ԳԼՈՒԽ
Զ.
ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏԸ
/495/
Այս
որակումին
տակ
գրական
ճշդորոշեալ
սեռ
մը
մի
ջանաք
հասկնալ։
Տպաւորապաշտութիւնը
—
ընդարձակ
տարազ
—
գրելու
թեքնիք
մըն
է
ու
հետեւաբար
տարածելի
գլխաւոր
սեռերու։
Խօսեցայ
որոշ
չափով,
տպաւորապաշտ
վէպէն,
քննադատական
ձեռնարկներէ,
այս
գործին
պատկան
մասերուն
մէջ։
Հոս
նկատի
ունիմ
առաւելապէս
այն
կտորները,
որոնք
գործադրուած
են
շատ
արձակ,
ազատ
արուեստով
մը,
ծփուն՝
ընդմէջ
վէպին
եւ
արձակ
քերթուածին,
գրական
ուսումնասիրութեան
եւ
գրական
գործերուն
շուրջը,
դէմքերու
առիթով
տպաւորութիւններու
հանդէսի
մը։
Oշական
քրոնիկներ
չէ
գրած,
թերեւս
անկարող
ըլլալուն։
Փարատոքս
մըն
ալ
ասիկա
անշուշտ,
երբ
իր
ամբողջական
գործը
կեանքի
սպասին
կը
մնայ
ենթակայ։
Տպաւորապաշտ
իր
էջերէն
կու
տամ
վերնագիրներ։
«
Վկայութիւններ
»
(«
Սիոն
»
հանդէսին
մէջ
ընդհանրապէս
լոյս
տեսած)։
«
Կեանքին
հետ
»
(«
Սիոն
»)։
«
Մոռցուած
բաներ
»
(«
Սիոն
»,
«
Պայքար
»,
«
Նոր-գիր
»
)։
«
Անգղին
կտուցին
տակ
»
(«
Յուսաբեր
»)։
«
Սերմնացան
»
(«
Արեւ
»)։
«
Հինէն
ու
նորէն
»
(«
Ճակատամարտ
»
օրաթերթ,
Պոլիս
1920—22,
«
Ոստան
»
(Շամտաճեան,
1921–22)։
Զանազան
ժամանակներու
եւ
մտայնութեանց
պատկանող
այդ
թերթերուն
ու
հանդէսներուն
մէջ
այդ
կտորները
թելադրուած
են
կեանքէն։
Ոմանք,
ինչպէս
«
Սիոն
»ի
«
Կեանքին
հետ
»
վերնագրուած
կտորները
ուղղակի
կու
գան
հանդիսաւոր
տպաւորութիւններէ։
Ուրիշներ,
ինչպէս
«
Անգղին
կտուցին
տակ
»ը
եւ
«
Սերմնացան
»ը
կեանքին
արձագանգները
կ՚ոճաւորեն։
«
Մոռցուած
բաներ
»ը
կը
միացնեն
թեքնիքին
երկու
հիմնական
երեսները
—
տպաւորութիւն
եւ
խորհրդածութիւն:
Այսպէս
պարզուած,
այս
կտորներուն
տարողութիւնը
հեռու
է
սակայն
թելադրելէ
Զարթօնքի
սերունդէն,
մա՛նաւանդ
Խաս-գեղի
դպրոցէն
այնքան
հեշտանքով
մշակուած
խառնուրդը,
գաղիացինե/496/րուն
mélangeը
(դուք
աւելցուցէք
գրական
եւ
իմաստասիրական
յաւակնոտ
որակականներն
ալ),
վասնզի
Օշական
չէ
քաշուած
ծանր
դատապարտութեան
տակ
ձգելէ
«
Ներաշխարհ
»ը,
ճիշդ
այդ
մեղքը
հաստատելով
անոր
ո՛չ
միայն
գործադրութեան,
այլեւ՝
յօրինումին,
յղացումին
ալ
ներսը։
Հարկ
կա՞յ,
մեծ
տարազներու
դիմելու,
որպէսզի
զատուին
իրարմէ
երկու
կրթանքներ,
ապրիլ
եւ
մտածել
ու
իրարու
հետ
չշփոթուին
իրողութիւններ,
որոնք
առանձին
գործողութիւններ
են,
իւրաքանչիւրը
իր
սեպհական
կեդրոններով,
գործիքներով։
Կ՚ապրինք
մեր
զգայարանքներուն
մէջ,
հետ,
հաշւոյն։
Կրնայ
պատահել,
որ
այդ
զգայարանքներով
մեր
սեւեռածը
մեր
իմացականութեան
ներսը
արթնցնէ
որոշ
արձագանգներ,
դպի
որոշ
լարերու։
Եղիա
մը,
ծով
մտնող
(խղդուելու
համար)
երիտասարդ
պէյի
մը
հոգին
մեզի
հասկնալի
ընելու
ճիգին
մէջ՝
կը
գտնէ
քանի
մը
իրաւ
սարսուռներ,
կեանքէն
փրթած
ու
անոր
օրէնքներովը
զարգացող։
Բայց
պիտի
չկրնայ
պահել
անհրաժեշտ
պարկեշտութիւնը
այդ
զգայութիւններուն
հանդէպ
ու
պիտի
զառածի
դէպի
հասարակ–տեղիք
մտածումը
մահուան։
Չերազ
մը
անձնական
ապրումներու
հանդէս
մը
(
Արմէն
)
վերածէ
պիտի
մելոտրամաթիք
փղձկումներու
ու
պիտի
կործանէ
զգայութիւնն
ու
մտածողութիւնը։
Տիրան
Չրաքեան,
իր
զմայլելի
զգայարանքներուն
հաւաքումները
չես
գիտեր
ո՛ր
սատանայէն
բռնավար
պիտի
փաթթէ
մտածման
մշուշներով։
Պէրպէրեան
պիտի
զգայ,
որպէսզի
այդ
զգայութիւնները
փոխակերպէ
իմաստի։
Այս
օրինակները
յստակ
են,
կը
խորհիմ,
ու
չեն
ստեղծեր
երկդիմութիւն։
Տպաւորապաշտ
էջեր
մեր
երեք
սերունդներուն
յաջողակ
տաղանդաւոր
մշակները
փորձեցին։
Հիմնականը
արդիւնքն
էր։
Կը
ղրկեմ
ձեզ
«
Իւսկիւտարի
վերջալոյսներ
»ուն
(Տիկին
Եսայեան),
«
Ուղեւորի
էջեր
»ուն
(Զօհրապ),
հատորի
չմտած
Սիպիլի,
Կամսարականի,
Բաշալեանի,
Հրանդ
Ասատուրի,
Հրանդի,
Չօպանեանի
այն
էջերուն,
որոնք
վէպին
չեն
հասնիր,
բայց
ետ
կը
ձգեն
քրոնիկը։
Յաջողակ
հատուածներ,
գրելու
սա
եղանակէն,
կը
նկատեմ
Չրաքեանի
«
Սամոթրակէ
»ն,
«
Հելլեսպոնտէն
անցքը
»,
«
Տաւրոսէն
անցքը
»,
կտորներ,
ուր
նկարիչը,
հմուտը,
խորհրդածողը
կը
պահեն
իրենց
համեմատական
ազատութիւնը,
իրաւունքները
ու
կը
յաջողին
տպաւորութիւնը
ազատագրել
պոլսեցիներուն
այնքան
չարչրկած
նկարագրութեան
մոլութենէն
։
/497/
Տպաւորապաշտ
գրականութեան
մը
պայմանները
չեմ
անցներ
աչքէ։
Ըսի,
թէ
անիկա
սեռ
մը
չէր
ներկայացներ։
Բայց
անով
սեւեռուած
արդիւնքը
մեզի
կ՚ընէ
որոշ
թելադրանքներ։
Ամենէն
առաջ,
մենք
չունինք
գրագէտի
վճռական
դէմքեր,
որոնք
այս
թեքնիքով
միայն
ըլլան
իրենք
զիրենք
պարտադրած,
եթէ
նկատի
չառնենք
Տիրան
Չրաքեանն
ու
Կոստան
Զարեանը,
որոնց
վաստակէն
քերթուածը,
վէպը
կը
մնան
երկրորդական
աստիճաններու։
Արեւմտահայ
գրականութեան
բոլոր
արժանաւոր
մշակներուն
համար
տպաւորապաշտ
էջերը
կազմած
են
երկրորդական
ախորժակներու
/498/
փաստեր։
Տիկին
Եսայեան,
Ռ.
Զարդարեան,
Մ.
Մեծարենց,
Թէքէեան,
Ս.
Պարթեւեան
իրենց
տպաւորապաշտ
էջերէն
առաջ
(կը
բացառեմ
Եսայեանը,
որուն
տաղանդին
պսակն
է
«
Աւերակներու
մէջ
»ը),
հեղինակներ
են
իրաւ
ապրումներով
բիւրեղացած
գործերու։
«
Կարօտներ
»
(Ռ.
Զարդարեան)
տպաւորաապաշտ
էջը)
«
Ցայգալոյս
»ը
կը
բովանդակէ
բազմաթիւ
նմաններ)
կը
վայելէ
իրաւ
պաշտպանութիւնը
«
Վախ,
ես
մեռնէի
»
պատմուածքին։
«
Հրաշալի
յարութիւն
»ը:
Հէնք
առ
հէնք
յօրինուած
է
լրագրական,
նկարագրական
հեշտանքներու
քովն
ի
վեր։
Սուրէն
Պարթեւեան
միայն
չէ
մեղանչած
սայքոներ
նկարելով,
քանի
որ
իր
«
Քայքայում
»ը
մտայնութիւն
մըն
է
սեւեռած։
Իր
սերունդին
հազիւ
թէ
պատկանող
Օշականը
իր
տպաւորապաշտ
էջերուն
մէջ
ալ
պիտի
մնայ
շեշտ
զարտուղութիւն
մը։
Լրջօրէն
մեր
գրականութեան
անոր
սպասը
սկիզբ
կ՚առնէր
1910ին,
երբ
արդէն
մենք
կը
տառապէինք
իր
նպատակը
հերքող
եւ
սահմանները
զանցող
/499/
մեր
տպաւորապաշտութենէն։
Մեր
հանդէսները
քաղաքական
ու
լուրջ
հարցերու
(գրականութիւն,
պատմութիւն,
ընկերաբանական
նիւթեր,
քննադատութիւն,
ազատ
պատմում)
կու
տան
իրենց
նախասիրութիւնները
եթէ
երբեք
աժան
արդիականութեան
մը
մունետիկները
չեն
(«
Շանթ
»,
«
Ազատամարտ
»,
յաւելուած
)։
Առաջին
պատերազմէն
անմիջապէս
առաջ,
ծանր,
խոր,
ընդարձակ
ապրումներ
սեպհականութիւնն
են
երիտասարդութեան,
ինչպէս
մտաւորականութեան։
Պոլիսը
խոշոր
բեմ
մըն
է,
ուր
խօսքը,
ներկայացումը,
փրոփականտը,
հանդէսը
իրար
կը
հալածեն։
Ազգային
կեանքը
կը
խուժէ
Պոլիս,
գաւառներէն,
թղթակցութիւններով,
կենդանի
վկայութիւններով,
բողոքներով։
1913ին
մեծահանդէս
յոբելեանը
Գրերու
Գիւտին,
կը
ստեղծէ
աննկարագրելի
խանդավառութիւն։
Թերթերու
բացառիկները։
Տարեցոյցներով
հրահրուող
գրական
ռեքլամը,
գէշ-աղէկ
ապրող
հանդէսները
սնուցանելու
հարկերը,
տօնական
մեծածաւալ
յուզումները՝
յարմարագոյն
պատեհութիւններ,
որպէսզի
արդէն
անյարիր
մեր
լրագրութիւնը
իր
թեւերը
երկարէ
ամէն
