Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏԸ

/299/ Բացի վիպական իր շեշտ նկարագրէն, Տիկին Եսայեանի գործունէութիւնը չգտա ուրիշ ալ վճռական կողմեր, որոնք արտօնէ ին զիս բանալու մասնաւոր գլուխներ, մօտենալու համար՝ ասոնց մէջ, անոնց շրջափոխութեան։ Կին մըն էր ան, որ որեւէ այրի մը չափ մելան ու ոգի է սպառած հրապարակագրական հարցերու վրայ, երբեմն միս մինակը լեցնելով հանդէսներ (Շամտաճեանի «Ծաղիկ»ը), երբեմն գլուխը կենալով ծրագրի անգամ (պատերազմէն յետոյ, Փարիզի «Երեւան»ը)։ Կ՚ընդունիմ, որ իր յօդուածները առնուազն հաստատ մտածումներում անդրադարձն էին ու կը հաւատար իր գրածներուն։ Բայց դժուար է կենալ, արժեւորելու համար, լրագրողին առջեւ։ Դարձեալ, քառասունը անցնող իր տարիներուն uպաuին մէջ մեր գիրին, անոր վիճակուեցաւ դատումներ բանաձեւել ոչ միայն գրական գործերու շուրջ, գրողներու կենդանագիրներ սեւեռել, այլեւ եւրոպական մեծ, լայն շարժումներու մասին արտայայտուիլ բացարձակ ձեռնասութեամբ. բայց անոր մէջ քննադատ մը վերլուծել քիչիկ մը տարօրինակ կու գայ ինծի, այն լրջութեամբ ու խանդով, որոնք բնական են երբ կը զբաղինք իր մէջ վիպողի ստորոգելիներով։ Ու ասիկա այսպէս՝ կովկասեան ճակատին վրայ ու ետին, իր գործունէութեան կշիռին համար։

 

Անոր համար է, որ այս գլուխը ունի սա շատ ընդհանուր ու տարտամ վերադիրը։ Տպաւորապաշտ էջեր են ինծի համար իր այն բոլոր գործերը, մեծ թէ պզտիկ, որոնք վիպական պայծառ նկարագիր մը չունին։ Տարբեր հարց թէ Տիկինը այս գետնին վրայ իբր բարք, գեղեցկութիւն, արուեստի յաջողմունք, կը մնայ հաւասար եթէ ոչ գերազանց որքան չէր եղած այդ ամէնը, բուն իսկ ստեղծագործական պետինին վրայ։ Արդարեւ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ հատորը, տպաւորութեանց հանդէ՛ս, եզակի է մեր հին ու նոր գրականութեանց մէջ եւ տպաւորապաշտ թեքնիքին գեղեցկագոյն կոթողը, Տիկինին ամբողջ ստեղծումներուն վերեւ ամբարձիկ։ ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ ուրիշ հատոր, դարձեալ տպաւորութեանց հանդէս, որուն նման գիրք մը, նոյնիսկ իր վաւերագրական հանգամանքները միայն նկատի առնուած պարագային, Արեւմտահայ գրականութիւնը /300/ դեռ չէ արտադրած։ ՊՐՈՄԵԹԷՈՍ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾԸ եւրոպական ըմբռնումով reportage–ն է, դարաւոր ծերութեան շղթաներէն ազատուած ժողովուրդի մը դէպի կեանք ըրած առաջին խոյանքը կերպադրելու սահմանուած։ Ինչ փոյթ որ ակնոցը ըլլայ գունաւոր ու կեցուածքը ապսպրուած։ Գիրքը վկայութիւն մըն է Հայաստանի պատմական մէկ շրջանէն, կարճ բայց տարօրէն կենդանի ու անկեղծ։ Խօսեցայ ձեզի այս էջերուն մէջ իր խանդէն որով կը զեղուր իր մէկ նամակը, գրուած ինծի Երեւանէն։ Այդ reportage-ը (նկատի ունիմ միայն իրողութիւնները, կասկածելով հանդերձ անոնց բացատրում ի կերպերուն եթէ ոչ անճշդութեան, զէթ զանոնք դասաւորելու աշխատանքին մէջ սպառուած խանդին), զերծ է Զարեանի շփացումներէն դէպի լաւն ու վատը, որոնք վկայութեան արժէքը միշտ կը վտանգեն։ Չեմ կրնար ԱՆՑՈՐԴԸ ԵՒ ԻՐ ՃԱՄԲԱՆ (Կոստան Զարեան) ուրանալ։ Մեծ գրագէտ մը կայ այդ ճամբորդին աչքերուն ետեւը, ու մեծ կախարդ մը՝ անոր բառերուն մէջ։ Բայց նոյն ատեն մէկը՝ որ կը տեսնէ եւ կը մտածէ ոչ թէ համաձայն կանխապէս որդեգրուած տեսակէտներու (ուրիշ բան չէ ըրած Տիկին Եսայեան) այլ համաձայն իր իսկ անդրադարձումներուն, իր գրագէտի սեղանին առջեւ իր երեւակայութենէն իրեն թելադրուած քմայքներուն, պարագան կը վնասէ արուեստի գործին ճշմարտութեան, քանի որ reportage–ը եւ վէպը նոյն բաները չեն կրնար ըլլալ։ Կարդացէք Փոլ Մորանի ԳԻՇԵՐՆԵՐԸ, Տիւհամէլի ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ, համոզուելու համար թէ կարելի է ըլլալ կայծկլտուն, թելադրական, գեղեցիկ ու ըլլալ նոյն ատեն իրաւ [1] ։

Տպաւորապաշտ էջեր են կիներու «Ծաղիկ»ին մէջ ստորագրած բազմաթիւ յօդուածները, կենցաղական որոշ տեսակէտներու մեր մէջ փոխադրումը արմատացումի հետապնդող, եւրոպական մեծ հանդէսներու կողմէ ստորագրուած մասնաւորմամբ մը կանացի հարցերու։ Հարուստ, պտոյտ, մանուկներու տածում, մայրութիւն, արդուզարդ, դիտելու համար քանի մը հարցեր, առիթներ են որպէսզի անիկա արտայայտուի այդ ամենուն վրայ, լուրջ, եփուն, ողջմիտ կնոջ մը հաստատ մտածողութիւնը բարեխառնելով առաջամարտիկ իր գաղափարներուն իրական ալ հուրքովը։ Միայն չստեղծեց անիկա /301/ մեր հոգեբանական վէպը, այլեւ ազատագրեց կանացի գրականութիւնը իր վարդապետամոլ զառանցանքներէն . Տիւսաբ) ու պոլսական սեթեւեթէն . Սիպիլ)։ Խօսքո՛վ։ Ու գործո՛վ ալ։ 1909ին, Պոլսոյ պատրիարքարանին կողմէն իր պատուիրակութիւնը Կիլիկիոյ աղէ տաբեմը, քաջութեան պարզ արարք մը չէ, ոչ ալ ռեքլամի առիթ մը, այլ միտքի իր ձեւէն թելադրուած հերոսութիւն մը, մտածման առաքինութիւն մը, որ պիտի դառնայ իր մէջ, ժամանակին հետ, աւելի տիրական։ Պատերազմի ատեն իր գործունէութիւնը, պատերազմէն յետոյ իր սպասը եկող գացող կառավարութեանց, Խորհրդային Հայաստանի քաղաքականութեան իր յարումը, բոլորը տարրեր են իր մէջ հզօր այդ բնազդին։ Իր ֆեմինիզմը հոս կը յիշեմ միայն, վասնզի ամէն վարդապետութիւն իրեն համար վարդապետութիւն էր միայն։ Իր ուզածը, ըրածը, բառերէն անդին կը հետապնդէր։

Տպաւորապաշտ էջեր են դարձեալ իր արձակ քերթուածները, վիպակին եւ պոէմային ընդմէջ տատանող։ Վարակիչ ջերմութիւնը, որ անոր զգայնութեան ծորումն է անձերէն ներս, խոր, թրթռուն քնարականութիւնը որ անոր հոգիին կշռոյթն է բառերուն վրայ, կը միջամտեն որպէսզի ԵԱՇՄԱԳԸ, ԱՇՈՒՂԸ չվերածուին ահաւոր բառակոյտին, ինչպէս են Արեւմտահայ գրականութեան բոլոր արձակ քերթուածները, գրեթէ սկսելով Արշակ Չօպանեանի ԳԵՂՕՆէն պատիւ հայ լեզուին) մինչեւ Զարդարեանի ՈՎ ՈՐ ՍՈՒԼԹԱՆ ՄԸ ՈՒՆԻ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋը։

Կը խորհիմ թէ իբրեւ ծաւալ ալ Տիկին Եսայեանի արտադրու– թիւնները, այս մարդին վրայ, կը գերազանցեն զուտ ստեղծագործական իր գործը։ Փա՞ստը այս ամենուն։ Այն՝ թէ մեր գրականութեան արդի մեծագոյն կարելիութիւնները իրմով իրացան շատ աւելի կատարեալ կերպով մը որքան ատիկա չէ տրուած մեզի հաստատել մեր ոչ մէկ ուրիշ գրագէտին մօտ։ Ամենէն շատ մելան սպառող մեր գրագէտը, Արշակ Չօպանեան, նիհար եղաւ ստեղծագործ արդիւնքին մէջ իր լայն վաստակին։ Մեր Եղիան հատոր մը կենդանի ժառանգութիւն չէ կտակած երեսուն տարիներու վրայէն յորդող իր գործունէութեան ընթացքին։ Տիկին Եսայեանի տպաւորապաշտ էջերը ոչ միայն իրենց ժամանակին իրականութիւններն էին, այլ կը վերաբերին ամէն ժամանակներու ու ասով կը զատուին լրագրական փխրուն փառքէն որով պատմուճանուեցան օրինակի մը համար Գրիգոր Օտեանի մը յօդուածները (ՎՈՍՓՈՐԷՆ ՓԱՐԻԶ ԵՒ ԼՈՆՏՈՆ, յիշելու համար քանի մը յատկանշական կտորների կամ Եղիայի ՄԵՐ ՊՈՍՖՈՐԸ։ Յետոյ ճշդում մը։ /302/ Չրաքեանի ՆԵՐԱՇԽԱՐՀԸ, իմացական reportage մը, Զարեանի ԲԱՆԿՕՕՊԸ ԵՒ ՄԱՄՈՒԹԻ ՈՍԿՈՐՆԵՐԸ (կը կենամ միայն արուեստի գործերու առջեւ, զանց ընելով այլապէս շահեկան բայց զուտ լրագրական տպաւորութիւնները, որոնք մեր յետ–պատերազմեան գրականութեան մէջ որոշ առատութեամբ մատակարարուեցան մեզի) որ աւելի ընդարձակ չափի մը վրայ կը կրկնէ ներաշխարհեան հոգեբանութիւն մը, մտածման, լայնութեանց, քմայքի փոշիներուն ընդմէջէն խեղաթիւրելով ամէն ինչ, դործեր են որոնք իրենց հեղինակներու մտադրութիւններուն իրագործումը չեղան։ Մէկը կեանքի զգայարանքէն գրեթէ խօթացած մը, իր էջերուն վրայ մարդը խաղաց, ըսել կ՚ուզեմ՝ իմացական, զգացական, փշրանքներուն, point–ներու հիւսիսայգ մը պտտվում, քաշուելով մէկ զգայութենէն միւսը, մէկ մտածումէն ուրիշը, ու անոնց մօտեցած ըլլալուն գիտակցութիւնը խոշորցուց, հաւատալով որ ամբողջ մարդկութիւնը կու տար, երբ իր էջերուն մէջ հաստատ տարբեր քիչ էին այնքան ու իրականութիւնը tarabiscoté, ինչպէս պիտի ըսէին գաղիացիք։ Միւսը, երկու ժողովուրդի համադրումին հետամուտ, քանի մը երկիր, առնուազն երկու մեծ աշխարհ, Ասիան եւ Եւրոպան նուաճելու իր փառասիրութեան մէջ կը զգայ թէ ինքզինքը միայն փշրած, մանրած էր, ու չէր տուած նոյն իսկ իր անմիջական շրջանակը։ Իր ԵՐԿԻՐՆԵՐ ԵՒ ԱՍՏՈՒԱԾՆԵՐ անլուրջ ինքնաբանութիւնը որով կը յօրինէր չեղած բաներ, բայց եղած բաներու վրայ աշխատելու պատրանք մը պտտցնելով, մէկ ուրիշ կրկնութիւնն էր տպաւորապաշտ ոգիի զեղծանումին։ Տիկին Եսայեան զերծ մնաց երկուքին ալ վրիպանքներէն։ Իր ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ վկայութիւնը վճռական է, ամէն ժամանակներու համար բացարձակ։

