապին, Արփիարեանին, Չօպանեանին, որոնք իրենց մտքին առաքինութիւններուն կը պարտին իրենց մեծ գործերուն քով, իրենց հնարողական (de fiction) շնորհներուն զիջուած իրենց վիպական արդիւնքը։ Քիչեր կասկածին թերեւս թէ Զօհրապի վէպը, ստեղծում մը ըլլալէ առաջ, արձագանգ մըն է, որ ապրումներուն հակազդեցութիւնը իր ուղեղին վրայ։ Իւրաքանչիւր նորավէպ, իրմէ անպայման անդրադարձ մըն է իրական պարագայի մը, որ անցած է անոր զգայնութեանը բովքէն կամ իմացականութիւնը զբաղեցուցած է իրմով։ Իր կենսագրութի՛ւնը։ Այսինքն՝ իր շփումներուն սահմանին մէջ ինկող մարդոց ու կիներու հանդէս մը։ Զոր գրելու շնորհ մը առանց դժուարութեան, կը բիւրեղացնէ երբեմն արագ, երբեմն դանդաղ։ Ահա թե ինչու իր տաղանդը կը զատուի անխառն վիպողէն որ ամէն բանէ առաջ կեանքը աշխարհէն ազատագրող, զայն ինքը իրեն համար ճարտարապետող գիշերաշրջիկ [1] մըն է գրեթէ։

Ուշագրաւ է որ արեւմտահայ վէպը, իբր ամբողջութիւն, մնաց ենթակայ, իր սկսման իսկ օրերէն, կիներու տիրապետութեան մը։ Փնտռել պատճառներ՝ դուրս է այս աշխատանքին սահմանէն։

Տասը չ՚անցնիր թիւը վիպական կառոյցներուն, որոնք մինչեւ /260/ պատերազմ կազմեցին մեր գրականութեան սա ճիւղին կարեւոր, կարելի անունները։ Ու ատոնցմէ կէսէն աւելին կը պատկանի կիներու ստորագրութեան։ Տիկիններ՝ Տիւսաբ, Սիպիլ, Եսայեան։ Արժէքի հարց մը չեմ յուզեր այս անուններուն հոս յիշատակումովը։ Միւս կողմ էն, արեւմտահայ վէպին [2] պատմութիւնը լայնօրէն շահագրգռուած է այդ կիներուն դերովը իր ճակատագրին վրայ։ Եթէ այդ կիներէն առաջին երկուքը իրենց համբաւին քաւութիւնը կ՚ընեն քիչ քիչ (առաջինին համար վճռական բացարձակութիւն մը դուրս է խծբծանքէ։ Երկրորդը դեռ կը յամառի իր շնորհներէն ոմանց վրայ։ ԿՆՈՋ ՀՈԳԻՆԵՐԸ, ԱՂՋԿԱՆ ՄԸ ՍԻՐՏԸին երկրորդ մասը ունին առնուազն կենցաղական շահեկանութիւն ու իբր այդ կը մնան մեր գրականութեան մէջ) դառնալու համար իրենց իսկական արժէքներուն։ Տիկին Եսայեան հետզհետէ կը բիւրեղանայ։ Մօտ է ժամանակը, երբ անոր անունը ընդմիշտ պիտի ազատագրուի իր կեանքին ստուերներէն, անկումներուն որոտներին ու պիտի վերածուի իր անխորտակելի փառքին։ Անշուշտ ԱՄԻՐԱՅԻՆ ԱՂՋԻԿԸ, ինչպէս ՎԱՐԺԱՊԵՏԻՆ ԱՂՋԻԿԸ ու Զօհրապի ԱՆՀԵՏԱՑԱԾ ՍԵՐՈՒՆԴԸ, ինչպէս նաեւ Արփիարեանի վիպակները կարելի գեղեցկութիւններն են արեւմտահայ վէպին։ Բայց այն գործը ուր մեզի տրուէր հաստատել ճշմարիտ հոգի մը, հոգեբանութիւն մը, հարազատ զգայնութիւն մը, կեանքի մը տախտակ/261/ները, իրենց ամբողջ նկարագիրներով, այդ գործը մենք ստիպուած ենք տեսնել Տիկին Եսայեանէն մեզի ձգուած վէպին մէջ։ Այս վճիռը չ՚արժեզրկեր միւսները անշուշտ։ Արեւելքի ամենէն զգայուն մէկ ցեղին մէջ, նոր օրերու մուտքին, գրականութիւն մը չէր կրնար չծանրանալ այդ ցեղին հզօրագոյն շնորհներէն անոնց վրայ խորութեան, գորովանքի լրջութեան, զգացական նրբութեան, տրտմութեան որոնք կը կազմեն անոր հոգիին հիմնական ընդունակութիւնները։ Արդ, այս յատկութիւները այսպէս քով քովի չեն եկած, այն սերտ ընտանութեամբ, բնականութեամբ, պայծառութեամբ որքան ըրած են ասիկա Տիկինն Եսայեանի վէպերուն մէջ։ Ու ասիկա բացարձակ է հոս։

* * *

Տիկին Եսայեանի վէպերուն մէջ սեւեռուած աշխարհը չունի ծաւալային ընդարձակութիւն մը, ինչպէս է պարագան, օրինակի մը համար, արեւելահայ մեծ վիպողներուն մօտ։ Ոչ մէկ դասակարգ, որ ըլլար առարկայ մանրակրկիտ ուսումնասիրութեան մը, իր բաղադրիչներուն լիակատար անջատումովը իրարմէ, երեւան բերելու համար հում, անվերածելի յատակներ որոնց վրայ կը հանգչին մարդոց մարմնական որքան հոգեկան շէնքերը։ Անշուշտ այդ աշխարհը կը պատկանի Տիկինին փորձառութեանցը, այն անխուսափելի տպաւորութեանց, որոնք մեզ կը յօրինեն սկսեալ մեր մանկական զգայութիւններէն մինչեւ մեր շիջումին մեր վարող խռովքները։ Բայց տարբերութեամբ մը։ Տիկին Եսայեան մէկն է այն քիչերէն որոնց զգայնութիւնը պիտի պահէ իր թարմութիւնը, պաշտօնական շրջանակին կազմում են շատ աւելի ետքն ալ։ Մինչ մարդոց միջինին համար այդ շրջանակը կը լրանայ իր ծիրին վրայ առառաւելն տասնըհինգէն քսանին մէջտեղերը, բացառիկ մարդոց մօտ կը շարունակէ ան ինքզինքը անաւարտ պահել։ Ու սխալ չ'ըլլար արուեստագէտը զատորոշող մեծ օրենքը ընդունիլ այս տարօրինակութեան մէջ։ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋը դրուած է կեանքի միջինին ու գլուխ գործոց մըն է։ Ու ամէն գլուխ գործոց, շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ ջիղերու վկայութիւն մըն է։ Այնպէս որ Տիկին Եսայեանի աշխարհը թէեւ սահմանափակ իբր ծաւալ, բայց ունի ներկայացուցչական ընդարձակ տարողութիւն ու մէկ կողմի վրայ ալ՝ վճռական նկարագիր։ ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿը եւ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ երբ դնէք դէմ առ դէմ, կը հասկնաք թէ անոնց հեղինակը երկուքին մէջ ալ ինքզինքը կը պատ/262/մէ, բայց ի՜նչ հրարմէ հեռու իրականութիւններով։ Հոս զարմանալու ոչինչ կայ։ Քսանին եւ երեսունին մէջտեղ կին մը այնքան տարբեր հրաշք մըն է ան միւսին բաղդատուած որ նոյն կինն է երեսունին եւ քառասունին մէջտեղ։ Ու այդ տարիներէն վեր, այսինքն յիսունին, վաթսունին ջուրերո՞ւն վրայ։ Դուք պետք է կարդաք Սիպիլի քերթուածները 1900էն յետոյ, համոզուելու համար այդ ողբերգութեան։

Հնարողական (de fiction) իր աշխարհը, ուրեմն ունի իր մասերը, որոնք նոյն ատեն Տիկին Եսայեանի կեանքին ալ թատերաբեմը հանդիսացան։ Նախ՝ Պոլիսը, որ ոչ միայն իր վէպերէն մեծ մասին կու տայ իր խարիսխները, ֆիզիք որքան Հոգեկան, այլ նաեւ կը կազմէ այն անկորնչելի ենթահողը ուր արմատ են նետած անոր զգայնութեան իրազմահազար լարերը։ Երկրորդ՝ Փարիզը, այսինքն արեւմուտքը ուր անոր միտքը ինքզինքը պլիտի արգասաւորէր իր ժամանակը յուզող մեծ հարցերուն տագնապներովը։ Ու մի մոռնաք որ այդ Փարիզը Արուեստագէտ Սերունդին համար հիմնովին շրջած իրականութիւն մըն է այն միւսէն որ մեր ռոմանթիքներուն եւ Զարթօնքին մեծ աշխատաւորներուն պարմանութիւնն էր ոսկեզօծեր, անոնց խանդավառ արեւելքը անգամ մըն ալ սրելով անոնց մէջ քանի մը ղրքունակ զգացումներուն վրքունակ պաշտամունքը, բայց տալով անոնց միտքին կարելի արթչաները, խնայելով անոնց այն գործ ողբերգութիւնը որ պիտի ըլլար կեանքը յետնորդներուն, անօթութեան ու հոգեկան տառապանքին կրկնակ սլաքներում ներքեւ պահելով անոնց զգայարանքները։ Տիկին Եսայեան անհաւասար բայց իրաւ զիրքի մը մէջ, ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ, մեզի ձգած է անջինջ քանդակ մը այդ փարիզէն։ ԱՍ ԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋը անոր գործին մէջ տեսակ մը դժոխք է, Տանթէն իսկ ստուերի մէջ ձգող իրաւութեամբ։ Կիլիկիոյ այրուած համապատկերին առջեւ անիկա անցած է գրագէտի սովորական չափերէն անդին ու պարագրկած ամբողջական հայրենիքը իբրեւ հողի ու պատմութիւն։ Մեր գրականութիւնը մեր ցեղին ընդերքին այսքան հաղորդ չունի ստեղծում։ Ու չորրորդ, արեւելահայաստանը, ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐուն եւ ՊՐՈՄԵԹԷՈՍ ԱՐՁԱԿԵԱԼին։

 

Ինչպէս կը տեսնուի ստեղծագործուած եւ տպաւորապաշտ թեքնիքով նուաճուած այս աշխարհը իբր մակերես այնչափ ալ ամփոփ չի ներկայանար համադրող նայուածքին առջեւ։ Արեւմտահայ գրականութեան աւանդութեանց մէջ անիկա արդէն մեծութիւն մըն է։ Բայց իմ չափերը նկատի ունին այդ աշխարհը լեցնող արարած/263/ները մանաւանդ։ Ու գէթ իր յաջողակ հատուածին մէջ մարդկային այդ տարրը կը մնայ որոչ համեմատականութեամբ մը ինքնանման: Մեր իմացական ընտրանին, երկու սեռէ, գլխաւոր անձերը կու տայ այդ աշխարհին։ Ու Տիկին Եսայեանի վարկը մեր գրականութեան մէջ, մեծ չափով արդիւնքն է իր անձնաւորութեանց սա կարգին։ Արդարեւ, գէշ կամ աղէկ, արեւմտահայ գրականութիւնը կը սնանի որոշ մշակոյթէ մը պաշտպանուած սակաւաթիւ խումբ մը ընթերցողներու, մեծ մասով գրողներ գրեթէ։ Ու մեր վէպը գրեթէ բացառաբար մեզ կը զբաղեցնէ հաստ, գործ, հոգեպէս ու մարմնապէս տաճկցած տիպարներով։ Աչք մը նետեցէք կարաւանին այն մարդոց որոնք Զօհրապի մը, Արփիարեանի մը, Կամսարականի մը, Սիպիլի մը, Տիւսաբի մը վէպերուն եւ վիպակներուն մէջ կը գործեն։ Գրեթէ անգոյ է ինքը, մտաւորականը։ Ու Տիկին Եսայեանի գրեթէ բոլոր վէպերուն հերոսները կը պատկանին ընտրեալներու աշխարհին։ Նկարիչ, բանաստեղծ, արուեստագէտ, հոգ չէ թէ երբեմն կեղծ, գունաւորուած։ Այս ամենէն կը հետեւի թէ անիկա, այդ ինքնին սահմանափակ աշխարհին մէջ, պիտի չունենայ տրամադրելու միջոցները լայն խաւերու պարագրկումին։ Ու քիչեր գիտեն թէ արուեստագէտի մը բախտը խորութեան շնորհէ մը կախուած ըլլալուն չափ, պարտական է լայնութեան ալ հարկադրանքին։ Շիրվանզատէի մը անկանգնելի միջակութիւնը լայնօրէն կը ներենք, իր գործին լայնքին բաշխելով իր ծեքծեքուն ծանծաղութիւնը, հոգեբանութեան պատրուակին տակ թերթօնական առաքինութիւններու խնկարկելը, ինչպէս, նոյն տրամադրութեամբ, Ռաֆֆիին մէջ չենք վրդովուիր քարոզներուն հեղեղէն ու երազներուն անհեթեթ միամտութենէն։

 

Տիկին Եսայեանի խոնարհները, Պոլսոյ միջակորեարէն, վարժուհիները, այրիները, եազմաճիները ու վիպայնացած, քերթողակերպ յօրինուած կիները, երգիչները անարժան չեն անոր տաղանդին բայց չեն բարձրացած բնական այն կատարելութեան որով կ՚ապրին իր հարազատ հերոսները։ Այդ տարբերութիւնը արդիւնքը չէ տարիքին։ Մատղաշ աղջնակ, Չօպանեանի ԾԱՂԻԿին մէջ անիկա որոշ յուղումով մը մօտեցած էր կոյրի մը յիշատակներուն։ Ու նոյն յուզումը կը գտնէ 1923ի Թէոդիկի տարեգիրքին մէջ իր մեծ մօրը նուիրուած սրտագին տողերուն տակը։ Փաստը այս իրողութեան։ Բայց շատ պարզ է ատիկա։ Մենք տարիքը կ՚ապրինք բայց ոչ տարիները։ Ու իբր պարմանուհի մեր տպաւորութիւնները մեր շրջապատէն կը պահեն իրենց խորութիւնը։ Ու երեսուն տարի վերջը մեր /264/ մեծ մայրը կը տեսնենք այնքան իրաւ որքան տեսեր էինք երեսուն տարի առաջ մեր մանկութեան ոսկի դռներուն առջեւ՝ պատկերները կոյրերուն։ Աւելի յետոյ, իր տաղանդին բոլոր լիութեանը մէջ Տիկին Եսայեան պիտի մօտենայ գործողութեան ընդարձակ աշխարհներու (ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ) բայց պիտի վրիպի անոնց պարագրկումին մէջ, երբ մօտ քսան տարի աւելի ուշ, անիկա պիտի նուաճէ իր մանկութիւնը (ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ ) տիրական արուեստով մը։

Գրողի մը աշխարհին վերլուծումը ընդարձակ աշխատանք մըն է։ Գործադրուած՝ միջակ խղճմտութեամբ մը, անիկա կը նշանակէ փոխադրել գիրքերու բովանդակութիւնը մէկ թուղթէն միւս թուղթը։ Ատիկա հեշտագին միջակութեամբ մը կ՚ընեն արեւելահայ քննադատները։ Կը կենամ այս ծանծաղուտին առջեւ։ Տիկին Եսայեանի գործին մեծ քարտէսները քիչիկ մը հասարակաց են Արուեստագէտ Սերունդի բոլոր տաղանդներուն համար։ Պոլիսը, մեր ողբերգութիւնը, Եւրոպան, պատերազմին հետ կապուած խռովքները։ Ինչ որ իրեն անունին հետ անանջատ կը ներկայանայ մեզի, եւ միայն իրեն յատուկ, ատ ալ Խորհրդային Հայաստանի սպասին մէջ իր դերն է որ չի կրնար ծանրաբեռնել իր դէմքը։ Այդ գործունէութիւնը անիկա պիտի կատարէ թերեւս անկեղծութեամբ մը որ մեզի հասկնալի չի թուիր դժբախտաբար։ Չեմ զբաղիր հաշտութենէն յետոյ իր Փարիզեան վաստակով [3], խօսքէ, զիրէ, իրավական է, ոչ ալ ինքը իրեն հակասելու միայն ծառայող իր մտահոգութեան պարզած նոր կերպարանքէն։ Իրողութիւն էր որ մեծամասնական իր գործունէութիւնը նոր երես մը չէր իր վրայ յանկարծօրէն երեւան եկող։ Պատերազմէն առաջ ալ անիկա գործիչ մըն էր, ազգայնական գաղափարաբանութեամբ, պատերազմի ընթացքին անիկա Կովկասեան ճակտին վրայ գրեր ու խօսեր էր նոյն խանդով ու հաւատքով որքան պիտի ընէր այդ պաշտօնները, մինչեւ իր Հայաստան (Խորհրդային) մուտք գործելը։ Ու մինչեւ իր բանտարկութիւնը (1937) անիկա պիտի չդադրի պայքարել է։

* * *

/265/ Իր աշխարհին սա ամփոփ ուրուագիրէն յետոյ, կը դառնամ զայն տալու իր կերպին։

Տիկին Եսայեան կը նկատուի մեր մէջ հոգեբանական վէպին անվիճելի վարպետը։ Որքա՞ն՝ իրականութեան բաժինը, աս վարկածին մէջ։ Ասոր հասնելու համար պէտք կը զգամ ճշդումը ընելու տարազին շուրջ մեր կազմած ըմբռնումին։