ուղղութեամբ,
զտարիւն
գրողները
կապէ
իր
տանջանքի
անիւին
ու
երիտասարդ
մտաւորականը
թուլցնէ
խղճահարութեանց
մասին,
անկէ
առնելու
համար
խակ,
աժան,
ընթացիկ
փշրանքներ։
Ի՛նչ
որ
մեր
մամուլը
կ՚ընէ
ծանծաղ,
անամբողջ,
իր
հետաքրքրութեանց
ու
ձգտումներուն
մէջ,
անոր
զլանալով
իր
ճշմարիտ
իմաստը։
/500/
Ըսի,
թէ
տպաւորապաշտ
էջերը
չեն
հասնիր
վէպին,
անցնելով
քրոնիկէն
անդին։
Ըսել
կ՚ուզէի,
որ
տաղանդի,
պայմաններու
մասնաւոր
յարդարանք
մը
անհրաժեշտ
էր,
որպէսզի
Գրիգոր
Զօհրապ
մը,
իր
վտանգուած
առողջութիւնը
դարմանելու
համար
Արեւմուտք,
ջուրի
քաղաքները
իր
ճամբորդութիւնները
օգտագործէր
տպաւորութեանց
պաշտումին
ու
գործէն,
տագնապէն
սպառած
մարդու
մը
ջիղերը
յատկացնէր
այդ
տպաւորութիւնները
արժեւորելու,
երբ
«
Անհետացած
սերունդ
մը
»ին
տաղանդաւոր
հեղինակը
ամէն
յարմարութիւն
ունէր
եթէ
ո՛չ
վէպի,
առնուազն
վիպակներու
ձեւով
տալու
մեր
գրականութեան
մնայուն
արժէքներ։
Ըսել
կ՚ուզէի,
որ
ներկայով
ու
անցեալով
ընդելոյզ
ապրումներ
եւ
յուշքեր
Չրաքեանի
մը
այնքան
իրաւ
կարողութիւնը
(գրելու
արարքէն)
չսահմանափակէին
աժան
հմտութեան
մը,
բանական
հեշտանքներու,
մտածման
խաղերու
վայելքին,
երբ
ա՛լ
իր
լիութիւնը
գտած
անոր
տաղանդը
ամէն
յարմարութիւն
կը
համախմբէր
արուեստի
տիրական
գործի
մը
վրայ
/501/
առնուազն
սեւեռելու
իր
սերունդին
քանի
մը
հզօր
տագնապները։
Ո՛չ
«
Ուղեւորի
էջերը
»
եւ
ոչ
ալ
Չրաքեանի
տպաւորապաշտ
թեքնիքով
մեզի
կտակուած
վաստակը
անբաւական
են
երկու
անունները
պարտադրելու
մեր
գրական
խղճմտանքին։
Կոստան
Զարեան,
Տիկին
Եսայեան
կը
կազմեն
այս
դժբախտ
վրիպանքին
մէջ
երջանիկ
բացառութիւն։
Ի՞նչ
կ՚արժեն
Օշականի
տպաւորապաշտ
էջերը։
Այս
հարցումին
պատասխանը
արտօնող
հիմնական
ազդակը
ժամանակին
վկայութիւնն
է
ապահովաբար։
«
Աւերակներու
մէջ
»ը
ծնած
օրէն
իսկ
կրցած
էր
արհամարհել
այս
պայմանը,
քանի
որ
պատահարը
—
Կիլիկիոյ
աղէտը
—
կատարած
էր
իր
դերը,
հզօր
զգայնութիւն
մը
յուզելու,
բայց
ձեւով
մը
ու
չափերու
վրայ,
որոնք
անհունապէս
կը
զանցէին
պատահարին
նիւթական
տարողութիւնը։
Մարդկային
ամենէն
խորունկ
ապրումներուն
ճակատագիրն
է
պայմանն
ու
ժամանակը
անցնիլ
ամէն
ուղղութեամբ։
«
Աւերակներու
մէջ
»ը
ուրեմն
ցեղային
տարողութեամբ
մեծ
վկայութիւն
մըն
է։
«
Անցորդը
եւ
իր
ճամբան
»,
Զարեանի
առաջին
մեծ
գործը,
դարձեալ
կը
բխի
պայմաններու
զանցումէ
մը։
Կենդանի,
վառ,
անհանդարտ
այդ
ջիղերու
կծիկը
այդ
գիրքին
մէջ
կը
տեսնենք
շփման
մտած
հզօր
ապրումներու
հանդէսի
մը։
Տեւողութիւնը
դարձեալ
անկշիռ,
ուրեմն
այդ
իրողութիւնները
ենթարկելու
իր
կշիռին։
Անշուշտ
դէպքերն
ու
անձերը
նախապայմանն
են
«
Անցորդը
եւ
իր
ճամբան
»ի
էջերուն,
բայց
գրագէտը
մեծ
է
անոնցմէ։
Այս
ժամանակէ
զերծութիւնը
գործի
մը
համար
ամենէն
ամուր
երաշխիքն
է։
Որքան
ալ
յաջող,
օգտաւէտ,
Արփիարեանի
մը
«
Օրուան
կեանքէն
»ները
ծանրօրէն
կը
մնան
ենթակայ
քրոնիկին։
Անոնք
այդ
մարզէն
շահեկան,
տիրական
մանրամասնութիւններ
են,
բայց
չեն
զանցած
այդ
մարզը,
չեն
անցած
անկէ
անդին։
Երբ
հատորի
տակ
խմբուին
Օշականի
տպաւորապաշտ
էջերը
(անոնք
քանի
մը
գիրք
լեցնելու
չափ
առատ
են),
պիտի
ստանա՞ն
այն
տարողութիւնը,
զոր
«
Ներաշխարհ
»ը,
«
Աւերակներու
մէջ
»ը,
«
Անցորդը
եւ
իր
ճամբան
»
ունին
իրենց
հեղինակներուն
տաղանդները
արտայայտելու
մէջ
իրենց
արժէքէն։
Ուրիշ
խօսքով,
այդպէս
խմբուած
այդ
հատորները
պիտի
գտնե՞ն
այն
կշիռը,
որուն
մասին
տարակոյսը
չի
ներուիր
Օշականի
վէպին,
թատրոնին,
քննադատական
կառոյցներուն։
Այսպէս
հարց
մը
դնել
գործի
մը
համար,
որ
երակ
մըն
է
մեծ
ամբողջութեան
մը
մէջ,
թերեւս
վտանգել
կը
նշանակէ
Օշականի
տաղանդին
տարողութիւնը։
Հոս
կը
յիշեմ
Feuilles
détachées
անունով
տպաւորապաշտ
հատորի
մը
մասին
ֆրանսացի
քննադատի
մը
կար/502/ծիքը,
որ
կէս
դար
առաջ
տարօրինակ,
փարատոքսալ,
այսօր
իմ
առջեւ
կը
գտնէ
իր
փաստին
ծանրակշիռ
ստուգութիւնը։
Քննադատը
այդ
հատորիկին
մէջ
կը
խոստովանէր
Էռնէսթ
Ռընանի
հոգիին
ամենէն
իրաւ
արտացոլումը,
որ
ժամանակին
հետ
կորած
էր
ալ
իր
աղերսը,
բխած
ըլլալով
հանդերձ
այդ
ժամանակէն։
Այսօր
մարդեր
կը
յիշեն
«
Քրիստոնէութեան
պատմութիւն
»ը,
«
Իսրայէլի
պատմութիւն
»ը
մեծատարած
եւ
տիրական
գործեր,
իրենց
ժամանակին
վրայ
ընդարձակ
ազդեցութեամբ
մը,
բայց
չեն
անցնիր
անդին,
քանի
որ
ատոնց
խարիսխ
ծառայող
մթերքը
—
պատմաբանասիրական
—
շատոնց
ձգուած
է
ետ,
այդ
տարրերը,
մտայնութիւնները
հասկնալու
տագնապին
մէջ,
աւելի
քիչ
գրական,
աւելի
հաստատօրէն
գիտական
տարրերու
շահագործում
մը
որդեգրելով։
Ու
տարակոյսը
—
ժամանակի
կորուստնե՞ր՝
այդ
ծանր
ձեռնարկները։
Մեր
գրականութիւնը
անշուշտ
նման
տագնապներ
չարթնցներ
իր
մշակներուն
հոգիէն
ներս։
Կանխող
բաժիններու
մէջ
Օշականի
դիմայեղումներէն
հիմնականները
ինկած
են
բաւարար
վերլուծման։
Օշական
լրագրող
մը
չէ,
որպէսզի
մեր
ազգային
անցուդարձերը
ըլլայ
մօտիկէն
հետապնդած։
Չէ
ունեցած
ազգային
գործունէութիւն
մը,
որով
ըլլար
հաւաքած
մարդերէ,
շրջանակներէ,
մտայնութիւններէ
բաւարար
մթերք,
իր
տպաւորութիւններուն
ճարելու
համար
յատկանշական
տարողութիւն,
ժամանակէ
մը։
Վարժապետի,
ան
ալ
հալածուած
վարժապետի
ու
մենաւոր,
հերձուածող
գրողի
իր
ապրումները
ազատ
կառոյցներու
մէջ
(վէպ,
թատրոն)
կրնային
բարձրանալ
արուեստի։
Այս
մարդը
ոչ
միայն
չէ
յաւակնած
հանրային
որեւէ
դերի,
այլեւ
խնամքով
զլացած
է
իր
ժամանակը,
գործէն
դուրս
ամէն
հետաքրքրութեան։
Հանդիսաւորութենէ,
հանրային
սպասէ
սա
վերապահութիւնը,
չըսելու
համար
խորշանքը,
իմացական
շատ
բացառիկ
որոնումներով
աստիճան
մըն
ալ
խստացած,
զրկած
է
անոր
տպաւորութիւնները
հանրականին
պաշտպանութենէն:
Այս
հաստատո՞ւմը,
անոր
համար
հոս,
որպէսզի
ըլլային
հասկնալի
«
Մոռցուած
բաներ
»ը,
/503/
«
Վկայութիւններ
»ը,
«
Սերմնացան
»ը,
«
Անգղին
կտուցին
տակ
»ը,
«
Հանդէս
զգայութիւններու
»ն,
մեծ
թիւով
գրական
վերլուծումներ,
որոնք
կը
թուին
բխիլ
իր
ժամանակէն,
իրմէ,
բայց
չեն
պայմանաւոր
այդ
ժամանակով։
Հատուածական,
մասնակի
վերլուծական
այդ
կտորներուն
մէջ
լրագրականին
բաժի՞նը։
Օշական
կը
յաւակնի
ըլլալ
մարդը,
որ
չէ
գրած
լրագրին
համար։
Տպաւորապաշտ
գրելու
կերպ
մը
կը
պաշտպանուի
մէկ-երկու
հիմնական
շնորհներով։
Անոնցմէ
մէկն
է
զգայարանքներու
զարգացած,
գերաճուն,
քիչ
մը
բաց
նրբութիւններու
տարուած
զգայարանքներու
հանգոյց
մը:
Ատոնցմէ
ուրիշ
մըն
է
իմացական
իրողութիւնները
ընդունելու,
իւրացնելու,
իւրակերպելու
ատակ
ուղեղային
դրութիւն
մը։
Ատոնցմէ
երրորդ
մը՝
իրերն
ու
երեւոյթները
վերակազմելու,
նորոգելու
ընդունակ
մտածման
գործօնութիւն
մը։
Տիկին
Եսայեանի
համար
առաջին
վերագրումը
կը
գտնենք
բաւարար։
Տիրան
Չրաքեան
ասոր
կ՚աւելցնէ
երկրորդ
վերագրումին
բարիքը,
ինչպէս
չարիքը։
Կ.