* * *

Տիկին Եսայեանի բոլոր գործերը, յաջողները ինչպէս վրիպածները, արժանիքներ ունին միշտ հետաքրքրական ըլլալու։ Ամենուն համար ալ անոնց հեղինակը դրած է վճռական բաժին մը իր անձէն, զատուելով այսպէս պոլսական գրողներու հասարակաց հոգեբանութենէն, որ սիրողի (amateur) շահագրգռութենէն մին է այնքան յաճախ, կազմուած արուեստին համար ոչ անհրաժեշտ վիճակներէ։ Առհասարակ լրագրողը, վարժապետը, հոգեւորականը, աւելի քիչ վաճառականը, փաստաբանը, պետական պաշտօնատարը, աս ու այն նկատումներու ներքեւ պիտի խորտին գրելու պէտքին ու պիտի յա/303/գուրդ տան անոր, ամենէն առաջ իրենց հանելիք աղմուկին ուշադիր տրամադրութիւնով մը։ Տիկին Եսայեան միշտ դատ մը ունի թուղթին առջեւ անցնելու ատեն։ Այդ դատը կրնայ խանդավառել իր սիրտը միայն թերեւս, իր բանաստեղծական զգայնութիւնը թրթռումի հանել, հետեւաբար չդառնալ լայն խաղերու սեպհականութիւն, ի՞նչ փոյթ։ Դատը չի դադրիր զայն դնողին համար ունենալէ ծայրագոյն իր խտութիւնն ու շահեկանութիւնը։ Իր գործին հանդէպ այսպէս զգալու իր կերպն է թերեւս, որ իր գրականութիւնը կ՚ընէ այնքան թանկ վկայութիւն մը մեր հոգեբանութենէն, որ երկու սերուդի վրայ կը տարածուի։ Չեմ կրնար մէկիկ մէկիկ հոս վերլուծել այն հատորները, որոնք իբր տպաւորապաշտ ամբողջութիւններ, պիտի տային վճռական պատկերներով ինչ որ կազմեր էր զգայնութիւնը այդ երկու սերունդներուն։ Բայց կը մօտենամ գէթ այդ երկուքին։ Եւ որովհետ գրականութեան մէջ ժամանակագրութիւնը անիմաստ ըսուելու չափ քիչ է, գործին ներքին արժէքին նկատմամբ, կը շեղիմ տարիներութիւէն ու կը խօսիմ ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ հատորին վրայ, հրատարակուած Երեւան (Պետհրատ, 1935ին։

Տիկին Եսայեան այս երկու հարիւր էջերուն մէջ մեզ կը պտըտցընէ գրեթէ կախարդական աշխարհի մը մէջ, որուն զգայութիւնը քեզի կը դառնայ հետզհետէ հեքիաթային։ Շրջանակը հատորին կու տայ Պոլիսը, անշուշտ անամբողջ։ Բայց ինչ որ Արեւմտահայ գրականութեան թերեւս կէս հազար հատորները անբաւական պիտի ըլլային իրագործելու, այդ երկու հարիւր էջերը կ՚ընեն կախարդական արագութեամբ մը, ու մանրամասնութեանց հանդէսով մը որ կը զարմացնէ։ Որքան հեռու ենք, այդ էջերուն վրայ, այն անիրական ու ռոմանթիք հեքիաթէն, կիսաշխարհէն որ Պոլիսն է մեր բանաստեղծներուն եւ վիպողներուն պրիսմակներէն գունազեղծ։ Որքան մօտ, այն միւս բանին որ տեղի մը, հողի մը, ժողովուրդի մը սեպհական գոյնն է, իր իսկ հոգին, երբ կ՚արտաբերուի ներսէն ու դուրսէն։ Ու ոչ ոքի մօտ այս զգայութիւնը մենք կը հաստատենք սա խորութեամբ որքան կ՚ընենք ատիկա ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ կախարդական հատորին մէջ։

Բայց ի՞նչն է որ չկայ հոն, արուեստին համար այնքան թանկ տարրերէն։

ա) Մարդերը ամենէն առաջ, սկսելով աւանդութեան մէջ բիւրեղացած, հեքիաթով խոշորցած դէմքերէն, մեծ հայրեր, մեծ մայրեր, մօրաքոյրեր, հօրաքոյրեր, իւրաքանչիւրը իր մարմնեղէն շէնքին հետ բերելով այդ էջերուն վրայ, մանաւանդ նկարագիրը հո/304/գեղէն շէնքին, երկու ան ալ սեւեռուած վճռական յստակութեամբ, իրենց ամէն մէկ գիծին ետեւէն աշխարհ մը զգայութիւն դիզելով տողերուն։ Անոնց օրերուն հիւսքը, իրենց ելեւէջներով, իրենց տռամներով, բարութեան ու զրկանքի փոփոխակ ու քերով, Պոլսոյ կեանքին լայն, հիմա հեքիաթ դարձած համապատկերին ընդմ է ջէն, դիրքին կու տայ անկոխարինելի առաքինութիւն մը, ու մեր գրականութեան մեծազոյն պակասը զէթ կրցած չափովը կը ձգտի դարմանել։ ապրուածին իրականութեան պակասը, որ աղէտն է եղեր մեր գրական կեանքին, սանկ հազար հինգ հարիւր տարիներէ ի վեր։ Ու ինչ որ բարիքը կ՚ընէ այլապէս երախտառատ, այդ մարդոց կալրիին պարկեշտ հարազատութիւնը, հաշտութիւնն են վաւերագրական իրողութեան։ Ոչ մէկ հաշիւ, դաւանանք կը միջամտեն այդ յօրինումներուն, այն պարզ պատճառաւ որ մեր տղու հոգին գրեթէ միշտ զերծ է անոնցմէ։ Ու Տիկին Եսայեան այդ հատորին յանձնած է այն մարդերը միայն որոնք ինկան իր ջիղերու ճառաղայթման վառարանին, իր մանկութեան, անդրանիկ պարմանութեան կախարդ դարաշրջանէն: Չեմ կրնար մարդոց այդ կարաւանը նուաճել հոս այնքան անոնցմէ իւրաքանչիւրը հոծ հոգեբանութիւն մըն է, ինքնիր համար ու յետոյ ամբողջին համար։ Զարմանալի մօրաքոյրներու, հօրաքոյրներու սա սպայակոյտը ի՜նչ սրտառուչ պարզութեամբ մը, բնականութեամբ մը կը զետեղուին ժամանակին ու միջոցին մէջ, դառնալու համար անջինջ քանդակ մը ասոնցմէ ազատագրուած։ Ու տրտում բան է խորհիլ թէ յիսուն տարի առաջ, այդ քաղաքին մէջ, մեր ժողովուրդին կեանքը, այնքան իրաւ, այնքան հարուստ, ըլլայ այդքան քիչ չափով շահագործուած մեր արուեստին։ Տխուր բան է մտածել մեր քերթողներուն թշուառութեան, երբ փոխանակ իրենց ժողովուրդը, զէթ իրենց անձը տալու, լուսին ու զեփիւռ կը հալածեն, լճակ ու ամպ կը հոլովեն։ Տիկին Եսայեանի հատորին մէջ տիրական շքեղութեամբ գծուած անձեր են հայրը, զոր միայն փրկած ըլլալը պիտի ըսէր անոր տեւական արժէքին։ Կը ղրկեմ ընթերցողը հատորին, զգալու համար անոր մէջ այն պայծառ գեղեցկութիւնը, որ մեզ կանխող սերունդինն էր, քիչ մը ամէն ճակատի վրայ։ Ուրիշ հրաշալի տիպար մը, Արթին ամճան, ինքնատիպ, 1880, պարզ, հայ՝ մինչեւ եղունգներուն ծայրը, նախարարներու, իմար արիւնէն պուտ մը վսեմութեամբ, այլապէս փարթամ եւ կատարեալ Տուտուն, մեծ մայրը, որուն դէմքին մէջ խտացուած գիծերուն զանազանութիւնը, տիպարային շնորհները, կուրծքին տակ զետեղուած գորովին, հպարտութեան հրաբուխը ինծի յիշեցնել կու տան Փրուստի հրաշալի /305/ կենդանագիրը իր մօրմէն (A la Recherche du Temps Perdu). Խաչիկ մօրեղբայրը, նոյնքան փարթամ, կատարեալ յօրինում մը 1880ի մարդոցմէն, որ կ՚երթայ իր սիրածին ետեւէն, կանխահաս յանդըգնութեամբ մը արհամարհելով բարքերուն պարտադրանքը, կը պատժուի իր մօրմէն բայց չի կրնար մոռնալ իր զգացումներուն ամբողջ կշիռը։ Բայց ո՛ր մէկը։ Ամէն դէմք հոն բիւրեղացած քանդակ մը կը թուի ինծի։ Բայց ինչ որ հատորը կընդլայնէ, զայն վերածելու աստիճան գութի, աղապատանքի, ընդարձակ, բարի համակրանքի վկայութեան մը, մեր ժողովուրդի հոգեյատակէն, պարզ մարդոց, աղքատներու, վարի թաղերու աշխատաւորներուն, ձկնորսներուն, նաւավարներուն հրաշալի շքախումբն է ասիկա՝ որոնց վրձնումը Տիկինը կատարած է սրտայոյզ երախտագիտութեամբ մը։ Աղքատի եւ հարուստի բախումը ոչ մէկ ժողովուրդի մէջ կը պարզէ սա անկարելի փաթեթիքը, որ մերիններունն է եղել։ Նոյն մարդկայնական բարձր համակրանքին ընդմէջէն տրուած են օտարները յոյներ, թուրքեր։ Վէպէ մը փրցուած հերոսուհիի մը պէս եթերային ու յուզիչ է Ֆայիզէ պարմանի մը, որուն սիլլէթը միտքիդ վրայ կը նկարուի անջինջ գոյներով եւ որուն ողբերգութիւնը 1890ի հիւծախտաւոր նրբութեանց սխրանքին ու մահուան համախառնուրդ վկայութիւնն է դարձեալ։ Ու մայրը, զոր տեսեր եմ Իւսկիւտար, իր տրտում, բարի նայուածքին մէջ չհաւատալով կեանքին, երբ կը խօսէինք իր աղջկանը հետ, աղէտի ամիսներուն, ու կը լսէր գլուխը թօթուելով։ Բայց մանաւանդ ինքը, մանկութեան առաջին յիշատակներէն մինչեւ պարմանութեան լիալիր փթթումը։ Ինքը, իբր ոսկի ակօս, ուրկէ ալէր կէս դարու պարունակով, աւազանով (bassin) կեանքը հարիւրներուն, հազարներուն։ Իր գործին հասկացողութեանը համար այնքան անհրաժեշտ այդ հատորը գրական մեծ յաջողուածք մը կ՚ըլլայ անոր անձին վրայ իր յայտնութիւններէն աւելի, այն վերլուծական յառաջատու յօրինումով, որ արուեստի գործի մը ճակատագիրը կենթարկէ իրեն։ Առաջին էջէն մինչեւ վերջինը մէկ գործ ունինք այդ աղջկան հետ, որ սակայն չի սպառիր, անդադար նորոգուելով, ինչպէս ըլլալու է մեր հոգիին յօրինումն ալ այդ բախտորոշ շրջաններուն։ Տիկին Եսայեանի յուշերէն այլապէս շահեկան են դպրոցականները։ Անմոռանալի պատկերներ են Տուն Դպրոցը, անոր ուսուցիչը՝ Կարապետ աղան, կինը՝ Նեկտար հանըմը, թաղային վարժարանի անդրանիկ տպաւորութիւնները, ճայերը, ձրի տղոց պարտադրուած չարչարանքը…։ Բայց ո՛րը յիշել, որը զանցել։ Բոլոր այս մարդերուն դէմքը, ինչպէս հոգին, ինչպէս ցեղը, ինչպէս  /306/ հոգեբանական ֆորմիւլաները (թող ներուի այս գղշ բառը) տրուած են ամենամեծ բխումով մը, առանց գրականութեան, ու առանց սանթիմանեալ հեշտախտութեանց։ Նոյնիսկ, Խորհրդային Հայաստանի մէջ գրուած ըլլալու մեղադրանքն ալ մերժող թեքնիքով մը։