Չեմ զբաղիր անհեթեթ այն պատրանքով զոր տարազը կը պարզէ արեւելահայ վէպին մէջ, ուր, օրինակի մը համար, ԱՐՏԻՍՏԸ (Շիրվանզատէ) կը նկատուի հոգեբանական վիպակ, ու նովին բանիւ՝ անոր հեղինակը կը զգենու հոգեբան գրողի պատմուճան մը, ձրի որքան յիմարական։ Տիկին Եսայեան կը բերէ աւելի տոկուն շնորհներ, տարազը եթէ ոչ արդարացնող, գէթ զայն ծիծաղելի չկացուցանող։ Թերթօնի կամ բարքերու հանդարտ դրուագման մեր ճաշակը (ստեղծուած ռոմանթիք թարգմանութիւններով եւ իրապաշտ գաղափարաբանութեամբ), կարծես նորութիւն մը տեսնել կերպի մը մէջ, ուր յիշուած պայմաններէն տարբեր ազդակներ կը միջամտեն վիպական գործողութիւնը քալեցնելու եւ զոր անուանեց հոգեբանութիւն: Արդ, ասպարէզէն դատողներ դիտեն թէ ուրիշ բան է հոգեբանութիւնը որ կը փորձուի Սթանտալի, երբեմն Փլոպէռի, միշտ Տաստոյեւսքի, վէպերուն մէջ։ Այն մեծ իրողութիւնը թէ իր յաջողագոյն վիպակներուն մէջ (ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼ, ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ, ՍՊԱՍՄԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ, ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԵՐ) փրոթոկալիստներու թիւը իջած է դասական սակաւութեան, գրեթե երկուութեան, թէ անոնց միջին բախումը կ՚ընթանայ, կը զարգանայ հոգեկան արահետէ մը, արտաքին անդրադարձներուն կարելի շիջումով մը, թէ վիպակին 60–70 էջերը մէկ ու մեծ տագնապի մը բեկբեկումներովը իրարու կը կապուին, յօրինելու համար կսկծագին ամբողջ մը, բաւարար զսպանակներ են որպէսզի տարազը շնչէ օտար։ Արդ, դարձեալ գաղտնիք մը չէ որ Տիկին Եսայեանի առիթով յիշուած հանգամանքները գլխաւորաբար հաստատելի են մանաւանդ վերլուծական կոչուած վէպերու մէջ։ Այս կարճ նկատողութիւններուն կը հետեւի միւս փորձը սակայն, այս անգամ տիրական, որուն համեմատ Տիկին Եսայեանի քրոնիկներն ալ ներքին աշխարհներու յատուկ նկարագիր մը` կը մատնեն միշտ, բոլորովին հակոտնեայ՝ մեր գրականութեան ընթացիկ կերպին (միշտ արտաքին)։ Իր անմահ գործը, ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ, որ/266/քան դիւրաւ ու բնականութեամբ կը գտնէ այս ներքին շեշտը, հոն՝ ուր ուրիշներ պատկեր եւ խռովք միայն կրցած էին տեսնել ու դնել . Պարթեւեան, Դ. Վարուժան, Սիամանթօ)։ Ու իր յիշատակները, (ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ, տպուած Երեւան, 1935) որոնք, հակառակ կարմիր մշուշին, թերեւս ակամայ բռնադրուած այս հրաշավէպին վրայ որ Պոլիսն էր անոր մանկութեան ու պարմանութեան ետին, կը նպաստաւորուին անոր տաղանդին սա հիմնական նկարագրէն, աշխարհը ներքնայնացնելու իր տիրական եղանակէն որ ալ ոճն է անոր հոգիին։

Այսպէս սահմանուած, ու իր ճիշդ եզրերուն վերածուած, հոգեբանական վէպը կը լրջանայ, մէկ կողմէն ազատելով ինքզինքը ահաւոր այն հանդերձանքէն որով ծանրաբեռն է անիկա, արեւմտեան յիշուած քանի մը մեծ արուեստագէտներուն մօտ, ու այն անիմաստութենէն որ կը վիրաւորէ անոր յղացքն իսկ Շիրվանզատէի մը, Վրթանես Փափազեանի մը անորակելի վիպումներուն մէջ, ու կ՚ըլլայ գրեթէ գրական շնորհ մը։ Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻՐԵՐ, ՔՈՂԸ, մանաւանդ ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ, ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ վէպը, (զոր չէ ստորագրած բայց հատորի ալ չէ վերածած), ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐը (բոլորն ալ կէսեր, գրուած 1900—1915 շրջաններուն) գործեր են որոնց ետին պոլսական թեթնիք մը, մեր ախորժակներուն համար որոշ զիջումով մը, անկարելի է չհաստատել։ Կ՚ընդունիմ տաղանդի շրջափոխման տեսութիւնը, կ՚ընդունիմք նայուածքի այլացումը, կ՚ընդունիմ՝ զգայութիւններուն ալ որոշ զարտուղումը։ Բայց դժուար է վերլուծող միտքէ մը բարձրանալ հոգեբան արուեստագէտին որ հոգիները հնարելու գիտութիւնը ոչ ոքէ կը սորվի եւ չի կրնար ինքզինքը ըլլալ ամէն տեղ ու ամէն առիթով, երբ անգամ մը գտած է իր ճամբան։ ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐը Տիկին Եսայեանի վերջին վիպական ստեղծումն է ու կը կրկնէ ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿին ոչ միայն թեքնիքը, այլեւ անլրջութիւնը։ Հոս ոչ ոք է պատասխանատուն, բացի տաղանդէն։ Պոլսեցի ցաւագարներու հանդէս մը (ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ) փոքր փոփոխութեամբ մը պիտի բեմադրուի կրկին, ուրիշ տեսարաններու վրայ, որոնք Տիկինին զգայարանքներուն մատուցուած հրաշալի առիթներ էին, որպէսզի անոնց վրայով անգամ մըն ալ գտնէր այս ժողովուրդի զգայնութեան գերագոյն տեմպը, ուժի, արութեան, յաղթութեան պողոտաներէն, ինչպէս գտած էր զայն, այդ տեմպը ուրիշ, նուաստութեան ճամբաներէ (ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ), տարիներ առաջ։ Ու այս հաստատումը վճռական է:

/267/ Ի՞նչ կայ հաստատ՝ հոգեբան վիպողի իր համբաւին տակը։ Արդար է հարցումը։

Տարազին ընդարձակ առումները պէտք է պահ մը մէկդի դնել, երբ կը գործածուի Տիկին Եսայեանի կերպին համար։ Ու ատկէ առաջ ըսել մանաւանդ.

Ա) Տիկին Եսայեանի վէպը կը զատուի արեւմտահայ վէպին ընթացիկ յատկանիշներէն։ Այսպէս, անիկա չէ մտագրաւուած հետաքրքրական դառնալու աւագ ցանկութեամբ, որ մեր բոլոր վիպողները կենթարկէ իրեն, հաւանաբար արմատ առած մեր մէջ թարգմանութիւններով եւ մեր օրագիրներուն մէջ մատուցուած առօրեայ սնունդով, թերթօններով։ Ոչ ոքի համար գաղտնիք է որ մեր մէջ վէպը նախ տպուած թուղթ է, այսինքն թերթօն, յետոյ, մեր բախտէն, երբեմն ալ արուեստի գործ։ Ո՞րն է մեր մէջ վիպասանը որ սառնութեամբ շրջէր սովորութիւնը ու գրէր նոյն արուեստի գործ մը որ կրնար վէպ մը դառնալ։ Կը յիշեմ՝ ՆԵՐԱՇԽԱՐՀը, նման ցանկութեան մը ծնունդ, ու պետք չեմ զգար անոր ճակատագիրը ողբալու։ Այսօրուան փառքը ՆԵՐԱՇԽԱՐՀին՝ անիմաստութեան փաստ մըն է ամեքենէն առաջ։ Չրաքեան պատժուած է իր յանդգնութեան մէջ, շրջելու՝ սովորութիւնը։ Տիկին Եսայեան հանդէսներու մէջ ստորագրած է իր վիպակները, երբ օրաթերթերը խոտ կը մուրային։

Բ) Տիկին Եսայեան դէմ է զացած մեր վէպին համար ամենէն յարգելի ուրիշ ալ սովորութեան մը, բարքերու ուսումնասիրութիւն. ճշմարիտ դպրոց կաղմող կրակլան այդ հանգանակին՝ որուն հպատակութեան կը պարտինք արեւելահայ վէպը գրեթե ամբողջովին ու արեւմտահայ կարելի վէպը։ Աւելորդ է ընդլայնել վարկածը։ Ան կ՚ընդգրկէ Ռաֆֆին, Նար–Դոսը, Շիրվանզատէն, Մուրացանը ու Արփիարեանը, Զոհրապը, Սիպիլը, Կամսարականը, Երուխանը, յիշելու համար վաւերական տաղանդներ։ Այն ատե՞ն։ Այո՛։ ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿը . Եսայեան) պոլսական բարքերու յատակի մը կը կռթնի անշուշտ, բայց չէ դրուած անոնց սեւեռում ին, անոնց աղատում էին մտահոգութեամբը։ Ո՞ւր է բաժինը բարքին ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼին, ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ ին նման հոգեկան կեանքով ոտքի վիպակներուն մէջ։ ՔՈ՞ՂԸ։ ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻՐԵ՞ՐԸ։ Բայց ասոնք բարքերու լուրջ թափառումներ են քան թէ այն կառոյցները որոնք շրջան մը, մտքի եւ Ռոզիի որոշ բարեխառնութիւններ կը խտացնեն, ինչպէս են կոթողարար ԱՄԻՐԱՅԻՆ եւ ՎԱՐԺԱՊԵՏԻՆ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ։ Հա՞յ՝ տիկինը, որ նկարչուհին է ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼին մէջ։ Ու հարցումը արդար այն միւսներուն համար ալ։ Եւ սակայն Տիկին Եսայեան պոլսեցի կին /268/ մըն է, ամենահարուստ խառնուածքով, ապրումներու անհամեմատ առատութեամբ որքան ուժեղնութեամբ, ու մանաւանդ միջավայրերու ընդարձակ զանազանութեամ բ։ Անոր յաջողուեցաւ անցնիլ տպաւորութեանց անհուն խաւերէ որոնցմէ, կարեւոր մասը սա էր Սիպիլը բարձրացնելու աւադ դիրքերու։ Հանդարտ, ուշադիր, կեդրոնացած դիտողութիւն մը, իր միջավայրերէն, մեզի պիտի կրնար կտակել ամենէն թանկ, անփոխարինելի վկայութիւնները երկու սերունդներու։ Չկան ասոնք իր գործին մէջ։ Տիկին Եսայեանի համար վէպը զբօսանք մըն ալ չէ անշուշտ, ինչպէս է դժբախտ կերպով մը ԱՂՋԿԱՆ ՄԸ ՍԻՐՏԸ վէպին առաջին մասը, եւ կամ գաղափարական սնամէջ փրոփականտա, որպէս կը հաստատուի պարագան Տիւսաբի վէպերուն համար։ Չեմ՝ երթար առաջ արձակ քերթուածներ տիտղոսելու իր այն վիպակները, որոնք անոր համբաւին ամենէն ամուր կռուանները տուին բայց որոնց մէջ տիրական է ես մը, բարդ հոգեկանութեամբ տպաւորութեանց եւ յոյզերու խառն հանդէսով մը, կարճ՝ քնարերգական վթարթամութեամբ պատմուած ես մը [4] մը։ Մեզի պէս դեռ իր դրականութեան մէջ իր բարքերովը չտեղաւորուած ժողովուրդի մը համար, իր արուեստագէտներուն ամենէն օժտուածներէն սա լքումը, սա զանցումը իրենց դերին, կը շեշտեմ ու կ՚անցնիմ։

| Գ) Տիկին Եսայեանի վէպը չի կրթնիր կիրքերու ալ պայքարին, որ ԺԹ. դարու հոգեկան տագնապներուն դերագոյն գրոհն է անոր արուեստէն ներս։ Ոչ մէկ հերոս, իր մօտ, մեզի բերող՝ այն ահաւոր յորձանուտ բախումներուն սարսափը որով վարչամակուած կը քալեն արեւմտեան մեծ վէպերուն հերոսները, գիրքին սկիզբէն իսկ, ճակատագրէն խարանաբար, դէպի իրենց աղէ տը անդիմադրելի որքան յստակ։ Ինչո՞ւ ջլախտաւորի մը վստահել վէպին տիրական բավստը (ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿին Աննիկը) ու անոր լուծումը փնտռել /269/ յիմարութեան նոպայի մը մէջ երբ այնքան ուրիշ կերպեր կը սպասէին մեր ձեռքին տակ։ ժառանգական վճարումները, մեր արիւններուն պարտքերը հասկնալի ընելու համար։ Ինչո՞ւ պատահական գլխի պտոյտ մը, հետեւանք՝ ճակտէն ստացուած բախումէ հարուածի մը (ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ ) դարանէն, զսպանակ ծառայէր վիպական գործողութեան, երբ դէմ առ դէմ արուին եւ էգին ճակատումը ինքնին այնքան եղերական, բաւ էր մեզ առաջնորդելու արդի ընկերութեան ամենէն ահաւոր խորովները մինչեւ։ Այս հարցումները կրնանք կրկնել անոր ամէն մէկ վէպին համար։ Տիկին Եսայեան կիրքերու հրաբուխը չարհամարհեր անշուշտ, ինչպէս չ՚անգիտանար թէ ինչ հսկայ տինամիզմ կայ անոնց ծոցը թաքնուած, լիովին օգտագործելի է, երբ գործողութեան վիպասան մը իր կեցուածքը առնէ այդ ուղղութեամբ։ Չեմ ըներ անուղիղ շեղում մը, երբ կը փորձուիմ յիշել ռուս վէպին մէջ այնքան յորձանապտոյտ զարգացող կիրքերուն իրականութիւնը, վասնզի կը մտածեմ թէ ինչ որ հոգեբանութիւն կ՚անուանեն, ուրիշ բան չէ յաճախ, եթէ ոչ այդ կիրքերը կառավարելու գիտութիւն մը, փորձառութիւն մ ը, արուեստագէտին կողմ է։

Ուրե՞մն։

Տիկին Եսայեան իր վէպը կը կազմէ դրուագներով, սթանտալեան քրոնիկին հեռաւոր հետեւողութեամբ մը։ Երբեմն քով քովի դրուած չարքը սա դրուագներուն կը պարզէ որոշ բնազդ մը յօրինման, (ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ, ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԵՐ, ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ) բայց չի հասնիր վիպական ճնշումին, կ՚ակնարկեմ գործողութեան ամուր այն մղում են որով մասնակի շարժումները կը հալին ու կը վերածուին : *այր հոսանքի մը, մեզ քշող, տանող։ Դէպքերու դասաւորման գիտութիւն մը չէ անշուշտ զսպանակը սա արդիւնքին։ Հոգեբանութիւնը վէպին մէջ, այս հոսանքը ստեղծելու նախասիրութիւն մըն է, բոլորովին տարբեր վերլուծական եղանակն որ ինքզինքը կը մանրէ անձին հերոսներու եւ մեր իմացականութիւնը կը շահագրգռէ ամենէն առաջ, մեր մէջ սորվելու պապակը յագեցնող ու մեր ծանօթութիւններու շրջանակը ընդլայնող։ Տիկին Եսայեանի դրուագային յօրինումը, մօտ՝ երկու ալ կերպերուն, կը զատուի երկուքէն ալ։ Ու պէտք է ճշդել այս դիտողութեան տարողութիւնը, քանի որ իմ կարծիքով, ան կու տայ ընդարձակ սահմանը այն արուեստին որով գրուած են ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼԸ. ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ։

Այդ դրուագները կեանքին ընդհանուր քաոսէն առնուած մասնակի կարկառներ են, անդունդներ եթէ կ՚ուզէք, որոնք ճարտար բաշխումով մը պիտի տեղաւորուին հոգեկան նկարի մը համապատ/270/կերին մէջ, իր կարգին մթնոլորտուած որոշ տագնապի մը հեւքովը, գլխաւորաբար իմացական խորքերէ վերահիւսուած, արդի մեծ տափնապներուն (արեւմտեան քաղաքակրթութեան) մեր մէջ փոխադրումովը անշուշտ տկարացած, բայց մեզի համար նոր անպայման։ Այս է թերեւս հրապոյրն ալ սա տարօրինակ վէպերուն ուր պատահածը այնքան քիչ բան է, բաղդատուած հսկայ թոհուբոհին որ արեւելահայ վէպին աշխարհը կը կազմէ։ Կենալու համար թիփիք օրինակի մը առջեւ, փնտռեցէք թէ ո՛ր տիրական զգացումը կու տայ հոգեկան բարեխառնութիւն վէպին որուն անունն է ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ։ Սէ՞րը։ Բայց գլխաւոր հերոսին մօտ (Յակոբ ) անիկա զգայախաբական վիճակ մըն է գրեթէ, ազգականուհիի մը դիմաց, ըլլալու համար ինքնիրմ է ամօթահար։ Զարուհիին մէջ (ուրիշ կին մը նոյն այդ վէպէն) անիկա միսերու ձայն մըն է, հաստ որքան անարգ, որ չի կրնար անկեղծ luxur-ն իսկ ըլլալ ընթացիկ, դիւրին կիներուն։ Փնտռեցէք նոյն զղացումը բոլոր յաջողակ վիպակներուն մէջ ու ձեր գտնելիքը տարբեր բան եք ընէ քան ճակատագրական՝ մահուան չափ հզօր։ ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԵՐը կը կենայ ատելութեան զգացման մը մէջ, գրեթէ ամբողջովին։ ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼին նկարչուհին, անունով ու հակազդեցութիւններով հայ, կը դժուարանայ օտարը ըլլալ ոչ թէ հարազատութեան մը տագնապէն, այլ չկրնալով ինքզինքը ըլլալ, մնալով տարուբեր ընդմէջ արեւելքին ու արեւմուտքին։ Բայց աղէտը կը սկսի այն րոպէին երբ կը կարծէք թէ պիտի մարմնանայ անիկա, հզօր, իրաւ, ամենուս գլխէն անցած հոգեւոր մայրութեամբ մը, իր մէկ զգացումը, զոր, իրաւ, տիրական կերպով մը կերպադրելով։ Ու ասիկա այսպէս՝ այն վիպակներուն համար, որոնց մթնոլորտը հոգեկան աշխարհ մըն է։ Բացառիկ այս անձերուն կապուած սա փոքր չարժականութիւնը ի վերջոյ կը դառնայ եղանակ։ Այս եղանակն է որ անուանած են մեր մէջ հոգեբանութիւն։

Ու կ՚աւելցնեմ անմիջապէս, որ այս եղանակը կը տարրերի ֆրանսականէն.