Զարեան
պատգամներով
կը
յաւակնի
իր
տեսածները
փոխակերպած
ըլլալ։
Ի՞նչ
կ՚արժեն
Օշականի
զգայարանքները
։
Այս
հարցականը
նկատի
չունի
զգայնութիւնը,
որ
թէեւ
կերպարանք
մըն
է
զգայարանքներով
հարուած
մեր
ներքին
անձնաւորութեան,
բայց
պայմանաւոր
չէ
այդ
զզայարանքներուն
պաշտօնագործութեամբը։
Երբեմն
արեան
հեռաւոր
տիեզերքներ
—
հոգին
ալ
իր
humeurները
ունենալու
է,
բառին
բնախօսական
հին
իմաստովը
—
մեզմէ
անկախ
կ՚ապրին
ու
կը
վարեն
մեր
տաղանդը։
Տոսթոեւսկի
անշուշտ
մարդն
էր
իր
զգայարանքներուն։
Ըսել
կ՚ուզեմ
Souvenir
de
la
maison
des
morts,
կու
գար
առաւելապէս
զգայարանքներու
ճամբով։
Բայց
այս
գիրքին
ներքին
բարեխառնութիւնը
իր
հիւլէական
բաղադրութիւնը
պէտք
էր
առած
ըլլար
արեան
հեռու
դրութիւններէ։
Լուսնոտութիւնը
միայն
հիւանդութիւն
մը
չէ,
այլ՝
ով
գիտէ
ի՞նչ
խորհրդաւոր
ապրումներու
հեռարձակում
հայրերէն
դէպի
թոռները։
Չեն
գտած
այդ
հիւանդութեան
միքրոպը։
Բայց
չէին
ալ
գտած
թրէփոնէմը,
գուշակելով
հանդերձ
անոր
անբացատրելի
գրգիռները
բարձրագոյն
իմացանկանութեանց
ամենէն
նրբին
կեդրոններուն։
Զգայնութիւնը
գումար
մըն
է։
Չեմ
դառնար
ետ,
Օշականի
զգայնութիւնը
վերստին
վերլուծման
սեղանը
բերելու։
Այդ
աշխատանքը
կատարուած
է
բաւարար
ընդլայնումով։
Հոս
կը
սեղմեմ
հարցը
ու
կը
կենամ
Օշականի
աչքին,
մորթին,
ականջին,
այսինքն՝
արտաքին
աշխարհին
եւ
ներքին
տիեզերքին
կարեւոր
միջնորդներուն
իրական
կշիռին։
Դրեք
այս
/504/
հարցականները
ձեր
ուզած
ոեւէ
տպաւորապաշտ
գրագէտին
հետ
ու
համար։
Ձեր
մտքին
մէջ
արթնցող
անդրադարձումները
պիտի
ըլլան
բաւարար,
գրագէտին
տեսակարար
կշիռը
ունենալու
արարքին
համար։
Այսպէս
հարցուցէք,
ի՞նչ
կ՚արժէին
Եղիայի
աչքերը
։
Ունէ՞ր
Չերազ
մորթի
զարգացեալ
դրութիւն
մը:
Թովմաս
Թերզեան
անուանուած
ազնուական,
ներդաշնակ,
համակ
քաղցրութիւն
—
ասոնք
այդ
մարդուն
անբաժան
որակականներ
եղան
մօտ
կէս
դար,
երբ
կ՚ապրէր
անիկա,
տակաւին
քառորդ
մը
դար
ալ
մահէն
ետքը
—
բանաստեղծը
ունէ՞ր
գոնէ
արտաքին
ականջ,
որպէսզի
հասկնար
սահուն
ոտանաւորին
բախտը։
Ու
սպասեցիք,
որպէսզի
ձեր
հարցումներուն
պատասխանները
հասնին
ձեր
անգիտակցութենէ
ձեր
գիտակցութեան։
Ու
ահա
բախտորոշը։
Եղիայէն,
որ
մեր
նկարագրականին
մեծ
վարպետն
ու
վարդապետը
հռչակուեցաւ
աւելի
քան
երեսուն
տարի,
ձեր
միտքը
չի
կրնար
վերակազմել
էջ
մը,
ուր
իրաւ
աշխարհ
մը
ըլլար
ինկած
գիծի,
կարկառի։
Խօսիլ
լուսինէն,
աստղէն,
անգղէն,
ծովէն,
Մայիսէն,
վարդէն,
սոխակէն,
ծովափներէ՝
կը
նշանակէ
խօսիլ,
Եղիային
կերպին
մէջ,
որեւէ
լուսինէ,
եւայլն
…
որոնք
չպատկանէին
ո՛չ
մէկ
իրականութեան։
Չերազէն
ձեր
վերակազմել
ուզած
ապրումներու
կտաւը
—
գլխաւորաբար
«
Արգոսի
խոհեր»
(գրական
փորձեր)
վերնագրուած
քրոնիկներուն
կրկէսէն,
չի
պատկանիր
դարձեալ
որեւէ
ջղային
դրութենէ
մը
ծորած
հաստատ
վկայութիւններու։
Ու
Թովմաս
Թերզեանց
մարդն
է,
որ
տող
մը
ներդաշնակ
բան
չէ
կրցած
արտաբերել՝
իր
հազարաւոր
տողերուն
կառաշարային
խժութենէն
ինքզինքը
ազատելու
ընդունակ։
Կը
դառնամ
Օշականին։
Ունի՞
այդ
մարդը
աչք։
Ձեր
մտքին
պիտի
շինուին
այս
հարցականին
հետ
ամբողջ
տեսարաններ,
գիւղեր,
քաղաքներ,
գոյներու
ու
գիծի
անմոռանալի,
ինչպէս
անշփոթելի
հանդէսի
մը
մէջ։
Թող
իյնայ
անոր
նայուածքը
ամենէն
սովորական
պատկերին,
անդրադարձը
պիտի
ըլլայ
ինքնացած,
ինքնատիպ
կերպարանքով
պատառ
մը
աշխարհ։
Oշական
չէ
նկարագրած,
որպէսզի
Չրաքեանի
մը
նայուածքին
սրութիւնը
առնէր
իբր
բաղդատութեան
եզր։
Անիկա
արտաքին
աշխարհը
արհամարհած
ալ
չէ,
ինչպէս
է
պարագան
Տոսթոեւսկիին
մօտ։
Արտաքին
աշխարհը,
որքան
ալ
խստապահանջ
ուզենք
ըլլալ,
ինքզինքը
կը
պարտադրէ
մեզի,
քանի
որ
անիկա
շրջասփիւռ
(ambiant)
միջոցն
է
հոգեղէնի
յայտնակերպումներուն։
Մեր
ոճիրները
կը
գործենք
տեղի
մը
մէջ,
մարմինի
մը
վրայ։
Մեր
սէրերը
կը
փռենք
մեզմէ
դուրս,
ուրիշ
կերպարանքներու
մագնիսէն
բռնավար։
Մեր
տառապանքը
կ՚ազդուի
անվախճան
թուող
աշնանային
անձրեւէն,
/505/
ցեխին
սուգէն,
ձիւնին
պաղ
պայծառութենէն,
ինչպէս
մեր
վայելքները
կը
բացուին,
աւելի
ազատ
ու
աւելի
առատ
գարնան
մը
անուշիկ
գոլէն,
կանանչ
ցօղիկներով
հարսնացող
խատուտիկ
ծաղիկներէն,
եւայլն,
եւայլն։
Միսաք
Մեծարենց
անշուշտ
ազդեցութեանը
տակ
Չրաքեանի
եւ
Սիպիլի
իր
դաշտանկարները
անգայտացուցած
է
աւելի
անդին,
քան
արտօնեալը։
Բայց
այդ
անգայտացումը
անիկա
չէ
վերածած
վտանգաւոր
լայնութեան
մը,
ինչպէս
է
պարագան
Սիպիլին,
պաշտպանուած
ըլլալով
ամուր,
թէեւ
հեռու
ապրումներէ
(անոր
զգայարանքները
իրենց
հէնքը
ճարած
են
իրաւ
հողէն,
երկինքէն
ու
պատկերներէն
գաւառին)։
Օշական
չունի
նկարագրական
անխառն
էջ
մը,
նման
անոնց,
որոնք
Տիկին
Եսայեանի,
Չրաքեանի,
Մեծարենցի
քերթուածները,
արձակները
կը
վերածեն
ոճային
փոսփորափայլութիւններու։
Ռ.
Զարդարեան
մեծ
գրագէտի
մը
վարկը
պիտի
շահէր
իր
փորագրական
սեւեռումներով։
Բայց
մի՛
մոռնաք,
որ
տպաւորապաշտ
թեքնիքին
աւագ,
հաւատարիմ
պաշտօնեան
մեր
աչքն
է։
Օշական
դիմած
է
արտաքին
աշխարհին,
վաղ
պատանութենէն
մինչեւ
ալեւոյթը,
անկէ
առնելու
համար
հոգեկանին
համար
անհրաժեշտ
նպաստը,
յատակը։
Իր
հերոսները
երբեք
օդին
մէջէն
չեն
խարխափեր։
Չեն
յատկացներ
ժամանակ,
տնտնալու,
զմայլելու
համար
աղուոր
վայրերու
չքնաղ
հրապոյրներէն,
որոնք
այսօր
ծիծաղելի,
էի՛ն
սակայն
իրաւ
այդ
մարդուն
կեանքին
առաջին
երեք
շրջաններուն։
Անոր
գեղը,
քաղաքը
իբր
նկարչական
կայքերու
հանդիսարան,
աշխարհի
ամենէն
քաղցր
յաջողուածքները
կրնան
դասուիլ։
Ինքը
երբ
կ՚ըսէր,
թէ
«
ջուրը
ոչ
մէկ
տեղ
այնքան
լոյսով,
ոսկիով
է
տեսած
»,
որքան
իր
գեղի
լիճին
երեսին,
եւ
ըսէր
երեսուն
տարի
առաջ
հաստատ
գեղեցկութիւն
մը։
Այդ
օրէն
ասդին
անիկա
տեսաւ
Մերձաւոր
Արեւելքին
մեռած
ու
ողջ
ջուրերը,
Պալքաններուն
տժգոյն,
բորոտ
լճակները,
Արեւմուտքին,
մա՛նաւանդ
միջերկրեայ
ափունքներուն
այնքան
փառաբանուած
պատկերէ
մը
աւելի
գեղեցիկ
յարդարուած
ափերն
ու
ջուրէ
աւանները,
Պոլիսը
ու
իր
ահաւոր
հռչակի
հանած
Վոսփորը։
Ու
կը
հաստատէ,
որ
այդ
բոլոր
զգայութիւնները,
այդ
ընդարձակ
տեղերէն
կը
մնան
տժգոյն,
անբաւարար,
երբ
բաղդատուին
իր
ծննդավայրին
տեսիլներէն
իր
մէջ
բիւրեղատիպ
սեւեռուածներուն,
բոլորն
ալ
պահած
իրենց
նկարագիրը
տարօրէն
կենդանի,
սուր,
գեղեցիկ։
Կ՚անցնիմ
զգայութիւններու
այն
աշխարհին,
որ
մեր
յիշատակներուն
մէջ
կը
պառկի
հեռամշուշ
ու
անորոշ,
բայց
որ
կը
վերակազմէ
ինքզինքը
տարօրինակ
պայծառութեամբ
մը,
որքան
ատիկա
չէ
հաստատելի
տեսողականով
պայմանաւոր
վերարտադրում/506/ներուն
վրայ։
Կ՚ակնարկեմ
այն
ամբողջութեան,
որ
տեղի
մը,
մարդու
մը,
ապրումի
մը,
պահի
մը
համագումար
ստորագրութիւնն
է
մեր
հոգիին
մէկ
էջին,
ինկած
ու
կորսուած
այդ
հոգիին
բիւրաւոր
ծալքերուն
խորը,
բայց
որ
կը
գտնէ
միջոցը,
ծովերուն
խորունկէն
բարձրացող
պղպջակի
մը
նման
գալ
կենալու
մեր
հոգիին
երեսին,
իր
հետ
բերելով
էջը
կազմող
զգայութիւններուն
բովանդակ
մանրամասնութիւնը։
Տեղ
մը
աչքէ
մը
ոսպնեակ
մըն
է
ձեր
հոգիին
ներսը։
Է՛
նոյն
ատեն
հոտ
մը։
Է՛
նոյն
ատեն
եղանակի
կտոր
մը։
Է՛
նոյն
ատեն
մարդկայինով
տրոփուն
համ
մը
—
ցաւ
ու
վայելք,
արցունք
ու
հեշտանք,
գիրկ
մը
ու
դժոխք
մը։
Տպաւորապաշտ
թեքնիքը
այդ
համադրական
գումարը
զգայութիւններուն
կարող
է
վերստին
կեանքի
կանչել։
Արուեստը
այս
կարողութեան
աւելի
կամ
նուազ
մշակուած
ըլլալուն
մէկ
փաստն
է
մեր
մէջը։
Ու
ա՛ն
է
արուեստագէտը,
որ
մորթային
իր
զգայութիւնները
ունեցած
է,
բաղդատած
(combiné
ուրիշներու,
բայց
գերազանցութեամբ
մը
թէլիւրիք
ին,
համին
ու
հոտին
սիրտերէն
հաղորդ
մասնաւորին,
ա՛յն
անջնջելի
ապրումներու
կնիքին,
որով
մեր
յիշատակները,
երբ
դառնան
մեզի,
կը
բերեն
ո՛չ
թէ
միերես,
միամակարդակ
կտաւ
մը,
այլ
այդ
կեանքը
այնպէս՝
ինչպէս
դրուած
էր
անիկա
մեր
բոլոր
զգայարանքներուն
։
Կը
հետեւի,
թէ
արուեստի
ամէն
իրաւ
գործ
մաս
մը
ունի
իր
մէջ
մեր
տպաւորութիւններով
պայմանաւոր։
Ու
ամէն
իրաւ
արուեստագէտ
գործաւոր
մըն
է
տպաւորապաշտ
թեքնիքին։
Բայց
մեր
զգայարանքները
մերն
են,
ուրիշներուն
խմորէն
շինուած
ըլլալով
հանդերձ։
Սիպիլ
մը
լուսնին
սկաւառակէն
պիտի
ունենայ
աս
ու
ան
զգայութիւնները,
Դուրեան
մը
բոլորովին
տարբերներ։
Ահա
այս
զանազանութիւնն
է
ապրումներէ,
որ
կը
յօրինէ
ո՛չ
միայն
մեր
անձնականութիւնը,
այլեւ՝
ասոր
յայտնակերպումները։
Նոյն
տարրերէն
(կը
ղրկեմ
ձեզ
կենսաբանական
տարրաբանութեան)
անիմանալի
արուեստագէտը
միլիառներով
կերպարանքներ
երբ
կը
յարդարէ
—
միայն
մարդկային
դէմքերուն
անհուն
զանազանութիւնը
բաւ
պիտի
գար
ձեզի,
ընդունելու
համար
օրէնքին
արտակարգ
կշիռը
—
հոգին
ալ
անշուշտ
կը
ձգէ
իր
օրէնքներուն
կնիքին։
Ու
ինչպէս
որ
բնական
կարգին
վրայ
աս
ու
ան
տարրին
առատութիւնը
կամ
նուազումի
ազդակն
է
միջինին
անհուն
բազմազանութեան,
հոգեղէն
կարգին
ալ
վրայ,
աս
ու
ան
զգայարանքին
առաւել
կամ
նուազ
աճումը
ազդակն
է
մեր
իմացական,
հոգեկան
անձնաւորութեան
կազմաւորման։
Նոյն
համապատկերներուն,
նոյն
ապրումներուն
մէջն
են
զարգացեր
զգայարանքները
Ռուբէն
Զարդարեանին
ու
Թլկատիցիին։
Բայց
այդ
հասարակաց
խմորէն
իւրա/507/քանչիւրին
իւրացուցա՞ծը։
Թլկատինցի
առանց
աչքի
ծնած
մարդն
է
կարծես.