 

բ) Բնութիւնը, որ 1890ի, կամ տասնամեակ մը աւելի կանուխ ռոմանթիքներու կեղծ, գրքունակ, յիմար Պոլիսը չէ, այլ այն ընդարձակ համադրական միջավայրը, ուր մեր ջիղերը կարձակուին, առանց մեր գիտնալուն ու կը քաղեն մեր մազերուն դեղձանը, մեր աչքերուն մութ կամ խուժ թաւիշը, մեր մորթին սերն ու մեղրը, բայց մանաւանդ մեր հոգիին ձգողական դրութիւնը, մեր բարութիւնը, արցունքներուն ալշիմին, մեր սէրը, անհասանելի որքան իրաւ ուրիշ ճարտարապետութիւնը մեր տպաւորութեանց վերեւ ամբարձիկ, զանոնք տաղաւարող, ոճաւորող ու իբր աղջիկ կամ տղայ մեզ արձակելով իրարու դէմ, երբեմն պարզ ու բարի, երբեմն իբրեւ հրդեհ ու արիւն…։ Տիկին Եսայեանի գիրքին անունը ինչպէս մթնոլորտը կու գայ Իւսկիւտարէն որ նոր սերունդին համար մեղրէն պարպուած խորիսխ մը չէ նոյնիսկ։ Բայց որուն մէջ զետեղուած յուզումներուն խորութիւնը անո՛նք միայն կարող են գնահատել որոնք անդրանիկ պարմանի, այդ մարզերուն վրայ պտտցուցեր են իրենց աչքերը, սիրտը, մորթը ու առեր են առաջին խռովքները աշխարհին ամենէն խորունկ բաներէն, սէրէն, ցաւէն, կապոյտէն, լոյսէն, արիւնէն, թուրքէն, ու մեռած քաղաքակրթութեանց ուրուականներէն։ Տիկին Եսայեան կու տայ այս ամէնը, առանց վախնալու, մանաւանդ առանց այցուելու գրական վերյիշումներէ, այնքան բռնաւոր պատանիներու մատաղ իմացականութեան վրայ։ Անոր ԱԼԷՄՏԱՂԻՆ, ՄԱԼԹԷՓԷՆ, ԻՒՍԿԻՒՏԱՐԸ շքեղ քերթուածներ են ու չեն վերածուիր։ Նկարագրական չարաշահութեան մը տագնապին մէջ իր գրիչը շարժել սկսող այդ կինը, իր վերջալոյսին զերծ պիտի մնար անոր չարիքէն։

 

գ) Ոգին որ ամենէն խորունկ բարեխառնութիւնն է ու բարիքը հատորին։ Արեւմտահայ գրականութիւնը պայմանաւոր է այդ ոգիով։ Բայց իրողութիւնը այն է որ մեր գրագէտներուն մէջ քիչ է թիւը անոնց որոնք յաջողած ըլլան նուաճել այդ ոգին։ Անշուշտ փշրանքներ կան, ծուէններ՝ բոլորին ալ մէջը։ Բայց գրականութիւն մը հարազատութեան իր ձգտումը կարդարացնէ, զինքը արտադրող ոգին երբ կը նուաճէ վճռական գործերու վրայ։ Երուխան, Իրա/307/ պաշտները, որոշ չափով։ Այո՛։ Բայց Արուեստագէտ Սերունդին մէջ ոչ ոք՝ որ այդ ոգին կաղապարած ըլլայ բացի Տիկին Եսայեանէն։ Չրաքեան եւ Մեծարենց չեն տուժեր այս վճիռէն, իւրաքանչիւրը իր կերպով ինքզինքը տուած ըլլալուն, այդ գրականութեան սպասին։ Պոլսոյ ոգին, կերպով մը ամբողջ արեւմտահայ հոգին, քանի որ Պոլիսը մանրանկար ամբողջն է անոր, այդ հատորին կու տայ իր իմաստը, մեր ցեղային ընդունակութեանց ու թերութեանց տիրական կշիռով մը։ Ըսեր են որ ցեղային հոգեբանական վերլուծումները հիմնաւոր ըլլալէ հեռու են։ Չեմ պնդեր որ այդ ընդհանրացումները ամէն բան են անշուշտ։ Բայց բան մը կ՚ըսեն ամէն պարագայի։ Ու դուք կը զգաք ատիկա երբ հանդարտ պատմումը քիչ քիչ կը դիզուի ձեր ետին, իրերը, մարդերը առնելով իր միգամածին մէջ, մինչեւ որ անոնք ձեւեր դառնան, անշուշտ տարտամ, բայց հասարակաց ոճով մը իրարու մտերմացած։ Երբ Տիկին Եսայեան կոգեկոչէ իր մեծ հայրերուն դէմքերը, չէք կրնար չայցուիլ կարաւանեան հոգեբանութենէ մը որ մեր ամենուն մէջ անթեղուած կրակ է արդարեւ բայց երբեք մարած, արկածախնդրական, թափառողական բնազդը մեր ցեղին, որուն դերն է թերեւս մեր գաղթականութեանց բարգաւաճումը մեր հայրենիքին կործանման դիմաց։ Ու ինքը հեղինակուհին, զերծ չէ եղած այդ խուլ ձայներէն, պտտցնելով աշխարհէ աշխարհ՝ մեծ հօրը նման շատ աւելի սուղ բան մը քան կարաւաններով փոխադրելի հարստութիւններ. իր տաղանդը: Ու քաջութիւն կայ հատորին մէջ, ժողովրդական մարդոց բնատուր առնութիւնը որ տկարին դէմ ինքնաբուխ թեւարկութիւն մը կը դառնայ։ Ծեծ ուտող ընկերուհիի մը համար ուսուցչուհիին վրայ յարձակող պարմանուհին, Օր. Զապէլ Յովհաննէսեան, ինչպէս կ՚անուանուէր անիկա այդ օրերուն, վիպական հերոսուհի մը չէ, այլ խորապէս հայկական բխում մը։ Արժանապատուութիւն, որ տոհմին երակներուն մէջ պտտող արեան չափ բնական հեղանուտ մըն է անոր հոգիին։ Օրինակները որքան շատ են այս հոգեկան վիճակէն։ Ու ատիկա վայելք մըն է մեզի, մանաւանդ հիմա երբ վտարուած ենք մեր զգացումներէն։ Արդարութեան դարաւոր պապակ, պարզ մարդոց շէնքէն աւելի խռովիչ. քանի որ ժողովրդական իմաստասիրութեան ձեւ մը կ՚առնէ, աշխարհը դատելու մեր առհաւական բնութքը կ՚ըլլայ ու մեզ մեր փոքրութեանց դէմ կը պաշտպանէ։ Բարութիւն, ու գերազանցապէս հայկական առաքինութիւնը զոր անգթութիւն պիտի ըլլար ածանցել մեր թշուառութեանց դաշտերէն։ Յաճախ անհասկնալի որովհետեւ հակասական։ Իր թշնամիներուն խնայելու իսկ զիջող։ Որքան /308/ կողմեր ունի հայ հոգին այսպէս անտարակելի։ Ան որ տեսեր է մեր մայրերը, որբին, ցաւատարին, տագնապեալին հասնելու իրենց խանողին մէջ, չի կրնար մոռնալ գինը սա սրբազան առաքինութեան։ Քանի քանի հատ երկունքի մահիճին մէջ մեռած մայրերու տղաքը ապրեր են թաղին մայրերուն ստինքներէն։ Խորութիւն քիչ մը այն բաներուն մէջ որոնք դուրս չենք փռեր, մեր ներքին հպարտութիւնը, մեր ժուժկալութիւնը, մեր ճակատագրին հասկացողութիւնը, բոլորին ալ տալով ծանր, տրտում լրջութիւն մը։ Բանակ մը կին կայ հատորին մէջ, այդ ոլորտով պսակաւոր, որոնք կ՚աշխատին բայց չեն ցուցադրել իրենց դժբախտութիւնը։ Կը սիրեն բայց կ՚ամչնան, նոյն իսկ անոր ամենէն բնական զեղումներէն։ Այս զուսպ յուզումի շատ գեղեցիկ դրուագ մըն է Տուտուին եւ իր տղուն Խաչիկին տեսակցութիւնը, գժտուած իրարմէ աւանդական նախապաշարումներու գինով։ Որոնք իրարու կարօտէն կը տառապին, բայց գերեզմանատան մը ներսը իրարու հետ խօսելու քիչ բառ կը գտնեն երբ իրարու գիրկ նետուելու համար երկուքն ալ կ՚այրին իրենց նստած քարերուն վրայ։ Այս տեսակէտով գիրքը հանդիսարան մըն է մէկը միւսէն խռովիչ, խոր տեսիլներու։ Նուիրական զգացումը, իր ամենէն աստուածային հրապոյրին մէջ երբ տակաւին մեր զգայարանքները երկնային դաշտերէն բերուած անչամանդաղ գործիքներ են մեղմ է դուրս յոյսերու համար լարուած, ու մեր տարիքը կը կրենք մեր աչքերուն վրայ, մորթին վրայ, ձայնին վրայ, այնքան անիրական գիրի մը նման, ու կըլլանք տասնըհինգին ու քսանին մէջտեղ մեր իսկ ծաղիկը։ Ֆաշիզէն թրքուհի մըն է որ պիտի մեռնի այդ կրակէն չատ ուղելուն։ Ու դիրքին մէջ անոր քերթուածը տարօրէն արտայայտիչ է՝ այդ զգացման խորհուրդը լուսաւորող։ 1870ի Պոլիսը, որ մեր երկու մեծ ռոմանթիքներուն Դուրեանին ու Պէշիկթաշլեանին տաղարաններով անմոռանալի հոգեկան դաշտանկար մըն է, կամ բողջանայ ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐը, ուր հիւծախտաւոր տղաք ու աղջիկներ հիւծախտաւոր կողերով նաւակներու մէջ, հիւծախտաւոր լոյսերու, արիւնով կարմրած ջուրերու վրայ դէպի մահ կընթանան, ափ մը բեհեզի չափ մորթերուն, բայց ծովէ մը աւելի արձակ աչքերուն ու ծուխի մը պէս նուաղուն իրենց մարմնեղէն գիծերը նետելով անծանօթին մեծ ափունքին, որ կը սպասէ մեր բոլորին… Էջեր չեն բաւական քանի մը պարզագոյն սա զգայութեանց վերծանումին։ Նոյն ատեն, այդ հատորը ուրիշ երեսով մը կ՚արտայայտէ ուրիշ ալ կարկառուն կողմերը մեր հոգիին, եթէ ոչ ուղղակի ներհակ կարկառներ իբրեւ, գէթ առաջիննե/309/րուն իբրեւ շուք ընկերացող։ Հոն կը հանդիպիք մութ, տխուր եսասիրութեան, որ ամիրայական արիւններուն սառումն է իրենց ապասերած առաւիղներուն ներսը, երբ տունը մնացած մենագար կիներ կամ ինքնատիպ ծերուկներ իրենց մարմինները գարչ կու տան ու կատեն իրենց տեսակներէն զատ ամ էն բան։ Նանրամտութեան, որ հոգեվիճակ մը ըլլալէ առաջ անցեալին մէջ յամառելու յիմարութիւն մըն է, արեւելքի համար ամէնօրեայ իրականութիւն, ուր բախտին անիւը կը քալէ չափազանց արագ, մակոյկ վարողները մինչեւ սպարապետութեան աթոռները հանող, օր մը ետքը Ոսկեղջիւրի տիղմին մէջը նետելու համար։ Մեր յաջողած, ձեռքը բերանը հասնող դասակարգին տիրական սա՜ մեղքը։ Հոն կը հանդիպիք քսութեան. հասկանալի՝ մեր դարաւոր գերութեան տրտմութեանց ընդմէջէն երբ չենք յաջողած քանի մը ազնիւ զգացումները զարգացնել ու նահանջած ենք գործօն հպարտութեան կրկէսներէն: Զեխութեան, որ հին ծարան է թերեւս մեր մէջ ամիրաներէն, նախարարներէն անցած իրենց թոռներուն, ծախսելու, ուտելու, երեւալու, կեանքէն առնելու համար վիճելի բաժին մը, մեր շնորհներուն հետ այնքան քիչ համեմատական է մեր խելքին, ձեռներեցութեան, յարմարելու ընդունակութեանց կողմէ մեզի ներշնչուած մեր թաքուն վստահութիւնովը պայմանաւոր։ Իրարու հանդէպ անհանդուրժողութեան, որ ժողովուրդի մը կործանումը այնքան պարզ կ՚ընէ երբ դիտուի տեւողութեան սանդուխի մը վրայէն։ Գերութեան, դուրսին ինչպէս ներսին համար։ Օտարին ու մեր կիրքերուն…, յիշելու համար քանի մը ուժզին նուազումները ազգային մեր նկարագրին։ ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ այս համայնապատկերը կը թելադրէ ամէն անոնց որոնք քիչիկ մը բան տեսած են աշխարհէն ու ճանչցած իրենց ժողովուրդը իր լաւագոյն, լայնագոյն խաւերուն մէջ։ Թէ այդ առանձնացուած կողմերը կը մնան խնդրական, կամայական երբ տարուին անտեղի գիտակցութեան մը, յաւակնոտ ու փցուն—, դուրս է կասկածէ։

