ԵՂԻՇԷ
ԴՈՒՐԵԱՆ
/39/
Եղիշէ
Դուրեան
անունին
տակ
կիսադարեան
բարգաւաճ
ու
արդիւնաւոր
գործունէութիւնը
իր
լայնագոյն
մասովը
մշակութային
զբաղանք
մըն
է,
տարազին
տալով
արդար
իր
լայնքը։
Երբ
կ՚ապրէր,
անիկա
կը
խտացնէր
մէկէ
աւելի
յղացքներ,
այդ
մշակոյթին
բաղադրիչ
տարրերէն,
ու
իբր
այդ
կը
վայելէր
հասարակաց
հիացում
մը,
քիչ
մը
շատ
ընդհանուր,
վտանգելու
աստիճան
Սրբազանին
ճշմարիտ
տաղանդը։
Յետոյ
ան
չնմանեցաւ
ուրիշները,
որոնք
իրենց
նուիրագործումը
շատ
դանդաղ
կիրացնեն.
լայն
ընկրկումներով,
նահանջներով,
ու
կամքի,
գործօնութեան
մեծ
վատնումով
կը
սրբագրեն
արգելքները
իրենցմէ
թէ
դուրսէն։
Անոր
անունը,
շատ
մատաղատի
մարմնի
մը
վրայ
իսկ,
յաղթանակ
մըն
էր
ու
ասիկա
հակառակ
այն
ճիղճ
չըսելու
համար
ձախող
բարիքին
որ
մեր
երիտասարդութեան
նուէրն
է
մեր
տաղանդին։
Երեսունի
դուռներուն
Եղիշէ
Վարդապետ
Դուրեան
բանաստեղծ
մըն
է
(մի
հարցնէք
թէ
ի՞նչ
է
դրած
բացի
տաժանագին
թարգմանութիւններէ
եւ
անտանելի,
միջակէն
ալ
վար
պատմումներէ,
ինչպէս
է,
օրինակի
մը
համար,
ՆԱՅԻՆԻ
ՊԱՏԱՆԻՆ),
պատմագիր,
(առանց
այդ
տիտղոսը
արտայայտող
ոեւէ
լուրջ
վաստակի),
քննադատ
(1884–ին
տպուած
իր
ՀԱՅ
ՄԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ
ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ
տժգոյն
ընդօրինակութիւնն
է
գէշ
գիրքի
մը,
Հ.
Գ.
Զարպհանէլեանի
կողմէ
հեղինակուած),
բանասէր
ու
լեզուագէտ
(տիտղոսներ,
որոնց
արժանաւորութիւնը
Դուրեան
Վարդապետ
հեռու
էր
ընդգրկելէ,
վկայ
իր
ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
յօդուածը
Մասիսի
մէջ,
ուր
անիկա
անբաւարար
իր
պատրաստութիւնը
ծածկել
կը
ձգտի
աժան
ընդհանրացումներու
ետին
ու
առաւելապէս
հաստատ,
չափազանց
լայն,
մեթոտիկ
կերպով
ամբարուած
ծանօթութեանց
մթերքի
մը
հակադրուող
իմացական
տիսիփլին
մը
կամովին
կը
շփոթէ
հետաքրքիր
խուզարկուի
մը
անպատասխանատու
խօսքերուն)։
Միշտ
այդ
երեսունի
դռներուն,
անիկա
կը
ստանձնէ
արեւմտահայ
միակ
ու
բարձրագոյն
կղերանոցին
մէջ
չափազանց
դժուար
պաշտօն
մը.
—
ուսուցչութիւն,
ընտրեալ
երիտասարդներու
վրայ
իրագործելու
կազմաւոր/40/ման
ու
ստեղծման
սխրագին
դեր
մը,
սերունդ
հասցնելու
այլապէս
բազմապատանջ,
ծանր
ու
փորձանուտ
առաւելութիւն։
Ատկէ
առաջ,
պոլսամերձ
գիւղի
մը
մէջ
անիկա
վարեր
էր
տեսչական,
վարդապետական
ուրիշ
ալ
պաշտօններ։
Ի՛նչ
որ
սակայն,
այս
ամսնուն
մէջ,
կը
ծածկէ
այս
անբաւարարութիւնը,
Վարդապետին
իմացական
անտուն
արթնութիւնը
ու
հոգեկան
շատ
բարձր
պարկեշտութիւնն
են
ատոնք։
Աւելցուցէք
նոյնքան
անհուն
աշխատանքի
կորով
ու
իրական
խառնուածք
մըն
ալ
բանաստեղծի։
Այս
շնորհքներով
պաշտպանուած,
Եղիշէ
Վարդապետ
պիտի
ընէ
իր
ճամբան,
քիչ
քիչ
ընդլայնելով
տարողութիւնը
իր
ցանկութեանց։
1900–ին,
այսինքն
երեսունէն
տասը
տարի
վերջը,
Դուրեան
Սրբազան
ճշմարիտ
բանաստեղծ
մըն
է,
յանկուցիչ,
ոգեւորիչ,
ակօս
լացող
ուսուցիչ
մըն
է,
որ
չէր
կրնար
դարաշրջան
բանալ
անշուշտ,
բայց
որուն
քանի
մը
յատկութիւնները
(դժբախտաբար
մարդոց
ամենէն
տկար
յատկութիւնները
ամենէն
շատ
ու
շուտ
կ՚իւրացուին
ուրիշներէ),
հետաքրքրութիւնները
պիտի