այնքան
այն
պատկերաշարքը,
որ
Զարդարեանին
գործին
համն
ու
գեղեցկութիւնը
ապահովեց,
մնացած
է
անաճուն։
Անիմանալի
արուեստագէտը
այդ
մարդուն
զլացած
արտաքին
աչքին
տեղ
դրած
է
անոր
ուղեղին
թաքուն
մէկ
կէտին
կիկլոպին
ուրիշ
գործարան
մը
սակայն,
որ
տարօրէն
արագ,
ամբողջ,
կենդանի
հարազատութեամբ
մը
ընդունակ
է
իրեն
կանչելու,
որսալու,
սեւեռելու
անտեսանելի,
բայց
աւելի
քան
իրաւ
միւս
թրթռումները,
մեր
մարմիններէն
արտածորող,
անո՛նք,
որ
մեր
մեղքերը,
ներքին
յոյզերը,
մտածումները,
մեր
ցեղային
նկարագիրները
պիտի
կազմեն։
Թլկատինցին
պիտի
տայ,
այս
մասնայատկութեամբ
օժտուած
իր
ներքին
աչքով,
իր
շրջանին,
իրմէն
ալ
հեռու
ուրիշ
շրջաններէ
մինչեւ
իրեն
երկարող
ապրումներուն
անդրադարձումները։
Այսպէս
է,
որ
Թլկատինցի
պիտի
չըլլայ
Զարդարեանին
պէս
արտաքին
իրերով
պայմանաւոր
տպաւորապաշտ
մը։
Մարմինը,
ականջը,
հողէն
բուսնող
ձայներուն
ընկալչութեանը
ատակ
դրութիւն
մը
միշտ
չեն
ժամադրուիր
ուղեղի
մը
ներսը։
Տիկին
Եսայեան
պիտի
ունենայ
այդ
հողէն
բուսնող
—
արիւնը,
սերմը,
սեռը
կերպարանքներ
են
այդ
ձայներէն
—
բաներուն
մէկ
մասին
համար
մասնաւոր
ընկալչութիւն
ու
պիտի
տայ
իր
գործին
լաւագոյն
մասին
մէջ
անդրադարձը
այդ
ապրումներուն։
Տաղանդով
իրեն
հաւասար
ջղային
ուրիշ
դրութիւն
մը
ղրկեցինք
Կիլիկիա,
1909ին։
Սուրէն
Պարթեւեան
տեսողական
տպաւորութիւններու
առաւել
կամ
նուազ
կեղծ,
փայլուն,
պոռոտ
ալպոմ
մը
պիտի
յաջողէր
փաստ
ճարել
հո՛ն,
ուրկէ
Տիկին
Եսայեան
ժողովուրդ
մը
հանեց,
իր
ամենէն
անհերքելի
իրականութեան,
ինչպէս
ամենէն
խորունկ
ալքերէն
հաւասար
հարազատութեամբ
մը։
Այս
ընդհանրութիւնները
անոր
համար,
վասնզի
տպաւորապաշտ
թեքնիքը
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
հեղինակն
է
մեծ
չարիքներու,
որքան
անոր
ամենէն
սխրալի
յաջողուածքներուն։
Տեղը
յարմար
է,
որ
ըսեմ
ծանր
տարողութեամբ
ուրիշ
ալ
բաներ
այդ
գրականութիւնը
յատկանշող։
Քիչ-շատ
հետաքնին
միտքեր
անշուշտ
նչմարած
են
խորունկ
այն
տարբերութիւնները,
որոնք
մեր
նոր
զոյգ
գրականութիւնները
գրեթէ
իրարու
կը
հակադրեն,
հերքելու
աստիճան
նոյն
արեան
դրութեան
անդրադարձներ
ըլլալու
հասարակաց
իրենց
ճակատագիրը,
պարտքը։
Այրարատի
հովիտին
մէջ
տառապող
կամ
երջանիկ
հայ
մարդը
չէր
կրնար
այնքան
այլանալ,
գէթ
այդպէս
կերպարանուիլ,
երբ
դրուէր
բաղդատութեան
Վոսփորի
ափունքերէն
սոխակ
ու
Մայիս
հալածողներու
հոգեբանութեան
հետ։
Արե/508/ւելահայերը
կ՚ուրանան
գրեթէ
ամբողջութեամբ
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
։
Ատիկա
անշուշտ
մասով
մը
կու
գայ
յիմարութենէ,
բայց
ուրիշ
մասով
մըն
ալ
աննուղղակի
կը
փաստէ
չարիքը
տպաւորապաշտ,
այսինքն՝
զայարանական
գրականութեան
մը։
Իրաւ
է,
որ
Մոսկուա,
Թիֆլիս,
աւելի
յետոյ
Երեւան
ճարտարապետուած
իմացական
կեանքը
զերծ
մնաց
Վոսփորին
սեթեւեթէն,
վենետիկեան
արշայիզմէն
կամ
Սփիւռքի
նարկիսականութենէն,
բայց
հազիւ
եղաւ
գրական
իրողութիւն
մը։
Այդ
գրական
իրողութիւնը,
այսինքն՝
գրականութիւնը
ըմբռնելու,
իրագործելու
արարքը
Վոսփորի
ափերուն
վրայ
տուաւ
մէկէ
աւելի
անգամներ
իրաւ
արուեստին
ապացոյցները,
բայց
դարձեալ
չգտաւ
իր
արդար
կեանքը,
ուր
մեզի
տրուէր
ճանչնալ
ժողովուրդ
մը,
իր
շնորհներուն
բովանդակ
գումարովը,
ինչպէս
իր
ներքին
յօրինուածութեան
բոլոր
օրէնքներովը։
Կա՞յ
հայ
կեանքը
Րաֆֆիի,
Շիրվանազատէի,
Սունդուկեանցի,
Նար-Դոսի,
Մուրացանի,
Թումանեանի,
Տէրեանի
անուններով
մեզի
հասած
գործերուն
ետին։
Առաջին
մղումով
մեր
պատասխանը
վճռական
հաւաստում
մը
պիտի
ըլլար։
Բայց
մի՛
աճապարէք։
Գրականութիւնը
լուսանկար
մը
չէ,
որպէսզի
հարազատութեամբ
ըլլայ
տարազելի,
պիտակելի։
Գրականութիւն
մը
միշտ
կեանքէն
աւելին
ըլլալով
է
պայմանաւոր
։
Հիմա
փնտռեցէք
այդ
գործերուն
ետին
այդ
աւելին։
Ու
պիտի
զգաք,
որ
հայ
կեանքին
հասարակ
կերպարանումէն
գրեթէ
անդին
չեն
անցած
այդ
հեղինակներուն
չեմ
ըսեր
փառասիրութիւնները,
այլ
նոյնիսկ
այդ
կեանքը
ըմբռնելու
դրութիւնները։
Արեւելահայերը
մոռցած
են
դերը
զգայարանական
թեքնիքին,
իրենց
բոլոր
ուշադրութիւնը
յատկացնելով
ընկերային
տագնապներու։
Անոնց
մօտ
գրագէտ
եւ
գրականագէտ
տարազները
բախտորոշ
են
բաւական,
որպէսզի
ամէն
գրիչ
շարժելու
ընդունակ
մարդեր
(գիր
գիտցող)
ըլլան
նոյն
ատեն
ստեղծագործներ
(գրականութիւն
ընելու
ընդու/509/նակ)։
Երեսուն
տարիներու
մօտ
շրջան
մը
(յետ-Հոկտեմբերեան
Արեւելահայ
գրականութիւնը)
ձգած
է
այդ
գրականութիւնը
իր
ետին,
նոր
աշխարհի
մը,
նոր
կեանքի
մը
հզօր
տենդին
մէջ
հասնելու
համար…
ամենէն
անկնիք,
1860ի
արեւմտահայերու
ազգային
երգերու
յիմարութիւնը
յիշեցնող
պարզմտութեամբ
արդիւնքներու։
Ասիկա
ալ
անհերքելի
վճիռ
մըն
է։
Քանի
մը
շաբաթ
առաջ
արեւելահայ
գործիչի
մը
հետ,
տեսակցութիւն
մը
յատկանշական
է
այդ
տեսակէտով։
Այդ
գործիչը
կը
ճանչնար
մեր
ժողովուրդը,
Մոսկուա,
Փեթերսպուրկ,
Թիֆլիս,
Երեւան,
այսինքն՝
արեւելահայ
մտաւորական
ընտրանիին
կազմաւորման
բոլոր
կարեւոր
կեդրոններէն
ո՛չ
միայն
անցած,
այլեւ
անոնց
խորը
գոյաւորուող
գաղափարաբանութիւնները
մորթովի
ծծած
ու
իր
հոգիին
անցուցած։
Սասուն,
Վան՝
այս
դարուն
սկիզբը։
Այսինքն՝
մեր
ժողովուրդին
ամենէն
ծանր
տագնապներու
օրօրաններուն
ներսը
վատնած
իր
երիտասարդութեան
բովանդակ
կրակը։
Յետո՞յ։
Պոլիս։
Յետո՞յ։
Առաջին
Մեծ
պատերազմին
մեր
հայրենիքին
կործանումին
սնարին։
Ու
յետո՞յ։
Սփիւռքին
դժոխքը։
Գիտէ՞ք,
թէ
ինչ
էր
տարողութիւնը
այս
խելացի
մարդուն
իմացական
եւ
գրական
ընկալչութեան։
Սասնոյ
լեռներուն
մէջ
անիկա
սորվեր
էր
ժողովրդական
բանաստեղծութեանց
(քիւրտ
ու
հայ)
վարակիչ
հրապոյրը։
Ու
փակեր
իր
զգայարանքները
այդ
կերպարանքէն
դուրս
ամեն
արտայայտութեան։
Գրական
հանգանակը՝
պարզութիւն,
անմիջական
հաղորդականութիւն,
կտրուկ
թափանցելութիւն։
Կը
հասկցուի՞,
թէ
ուր
կը
նայէին
այս
ախորժակներուն
հետեւանքները։
1880ին
մարդիկ
կ՚ուրանային
Նար-Պէյը։
1930ին
մարդիկ
կ՚ուրանային
Մ.
