Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Զ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դ. ԳՐԱԳԷՏԸ

/170/ Արեւմտահայ գրականութիւնը մէկէ աւելի եկեղեցականներ ունի որոնց տաղանդը ինքզինքը ըլլայ պարտադրած, հակառակ անոր որ այդ ղրականութեան սկզբնական ձգտումները կը հանէին ուրիշ նպատակներու։ Անոր անդրանիկ գործատորներուն մէջ զօրեղ է շեշտը ընդդէմ աանդական տիրապետութեան։ Այս մարդիկը, գրագէտներ ըլլալէ աւելի, ընկերային բարւոքման առաքեալներ, կանխող դարու կէ սերը յատկանչող գաղափարաբանութեանց սպասարկու, դէմ չէին անշուշտ տէ իսթ մտայնութեան, բայց կը հաւատային աշխարհիկ (լայիք) հանգանակներու։ Իրենց ուզած գրականութիւնը ուրեմն ոչ միայն արեւմտեան կաղապարներու պիտի հպատակէր, այլ մանաւանդ մեր մէջ պիտի ըլլար ընդդիմադիր կեցուածք մը կրօնական տիրապետութեան։ Այսպէս մտածեցին ու գործել մտադրեցին այդ ռահվիրաները։ Բայց, նման ամէն հաւատախոր անձնաւորութեանց, Զարթօնքի սերունդին ամենէն կարկառուն դեմքերը ճիշդ չէին գնահատեր իրողութիւնը ու դատեր փաստերը։ Ռուսինեանի ճարտարանքը, լեզու, մտայնութիւն, իմաստասիրութիւն, մշակոյթի հիմնական պայմաններ բանադրելու 1850ի Պոլիսին, սրտառուչ է իր միամտութեանը մէջ։ Տաղանդաւոր այդ կեսարացին կը յամառէր անտեսել փաստը թէ 1850ին, Պոլիսը, մեր մտաւորական գործունէութեան կեդրոն մը դառնալու իր ճիգին մէջ, աւելի չէր արժեր քան մանկական խանդ մը, ամուր ու փորձ խնամարկութեանը տակ Վենետիկին որ Արեւմուտքն է, իր մամուլով, դպրոցով, քարոզչական ճառագայթումով։ 1860լն Ալիշանի, Պէշիկթաշլեանի քերթողութիւնը անշուշտ գրականութեան նոր յղացքներու ընդառաջում մը կը թելադրէ, երբ վերէն դիտենք պայմաններն ու միջավայրը։ Բայց Բագրատունի եւ Հիւրմիւզ հեշտանքներ են, տօնուած վարպետներ, բերնուց սորվըուած արքայական քերթողներ։ Այս մարդերը եկեղեցականներ էին նոյն ատեն, ու սխալ չըլլար ճշդել այդ ամենէն առաջ։ Օտեան, Միսաքեան իրենք զիրենք յօրինած են այդ ոգիին մտայնութեան հեշտանքին մէ ջը։ Անշուշտ, 1860ին, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի ոտանաւորին լաւագոյն երակը երակն է այդ օրերու մեր ըղձաւորութեանց, զգայութեանց, մտածողութեան, բարե/171/խառնութեան։ Բայց չմոռնալ որ անոր երգերը շեշտօրէն տրոփուն էին Վենետիկի հոգեբանութեամբ։ Ալիշանի ՅՈՒՇԻԿները՝ ամէն կարդացողի ձեռքին մէջ։ Կրօնականներ էին մեր նոր գրականութեան առաջին դայեակները, կամ անոնցմէ կաղապարուած մարդեր։ 1841ին սկսող ԲԱԶՄԱՎԷՊը ամսաթերթ մը չէ, այլ ոգի մը։ Գրեթէ հարիւր տարի մը պիտի դիմանայ այդ սպասը, տակաւ աղօտելով։ 1939ին Թորգոմ Գուշակեանի մահը կը փակէ այդ դարը։ Տրուած ըլլալով տիրող պայմաններուն ճնշումը, մեր միտքին արեւելումը, չեմ կարծեր որ Հայաստանեայց Եկեղեցին կարենայ ուժ ճարել, իր ծոցէն ծնունդ տալու համար նոր մշակներու որոնք ուրիշ դարու մը վրայ ալ տարած էին իրենց գործունէութիւնը։ Ոչ միայն մեր բոլոր աղբիւրները սպառման մէջ են աղետալի որոշադրութեամբ մը, այլ մեր միտքին համար փարոսներու դեր կատարող կեդրոնները ենթարկուած են հիմնական այլայլման։ Ըսի թէ Էջմիածինը եկեղեցական գրագէտներ չէր ստեղծած, բայց ճշդեցի թէ ամբողջ արեւելահայ երկրորդ սերունդը կու գայ անոր կրթական դրութենէն, թէեւ աշխարհիկ դիմագիծով բայց խորապէս հայ։ Եկեղեցականներու գրականութեան նկարագիրները անշուշտ կը տարբերին որոշ չափով աշխարհականներու մօտ տիրական ուրիշներէ։ Դուրեան Սրբազանը, իմ կարծիքով, յարմարագոյն անձն է որուն գործէն փորձ մը ըլլայ կարելի, հանելու համար մեծ գիծերը այդ միադարեան յամառ գործօնէութեան։

* * *

Ալիշան, Խրիմեան, Խորէն Նար—Պէյ, Գ. Սրուանձտեանց, Եղիշէ Դուրեան, Թորգոմ Գուշակեան անուններ [1] են այդ գրականութեան մէջ, որոնցմէ իւրաքանչիւրին համար քննադատը դժուա/172/րութիւն չի զգար հասարակաց նկարագիրներ հաստատել, այդ գրականութեան ընդհանուր ոգիէն բխող եւ զայն երեսի մը, կողմէ մը վրայ պատշաճօրէն կերպադրող։

