Երբ հիները կը կարդանք

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԲ ՀԻՆԵՐԸ ԿԸ ԿԱՐԴԱՆՔ, Պէյրութ, 1983  

* * *

Պարտք կը զգամ հոս արձանագրել գոհունակութիւնը անոնց, որ մեր գիրքը կը սիրեն, հանդէպ այն շարժումին, որ Ամերիկայէն կու գայ դարձեալ: Անհատական կամ խմբական միջոցներ վերջապէս հատորի մը տանիքին տակ կը մէկտեղեն ոմանց ցանուցիր գործերը: Իմ մասիս, այս «բարերարութիւնը» ես արժանի կը գտնեմ այնքան մը գնահատութեան, որքան չէ թերեւս տաճարի մը կառուցումը շքեղ, բայց օտար ոստաններու մէջ, ուր անոր կը սպասէ քանի մը տարի յետոյ միւզէոնի մը փառքը: Վասնզի գիրք մը երբեմն այնքան բարիք կ՚ընէ, որքան չեն ըրած տասը ժամ ու հինգ դպրոց միասին։ Քաղքենին, երէկուանը, մեր երկրին մէջ եկեղեցի ու վարժարան կ՚երազէր, բայց ժլատ էր չափազանց գիրքին հանդէպ: Չեմ մօտենար անոր մտայնութեան հանդէպ գրողին, կարմիր կու գայ աչքերուս: Նոր քաղքենին գուցէ կ՚անգիտանայ իր ժեսթին տարողութիւնը: Աւելորդ չէ յիշեցնել իրեն, թէ մագաղաթը աւելի կ՚ապրի, քան մարմարը: Ի՞նչ է եկած մեզի մեր պատմութենէն, անոր այսպէս ըսուած փառքերին, քանի մը գիրքերի դուրս: Ու ի՞նչն է նորէն, որ այսքան կործանումներէ յետոյ, քանդուած ծիածանի մը նման մեր գլուխներուն կը յամառի թրթռալ ու տեւել: Ունի՞նք աւելի կախարդ յուռութք մը, քան մեր գրականութիւնը: Որ մեր տղաքը կապէ մեր ցեղին ու մեր ճակատագրին: Անոնք, որ գիրք մը կը տպեն, նեցուկ կը կապեն մեր հոգիին խորտակուած սիւներուն

Յ. ՕՇԱԿԱՆ («Զուարթնոց», 1930, թիւ 7) 

 

Յ. Oշական համբաւը ունէր երկար շունչով մը բանալու բանաստեղծութեան մը խորքային գաղտնիքներն ու ձեւական շնորհները։ Մէկական բանաստեղծութիւններու առիթով ծաւալած ներկայ հատորը լեցնող երկու գրութիւնները, ի միջի այլոց, գաղափար մը կու տան մեծ քննադատին նաեւ այդ կարողութեան մասին։