Պէշիկթաշլեանը։
1940ին
այդ
մարդը
կ՚ուրանար
ո՛չ
միայն
Արեւմտահայ
գրականութիւնը,
այլեւ
Կոստան
Զարեանը։
Բայց
այս
մարդը
իրաւ
անձնաւորութիւն
մըն
էր,
ծանր
պատասխանատուութեամբ
գործերու
գործաւոր։
Բայց
իր
գրական
հասկացողութիւնը
վերածած
էր
անասելի
ճիղճութեամբ
բանի
մը,
քանի
որ
Պարոնեանն
իսկ
կը
ձգէր
դուրս
անկէ։
Արեւելահայերուն
մօտ
գրականութիւնը
ահա
այս
ու
նման
ազդեցութիւններու
յօրինած
թշուառութիւն
է,
որ
կը
պարզէ
այսօր,
երբ
հեռուէն
նայինք։
Տպաւորութեանց
դերը
այդ
գրականութեան
մէջ
չէ
իսկ
դրուած
լրջութեամբ
(Վահան
Տէրեան՝
ականջ
մը
միայն
),
որպէսզի
գրական
իրագործման
մէջ
անոնք
ըլլային
անհրաժեշտ
խմորը,
տարրը,
որոնցմով
մեր
մտածողութիւնը,
ներքին
որոնումները
կը
կերպարանուին,
կը
գունաւորուին,
համ
ու
հոտ
կը
ստանան
եւ
ոչ
թէ
կը
մնան
հասարակ
խօսքերու
անկնիք,
անանձն,
չէզոք,
որով
եւ
արուեստէն
օտար
արդիւնքներ։
Ի՜նչ
շքեղ
/510/
անձնաւորութիւն
ա՛ն՝
որ
կանխող
դարու
կէսերուն
իր
ժողովուրդին
իմացական
արշալոյսը
կը
վարէ։
Ի՜նչ
սրտառուչ
գործօնութիւն։
Բայց
մանկութեան
օրերը
գրելու
անկարող
Պոլսոյ
մէջ
չկայ
ոչ
մէկ
վարժապետ։
Ուրեմն
գրականութիւնը
միայն
ու
միայն
իմացական
դերի
մը
մէջ
տեսնելու
արեւելահայ
ըմբռնումը
չարիքն
է
այդ
գրականութեան։
Փոխադրուեցէք
Վոսփոր
ու
եթէ
կ՚ուզէք
Վենետիկ։
Հոն
ալ
ձեր
գտնելիքը
ճիշդ
ու
ճիշդ
հակառակն
է
Մոսկուա,
Թիֆլիս,
Երեւան
ձեր
հաստատածին։
Պոլիս՝
մարդիկ
գրականութիւնը
վերածած
են
իրենց
անձին
ազատագրումին,
Վենետիկ՝
իրենց
անձէն
անդին
ինկող
պատմական
պատկերներուն
տողանցումին։
Տպաւորապաշտ
թեքնիքը
Արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
եթէ
տուած
է
քանի
մը
մեծ
գործեր
(գիտէք
թէ
որոնց
կ՚ակնարկեմ),
միւս
կողմէն՝
հեղինակն
է
Արեւմտահայ
գրականութեան
ստուարագոյն
տկարութիւններուն։
Անիկա
արգիլած
է
մեր
գրողները
խուլ,
ծանր
ճիգէն,
որով
միայն
մեր
տպաւորութիւնները
կը
մաքրուին
իրենց
զգայարանական
կեղեւանքներին
ու
իբրեւ
խմոր,
ստեղծման
տարր
կը
կենագործեն
մեր
իմացականութեան
ծորումները,
ծնունդները։
Ամէն
տպաւորութիւն,
այդ
զտման
incubationի
արարողութեան
երբ
կ՚ենթարկենք,
ուրիշ
խօսքով՝
երբ
կը
կշռենք
մեր
աչքին
հասածին
իրական
տարողութիւնը
ու
ճշդելէ
վերջ
միայն
կ՚ընդունինք
զայն,
այսինքն՝
անով
հոգիէն
գալիքին
բաժինը
կ՚երաշխաւորենք
—
մենք
ի
վիճակի
կ՚ըլլանք
հասարակը,
սովորականը
վտարելու։
Պետրոս
Դուրեան
տեսած
է
թրքուհին:
Բայց
կարդացէք
նոյն
վերնագրով
քերթուածը,
որպէսզի
համոզուիք,
թէ
ինչ
ճամբով
է,
որ
մեր
տեսածները
կ՚անցնին
մեր
հոգեղէն
հարստութեան։
Նկարագրութիւն,
սեթեւեթ,
նրբամոլութիւն,
զարդապաշտութիւն
միայն
մեղքեր
չեն
1900ը
զարնող
(ինչպէս
մեղքեր
էին
ռոմանթիզմ,
քերականապաշտութիւն,
օգտապաշտութիւն,
հայրենապաշտութիւն,
տափակութիւն,
գրաբարախառնութիւն,
ուսուցողապաշտութիւն
1870ը
զարնող),
այլեւ
տպաւորապաշտ
թեքնիքին
զառածումները։
Երթալ
առաջ,
մեր
900ին
անբաւարարութեան
պատասխանատու
նկատելու
չափ
տպաւորապաշտ
թեքնիքը,
իրողութիւնները
պիտի
ըլլար
ենթարկել
կամայական
մեկնութիւններու։
Տպաւորապաշտութիւնը,
իր
մեծ
յաջողուածքներէն
աւելի
անշուշտ
առիթներ
տուաւ
երկրորդական
տրտմութիւններու։
Բայց
գիտենք,
որ
այդ
տրտմութիւնները
իրենց
ճակատագիրը
միշտ
կ՚իրագործեն
աս
ու
ան
ձեւերով։
Եթէ
Զարուհի
Գալէմքերեան
մը
1900ին,
այդ
թեքնիքին
սպասարկու,
մեր
գրականութեան
մէջ
պիտի
ստորագրէ
ցաւագին
միջակութիւններ,
ատկէ
/511/
քսան
տարի
առաջ
ալ
Տիկին
Սրբուհի
Տիւսաբ
մը
այդ
ցաւագին
միջակութիւնները
մեզի
կտակելու
համար
պիտի
գործածէ
գերեզման
դրուած
ռոմանթիզմին
միջոցները։
Յետոյ,
նոյն
թեքնիքը,
նման
ժամանակներու
մէջ
անհատէ
անհատ
պիտի
տայ
ծնունդ
բոլորովին
տարբեր
արդիւնքներու։
Տպաւորապաշտ
թեքնիքի
գլուխ–գործոց
մըն
է
«
Մատամ
Պովարի
»ն։
Նոյն
թեքնիքով
La
fille
Elesiaն
(Կոնգուր
Եղբայրներ)
վիժուկ
մը։
Այս
մարդերը
մօտիկ
ալ
բարեկամներ
էին
ու
կը
հաւատային,
թէ
գրական
նոյն
դաւանանքներու
կը
հպատակէին։
Տպաւորապաշտ
վիպակ
մըն
է
«
Վերջին
բաժակը
»
(Զ.
Եսայեան)։
Ունի՞
ուրիշ
որակական
մը
«
Իւսկիւտարի
վերջալոյսներ
»ուն
համար,
նոյն
հեղինակէն։
Բայց
«
Վերջին
բաժակը
»
գլուխ–գործոց
մըն
է։
Երկրորդը՝
Տիկինին
յիշատակին
բեռ
մը։
Զգայարանքներու
տուրքը
կարելի
պարկեշտութեամբ
շահագործելը
տպաւորապաշտ
թեքնիքին
նախապայմանն
է
անշուշտ
ու
մեր
մէջ
աժան
փառքին
ապահով
ճամբան։
Խօսեցայ,
թէ
ինչպէս
այդ
դիւրին
եղանակը
հայթայթեց
մեծ
տիտղոսներ
Արշակ
Չօպանեանին,
Լեւոն
Բաշալեանին,
900ի
ասպետներուն։
Անկէ
կու
գայ
արձակ
բանաստեղծութիւնը։
Անկէ
կու
գայ
արեւմտահայ
գրական
հեքիաթը։
Անկէ
կու
գայ
900ի
մեր
քերթողութեան
վրիպանքը։
Զգայարանքներ
ու
գրիչ
շարժելու
բնական
դիւրութիւն
մը
բաւ
կը
նկատուէին,
որպէսզի
մարդիկ
ստորագրէին
«Ձիուն
հոգեվարքը»
(Զ.
Գալէմքերեան)
բառակոյտն
ու
անցնէին
…
գրագէտ,
ինչպէս
այսօր
նոյն
պայմանները
(զգայարանքներուն
համար
սեռայինը
այսօրուան
նորութիւնը)
գրագէտի
տիտղոսներ
կը
գնեն
իրենց
պզտիկ
ապրումները
ալա
Սարոյեան
քշելով
մեր
պանդոյրներուն
վայելումին։
Կ՚անցնիմ,
կենալու
համար
թեքնիքին
երկրորդ
կարեւոր
գործարանին,
ուղեղին,
այսինքն՝
իմացական
տպաւորութեան,
որ
կերպով
մը
կրկնութիւնն
է
զգայարանքին։
Հոս
փոխուածը
աշխարհն
է
միայն։
Արտաքին
իրողութիւններու
տեղ
մարդիկ
ունին
իրենց
տրամադրութեան՝
գիրքերը,
զաղափարներու
շարժումները,
արուեստները,
գրագէտներուն
դէմքերը։
Զառածո՞ւմ։
Բայց
շատ
աւելի
բնական
ձեւով
մը,
վասնզի
հոս
շփոթանքը,
ասիկա
ստեղծելը
աւելի
պարզ
միջոցներով
կ՚իրականանայ։
Նախապայմաններէն
մէկն
էր
գրիչ
բռնելու
շնորհ
մը։
1900ին
մեր
դպրոցներուն
մէջ
անոնք,
որ
այդ
շնորհը
կը
դնէին
յաճախ
ուրիշ
դասերէ
տնանկութեամբ
մը,
լեգէոն
էին։
Դրէք
զգայարանքներուն
տեղ
ընթերցումին
մոլութիւնը,
քիչ-շատ
զօրաւոր
յիշողութիւն
մը,
նոթ
առնելու
ճարտարութիւն
մը,
որպէսզի
ուսանողի
սեղաններէ
կամ
ուսուցչի
բեմէն
ամէն
կանչուած
մարդ
խօսի,
գրէ,
/512/
պատգամէ
իմացական
արժէքներէ,
վերլուծէ
գրագէտներ,
գրական
դպրոցներ։
Բացէք
1900ի
մեր
հանդէսները։
Որքան
շատ
է
հոն
թիւը
անուններուն,
որոնք
օտար
իմաստասէրները,
գրագէտները
կ՚ուսումնասիրեն
Չօպանեանէն
վարակուած
խանդավառութեամբ
մը։
Միւս
կողմէն՝
այդ
1900ին,
Արեւմուտքի
մէջ
իմացական
տպաւորապաշտութիւնը
կը
տիրէ
միահեծան։
Եւրոպական
միտքին
վրայ
մեծ
հեղինակութիւն
կը
վայելեն
Պրանտէս
մը,
Պեռնար
Շօ
մը,
Թոլսթոյ
մը,
Նիցչէ
մը,
այսինքն՝
մարդեր,
որոնց
տաղանդը
զիրենք
պիտի
արտօնէր
ամէն
նիւթի
վրայ
գիրքեր
յօրինելու,
բայց
որոնց
խորագոյն
արժէքը
քննադատութենէն
չէր,
որ
կը
ստանար
իր
բաղադրիչները։
Յետոյ
կային
Ա.