Այսպէս անտեղի չէ Ալիշանը պատմուճանել իր պենետիկտէնի մտայնութեան (որ բոլոր վանքերուն մէջ սիրելի, սիրական նկարագիր է, եւ հայոց մատենագրութիւնը գործն է միակ ու միակ վանականներու մինչեւ 1850) եւ հայրենասիրական ռոմանթիզմին փառքերու --- երկու շատ կարկառուն յատկանիշները Մխիթարեան աբբային. նոյն ատեն հին ու նոր մեր գրականութեանց։ Այս ճշդումէն յետոյ դարձեալ անտեղի չէ մոռնալ այդ անունին թարմատար միւս փառքերը, մանաւանդ գրաբար բեռը իր դժբախտ քերթողութեան եւ երազանց (hypertrophié) ռոմանթիզմին որոնք դէմքին շուքերը տուին բայց հասկնալի սխալանքով մը երկար ատեն նկատուեցան առաքինութիւնը։ Անտեղի չէ նմանապէս Խրիմեանը ընդունիլ մեր առաջին գիւղագիրը (բառը պարպելով իր գիտական յաւակնութենէն ու դրական նեղմտութենէն), որ զգաց հողը, ժողովուրդի զաւկի մը թարմութեամբ, հարազատութեամբ, անոր վրայ ապրող մարդոց անվախճան ողբերգութիւնը եւ պատմեց իր պապերուն ձայնը տարօրինակ, անհաւասար, գրեթէ տափակ հատորի մը մէջ ՊԱՊԻԿ ԵՒ ԹՈՌՆԻԿ, բայց դա զարկը իր ժողովուրդի սիրտին։ Եւ մոռնալ իր գործին մնացեալ դէզը, որ թուղթ պատկառելի, բայց իբր կեանք՝ հասարակ քարոզ, դ ի րին, աց ան տէրտէրի բարոյախօսութիւն։ ՊԱՊԻԿ ԵՒ ԹՈՌՆԻԿ հատորին մէջ մեր թթուած զուարթութիւնը, իրատես բնազդները, մեր խուլ սարսափները, մեր իրապաշտ զգայութիւն/173/ները եւ մեր երազանուէր անիրականութիւնները ճիտ ճիտի կապրին, ինչպէս է եղած դիրը մեր ժողովուրդին։ Կրնանք արժանաւոր խստութեամբ դատել Խորէն Նար–Պէյը կորզելով իր յիշատակէն քերթողական ամէն պսակ, մերժելով իրեն տաղանդ ու աւելի համեստ իսկ շնորհներ, բայց պարտաւոր ենք խոստովանիլ որ անոր գործը, ամենէն աւելի անաղարտ կերպով մը իր վրայ կը ցոլացնէ մեր նոր գրականութեան մէկ տարաբախտ երեսը, տաղաչափութիւն որակուած հիւանդութեան լիակատար պատկերը, քանի որ Հիւրմիւզի, Բագրատունիի գրաբար ու մանդարէնեան փառքերուն յաջորդեր էր սա աշխարհաբար ու եպիսկոպոսական ապոթեոզը ականաոր, տօնական, պսակաւոր քերթողի մը դափնիներով։ Զուր տեղը չէ որ համբաւ մը կը լեցնէ շրջան մը։ Մեր քերթողութեան ամենէն անտանելի թերութիւնները ապաստան գտան իր փառքին ետին։ ՍՏՈՒԵՐՔ ՀԱՅԿԱԿԱՆՔը դաս մըն է առ նուազն մեր երիտասարդ քերթողներուն որպէսզի սարսափին տող չափելու նանրամտութեան առջեւ ու լարեն իրենց տաղանդը։ Պարտաւոր ենք, երբ համադրական ակնարկով մը կ՚ուզենք չափել հասակը եկեղեցական գրականութեան, մեր նոր ճիգին մէջ, կենալ խանդաղատաղին ու հիացիկ Սրուանձտեանցի վաստակին առջեւ ուրկէ այնքան քիչ է զեղչուելիքը։ Նկատի ունիմ (ուրիշ առաքինութիւն, հարստութիւն՝ Սրուանձտեանցի գործին վաւերագրական, անփոխարինելի արժէքը։ Միս մինակը այդ գեղջուկ վարդապետը հայ հոգիէն թերեւս փրկած է այնքան բան որքան չէ ըրած ամբողջ արեւմտահայ գրականութիւնը, այդ մարզին վրայ) միայն դրական իր խառնուածքը, թունդ հայրենապաշտութիւնը, ժողովրդանուէր եռանդը որոնք անոր գործին կը ճարեն անկարելի հաւասարակշռութիւն մը, անոր հաստատ խարիսխներուն վերեւ յօրինելով շէնք մը, դարձեալ հարազատ մեր հոգիին, գէթ մեր պապերուն դարերուն, այն շատ ամուր ու իրաւ զգայութեան որ կախարդ թելի մը նման սերունդէ սերունդ կ՚անցնի ու կը փոխադրէ հինը նորին։ Սրուանձտեանցի ոճը մեր գաւառն է, հարազատ հայրենիքին պատկերը, մեր ստուերոտ ու լուսաւոր ձիրքերուն հանգոյցը։ Ու վերջացնելու համար սա մերձեցումները, կրնանք յամենալ Թորգոմ Գուշակեանի գործին առջեւ, պահ մը վարանոտ, ուրիշ պահ մը խանդավառ, տպաւորուելով այս գործին հրապարակագրական շատ բացորոշ կողմերէն, բայց այցուելով բարձրագոյն ուրիշ ալ յուզումներով, որոնք արուեստէն միայն սպասելի, կարելի են։ Այդ գործը լայն շնորհներու գումար մըն է հրապարակագրական, քարոզչական, բարոյախօսական, պատմա-հետազոտական (որուն /175/ կշիռը չեմ կարծեր որ «առաւելու», ինչպէս կ՚ըսէ Աւետարանը, քան ան որ վիճակուած է վերի անուններուն), հանդիսարա՛նը օգտապաշտ եկեղեցականի մը իմացական գործունէութեան , բայց որ ըլլան օժտուած քերթողական քանի մը նուրբ ալ տուրքերով ։

Ինչպէս կը տեսնէք, այս անունները զիս փորձութեանը չենթարկեցին ընդհանուր տարազին որ կը պսակէ , բացառիկ հարազատութեամբ մը, մարդերն ու իրենց գործերը, մէկ անգամէն եւ ընդմիշտ ճշդելով ասոնք, ապագայի դիւաններուն եւ գործածութիւն է գրագէտ տարազն է ատիկա, ընդհանուր յայտարար, որ դասական լիութեամբ մը կը ներկայանայ հոս, տիտղոսելու համար իմացական վաստակ մը, հոգեվիճակի մը ծնունդ, թեթեւակի ազդեցութեանը տակ իր շրջանին։ Վերի անունները շատ մը բաներ էին ու երբեմն գրագէտ։ Չեմ ճշդեր թէ անծանօթներ էին ասպարէզին տիրական օրէնքներուն բայց ամենէն առաջ իրենց եկեղեցականի դերը ունէին, մեր մէջ այնքան ընդարձակ ծիրով։ Եղիշէ Դուրեան ամէն բանէ առաջ գրագէտ է, յղացքին ամենէն ընդարձակ տարողութեամբը [2] ։ Ու երբեմն՝ ուրիշ բաներ։ Այսպէս դնելէ վերջ հարցը, կը բանամ քանի մը փարակրաֆներ , ընդլայնելու համար յղացքը։