 

Ա) Իր ոչ-գիտական, փորձառական, շատ անձնական, չըսելու համար գրական նկարագիրներովը։ Անիկա մօտ է Սթանտալի «քրոնիկներուն մէջ փորձուած կերպին բայց չէ զայն։ Նկարագրական, քնարական, զգացական տարրին դերակայութիւնը հոգեկան թափանցումին վրայ պատճառ է որ մեր տպաւորութիւնները բաշխուին ու տկարանան։ Անիկա հեռու է Թէնի դպրոցէն սերած, ապացուցանող, ախտաբանական ծանօթութիւններ լայնօրէն շահա/271/գործել ջանացող հանգանակներէն որոնք Պուրժէի մը համբաւը յօրինեցին։ Չեմ՝ համարձակիր յիշել Chévi–ն . Քոլէթ) որուն մօտ բնականութիւնը ու նորութիւնը այնքան շքեղ ու հայտ կերպով մը ապրեցան քով քովի, բայց որուն զգայութեանց թարմութիւնը ինծի մտածել կու տայ Տիկին Եսայեանի պոլսական զգայութեանց իրական փաստին, արտաքին աշխարհէն մանաւանդ, ստեղծելու չափ նորօրինակ exotisme մը։ Ֆրանսական հոգեբան դպրոցին հետ սա չվերթութիւնը հաւանաբար արդիւնքն է թեքնիքին, հերոսներու նուազագոյն թիւի մը վերածումին, գործողութեան ներքին նկարագրին ու երբեմն ալ հոգեկան գիւտերու, մտածումներու ձեւին տակ, որոնք կրկնուելով կրկնուելով կը պարտադրեն իրենք զիրենք։

Բ) -- Իր սահմանափակ տարողութեամբը: Ոչ մէկ վէպ, Տիկին Եսայեանի համար չի կազմեր պարկեշտ, խորացուած, իր նպատակը արդարացուցած պրպտում։ մը փաստը։ Այն միակ վէպը ուր նման ճիգ մը ներուի մեզի ընդնշմարել, ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ անունը կը կրէ։ Եւ սակայն որքա՞ն է բաժինը սեւեռուածին, ընդմիշտ փրկուածին բարքերու այդ կալըրիներէն որոնք անոր էջերուն վրայ կ՚ուրուանան բայց չեն մարմնանար։ Ահաւոր իրողութիւններ (բոլորն ալ հոգեկան) հեռուէ հեռու կը թելադրուին, ամիրաներու հոյակապ cycle-էն բայց չեն նուաճուիր։ Տիկին Եսայեան ծանօթ է ֆրանսական դպրոցին ձգտումներուն (Ռուկոն Մաքարներու փառքի օրերուն կը զուգադիպի Տիկինին տաղանդին անդրանիկ բիւրեղացումը, բայց այդ ծանօթութիւնը պատած է նախնական։ Ու հակառակ Պալզաքը սիրելուն (լսեր եմ իր բերնէն հիացումը) չես գիտեր որ սատանային մղումով դարավերջի վիպողներուն վրայ կեդրոնացուց իր լուրջ սէրը։ Այնպէս որ, ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿը չգտաւ իմաստը նոյնիսկ ԱՆՀԵՏԱՑԱԾ ՍԵՐՈՒՆԴ ՄԸին . Զոհրապ) եւ սակայն վիպողը անգամ եմատ կերպով աւելի ձեռնհաս է Տիկին Եսայեանին մէջ։ Այս վրիպանքը կամաւոր ըլլալէ աւելի անգիտակից է հաւանաբար։ Կ'ըսեմ այսպէս վասնզի հասարակաց է արեւմտահայ վէպին, որ ենթակայ՝ մեր գրականութեան բացառիկ ճակատագրին, թաթին տակը անողոք բռնութեանցը թուրքին եւ լրացրին, առանց ուզելու, իր խորքէն զիջումով մը, զեղչումով մը ինքզինքը յարմարցուց պայմաններուն [5] ։ Հոն որ ա/272/նիկա զերծ էր այդ ճնշումէն, ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ վէպին մէջն է ատիկա, հոն ալ իր կերպին գերին պիտի մնար, ու պիտի գրէր, ողբերգական պատկեր մը, պատերազմի սկզբնական օրերու հոգեբանութիւնը, մանաւանդ մեր ազգային զգայնութեան վերլուծումը սեւեռելու տեղ, մարդերու կռնակին կատարուած փոքր, իրեն չվայլող քաշքշուք մը քնարերգելով։ …Այնպէս որ Արեւմտահայ գրականութեան ամենէն օժտուած վիպողին գործը այսօր մեզի կը ներկայանայ կցկտուր, խրամատեալ, անամբողջ տարողութեամբ մը։ Շքեղ իր մասերուն մէջ այդ վէպը քանի մը փոքր կիներու մենագրութիւնն է աւելի, քան թէ լրիւ, վճռական, պատկերը հայ կնոջ որ գէթ Պոլսոյ մէջ որոշ տիպար մըն էր, հարուստ որքան ազգային, կրկնելով ցեղին քանի մը հիմնական գիծերը իր վրայ։ Ծանծաղ կամ ձգտումնաւոր իր մասերուն վրայ այդ գործը եթէ չխառնուի ՄԱՅՏԱՅԻ գիշերաջան, սանթիմանթալ, հիւկոյիկ ձաբռտուքներուն, չի կրնար ինքզինքը ազատագրել ուշ, գէշ սորուած, փոխ առնուած մտահոգութեան մը խարանէն։ Տիկին Եսայեան իրաւունք ունէր պատերազմէն վեր ըլլալու, բայց չունէր իրաւունքը իր ցեղէն, ինքնիրմէն վեր ըլլալու [6] ։

/273/ Գ) - Խորքին ծանծաղուտովը։ Ոչ մէկ վիպակի մէջ անոր յաջողուած է տագնապ մը կատարելապէս առանձնացնել լռեցնելով ոչ-հիմնական հետաքրքրութիւններ, ու մանաւանդ փորել անդունդ մը հոգիի, իրաւ, մարդու ներսիդին սեղմուելու սահմանուած, ու տանթէական հորերուն նման յատկանշական։ Անշուշտ, կայ այդ խորքը երբեմն նոյնիսկ մէկ զգացում մը իբրեւ որ պիտի բռնէ իր վրայ 60–70 էջերը ներքին տռամին։ Այսպիսի թեքնիքի մը կը հպատակին ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ, ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼ, ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԵՐը։ Բայց շուտով վերահասու կ՚ըլլանք վտանգին որ քիչ զգացումներուն վտանգն է մեզմէ ներս, երբ կը փորձենք զայն դիմաւորել դուրսէն ճարուած նեցուկներով։ Զուր տեղը չէ որ հոգեկան վերլուծումը կը կասի մէկէն, այդ վիպակներուն մէջ, ակնյայտ յոգնութեան մը տակ, ու իր տեղը կը զիջի արտաքին պատկերացումին, պոլսեցիներուն շատ սիրական նկարագրումին։ Ու զուր տեղը չէր որ, այս նպաuտին ալ չամոքուած տագնապը դարման պիտի փնտռէ խնդրական մտածումներու դիզումի մը ետին։ Հոգեբանական այս նուաղումները թերեւս արդիւնք են իր իսկ հասարակութեան, monde–ին։ Այդ մարդերը, մեր մէջ, ոչ դասակարգ են որպէսզի տարերային պաշտպանութիւնը վայելեն դարերուն ու գէթ բարքերու ետեւէն թիկունք դառնան հերոսուհիներուն։ Ոչ ալ իրենց շրջավայրէն, շրջանակէն հիմնովին ձերբազատուած տիպարներ, որոնք յանուն չափազանցուած գաղափարներու, սրբազնացուած իտէալներու՝ կեանքը նետեն իրենց արտակեդրոնութեանց։ Ոչ մին եւ ոչ միւսը։ ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼին նկարչուհին թերեւս օր մը ընդնշմարուած ուսանողուհի մըն է, հայկական արիւնէ, բայց որուն գիծերը չեն գտած հաստատ կաղապարը կնոջ մը միսերուն, չեմ ըսեր հոգիին։ Պոլսոյ մէջ անիկա տեսարաններկ՚ապրի, փոխանակ իր մարմինը ապրելու։ ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐուն Աննան նման յօրինում մը կը թուի ինծի։ Չեմ ըսեր թէ անգոյ տիպարներ ըլլան ատոնք։ Թերեւս հակառակն է որ ճիշդ է։ Վերածեցէք նկարչուհին գրագէտի, ու կ՚ունենաք ապահովաբար Տիկին Եսայեանը։ Աննան (ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ) արդէն Շիրվանզատէի ԿՈՐԾԱՆՈՒԱԾին մէջ տիպարի մօտ շնորհներ պարզելէ վերջ, իրականութեան վրայ ալ հանդիպելի կին մըն է, արեւելահայ ծագումով։ Բայց վէպը ուրիշ աշխարհ մըն է։ Անիկա ենթակայ է իրականութեան, բայց կ՚արժէ անկէ տարբերութեամբը միայն։ Ու կ՚ուզէ իր հերոսները իր օրէնքներուն համեմատ։ Տիկին Եսայեանի հերոսներուն սա տժգունութիւնը խորքի տագնապ մըն է ամէն բանէ առաջ։ Աս է որ բանալին կու տայ մեծ գործերու մէջ անոր վրիպանքին։ Յիսուն է՛ջ՝ որպէսզի /274/ տագնապը փոխուի, առանձնացուի եւ յետոյ վերբերուի։ Այո՛։ Ու գիտենք, թէ նոյնիսկ նման ճիգի մը համար, որ չափով արտաքին նպաստի պէտք զգացեր էր վիպասանը։ Ինչպէ՞ս դիմաւորել երբ մեր տագնապը պարտաւոր ըլլանք տարածել սանկ միջին խորութեամբ կաղապարի մը վրայ որպիսին է վէպը ֆրանսական հոգեբան դպրոցին, երեք հարիւր էջերու հանրածանօթ տարազով։ Ու Տիկին Եսայեան չէ փորձած անկարելին։ Իր նիւթերը նորավէպ մը կը սնուցանեն բայց չեն դաւեր վէպին։ Ու գաղտնիք չէ որ մեր օրերու հոգին անհունութիւնն է։ Մարսէլ Պրուստ, վերլուծական վէպին իշխանը, տուաւ փաստը այդ անհունութեան։ Այս բոլորէն յետոյ, հարկ կա՞յ, դանդաղելու նմանութեան վրայ։ Չեմ կարծեր։

Միւս կողմէ, ժամանակակից վէպը (հոգեբանական), գէթ ան որուն ծանօթ էր Տիկին Եսայեան, ունի երկրորդ դպրոց մը, որ սխալ չըլլար ռուսական որակել։ Թոլսթոյի, բայց մանաւանդ Տոսթոյեւսքիի կողմէ այնքան ահաւոր ուժգնութեամբ մը փորձուած վերլուծումն է ատիկա մեր ամբողջական էութեան, այն անտարազելի բանին որ մարդն է իր տունին, քաղաքին, իմացական շրջանակին, ստացուած ու ժառանգուած իր մեղքերուն կամ տաղանդներուն, իր կիրքերուն կամ երազներուն, իր ամէն կարգի տագնապներուն համախառնուրդ հանգոյցովը։ Չեմ լայներ վերլուծումը։

Տիկին Եսայեանի կերպը կը զատուի նմանապէս այս դպրոցէն :

Ա) Հոգիներուն անկանգնելի միջակութեամբը: Չենք կրնար մեղադրանքը Հերքել, մեր ժողովուրդին հոգեկան դրութեան վրայ կամայական ընդհանրացումներով։ Եթէ մեր քաղքենին հարիւր տարուայ դժբախտ անցեալ մը Հազիւ կը վերբերէ վերլուծողին հետազօտութեան, ունինք աւելի պարզ, բայց դարաւոր խաւադրութեամբ մը կարծրացած մեր հզօրագոյն դասակարգը, ըսել կ՚ուզեմ՝ ժողովուրդը որ յաւիտենական խմորն է արուեստի ամէն մեծ գործի։ Փաստը՝ թէ այդ զանգուածը հարկադրօրէն ենթակայ է միջակութեան սթիկմաթի մը (քանի որ մեր մէջ ոչ մէկ արուեստի գործ չէ ազատած համեմատական իր միջակութենէն), անզօր կը մնայ ընդհանուր գրականութեան կալուածին վրայ։ Նոյն այն գիւղացիներէն որոնցմէ մենք ծիծաղի սահմանուած յիմարներ սիրեցինք միայն կարկառի հանել (պոլսեցիները իբր գրող ու իբր ժողովուրդ ուրիշ քիչ բան ըրին քան դրսեցիները ծաղրելը) Թոլսթոյ մը պիտի չվարանի ստեղծել ահաւոր իրականութեամբ ու խորութեամբ մարդեր։ ԱՂՋԱՄՈՒՂՋԻՆ ՈՒԺԸ La Puissance des Ténèbres խաղին մէջ, անիկա հասաւ մարդկութեան մը որ կը զարմացնէ, վասնզի այդ գիւ/275/ղացիները կ՚ապրին կիսամարդերու վայել հարազատութեամբ, այն հոգեկան սթանտարտով, որով ապրած էին հաւանաբար նախապատմական տարրերը մարդ-անասունին, նոյն ատեն ըլլալով ԺԹ. դարու կենդանիներ, մտքի աղօտ աշխարհով մը որուն խորքը Աստուծոյ մը խաչը կ՚ուրուանայ եւ որուն առաջամասին ցարին, քնիազին, չինովնիկին երրորդութիւնը կը տիրապետէ։ Տիկին Եսայեանի գործին մէջ կը պակսի գիւղացին, ոչ անշուշտ դիտումնաւոր զանցումով մը, քանի որ ֆաքիրներ ու աշուղներ անգամ ներշնչած են զինք։ Բայց արուեստի գործ մը չի կրնար արտաքին վկայութիւններու, գլխաւորաբար զգայարանական տարրերով հայթայթուած տպաւորութիւններու վրայ բարձրանալ։ Տիկինը ըրաւ ատիկա, մէկ անգամ միայն երբ այցելեց կրակէն ու սուրէն անցած երկրամաս մը (Կիլիկիա, 1909), բայց հոտ ալ իր պատմութիւնը, իր ցեղը, իր արիւնը զինքը կը պաշտպանէին։ Այդ է պատճառը որ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ հատորը հոգիներու կարաւան մըն է, բայց արուեստէն դուրս միջոցներով տպաւորիչ (կու տամ այս վարկածին ապացուցումը երբ կը վերլուծեմ տպաւորապաշտը Տիկին Եսայեանի մէջ)։ Իր աշխարհին միւս հերոսները, այր թէ կին, չեն ազատագրուած իրենց հոգեկան միջակութենէն, թերեւս անոր համար որ այդ միջակութիւնը անխորտակելի ստուգու թիւնն էր եւ է մեր բոլորին։ Իսկ մեծութիւննե՞րը։ Իսկ հսկայ զոհողութիւննե՞րը մեր երիտասարդութեան, մեր կիներուն, մեր մայրերուն։ Տիկին Եսայեան չէ տառապած զանոնք արժեզրկել է իր ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ ապսպրուած վէպին մէջ։ Խոնարհներէն իր սեւեռումները (ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻՐԵՐ, ՔՕՂԸ) կարծես անհարազատ զաւակներու կը նմանին, որոնց կու տանք մեր անունը բայց որոնց դէմ մեր վերապատումը մեր ներքին գուրգուրանքը կը կերպարանափոխէ։ Այս նկատումները կը տարածուին Տիկ. Եսայեանի վէպին մէջ գործող բոլոր հոգիներուն ալ վրայ։ Ու գաղտնիք չէ, որ մեր կատարելութիւններէն ամենէն երկարակեացները հոգիին պարունակին պատկանողներն են։ Ու հոգին այս տողերուն վրայ կը նշանակէ բան մը, որ տարբեր է մեր իմացականութենէն։

 