Ֆրանսի,
Պուրժէի,
Ժիւլ
Լը
Մեթրի,
Անտրէ
Ժիտի,
Միրպոյի,
Կուռմոնի
եւայլն,
ու
սեմպոլիստ
տարազներու
փաղանգը,
որոնք
իրենց
տաղանդներուն
տարբերութիւնները
պահելով
հանդերձ,
կը
միանային
զօրաւոր
հակազդեցութեան
մը
մէջ
ընդդէմ
դասականներու
(Պրիւնիթիէռ,
Ֆակէ)
կամ
իմաստասէրներու
(Թէն,
Ռընան)
քննադատութեան։
Այդ
փաղանգը
հեշտագին
կ՚ուրանար
կանխողներուն
լրջութիւնը,
յաւակնութիւնները,
կը
ջանար
միտքը
ազատագրել
օրէնքներէ
ու
կը
հարթէր
իր
վարպետները։
Մեր
1900ը
ունի
իրեն
յատուկ
ուրիշ
ալ
կողմեր,
ատոնցմէ
կը
նկատեմ
այդ
սերունդին
դժբախտութիւնը
հիմնական,
խորունկ
նիւթերէն
բռնաւոր
մէկ
տարագրութիւնը։
Մեր
ժողովուրդը
առջեւն
է
կեանքի
եւ
մահուան
գերագոյն
հարցին
ու
մեր
գրականութիւնը
անկարող
է
այդ
տագնապը
ո՛չ
միայն
ազգին
խղճմտանքին
ներկայացնել,
այլեւ
պիտի
ընէ
ճիշդ
ու
ճիշդ
ներհակ
քարոզչութիւն
մը։
Պիտի
տայ
անորակելի
պատկերը
գործունէութեան
մը,
ուր
օտար
արուեստներու,
արժէքներու,
բարձրագոյն
համբաւներու,
ձախ
շարժումներու
(գրականութեան
մէջ)
շուրջ
մեր
երիտասարդութիւնը
կը
ծաւալի,
կը
ճապաղի
իր
նշմարներով,
վերլուծումներով։
Ամէն
գրիչ
բռնող
մարդ
հաւասարապէս
կը
քերթէ,
կը
վիպէ,
կը
դատէ։
Այս
արարքները
դուք
պարտաւոր
էք
հասկնալ
իբր
տպաւորութեանց
հանդէս
մը
եւ
ոչ
թէ
իրական
արուեստի
սպաս
մը։
Միշտ
այդ
1900ին
մենք
Պոլիս,
նոյնիսկ
գաւառները
չունինք
գրիչ
բռնող
մը,
որ
հարսանեկան
հանդէս
մը
նկարագրելու
ատեն
միտքէ
չանցնէ
գրականութեան
ծառայած
ըլլալու
բարիքը։
Գրական
հարցերու
շուրջ
հանգանակներ
առաջարկել,
ուրիշ
պատրաստները
մեզի
փոխադրելը
ո՛չ
միայն
հաճոյք
է,
այլեւ՝
հպարտութիւն։
Այսօր
տեղն
է,
որ
զարմանաք,
թէ
ո՞ր
իրաւունքով,
1900ին,
գաւառին
չորս
գրողներէն
(Թլկատինցի,
Զարդարեան,
Արտաշէս
Յարութիւնեան
եւ…
Յովհաննէս
Գազանճեան)
երեքը
ըլ/513/լան
նոյն
ատեն
Արեւմտահայ
գրականութեան
տիտղոսաւոր,
պաշտօնական,
պատմուճանեալ
քննադատները:
Պոլսո՞յ
մէջ։
Բայց
ամէ՜նքը։
Նոյնիսկ
կեսարացի
ողջմիտ
ու
պատուական
լրագրատէրը
(«
Բիւզանդիոն
»
հայաթերթին)
խորունկ
միամտութեամբ
ու
ինչո՜ւ
չէ՝
հեշտագին
ալ
անկեղծութեամբ
ու
հաւատքով
իր
թերթը
կը
տրամադրէ
…
Չրաքեանին
բացատրողականին,
Եէլքէնճեանին
ուսումնասիրութեան
ու
կ՚անցնի
աւելի
անդին,
իր
իսկ
ստորագրութեամբ
խօսելու
համար…
Միսաք
Մեծարենցի
քերթողութեան
վրայ,
ինչպէս
կը
խօսէր
այնքան
երանելի
հեղինակութեամբ
անգլիական
նաւատորմին
եւ
գերման
զինուորապաշտութեան,
աֆիոնին
եւ
թիֆթիքին
քիրա
ներուն
վրայ։
Երուանդ
Տէր
Անդրէասեան
ո՛չ
միայն
քաղաքական
յօդուածներու
մասնագէտ
մըն
է,
գերմաներէն
թերթերէ
արագ
փոխադրիչ
մը,
այլեւ
մեր
գրականութեան
դայեակի
դեր
մը
կը
փառասիրէ,
իր
ձեւովը
հիանալով
«
Ծիածանի
»ին
վրայ։
Ինծի
անծանօթ
է
չարիքը
այս
ամենուն
Մեծարենցի
խղճմտանքին
վրայ,
որ
տառապագին
փորձը
կ՚ապրէր
սակայն
իր
դէմ
կազմակերպուած
նոյնքան
ապիմաստ
խաչակրութեան։
Ընդարձակեցէք
այս
իրողութիւնները,
գործելու
կերպերը,
ոստիկանութիւնները,
պարգեւաբաշխութիւնները,
մա՛նաւանդ
պարբերականներու
կայսրութենէն
ներս։
Դրէք
այս
խեղճ
ու
պատառ
ծակերուն
ներսը
իրենց
գահոյքները
սարքած
արքաներուն
գանկին
տակ
աւելի
քան
ճիղճ,
ստոր
կիրքեր,
որոնց
հողատակ
այդ
մարդուկները
իրենց
գրիչ–մականները
ճօճեն
աջ
ու
ձախ,
կործանելու
համար
ու
կանգնելու
համար
հրապարակին
ի
վայելումն
կուռքեր
ու
աստուածներ,
դուք
կ՚ունենաք
այդ
դարասկիզբի
տպաւորապաշտ
քննադատութիւնը։
Այս
տողերը
վերջադարձ
լուացողական
մը
մի
նկատէք։
Լման
սերունդը
իր
արեան
իսկ
բաղադրութեան
մէջ
ախտաւորող
իրողութիւն
մըն
է
սա
իմացական
առաւ–փախաւութիւնը,
չտեսութիւնը,
ծիծաղելիութիւնը։
Միայն
խմբակներու
սեթեւեթը,
յոխորտանքը,
նանրամտութիւնը
սիրտ
խառնող
տրտմութիւն
մըն
էր
իմ
առջի
երիտասարդութեան։
Այս
ամէնը
արտօնող,
կարելի
ընո՞ղը։
—
Տպաւորապաշտութիւնը։
Այսինքն՝
այդ
վարդապետութեան
երկրպագու
քննադատութիւնը։
Աղէտը
հոս
կանգ
չառաւ
սակայն։
Ունէինք
հրապարակագրութիւն
մը
դարասկիզբէն
առաջ։
Եղիան
ու
Պէրպէրեանը
թերթերէն
ու
դպրոցներէն
սպասը
կ՚ընէին
իմացական
կրթանքին։
Իրենցմէ
վերջ
իրապաշտները
լրագիրը
վերածեցին
ուժի
ու
խմբագրականը
առաւ
հանրային
կարծիքին
լրջութիւնը։
1900էն
ասդին
անծակ
տգիտութեամբ
թարգմանիչներ
(Մալխաս,
Յովհաննէս
Ասպետ),
ճարտար
ու
խա/514/չագող
փոխադրիչներ
(Նաւարեան,
Լեւոն
Մեսրոպ,
Լեւոն
Քիրիշճեան),
ծփուն
ու
հեշտախնդիր
տիկիններ
(գրեթէ
բոլոր
անունները
ամազոններու
գունդին)
այս
ժողովուրդին
գլխուն
իրենց
գոհարատուփերէն
շաբթէ
շաբաթ
նուիրանքներ
ունին
մատուցանելիք,
իբր
թէ
չբաւէին
ի
պաշտօնէ
լրագրողները,
նորելուկ
տղաքը,
վարժ
գրագէտները,
մէկ
ու
նոյն
պաշտամունքին
նուիրուած։
Գրականութիւնը
կը
դառնայ
գերին
լրագրութեան։
Տպաւորապաշտ
հրապարակագրութիւնը
որքան
ալ
դժուար
ըմբռնելի,
դառն
իրականութիւն
մըն
էր։
Կատակ
չէ՜։
Օրաթերթերը,
որոնց
թիւը
քանի
մը
հատը
կ՚անցնի,
ամէն
առտու
կամ
իրիկուն,
իրենց
իմաստութեան
բաժինները
պարտաւոր
էին
փռել
իրենց
ընթերցողներուն
վայելումին։
Տեղ
մը
խօսեր
եմ
խմբագրականին
աղէտէն,
որ
ամենէն
վնասակար
ազդեցութիւնը
ունեցաւ
գրականութեան
վրայ։
Մի
հարցնէք
այդ
աշխատանքը
ընողներուն
պատրաստութենէն,
նկարագրի
տոկունութենէն,
պաշպանելի
հանգանակներու
տարողութենէն։
Ամենէն
ճարպիկը
ա՛ն՝
որ
կրնար
դրացիին
թերթը
վարկաբեկելու
մէջ
երեւան
բերել
աւելի
շեշտ,
կուռ
միջոցներ,
զէնքեր։
Ամէն
հանդէս
իր
քլիքին
ձեռքերուն
մէջ
կրկէս
մըն
էր…
քննադատական
մրցանքի։
Ու
ասիկ,
Պոլսէն
Վիեննա
ու
Թոքատ
(ուրկէ
կը
գրէր
իր
«
Գրական
տարին
»ները
երանելի
Յովհաննէս
Գազանճեանը),
Մալկարա
(ուր
կը
գահակալէր
Արեւմտահայ
գրականութեան
գեղեցկագէտ-քննադատը),
Վիսեննա
ու
Վենետիկ
(ուր
երանելի
վարդապետներ
«
Բազմավէպ
»ի
եւ
«
Հանդէս
ամսօրեայ
»ի
մէջ
կերպը
գտած
էին
պոլսական
շարժումը
վարելու)։
Հապա
կինե՞րը։
Վարժապետնե՞րը։
Որոնց
հանդէսներուն
մէջ
միշտ
վճիռներ
կը
շողային,
զմայլելի
տգիտութեամբ
մը
զարդարուն։
Գրական
հարցերէ
դուրս,
միշտ
այդ
1900ին,
մեր
իմացական
ընտրանին
կը
պարզէ
բացառիկ,
որքան
տարօրինակ
ճակատագիր
մը։
Աւելորդ
է
վերլուծել
սերունդի
մը
բաղադրիչները։
Գոհ
կ՚ըլլամ
յայտնելով,
որ
գրական
սերունդ
մը
ամենէն
առաջ
խորքի
մը
շուրջ
կը
կազմակերպէ
ինքզինքը,
քանի
որ
գրականութիւնր
փոխադրուած
կեանքն
է,
ըլլալէ
առաջ
աս
ու
ան
տաղանդին
մասնայատկութեանց
աճման
գետինը։
Այդ
1900ի
երիտասարդութիւնը
գաւառները,
ինչպէս
Պոլիս,
չափազանց
խիտ,
ծանր
հսկողութեանը
տակ
էր
ինկած
համիտեան
լրտեսութեան։
Քսանը
մտնող
մարդուն
համար
տնտեսական
տագնապէն
վեր
ու
առաջ
կար
գլուխին
տագնապը։
Կարդալը
ո՛չ
միայն
աւելորդ
ժամավաճառութիւն
մըն
էր
դժուար
ճարուող
հացը
հեռացնող,
այլեւ՝
մեղք
մը,
որ
կը
հրաւիրէր
իր
վրայ
թուրքին
կաս/515/կածը,
կիրքը
ու
հարուածը։
Գրե՞լը։
Ինքզինքը
վտանգելն
էր
անշուշտ։
Թուրքերը
միայն
բարբարոսներ
չեն,
այլեւ
հոգի
ստորնացնող
ամենէն
զօրաւոր
սողունները։
Գրաքննութիւնը
կը
գործէ
հայ
մտքին
խորագոյն
աչքերը
հասնող
թափանցումով
մը։
Գիրք
մը
տպելը
դիւանագիտական
կատարեալ
խաղարկութիւն
մըն
է
ու
այսպէս
ծնած
այդ
թշուառութիւնը
տարածելը՝
ուրիշ
խաչակրութիւն։
Ու
չկար
գրող
մը,
որ
անգիտանար
թուրքին
հաշիւները,
երբ
կ՚ընտրէր
ամենէն
տխուր
մարդերը,
այդ
քննութիւնը
յանձնելու
համար
ատոնց
անգութ
վախկոտութեան
ու
ընդոծին
մեղքերուն։
Բնաջնջման
մղձաւանջը
կախ
էր
հոգիին
վերեւ
ամէն
հայու։
Ու
գրողները
պարտաւոր
էին
անգիտանալ
այդ
ամէնը,
ծալել
ու
մէկդի
դնել
այդ
տառապագին
տագնապանքը
ու
զբաղիլ
սոխակով
ու
լուսինով,
ժանեակով
ու
Վէռլէնով։
Այս
վերլուծումները
ո՛չ
աւելորդ
են,
ոչ
ալ
հմտութիւն։
Օշականի
տպաւորապաշտ
էջերը
լայնօրէն
հաղորդ
են
սա
հանգամանքներով
հանդերձուած
հոգեղէն,
իմացական
դրութեանց։
Պոլի՛ս.