ա) Գրելու գիտութիւն մը, հաստատում որ պէտք չէ թելադրէ աւելորդ երկդիմի առաքինութիւններ, յղացքին հետ տարտամ աղերսով մը, բայց որոնք նանիր կը դառնան, տեւողութեան մէջ հետզհետէ աղօտելով, օր մը ընդմիշտ անհետելու համար։ Կարծեմ խօսե/175/ցայ թէ ինչ extase էր նախորդ դարու կէսերուն վիեննացի քանի մը վարդապետներու գիւտով ստեղծուած հիւանդագին այն ուրախութիւնը որ արդիւնք էր ոսկեդարեան որակուած գրելու կերպի մը նշմարում ին։ Ու այդ մարդերը կը հաւատային թէ եզնիկեան համաձայնութեան տիրապետումը բաւ էր զիրենք գրագէտ մկրտելու։ Գրել գիտնալը երբեմն կ՚անգիտանայ այդ օրէնքները հիմնովին (Նարեկացին գրեթէ ամէն էջի կը մեղանչէ անոնց դէմ, գիտութեամբ կամ անգիտութեամբ, արդիւնքը կը մնայ անփոփոխ)։ Աւելի յաճախ անոնց երկիւղած յարգանքը կը շփոթէ բուն իսկ նպատակը որ կեանքին նուաճումը պիտի ըլլար (ՀԱՅԿ ԴԻՒՑԱԶՆ հատորը պերճ ու տխուր փաստ մը այս տիրացուութեան)։ Այդ գրելը գիտէին Եղիշէ Դուրեանին չափ միւս անունները, թերեւս քիչ մը աւելի կատարելութեամբ (գէթ անոնցմէ ոմանք, Ալիշան ու Նար-Պէյ)։ Բայց ուրիշ բան է լեզու մը սորված ըլլալ ու այդ սորվածը ապացուցանելու համար գրել այդ լեզուով, ուրիշ բան՝ իր խառնուածքին կնիքը պարտադրել բառարաններու չէզոք, անմեղ բնակիչներուն, ասոնք խմբել այնպէս մը, որ միս ու ոսկոր ունեցող անձնաւորութիւններու նման մեզ տպաւորեն ճերմակ թուղթերուն պատանքէն ամէն տողի դուրս արձակելով ինչ որ իրենց մարմինին ծորումն էր հաւանաբար, երբ կ՚ապրէին եւ որ ահա կը դիմանալ իրենցմէ վերջ ալ։ Գրագէտի առաջնակարգ մէկ յատկանիշը ինքնատպութիւնը չէ որ նկատի ունիմ այս մտածողութեան ետին. այն բացառիկ վարդարանքը, որով գրուածք մը (écriture) սեպհականութիւն մը, marque déposée մը կը դառնայ։ Կ՚ակնարկեմ քիչ մը այն ընդհանուր բարիքին, որ մասնաւորը կազատագրէ իր դիւրաբեկ շնորհներէն ու զայն կը տանի իրմէ վեր արդիւնքներու։ Դիտել տուած է թէ Եղիշէ Դուրեանի քերթողութեան դիւանին մէջ Արեւմտահայ քնարերգութեան երեք մայր խառնուածքները զգալի, հաստատելի էին: Նոյնն է պարագան իր աշխարհաբարին համար։ Անիկա գրեց մեր երեք գրական դպրոցներուն ոչ միայն խառնուածքներովը, այլ եւ արտայայտութեանց ընդհանուր տեմպը գտաւ, երբ 1870ը, 1885ը, 1900ը այնքան հարազատ ու կերպընկալ տարազներով փոխադրեց իր լեզուին մէջ։ Այդ թուականները դպրոցներ են, լեզուներ, թեքնիքներ։ Եղիշէ Դուրեան ինքզինքը չսպաննեց սակայն այդ փոխադրութիւնները իրագործելու ատեն (այդպէս էր եղած պարագան Յովհ. Սէթեանին, ինչպէս կը յիշէք)։ Անոր տիրական նկարագիրը ինքզինքը պիտի պահէր անաղարտ։ ԱՊԱԳԱՆ (քերթուած՝ 1890էն առաջ), ԲԱՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ (իւմանիստ արձակ 1900էն առաջ), ԱՆԱՌԱԿԸ (քերթուած /176/ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐ ու թշուառութենէն առաջ) վճռական նմոյշներ [3] են այդ երեք եղանակներուն, չըսելու համար ճաշակներուն։ Չեմ ծանրաբեռներ փայակրաֆը, նմանութիւններ, հակադրութիւններ շահագործելով։ Զիս կը զբաղեցնէ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին թեքնիք կատարելութիւնը, որ լայն դիծերով անցաւ արդէն վերլուծում է (տեսնել վիրթիւոզը)։ Չեմ թեթեւցներ վտանգը ամէն քերթողութեան համար, որուն մէջ այդ գիտութիւնը, կատարելութիւնը կը ներկայանան իրը խարիսխ փառքի մը կառոյցին։ Բայց չեմ ալ սաստկացներ անոր իմաստը գիրքի մը մէջ, ուր մէկէ աւելի իրա ու խոր վիճակներ, լայնօրէն մարդկային ու ատով քերթողական, յատակ էին ծառայեր անթերի կառոյցներու։ Հինգ արդարը միայն Սոդոմ-Գոմորը չեն փրկեր, այլ եւ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐ անունին տակ դիզուած միջակութիւնները։ Դուրեան Սրբազանի ոտանաորին մէջ գիտուն ճաշակը միշտ բարիք մըն է, առնուազն խորքի նուազումը դիմաւորող։ Բայց բարձր բարիք՝ երբ խորքը կը պաշտպանէ զայն։ Անտառին մէջ քերթուածին նրբութիւնները մեզ չեն վիրաւորեր, վասնզի յաղթ ու յորդ կեանքը բնութեան ու ասոր վրայ ինքզինքը արձակած մարդկայինն ալ իրենք իրենց կը բաւեն։ Աղի արձանը կը վիրաւորէ մեր ժուժկալ ախորժակները հանդէպ սովորական նկարագրութեան, բայց կը նուաճէ մեզ իր