Բ) Տիպարներուն իմացական աղքատութեամբը: Ընթերցողը միշտ պարտաւոր է աչքէ չհեռացնել ռուս վէպը որ ԺԹ. դարու իմացական հարցերուն հրաբուխը եղաւ, գրեթե երեք սերունդի իմացական տագնապանքը հիւրընկալելով իրմէ ներս։ Չեմ տարածուիր, տալու համար նոյն իսկ ամփոփ ուրուագիծը գաղափարներու այդ թոհուբոհին։ Բաւ է միայն դիտել տալ որ միջնադարը, թերեւս ա/276/ւելի վար դարեր ու մեր ժամանակը, թերեւս երկու դար ուչ գալիք ներկան, իբր գաղափարաբանութիւններ, նոյն սերունդին հերձուածներուն մէջ իրար կը հալած են այն անգթութեամբ որ հասարակաց էր բոլոր իմաստի կռիւներուն մէջ։ Կոկոլ, Թուրկինէք, Տոսթոյեւսքի, Թոլսթոյ, Անտրիէֆ, Կուպրին, անուններ չեն այլ կատաղութիւններ, գաղափարաբանական, գրեթէ հաւատաքննական։ Ու այս մարդոց հերոսներուն պարզած, պաշտպանած, հարուածած գրութիւնները (իմաստէ), հերքումները, վերակազմումները շուտով պիտի դուրս գային տեսական մշուշէն, վերածուելու համար ընկերային լայն փորձարկութեանց։ Կէս դար յետադիմական նաlանջ կը նշանակէ Տոսթոյեւսքին կրօնական մարզին վրայ, երբ կը հաւատայ թէ ռուսերուն ազգային եկեղեցին տիեզերական ուժն է, կանչուած ամբողջ աշխարհը նուաճելու ու մարդկային տառապանքը գահ ընկէց ընելու։ Այդ նահանջը այդ ժողովուրդին դերը պիտի փոքր էր ու աշխարհը բաց պիտի ձգէր գերմանութեան։ Կէս ու աւելի դար մշուշակորոյս ու աղէտաւոր գործունէութիւն կը նշանակէ, հաւանաբար, լենինիզմը, որ նոյն այդ ժողովուրդին մէկ ուրիշ փորձարկութիւնն է սակայն, ճշմարիտ բախտախաղ, առանց սահմանի։ Բոլոր այս հարցերը այդ վիպասաններուն հերոսներուն համար ամենատարրական, անհրաժեշտ սնունդներ են ու կը հասկցուի թէ ռուս վէպը որչափով մաս կը կազմէ իմացական կեանքին այդ ժողովուրդին։ Տիկին Եսայեանի հերոսները քիչ անգամ ընկերային հարցեր կը դնեն իրենց վերլուծումին առարկայ։ Հոգեբանական վիպակները անյարմար էին կրելու այդ վէճերուն տեսական ճնշումը։ Բարքի վէպերը (ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻՐԵՐ, ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ) իրեն համար չեն եղած լուրջ ձեռնարկներ։ Իմացական մթնոլորտով իր գործերը (ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ, ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ) ծաղրանկարային հոգեբանութեամբ մը գրուած, առնուազն կը խեղաթիւրեն հարցերը։ Անտիպ մէկ խաղը, ՄԱՅՐԵՐ, հակառակ լուրջ, նոյնիսկ համակրագին իր մթնոլորտին, չի հասնիր սեւեռելու իրապաշտներուն անմիջապէս յաջորդ սերունդին սրբազան տագնապը, յեղափոխական զգայնութիւնը։ Այն ատե՞ն։ Պարտաւոր եմ կանգ առնել դարձեալ իր հոգեբանական փոքր կառոյցներուն իմաստին առջեւ ու արժէքի հանել զայն, գէթ անձնական վկայութիւն մը իբրեւ։ Արդարեւ ՄԱՅՏԱՅԻՆ սուտ իմաստութիւնը անհանդուրժելի է մեզի, արուեստէն դուրս սեպհական իսկ կեղծիքովը։ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸին տրտում վերլուծողը եթէ խոր բաներ չ՚ըսեր միշտ, յաճախ կը դիտէ բաներ որոնք խորութեան ակունքէ մը կը յառնեն։ Ինչ որ յստակ է իմ մէջ իբրեւ մե/277/ղադրանք, արդիւնք է ատիկա բաղդատական կշիռներու։ Տիկին Եսայեան եւրոպացի արուեստագէտ մըն էր գրեթէ, որ հայերէն կը գրէր։ Ու իբր այդ գիտէր թէ ինչ մեծ գաղափարներ կը յուզէ ին մեր սերունդը երկու պատերազմներուն մէջտեղը (1878–1914)։ Ու գիտէր թէ արեւելահայ վէպը, իր բոլոր մեղքերովը, մեծ արժէք մըն էր դարձեալ, երբ համեստութեամբ, ճշգրտութեամբ, կը յաւակնէր, կը ջանադրէր շրջաններու մտահոգութիւնը փոխադրել իր հերոսներուն գանկին ընդմէջէն։ Կրնանք ծաղրել Ռաֆֆին, բայց չենք կրնար հերքել թէ զայն ծաղրելէ առաջ ծաղրած կ՚ըլլանք մանաւանդ զմեզ։ Կարելի է դատափետել հաստ փղշտացի իմաստութիւնը Շիրվանզատէի վէպին։ Բայց չենք կրնար զանոնք պիտակել կեղծ, հնարովի, ինչպէս է դժբախտ պարագան Տիւսաբի վէպերուն։ Տիկ. Եսայեանի հերոսներուն իմացական տարողութիւնը դուրս է մեր ժողովուրդին անմիջական, կարելի իրականութենէն։ Այս է պատճառը, որ մեր ամենէն յաջող վիպասանուհին վրիպած է մեր ընկերութեան իմացական շրջափոխութեան վրայ։

 

Գ) Անանդունդ ներքնաշխարհովը։ Ամէն հոգեբանական վէպ, գէթ ռուս դպրոցին համար, խորա չափում մըն է անդնդային հոգեվիճակներում, որոնք կը յօրինուին յաճախ մեր տեսողութեան հասողութեան սահմաններէն անդին, երբեմն սերունդով մը կանխուած մեղքելու հպատակ, երբեմն՝ սերունդ մը վերջ իրագործուելիք ձգտումներու յայտարար։ Ռուսական վէպէն Les Possédés (Տոսթոյեւսքի) որակուած տարօրինակ քաոսը, 1917էն վերջն էր որ պայծառ պատկեր մը դառնար պիտի, երբ ամենէն հոծ մարդկեղէն զանգուածը պիտի խենթենար ուղղակի ու պիտի կործանէր ինքզինքը, յանուն նոր գաղափարներու։ Ու այդ վէպին հերոսները մշշամած անդունդներ էին, անցեալ դարու կէսերուն կամ քիչ մը աւելի վերջերուն։ Վերադառնալով աւելի համեստ շրջանակներու, հարցը կը դնեմ իր պարզութեամբը. ո՞րն է հոգին, Տիկին Եսայեանի մարդոց շքախումբէն, ուր նայելու համար վախ զգացինք։ Մէկիկ մէկիկ անցուցէք ձեր առջեւէն այդ հոգիները։ Անոնք խորութեան պատրանք մը միայն կը թելադրեն բայց չեն այդ խորութեան ամանները։ Իր այրերը, հարկ չկայ վրդովուելու, դիտումնաւոր խեղճութեան մէջ խարանաբար, չեն իսկ ներկայանար մեր մտքին երբ ուզենք վերակոչել զանոնք։ Այս թշուառութիւնը որքան ալ կամաւոր, վրէժխնդրական միամտութեամբ մը հասկնալի, չէ մնացած առանց վտանգի, վասնզի անդրադարձ ազդումով մը (action reflexe) փոք/278/րած է իր կիներն ալ։ Միակ վէպը ուր ծանր հարցեր կը դրուին սեղանի (ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ), եւ այն միւսը ուր Տիկ. Եսայեան մեծ համադրումներու կը ձգտի (ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ), զուրկ են անդնդային հոգիներէ։ Մեղադրանքը՝ անոր համար, վասնզի հոգեբանական վէպին մէջ տեղական fact-ը հսկայական կիրք մըն է, զոր ամանելու համար արուեստագէտը հարկին տակն է համեմատական ծաւալով հոգեղէն կառոյց մը կերտելու։ Անշուշտ, երեւակայութիւնը գէշ առաջնորդ մըն է վէպին համար, առհասարակ։ Իսկ հոգեկան յօրինումներու համար, ուղղակի աղէտ։ Ամենէն այլանդակ հոգիները չեն որ ամենէն խորերը կ՚ըլլան։ Կեանքը հարուստ է աւելի քան ոեւէ արուեստագէտի երեւակայութիւնը։ Որքան պիտի ուզէի որ մեր ժողովուրդին մէջ այնքան յաճախ արձանագրուած, խոր, անհասկնալի արարքներ քաջութեան կամ վատութեան, զոհողութեան կամ ինքնակեդրոն եսամոլութեան, թռիչքի ինչպէս սողոսկումի, մեր վէպերուն մէջ նուաճուած դառնային։ Մեր պատմական վէպը սրբապիղծ թերթօններ միայն հանեց այդ սքանչելի ատաղձէն։ Ու ինչպէ՞ս չտառապիլ մտքի վիճակէ մը որ կը շարունակուի տակաւին այսօր։ Թերթերու մէջ լրջութեամբ կը դատեն, կը դատաստանեն մարդեր, օրինակի համար, թէ ՍԱՄՈՒԷԼը (Ռաֆֆի) արդարանալի՞ է իր ծնողասպանութեան ոճիրին համար, ու մտքէ չեն անցըներ հարցնել թէ ինքը, այդ ոճիրը, այսինքն անոր զսպանակ ծառայող հոգին ի՞նչ կ՚արժէ։ Ամենէն սակաւարան միտքը անգամ առնուազն ծիծաղ պիտի ունենար այդքան յեղակարծ, անհորիզոն, գրեթէ հասարակ թատերական հատուածին առջեւ, որ տեսարանն է այդ սպաննութեան, Ռաֆֆիի վէպին մէջ։ Կիրքերուն ամենէն հզօրն է անշուշտ սուր բարձրացնել քու ամենէն սիրական սրբութեանցդ վրայ։ Չեմ ըսեր թէ հրէշային է այդ մոլուցքը մեր կուրծքին տակ։ Բայց առնուազն ահաւոր կործանումի մը գինն է անիկա, մեզմէ ներս, ու երբ արարքի կը վերածուի մեզմէ դուրս, մենք թատերական էակներ կը դառնանք, մեզմէ վեր ուժերու կռուփին տակ, մեղմ է աւելի այդ մեզմէ վերին հրամանները գործադրող ու այդ գինով միայն կ՚ազատինք հասարակ ոճրագործին սպասող խարանէն։ Կա՞յ Ռաֆֆիի յարդարած տեսարանին մէջ նման բարեխառնութիւն։ Ուրիշ խօսքով՝ ոճիրը սանկ հարիւր էջ մը առաջներէն ինքզինքը առկախա՞ծ է Սամուէլի գլխուն, կարկուտի ամպի մը պէս, ու քալա՞ծ է անոր հետ, ամէն րոպէ պայթելու սարսափի մը մէջ քչելով ինքզինքը ու դժբախտ այսահարը։ Եթէ այո՛, այն ատեն ոչ ոք պիտի զբաղի արարքին հետեւանքովը որ լուծում մըն է այլեւս պարզ ու չի շահագրգռեր /279/ ընթերցողը որուն տագնապը իր ամբողջ ուժգնութիւնը արդէն ապրած պէտք է ըլլայ, մինչեւ ոճիրը։ Մնացեալը թերթօն է։ Պալզաք, Էտկար Ալան Փօ, Տոսթոյեւսքի, Թոլսթոյ գրեթէ միշտ կը գործեն այս թեքնիքով։ Տիկին Եսայեանի վէպերուն մէջ ոչ մէկ տեղ կիրքը կը գտնէ սա եղերական հոծութիւնը, վասնզի իր բոլոր մարդերը յօրինուած են ուրիշ բարեխառնութեան մը մէջէն։

 

Այս քիչ մը երկար վերլուծումը պատեհութիւն կու տայ սակայն վերադառնալու բուն իսկ կերպին որ անոր տաղանդին տիրական շնորհը պիտի կազմէր։ Տիկին Եսայեանի հետ գործածուած հոգեբանական վերլուծումը դժուար չէ վերածել իր քանի մը ցայտուն գիծերուն որոնք մերձաւոր բանաձեւներ ըլլան նոյն ատեն ու զատեն անոր վէպը մեր միւս կիներուն գործէն։ Այսպէս առանց անտեղութեան կրնանք ըսել,

 

Ա) Տիկին Եսայեանի մօտ հոգեբանութիւնը որոշ բառեխառնութիւն մըն է, տեսակ մը ոլորտ էր վէպերէն սիրուած կարգ մը միջոցներ (բարք, հետաքրքրականութիւն, փրոփականտ, մթին ու գէշ ախորժակներ, ռոմանթիզմ, ղիտականութիւն, մարգարէութիւն եւ այլն) վերածուած են իրենց նուազագոյնին, փոխարէն՝ իրենց փայլին, չքմեղանքին են տարուած ուրիշ ախորժակներ, հանդարտ թաւալը՝ մեր հոգիին յօրինող պահերուն, մեր մէջ յառնող, ուրուացող զգայութիւններ, երբեմն քիչիկ մը կարմիր իրանը կիրքի մը որ կը պահի իր ակօսին մէջէն, իր գործը անդրադարձելով իր շուրջը։ Ու կիրքը հոս խելացնոր բռնկումը չէ անշուշտ մեր մարմինն ու հոգին բաղադրող ուժերուն, ոչ ալ ասոնց իրարմ է տարրաղադրումը, աւելի գերագոյն ձգողութեանց բռնութեան տակ։ Այլ այն մարդկային իրաւ տագնապը, զոր ճակատագիրը կը դարբնէ մեզմէ իւրաքանչիւրին համար, միջինի մը բարիքովը անշուշտ, որպէսզի չըլլար իր կարգադրութիւնը վեր մեր ուժերէն, տանելու, կրելու մեր կարողութենէն։ Մեր ժողովուրդին ամենէն խորունկ միւս ալ ընդունակութիւնը, տառապանքը դիմաւորելու իր դարաւոր մարզանքը Տիկին Եսայեանի մէջ տուած է իր հզօրագոյն փաստը։ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ հատորը քանի մը տասնեակ հազարներու հասնող անողոք ոճրագործութեան մը արձանագրութիւնը չէ միայն, այլ մանաւանդ այդ ոճիրները կրող բայց չմեռնող մարդոց ալ անորակելի հոգեբանութիւնը։ Ու զուր տեղը չէ որ Տիկինին գլուխ–գործոցը ստիպուած ըլլամ այդ հատորին մէջ տեսնելու։ Մեր ցեղին հոգին, /280/ իր պատռտած առագաստովը։ Իր խորհուրդովը։ Իր չհասկցուած քաղցրութեամբը։ Իր բարութեամբը։ Իր փոքրութեան անկանգնելի փաստերովը։ Իր աղքատութեամբը։ Իր անամբողջ, անյարիր, կեդրոնախոյս, լուարուն, հակընդդէմ բաժանականութեամ բը։ Եթէ ասոնք սեւեռելը կերպ մըն է, որ իր անունը ուզէր, սխալ պիտի չըլլար այդ կերպը հոգեբանական որակել։

 

Բ) Մեր մէջ իր անունին կապուած կը մնայ կեանք մը պարզելու այն քաղցր եղանակը, որ քիչ վերը բացատրուած երկու հանգանակներէն ալ հեռու է հաւասարապէս։ Իբր նմոյշ կառնեմ ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ վիպակը։ Դասական կատարելութեամբ այս վիպակը նոյն ատեն Տիկին Եսայեանի վիպող տաղանդին գեղեցկագոյն վկայութիւնն է գրեթէ։ Անիկա պատմութիւն մըն է գրեթէ, տագնապէ մը, որ կիներու կեանքին վրայ կը բացուի երբեմն։ Ու ահա տարբերութիւնը։ Այդ տագնապը կու գայ կեանքին մէջ պատահածին նման, առանց ինքզինքը յայտարարելու։ Հերոսուհին, ամուսնացած եւ զաւակներու տէր կին մը, հիւր կ՚ունենայ բժիշկ մը։ Ու անսպասելին։ Տեղի կ՚ունենայ սիրտէ սիրտ հոսումը, ամենուն աչքին տակ։ Բժիշկը, իր կարգին ամուսնացած ու զաւակներու տէր։ Պատահական հանդիպում մը, պոլսական շրջավայրի մը մէջ, տունի ծանօթացումէն վերջ։ Յապաղումը Տիկինին իր տունէն։ Ամուսնին հետ տեսարան (նախանձ)։ Յուզում են հիւանդանալ մը։ Բժի՛շկը։ Ու ամուսինին որոշումը զաւակները առած հեռանալու իրենց «անարժան» մօրմէն։ Ատրինէ պիտի չդիմանայ զաւակներուն կարօտին ու պիտի երթայ գտնելու զանոնք, փաստաբան իր ամուսինը ոչ ատելով ոչ սիրելով։ Ահա քանըվան այդ փոքր գլուխգործոցին։ Բայց զայն կազմող ինիսուն էջերուն մէջ ոչ մէկ պարապ տող։ Ու վէպերէն նախասիրուած բուռն պայքարներէն ոչ մէկ հետք։ Այդ էջերը, տարօրինակ հանդարտութեամբ մը կը թաւալին, իրարու ետեւէ, յօրինելու համար կեանքը կնոջ մը՝ որ այս դարու սկիզբներուն կ՚ապրէր Պոլսոյ մէջ։ Անոր ընտանեկան պարագաները, հոգեկան կազմութիւնը, զգայնութեան հէնքը մեզի կը մատուցուին յանկուցիչ պարզութեամբ որքան չաճապարող արագութեամբ մը։ Ո՞րքան տիպարային սեւեռում սա ուրուագրային ասում էին ընդմէջէն։ Կայի՞ն այս փաստաբանի կիները, այդ օրերուն եթերայնութեամբ ու սա խորութեամբ, իրականութեամբ։ Արեւմտահայ վէպին համար ընթացիկ կիներու կարաւանէն զատուող այս կինը ո՞ր դասակարգին ներկայացուցիչը։ Այս հարցումները Տիկ. Եսայեանի վէպերուն մէջ անհրաժեշտ չեն /281/ որքան բանաւոր։ Կրնամ զինքը նետել առաջին գիծի, իբր պատասխան։ Կանխող էջերուն մէջ ըսի արդէն թէ անիկա սարքերու պարկեշտ խուզարկու մը չէր։ Բայց այդ Ատրինէն օտարական մը չէ, վէպին համար հնարուած իմացածին արարած մը։ Իր մէջ մեզ շփոթեցնողը առատութիւնն է կանացի յատկանիշներուն, որոնք կ՚անցնին մեր, ազգային շրջանակը։ Այսպէս, անկեղծութեամբ իր սիրահարին իր հողդ ին պատմող այդ կինը չի տառապիր փաստէն զոր կը բանայ իր արժէքին վրայ երբ սիրոյ երազ մը չի վախնար դնելու անոր աչքերուն առջեւ, անհերքելի վկայութեամբ մը թուղթի, ու աւելին՝ հայ կնոջ մը հոգին շատ ցանցառօրէն այցելող զգացում մը (թուրք սպայի մը հանդէպ) կը վերլուծէ տարաշխարհիկ սիրոյ մը վայել գրաւչութեամբ։ Այն ատե՞ն։ Բայց կրնանք պահել մեր հանդարտութիւնը։ Եթէ 1880ի սերունդին համար մեր բարձր դասակարգը պէյերու, փաշաներու, էֆենտիներու եւ մեծ վաշխառուներու շրջանակը կը լեցնէր, այրերու շեշտեալ գերազանցութեամբ մը, կիներու նոյնքան շեշտուած աննշանութեանը դիմաց, քսանը հինգ տարի վերջ, կազմուած էր նոր ազնուականութիւնը, բժիշկները, փաստաբաններու, պանքայի քարտուղարներու (որոնք այդ օրերուն ամենէն փնտռուած փեսացուները եղան) շքախումբով, եւ ուր առաւելապէս կին տարրը կը մնար նկարագիր արտադրողը։ Ու այս փաստաբանին կինը, իր բժիշկ սիրահարովը անգիտակից վկայութիւն մըն է այդ շրջանին։ Թէ անոր մասնաւորիչ (spécifique) գիծերը տժգոյն են շատ, անլոյ բանի մը վերածուելու աստիճան, թէ անոր ցեղային յատկանիշները չեն իսկ ուրուագրուած, թէ անոր պոլսական գոյնը հազիւ կը զգացուի՝ թէութիւններ են, իրենք իրենց համար իմաստով մը, բայց չեն կռեր ծանր, վտանգելու աստիճան տիպարին իրականութիւնը։ Թարգմանեցէք զայն ֆրանսերէնի, պոլսական տեքորը փոխանակելով Նիսի կամ Քանի դաշտանկարներուն հետ, դուք կունենաք վէպ մը զոր Փոլ Պուրժէ պիտի չհերքէր։ Ես չեմ խօսիր հոգեկան աշխարհը յօրինող այդ շատ իրաւ, շատ ալ անուշ, մելամաղձոտ, մարդկային ապրումներէն որոնք Տիկին Եսայեանի մը իմացականութեամբ կնոջ մը մէջ այնքան բնական, անվերածելի կը ներկայանան։ Կը ծանրանամք այն կեանքը պարզելու, լայն իր հիմնական կտաւներուն, էջերուն վերածելու սա թեքնիքին վրայ, որուն եթէ անուն մը պէտք ըլլար գտնել, սխալ մը պիտի չըլլար հոգեբանականը առաջարկել։