անիկա
պիտի
առնէր
կերպարանքը
իր
սերունդին
միջին
ախորժակներուն,
մեղքերուն։
Գաւառին
մէջ
անիկա
մնաց
ենթակայ
իր
պատանութեան
ստացումներուն։
Այս
գործին
մէկ
մասին
մէջ
(«
Մարդը
եւ
գործը
»
գլուխը)
ես
ըսեր
եմ
բաւական
բան,
որպէսզի
ըլլար
հասկնալի
անոր
առանձնութեան
շեշտ
փափաքը։
Իր
գեղացիները,
ասոնց
կիրքերն
ու
խենթութիւնները,
թուրքը
եւ
իր
մեղքերուն
հեղեղը,
սխրալի
արտաքին
աշխարհ
մը
ու
ահաւոր
ներքին
աշխարհ
մը
զայն
կանուխէն
խրտչեցուցած
են
կեանքին
միջին
հանդերձանքներէն։
Վարժապետութիւնը
ուրիշ
ճախճախուտ։
Իր
տպաւորութիւնները,
խորունկէն
փրթող
ու
խորունկը
նայող,
անիկա
չդրաւ
բոյծի,
անոնցմէ
հանելու
համար
գիրուկ
թղթակցութիւններ,
տէրտէրի
ու
թաղականի
վէճեր
ածող։
Գրե՞լ։
Գիտէր
անիկա,
դեռ
տասնըհինգ
տարեկանին։
Կարդացա՞ծ։
Է՛ր
անիկա
դպրեվանքէն՝
իր
տարիին
մէջ
հիմնաւորեալ
ձեւով
մը։
Չրաքեան
Ատանա
իր
ուսուցչութիւնը
երբ
կը
մտածէր
արժեւորել,
«
Տաւրոսեան
անցքը
»
հրատարակելով,
ճամբայ
մը
ու
փառասիրութիւն
մըն
էր
մատաղ
երիտասարդին,
Oշականին,
որպէսզի
լեռներ
ու
պատմական
բերդեր
նկարագրելու
մէջ
տեսնէր
աւելի
անդին
ինկող,
աւելի
հանգամանաւոր
իրականութիւնը
—
իր
ժողովուրդին
տառապանքը։
Ատկէ
արգիլուած
էր
անիկա
իրեններէն,
ինչպէս
թուրքէն
գործադրուած
բիրտ
ճնշումով
մը։
Ճամբորդած
էր
Արեւմտեան
Անատոլու։
Գիւղերը
կը
պտըտէր
ու
կը
տառապէր
խորունկ
նահատակութիւնը
այդ
շատ
պատուական
մարդերու
/516/
խումբին,
որոնք
հացը
հանելու
համար
իրենց
ժլատ,
անբաւական,
կորզուած
հողերը
շատոնց
ձգեր
էին
երեսի
վրայ
ու
կը
թափառէին
թուրքերուն
ագարակները,
իրենց
բազուկները
եւ
խոփերը
տրամադրելով
անոնց
անդաստաններուն։
Ասիկա
ապրիլն
էր
ահա։
1870ին,
այդ
ապրումները
Ազգային
Ժողովին
մէջ
տուն
պիտի
տային
ծանր
հռետորութեան,
ազգային
պատմութեան
ու
բոցաճաճանչ
բանաստեղծութեան։
Կը
լափուէին
Հայրիկին
գիրքերը,
որովհետեւ
արձագանգները
կը
պարունակէին
այդ
ապրումներէն։
1900ին
Թլկատինցի
իր
քրոնիկները
պիտի
ընէր
կարելի
եղածին
չափ
ճարտար
յօրինումէ,
որպէսզի
թուրքը
անոնց
ներսէն
այդ
արձագանգն
ալ
չառնէր։
Մի
ըսէք,
թէ
մեր
գրողներուն
ճիտի
պարտք
կու
տամ
մեր
ցաւը,
մեր
գերութիւնը։
Ոեւէ
գրագէտ
ազատ
է
իր
նիւթը
ընտրելու։
Բայց
կայ
նախաւորութեան
հարց
մը։
1900ին
մեր
երիտասարդութիւնը
չունի
կազմակերպուած
գաղափարագրութիւն
մը,
որպէսզի
իր
ուժերը
ըստ
այնմ
հանդերձէ։
Եւ
ստոյգ
է
դարձեալ,
որ
ամէն
երիտասարդ
ահաւոր
ուժգնութիւնը
կը
կրէ
իր
ներսը,
կնիքը
իր
ցեղին
վրայ
գործադրուած
եղեռնին,
մա՛նաւանդ
գործադրելի
վճիռին։
Ձգել
այդ
ամէնը
ու
Վոսփորը,
արշալոյսը,
զեփիւռը
հալածել
առնուազն
խորունկ
կեղծիք
մըն
է։
Զարդարեանն
ալ,
որ
Խարբերդ
ծնած
ըլլալու
տեղ,
Պոլսոյ
վայել
ապրանք
մըն
էր
իր
ոճապաշտ
հակումներով,
անկարող
է
խորունկ
այդ
տրտմութիւնը
(որ
աւելի
վերջը
«
Ցայգալոյս
»
խորհրդաւոր
որակումով
մը
պիտի
սեւեռուէր)
անգայտացնել։
Անկէ
մեզի
եկած
տպաւորապաշտ
էջերը
տոգորուած
են
ահա
այդ
դառն
թախիծով։
Օշական
մինչեւ
1909
զգուշացած
է
գրելէ,
ասոր
կապուած
դժբախտութիւններուն,
թշուառութիւններուն,
իր
ալ
կեանքին
տրտմութիւններուն
պատճառով։
Սահմանադրութենէն
վերջ,
մինչեւ
Առաջին
Մեծ
պատերազմին
յայտարարուիլը
մեր
գրականութիւնը
հեւքին
մէջն
է
քաղաքական
կիրքին։
Մեր
երիտասարդութիւնը
այլեւս
ունի
անշուշտ
կազմակերպուած
իր
փափաքները։
Քաղաքական,
հասարակական
ախորժակները
կը
դառնան
տիրական։
Տպաւորապաշտութիւնը,
քիչ
մը
շատ
անձնական,
նրբենի,
մանտարին
եան
մտայնութիւն,
չի
քաջալերուիր։
Արտաքին
աշխարհը,
իր
հաշւոյն
դադրած
է
մեր
գրողները
փորձի
ենթարկելէ
ու
ծայր
կու
տայ
իմացական
տպաւորապաշտութիւնը,
իբր
կարելի
եւ
յաղթական
շարունակութիւնը
1900ի
ցանկութիւններուն։
Օշական
մտածելու,
դատելու
որոշ
կիրք
զգացած
է
իր
մէջ
շատ
կանուխէն։
Բայց
մինչեւ
1914
իր
գրականութիւնը
պիտի
նախասիրէ
մարդերը,
կեանքը։
Իր
վէպին
սկիզբը
կ՚իջնայ
մին/517/չեւ
1902։
Իր
հեքիաթները,
շրջուած
տպաւորապաշտութեան
գործադրումներ
են։
Պատերազմը
կործանումն
էր
հայ
ժողովուրդին,
գէթ
անոր
ամենէն
տառապած
մասին։
1920էն
մինչեւ
Երկրորդ
Մեծ
պատերազմ,
Oշական
պիտի
ստորագրէ
գրական
ամէն
սեռի
պատկանող
էջեր,
գործեր։
Բայց
պիտի
ստորագրէ
անոնցմէ
մէկ
քանիները,
առջի
երիտասարդութեան
զգայնութեանցը
մէջէն։
«
Ծակ–պտուկը
»
վէպ
մըն
է,
գրուած
անշուշտ
բարքերու
հանդէպ
խորունկ
գուրգուրանքով
մը,
թերեւս
պարտքի
զգացումներով։
Գիրքը
կ՚արժէ
աrտաքին
աշխարհին
ներսը
մեզմէ
ինկած
խուլ,
անլուծելի
ապրումներուն
համովն
ու
գոյներովը,
որքան
տիպարներուն
հոգիին
խորը
եփ
եկող
կիրքերուն,
յոյզերուն,
կրակներուն
հանդէսովը։
«
Խորհուրդներու
մեհեանը
»
արշալուսային
պայծառութիւններ
կը
շողարձակէ
իրմէն։
Բայց
ընթերցող
մը
պիտի
գտնէ
անոր
ներսը
կախարդական
աշխարհ
մը,
որ
պարտքին
տակն
է
սակայն
ամէն
անկիւնէ
մնալու
սեւեռելի,
տեսանելի
իբր
այդ։
Այդ
գիրքը
կը
նկարագրէ
տեղեր,
պատեր,
կացութիւններ,
որոնք
չեն
թելադրեր
մեզի
տպաւորապաշտ
քլիշէներ։
Բայց
այդ
եղանակին
ամենէն
տիպարային
փաստը
կայ
«
Երբ
պզտիկ
են
»,
«
Երբ
պատանի
են
»
շարքերուն
մէջ։
Օշական
կեանքը
հեքիաթէն
հանելու
նանրամիտ
փառասիրութեան
մը
չէր
սպասարկեր
անշուշտ,
երբ
այդ
շարքով
սեւեռուած
պատկերները
ազատագրեց
տեղէն,
պահէն,
ժամանակէն։
Նոյնիսկ
ուղղակի
հողէն
բուսած
«
Խոնարհները
»
մեր
իրապաշտ
պատմումին
մէջ
զետեղելի
չընող
պարագան
այդ
կախարդական
արուեստն
է
ահա։
Ու
չմոռնալ,
որ
Օշական
երբեք
գրականութիւնը
չդասեց
հաճոյքի,
ժամանցի
միջոց
մը։
Այս
տարօրէն
էսթէթ
գրողը
իր
ամէն
էջին
ետին
հաւատաց,
թէ
կը
դնէր
իր
ժողովուրդին
մնայուն
արժէքներէն
ու
տիրական
թերութիւններէն
օր
մը
օգտագործելի
վկայութիւններ։
Կը
կարդանք
«
Ժիլ
Պլաս
»ը,
«
Մանոն
Լեսքո
»ն,
աւելի
վար՝
«
Պողիկտոս
»ը,
«
Գոթողիա
»ն,
Լաֆոնթէնի
առակները,
աւելի
վաղ
«
Ռապըլէ
»,
«
Ռոնսար
»,
«
Մոնթէնեը
»։
Ու
հազիւ
կը
մտածենք,
որ
այդ
գիրքերուն
ետին
ֆրանսացի
ժողովուրդ
մը
կայ։
Ժամանակը
մաշեցուցած
է
արտաքին
այդ
մասնայատկութիւնները
ու
մեզի
ձգած
ողորկ,
տժգոյն
հոգեղէն
կերպարանքներ։
Նոյնն
է
կախարդական
արժանիքը
«
Վէրք
Հայաստանի
»ին։
Բայց
«
Հայկ
դիւցազնը
»,
«
Յուշիկք
հայրենեա՞ց»
ը,
«
Նուա՞գք
»ը։
Ասոնք
ալ
տուած
են
ժամանակին
ժանիքներուն
իրենց
անձնականը։
Այսօր
ոչինչ
կը
մնայ
մեզի
իրենցմէ։
Ասկէ
դար
մը
վերջը,
երբ
մէկը
ձեռք
առնէ
Արեւելահայ
գրականութեան
ամբողջ
մթերքը,
ի՞նչ
պիտի
գտնէ
անկէ,
որ
խօսէր
իրեն
մեր
ժողովուրդէն։
/518/
…
Օշականի
գործը,
գործադրութեան
իսկ
շրջանին
մէջ,
արդէն
կորսնցուցած
է
իր
շատ
անձնական,
մասնակի
ցցունքները,
դեղնուկները։
Օշական
միայն
գրել
չի
գիտեր։
Ըսի,
թէ
գիտէր
նաեւ
մտածել։
Գրական
տպաւորապաշտութի՞ւնը։
Բայց
անիկա
գեղագիտական
վերլուծումներու
ախորժակներ
արտօնող
իմացական
հանդերձանք
կրցած
է
ճարել
առնուազն
Չրաքեանի,
Տիկին
Եսայեանի,
Կոստան
Զարեանի
հաւասար,
ինչպէս
ծնած
էր
այս
գրողներուն
զգայարանական
շնորհներուն
մօտ
չնուազող
ջղային
դրութեամբ
մը։
Չէ
գրած
ո՛չ
«
Սկիւտարի
վերջալոյսներ
»ը,
ո՛չ
«
Ներաշխարհ
»ը
(իր
մեծանուն
ճամարտակութիւններուն
կիսաշխարհը)
ոչ
ալ
«
Երկիրներ
եւ
աստուածներ
»ը,
գիրքեր
ասոնք,
որոնք
զգայարանական
եւ
իմացական
տպաւորապաշտութիւնը
կը
ձգտին
միակերպել
ու
նկարագրել՝
մտածելու
համար,
ինչպէս
մտածել՝
նկարագրելով։
«
Գեղօն
ի
պատիւ
հայ
լեզուին
»
շողշողուն
էջ
մըն
է
իմացական
տպաւորապաշտութեան,
խորքի
թշուառութեամբ
մը
վիրաւոր
(ամէն
վիրաւոր
խորք
չի
կրնար
ազատուիլ
ամենէն
շքեղ
ձեւին
պատմուճաններովը)։
«
Մահուան
ծաղիկնե՞ր
»ը
(«
Խորհուրդներու
մեհեանը
»)։
Պարզապաշտներ
դատապարտեցին
զայն,
ճիշդ
ու
ճիշդ
այն
մեղքին
համար,
որ
նկարագրական
տպաւորապաշտութիւնը
կը
հարուածէ։
Արեւելահայ
դատողները,
այնքան
սահմանափակ
իբրեւ
խելք
ու
զգայնութիւն՝
պիտի
չտեսնէին
ատկէ
աւելին։
Ուրիշներ
եղան
աւելի
արդար,
1900էն
1910ի
բառակոյտէն
զերծ
յայտարարելով
անոնց
ներքին
նկարագիրը։
Մնաց
որ,
ամբողջ
«
Խորհուրդներու
մեհեանը
»
կը
ծփայ
ընդմէջ
վէպին
ու
տպաւորապաշտ
ստեղծումին։
Արձակ
քերթուածին
հետ
շփոթելի
կառոյցներ
են
այդ
հատորին
հեքիաթները,
բայց
բանով
մը
զերծ
մեղքէն,
մեղադրանքէն։
Շարունակեցէք
զբաղիլ
«
Հինէն
ու
նորէն
»
վերտառութեամբ