Ահա ուրուագրային արագութեամբ այն քանի մը հաստատումները որոնք ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐ հատորէն դուրս իրական էին անշուշտ, բայց որոնք մեր գրողներուն կողմէ այսքան յստակ կերպով չէին տրուած մեր հասողութեան։

* * *

Երկրորդ հատորը ուր տպաւորապաշտ թեքնիքը կ՚ընէ ուրիշ շատ աւելի մեծ նուաճում մը, եզակի հայ հին ու նոր մատենագրու/310/թեանց մէջ, կը կոչուի ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։ Կ՚անցնիմ անոր ծնունդին մանրամասնութիւններէն։

Ան ալ reportage մըն է։ Զանց կընեմ անհուն եղեռնին կապուած քաղաքական բոլոր փաստերը։ Թուրքերը ինչպէս ուժովները նման թուղթէ յիմարութիւններով զբաղվելու շնորհը լայն լայն պիտի զիջէին մեզի։ Ցուրտ, մերկ, սգաւոր իրականութիւնը ան է որ, գարնան առտու մը, դարերով քով քովի ապրած երկու ժողովուրդներէն մէկը, իր զէնքերը կը վերցնէ երկրորդին վրայ ու իր ձեռքին տակ ինկածը, կին, մարդ, տղայ, աղջիկ կը խողխողէ։ Դանակին պակասը կը լրացնէ կրակը։ Ու երբ իրիկունը կ՚իյնայ այդ տեղերուն, մուխ ու ոսկորներ միայն ունէր ծածկելիք։ Կը կրկնեմ. ինչո՞ւ ին մէջ չէ ողբերգութիւնը։ Ինչպէ՞սն է որ վրդովեց մեր խղճմտանքը, ինչպէս իմացականութիւնը։ Ինչպէ՞ս մարդոց սիրտը քար դարձաւ, մէկ րոպէէն միւսը, որպէսզի հանդուրժէր այդ ամէնը որոնք այդ հատորին ամէն մէկ էջը կ՚ընեն մանրադիր կայան մը, շատ աւելի սարսռազդեցիկ քան Տանթէներունը։

 

Տիկին Եսայեան մեծ բանաստեղծ մըն էր։ Մինչեւ 1909, իր վէպերուն մէջ անհերքելի էր փաստը այդ զգայնութեան։ Ու բանաստեղծը անձնական յուզում էին գործաւորն է ամենէն առաջ։ Ու ահա զինքը կը տեսնենք հաւաքական յուզումներուն աննման արծարծիչը։ Հակառակ անոր որ աղէտի դեմ ին վրայ իր երեւումը տեղի ունեցեր էր բաւական ուշ, անոր սքանչելի ջիղերը ու հզօր երեւակայութիւնը դարմանեցին այդ թերին [2] ։ Անոր գիրքը այն հատորներէն է որոնք չեն վերլուծուիր, ըսել կ՚ուզեմ, չեն խտացուիր, այն շատ պարզ օրէնքով որ չեն ուռեցած։ Ձեզի կը թողում միտքի առջեւ բերել պահ մը, քանի մը դրուագներ: Դրէք դուք ձեզ եկեղեցիի մը բակին։ Ու տեսէք հազարներու հասնող մարդոց, մեծ մասը կին, բազմութիւն մը, որ եկել է իր մերկութիւնը ծածկելու կամ իր փորը /311/ լռեցնելու համար ձեռք բանալու նպաստ բաշխող մարմինի առջեւ: Բայց ատկէ առաջ այդ հազարներէն իւրաքանչիւրը վերցուցէք ատկէ, փոխադրեցէք զանոնք, ամէն մէկը տուն մը, խրճիթ մը, գործատեղի մը ու կեցուցէք զանոնք պատկերներու առջեւ որոնք կը մտածուին միայն, եւ որոնց իրականութիւնը անհաւատալի է, անկարելի է այնքան։ Ու տուէք այդ մարդկային արարածներուն անըմ բռնելի ճակատագիր մը, որպէսզի անոնք ապրին բռնաբարուիլը, այրուիլը, մորթուիլը, այդպէս արձակ, այդպէս իրաւ որպէսզի թէ՛ արտեր հերկուէին, հունձքեր քաղուէին, այգիներ կթուէին։ Ու ասիկա օրեր ամբողջ։ Ու այդ մղձաւանջէն հալածական, այդ եկեղեցիին բակին մէջ, այդ մարդերը շարունակեն բռնաբարուիլ, այրուիլ, մորթուիլ, այդքան հզօր էր եղած պատկերներուն կնիքը իրենց ուղեղներուն, արիւնին, ու չհասկնան թէ ի՞նչպէս այդ ամէնը եղան իրենց վրայ։ Երեք էջ պիտի առնէ զիրքէն սա դրուագը ու հազարներու սա ողբերգութիւնը պիտի խտանայ այդ մատ մը կտաւին վրայ։ Բայց ասկէ անդին է հրաշքը։ Այդ խեղճ ու պատառ միջոցին վրայ Տիկին Եսայեան փայլակնատիպ արագութեամբ մը պիտի բանայ պահեր, կսկիծներ, վէրքեր ու անդունդներ, որոնք ուրիշ գիրքերու մէջ գլուխներու կարօտ են գէշ աղէկ նուաճուելու համար։ Կը մօտենան այդ մարդերը։ Ու հոտ են։ Ու ձայն են։ Ու լռութիւն են։ Ու երազ են։ Ու ամօթ են։ Ու անփոփոխ կսկիծ են կամ էնն ալ ունին իրենց մեռելները)։ Ու այս ամէնը միեւնոյն ատեն։ Մէկ ամանակի մէջէն։ Ու էն աւելի՜ն ալ։ Վասնզի զանոնք մեր առջեւէն անցնող կախարդը մեզի պիտի տայ այնպիսի զգայութիւններ, որոնց առաջին անգամ է որ կը հանդիպինք : Ու երբ կը գոցուի վարագոյրը տռամին վրայ մենք մեր սարսափին մէջ չենք հաւատար, զոհերուն նման, թէ կրնան ըլլալ այս բոլորը։ Կոյրերով տեսնելու սա հրաշքը բացառիկ էջ մը չէ այդ գիրքէն։ Հոն ամէն վիճակ տրուած է այս խենթեցնող իրականութեան միտող ճնշումին ընդմէջէն։ Կը քաշուին ձեր մտքէն այդ մարդերը, բայց չեն ջնջուիր։ Հետքեր են, ստուերներ են, յամառ, աննահանջ, որոնք կը դառնան դէպի քու սիրտդ, գծելով կարծես կախարդական հարցականը, ի՜նչպէսը: Նորէն ձեզի կը թողում մտքի առջեւ բերել փողոց մը։ Տունէ մը դուրս կը հանեն քսանամենի երիտասարդ մը։ Փաթթուած են անոր մայրը, ինքը, դահիճները։ Ու դրէք այդ տղուն աչքերուն մէջ ինչ որ այդ պահուն անիկա կ՛ապրի իր հիւլէներուն անայց խորքերէն։ Ու դրէք այդ մօրը բերնին բառեր, որոնք քարերն իսկ կրնային մեղմել, բայց որոնք կը թափին մարդոց սրտերուն վրայ իբրեւ զովութեան, բարիքի, վայելքի անձրեւ։ Ու ըրէք սուրերը աւելի փայլուն։ Ու ըրէք /312/ սրտերը աւելի երջանիկ, երբ այդ տղան կը թաւալի գետին, կը պլլուի մօրը բազուկներուն մինչեւ որ կտրուի ոտքը գետնին ու տարուի…: Դուք չէք կրնար մտքով իսկ դիմանալ պատկերին։ Ու այդ մայրը հոտ պիտի պոռալ, մինչ անդին կը մորթեն իր տղան…։

Չեմ գիտեր, պէտք կա՞յ, շարունակելու այս ահաւոր շարժապատկերը: Վստահ կրնաք ըլլալ որ երեք հարիւրի մօտեցող այդ էջերէն իւրաքանչիւրը այս գիծի ոճիրներու բեմ մըն է, մէկը միւսէն աւելի աղեխարշ, մէկը միւսէն աւելի ընդվզեցուցիչ։ Ու տարօրինակը հոն է որ այդ յաճախանքը, կրկնութիւնները, չեն դառնար գրական, բառ, ու չեն վերածուիր գիրքի վկայութեան։ Ընդհակառակը։ Կը պահեն անհուն իրենց եղերականութիւնը, մեր յոգնած ջիղերը միշտ սպաննելով։ Այսպէսով է որ գիրք ըլլալէ կը դադրի այդ պատկերացումը, դառնալու համար տեսակ մը կեանք, իրականին ամբողջ անձուկովը, աչովը, ամօթովը թրթռուն ու զարհուրագին։

 