Ահա ամփոփ, Տիկ. Եսայեանի վէպին նկարագիրը։

* * *

/282/ Իր արուեստին վերլուծումը զիս պիտի տանի աւելի ուշ, այդ հոգեբանութեան տարողութիւնը ճշդելու հարցին։ Ատկէ առաջ, իր վէպին միւս յատկանիշներուն վրայ աւելորդ չեմ նկատեր քանի մը նշմարներ։ Եթէ իրապաշտ շարժում էին մեծաղոյն վէպը ԱՄԻՐԱՅԻՆ ԱՂՋԻԿԸ կը մնայ, արեւմտահայ վէպին մի էջ վերլուծական, հոգեբանական, գեղարուեստական լաւագոյն շնորհները պարտաւոր ենք ընդունիլ Տիկին Եսայեանի ամբողջական արդիւնքին մէջ։ Ի վերջոյ, ատեն է յայտարարելու որ Պոլիսէն մեզի եկած ամենէն կատարեալ գրագէտն է անիկա։ Ու Արեւմտահայ գրականութեան մէջ իր տեղը ոչ միայն բացառիկ է իբրեւ վիպող, այլ իր յայտնաբերած արժէքները կ՚ընեն այդ տեղը աւելի քան յատկանշական։ Անիկա մէկն է այն քիչ գրողներէն, որոնց պակասը պակաս մը պիտի ըլլար այդ գրականութեան համար։ Կրնաք վերցնել Սիպիլը։ Զոհուելիքը՝ քանի մը կցկտուր կնոջ հոգիները պիտի չանցնէր։ Վերցուցէք Տիկին Եսայեանի վէպը ու վերցուցած կ՚ըլլաք ամբողջ աշխարհ մը։

Այս տեսակէտէն մեկնելով, կը մօտենամ անոր վէպին ուրիշ կողմերուն։ Անոնցմէ կարեւորագոյն նկատուածը անշուշտ բարքերու շուրջ անոր սեւեռումը պիտի ըլլար։

Իրապաշտ շարժումին կտակն ու պարտադրութիւնն է ատիկա մեր գրողներուն վրայ, 1880էն ասդին։ Շարժումին մեծ դէմքերուն վաստակը, այդ ուղղութեամբ, ու մեր կարելիութեանց սահմաններուն մէջ, արժանի է ամենախոր յարգանքի [7] ։ Ու այս զիջումը գլխ որ իր զսպանակը ունի փաստին մէջը այն իրողութեան, որ մեր ժողովուրդին կեանքն է, գէշ կամ աղէկ, գէթ որոշ շրջանի մը հա/283/մար։ Կէս դարու միջոց մը կը զետեղուի այդպէս փրկուած գործերու պարունակին։ Տիկին Եսայեանի բաժի՞նը, վաստակին մէջ։ Ո՛չ յորդ, ո՛չ նիհար։

Իբր հոգեկան յարդարում, (ինք պիտի յաւակնէր՝ հոգեբանական կառուցում) ամենէն միջակ իր գործը՝ ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻՐԵՐ, բարքի տեսակէտով ամենէն բախտաւորը կը մնայ իր մօտ։ Ու հոս ոչինչ կայ զարմանալու։ Տիկին Եսայեան չփացուած գրագէտ մըն էր իր փառքի շրջանին։ Հրապարակը անոր մէջ գրելու արուեստին ճարտար մէկ virtuose-ը կը փառաբանէր ու անոր ամենէն սանթիմանթալ, Հռետորաշունչ կտորները (ԱՇՈՒՂԸ, ԵԱՇՄԱԳԸ, յիշելու համար մէկ քանին իրենց անուններով) նիւթ կընէր սքանչացման։ Բարքերու վրայ յամառիլ գիտնալը ուրիշ արժէքներ կը թելադրէ։ Նման աշխատանքի զիջում մը՝ ուրիշ պարկեշտութիւն։ Երկու պայմաններն ալ հարազատ չեն Տիկին Եսայեանի տաղանդին։ Եւրոպան, իր փորձառութիւններէն անցած զգայնութիւն մը, Պոլիսը որ մինչեւ 1909 մեր գրականութիւնը պիտի վերածէ շատ դժբախտ բանի մը, կանացի կեանք մը այլապէս մութ խռովքները Տիկին Եսայեանը կը զատեն մեր գրողներու ընդհանուր միջինէն։ Ու անոր այն վէպերը ուր այս յարդարումին կշիռը ամենէն աւելի ուժգին կը զգացուի, պիտի ըլլան անոր գործեն մէջ ամենէն տժգոյն յաջողմունքները։ ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻՐԵՐը մէկն է անոնցմէ։ Իւսկիւտարի միջավայրը նոթուած է հոն բաւարար խղճմտութեամբ, անշուշտ տոյժովը հոգեբանական խորութեան։ Նման դատաստան մը միւս վէպին համար, ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ, որ կը բարձրանայ բարքերու յատակէ մը, կը դիմանայ իբր այդ բայց կը յոգնի շուտով, դառնալու համար վերլուծական կերպին։ Ամիրաներու օրա՛ն (aura), որ կը թանձրանայ բավարար պայծառութեամբ, բայց չի վերածուիր կեանքի կտաւի մը չունին, այն օրերու բառով՝ սիլուէթին։ Տիպարնե՛ր, որոնք ամիրաներու արիւնը կը կրեն այնքան տրտում անարիւնութեամբ մը (Աննիկ, Յակոբ) ու ինկած են բաւական մշակման, բայց չեն նուաճուած։ Վէպը կը կռթնի այս երկու դէմքերուն որոնք մեզ կը շահագրգռեն իրենց հոգեկան անկորութեամբը բժշկական բառով մը ataxie–ով։ Անշուշտ 1890ին լեգէոն էին այդ ամուրիները (կին կամ /284/ տղայ)։ «Պատերազմէն յետոյ իսկ դժուար գտնուող դէմքեր չէին անոնք, իրենց հօրենական, պապենական տուներու բեկորներուն կառչած, Պէօյիւք-Տերէ, Եէի–Մահալէ, Վոսփորեան ամարանոց-գիւղերուն մէջ, իրենց կէս դար առաջուան արդուզարդէն փետուր մը իսկ չզիջած, ու իրենց աւերակը պտտցնելով անայլայլ խօթութեամբ մը, կիսապուշ, պիշ սիշ նայուածքներով, բայց որոնց հպարտութիւնը վեր էր մարդկայինին սահմաններէն երբ կը գուրգուրային իրենց օրիորդի մակդիրին վրայ ու կը նախատէին զիրենք տիկին կանչողները։ 1900ին ասոնք դեռ կը պահէին որոշ կարկառ։ Տիկին Եսայեան երկու այդ դէմքերը (Յակոբ, Աննիկ) նուաճած է որոշ կողմերով։ Առաջինին մէջ, մեր քաղքենիներուն ամենէն յաջողակ յօրինումը, մաղազայէն սեռած տիպարը որ օր մը կանչուած է մազազայէն՝ տան փեսան դառնալու, բայց ատկէ առաջ, հարկին տակն է շուկան լինելու իր ուղեղին, լեզուին, նոյն իսկ հոգեկան բաղձանքներուն հետ, մէջէն, որպէսզի տասը տարի ետքը վարէ նոյն այդ մաղազան, ինչպէս նախարարութիւն մը։ Այս գլխաւոր տիպարներուն քովն ի վեր ուրիշ մարդեր, արագ բայց յատկանշական գծագրումներով, առաւելապէս կիներու դասակարգէն։ Որոնք եթէ վէպին գործողութեան վրայ անկարեւոր ազդեցութիւն, չրսելու համար իբր բեռ կ՚իյնան, բայց շերտեր կը պարունակեն 1900ի պոլսական բարքերէն։

ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ սաթիրին մէջ բարքի տարրը անկշիռ է, քանի որ այդ հանճարները կը գործեն օտար վայրերու վրայ, ու իրենց ժառանգութեանց, դաստիարակութեան սթիկմաթները միայն կը պարզեն վէպին ընթացքին։ Այն իրողութիւնը թէ քանի մը հարիւր տարիներու յարդարումը եղող պոլսահայ ընկերութիւնը պիտի խորհրդանշուի սա մարդոցմով, որոնք մեր արուեստին սպասը ընելու կանչուած ըլլալնին կը վերածեն այդ ծաղրանկարային տեսարանումին, մեզի կը թելադրէ տխուր մտածումներ։ Չեմ երթար առաջ 1915ը տեսնելու այդ հանճարներուն հանճարայնութեանը արդիւնք մը։ Բայց կրնամ տրտմիլ երիտասարդութեան մը դիմաց, որ ինքզինքը ազատագրելու իր վրիպանքը չի հասկնար ու կը յաւակնի զանգուածը առաջնորդել։

Նոյնքան տժգոյն է բարքերու կտաւը միւս մեծ վէպին մէջ, ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ։ Տիկին Եսայեան այդ գործին մէջ պաշտպանութիւնը չի վայելեր միջավայրին, զոր իբր տարագիր միայն կրնար ճանչցած ըլլալ, հսկայ թոհուբոհի մը ընդմէջէն։ Անոր Թիֆլիսը նիհար, շատ ընդհանուր, անկնիք քաղաք մըն է ու ատով շատ անյարմար՝ մեծ շարժումէն իբր թատերաբեմ ծառայելու իր յաւակնութեան։ /285/ ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐուն Փարիզը աւելի գունաւոր, իրա՛ւ՝ երբ կը բաղդատուի արեւելահայ մշակոյթին մէջ այնքան հզօր դեր մը կատարած քաղաքին։ Այդ ընկրկումը անշուշտ իր տխուր անդրադարձը պիտի ունենայ վէպին միւս cloison–ներուն վրայ։ Ու պիտի ազդուի անկէ մանաւանդ հոգեկան բարեխառնութիւնը: Լկտի պատմումի մը մէջ, բախտախնդիր մը՝ Եղիշէ Չարենց այդ բարեխառնութիւնը վերածեր էր արդէն վատ, պոռնիկ բամբասանքին (ԵՐԿԻՐ ՆԱՅԻՐԻ անաւարտ վէպը տարօրէն կը յիշեցնէ ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐուն հոգեբանութիւնը ազգային զգացման դէմ)։ Տիկին Եսայեան աւելի պարկեշտ է անշուշտ, աւելի խղճամիտ։ Բայց երբ վէպը կ՚աւարտի, ձեր մտքին մէջ մարդու բեկորներուն տակ աննկարագիր տեղեր, ժողովուրդի փոխարէն փոքր մարդոց ճամարտակ, հաշուախնդիր շարժումներ միայն կը մնան սեւեռուած, երբեք՝ այն ամուր, վստահութիւն ներչնչող համապատկերը, որ կեանքին նուէրն է մեր ստեղծումներուն։ Սա վրիպանքը մանաւանդ անով կը ծանրանայ իմ մտքին մէջ, որ դէպքերու թաւալումը աւլած տարած է այդ մտայնութիւնը, այդ բարքերը: Այսօր, սփիւռքին մէջ իրենց կործանումը դիաթաղի պէս քարշ տուող մարդեր, այդ օրերէն ոչինչ ունին մեզի ըսելիք, ամչնալո՞ւն, թէ մեր չկամութեամբը, մտիկ ընելու՝ մեր հացէն, ծոցի կնիկէն, պզտիկ հաճոյքներէն տարբեր շեղումներ։ Ու մեր երկրին մէջ այդ օրերուն արարք մը նոյնիսկ հակադիր հանգանակներով, ծաղրելու կամ խաչելու համար ամբողջ ժողովուրդի մը երազին գործաւորները, կը պատժուի մահուամբ։ ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐը, գրուած Եւրոպա, բայց լոյս տեսնելու սահմանուած ճճի հանդէսի մը մէջ, որուն վարիչը իր դրամը կը ստանար քաղաքական փրոփականտի կեդրոնէն, դաւած է իր դերին։ Անոր մէջ հայ ժողովուրդի բարքերը ծիծաղելի ըլլալու չափ անօսր տրուած են։ Հերոսներուն վրայ նետուելիք ամբաստանութեան քղամիդը ուրիշ պատճառ՝ որպէսզի խարդախուին գոյները ինչպէս հոգիները։