մարդկայնութեան անփոխարինելի իրաւովը։ ԱՅՐԻԻՆ ԶՐՈՅՑԸին խնամուած յարդարումը, վարպետ յանդգնութիւններ (որոնց պարակումն ալ ինքնին տագնապ մը կը բեռնայ արդէն ծանրաբեռն պատկերին վրայ գիրկէ գիրկ անցնող կնոջ մը), /177/ պատմող թոնը թեւաւորելու ձգտող քովնտի թրթռումները (առհասարակ բառերէն ճարուած) տեսակ մը manière, չրսելու համար manierisme կը դառնան, բայց կ՚անցնին մեր չկամութենէն անդին, վասնզի միշտ հզօր փորձառութիւնը կը կերպադրեն այդ կնոջ միսերուն, մէկէն միւսը թաւալող, տրտում ու դառնահամ ալիք։ Չեմ շարունակեր այս ճշդումները։ Դուրեան Սրբազան յանգերու իշխանն է արեւմտահայ բանաստեղծութեան, գործածելով տարազը առանց չարութեան։ Ասիկա իր կարգին առանձին գիտութիւն է անշուշտ։ Իր քերթողութիւնը ասով պիտի զատորոշուի տաղաչափ դպրոցին նանրանքներէն։ Անիկա հնչումներու մեծ հանդէս մըն է, որոնք բախտը ունին զիրենք արտաբերող գործիքները մոռցնելու, գէթ չյիշեցնելու։ Իրարու կը յաջորդեն յանգերը, իրարմէ աւելի պիրկ, միասեռ, ամբողջ ու արդար, բայց չեն դառնար սնոտի աղմուկ, գեղգեղում` բառին տալով 1890ի իր երանգը, երբ մարդիկ յանգին աղքատութիւնը, միջակութիւնը, հարստութիւնը կը փաստէին ու կը գրէին այդ փաստերուն ի վաւերացումն, ու կ՚անցնէին մեծ բանաստեղծ (վիեննացի վարդապետ մը հեշտագին տրտմութեամբ մը գիրք կը խմբագրէր 1892ին, գրելու արուեստը սորվեցնելու անմահ փառասիրութեամբ ու չէր կասկածեր, թէ ի՞նչն էր պատասխանատու իր չկարդացուելուն)։ Դուրեան Սրբազան կը զատուի մեր մեծ ու պզտիկ յանգահաններէն վճռական կողմով մը. ասիկա՝ իր յանգը խաղի չվերածելու ճարտարութիւնն է, խղճմտանքը եթէ կ՚ուզէք։ Բառերու ձայնական ինքնութեանց խմբումը, դասաւորումը, օրգեսթրալիզասիոնը, եթէ կը ներուի։ Անոնց (բառերուն) հնչականութեան խելքով, թաքթով՝ օգտագործումը։ Լեզուին ամենէն թաքուն, բայց ամենէն անբաժանելի մասնայատկութեանց, կշռոյթին, կեանքին մութ affinité–ներուն շահագործումն է, զուսպ, համադրական, իմաստը մօտէն սեղմող։ Ժուժկալ, քիչիկ մը փայլատ ալ կերպ՝ որ 1900ի ներկավաճառութեան պոռոտ ցուցադրանքին մէջ կը տպաւորէ հակադիր առաքինութիւն մը իբրեւ։ Տափակ կամ արուեստակեալ եղանակներն այնքան մօտէն հալածուած բայց անոնց չենթարկուող սա միջին ճաշակը, ոճը որ կը գոհացնէ միտքը եւ որ զգայարանքներն ալ չարհամարտեր, մեզի կու գայ միայն ու միայն գրասէտէն [4] ։ Ոչ մէկ բան կարգիլէր Դուրեան Սր/178/բազանը իր կրօնական քերթուածներուն համար զառածիլ մեր ռոմանթիզմին շաղփաղփուն ախորժանքներով, փաղաքուշ սեթեւեթովը Սիպիլին ու բարձրաթռիչ ախորժանքներովը Սէթեանին։ Առնուազն անկեղծութեան կեղծումը չափաբերեալ այն դիւրին, անաչխատ, յոյլ տողով որ իբր ազատ չափ իր մուտքը կ՚ընէր մեր ոտանաւորէն ներս ու օրենքներէ, կապանքներէ իր ազատութեամբը կը ստեղծէր պատրող պարզութիւնը սուտ աղօթքներուն։ Ոչ մէկ բան կարգիլէր Սրբազանը իր գիտութիւնը (գիտէր թէ որքան խորունկ իրականութիւն էր անիկա) արժեւորել Պառնասեաններուն թեքնիքին տիրական գործածութեամբը, քանի որ ֆրանսացի քերթողներէն շատ աւելի ամուր էին իր հմտութիւնը ու մասնաւորումը այդ նիւթերուն շուրջը։ Ինքն էր որ ինքզինքը զսպեց, սրբագրեց։ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐ ին քերթողական վրիպանքը յուզիչ վկայութիւն մը կը դառնայ այս լոյսերուն տակ։ Եթէ ձգենք չափուած բարբառը, ու զետեղենք Դուրեան Սրբազանի արձակը իր ժամանակին ու առաւելապէս բանասիրական մրցանքին ախորժակներուն մէջ, պիտի տպաւորուինք դարձեալ։ Ոչ ոքի համար գաղտնի է վիեննական դպրոցին անկանգնելի, համատարած տափակութիւնը արտայայտման մարզին վրայ։ Փորձիչ ու միանգամայն գէշ օրինակ [5] մըն էր այս անփութութիւնը, կամաւոր չորութիւնը, աղքատութիւնը անոր իւմանիստական /179/ աշխատութեանց համար։ Դուրեան Սրբազան ամենէն չոր նիւթերու մէջ ալ (բնագրական սրբագրումներ, վերահաստատում) կը կարդացուի։ Տեղ մը ժուժկալ, ուրիշ տեղ մը խիտ, երբեմն խոր, միշտ խնամուած, աւելորդէն զերծ իր ոճը (բացի լրագրական յօդուածներէն) ազնիւ պաշտպանութիւն մը կը բերէ որեւէ նիւթի։ Նոյն իսկ հոն, ուր կարիքը չէ անհրաժեշտ նման գիտութեան մը։ Անոր ոտանաւորը տափակ, թշուառ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐուն մէջ իսկ կը մնայ լեզուական տեսակէտէն անմեղադրելի։ Բայց, այդ գետինին վրայ չլացիկ գեղեցկութիւն է ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը, բացառիկ համադրում մը, երանգուն, Նրբահիւս, արու, ձայնեղ ու Հիւթեղ, լեզուիդ վրայէն սահող համերու զգայութիւններ արթնցնող, այնքան որ մենք կը մոռնանք յաճախ խորքին անբաւարարութիւնը, մտածում են սովորականութիւնը։ Այդ ոտանաւորը մեր մէջ ամենէն մօտիկէն կը թելադրէ անխառն բանաստեղծութիւն որակուած յղացքին քանի մը թաքուն շնորհները: Ու ասիկա, դարձեալ, անոր իւմանիստական աշխատանքներուն մէջ, պարտադիր տափակութեան ներհակ կերպով մը. հասուն, զգաստ, իրաւ համբոյրը, անտարազելի ճաշակը, որով մեր արձակը կ՚ըլլայ յատկանշական վկայութիւն մը, կրելով ու ընդհանրացնելով շրջաններու նկարագիր ու կու տայ ոճ մը, միջին գետին, իրարու ընծայող մասնայատկութիւններու թաքուն հոգին։ Ինչո՞ւմ ենք կը սիրենք շատ ինքնատիպ ոճը։ Ոչ անշուշտ անոր համար որ ատիկա նորութիւն է ամբողջովին։ Այլ թերեւս անոր համար որ ինքնատպութիւնը մեզի պատեհութիւն կու տայ ընդհանուրը աւելի յստակ ըմբռնելու, ինչպէս հոգեբանութեան մէջ, ախտաբանական երեւոյթները կ՚օգտագործուին բնականոն գործունէութիւն/180/ները լուսաւորելու։ Բայց մեր նախասիրութիւնը դեր մը չունի մեր դատումներուն վրայ։ Մենք կը կենանք, շրջան մը համադրելու մեր մտադրութեան մէջ, այն միջին դէմ քին առջեւ, որուն վրայ կը հաւատանք թէ համախմբուած են այդ շրջանին ամ ենէն էական գիծրը։ Ո՞ րն է որ 1880էն մինչեւ 1910 երկարող քառորդ դարուն ամ ենէն հարազատ պատկերը խտացնէ իր կամին մէջ։ Դժուար է անշուշտ վճռական պատասխան մը։ Մ. Մամուրեան, Լ. Բաշալեան իբր արձակի գործաւոր, կ՚ուրուանան մտքիս մէջ, բայց նոյն իրաւունքներով հոն կը բռնանան Եղիան, Սիպիլը, Տիւսաբը եւ ուրիշ աւելի համեստ անուններ. 3. Գուրգէն, Մաղաքիա Օրմանեան։ Այն ատե՞ն։ Այս ընդլայնումներուն նպատակն է Հասնիլ քանի մը պարզ եզրակացութիւններու, թէ գրել գիտնալը առանձին իրողութիւն է, ոչ անշուշտ կախարդական տարազ, որ յաւակնէ ր դարմանել տաղանդին բացակայ փառքը, ոչ ալ աժան շուրջառ, որով կը սիրեն իրենք զիրենք հովանաւորել մարդոց անփորձութիւնները, առջի երիտասարդութեան խակութիւններէն մինչեւ զառամութեան զառածումները։ Չենք կրնար չկարդալ Եղիշէ Դուրեանէն որեւէ ոտանաւոր, վախնալով հանդերձ մեզի տրուածին քիչ չատ ծանօթ նուազումներուն հաշւոյն։ Մեր դառնութիւնը տողերու ընթացքին ամէն բառի դէմ չէ որ կը յառնէ մեր մէջ, ոչ ալ գինն է խորքին կարելի ծանծաղուտին։ Ամէն քերթուած իր նորութիւնը կը պարտադրէ առաջին իսկ տողէն։ Վստած ենք որ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին մէջ նիւթը առնուազն նորոգուած է թե՛ իբր մշակում եւ թէ՛ իբր իմաստ։ Մեր դառնութիւնը արդիւնք է խուլ ցաւի մը։ Մեծ կարողութիւններէն՝ մեր գտածին անհամեմատական փաստը։ Դուրեան Սրբազան չէր կրնար ամէն քերթուածի մէջ չըլալ կատարեալ, ըստ ամենայնի։ Ու այս վստահութեան մէջ մեր վիրաւորուիլն է որ ծնունդ կու տայ տհաճութեան։ Բայց ուրիշ բան է տափակութիւնը, որով գրած, օրինակ, Ալիշան իր գրաբար ՆՈՒԱԳՆԵՐԸ, ուրիշ՝ տափակութիւնը ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին։ Առաջինին մէջ անիկա միակտուր ինքնաբաւ թշուառութիւնն է տաղաչափին, որուն իմացականութեան հորիզոնը երբեք չէ զատուած, բացուած, արձակուած իր սորվածէն։ Այդ մակբայները, ածականները, անհանդուրժելի բառխաղերը անոր մտքին մէջ կը կազմեն, ինչ որ դար մը առաջ մարդիկ բանաստեղծութիւն կ՚անուանէին։ ՍՐԲԱԶԱՆ ՔՆԱՐին տափակ մասը այդ ոգիին երկարաձգումն է արդէն։ Իսկ յաջող մասին մեղքը անբաւականութիւնն է եւ ոչ թէ ինքնաբաւ, անծակ, միակտուր գոհունակութիւնը տաղաչափներու դպրոցին։ Կը կարդանք Եղիշէ Դուրեանի արձակը։ Երբեմն անիկա ճշմարիտ վայելք մըն է։ /181/ Աւելի յաճախ սեղմք, զուարթախառն տրտմութեամբ մթնոլորտուած խօսք մըն է անիկա։ Նոյնիսկ հոն, ուր ամենէն աւելի ըլլայ մեղանչած. Հրապարակագրական իր էջերուն մէջ, կայ բան մը, որ դարձեալ կը ծառայէ որեւէ բանի, առնուազն՝ շրջանի ճաշակներուն իբր դժբախտ յայտարար։ Մի մոռնաք միշտ որ 1900էն մինչեւ 1910, մեր Պոլիսը մեր գրականութեան քանի մը մեծ անունները ստեղծելու հանդերձ, ըրած է մեր միտքին գերագոյն զեղծումները։ Այդ օրերուն մարդիկ բառերով մտածում կը կեղծէին ու պատկերով զզացում կը թելադրէին։