Այսքան ընդարձակ սա ոճրապատումը, գիրքին մինչեւ վերջը կը մնայ իր ուժգնութեան ամբողջ աստիճանովը, առանց տկարացման որեւէ նշանի, առանց ստեղծելու անխուսափելի միօրինակութեան, կրկնում է զգայութիւններ։ Տպաւորապաշտ թեքնիքը չէ հոս միջամտողը, որպէսզի խնայուին մեզի այս վրիպանքները։ Այլ բուն իսկ մեծ արուեստին պաշտպանութիւնը: Վասնզի թշուառութեան դժբախտութիւններէն մէկն ալ մեզ յոգնեցնելն է։ Ի՞նչն է այդ պաշտպանութեան տարրը, որով առանց վիճակներու պատրաստութեան, առանց զանոնք չափա գործող մեր միջոցները արժեցնելու, մեր պատմում ը կը բաւէ մեզի։ Ատիկա թերեւս կու գայ նիւթին իսկ նկարագրէն։ Երբ յուզումի հասնելու համար գրագէտը երբեմն քանի մը հարիւր էջ կեանքի խմոր մը կը չաղուէ, մեր համակրանքին, ատելութեան, սարսափին ստեղները երկար մարզանքներէ վերջը ընտանեցնելով իր մատներուն, հոս, ճակատագրին դժնդակ մէկ կարգադրութեամ բը, զանցուած են այդ մարզանքները ու մենք րոպէապէս նետուած՝ յուզում էին ծովին մէջ։ Մարդեր սպաննելը թուրքերը հանած են արուեստի։ Ու սա հակադրութիւնն է որ մէկ հարուածով կը գտնէ մեր սիրտը։ Տիկին Եսայեան տուած է, հաւասար պայծառութեամբ, խորութեամբ, ջարդող ժողովուրդն ալ, առանց մեր գրականութեան սթէրէօթիփ կերպերուն մէջ իյնալու, ինչպէս առանց տկար սանթիմանթալիզմի։ Արագ, զոհերուն բառերուն ընդմէջէն գողցուած տարրեր են որոնցմով կը յօրին/313/ուին այդ մարդերը, իբր արդիւնք կարգ մը բուռն բնազդներու՝ քաջածանօթ աշխարհի քանի մը ժողովուրդներուն, բայց իբր բաղադրիչ հոգեկան ազդակ մնալով մեծ առեղծուածներէն մէկը արդի հոգեբանութեան։ Ո՞ր անծանօթ ուժին գինովը սա երիտասարդը որ իր պարտէզին մէ ջ միջատները սպաննելու առիթով իսկ դժգոգանք մը, ներքին անհանգստութիւն մը կը հաստատէր օր մը առաջ, օր մը վերջը, կոչի մը, նշանի մը, թելադրութեան մը վրայ, հեշտագին իր դանակը կը մխէ յղի հարսի մը որովայնին մէջ…։ Այս է ահա անըմբռնելին։ Թուրքերու հոգեբանութեան սա մութ կողմերը դիւրին է բացատրել կարծել կարգ մը տարազներ քշելով մոլեռանդութիւն, ամբոխային յուզումներ, վայրենութիւն, դեռ չզարգացած խղճմտանք։ Բառե՞ր ամէնքը։ Այն յիսնամեայ կոյրը որ թերեւս քառասուն տարիէ ի վեր օր մը չէ փախցուցած իր Աստուծուն առջեւ առանց հինգ անգամ ծնրադրելու, պիտի կարծէ իր մեծագոյն յարգանքը ընծայել Անոր, պարտքերուն ամենէն սրբազանն ալ կատարելու առիթը շահագործելով։ Ան պիտի աղաչէ որպէսզի աղջիկ մը բերեն իրեն, իր ձեռքովն իսկ մորթելու համար։ Ատանացիներուն պատմում ը այդ մասին կասկած է դուրս կ՚ընէ դրուագին ստուգութիւնը։

 

Գիրքին հետ մեր մէջ յառնող հարցերը, բոլորն ալ սա եղերականութիւնով պարանուած, կը զարնեն դռները մեր բանականութեան, հիմքերը մեր խղճմտանքին, կը թօթուեն մեր բոլոր ջիղերը ու ընթերցումը կը վերածեն տարօրինակ տագնապի մը։ Այլեւս էջ չունիք ձեր առջեւ։ Ու տեղի կ՚ունենայ բառերուն կախարդութիւնը, այն քիչ անգամ պատահական հոգեվիճակը, որով արուեստի էջ մը կը մոռցնէ ինքզինքը, ու կը դառնայ կենդանի, անձնաւորուած, մասնաւորուած բան մը։ Այս կախարդութիւնը արուեստագէտին ամենէն հզօր շնորհն է միշտ։ Պիտի տրուին անոր տարրերը երբ յօրինուի գրագէտին դէմքը։

Չեմ կրնար զբաղիլ ՊՐՈՄԵԹԷՈՍ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾով այն գլխաւոր փաստին համար որ այս reportageը կ՚ընէ եթէ ոչ ապսպրուած, գոնէ ոչ միատարր վկայութիւն մը։ Կասկածի տակ չեմ դներ որ այդ տպաւորութիւնները կու գան անկեղծ յուզումներէ, ճշգրիտ պատկերներէ։ Բայց կը կրկնեն այն պայմանները որոնք ՆԱՀԱՆՋՈՂ ՈՒԺԵՐ մեծ վէպին մէջ անգամ մը պարտադրել էին իրենք զիրենք։ Այդ վէ/314/պին վրիպանքը փորձեր էի հասկնալ իբր զգայութիւններու անբաւարարութիւն: Տիկինը հոս սեւեռել կը ջանար բան մը, որ ծանօթ էր իրեն ուրիշներու վկայութեամբը, անիկա չէր ապրած այդ ամէնը։ Հոս, ապրումը չէ որ պակսած է, այլ ասոր այն աստիճանը որ ապրումը կ՚անգայտացնէ, զայն փոխակերպելու համար արուեստի։ Երկաթը կը հալի անշուշտ, բայց ջերմութեան ոչ թէ քանի մը հարիւր աստիճաններով։ Տիկին Եսայեան այդ երկրին ազատագրութիւնը պատմելու համար ինկած է աճապարանքի, ապսպրանքի վրայ գործելու թերութեանց։ Իր ապրումները, այնքան հարազատ ուրիշ միջավայրերէ [3], հոս չեն գտած բաւարար incubation-ի շրջան մը որմ է վերջ արուեստը կ՚ըլլայ կարելի։

* * *

Տիկին Եսայեանի տպաւորապաշտ մեծ գործերը պէտք չէ մոռցընել տան այն միւսները, որոնք թէեւ ծաւալով պզտիկ, բայց թանկագին վաւերագիր կը դառնան անոր գրական խառնուածքը լուսաւորող։ Դուք գիտէք արդէն թէ անոր վէպերուն հիմնատարրը կու գայ այդ տպաւորութիւններէն, երբեմն խակ, առանց ենթարկուելու անհրաժեշտ գործողութեանց որոնք մեր զգայութիւնները կը մեղմեն, կը սրեն, զանոնք ներս մտնելու արժանի կեցնելու համար արուեստէն։ Իրեն համար վիպական տարտամ յօրինում մը բաւ է այդ շահագործումը ընելու անձնական ապրումներուն։ ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ սաթիռը նմոյշ մըն է այդ կերպին։ Բայց անոր ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՎԵՐՋԱԼՈՅՍՆԵՐ շարքը, արձակ քերթուածներու կաղապարով ու թեքնիքով պատմումները, ՆԱՒԱԿԸ, ԱՇՈՒՂԸ, ԵԱՇՄԱԳԸ յիշելու համար ամենէն ծա/315/նօթները կարեւոր թիւ մը նորավէպ հիպրիտ յօրինուածքին մէջ չսեղմուող ուրիշ յօդուածներու, պալքանեան պատերազմի օրերէն զգայութիւններ, իր վէպերուն մէջ լայն հատուածներ որոնք չեն մարսուած (ըսել կուզեմ՝ որոնք վէպին հերոսներուն բռնի հրամցուած անձնական զգայութիւններ են, պահելով անձին երանգը, չներդաշնակուելու չափ հերոսներուն հոգեբանութեան, այն մշտական ոգեկոչումնե՛րը՝ նկարչական զգայութիւններու այնքան առատ, բայց վէպերուն համար ոչ անհրաժեշտ, նոյն իսկ քիչիկ մը բեռ), բոլորն ալ տպաւորապաշտ խառնուածքի մը զօրաւոր ապացոյցները կը կազմեն:

Չեմ բաժներ հիացումը որ այդ կտորներուն առիթով յեղյեղուեցաւ իր անունին հետ։ Անոնց խորը թրթռացող մեծ զգայնականութիւնն էր հաւանաբար գահաւորակը այդ փառքին։ Տիկին Եսայեան մեծ միտք մը ըլլալէ առաջ, մեծ զգայութիւն մըն է, ու ասիկա՝ վճռաբար։ Գրական մեր երկու սերունդները այդ ուժգնութեամբ, բացարձակութեամբ զգայնութիւններ չէին յայտնաբերած։ Ռոմանթիքներուն Դուրեանը անշուշտ շքեղ անուն մըն է, բայց բանաստեղծ մը, որ պատեհութիւնը չունեցաւ իր անձը արձակելու, ընդարձակելու, անկէ ներս առնել կարենալու համար տագնապանքը իր օրերուն որ ապահովաբար աղջկան մը սեւ աչքերով կամ լճակի մը փրփուրներով, ալեակներով պայմանաւոր բան մը չէր։ Իրապաշտ ները, ըստ սահմանին, դէմ պիտի ըլլային արդէն զգայնութեան, անանձն գործին պաշտամունքը պարտադրելով իրենց տաղանդներուն։ Արուեստագէտ սերունդին մօտ զգայնութեան վերափառքը անշուշտ շահն է մեր նոր քերթողութեան։ Բայց նոյն ատեն, նիհար տաղանդներուն համար անիկա կարեւոր վտանգ մը ըլլալէ չդադրեցաւ երբեք։ Այս նկատողութիւնները կու գան մեծ արդիւնքէ մը որ արձակ քերթուած յիմար անունով մը՝ մեր գրականութեան մէջ յաւակնեցաւ նոր սէր մը ստեղծել։ Չրաքեան, Պարթեւեան, Թէքէեան, Մ եծարենց, յիշելու համար միայն վաւերական տաղանդներ, ունին իրենց մեղքերը այս սեռէն։ Ռ. Զարդարեան, Տիկին Եսայեան կը կարծեն վտանգին շրջանը ընել վիպական տարտամ քանի մը գիծ ալ նետելով այդ զղայութեանց թուլիկ շերտերուն ներսը։ Այդպէսով է որ պիտի գրուին ՈՎ ՈՐ ՍՈՒԼԹԱՆ ՄԸ ՈՒՆԻ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋԸ ԱՇՈՒՂԸ։ Տիկին Եսայեան իր տաղանդը պէտք չունէր փորձի ենթարկելու ապացուցանելու համար ընդունուած իրողութիւն մը։ Ատիկա արեւմտահայ աշխարհաբարին դաշնութիւնն էր, փափկութիւնն էր, նկարչագեղ շնորհն էր, որոնք չեն պակսած մեր միջակ գրողներուն /316/ իսկ պատրելու աստիճան ատոր ծանօթ չեղող դատողները [4] ։ Ու ԱՇՈՒՂԸ քիչ բան է, այդ շնորհներէն դուրս։

Միւս կողմէն, իրողութիւն է որ խռովիչ, նոր, իսկապէս քերթողական մթնոլորտով մը տոգորուն պզտիկ գլուխգործոցներ են այդ կտորները, միշտ փրկուած բառակոյտ մը մնալու իրենց ճակատագրէն, հաղորդական, իրաւ այն զգայնութեամբ որ հարազատ, զտարիւն, թանկ գրագէտ մը կը բնորոշէ։ Այս սրբազան տարրին միջամտութիւնն է որ ԱՇՈՒՂԸին քիչ մը մեծ գոյները, յարդարուն պատկերները, կառաոր դաշն նախադասութիւնները կը պահէ բնականին սահմաններուն վրայ, ու անոր կու տայ առնուազն մարդկայնական ջերմութիւն, որ զինաթափ կընէ նոյնօրինակ ռոմանթիզմ ին ճնշում են մեր տհաճոյքը։ Մինչ այդ ամէնը, առաւել՝ իմաստ, առաւել exotisme, արեւելապաշտութիւն անբաւական պիտի գան փրկելու ուրի: Համբաւեալ կտոր մը, այս անգամ ուրիշ գրողէ մը . Զարդարեան), որուն ՈՎ ՈՐ ՍՈՒԼԹԱՆ ՄԸ ՈՒՆԻ ՀՈԳԻԻՆ ՄԷՋը արձակ քերթուածին (ուրիշ անունով՝ հեքիաթին) գագաթը նկատուեցաւ մեր աճապարոտ, թեթեւ հոգի դատումէն։

 