Հոգեբանական վիպակին մէջ ալ, (ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿ, ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԵՐ, ՍՊԱՍՄԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ, ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼ) բարքերու մթերքը կը մնայ անբաւարար։ Չեմ կրնար ընդունիլ որ սեռին իսկ նկարագրէն բխի այս վրիպանքը: Վկայ՝ ռուս եւ ֆրանսական վէպերուն (ոգեբանական) մէջ փրկուած բարքի անտուն մթերքը։ Հոգին առանձին միութիւն մը չէ, որպէսզի զայն վերլուծելու ատեն գոհանանք իրմով։ Ինչ որ ժողովուրդի մը բարքերը կը կազմէ, այն անտեսանելի բայց տարօրէն ստոյգ ցանցն է զգայութեանց, զգացումները, որոնք այդ ժողովուրդին անհատներէն ձգուած են իբր հետք, իբր արձա/286/գանգ, միջոց-տարածութիւն յղացքը յարդարող։ Ու այսօրուան հոգին տարր չի կրնար չունենալ երէկներու, անցեալներու, հեռուներու հոգեդրութիւններէն։ Տիկին Եսայեանի այս կարգէ վէպերուն հոգեկան աշխարհը նախ լայն չափով մը կը զարտուղի իր ժողովուրդի հոգիին միջինէն։ Հոն դրուած հարցերը չեն հեղինակը այս զարտուղումին։ Սէրը, ատելութիւնը, նախանձը, կրքերը չեն փոխուիր անշուշտ երկրէ երկիր եւ կամ՝ սերունդէ սերունդ։ Բայց ատոնք դիմաւորելու կերպն է, որ զգայնութիւն մը կը դառնայ, երբեմն մէկ երբեմն աւելի սերունդներու մօտ։ 1850ին մեր գրողները այդ հարցերը ունէին անշուշտ իրենց շուրջը, կեանքին մէջ։ Բայց մտքէ չանցուցին մօտենայ անոնց արտադրումին ու ազգային երգեր, յուշեր, կրօնական յուզումներ կամ գիտական փառասիրութիւններ ախորժեցան, կարելի արուեստի մը հանելու։ Երեսուն տարի վերջը այդ հարցերը վերածուեր էին սանձակոծ, քնարատեւ փղձկումները, մեր բանաստեղծներուն համար։ 1900ին անոնք կը գտնեն բոլորովին տարբեր կերպարանք։ Տիկին Եսայեան անձնականացուցած է քանի մը հզօր վիճակներ։ Սէրը ասոնցմէ ամենէն խոր պեղուածն է, այդ վիպակներուն մէջ, բայց տրուած առանձնութեամբ մը, այլամերժութեամբ մը որ կը զարմացնեն։ Արդարեւ ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԵՐուն Արուսեակը քիչ մը աւելի «հանդերձուած» քան ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸին Ատրինէն. իբրեւ հոգեյատակ ի՞նչ ունի որ ըլլար հասարակաց երեսունէն վար կիններուն, այս դարուն սկիզբը, Պոլիս ապրող։ Այս հարցումը անոր համար չէ անշուշտ որպէսզի վէպի մը պարտքերը սահմանադրուին այս կամք այն հանգանակներուն ճնշումովը։ Ոչ ալ տարակոյսի տակ կը ձգեմ այդ կիներուն իրականութիւնը։ Ի դիտողութիւնը կ՚երթայ անոնց վերլուծումին մէջ կիրարկուած առանձնացման կերպին։ Ճիշդ է որ այս կիները իրենց դէմ այրեր ունին։ Արուսեակը պարտաւոր է կեսուր մըն ալ հանդուրժելու որ Տիկին Եսայեանի կիներու կարաւանին մէջ բացառաբար յաջող է իբր մայր։ Բայց այդ այրերը պատրուակներ իսկ չեն արուեստի գործ մը պայմանող հակազդեցութեանց։ Ամբողջ մթնոլորտը կիներու հոգեկան խռովքներուն կրկէս մը իբրեւ կը թուի յօրինուած ըլլալ։ Անոնք կը քալեն, կը գործեն, կը մտածեն, կը զգան, իրենք իրենց յոյզերուն կամ արտահանումին կամ զայրացնումին ի հաշիւ։ Ու վէպը կը դառնայ բաց դաշտ մը այդ զգացական ալիքներու արշաւին առջեւ։ Այդ կիները կրնան, ամենամեծ դիւրութեամբ ու բնականութեամբ փոխադրուիլ որեւէ մշակոյթի մէջ, այնքան անոնց ազգայնութիւնը զանցուած է, դիտումնաւոր ընդհանրացման մը համար, զոհելով /287/ նոյնիսկ անզոհելին։ Ու այս զանցումը կը կատարուի գինովը մոռցուած, արժեզրկուած բարքերուն, որոնք կը զատեն մարդերը իրարմէ։ Ամեն ընդհանրացում կը կարօտի մեծ մասնաւորման մը պաշտպանում էին։ Իմ ինչո՞ւն պէտք այդ կիներուն այդ մտածումները, զգացողութեան մէջ իրենց հասած նրբացումն ու քաղցրագին խորութիւնները, փափկութիւնները, երբ հազիւ կը հանդուրժեմ անոնց իրականութիւնը, քանի որ հեղինակում էին ուղած է այդ տարտամ ութիւնը ի շահ իր ընդհանրացման փափաքին։ Այս վերապահութիւնը չեմ զօրացներ, այդ կիներուն մերժելու համար առնուազն մարդկային իրականութիւն մը։ Բարքերու վրայ ամրախարիսխ ամէն գործ բախտը ունի իր հետ, իր կործանումէն վերջն իսկ մեր շահագրգռելու։ Այսօր ոչ ոքի մտքէն կ՚անցնի խանդավառուիլ հոգեբանական շնորհներո՜վը… Շիրվանզատէի վէպերուն, որոնք իբր այդ այնքան բարձրարժէք կը նկատումէին սանկ 1910ին։ Քսան տարին բաւ եղաւ որպէսզի այդ կեղծ փառքը խորտակուի իր իսկ ծանրութեան տակ։ Բայց ոչ ոք մտքէն կ՚անցընէ Շիրվանզադէն վտարել մեր արուեստին մեծ սպասարկուներուն կարաւանէն։ Ու ատիկա անշուշտ գինն է իր բարքերուն, այնքան խղճամիտ կերպով մը պրպտուած՝ անոր ամէն մէկ վէպին մէջ։ Տիկին Եսայեան չէ պաշտպանուած նման բարիքով մը։ Ու եթէ երբեք իր գործին մէկ մասին կորանքը այսօր վերջնական է, ատիկա ապահովաբար արդիւնքն է այս մեղքին։

Բարքերէն վերջ, վէպի մը համար տիրական արժէքներ են տիպարային որակուած մասնայատկութիւնները, որոնք մեր մարդերը կը զատեն անկնից զանգուածէն, եւ ընդունին մեր տաղանդին նկարագիրները մեղմ է իրենցմէ ներս, կըլլան վկայութիւններ, տրուած հոգեվիճակներէ, երբեմն շատ աւելի կատարեալ հարազատութեամբ, հոծութեամբ որքան ատիկա չի հաստատուիր իրական պատմականութեան մը նպաստոցն իսկ։ Այսպէս, անցնող դարուն առաջին կիսուն նկարագիրը ֆրանսացիները կը գտնեն իրենց Պալզաքին մէջ, ռուսերը՝ իրենց Տոսթոյեւսքիին մէջ վաւերականութեամբ մը, զոր քաղաքական դիւանները, արձանագրութիւնները, պաշտօնական շպատմութիւնը չեն կարող հայթայթել։ Ու կը ծագի հարցը. Ո՞րքան է բաժինը տիպարային ստորոգելիներու՝ անձերու կարաւանին մէջ, որոնք Տիկին Եսայեանի վէպերուն միջոցով ինկած են սեւեռումի։ Ու րիչ խօսքով՝ այդ մարդերը ո՞րչափով խտացած յօրինումներ են որոնց ետին բիւրեղացած ըլլան մեր հասարակութեան հզօրագոյն ցանկութիւնները, տագնապները։ Հոս, պատասխանէն առաջ, ան/288/տեղի չէ զանազանութիւնը մարդուն եւ տիպարին: Երկրորդը գրագէտի մը ստեղծումն է ուղղակի։ Անշուշտ այդ աշխատանքին համար անիկա կը շահագործէ, լայն չափով, իր շրջանը։ Երբեմն կը զանցէ զայն, ծ: ունող տալով կարելի անձնաւորութեանց. գաղափար ու ձգտումներ ասոնք, կանչուած մարմին առնելու այդ ընկերութեան մէջ (Ռաֆֆիի տիպարները)։

Տիկին Եսայեան իր ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ հատորով անհուն բազմութիւններ ու կսկիծներ սեւեռած է անխորտակելի վաւերականութեամբ մը։ Ասոնց մասին մեր համակրանքը, հիացումը տարակոյսէ վեր են։ Բայց դիտենք նոյն ատեն որ հում իրականութենէն փրցուած ու է ջերուն բերուած այդ մարդերը հեռու են երկար յղութեամբ մը գոյաւոր այն էակներէն, որոնք գրաղէտի մը գործին մէջ իյնալէ առաջ կ՚ապրին անոր մտքին, երբեմն մարմինին մէջ իսկ։ Որոնք կը նմանին հարազատ զաւակներու եւ երբեմն կը տառապեցնեն իրենց ծնողները [8] ։ Տիկին Եսայեանի կիները հարուստ են այն նկարագիրներով որոնք անոր գրականութեան, խառնուածքին ալ ազնուական մասերը տուին։ Բանաստեղծական զգայութեանց առատ մթերք մը, որոնք Պոլիսէն կու գան բայց չեն թացիկները (յիշել ԱՂՋԿԱՆ ՄԸ ՍԻՐՏԸին Բուբուլը որ հատորին առաջին մասը կ՚ընէ այնքան սուտ ռոմանթիք ու կեղծօրէն սանթիմանալ), քանի որ պաշտպանուած են ծանր տուրքովը հարազատ ապրումին։ Նրբութի՛ւնը այդ զգայութեանց, երբ իրերէն կը զատուին ու միտքէն ծագում առնող հարցերու լուրջ իրենք զիրենք կը բանաձեւեն։ Բայց մանաւանդ մտածումներու խոր ու առատ սարուած մը, որոնք հողիին մերկութիւնները կը զարդանկարեն, ու հոգեկան տագնապին շուրջը կը ստեղծեն տարօրէն քաղցր, բարի, բարձր ոլորտ մը, ժխտական հակումներն իսկ ամոքելով, մեղմելով։ Տիկին Եսայեանի տիպարները, մտածողական սա կազմածով իսկ բացառիկ են մեր հին ու նոր գրականութեանց մէջ։ Այդ մտածումներուն տարողութիւնը, արժէքը, ինքնատպութիւնը զիս չեն շահագրգռեր, ոչ թե իբր վրիպանք (հակառակն էր որ ճիշդ կրնար ըլլալ), այլ իրենք իրենց ներկայութիւնը, երբ նկատի ունիմ Արեւմտահայ գրականութեան մէկ դարը, ուր այնքան հազուադէպ է հանդիպիլ միտքին, եւ ուր մտածման արարքը կը շփոթենք, այնքան հեշտանքով իր իսկ ծաղրանկարին հետ, /289/ լրագրական իմաստութեան (ո՜վ հեգնութիւնը տարազին երբ այդ բառին կցենք նաեւ գործնականը)։ Թէ այդ միտքի կեանքը իրական է այդ ընկերութեան մէջ ուրկէ առնուած են այդ մտածումները կազմաւորող անձերը։ Ուրիշ խնդիր է ատիկա։ Տիկին Եսայեան ֆրանսացի հայ մըն էր։ Բայց հայ մը՝ քանի որ կը գրէր իր պապերուն լեզուովը։ Տիկին Տիւսաբի վարժուհիները, Կամսարականի վարժապետին աղջիկները անշուշտ շատ ավելի ցած, հաստ կապեր կը պահեն միջավայրին հետ՝ ուրկէ հանուած են։ Բայց տիպարը ընդարձակ տարազ է մէկ կողմէն նուաճելի ու հետեւաբար ամբողջ ըլլալու համար։ Կամսարականի վէպին Աստղիկը 1880 է։ Կ՚ընդունիմ։ Բայց չի կրնաք երկարիլ իր կեանքը նոյնիսկ մինչեւ 1900։ ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼին պոլսուհին ոչ միայն իր ժամանակն է (1900) այլ քիչ մը 1940ն ալ է քանի որ մէկէ աւելի են իրենպէսները մանաւանդ հիմա։

Պրկել վերլուծումը, այդ կիներէն ստանալու համար ցեղային, դասակարգային, շրջանային դերեր, թէզիսներ, քիչիկ մը սոփեստանալ է իմ կարծիքով։ Բռնանալ այդ կիներով մեզի մատուցուած վիճակներուն վրայ ու անոնցմէ ուզել ընկերային բլատ-ֆորմներ, ուրիշ անիմաստութիւն։ Պարզելու ճիգ մը, որ ձգտէր միութեան բերել այդ կիներուն առանձնական յատկանիշները, ու երեւան հանել տիպարը, հոմանիշ է ծանր եթէ ոչ աւելորդ պահանջկոտութեան մը։ Զանոնք նկատել հեղինակուհիին մարմնաւորութիւնները, գրական եղանակ մըն է, ո՛չ աւելի ոչ պակաս։ Անոնք փշրանքներ կը պարունակեն վաւերական մարմիններէ, բայց կ՚արժեն իրենց շէնքովը։ Անոնք մասնիկներ են մտածումներու, որոնք արթնցան Տիկինին ուղեղին մէջ, իր բազմամեայ փորձառութեանց ընթացքին, մարդերէ, վիճակներէ, թերեւս տռամներէ։ Այն ձեւին մէջ որով անոնք առարկայացած պահուած քանդակներ են։ Ու ասիկա շահն է ազգային հարստութեան։

Տիպարային պահանջները վերածելով իրենց պարկեշտ իմաստին, կունենանք մէկ քանին այդ էապէս սրտառուչ արարածներէն որոնք մեր համակրանքը, երբեմն արցունքը, միշտ մեր շահագրգռութիւնը իրենցը կ՚ընեն։ Անոնց դժբախտութիւնները, նկարագրին թերացումները, անկումները մեզ կը յուզեն ու կ՚ընեն իրենց՝ ինչպէս հանգիտաբար մեզի դէմ մեղմ, ներողոգի արուեստի գործէ մը սպասելի գերագոյն մխիթարութիւնը։ Անշուշտ անոնց տեսակարար արժէքը բարձր է չափազանց, որպէսզի զանգուածին ալ ըլլային մատչելի։ Բայց նման պահանջ մը նոր է որ կ՚ախորժինք բանաձե/290/ւելէ։ Միջակէն վեր ուղեղ մը միշտ պիտի սիրէ այդ կիները. անոնց մեղքերէն անդին, անոնց լրջութեան, խորութեան, միտքին ճոխ շնորհքներուն, մանաւանդ սիրտի անսպառ ջերմութեան համար. յատկութիւններ որոնք մեր օրերու կիները քիչ կը գտնեն։ Չմոռնալ որ անոնց յօրինման ատեն դեռ մեր հոգին կանգուն ուժ մըն էր մեզմէ ներս։ Ու մեզմէ դուրս՝ արժէք։ Այսօր մեր տանտաղոսին խորը չենք կրնար ճշդիւ գնահատել զանոնք, մենք՝ կիներ կամ այրեր, հաւասարապէս տառապող, նոյնիսկ հացին հասարակ տագնապէն զերծ վիճակի մը մէջ, քանի որ Տիկին Եսայեանի գրականութիւնը կ՚ենթադրէ իմացական բարեխառնութիւն, զգացումը՝ կարգ մը արժէքներու, հոգեկան կեանքի հարստութիւն. բաներ՝ որոնք մանաւանդ հիմա հալածական են մեր հետաքրքրութեանց շրջանակէն։ Սփիւռքին մէջ անոնք որ, մտքի որոշ պատրաստութեամբ, պիտի ախորժէին իրենց քանի մը ժամերը յատկացնել իմացական վայելքներու, անգլիական կամ ֆրանսական թեթեւ գործերուն վրայ կը սպառեն զանոնք, ու կը հեռանան իրենք իրենցմէ։ Չեմ խօսիր մեր վէպերուն բախտը վճռող զանգուածէն որ կէս դար առաջ կը համախմբէր մեր բոլոր կարդացողները եւ իր համակրանքովը կը պաշտպանէր արուեստագէտին տագնապը, որ մեր մէջ լուրջ է չափազանց, ըլլալով ենթակայ ահաւոր ճնշումներու։ Քառորդ դար առաջ, մեր կիները այսօրուան պէս չէին տառապեր, նախ հոգի մը ճարելու դժուար աշխատանքէն։ Կար այդ հոգին իրենց շուրջը, արդիւնք քանի մը դարերու յեղաշրջման։ Հայ ընտանիքը, գէթ այն որ Տիկին Եսայեանի գործին մէջ կը պարզէ որոշ կողմեր, իրականութիւն մըն էր: Այսօր այդ ընտանիքը անորակելի համախմբում մըն է։ Սփիւռքի մեծ կեդրոններուն մէջ անոր պարզած պատկերը վեր է մեր երեւակայած ձեւերէն։ Ու իր բնական փոքրութեանց հետ պարտավոր է քարշ ածել միջավայրերուն ալ բեռները։ Ֆրանսայի մէջ անիկա ուրիշ բան է բոլորովին, քան այն ամուր հանգոյցը որ պայմանաւոր էր առնուազն տասը միաւորով, որոնցմէ 5—6ը քսանէն վար։ Տեսայ մեր գեղացիները: Բարեկամներ, աշակերտներ, տարագրութենէն ազատած, բայց սահմանուած մահուան, քաղաքներէն ամենէն ազատին մէջ։ Ընտանիքը իջեր էր իր պարզագոյն եզրին երեք միաւո՜ր։ Ու այդ երեքն ալ իրենց կեդրոնախոյս ուժերուն բոլոր մեղքերովը վիրաւոր։ Ընտանիքը հոն շաբաթը մէկ անգամ միայն կ՚ամբողջանար, սմսեղուկ պտոյտի մը մէջ, քաղքէն փախչելու բնազդական շարժում։ Երիտասարդութիւնը՝ իր հաճոյքներուն ետեւէն։ Ու ծերերը՝ մեռնելու համար մերժելով հա/291/սուննալ։ Այս պատկերը կ՚ենթադրեմ թէ քիչ մը նոյնն է ամէն տեղ։ Այլեւս արուեստը, նման ընկերութեան մը համար չի կրնար ունենալ այն իմաստը որ իր իրաւունքն էր քառորդ դար առաջ, իր պարտքը՝ հոգիներու միօրինակ դրութիւն մը ստեղծելու եւ վարելու։ Տիկին Եսայեանի տիպարները չեն խօսիր այդ մարդոց։

 

Բայց ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ հատորին ամբո՞խը։

Առանց գրական յօրինման մը անխուսափելի շպարին, քաւարանեան սա բազմութիւնը աղէտէն քառսուն տարի վերջ ալ կը պահէ անհաւասարելի կենդանութիւնը, իրականութիւնը, մարդկայնութիւնը, որոնք երբեք հանդիպուած ըլլան մեզմէ, մեր որեւէ գիրքին մէջ։ Չեմ վերլուծեր պայմանները, թէեւ կարիքը կը զգամ ատոր, թարմացնելու համար ամէն ինչ որ մեր սերունդը [9] ապրեցաւ: Այդ հատորին ամէն մէկ էջին մեր ժողովուրդէն մաս մը կայ զինքը կազմող բոլոր միութիւններէն։ Մանուկը, աղջիկը, երիտասարդը, ծերերը, չափահասը, կոյրը, մուրացիկը։ Ու տարօրինակը հոն է որ զանգուածը, քիչ անգամ ընդունակ արուեստի բիւրեղացման, այդ հատորը կը գրաւէ, իր միօրինակութիւնը ամէն րոպէ նորոգելով։ Այս է պատճառը թերեւս որ հոն լացող, աղօթող, կախուող, ոռնացող, խենթեցող, այրող ու հերոսացող բազմութիւնը անդադար հոսի մեր առջեւէն։ Բայց չնմանի կանխողին ինչպէս յաջորդին։ Արուեստի processus մը ըլլալէ աւելի կեանքի մէկ պատրա'նքը՝ որ թուղթի վրայ երբ կը փոխադրուի, մեզի կը թուի քիչ մը տարօրինակ է, բայց որ մարդոց ոտքին տակ, հողերուն վրայ, իրականութիւնն իսկ է անհերքելի։ Որեւէ վերլուծում չի կրնար փոխանորդել գիրքին զգայնութիւնը։ Ու աս ալ ուրիշ արժանիք։ Այդ հատորին մէջ ամբողջ Ժողովուրդ մը կը մնայ ընդմիշտ ազատագրուած ժամանակէն ու միջոցէն։