բարգաւաճին,
բայց
իրեն
աշակերտողներուն
մէջ
մնան
իրենց
նախնականութեամբ։
Ան
պիտի
վարէ
առաջնորդական
թեմեր,
պիտի
բազմէ
երկու
պատրիարքական
գահերու
(Պոլիս
եւ
Երուսաղէմ)
ու
պիտի
գոցէ
իր
աչքերը,
իր
երիտասարդութեան
ճարած
հիացումը
բիւրեղացած
փառքի
մը
նման
գերեզման
տանելով։
Իր
մահով
չի
դադրիր
անիկա։
Իրմով
լեցուած
մարդեր
պիտի
խանդավառուին
իր
գործերով։
Այս
արագ
գիծերը
անոր
համար,
վասնզի
չունին
նպատակ
կենսագրելու
մարդ
մը
որ
ամբողջ
յիսուն
տարի
հասարակաց
փառքի
մը
պարտադրած
լայն
ժողովրդականութեամբը
առարկայ
եղաւ
շքեղ
գնահատումներու։
Մեծադիր
երկու
ձեռնարկ,
ՄՇԱԿՆ
ՈՒ
ԻՐ
ՎԱՐՁԸ
իր
քահանայութեան
յիսնամեայ
յոբելեանին
առթիւ,
կազմուած
համազգային
գնահատման
ու
հիացման
զգացումով,
եւ
ԴՈՒՐԵԱՆ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ,
իր
սրտակից
աշակերտին
եւ
իր
գործը
շարունակողին
կողմէ
հրատարակուսած
(Թորգոմ
Գուշակեան),
ըրած
են
ճշդումներ
Դուրեան
Սրբազանի
գործունէութենէն։
Երկու
հատորները
կը
ցոլացնեն
խորհուրդն
ու
յուզումները
որոնք
այդ
անունին
անբաժան
մասը
կազմեցին։
Եւ
սակայն
երկուքն
ալ
կը
կրեն
անձին
անհուն,
խռովիչ
հմայքը
ու
յարգանքի
յիշատակարաններ
են,
իբր
այդ
ենթակայ
անհրաժեշտ,
անխուսափելի
չեմ
ըսեր
շփացման,
այլ
բարեմիտ,
անգիտակից
համակրանքին
ընկեր
լայնամիտ
գնահատման։
Քսան
տարիներ
ձգուած
են
հիմա
ընդմէջ
այդ
գերեզմանին
եւ
սա
դատումին։
Այս
/41/
տողերուն
հեղինակը
տարի
մը
(1899–900)
ապրեցաւ
անոր
վարած
կղերանոցին
մէջ
(Արմաշ),
զինքը
ունեցաւ
պաշտօնակից,
Պոլիս,
բարձրագոյն
կրթարաններուն
մէջ,
վայելեց
անոր
մտերմութիւնը
ու
միտքին
շնորհները։
Ու
երբ
կը
համարձակի
մօտենալ
այդ
փառքին,
այցուած
է
խոր
տագնապների,
որոնք,
կ՚ենթադրեմ,
չնեղեցին
Թորգոմ
Սրբազանի
միտքն
ու
հոգին։
Թորգոմ
Սրբազան
կը
գրէր
իր
սիրտին
ձայնէն
թելադրուած։
ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ
ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
պատմիչը
չի
կրնար
միշտ
հպատակիլ
այդ
ձայնին։
Տղայութիւն
է
անշուշտ,
նման
առիթներու
յիշել
Արիստոտելը
(Պղատոնը
երբ
կը
դատէ),
պաշտպանելու
համար
զգացական
շիջումներ
որոնք
անխուսափելի
են,
տեւողութեան
պարունակի
մը
համար,
քիչիկ
մը
լայն
բռնուած։
Յիսուն
տարի
չմաշիլը
աստուածներուն
իսկ
քիչ
անգամ
շնորհուած
բարիք
մըն
է։
Յետոյ,
մեզմէ
վեր
է
ուժը
մեր
իրագործած
արժէքներուն։
Կա՞ր
աւելի
շքեղատարած
փառք
մը,
քան
ան
որով
պսակաւոր
գերեզման
իջաւ
անհունավաստակ
ծերունին
որ
կը
կոչուէր
Ալիշան։
Քառասուն
տարին
բաւ
եղաւ
որ
այդ
փառքը
վարշամակող
բառերը
տառապին
իրենց
ընելիքէն
ու
Ալիշանը
մասամբ
կենդանի,
այժմ
էական
ընծայելու
իրենց
ճիղին
մէջ,
ստիպուին
ծանրանալ
գրագէտ
յղացքին
հետ
տարտամ
աղերսներ
պարզող
ուրիշ
յատկութիւններու,
—
հմտութիւն,
խանդ,
հայրենասիրութիւն,
աշխատանքի
անհուն
կորով,
իրենք
իրենց
մէջ
արի
ու
գեղեցիկ
տուրքեր
բայց
որոնք
տարտամ
են
ու
հասարակաց
մանաւանդ
ամէն
աշխատաւորի։
Այդ
տուրքերը
բոլորը
մէկ
կարող
են
պենետիկտէն
մը
արտադրել
բայց
անբաւարար
գրող
մը
ազատելու։
Ու
իմ
գրածը
պատմութիւնն
է
արեւմտահայ
գրականութեան։