Տիկին Եսայեան օրուան շարժում էին պիտի մասնակցէր յաճախ իր բոլոր միջոցներով։ Սահմանադրութենէն առաջ անիկա ամէն տեղ է, օրաթերթ ինչպէս հանդէս։ Իր ստեղծագործ ճիգը իր գերագոյն աստիճանին վրայ է այդ շրջանին։ Բայց, նմանելով քիչ մը կանխող սերունդին ընդհանուր տիպարին, պիտի գրէ ամէն բանի վրայ։ Եւ/317/րոպական իր զարգացումը, իր սքանչելի զգայնութիւնը, գրական հարցին հանդէպ այդ շրջանին կենդանի հետաքրքրութիւնը իրար կը պաշտպանեն որպէսզի գրչի այդ վատնումը մոլեռանդ ինքնախաբութիւն մը չդառնայ, ինչպէս եղած էր ճակատագիրը Տիկին Տիւսաբի վէպերուն, կամ թեթեւ նարկիզականութիւն մը, որ պիտի փճացնէր Սիպիլի իսկական շնորհները, գրականութիւնը կանացի, սնամէջ, մանրամիտ վայելքներու սահմանին բերելու աստիճան։

Տիկին Եսայեան գաղափարներ ունի։ Բայց ոչ ոք որ զուրկ ըլլար անոնցմէ, տարբերութեամբ մը միայն։ Լրագրական իր յօդուածներուն յատակը անշուշտ ընթացիկ քրոնիկին նկարագրով ընդհանուր գաղափար մըն է որ պոլսական ոճով պիտի համեմուի, կոկուի, ձեւի, չափի հպումներով, ու մատուցուի հանրութեան, ինչպէս են առհասարակ բոլոր խմբագրականները մեր հանդէսներուն, աւելի դժբախտ աստիճանով մը՝ մեր օրաթերթերուն։ Այդ խօսքերուն մեղքը խօսք միայն ըլլալն է, բառերով կառուցուած յաւիտենական արձակը (կրնայիք կցել քերթուածն ալ, տրուած ըլլալով վճռական վկայութիւն մը, որ երկու սիւնակ պիտի գրաւէ ու պիտի առաջնորդէ հասարակաց կարծիքը բոլոր ուղղութիւններով։ Տիկին Եսայեան այդ բառէ շէնքին մէջ պիտի դնէ այդ պուտ մը բանը որ խելքն է, ապրումն է, համոզումն է, համաձայն նիւթին։ Ու այս իսկ հանգամանքով այդ խմբագրական մանրուքը (խոշորը կը վերաբերի թերթը վարողին փառասիրութեան) պիտի զատուի շրջանին սնոտիքէն ու եթէ երբեք Տիկինին գրական դէմքին վրայ յաւելում պիտի չնշանակէ, բայց պիտի արդարացնէ ինքնիզինքը, վասնզի կու գայ պէտքի մը համար, կը լեցնէ պակաս մը։ Այսպէսով է որ անիկա պիտի գրէ գիրքերու վրայ, շրջանին գրական քննադատութիւնը անշուշտ շալակնելով մենաշնորհի մը վերածել, բայց այլեւս անհրաժեշտ դարձած այդ շատախօսութիւնը նուիրագործելով իր մեծ տաղանդին վարկովը։ Պիտի գրէ կիներու վրայ, ու պիտի չնմանի մայկայական եղջերուաքաղին քանի որ պոլսական պուպրիկի աչքերովը չէ որ պիտի մօտենայ հարցին, այլ աշխարհ տեսած, ճանչցած կնոջ մը խելացի, գործնական հետաքրքրութեամբը… Պիտի գրէ մանուկներու վրայ, ու եւրոպական գիրքէ մը թղթատում մը պիտի չհրամցնէ հասարակութեան։ Պիտի գրէ նորոյթներու, կիները շահագրգռող նիւթերու, դաստիարակութեան, կենցաղագիտութեան, ինչ գիտնամ՝ այն յիմար ու փուճ բաներուն վրայ, որոնք օրուան պէտքերը կը դիմաւորեն ու գրագէտը կը սպաննեն։ Աւելի յետոյ, պատերազմին ու /318/ յաջորդ տագնապներուն (պատերազմ մը ըրաւ մարդկութիւնը տագնապի մը համար ու իբր արդիւնք իր յաղթանակին ունեցաւ տագնապներու գերաճուն գրոհ մը) անիկա պիտի գործէ, գրէ, թերթ խմբագրէ, այս անգամ ընկերային դասակարգային մեծ խնդիրներու սլաքներուն ներքեւ։ Տարիներով, հաշտութենէն վերջ, անիկա ի հաշիւ Երեւանի պիտի վարէ «Երեւան» պարբերականը, հոն պաշտպան կենալով չեմ ըսեր վերջաuտաց, բայց իրեն համար ոչ հիմնական կեցուածքներու։ Տիեզերական տառապանքին դէմ իր զինուորագրութիւնը չեմ վերածեր գրական կեղծիքի։ ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ հատորը այդ տառապանքին ամենէն սրբազան դիւցազներգութիւնն էր եղած ու անոր սրտին գելումներուն անմագ արձագանգը: Իր պարբերականը քաղաքական ուղղութիւն մըն էր, այսինքն անգոյթ եթէ ոչ անգոյ բան մը ժողովուրդի մը մէջ որ անկէ զրկուած էր սանկ հազար մը տարիներէ ասդին։ Հերքել այս պատմական ճշմարտութիւնը, հաւատալ ասոր ճիշդ հակառակին ու ինքզինքը խաբել անշուշտ ակամայ մեր մէջ նշաններ են քաղաքական հասկացողութեան։ Տիկին Եսայեանի նոր արեւելումը ոչ աւելի է ոչ պակաս իր այն արեւելումէն որ պատերազմը կանխող իր գործունէութեան իմաստը պիտի ըլլար։

 

Ինչպէս կը տեսնուի, այս ընդհանուր ցուցմունքներու շարքը գրականութեան մը պատմութիւնը կը հետաքրքրէ առանց որ անոնցմով բան մը չատի գրագէտի մը դէմքը, եթէ յաճախ տոյժին ալ չառաջնորդէ զայն։ Ըսեր ու ըսեր եմ վնասէն որ այդ ոգիին գործը պիտի ըլլար մեր գրականութեան։ Տիկին Եսայեանի գրական արդիւնքին կէսը այսպէս կը կոչուի օրուան կարիքներուն։ Հիմա որ աւարտած է ան իր գրական ճակատագիրը, հիմա մանաւանդ պիտի անդրադառնայ կորուստին որ իր ժամանակին, զգայնութեան, խելքին ամենէն լայն մասերը ուզեց իրմ է ու կը մնայ իբրեւ փոթի, իր անունը, յիշատակը ծանրաբեռնելու ահաւոր ալ բախտով մը։

 

Այս ընդհանուր հաշուեկշիռէն վերջը կը ճշդեմ, իր գործունէութեան սա զանազան երեսներուն վրայ, իր գրագէտի խղճմտութեան կարելի արժանիքը։