* * *

/292/ Կա՞յ, Տիկին Եսայեանի վէպին մէջ գաղափարաբանութիւն մը, յստակ ու կարելի եղած չափով լաւ մշակուած, ինչպէս կ՚ըլլայ գործին մէջ ամ էն մեծ արուեստագէտի։ Ի՞նչ է իր կեցուածքը հարցերու հանդէպ որոնք իր ժամանակը կը յուզեն, սէր, հայրենիք, արուեստի հանգանակներ, ընկերային դաւանանք, յիշելու համար քանի մը բաժանումներ, արուեստագէտի մը գործին մէջ տարտղնուած:

Հարցումը անոր համար, վասնզի Արեւմտահայ գրականութիւնը շատ քիչ չափագրգռութիւն կ՚ընծայէ առ հասարակ մտածողական արարքին դէմ, զայն կամովին չփոթելով տպաւորութիւններու հանդէսին հետ որ ուրիշ բան է։ Չեմ մեղադրեր զայն իբր անսիրող իմաստի, դեռ Խորենացիին, Փարպեցիին իսկ օրերէն բանաձեւուած անոր դէմ։ Ստոյգ է որ մեր լրագիրը, խմբագրական ճարելու իր մոլուցքին մէջ, լափած է մեր մտքին կարելի ընձիւղները իմաստէ։ Ու իմաստասիրող միտքը մեզի համար անծանօթ հրաշքն է։ Այնպէս որ կը հրաժարիմ հարցը փորձի ենթարկել է մեր ամենէն մտածող սա գրագէտին գործին մէջ։ Ու կը բաւականանամ հետեւելու իր վէպին համար իմաստի բարեխառնութիւն մը ճարող իր մտածումներուն ուրուագրումին։ Ատկէ առաջ աւելորդ չէ դիտել տալ որ այդ բարեխառնութիւնը բարիք մըն է իր աշխարհին համար. լայնօրէն փոխարինող վրիպանքները գործողութեան, տիպարային յօրինողութեան։

Իր վէպերուն (հոգեբանական) յատակը, ենթահողը՝ այսպէս ըսելու համար յաւիտենական զգացումն է, արեւմտեան վէպին ամենէն մեծ մոթիֆը, սէրը։ Հարկ չկայ, յստակութեան համար, զայն ենթարկել տեղագրական ուսումնասիրութեան։ Իրողութիւն է որ Տիկին Եսայեանէն առաջ այդ զգացումը մենք կը հաստատենք առաւելապէս մեր քերթողներուն մէջ. մինչ մեր վէպը կենցաղական ծրագիրներ, երբեմն վարդապետական դերեր, աւելի յաճախ բարքերու շուրջ սեւեռումներ կը հետապնդէր։ Տիկին Եսայեանի վէպը ամէն բանէ առաջ սիրային աշխարհ մըն է, ուր մուտք ունին քանի մը դերակատարներ, կանչուած՝ այդ զգացումը զարգացնելու միջակ խտութեամբ ու գոլորշիով կեանքի մը դարձուածքներուն ընդմէջէն։

Ի՞նչ է այս կիներուն ուզածը իրենց ընկերներէն (partenaire)։ Ինչո՞ւ կ՚ատեն կամ կը սիրեն զանոնք։ Այս հարցումներուն պատասխան ճարելու համար կեանքը յաճախ կը զարնէ մեր բերանը։ Վէպին /293/ մէջ այդ հարուածը կ՚ուրուանայ բայց չիջներ։ Ատ է պատճառը թերեւս որպէսզի Տիկին Եսայեանի հերոսուհիները իրենց զգայնութիւնը այդքան կատաղութեամբ կը ձգտին ազատագրել։ Սէրը բիւրեղացած զգայնութիւն մըն է, անշուշտ ոչ միշտ, քանի որ աւելի յաճախ բիրտ ձայն մըն է մեր միսերէն յառնող։ Այդ կիները, իրենց իսկ ստեղծած կրկներեւոյթին հաւատալու համար կը դիմեն ուրիշ ալ պատրանքներու։ Կ՚ատեն նախ քան սիրելը, ու իրենց մէջն է զսպանակը զգացումին զոյգ երեսներուն։ Մինչ մեր վէպին հերոսուհիներուն համար այդ զսպանակը միշտ դուրսէն կը գործէ (դրամ, դիրք, փառասիրական հաշիւներ, գէշ դաստիարակութիւն, ռոմանթիզմ եւայլն) Տիկին Եսայեանի հրապարակ դրած կիները չէին կրնար ուրիշ կերպ ապրիլ։ Լուրջ, խստաբարոյ, պատուական, կորովի, առնական շնորհներով օժտուած փաստաբան Միքայէլեանը (ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ) ոչ մէկ կերպով արժանի է այն բախտին զոր իր կինը պիտի բանայ իր գլխուն։ Բժիշկի մը հետ ասոր տկարացումը անակնկալն է որքան իրաւը, այսինքն կեանքին կարգադրածը։ Ո՞ր սատանան կը միջամտէ որպէսզի իր զաւակներուն սիրովը առնուազն պաշտպանուած սա կինը գլխիկոր թաալի իր մտապատկերին ծոցը, ու անցնի անդին, ընկերութեան մեզի պարտադրած բոլոր սահմաններէն։ Չունինք պատասխան թուղթին ինչպէս կեանքին վրայ։ Բայց այս երանութիւնը պէտք է ճանչնալ վիպակին հարիւրի մօտեցող էջերէն ներս, որոնք բոլորն ալ մասերը կու տան այդ ոսկեդարին որ կնոջ մը մէջ սիրոյ երազանքին կը յաջորդէ, վաղանցուկ որքան ողբերգական, քանի որ յաճախ կը վերջանայ արեան, ատելութեան, կործանումի, մահուան մէջ։ Բայց մինչեւ այս յանգո՞ւմը։ Ու Տիկին Եսայեան մեր մէջ առաջինն է որ այդ ճամբան յաջողի պատկերել, հոգիի պատերու այնպիսի ներդաշնակ, կարօտաքիւծ, արդար տողանցով մը՝ որ կը մոռնանք անդունդը, ուր կը դիմենք ու կը յամենանք։ Այս կախարդուած ճամբորդութեան մէջն է միայն իրական հրապոյրը իր վէպին, վասնզի ամէն դարձուածքի, ամէն հորիզոնի նորոգման մենք դէմ դէմի կու գանք ինքիր վրայ յօրինուող զգայնութիւններու, մտածումներու, զգացումներու շամանդաղներուն, արագ, նոր, գունագեղ ու րոպէական ինչպէս հրթիռն է մեր հոգիին մութին վերեւ բացուող ու մեռնող։ Անգամ մը այսպէս տառապելէ յետոյ, սա մայր զգացումը պէտք չենք տեսներ ընդունելի ընելու ուրիշներուն, ենթարկելու իրաւունքի կամ բռնութեան հինցած օրինագիրքին։ Տիկին Եսայեան իր սեռին փաստաբանը չէ կեղեքող այրերու ընդդէմ։ Ծիծաղելի պիտի ըլլար նման կեցուածք մը։ Աւելի՜ն։ Իր մարդերը /294/ աւելի դժբախտ են, իրենց հոգեկան տանտաղոսին խորը։ Ու ատով աւելի արգահատելի։ փոխադրել վէպէն դէպի կենդանի իրականութիւնը սա ճակատումը՝ ըսելն է պատմութիւնը սիրոյ տռամներուն մեծագոյն մասին։ Ու մեր զգացումները յաճախ զերծ են մեր մտածումներուն հակակշռէն։ Իր մօտ սէրը հիներուն ծովն է, ուր սիրտը նետուած է լողալու։ Ու այդքան։ Երկու երեք վիպակի մէջ սա ըմբռնումը, գրեթէ նոյն արտայայտութեամբ, մթնոլորտ մը կը դառնայ։

Այդ տողերէն վերջ, կը կարծեմ թէ աւելորդ է բանաձեւերու կառչիլ, կամ անոնց ստեղծումը հետապնդել։ Ճակատագրապաշտ ըմբռնում մը, զոր մեր միտքը կը յղանար սակայն, քանի որ ան մեզի կու գայ արտաքնայարդար։ Հեղինակը կ՚անտեսէ գրեթէ զգացումին շուրջ թարմատար աշխարհը, ուղղակի նետուելով տռամին իսկ սիրտը, մէկ անգամէն, ու վարելով զայն պայծառ խաղարկութեան մը նման. կարելի եղածին չափ քիչ թատերական, խռովայոյզ, քանի որ նուիրական զգացումին ինչպէս սովոր է զայն անուանել, նկարագիրն իսկ է նախ ինքը իրեն համար աճիլ, տիրապետել եւ յետոյ իր անդրադարձներուն գինովը դառնալ վտանգաւոր, «մահացու»։ Բոլոր սիրողները անցեր են սա ճամբէն։ Տիկին Եսայեանի վէպին մէջ այդ զգացումը տիրական իրողութիւնն է, գրագէտին միւս մտահոգութիւններէն գերակայ։ Կրնաք ԱՂՋԿԱՆ ՄԸ ՍԻՐՏԸ վէպին Բուբուլը հասկնալ, առանց այդ զգացում էին, այդքան այդ կնոջ մէջ թեթեւ, արտաքին կողմերը հզօր են քաշուած որպէսզի բաւեն իրենք իրենց։ Վէպին պոլսական բաժինին մէջ անիկա հարազատ յիմարն է, թերեւս փոխադրում մը աղջկայ զգայութիւններու։ Ու 1885ին աղջիկները փեսացուներու երազը կապրէին, իրենց սէրերը ապրելու չմտածելով անգամ։ Վէպին գաւառական մասին վրայ բարքերու հրաշալի յատակի մը մէջ նուիրական զգացումը» կարօտանայ, կը նահանջէ ու «կը դադրի ինքիրէմէ»։ ՎԱՐԺԱՊԵՏԻՆ ԱՂՋԻԿԸին Աստղիկը իրաւ, սրտայոյզ զոհ մըն է, «զգացում ինչ գրեթէ օտար ազդակներու։ Տիկին Եսայեանի համար այդ զգացումը ամենազօր, գրեթէ աստուածային իրաւունք մըն է, ստորկացնող որքան ազատագրող։ Ու ֆրանսական ռոմանթիզմին մէջ անոր ճարած բացարձակութիւնը իրմով փոխադրուած է մեզի։ Բայց որուն եղերականութիւնը շօշափելի գոլի մը նման կը փաթթէ մեր մարմինը, արեւելքին յատուկ արեան ու կրակի համերով։ Նոյնիսկ հոն ուր է ջերը քիչ են տրամադրուած (ԵԱՇՄԱԳԸ), Տիկին Եսայեանը կերպը կը գտնէ պատկերներու պատի մը վրայով մեզ հաղորդ ը/295/նելու այդ անուն եղերականութեան նախավայելքին։ Համբաւաւոր ուրիշ կտորի մը մէջ (ԱՇՈՒՂԸ) այդ զգացումը երգ մըն է, որ շոգիացած, թափանցող մեր կուրծքը բռնի պատռտող ուժ մը կը դառնայ, իրական համովը, զգայութիւններու հանդէսով մը որ մեզ կը տապալէ։ Նոյն է պարագան ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿին մէջ։ Հոգեբանական վիպակներուն մէջ անիկա այլամերժ ամբողջութիւն մըն է, բայց, ինչպէս ըսի, կը նմանի ծովու մը։

Ինքնաբաւ, բռնաւոր, այդ զգացումը կոյր է մեր բոլոր ուժգին հակումներուն նման ու եթէ պիտի յանգի գրեթէ միշտ պատրանքի եթէ ոչ աղէ տի, ատիկա անոր համար՝ վասնզի մեր ճակտին գիրն է ըլլալ ոչ թէ մեր ուզածը (արեւելքի մէջ սիրտերը այսպէս են լինուած, ինչպէս ժողովուրդները), այլ յաճախ մեր ատածը։ Տիկին Եսայեանի իմաստութի՛ւնը՝ այդ դասաւորումը չտանիլ ռոմանթիզմի։ Ոչ ոք մեր մէջ իրաւասու էր Ժորժ–Սանեան սիրախտը պոլսական զգայութիւններով վարդաջրելու եւ գրելու գիրքեր, որոնց բախտը կիները կ՚որոշեն, կորոշէին 1870ին։ Անիկա չվարանեցաւ ճիշդ հակառակը ընել։ Իր վէպերը չանցան սահմանափակ ընթերցողներու խումբէ մը անդին, վասնզի կը լռէին ինչ որ զանգուածը վարժուած էր գտնելու թերթօններէն, ու կ՚ըսէին խոր, մթին, ծփուն հեւքեր, դիւրասահ ու փախչող։

 

Առանց որոշ արտաքինի մը ճնշումին (մեր վէպին կիները նկարներ են յաճախ, մեծ ախորժակով մը թուղթին նետուած։ Զօհրապին մէջ անիկա միշտ քանդակային գիծերու, միսի շերտերու հանգոյց մըն է), առանց իմացական ճոխ շնորհներու բեռին, քիչիկ մը առհաւութեամբ, շատ չափէ մը արեւելքով, ժուժկալ ու ոչ նենգ զգայարանքներով բայց լայն, մեծ, արձակ հոգիով կինն է որ ի վերջոյ միջին մը կը դառնայ անոր վէպերուն ընդմէջէն։ Ու կինը սէրն է գրեթէ, լռուած իր միւս կողմերուն վրայ։ Արտաքին աշխարհի զգայութիւնները անշուշտ կը միջամտեն բայց ունին իրենց սեպհական ճամբան, ոճ մը թելադրելու չափ հարազատ։ Պոլսական տեսարաններ են ասոնք ու հազիւ կը ճնշեն վէպին գնացքին։ Այդ կինը ազգային որոշ գիծեր կը պարզէ ոչ—յաջող յօրինումներու մէջ (ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻՐԵՐ, ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿ, ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ եւայլն), բայց ձերբազատուած էակն է, իր իսկ հոգիովը իրական, ատկէ դուրս ոչ մէկ հետաքրքրութեամբ՝ յաջողակ յօրինումներուն մէջ (ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸ, ՀՈԳԻՍ ԱՔՍՈՐԵԱԼ, ԱՆՁԿՈՒԹԵԱՆ ԺԱՄԵՐ, ՍՊԱՍՄԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ)։ Մօտեցայ, կանխող էջերուն մէջ, այս վերջիններով սեւե/296/ռելի տիպարի արժէքին։ Անոր հազուադէպ ըլլալը բան չի պակսեցներ անոր մարդկայնութենէն։

Այդ զգացումը զերծ է սակայն անասնական այն բռնութիւններէն, ախորժանքներէն, որոնք մեր գրականութեան այդ շրջանին (1900) գահազուրկ ըրին զայն ու իրագործեցին փարատոքսը՝ տան տէր դառնալու։ Շրջանն էր թացիկ մարմներգութեանց, համեմակուռ պոռնկագրութեանց, քնարական պատմուճանին տակ զզուագին մերկութիւներու վաճառանքին։ Կ՚անցնիմ։ Տիկին Եսայեան ամօթխած հեղինակ մը չէ անշուշտ, բայց չըրաւ շահագործումը իր գիտցածներուն, փորձառութիւներուն։ Իր կիները, հիւանդ, առողջ, փառասէր, խելագար, նոյնիսկ ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿին հրէշայնացած Աննիկը, ազնուական, առնուազն ոչ-գռեհիկ հովի մը մէջէն կը քալեն դէպի իրենց ատելութիւնները։ Ու երբեք չեն իյնար անխուսափելի հասարակութեան մէջ, որ քաղքենի կնոջ ճակատագիրն է փոխառիկ քաղաքակրթութեանց մէջ, որպիսին էր մեր Պոլիսը, այս դարու սկիզբին։ Զգացումը «մաքրելու», «բարձրացնելու» սա դերը բարեբախտաբար վարդապետութեամբ, ընկերային լպրծուն գաղափարաբանութեամ ու մըն ալ չէ սոփեստացած։ Ի՞նչ անտանելի են ՄԱՅՏԱյին անդաճմունքները, Հիւկոյէն փոխադրուած պոլսեցի կնոջ մը օրագրին։ Տիկին Եսայեանի վերլուծումները, դատումները, մարդոց արարքները իրենց զսպանակներուն վերածելու ատեն հանած եզրակացութիւնները կը զգաս որ նիւթէն կը բխին, անձնական հակազդեցութիւններ են, կեանքին աղտէն ու մուրէն իր ջիղերուն վրայ իրենց դիրտը դրած դառնութիւններուն կերը։ Ու բախտ է որ այդ ամենուն հետ անոր հոգեղէն յօրինուածութիւնը յաջողի պահել առողջ, չըսելու համար բարձր բարեխառնութիւնը։ Ու բախտ է որ ոչ մէկ վէպի մէջ այդ զգացումը մեզի չներկայանայ գիրքի մը, թանձր հաճոյքի մը, հաստ գոհացման մը ընթացիկ հանդէսով։ Ու ամէնքս ալ գիտենք թէ այն տարիներուն համար որոնք մեր քսանը կը կապեն քառսունին, այդ հանդէսը քիչ անգամ կը պարզէ ուրիշ բան, քառսունէն վերջը հետզհետէ առնելու համար իր եղերականութիւնը երբ մեր զգայարանքները կը խօթանան բայց մեր մանկութիւնը, մեր զգայնութեանց խտութիւնը աւելի կը զօրանան մեզմէ ներս ու տարիքէն փոխուածները կրկին անգամ կը կոխոտեն իրենց անկարելի ախորժակներով։ Այն ատեն, ե՞րբ են, որ տեղի կունենան մեր տագնապները որոնք գիրքերուն մէջ այնքան բնական կը թուին բայց կեանքին վրայ այնքան դժուար ու տարբեր կ՚իրանան։ Տան մը ծածքին տակ աճող կեղտ որ պիտի ուտէ փոխն է փոխ զոյգ /297/ մեծ բջիջները ու պիտի փոշիին մէջը թաղէ իր աղբին՝ քաղցր հոգին կնոջ մը կամ երիտասարդի մը. ե՞րբ կը չարանայ, բառին տալով բժշկական իր առումը։ Հարցուցէք բայց մի կենաք։ Վասնզի ինչ որ տան մը ծածքին տակ մենք կը դնենք սովորաբար, շատ աւելի թշուառական բան մըն է, անկանգնելի տափակութիւնը, օրուան սնոտիքին մէջ ծրարուելու ու հեռու նետուելու արժանի։ Այս մտածումները ներկայացան ինծի երբ նորէն աչքէ անցուցի իր վիպակները, անոնց տակը շրջան ընող իմաստութիւնը զատելու համար կեանքէն իմ սորվածներէն։