կտորներով,
բոլորն
ալ
լրագրական
տարողութեամբ,
այսինքն՝
գրուած՝
օրաթերթի
մէջ
լոյս
տեսնելու
ճակատագրով
մը։
1920էն
ասդին
մեր
օրագիրը
չի
համարուիր
գրականութիւն,
ա՛ս
ալ
մի
մոռնաք։
Ի՞նչ
կը
գտնէին
այդ
պզտիկ
կտորներուն
մէջ
ընթերցողները,
երբ
կը
բանային
իրենց
թերթերը
(ընդհանրապէս
«
ճակատամարտ
»
(1920–22)
այդ
հեքիաթները
իրենց
հանդուրժելի
ընող։
Oշական
«
Հինէն
ու
նորէն
»ներու
շարքին
մէջ
սեւեռած
է
ծանր
ալ
տարողութեամբ
ապրումներ։
Իր
Կիրակիները
(
Ծաղկազարդ,
Նոր,
Կանանչ
)
մեր
բարքերը
կը
բիւրեղակերպեն։
Իր
Կաղանդները
գրա/519/կան
էջեր
են,
կարծես
1900էն
փրթած,
բայց
ազատ՝
բառակոյտի
չարիքէն։
Իր
«
Վկայութիւններ
»ը
երջանիկ
կերպով
մը
կը
լուծեն
զգացականին
եւ
իմացականին
խառնուրդը։
«
Մայր
սուրբ
»
աղօթքին
վերլուծումը
տիպարային
տարողութեամբ
վկայութիւն
մըն
է,
ուր
մտածելու
արարքը
կ՚ազատագրուի
իր
չորութենէն,
տափակութենէն,
pédantismeէն,
բայց
չի
զառածիր
հիւգոյական
անբովանդակ
բառահեղեղին։
Այդ
աղօթքին
ամէն
մէկ
տողին
ետին
Օշական
չի
դժուարանար
գտնելու
լայն
ներշնչող
ոգիին
զարկերը,
բայց
կը
գործածէ
կախարդական
եղանակը,
այդ
ոգին
իրը
ընելու,
իր
հիւանդի
զգայութիւններուն
հետ
համատրոփ
ու
իրաւ։
Իրաւ
է
այդ
մարդը,
Սուրբ
Յակոբայ
տաճարէն
ներս,
երբ
պատերէն
ու
պատկերներէն
կը
դառնայ
ձայնին
ոսկի
ճամբան
ի
վար
դէպի
իր
մանկութիւնը,
ասոր
կապուած
անկորուստ
յիշողութիւնները,
զգայութիւնները
ու
պրիսմակի
պզտիկ
զիջումով
մը,
մտածման
ճամբով
այս
անգամ՝
կ՚իջնէ
հազար
տարի
վար,
դէմ
դէմի
գալու
համար
արուեստագէտին,
որ
աղօթքը
խմբագրեր
էր։
Օշականին
գտածնե՜րը
այդ
յանդիմանումէն։
Ինչ
որ
վեր
է
առարկութենէն,
ատիկա՝
այդ
ճամբով
վերբերուածին
հարազատութիւնն
է
իբրեւ
տպաւորութիւն
թէ՛
այն
դարերուն,
թէ՛
իր
օրերուն
համար
վաւերական։
Այսօր,
իր
տարագիր
դժոխքին
մէջ
իր
կործանումն
իսկ
ողբալու
անտրամադիր
Oշական
դպիրը
իր
ձեւովը
պիտի
չուզէ՞ր,
որ
սէրն
ու
արդարութիւնը
տնկուին
երկրի
երեսին,
ինչպէս
կը
բանաձեւէ
դարեր
առաջուան
միամիտ
աղօթասացը։
Քակեցէք
տող
առ
տող,
բառ
առ
բառ
այդ
աղօթքը
Օշականին
հետ
ու
պիտի
գտնէք,
որ
հոն
ծրարուած
ապրումները
ձեր
պապերունն
ըլլալուն
չափովը
ձերն
ալ
են,
առանց
գրական
թրիւքներու,
պարկեշտ
ու
պարզ
մարդկայնութեամբ
մը։
Այս
եղանակին
լաւագոյն
գործածութիւնը
կրնաք
հաստատել
«
Մոռցուած
բաներ
»
շարքին
ներսը։
Այդ
էջերը
նպատակ
ունին
թարմացնելու
տպաւորութիւններ,
որոնք
այնքան
ընդարձակ,
տիրական
էին
մեր
պատմութիւնն
ի
վար։
Եկեղեցի,
սուրբեր,
վանք,
բերդ,
հող,
ջուր,
երկինք,
տաճար,
քաղաք,
երգ,
հաւատք,
մահ,
արքայութիւն,
բարիք՝
յիշելու
համար
քանի
մը
վճռական
նմոյշներ,
բառեր
են,
որոնք
պարպուած
են
իրենց
երբեմնի
խտութենէն
ու
կը
մնան
մեր
լեզուին
մէջ,
վրայ
խեցիներու
նման,
որոնց
ըլլար
մոռցուած
կեանքը։
Ատոնք,
ամէն
մէկը,
կը
բովանդակեն
լիութիւններ
շիջած
զգայութիւններէ,
կեանքի
հանդէսներէ,
անհետացած
արեան
դրութիւններէ
ու
կիրքերու
ջրվեժներէն,
որոնց
տակ
կեցեր
էին
մեր
խեղճ
ու
պատառ
մարմինները։
Հմտութեան
ու
թիւի,
թուականի,
/520/
առակման
տեղ՝
կեանքին
վերակազմումը։
—
Ահա՛
այդ
եղանակին
տիրական
նկարագիրը։
Պատմում,
վերակազմում,
վերլուծում,
վերծանում,
որոնք
փոխն
ի
փոխ
երեւան
ու
անցնին,
սրտի
տպաւորութիւններու
ծխնիի
մը
մէջէն,
ինչպէս
մայր
հէնքին
վրայ
ասեղին
խաղերը,
արիւնը։
Աւելորդ
է
դիտել
տալ,
որ
այս
գործողութիւնը
կը
պաշտպանուի
ոճի
շատ
հզօր
զգայարանքով
մը։
Լեզուի
խժութիւնը,
յանդգնութիւնները
յաճախ
կը
միջամտեն,
որպէսզի
կենանք
խրտչած
«
Ներաշխարհ»
ին
արապէսք
ներուն
առջեւ։
Երեւակայութեան
խոշոր
թափերը,
խոյանքները,
յորդութիւնը
ուրիշ
ազդակ,
որպէսզի
պաշարուիք
կասկածանքով
«
Երկիրներ
եւ
աստուածներ
»
շարքին
դիմաց։
Նման
վտանգ
մը
չունի
գոյութիւն
Օշականին
հետ,
որուն
գրածները
պարզ
են
ու
կը
կարդացուին
առանց
ճիգի
ու
առանց
նեղութեան,
հերիք
է,
որ
ընթերցումը
աչքի
պտոյտ
մը
չնկատենք
ու
բառերուն
ետին
ուզենք
տեսնել
իմաստը,
իրականութիւնը,
կեանքը։
Oշականի
տպաւորապաշտ
էջերը,
այսինքն՝
անոնք,
որ
չեն
կրնար
մուտք
առնել
իր
վէպէն
ու
քննադատական
կառոյցներէն
ներս,
քով
քովի
պիտի
կազմէին
մէկէ
աւելի
հատորներ,
բոլորն
ալ
գրուած,
անխառն
ստեղծումին
պատկանող։
«
Անգղին
կտուցին
տակ
»,
«
Սերմնացան
»
մինակ
վերնագիրներ
չեն
վերլուծումներու,
ուր
գիրքերը,
գաղափարները,
մեր
առօրեայ
տագնապանքը,
մեր
խորագոյն
փորձառութիւնները
իրարու
կը
հաշտուին,
կը
մատուցուին
ու
կը
ստանան
իւրայատուկ
կերպարանք
մը
մեր
մտքին
առջեւ,
այլեւ
պարզութեամբ,
խորութեամբ,
կսկիծով
ու
հաւատքով
տարուած,
կրուած
տառապանքներու
սեղմ,
պայծառ,
սկեպտիկ
խաղաղութիւնը
արտայայտող
քիչիկ
մը
սքողեալ
խոստովանութիւններ,
ուրեմն՝
դարձեալ
կեանքի
դրուագներ։
Անոնք
Օշականի
մայր
աշխատանքին,
արդիւնքին
մօտիկ
տժգունելու
սահմանուած
նուաղումներ
ալ
չեն,
ու
չեն
թելադրեր
նոյն
ատեն
վերերը
յիշուած
ռընանեան
ժամանցին,
հանգիստին
մարդկային
պարագան։
Ռընան
իր
հատորիկը
կազմած
է
մահուընէն
քանի
մը
տարի
առաջ։
«
Մահուան
ծաղիկներ
»ը
Օշականի
երիտասարդութեան
կրակները
կը
պատմեն
մեզի։
Ռընան
իր
գործը
աւարտելէ
վերջը,
հանգիստի
պէտքի
մը
սիրոյն
ընթացք
է
տուած
Feilles
détachéesի
կտորներուն։
Օշական,
իր
ծանրագոյն
զբաղումներու
կողքին,
անոնց
մէջն
իսկ
յղացած,
գործադրած
է
իր
տպաւորապաշտ
էջերը։
Այս
դիտողութիւնը
անոր
համար,
որպէսզի
զանոնք
լեցնող
ոգիին
միութիւնը
չկոտորակէք։
Անոնց
իւրաքանչիւրին
ներսը՝
նոյն
տագնապանքը,
նոյն
կիրքերը,
/521/
նոյն
փաղաղիչ
յուզումները։
Այսպէս
բացատրուած,
պարզուած,
ամենուն
հասկացողութեանը
մատուցուած
տպաւորապաշտութիւնը
գրչի
խաղ
մը
չէ
երբեք,
աճպարարական,
ուրիշները
զարմացնելու
սահմանուած
ոճի
հանդէս
մը,
այլ՝
ուղղակի
ստեղծում,
շունչով
պզտիկ,
բայց
ձգտումին
մէջ
մէկ
ու
նոյն,
իր
ընդարձակ
ստեղծումներուն
քովն
ի
վեր,
հաղորդ
ասոնց
ներքին
լինելութեան
մեծ
օրէնքներուն,
անոնց
կառոյցները
ոճաւորող
ճարտարապետութիւն։
Կը
դիմանա՞ն
անոնք
։
Ահա՛
ճակատագրականը։
Անշուշտ։
Բայց
ներկայ
աշխատասիրութիւնը
քանի՜–քանի՜
անգամներ
է
կ՚ըսեմ,
չունի
նպատակ
դատավարական
բեմ
մը
թելադրելու։
Oշական
կը
յաւակնէր
արդարացնել
իր
յաւակնութիւնը,
Արեւմտահայ
գրականութեան
յեղաշրջումը
պատկերել
եւ
ոչ
թէ
մեռած
բաներու
սուտով
ու
փուտով
կեանք
բաշխողի
դեր
մը
ստանձնել։
Մեռածին
ԲԱԺԻ՞Նը։
Չունիմ
սովորութիւն
ետ
գրածներուս
դառնալու։
1922ին,
«
Խորհուրդներու
մեհեան
»ը
հատորին
սկիզբը
երկու
տողնոց
խոստովանութիւն
մը
բաւ
է
թարմացնել։
Օշական
հոն
կը
յայտնէ
իր
օտար
մնալը
գիրքէն
ներս
կարգ
մը
էջերու
։
Բայց
չերթար
առաջ
այդ
տպարուութիւնը
պարզուկ
բռնելու,
որպէսզի
այդ
էջերը
վտարւէին
գիրքէն։
Արդարացո՞ւմը։
Անոնք
մտքի
մը
յեղաշրջումը
կը
պատմէին։
Ու
այդ
ձեւով
ալ՝
կը
պատմեն
հաւանաբար
Արեւմտահայ
գրականութեան
յեղաշրջումը։
Տպաւորապաշտ
էջերէն,
կան,
որ
անցուցեր
են
փորձին
անդրանիկ
տագնապը։
«
Խորհուրդներու
մեհեանը
»,
«
Երբ
պատանի
են
»ը
կու
գան
բաւական
վարերէն։
«
Մոռցուած
բաներ
»ը
վերջնագոյններն
են
թուականի
կարգով։
Օշական
ուսուցիչ
մըն
է
ու
պատեհութիւն
է
ունեցած
մեծափառ
էջեր
տպաւորապաշտ
թեքնիքով
գրուած,
ենթարկելու
բացատրեալ
ընթերցումի
փորձին։
Խորունկ
տրտմութեան
պահեր
են
իրեն
համար
անոնք,
ուր
իր
պատանութեան,
երիտասարդութեան
հիացումը
արժող
կտորներ
տարօրէն
տժգոյն,
ցուրտ
դուրս
կու
գային
այդ
վերլուծումէն։
Ի՜նչ
խանդով
խմած
էր
անիկա
թախծագին
քաղցրութիւնը
«
Կարօտներ
»ուն,
երբ
լոյս
կը
տեսնէին
այդ
էջերը
1905ին։
Քառորդ
դար
վերջը,
ուսուցչի
սեղանին
վրայ
անոնց
խօսքին
վիրաւոր
շնորհը
հազիւ
կը
յաջողէր
զանոնք
ազատել
բառակոյտին
ճակատագրէն։
Պաղա՞ծը։
Հոգին
անշուշտ։
Ու
ձեւին
խակութիւնները։
Ու
դաշնաւոր,
բանաստեղծական
արձակին
հաշի՜շը։
Քսանէ
աւելի
տարիներ
զիս
կը
բաժնեն
«
Երբ
պատանի
են
»էն։
Վերադարձ
մը
այդ
էջերուն,
պիտի
արժէ՞ր
ինծի
նոյն
հիասթափումը,
/522/
զոր
ահա
կը
խոստովանիմ,
թէ
կը
զգամ
«Ցայգալոյս»ին
տպաւորապաշտ
էջերէն։
Բառ
մը
միայն։
Ա՛ն՝
թէ
Օշականի
տպաւորապաշտ
էջերը
Արեւմտահայ
գրականութեան
յեղաշրջումին
վրայ
առնուազն
պարկեշտ,
հաստատ,
իրաւ
վկայութիւններ
են։
Ու
ասիկա
բաւ
է
ինծի
կարենալ
հոս
գրելը։