բ) Դպրոց մըն է անոր արձակը: Ըսի թէ ո՛ւր էր տկար այդ արձակը եւ ինչո՛ւ։ Բայց չըսի թէ գրելու եղանակ մը իրմով ընդհանրացաւ արեւմտահայ գրականութեան մէջ։ Արմաշականութիւնը շարժում մըն էր, հեռահաս նպատակներով (տեսնել Թորգոմ Գուշակեան, ՊԱՏՄ. ԱՐԵՒՄՏԱՀԱՅ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ)։ Ժամանակը, մանաւանդ անոր մշակներուն պարտադրուած պայմանները չարտօնեցին, որպէս զի գրական իր ձգտումները իրագործէին իրենք զիրենք տիրական նուաճումներով։ Չեմ զարմանար որ արմատականները չըլլան գրած Հայոց Պատմութիւնը, Հայոց Եկեղեցին, Հայոց Մատենագրութեան Պատմութիւնը, գերազանցապէս իրենց կալուածին պատկանող աշխատասիրութիւններ։ Արմաշի վանքը իւմանիստ հաստատութիւն չէր։ Բայց Դուրեանի խառնուածքէն ցոլացած քիչ մը լոյսը բաւ եղաւ որպէսզի այդ գիծի հետաքրքրութեանց բացուին երիտասարդ հոգեւորականներ։ Չէին կրնար ասոնք իրենք զիրենք ամբողջացնել, քանի որ պիտի տրամադրուէին այլապէս անհրաժեշտ կարիքներու։ Արմաշի ոճ մը չունի գոյութիւն։ Բայց գոյութիւն ունի արձակը Դուրեան Սրբազանին, որ վստահութիւն ներշնչող գործիք մըն է արտայայտման։ Ապահովութեան սա զգացումը անշուշտ շնորհն էր խոր իր հմտութեան, պարկեշտ, քիչիկ մը սկեպտիկ, զգուշաւոր դատողութեան, հարցերու հանդէպ խոհական, զգաստ կեցուածքին ու մանաւանդ հեռահաս, ամուր, վճռական խելամտում ին։ Չէ գրած նիւթի մը շուրջ, որուն բոլոր ծալքերը չըլլային իրեն համար ընտանի, ինչպէս Ան իր տունին բաժանումները։ Այս հմտութիւնը անշուշտ մինակը պիտի չբաւէր։ Գիտենք ասիկա վիեննացիներուն անտանելի արձակին մէջ։ Դուրեան բանաստեղծ մըն էր նոյն ատեն։ Չէ՞ր Ալիշան այդ բանաստեղծը, թերեւս առարկուի։ Ալիշանի արձակը վճռական փաստ է հարցումին, ժխտապէս։ ՅՈՒՇԻԿՆԵՐու ընթերցումը մեզ չի նեղեր անշուշտ եւ այսօր, պայմանաւ որ մտովի զանոնք զետեղենք իրենց նպատակին վահանին ետին։ Երբ հանենք այդ դրուագները /182/ այդ պաշտպանութենէն դուրս ու ձգենք բաց դաշտին, մենք կը տառապինք այդ կտորներուն ճշմարիտ նկարագիրը գտնելու։ Պատմութի՞ւն։ Չեն անշուշտ։ Ըսի անգամ մը Հայոց Պատմութիւնը չէ գրուած 1940ին։ Հարիւր տարի առաջ չէր իսկ դրուած այդ պատմութեան հարցը։ Վէ՞պ Չեն անշուշտ, քանի որ Ալիշան խորշանք միայն ունէր գրելու այդ կերպէն։ Անոնք մեր պատմութեան սրտառուչ դրուագները քերթողաբար ընդհանրացնելու ձգտող ձեռնարկներ էին։ Հասան իրենց ատենին, իրենց առաջադրութեան, բայց չանցան աւելի անդին։ Ո՛չ մեր պատմութեան հորիզոնը ընդարձակեցին, ո՛չ ալ մեր հոգին մեծցուցին։ Բայց մանաւանդ չդրին կնիք մեր աշխարհաբարին վրայ։ Ու չեղան ոճ մը։ Դուրեան Սրբազանին մօտ ոճի շնորհը դուրս է կասկածէ։ Մեր աշխարհաբարը կրնայ հանդուրժել ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳին լեզուական յանդգնութիւնները, բայց մոռնալ զայն։ Սակայն, երբ զայ օրը պատմական մեծ համադրութեանց, կրնամ ենթադրել թէ նման աշխատանքի մ ը յարմարագոյն գործիքը մենք պիտի նկատենք ո՛չ Վենետիկի, ո'չ Վիեննայի, ոչ ալ Օրմանեաններու ոճը, այլ այն լեզուն, որով գրուած են Դուրեան Սրբազանի քննադատութիւնները: Ոճն է որ մեզ բառերով չի կշտացներ։ Այս ստուգութիւնը իր ամբողջ իմաստը կը ստանայ, երբ կը փորձենք մտնել Եղիայի, Տիկ. Տիւսաբի, Չերազի, կրտսեր ռոմանթիքներուն (որոնց պատկանած էր անոր պատանութիւնը), Տիկ. Սիպիլի, Արշակ Չօպանեանի գործերուն մէջ։ Եղիայէն ամենէն լուրջ յօդուածն իսկ պիտի դիմաւորենք կասկածներով, այնքան անկայուն է անոր ետին միտքը, մշտամշուշ ու ախտավարակ ու տկար՝ թշուառ՝ մարդը։ Տիւսաբէն որեւէ ջատագովական, որեւէ խորհրդածութիւն (որոնք իր վէպերը կը խեղդեն երջանիկ անգթութեամբ մը) պիտի նեղէ մեզ առնուազն փոխադրուած, ներկուած ապրանք մը իբրեւ, այնքան իր ժողովուրդին պայմանները տարբեր են վէպերուն ոլորտէն։ Համակ յօրինում, դասական դասաւորում քրոնիկները Պէրպէրեանին չեն կրնար պահել զգաստութիւն, խորութիւն ու չհռետորել, վտանգելու գինով հաստատ ու պարզ թելադրանքը ամուր մարդու մը իր իմացականութեան։ Ու ասիկա այսպէս, մինչեւ Արշակ Չօպանեան, որ դատելու արարքը կը հանդիսաւորէ, անտեղի զարդարանքներու, իմացական հռետորութեան թափին մէջ մոռնալով ճիշդ չափը, ուրկէ անդին մտածումը դարձեալ կ՚ըլլայ կասկածելի։ Այս վտանգներէն ոչ մէկը՝ Դուրեան Սրբազանի հետ։ Ժուժկալութիւնը, պարկեշտութիւնը անոր միտքին շնորհներէն էին ու անցան իր գրուածքին։ Ուրիշ հարց՝ այս վստահութիւնը գաղափար/183/ներու մարզին վրայ։ Անշուշտ մեր մատենագրութեան, պատմութեան, եկեղեցիին հոլովոյթը համադրող ձեռնարկներու շուրջ իմաստի դպրոց մը չեղաւ անիկա։ Բայց եղաւ մարդը, որ բանասիրականին ձանձրոյթը գիտցաւ խնայել մեզի, ըսելով հանդերձ ինչ որ պատկառելի աբբաներ ըսեր էին այնքան դաժան մասնաւորմամբ մը, խրոչեցնելով զիրենք կարդալու կարօտէն տառապողները։

գ) Եկեղեցական գրագէտներու հոյլին մէջ անիկա կը համադրէ իր վրայ արեւմտահայ ոգիին ամենէն քաղցր քանի մը գեղեցկութիւնները։ Իմացական անհուն իր հետաքրքրութիւններով անիկա ազատագրութեան դաս մըն է բոլոր անոնց համար, որոնք կը զգան իրենց մէջ տրամադրութիւն, իրենց միտքը գործածելու մեր ժողովուրդին գիւտին։ Բանաստեղծական իր խառնուածքը տրտում ժպիտի մը պէս կը լուսաւորէ ամենէն մթին զբաղանքները, ու զանոնք կ՚ընէ կրկնապէս սխրալի անցեալին մէջ թաղուած կեանքը ու ներկան հանդուրժելու ողբերգութիւնը իրարմով բարեխառնելով։ Հաստատուն իր դատողութիւնը, որով կը ձեւաւորուին անոր արձակին պարկեշտութիւնը, մերկութիւնը (ամէնը աւելորդի), ինքնութիւնը (որ կը հէրքէ տափակութեան, հետեւակութեան ամէն փշրանք), բարիք մըն էր իրեն։ Ու բարիք մը անոնց, որոնք իր ետեւէն սիրեցին նայիլ։ Ինչ փոյթ որ իր բացած ակօսը չերեւի հեռուներէն։ Կայ սակայն անիկա իրմով ոգեւորուած խումբ մը մարդոց գործին մէջ։

դ) Դար մը եկեղեցական գրականութիւն, իր պատկառելի ներքին մէջը, իրեն պատիւ պիտի համարի իր քննադատական պատառիկներր եւ ՀՈՎՈՒԱԿԱՆ ՍՐԻՆԳը:



[1]     Կը զեղչեմ ցանկէն Մաղաքիա Օրմանեանը եւ Բաբգէն Կիւլէսէրեանը։ Ահա թէ ինչու: Եկեղեցական գրականութիւնը առանձին յղացք մը չէ, այլ ընդհանուր գրականութեան մէջ երանգ մը։ Ու գրականութիւնը, ըսի այս ուսումնասիրութեան ընթացքին, նեղցուցած է իր շրջանակը, անկէ դուրս ձգելով կրթանքներ որոնք հարիւր տարի առաջ անոր կը պատկանէին բայց այսօր անջատուած են անկէ, անշուշտ իրենց բարիքին համար (պատմութիւն, իմաստասիրութիւն, բարոյախօսութիւն)։ Կ'ընդունիմ առաջինին վրայ աշխատանքի ուժ, հաւաքողի խանդ, : համադրումի ձգտում, որոնք բոլորը մէկ չեն փոխարիներ գրագէտ յղացքին միակ բարիքը, կեանք տալու անոր բարիքը: ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄի հազարաւոր էջերը չեն նուաճած մեր պատմութիւնը վասնզի չեն կենսագործուած։ Քիչիկ մը թիւ, յաջորդութիւններու ճշդում, մարդոց տողանցք մը գրականութեան չեն բարձրացներ որեւէ գործ (առանց նկատի ունենալու արտայայտութեան այլապէս տիրական ճնշում մը որով մեր ոճը կ՚ըլլայ հասարակ խօսք, երբ չէ խնամուած)։ ԱԶԳԱՊԱՏՈՒՄը յիսուն տարի վերջ իսկ դժուար նուաճելի ձեռնարկ մըն էր։ Գրագէտի գործ մը չէ դարձեալ ԽՈՀՔ եւ ՅՈՒՇՔ հատորը ուր գերագոյն պատեհութեան մէջն էր սակայն ընելու ատիկա եւ մեզի ձգելու անկորուստ յիշատակարան մը իր շրջանէն։ Օրմանեանի միւս արժանիքները կը շահագրգռեն հայոց պատմութեան շատ մը գլուխները, բայց չեն բառեր զինքը դասելու մեր գրագէտ եկեղեցականներու շարքին։ Նոյնն է պարագան, պզտիկ տարբերութեամբ մը, Բաբգէն Կիւլէսէրեանին։ Անիկա ճշմարիտ եկեղեցական գործիչ մը եղաւ ու այսքան։ Մեր գրականութիւնը իրմէ չէ ժառանգած որեւէ հատոր: Բանասիրական, պատմա–քննական, նոյնիսկ ազգագրական ուսումնասիրութիւններ մինակնին, զատ զատ կրթանքներ են ու կը մնան դուրս գրականութեան պարունակէն։ Արդարութիւն՝ այդ մարդոց վաստակին, բայց արդարութիւն՝ մանաւանդ գրականութեան։

[2]     Ստեղծագործ ոգին, հաւաքող, հմտամոլ խառնուածքը, քիչիկ մը նոյնիսկ ցաւագար maniaque միտքը փոխն ի փոխ կ՚այցելել մեր միտքին, գրագէտ բառին հետ: Անկախաբար այս երանգներէն, գրագէտը գիրքերու մարդն է գերազանցապէս, որ առանց իր մատենադարանին չի կրնար ապրիլ։ Ընթերցումին մոլութիւնն ալ չի կրնար խորտակել այս comportement–ին ազնուական միութիւնը։ Իմացական զարգացման աստիճան մըն է անիկա որով մեր միտքը կայունութիւն մը կը ստանայ, ինքզինքը արձակելէ վերջ բազմատեսակ հետաքրքրութեանց յագեցումին։ Դուրեան Սրբազանի մատենադարանը առանձին երեւոյթ մըն էր։ Այդ հատորներուն ապահովութիւնը ուրիշ բարիք։ Ըսի թէ մեր մէջ ամէնէն շատ կարդացած մարդն էր անիկա։ Ու գիտէ՞ք թէ ինչպէս կը կարդար: Այս լրջութեամբ ու խորութեամբ, այս ընդարձակութեամբ կատարուած ընթերցումներուն կեդրոնը երբ կը դնէ ք ստեղծագործ ուղեղը, կը մօտենաք յղացքին հզօրագոյն թէլադրանքին։ Այնքան զօրաւոր էր գրագէտը իր մէջ, որ իր միւս պարտքերը ազդուեցան անկէ։ Գիրքի մը հետ ապրելու իր հեշտանքը իրեն փակեց աշխարհին իրաւ կեանքը։ Իւմանիստ չէր ծնած բայց եղաւ ատիկա իր ընթերցումներուն ճնշումովը: Արդ ՊԱՊԻԿ ԵՒ ԹՈՌՆԻԿ հատորին դրդապատճառը Խրիմեանի աքսորանքն է Երուսաղէմ։

[3]     Ուշագրաւ է հետեւիլ իր ձեռքով կատարուած այն սրբագրութեանց որոնք կ՚երեւին իրմէ ստորագրուած յօդուածներուն վրայ մելանով։ Խօսեցայ լեզուապայքարին մէջ իր դերին, տխուր որքան հերոսական, երբ ամենէն շքեղ աշխարհաբարը գրող տղուն եղբայրը կ՚որդեգրէր դատը հմուտներուն, այդ օրերուն բառով գրագիտաց։ Իր ոտանաւորը ազատագրեց ինքզինքը այդ հիւանդութենէն, 1900էն վերջ, մասամբ մնալով ենթակայ այս անգամ տաղաչափական նրբախուզութեանց: Իր արձակը, դարձեալ, մաքրեց իր մեղքերը քերականական սնոտիքէն, բայց ինկաւ խոր քի նուազումներուն: 1900ը Խորքի գերազանց տագնապ մըն մեր նոր գրականութեան մէջ, ըսի ատիկա։ Դուրեան Սրբազանին արձակին մէջ փնտռտուքը, ըսի անգամ մը, վերագրելի էր խորքի այդ տագնապին։ Ի վերջոյ շուտ կը մոռնանք որ 19րդ դարու արեւմտահայ եկեղեցական գրագէտները գտած էին մեր ժողովուրդին սիրտը ազգայինին ակօսովը, որ մօտ երեսուն տարի (1880էն մինչեւ 1910) արգիլուած գօտի կը մնայ Դուրեան Սրբազանին։ Այս թուականէն մինչեւ իր մահը անիկա վայրէջքի գրականութիւն մը կ՚ընէ։ Թորգոմ Սրբազանի ստեղծագործ շրջանը կը զուգադիպի 1910էն վերջին, ազատ հողի վրայ, զերծ գրաքննութեան հակակշռէն։

[4]     Բարի եղէք մտքի առջեւ բերելու Եղիայէն ոտանաւոր մը։ Բիւզանդ Քէչեանէն ինչ կ՚անցնի կը դառնայ մը. բողոքական պրոֆեսորներէ՝ բարոյախօսական կամ դպրոցական յօդուած մը, Երուանդ Տ. Անդրէաստանէ գրախօսական մը։ Միքայէլ Շամտանճեանէ խմբագրական մը։ Մեր 1900ը այս խառնակ ճաշակներուն ոսկեդարը չէ մինակ, այլեւ աւելի տխուր անտաղանդութեանց մրցանք մը։ Անմիջապէս յետոյ՝ Չրաքեանը, Սիպիլը, Մեծարենցը։ Երկու խումբերուն վրայ ձեր հաստատելիքը անշուշտ միշտ անտաղանդութիւնը չէ։ Բայց մոռնալու չէք որ մարդ չի կրնար ինքզինքը ազատագրել իր ժամանակէն, նոյն մեծագոյն բանաստեղծական խառնուածք մը բերած ըլլալու բախտովն ալ պաշտպանուած։

[5]     Կը ղրկեմ ընթերցողը այդ դպրոցին ամենէն աւագ դէմքերէն ոեւէ մէկին։ Գարագաշի ՔՆՆԱԿԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆը, Տաշեանի կամ Ակինեանի ԴԱՍԱԿԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆը, նոյնիսկ իրապէս մեծ Այտընեանի ՅԱՌԱՋԱԲԱՆը (աշխարհաբարի քերականութիւնը) հատորներ են, որոնց նիւթին լրջութիւնը, գաղափարներ րելու տեսակէտէն պարզած յարմարութիւնը թերեւս կը բաւեն իրենք զիրենք պարտադրելու որեւէ ընթերցողի, որ եւրոպական այդ կարգի աշխատանքներու քանի մը նմոյշներ ունի իր յիշողութեան մէջ: Բայց ահա դժբախտութիւնը։ Տասնեակ մը մէջ ընդհանրապէս բաւ պիտի ըլլան սպառելու այդ ընթերցողին բարեացակամութիւնը, քանի որ տեւական թափթփածութիւնը, անլրջութիւնը, թեթեւութիւնը կը վտանգեն հիւթը (մի մոռնաք որ մտածումները ամենէն անանձն մասն են մեր հոգիին ու պարտաւոր ենք ձեւով մը, կնիքով մը գոնէ պաշտպանել)։ Զգայարաճականին (sens - Երու խօսող) սա անբաւարարութիւնը ի վերջոյ կ անգրադ աոհայ մեր վրայ: Հմտութիւն, զօրութիւն, գիտական ճշգրտութիւն պայմաններ Խն, որոնց չեմ ակնարկեր, քանի որ մօտեցայ, արագ, այդ ամենուն, իւմանիստ Դուրեանի մէջ: Հոս կը ծանրանամ այն մեղմ, փոքր, բայց թանկ առաքինութեան վրայ, որ ընդունակ կ՚ընէ Դուրեան Սրբազանը իր տեղեկագրութեանց տասը տասնըհինգ էջերը մեզի ընծայել իբր իմացական հեշտանք մը, որ ճշմարիտ գոհացում մը կու տայ մեր միտքին ու զգայարան քներուն հաւասարապէս։ Ի՞նչն է միջամտողը, որ Հ. Ն. Ակինեանի 800ը անցնող էջերը մեր մտքին մէջէն uահին, առանց մեզ կապելու նման վայելքներու ու հմտական չոր տուիքներով ծանրաբեռնեն մեզ: ու Դուրեան Սրբազանի տասը էջը մենք սուղ հինաւուրց խմիչքի մը նման ճաշակենք: Վասնզի Եղիշէ Դուրեան գրել գիտէ։ Գրագէտ ծնած է։ Իր տաղանդը անդադար ենթարկված է խիստ մարզանքներու։ Նման ջանքերու գինն է միայն որ մեջ կ՚ընէ խիստ նախ մեզի դէմ։ Ընդհանրացուցէք իրողութիւնը: Մենք ազգային հպարտութեամբ մը պիտի լեցուէինք մեծատարած ճիգին առջեւ, որ Մխիթարյան երկդ արեան վաստակն է, եթէ երբէք երանելի վարդապետները տառապած ըլլային քիչիկ մըն ալ արտայայտութեան իրենց համար արհամարհելի, բայց իրենցմէ դուրս այնքան էական տագնապով։