ա) Անոր գրական դատաստանները արու եւ առողջ իմացականութեան մը ուժովը պայմանաւոր եղան։ Եւ ուժը միշտ գումար մըն է։ Խօսած է 1910էն առաջ գրական հարցերու վրայ, որքան որ անոնք կրնային մատչելի ըլլալ թրքական գրաքննութեամբ ահաբեկուած ու շղթայապիրկ հրապարակի մը համար։ Պալզաքի գործէն իր ուր/319/ուագրումները, կիներու դէմ քեզ, Ռընէ Կիլի քերթողութեան (poésie instrumentale) վրայ նշմարներ, օրուան գրական մանրուք խնդիրներուն շուրջ իր filet–ները, իր վիպակներուն մէջ, իր հերոսներուն վրայով իր գրական դատումները, մեզի կը թելադրեն առնուազն լրջութիւն: Անիկա չի նմանիր ընթացիկ դատողին որ քանի մը կարկտան գաղափար իրարու կը բերէ ու պատմուճանի մը պէս կը փռէ գիրքի մը կամ դէմքի մը վրայ։ Չէ անշուշտ ինքնատիպ, խոր մտածողը որ շրջան կը յօրինէ, առնուազն ակօսներ կը քաշէ։ Բայց իր թափանցումը, հասկնալու կերպը միշտ ապահով ճաշակ մը կը նախադրեն ամէն անգամ որ իր դատումները գեղանան, մասնաւորուին։ Ամբողջ վէպ մը, համաբառ տիտղոսով մը Վէպը, նիւթ ունի արուեստագէտի, արուեստի տագնապ մը։ Ուրիշ մը, ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ, Հակառակ երգիծական ոլորտի մը, շրջանակը կառնէ վաւերական արուեստին սպասարկուներէն։ Ու ի՞նչ փաստ՝ այն գեղեցկութիւնը որ Պալզաքի մը Illusions Perdues վէպերունը մնաց։ Այսօր ալ կը կարդանք այդ էջերուն հնարուած տագնապները, երբ այնքան հեշտագին մոռացման մը մէջ կը պահենք 1830 - 1840ի շրջաններուն թերեւս քանի մը հարիւրը անցնող իրական անունները ֆրանսական գրականութեան սպասարկուներուն։ Վէպըին աւագ դերակատար Հրանդը 1900ի հայ գրականութեան համար աւելի յատկանշական, աւելի իրաւ անձնաւորութիւն մըն է քան խումբը մարդոց որոնք մինչեւ 1908 Պոլսոյ մէջ վէպ, քերթուած հրատարակեցին, թերթ, պարբերաթերթ վարեցին, եւ որոնց անունը չեմ կարծեր որ լուրջ գրական պատմութենէ մը ներս անցք ունենար։ Արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր ըմբռնողութիւնը շատ աւելի պայծառ է իրեն համար քան զայն ի պաշտօնէ դատելու սահմանուած ինքնակոչներուն մէջ։ Դուրեանը ոչ միայն զգայնութիւն մըն է իրեն համար, այլ եւ արուեստ մը։ ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐուն մէջ Տիկին Տիւսաբի այցելութիւն մը պատմած պահուն անիկա անզգալի կերպով մը պաշտպան կը կանգնի նորոյթէ ինկած գրագէտ կնոջ, անշուշտ այդ նորոյթին կուռքը եղող ուրիշ մը (Տիկին Սիպիլ) արժեզրկելու անգիտակից հոգեբանութեամբ մը։ Բայց իր վէպերուն մէջ անիկա դէմ է թեթեւ, անլուրջ, նոր—ռոմանթիք, փրփրայոյզ ու ժանեկազարդ բառախաղին, որ 1900ին գրականութեան յղացքը կը փոխարինէ ու կիներու եւ իգացած այրերու սրտառուչ փաղանք մը կը խանդավառէ։ Եւրոպական մեծ շարժումներ անծանօթ չեն իրեն։ Իր նախասիրութիւնը՝ գրականութեան մէջ բարձր դեր մը տեսնելու, աւելի յաւակնոտ տարազով մը՝ իմաստ դնելու, անպայման ուշագրաւ էր։ Կինն /320/ էր ան որուն վէպերուն մէջ արուեստի նուիրուածներ, մտաւորականներ, երկու սեռէ, բարձր դասակարգի իբը ներկայացուցիչներ կը վերլուծուին գերազանց ախորժակով մը։ Հարիւր տարի վերջը արեւմտահայ մտաւորական տիպարներուն ուսումնասիրութիւնը անոր գործին վրայ միայն կարելի, թանկագին նպաստ մը պիտի կազմ էր այդ մշակոյթին հասկացողութեան։ Եւրոպական իմաստով դատող մը չէր անիկա։ Բայց Արեւմտահայ գրականութեան լրիւ պարագրկում էին համար ոչ մէկ անբաւականութիւն։ Ու եթէ մտածենք որ վէպ, փորձ, վիպակ, ընկերային շարժումներու լուրջ փնտըռտուքներ, մեծաքանակ օրուայ հարցեր իրացած են նոյն այդ գործունէութեան ընդմէջէն, Տիկ. Եսայեան կը դառնայ եւրոպական գրողի միջին տիպարին։ Պատերազմ էն վերջ անիկա իրեն պիտի տայ դերը պայքարող զրադէտին ու պիտի ճարտարւորի հայթայթելու համար նման դերի մը հարկադրած իմացական պատրաստութիւնը։ Թէ որ աստիճան պիտի արդարացնէր իր յաւակնութիւնները, այդ չէ էականը։ Բաներ կան որոնք չենք կրնար սորվիլ որոշ տարիքէ մը վերջ, ինչպէս ֆիզիք աշխարհին մէջ կան fonction–ներ, որոնք արտօնուած չեն մեր մարմինին, միշտ որոշ տարիքէ մը առաջ կամ վերջ։ Էականը պայքարը ընդառաջելու իր կորովն էր, մտածման արարքը նիւթական կիրքի մը պէս զգալու իր երիտասարդութիւնը։ Ու այդ իսկ հաստատումով մենք չենք տառապիր զինքը տեսնելով մտածման այդ դրութեանց մէջ որոնք չեն հերքել իր խառնուածքին հիմնական վկայութիւնները։ Ազնուապետական գրագէտ մը չէր եղած անիկա։ Չէր եղած նմանապէս պոլսատիպ փետրուհի մը։ Ու այս է թերեւս այն թաքուն պատճառը, որ պիտի պաշտպանէր զինքը երբ խորհրդային կարգերու փրոփականտին տրամադրեց իր գրիչը։ Անշուշտ իր դէմքը չունի շահելիք այդ գործունէութենէն որեւէ պսակ։ Բայց չի ալ կորսնցներ [5] ։ Չի կորսնցներ, վասնզի Տիկին Եսայեան չի նմանիր հաւատափոխ այն փերեզակին որ գրականութեան մէջ զզուելի է ամենէն աւելի։ Պատերազմէն ասդին, խորհրդային փրոփականտը պառակտեց մեր մտաւորականութիւնը, քիչ մը ամէն տեղ, կեդրոն /321/ ունենալով Փարիզը։ Անուններ չեմ տար, այդ թշուառութիւններուն հոս յիշուելու փառք մը խնայած ըլլալուս համար ոչ անշուշտ։ Իրողութիւն է որ կարեւոր թիւ մը մեր երիտասարդ տաղանդներէն, ուղեկորոյս, գլխեկորոյս, մեծ քաղաքին մէջ անօթութեան ու հեշտանքին հետ դէմ դէմի, հոգեկան հանգիտութեամբ մը հակեցաւ գաղափարները որոնց կրնար դիմադրել, եթե երբեք ուրիշ պայմաններ տրամադրուին այդ տղոց առնուազն ակռաներուն…։ Տիկին Եսայեան շարժում էին կեդրոնական անձնաւորութիւնն էր։ Մարդկային տառապանքը, որ քանի մը տասնեակ միլիոն մահերու գումար մըն էր, հոգիներու վրայ բեռցուած պատերազմական անլուր տուգանք մը, անոր ջիղերը պիտի սարսէր չատ աւելի խոր, պատռտող յուզումներով, քանի որ Տիկինը տուած էր արդէն փաստը այդ զգայնութեան։ Անիկա անցաւ բանակին մէջ այն մարդոց, որոնք մեր քաղաքակրթութեան այդ մեծագոյն աղէտը վճռեր էին, գէթ այդ օրերուն, միանգամ ընդ միշտ հալածելու մեր կրկէսներէն։ Ու այդ արդիւնքին հասնելու համար լծուեցան աշխատանքի։ Ծանօթ է պատերազմի գրականութիւնը զինուորներու յուշերովը, կռուողներու վկայութիւններովը այնքան իրական ու ահաւոր։ Եսայեանէն չեմ տեսած յաջող էջ մը։ Իր ՄՈՒՐԱՏԻ ԿԵԱՆՔԸ կենսագրութիւնը անարժան է իր, ինչպէս հերոսին անունին [6] ։ Ծանօթ է միւս ալ գրականութիւնը, /322/ պատերազմին ընդդէմ, ուր միջազգային մեծ դէմքեր դրին այնքան հզօր հարցեր, ամբողջ արդի քաղաքակրթութիւնը, մտածող մարդկութեան ազնուագոյն խաւերը շահագրգռող։ Տիկին Եսայեանի մասնակցութիւնը այդ շարժումին անշուշտ աւելի կ՚արժէ քան ուրիշ հաւատափոխի մը բարբաջանքները Արեգ հանդէսին մէջ (1922-1923, Վիեննա, Պերլին), վասնզի պաշտպանուած է առնուազն գրական արարքին (acte) փաստերովը, քանի որ ԵՐԵՒԱՆէն առաջ Տիկին Եսայեան գրած էր վէպ, մտածում, դատումներ, որոնք կը բխէին նոյն աղբիւրէն, մարդկային մեծ տառապանքէն։ Չեմ կրնար բանալ հոս ուրիշ ալ փարակրաֆ, դնելու համար հարցը արուեստին, ամէն ձգտումնաւոր գրականութեան մէջ։ Տիկին Եսայեան ամենէն քիչ մեղաւոր դէմքն է բոլոր անոնցմէ որոնք նոր թէ հին, բայց մանաւանդ նոր՝ իրենց անասելի հաշիւներուն ի հաշիւ հակեցան դէպի այդ ապսպրուած, ծախու հանուած գրականութիւնը։ Անոր ուսումնասիրութիւնները այն արուեստագէտներու մասին որոնք եւրոպական գրականութեանց մէջ ընկերային հարկ գաղափարաբանութիւններ կը պաշտպանէ ին, արժանի են իրենց անկեղծութեան։ Թէ անոնք մեր գրականութեան ընդհանուր շրջափոխութեան մէջ կշիռ մը չունին, չունեցան, անիկա չի փոքրեր անոնց իմաստը։ 1920էն ասդին մենք, Սփիւռքի մէջ դադրած էինք ժողովուրդ մը ըլլալէ։ Հոն երեւան ելած գրողները, իրենց շրջանակը տալու հարկադրուած, կը վերածում էին, այդ իսկ ճնշումով, անհատական վկայութեանց։ Չունէինք գրականութիւն մը արդարացնող պայմանները այդ մարդոց ետին, վրան, ոտքին։ Անոնք որ յուշեր գրեցին (Համաստեղ, Օհան Կարօ) կը ծառայէին մեր բարքերուն բայց ոչ մեր գրականութեան։ Անոնք որ պիտի կրնային գրականութեան դիմագիծ մը տալ, Շահան Շահնուր, Հ. Զարդարեան, Շ. Նարդունի, այսինքն Փարիզի վաւերական տաղանդները, իրենց դժբախտութիւններէն, օրուան /323/ կարիքներէն նուաճուած հետզհետէ պիտի սպառէին։ Փարիզէն Երեւան փոխադրուիլ մը Տիկին Եսայեանը փրկեց այս ճակատագրէն։ ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ շահ մըն է հայ գրականութեան։

 

Բ) Անոր ֆեմինիզմը պարկեշտ, հաստատ վկայութիւն մըն է ամենէն առաջ հանդէպ սեռին։ 1900ին կիները մեր գրականութեան մէջ ձեռք են ձգած մեծ կարեւորութիւն եթէ ոչ գերագահութիւն։ Ունին իրենց հանդէսը։ Ու մեծ է թիւը այդ կապոյտ-գուլպայ թշուառութիւններուն։ Եւրոպական ու ամերիկեան հանդէսներու ճազպանտէն արձագանգ մըն է այդ կիներուն տուածը։ Ու հասկնալի՝ քանի որ ընկերային շարժումներու համար այնքան գէշ ու քիչ պատրաստուած են մեր կիները։ Ունինք անոր տխուր փաստը յանձին Տիկին Տիւսաբի։ Տիկին Եսայեանի կեցուածքը պարկեշտ է. առնուազն ապրող կնոջ մը բերած նպաստովը այդ դատին։ Անիկա Եւրոպայի մէջ հետաքրքրուած է շարժումով ու կը ճանչնայ անոր տարողութիւնը։ Ու պիտի չընէ բառակուսային աշխատանքը ՄԱՅՏԱյին : Ինչ որ կ՚ուզէ` մարդկային ըլլալ կրնալու իրաւունքն է, իր սեռին համար։ Ու ասիկա յատկանշական է պոլսեցի տիպարին մօտ, որ Տիկին Եսայեանի վէպերուն մէջ ամենէն կատարեալ համադրութիւնն է արեւմտահայ կնոջ գէթ իմացական շնորհներուն։ Իր լրագրական յօդուածները յօդուածներ են, բայց կեանքէն փրթած։ Անիկա զգոյշ պիտի ըլլար ընկերաբանական յաւակնութիւններէ, շատախօսութենէ, հիւկոյական շանթաժէ, ու այն աժան գրականութենէն որ 1830ին Ժորժ-Սանական երազանքներուն երկարաձգումն էր մինչեւ 1890, պոլսական մամուլին մէջ, ուր լրջութեամբ կը պաշտպանէին անգոյ դատեր։ Գործնական, ողջամիտ իր յօդուածները, երբեմն գրուած որոչ կորովով, միշտ՝ իրականութեան հատու ըմբռնումով մը, տեսակ մը հակազդեցութիւն կը թուին այսօր Սիպիլեան սնոտի մտածողութեան որ միշտ բառ է, քիչ անգամ ապրում։ Մնաց որ իր վէպերուն մէջ անիկա միշտ արուին ու էղին պայքարը ունի իրեն յենակէտ։ Ինչ փոյթ որ գործողութեան բուն մղումներուն ընդմէջէն կիներու մասին անոր մտածումները չհասնին բաւարար պայծառութեան, կարկառի, եթէ կը ներուի այս բառը։ Իր հերոսուհիները իրենք զիրենք անդամահատած ասեն իրական կիներ չեն միայն, այլ որոշ իմացական ջրդեղումով յատկանչուած խորհուրդներ։ Կինը, այդ ամ բողջ գործին մէջ, զգայնութեան համար յարդարուած էակ մըն է։ Ասոր մէջ միայն կը գտնէ իր իմաստը ինչպէս ինքնութիւնը։ Ընկերութեան օրէնքները, կարգն ու սարքը երբեմն կը միջամտեն այդ /324/ զգայնութեան ճամբաները encombrer ընելու աստիճան։ Ատոնց ընդդէմ վճռական կեցուածք՝ կառաջնորդէ դէպի տռաման։ Ու եթէ երբեք միշտ չեն մեռնիր կամ մեռցնէր անոնք, ասիկա անոր համար է որ կեանքին մէջ ալ նոյնն է պարագան է։ Որքա՜ն լաց, որքա՜ն համակերպական կործանում տանիքներուն ներքեւ ուր մեր միամտութիւնը կ՚ախորժ էր խաղաղութիւն միայն հաստատել։ Ի՜նչ կ՚ուզեն անոր կիները սա աշխարհէն։ Բոլոր վէպերուն մէջ անոնք կ՚ուզեն ինչ որ ունին ու հոս է ողբերգութիւնը: վասնզի կ՚անգիտանան թէ ունին։ Ընտանիք մը կեղծիք մը չէ։ Անիկա որոշ հաւասարակշռութիւն մըն է։ Զայն խանգարելու ծառայող ազդակները, ուրիշ վէպերու մէջ, բաւական որոշ յօրինուածք մը կը պարզեն։ Ախորժակներ, միսի պապակ, թանձր կիրքեր, երբեմն ճակատագիր։ Տիկին Եսայեանի բոլոր կիները կրնային զերծ մնալ զիրենք զանցող դըժբախտութիւններէն, եթէ երբեք ուզէին ատիկա։ Ու հոս է իր վէպին իմաստը։ Իր կիները, բացառիկ տիպարներ, իմացական ճոխ շնորհներով, իրենց զգայնութիւնը կը վտանգեն երբ կը դրուին անոնց զառիթափին։ Անոնք չեն կրնար ընտանիքի հաւասարակշռութեան ծանր գիտութիւնը արժեցնել, առանց աղէտի։ Այնպէս որ երբ միտքի առջեւ կը կանչէք զանոնք հարցնելու համար իրենցմէ թէ ինչո՞ւ աշխարհը, մանաւանդ իրենց ընկերները (partenaire) կը տեսնեն այնքան տարբեր հասարակաց հանգամանքներին, ոչինչ ունին մեզի ըսելիք որ ըլլար արդար, առնուազն գոհացուցիչ։ Կը ճանչնաք դուք ՎԵՐՋԻՆ ԲԱԺԱԿԸին հերոսուէին։ Չեմ առարկեր թէ դժուար են նման կլիներ մեր մ էջ, վասնզի կեանքը վեր է մեր առարկութիւններէն։ Ու գիտնալու ենք թէ մեր դժբախտութիւնները զգացական բախման կրկէսին վրայ, մշուշով կը վարագուրուին չատ յաճախ, այն մշուշով զոր այնքան ճարտարութեամբ կը հնարենք, հազար ու մէկ նրբութիւններու, ազդմունքներու, իրաւունքի պատգամներու համախառնուրդ գրոտով մը շքազարդելու համար խորքին մէջ մէկ ու նոյն թշուառ բանը, մեր միասին պապակը իրարմէ։ Կանխող էջերու մէջ այս վերլուծումը կատարուած է։ Հոս կ՚ակնարկեմ անոր, ըսելու համար թէ ոչ մէկ կանխադրուած մտածում է կանացի դերերու վարդապետական ջատագովանք, սեռերու տեսութիւններ չեն մթագներ Տիկին Եսայեանի տեսակէտը որ կ՚արտօնէ այդ կնոջ վերջին բաժակը խմել, զայն ղրկելով թէյի հրաւիրուած պատահական բժիշկի մը ետեւէն, աս ալ տէր քանի մը զաւակներու եւ կնոջ։ Այս բացարձակութիւնը տիրական է գրեթե բոլոր իր յաջողած վիպակներու համար։ Բոլորին մէջ ալ ֆեմինիսթ տիպարին փշրանքն իսկ չի գործեր. այլ հիմնական յի/325/մարութիւնը որով փաթթուած կը քնանան մեր կիրքերը մեզմէ ներս։ Բոլոր այդ կիներուն տագնապին դէմ միշտ կրնաք բացագանչել. ինչո՞ւ։ Տրամաբանութիւնը սնամէջ դատող մըն է այդ ինչո՞ւն բացատրելու համար։ Այս տողերէն յետոյ, Տիկին Եսայեանի կեցուածքը, կիներու հարցին մէջ, կը մօտենայ կանխող վերջադարուն (fin de siècle) գրական մայր թեմային, որուն զանազան երեսները մշակուեցան առաւելապէս թատերական գրականութեան մէջ (Իպսէն, Հ. Պաթայլ, Պերնշթայն)։ Մամանքոլիպրին, Նորան, Սամսոնին Կրասը եթէ քոյրերը չեն Տիկին Եսայեանի հերոսուհիներուն, չեն ատիկա ոչ թէ խորքին, միuին պատգամովը (որ նոյնն է անվրէպ), այլ հանգամանքներու հանգոյցովը։ Տիկին Եսայեան կինը տուած է զգացական էակ մը իբրեւ, քիչ անգամ ենթակայ իր միտքին, ու դերի իը զգայնութեան։ Ոչ ոքի համար կասկածելի է թէ հակառակն էր որ կը յաւակները պարտադրել ֆեմինիսթ վարդապետութիւնը։



[1]     Այս գործին վերջին հատորին մէջ Կոստան Զարեանի նուիրուած գլուխը լայնօրէն կը զբաղի այս հարցով, որ իր ու մեր դժբախտութենէն այս իսկապէս մեծ տաղանդ մը ունեցող գրագէտը ի վերջոյ պիտի զառած է դէպի reportage ու պիտի տայ գործ մը որ կասկածելի է առնուազն հոգեկան պարկեշտութեան պակասով մը, վաւերագրականէն անկախարար։

[2]              Կիլիկիոյ եղեռնը մեր գրականութեան մէջ ունեցաւ ամենէն խոր անդրադարձը։ Անոր քաղաքական հակահարուածը մեր ազգային պատմութեան մէջ ձգեց անջնջելի հետքեր։ Բայց անոր մարդկայնական զարհուրանքը մեզի պիտի տար մէկէ աւելի գրական գործեր։ Տիկին Արշակուհի Թէոդիկ, Փայլակ, Սուրէն Պարթեւեան, Սիամանթօ ուղղակի հատորներ հանեցին անկէ։ Վարուժան, Թէքէհան՝ հզօր քերթուածներ: Տիկին Եսայեանի հատորը կը զատուի բոլորէն ջիղերու ու երեւակայութեան անհաւասարելի սա վկայութեամբը։

[3]     Անոր՝ Փարիզը տուած է երկու գիրք, ԿԵՂԾ ՀԱՆՃԱՐՆԵՐ, ՍՊԱՍՄԱՆ ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ։ Վերջինը տպաւորութեանց այնքան կենդանի, դիտողութեանց այնքան սուր շեղումով մը որ դժուար կը դառնայ ըմբռնելի եթէ երբեք տարիքին, այսինքն զգայարանքներուն թարմութիւնը չոգեկոչենք։ ՊՐՈՄԵԹԷՈՍ ԱՐՁԱԿՈՒՄԸ ծերութեան գործ մըն է։ Ու ծերութեան գործ մը ուղիղ վկայութիւն երբեք չի կրնար ըլլալ։ Անիկա կը յաջողի ա) ամէն անգամ որ յիշատակներու (բաւական սանկ քառորդ դար մը հին) վերարտադրութիւն մըն է։ Հոգեբանական դասագիրքեր կու տան բանալին այս յաջողուածքին։ ՍԻԼԻՀՏԱՐԻ ՊԱՐՏԷԶՆԵՐԸ չէք կրնար մոռնալ։ Ինչպէս չէր կրցած մոռնալ հեղինակը: բ) Երբ զգայութիւններու վրայ աշխատելու տեղ իմացական գետինի մը վրայ կը զարգանայ: Մեր մէջ ամենէն ուշ մեռնող մասը մեր իմացականութիւնն է։ Ու ՊՐՈՄԵԹԷՈՍ ԱՐՁԱԿՈՒԱԾԸ միտքի գործ մը չէ, այլ զգայարանքներու արձանագրութիւնը։

[4]     Իբր հետաքրքրական դէպք հոս կը յիշեմ փառքը զոր Յ. Ճ. Սիրունիի մէկ ոտանաւորը ՀԱՅՐԸ (Գարուն ալմանախ, Մոսկուա, 1910) արթնցուց արեւելահայ դատողներու ակումբին մէջ։ Կը հիանային այդ ոտանաւորին արագութեան, կենդանութեան, քաղցրութեան ու չէին անդրադառնար որ քերթուածի մը մէջ ար– տայայտութեան աս կարգէ շնորհներ այլեւս բնական դարձեր էին արեւմտահայ զգայնութեան որ զանոնք չէր նշմարեր, վարժուած ըլլալուն, ու բանաստեղծութեան համար խորքի, ներշնչման ուրիշ՝ առաքինութիւններ կը պահանջէր, հերքելով ԺԱՆԵԱԿՆԵՐԸին (Սիպիլ) փառքը, ծանրանալով Թէքէեանի զգայնութեան, կամ Վարուժանի զգացողութեան։ Թերեւս նոյն այս իրողութեան փաստ կը ծառայէ վճիռ մը որ ԱՇՈՒՂԸ միս մինակը բաւ կը նկատէ Տիկին Եսայեանի անունը անմահացնող . Փափազեան, ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ)։ Արեւելահայերուն մօտ հասկնալի սա պատրանքը արեւմտահայերուն գրագէտները պիտի վարակէր ու պիտի ստեղծէր ՍԱՐՔՈՅԻ, ԳԱՄԲՌի նման միջակ, երբեմն աւելի վար փառքեր։ Արտաշէս Յարութիւնեանի՝ ԹԻՖՈՒԿԸ,

[5]     Կէտի մը մէջ միայն այդ կորուստը կը թուի յստակ։ Ատիկա ազգային հարցին դէմ խորհրդային քննադատութեան որդեգրած գաղափարաբանութեանց ընդունուիլն է իր կողմէ։ Հոս ճշմարտութեան, իրաւացիութեան հարց մը չկայ, այլ իր իսկ մտածումին բռնադրուած զեղծում մը։ Տիկին Եսայեան մեր բոլորին չափ, եթէ ոչ աւելի, կը ճանչնար թուրքը։ Ու մեր կործանումին ազդակը դուրս էր մեզմէ։ Այդ ազդակը մեր իմաստութեան կամ յիմարութեան մէջ տեսնել զիջանիլը կեցուածք մըն է որ չներեցինք իրեն։

[6]     Արեւմտահայ գրականութիւնը մեծ անփութութեամբ մը մոռացման մէջ կը թողու մեր պայքարին մեծ դէմքերուն փրկութեան գործը: Մուրատը մէկն էր ատոնցմէ։ Ո՛չ Տիկին Եսայեանի, ո՛չ ալ Վարանդեանի գործերը, զայն սեւեռելու իրենց փառասիրութեան մէջ, չեն հասած նոյն իսկ միջին փառքի մը։ Այդ մարդը, նմանները, պատրաստ հերոսներ էին վիպական գործողութեան մէջ։ Տիկին Եսայեանի վրիպանքը ըմբռնելի է ի վերջոյ։ Լեոները չեն պատմուիր այլ կ՚ապրուին։ Ու Մուրատի հոգին ըմբռնելը ականջի, երեւակայութեան գործ մը չէ, այլ ջիղերու, մորթի, մեր բառով` ապրումի։ Ահագին տարողութեամբ դէպքեր անցան այս ժողովուրդին գլխէն, վերջին յիսնամեակին։ Տասնեակ հազարով կը հաշուուին դէմքերը որոնք զենք առնել գիտէին ու մեռան ատիկա ձեռքերնին։ Ի՞նչ է անդրադարձը այս հսկայ տագնապանքին, մեր արուեստին վրայ։ Գրեթէ ոչինչ։ Ինչ որ իբրեւ յուշ, օրագրութիւն, արդիւի տարր իջած է հանրային սեպհականութեան պատմական վաստակ մըն է, գրեթէ բոլորովին օտար՝ արուեստին։ Ամերիկայի «Հայրենիք»ը այդ ուղղութեամբ դպրոց է կազմած։ Եւ սակայն այդ նօթերը գրեթէ կը խաթարեն իսկ իրողութեան այլապէս ահաւոր, մեծ, սրտառուչ գեղեցկութիւնը: Ի վերջոյ արուեստը ունայն բան մը չէ։ Առանց անոր՝ պատմութիւնը արձանագրութիւն է եւ ոչ ուրիշ բան։ Կարդացէք Անդրանիկի յուշերը, այդ հանդէսի հաւաքածոներուն մէջ, ու պիտի տառապիք աղքատութեան այդ աստիճանէն։ Կը հասկնամ որ անոնց հեղինակը արուեստագէտ մը կրնար չըլլալ։ Բայց այդ յուշերուն թելադրա՞նքը՝ անոնց վրայ որոնք արուեստագէտ ծնած էին։ Տիկին Եսայեանի վրիպանքը անշուշտ չի նմանիր Վարանդեանի վրիպանքին որ անբաւականութիւն մըն է անխառն ու բացարձակ։ Յետոյ, պատմութիւն ընելու մեր նոր կե՛րպը՝ ուրկէ վտարուած է արուեստին զգայարանքը։ Եւ սակայն կեանքը կը փրկուի միայն ու միայն արուեստին հրաշքովը։ Տիկին Եսայեանի անձը շատոնց դադրած է ապրելէ։ Բայց իր վէպերուն կիները, որոնք կերպով մը մարմնառութիւններն են հեղինակին, կ՚ապրին անսահման ժամանակով։ Իր Մուրատին տժգունութիւնը չեմ փաթթեր մատի, վճիռներու հասնելու համար իր վիպողի ընդունակութեանց մասին։ Իրականութեան հաւատարիմ մնալ գիտցեր էր անիկա ԱՒԵՐԱԿՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ։ Բայց ի՛նչպէս դատել այդ հերոսապատումները որոնք գրուեցան, պիտի գրուին ալ տակաւին, առանց ազդուելու այս տրտում փաստէն։ Պատմութի՛ւն։ Այո՛։ Բայց գործ նոյն ատեն արուեստի. աս պիտի ըլլար մեր ուզածը։