* * *

Տիկին Եսայեանի ծաւալով ամենէն ընդարձակ վէպը ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ, կը զբաղի մեր սերունդին համար կենսական հարցով մը. մեր հայրենիքին ազատագրութեան կսկծագին հարցն է ատիպ կա։ Աւելորդ է ապացուցանել ջանալ թէ մեր նոր գրականութիւնները երեք սերունդի ճիգ ու կորով են վատնած այդ հոգեվիճակը ստեղծելու, հրահրելու, զանգուածներուն հասողութեանը առաջնորդելու համար։ Մեր քերթողութեան ու մեր վէպին ամենէն վաւերական աշխատաւորները վկայ են այդ ձգտումին։ Տիկին Եսայեան, պատերազմէն վերջ, լրագրական գործունէութիւն մը ունի իր անունին արձանագրած։ Անով պիտի զբաղիմ աւելի անդին։ Վէպի գետնին վրայ, ի՞նչ է իր կեցուածքը մեր ազատագրութեան հարցին դէմ։

Պատասխանը չէ տուած ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐը [10] ։

Հոն մարդեր կան որոնք ներհակ գաղափարաբանութիւններու փաստաբաններ են։ Անոնց իբր վէպի հերոս յօրինուածութիւնը հոս դեր մը չունի։ Երուանդ մը կայ հոն որ չի գիտեր թէ ինչո՞ւ կամաւոր կը գրուի, երբ հեղինակէն շատ աւելի պայծառ էին իրեն համար իր շարժառիթները։ Ի՞նչ բան է զսպանակը սա անստուգութեան որ հոգեվիճակ մըն է, քիչ մը աւելի ընդարձակ, տարածուելու չափ փաստաբանները, կուսակցական լիտրներու, վարժապետներու (սա արհամարհական ճա'ռը, ետքէն ճարուած հանրածանօթ գործիչ մը ծաղրելու անվայել դիտումով) մտայնութիւնները մինչեւ։ Եղա՞ն, /298/պատերազմի սկզբնաւորութեան այդ սակարկութիւնները, յիմարութիւնները, իմաստուն զգուշաւորութեան մը կոչերը, մանաւանդ հայ դատը բանախօսութեանց հարկին ենթարկելու ոճրային դիտումները։ Եթէ այո՛, այն ատեն մենք արժանի էինք մեր բախտին։ Բայց արուեստի գործ մը աւելի է կուսակցական հակաճառութեան փաստ կամ հակափաստ ծառայելու անփառունակ ճակատագրէն։ Ու ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐը արուեստի գործ մըն է հաշուեյարդար մը ըլլալէ առաջ։ Հոն գործող հերոսներուն մտայնութեանց վերլուծումը չէ գտած հանդարտ առարկայականութիւնը որ անոր հոգեբանական վերլուծութեանց տիրական հրապոյրը կազմել էր կանխող վէպերուն մէջ։ Պատերազմէն վերջ, մեր յուսախաբութեանց սեւ լոյսին ընդմէջէն ուրուացող այդ դատումները որո՞ւն են սակայն։ Անո՞ր՝ որ ապրեցաւ իր ցեղին վրայ գործադրուած ամենէն անաստուած եղեռնը, երբեմն իր իսկ մորթին վրայ զգալու աստիճան ոճիրին կլափը։ Որ Կիլիկիոյ սպանդը ապրեցուց մեր գրականութեան մէջ անհաւասարելի ուժգնութեամբ դրուագումով մը, ու տեսաւ ինչ որ շատ քիչ աչքերու էր վիճակուած տեսնել։ Թէ՞ անոր՝ որ մեր կործանումը ուրիշներու ուսին, պատասխանատուութեան նետելու աճապարանքը ներէր իրեն. չգրելու համար աւելի տրտում շարժառիթներէ։ Ո՛րն ալ ըլլայ հեղինակը այդ երկուքէն ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐուն, Տիկին Եսայեան չազատիր չմտածելու մեղադրանքէն։ Անոր հայրենասիրութիւնը ինծի համար դուրս է կասկածէ (հակառակը անմարդկային պիտի ըլլար), բայց անոր վերջաuտաց իմաստութիւնը անհաստատ էր բաւական, ոչ միայն վէպին մէջ այլ եւ կեանքին վրայ։ Ինծի համար, սա տողերը գրած պահուս, հզօր է ցաւը իր անհետացումին ոչ միայն մեր գրական հրապարակէն, այլ եւ շատ հաւանաբար քաղաքական ալ հրապարակէն։ Ու ողբերգականը ան է որ այս ժողովուրդին միտքը կը դաւէ իրեն, իր մարմինէն առաջ։

Արուեստի մասին իր գաղափարները տեսնել աւելի անդին։



[1]     Բոլոր ճշմարիտ վիպասանները իրենց աշխարհին (արուեստի) իրականութիւնը շատ աւելի խոր ու իրաւ կը պաշտպանեն որքան պիտի չընէին ատիկա այն աշխարհին համար որ զիրենք կը կրէ։ Անոնք իրենց գործերուն հերոսներուն աշխարհը կը վերածեն իրենց իրականութեան ու կ՚անցնին մեր աշխարհէն, գրեթէ միշտ օտարականի մը, տարագրի մը հոգիով։ Պալզաք, Տասթոյեւսքի, Թոլսթոյ, Ֆլոպէռ, Ռաֆֆի, մարդեր են որոնք կեանքէն դուրս ապրեցան: Իրենց դժբախտութիւնը՝ ատոր չհաւատալը։

[2]     Պատերազմէն վերջ, սփիւռքի զանազան կեդրոններուն մէջ Արեւմտահայ գրականութիւնը ճիշդ բան չէ տեսնել այն չափերով, հանգանակներով, որոնք իրենց արդարացումը ունին երբ կը գործածուին 1850-1914 ժամանակաշրջանին համար, Պոլիս: Այնպէս որ արեւմտահայ վէպը իր շրջափոխութիւնը լրացուցած կը նկատուի արդեն այդ երեք անուններուն եւ նման քանի մը այրերու գործին հետ: Արդարեւ, Փարիզ, Ամերիկա, Եգիպտոս, կը գործած են Արեւմտահայ գրականութեան գործիքը միայն, բայց կ՚ընեն գրականութիւն մը որ ոչինչ ունի պոլսական։ Լեզուն, առանձին, չի կրնար գրականութիւն մը փոխարինել։ Մեր վէպը, քսան տարիէ ասդին ըրած է այլապէս մեծ նուաճումներ, որոնք օտար շփումներու, միջավայրերու հարկադրանքը ըլլալնուն չափ, մեր կեանքին մէջ մուտ գտած նոր ազդակներու, գրական նոր ձգտումներու փաստեր են։ Այսպէսով է որ Ամերիկայի մէջ անիկա հետապնդեց գլխաւորաբար պահպանողական բարձր նպատակներ, ջանալով կորուստէ փրկել ամբողջ զգայնութիւնը անհետանալու սահմանուած սերունդի մը ու ըրաւ անգնահատելի ժառանգութիւն մեր հոգեկան գանձարանին։ Համաստեղ, Նուրիկեան, Վահէ Հայկ, Արամ Հայկազ, ու տակաւին անոնք որոնք մեր անցեալը սեւեռեցին, մեր երախտիքէն անդին կը մնան։ Փարիզի մեր տաղանդները իրենց ուշադրութիւնը դարձուցին իրենց անմիջական շրջապատին ու հոն իրենց պարզուող ողբերգութիւնը իրենց ցեղին՝ նիւթ առին իրենց գործին։ Երկու կեդրոններն ալ Պոլիսին լեզուն միայն ունեցան, բայց ոչ՝ ոճը։ Ասիկա է որ կը ստեղծէ շփոթութիւն դատումներուն մէջ:

[3]     Խմբագրեց խորհրդահայ թերթ մը, ԵՐԵՒԱՆ։ Ատկէ առաջ ԱՐԵԳի մէջ (ուրիշ խորհրդահայ պարբերական մը, Վիեննա եւ Պերլին լոյս տեսած) հրատարակած է մեծ վէպ մը ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ, նոյն ոգիէն վարձուած։ Գրական դատումներ, պոլսական նկարագրով, շեշտօրէն գունաւոր խորհրդահայ ըմբռնումներէ, անշուշտ չելան աղաղակող այն հակասութեան որ հերքումը իսկ պիտի նշանակէր իր արուեստին։ Բայց ոչինչ աւելցուցին իր վարկին։ Մեր քննադատութիւնը իրմով բանավէճին դժբախտութիւնն ալ կը դիմաւորէր, անբաւականութենէն վերջը։

[4]     Նոյնիսկ անանձն վիպումը իր մօտ ենթակայ եղաւ այս զանցումին։ Բացի ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐէն, որ բացառիկ է իր գործին մէջ, շատ զօրաւոր իր humeur-ին, չարութեան մօտեցող իր հեգնութեանը համար, ԵՐԲ ԱՅԼԵՒՍ ՉԵՆ ՍԻՐԵՐԸ, ՔՕՂըն, ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐԸ, ՇՆՈՐՀՔՈՎ ՄԱՐԴԻԿը, այսինքն տիկինին գործին գրեթէ ամբողջութիւնը, իբր ծաւալ, մեզ կը մտնեն շփոթութեան այն մեծ տարօրինակութեամբ որ անձին անուղղակի մուտքն է հեղինակին, վիպական գործողութեան մը մէջ: Տիկին Եսայեան իր հերոսուհիները չի յօրիներ անշուշտ իր կաղապարովը, բայց չի յարգեր անոնց անձը ու կու տայ անոնց զգայնութենէն երբ անտեղի էր ատիկա: Պոլսական շատ թիմիք զգայնութեանց կ՚ակնարկեմ որոնք իր մօտ արդար (վասնզի արեւմուտք ապրողի մը համար Պոլիսը գրեթ է exotique աշխարհի մը կը վերածուի շուտով) բայց իր պոլսուհիներուն համար, շատ են:

[5]     Թերեւս աւելորդ չէ հոս յիշել այն միւս ալ փաստը որուն համեմատ այդ վէպը կը փորձէ վերագտնել իր երբեմնի ուրացածը, բարքերու համադրումը, գէթ ինքզինքը բարքերու ուսումնասիրութեան դաշտ մը նկատելու դիմումը, պատերազմէն վերջ, ամերիկահայ հանդէսի մը մէջ («Հայրենիք»), պայծառ կերպով բանաձեւուած։ Յիշելու համար երկու զօրաւոր անուններ, Համաստեղ եւ Կոստան Զարեան, բաւ էն ինծի ասոնց ծրագիրներու խորութիւնն ու լրջութիւնը։ Վրիպանքը (երկուքն ալ ձախողած են իրենց մեծ վէպերուն մէջ բայց ունին իրենց համար արդար փառքը ճիգին) նման չէ Տիկին Եսայեանին, պոլսական վէպին, պատերազմէն առաջ, քանի որ արդիւնքն է տաղանդի իսկ նկարագրին։ Առաջինին մէջ պատմող մը, որ վիպողը չէ միշտ. երկրորդին մէջ իմացապաշտ, հեգնող (virtuose) վիրթիւօղ մը (բառերու եւ պատկերներու) որ վիճակները պիտի վերակերտի համաձայն իր ոսպնեակին. պիտի չներէ ուրիշներու իրենք զիրենք ըլլալ։ Բայց այս վերապահումէն անկախաբար, երկուքին համար ալ վէպը լուրջ արարք մըն է, մեր իրապաշտներուն կողմէ ըմբռնուած տարողութեամբ մը։

[6]     1915ին, ամրան, կը յիշեմ իրեն տուած վերջին այցելութիւնս։ Իր ընկերները տարագրութեան մէջ դադրեցուցեր էին իրենց լուրերը։ Սպանդը տեղի կ՚ունենար գաւառներու մէջ, անլուր կերպերով։ Խօսեցանք Ատանայի եղեռնէն, որուն վրայ իր գիրքը նոր էր լոյս տեսար։ Ու կը փնտռուէր հեղինակուհին։ Ձեռնարկած էր Պուլկարիա անցնելու ու տարակոյսը չունէր իր ճակատագրին, ձերբակալմանը պարագային։ Այն ատեն անիկա թուրքերուն համար երկու կարծիք չունէր։ ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐուն մէջ թուրքը տարտամ բառ մըն է այլեւս պարպուած իր դարաւոր իմաստէն։ Բայց ահա աւելին: Ու այդ բառին հանդէպ իր ժողովուր| դին զգայնութիւնը, նոյն այդ վէպին մէջ, կը ձգուի կասկածի տակ։ Հոս կը խորհիմ, թէ կը դադրի ճշմարտութիւնը։ Իրաւ է թէ իր վէպերուն մէջ պատահելի են կիներ, այրեր այդ ժողովուրդէն, տրուած միջին մարդկութեամբ մը։ Բայց 1915էն յետոյ միակտուր յղացք մըն է բոլոր վերապրողներուն հոգիին խորը, անքակտելի խարանի մը պէս զարնուած հոն։ Ու Տիկին Եսայեան մեր ամենուն չափ գիտէր ասիկա:

[7]     Չտես որքան անարդար ուրացումը, մեր օրերու փարիզեան տղոց կողմէ բանաձեւուած, lւանդէպ այդ արդիւնքին, պէտք չէ վրդովէ հանդարտ արձանագրողները: Վասնզի, ինչ որ կը մնայ շահուած, այդ օրերէն, մեր արուեստին ընդհանուր գումարին, ատիկա այդ վէպն է դարձեալ եւ ոչ թէ Պէրպէրեանի, Եղիայի քերթուածները կամ Սիպիլի ժանեակահո՜ւր սնոտիքը: Մեր միշտ արհամարհուած կեանքը այդ մարդիկը բերին մեր գրականութեան։ Ինչ փոյթ որ չտուին ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԱՏԱԿԵՐԳՈՒԹԻՒՆ մը (Պալզաք) եւ կան ՌՈՒԿՈՆ - ՄԱԳԱՌՆԵՐՈՒ (Զոլա) սեռի մը։ Անիկա մեղադրանքէ մը աւելի անարդարութիւն պիտի ըլլար, նոյն իսկ այդ ժողովուրդին երեսին նետուած, իր անկարողութեան ընդհանուր փաստը աւելորդ անգամ մըն ալ փառաբանելով։ 1890ին մեր գրականութիւնը աւելի քան լուրջ է քսան 1930ին կամ 1940ին։ Ու պատերազմէն ասդին քսանամեակը չունի գէթ թուական գերակշռութիւն մը վիպական գործերէ, առանց մօտենալու արժէքի փշոտ եւ դժբախտ հարցին: Եղան գրողներ, միշտ պատերազմէն ասդին, որոնք իրենց կարդացուելու փաստը անծակ միամտութեամբ մը վերածեցին արժէքի փորմին, առանց կասկածելու, որ մեր գրականութեան եւ արեւմտահայ) ամեհէն շատ կարդացուած վէպերը եղան ԹԻԱՊԱՐՏԸ, ԵԸԼՏԸԶԷ ՍԱՍՈՒՆԸ, ու աւելի բարձր պարունակէ մը՝ ՄԻԱՄԻՏԻ ՄԸ ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ։ Այս վերջինը չ՚անցնիր այսօր գրականութեան պատմութենէն ներս իսկ։

[8]     Յիշել Ֆլոպէրը որ Էմմա Պովարիի թունաւորման պատմումը տալէն յետոյ, Երեւան բերաւ իր ներսը թունաւորման ախտանիշեր: Նմանապէս՝ Պալզաքը՝ որ իր վէպերուն մէջ նկարագրած ձիերը նուէր տուած ըլլալուն կը հաւատար:

[9]     Մեր ճոր երիտասարդութեան մէջ գրականութիւնը տեղի կու տայ քաղաքական հաշուեյարդարին։ Մեր դժբախտութեան պատասխանատուները որոնելու փոքրոգութիւնը ազդած է մեր մտածողութեան։ Ու պատերազմէն առքերը եթէ յիշատակներ չեն կը զառածեն այդ հոգեբանութեամբ։ Ու ինչ որ նուաստագոյնն է այս ամենուն մէջ, մեր ողբերգութիւնը մեզմով արժեւորելու անասնութիւնն է։ Ջարդուեցա՛անք որովհետեւ արժանի էինք ատոր։ Այս իմաստութիւնը, երանգի փոփոխութեամբ, յատակը կը կազմէ զանազան քաղաքական դաւանանքներու: Ու ասիկա ամօթէն անդին է։

[10]   Վէպին վերջին գլուխը չէ հրատարակուած, որպէսզի ներուէր ինծի հասնիլ պայծառ բանաձեւներու։ Բայց տասնամով մը առաջ ուրիշ գործի մը մէջ (ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒ ՄԷՋ), անիկա պարզ ըրած էր իր հոգիին ամբողջ տագնապը, անմեղ մարդոց արիւնովը դեռ թաց մոխիրներու վրայ իր կրունկին կոտտալը, այրիլը փոխանցելով մեզի: